ՄԻԱԲԱՆՔ ԵՒ ԱՅՑԵԼՈՒՔ ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ

 

 

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԿԱՄՍԱՐԱԿԱՆ

Այս իշխանը կը յիշուի Անաստաս վրդ-ի . դար) վասն վանորէից Հայոց որ յԵրուսաղէմ գրուածքին մէջ, այսպէս. «երանալւոյն Անաստասայ Հայոց վարդապետի` գրեալ զանուանս վանորէիցն երւոսաղէմի. ի խնդրոյ իշխանին Համազասպայ կամսարականի Պահլաւունւոյ, որ կամէր գնալ յԵրուսաղէմ, որ եւ գնաց իսկ. եւ արժանացաւ աստուածակոխ սուրբ տեղեացն` ընդ որս շրջեցաւ Տէրն մեր Յս. Քս. ի մարդանալն իւրում. եւ ի հայրապետացն Երուսաղէմի թափեաց զՀայոց վանորայսն…»:

Հայասպատում, էջ 227-29. նաեւ Շիրակ, էջ 5

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ՎՐԴ. ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ, ԲԱՂԻՇԵՑԻ.

Մբ. Ծ. 1866ին, Ձռ. 1892ին, ՏՓ. (1920-22), ՏՅ. (1912-13). Մատակարար 1915ին, Մատենադարանապետ 1923ին, ՏՅՊ. 1925ին, անդամ Տն. Ժողովի եւ ժամօրհնող 1925ին, Բ. անգամ ՏՅՊ. 1927ին:

 

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՄԻՐԱՅ (ՍԱՐՐԱՖ), ՍԻՍԱՆՑԻ

Որդի մհտ. Գրիգորի, 1740ին իր ուխտաւորութեան ժամանակ Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ մինէլի եւ ադամանդակուռ ոսկի սկիհմը հետեւեալ յիշատակարանով. «Յիշատակէ ոսկի սկիհս Ս. Երուսաղէմ վանս Ս. Յակոբայ որ եդ յիշատակ յԵգիպտոսի զարպխանէի սարրաֆ Սիսանցի յարգելի ազնիւ Համբարձում ամիրայն վասն հոգւոյ կողակցի ննջեցեալ Թագուհի խաթունին եւ համայն կենդանեաց եւ ննջեցելոց հոգւոյն. ի թուին Հայոց ՌՃՁԹ (=1740)Փետր. Գ. » (Ցուց. Պ. ):

1818ին ալ յիշեալ ամիրային տիկնոջ` հանգուցեալ Թագուհիին յիշատակին համար իր ազգականները Ս. Յակոբի կը նւիրեն կենաց փայտ պարունակող արծաթ եւ ոսկեզօծ խոշոր ճաճանչ մը հետեւեալ յիշատակարանով. «Չմշկածագու գիւղէն Սիսանցի մհտ. Գրիգորի որդի Համբարձում Աղայի կենակից հանգուցեալ Թագուհի հանըմին հոգւոյն համար յիշատակ որ ետ ի քաղաքն Սաղիմայ հոյակապ Սրբոյն Յակոբայ եկեղեցւոյն ՌՄԿԷ (=1818)»: Ինչպէս նաեւ Գեթսեմանիի Ս. Աստուածածնի տաճարին համար արծաթեայ խոշոր կանթեղ մը, նոյն թուականով եւ նոյն յիշատակարանով:

Ցուց. Պ.

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ, ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ

Խմբագիր Մշակի. հրատարակած է այլ եւ այլ պատմական եւ բանասիրական գրուածներ. բազմաթիւ յօդուածներ գրած է Մշակի եւ Մուրճի մէջ. ունի նաեւ ազգային վէպեր: 1893 Օգոստոսին այցելած է Ս. Յակոբի վանքը, Թիֆլիսքի Լիոթոք ռուսերէն լրագրին խմբագիր հայազգի Խաչատուրեանի հետ, իբր Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի թեմի պատգամաւոր. հրատարակած է Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական ընտրութիւնը անուամբ գիրքը: ի Les Rapports des Armռniens avec l’Occident au moyen Չge et aprՌsԼ վերնագրով իր յօդուածը 1902 Սեպ-տին, ղրկած է Արեւելագէտներու ԺԳ. միջազգային ժողովին որ գումարուած է Համպուրկի մէջ: Այդ յօդուածին թարգմանութիւնը տեսնել Մուրճ, 1902 Թիւ 10: Ներկայ գտնուած է նաեւ նոյն Ժողովին ԺԴ. նիստին Ալժիէրի մէջ, իր զեկուցումը եղած է Ակնարկ Հայ գրականութեան վրայ եւ նրա ուսումնասիրութեան կարեւորութիւնը արեւելագիտութեան համար: Իր հրատարակութեանց մանրամասն ցուցակը տեսնել (Ղազիկեան, էջ 197-198):

1917ին Համբարձում Առաքելեան իր տանը մէջ կ՚սպաննուի մեզի անծանօթ պատճառով մը:

 

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԵՐԱՄԵԱՆ, ՎԱՆԵՑԻ

Ծ. 1857 Մայիսին. աշկ. Յայնկոյսներու եւ Ս. Յակոբի ազգ. վարժարաններուն (1866-74). 1868ին ծաղկի հիւանդութեամբ կը զրկուի իր աշքերու լոյսէն 11 տարեկանին. ուսումը շարունակելէ վերջ 1874էն սկսեալ դասատու կը կարգուի հայերէնի եւ պատմութեան Վանի երկու վարժարանաց մէջ. 1880-81 տեսուչ Կարմրւոր վանքին որբանոցին, 1882ին կը հիմնէ գիշերօթիկ-ցերեկեայ վարժարան մը եւ կը շարունակէ զայն մինչ 1915 կարող ուսուցչական խումբով մը եւ աշակերտներու թոշակներով միայն:

Նոյն վարժարանի 1908ին կը ճանչցուի իբր իտատի. 1904ին կատարած է իր վարժարանին 25ամեակը, այդ առթիւ Երամեանի աշակերտք եւ կրթասէր ազգայիններ նոյն վաստակաւոր ուսուցչին կը նուիրեն դպրոցական շէնք մը եւ բնակութեան տուն մը:

Խրիմեան Հայրիկ (Կթղ. ) եւ Օրմանեան պտրք. ուսուցչապետ տիտղոսը կընծայեն Յոբելեարին:

Երամեան երկիցս ուղեւորած է Ս. Էջմիածին 1886ին, նաեւ Կվոկաս, Պիզա, Վիեննա եւ 1913ին ալ, իբր պատգամաւոր Վանի` գրոց գիւտի 1500 ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400 ամեակին առթիւ. ուղեւորութիւնը շարունակելով կը հասնի Պոլիս եւ Զմիւռնիա իր վարժարանը Լիսէի աստիճանին բարձրացնելու մտահոգութեամբ. համաշխարհային պատերազմը վրայ կը հասնի եւ ան կ՚ստիպուի մեկնել Եգիպտոս, ուր կը մնայ մինչեւ այժմ` Եգիպտոսի մէջ վարած է Բոր-սայիտի Սիսուան վարժարանի վերատեչութիւնը եւ ապա Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանի տեսչութիւնը: 1921ին կ՚այցելէ Ս. Յակոբիվանքը եւ հիւրընկալուելով միաբանութեան կողմէն` ներկայ կ՚ըլլայ նոյն օրերուն կատարուած Տ. Եղիշէ Ս. Պտրք. Դուրեանի պատրիարքական ընտրութեան հանդէսին:

Պատրաստած է իր ինքնակենսագրութիւնը ժամանակակից պատմական դրուագներով:

 

ՀԱՅԿ ԽՕՃԱՍԱՐԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Որդի ծանօթ հրապարակագիր, Օգսէն Խօճասարեանի` Օրագիր եւ Նոր-Դար թերթերու խմբագրին, որ վախճանած է Սամաթիոյ մէջ 1878 Ապր. 21ին. 45 տարեկան: Հայկ Խօճասարեան աշկ. Սկիւտարի Ճեմարանին, ուր յետոյ ուսուցիչ եղած է 1887ին: Ճեմարանի այրումէն վերջ փոխադրուած էր Գումգափու, եւ Պէզճեան վարժարանի մէջ կը պաշտօնավարէ իբր ուսուցիչ եւ Տնօրէն մինչեւ 1910. 1910-1915 Գատը գիւղի Արամեան, եւ 1915-1922 Բերայի Եսայեան վարժարաններու տեսչութիւնները կը վարէ ու նոյն տարին կը մեկնի Պուլկարիա եւ քիչ վերջ Ամերիկա, ուր այժմ կըպաշտօնավարէ իբրեւ Դիւանապետ Նիւ Եօրքի Հայոց Առաջնորդարանին:

Իր կրկական պաշտօններէն զատ, վարած է նաեւ Գում Գաբուի Աղքատախնամի անդամակցութիւնը. 1908ին Սամաթիոյ կողմէն ընտրուած է երեսփոխան եւ մինչեւ 1922 պահած է այդ պաշտօնը անդամակցելով նաեւ նոյն ժողովի Դիւանին եւ Քաղ. ժողովներու: 1911ին Կեդր. վարչութեան որոշումով իբր Լիազօր Պատուիրակ Երուսաղէմ կը ղրկուի. կ՚այցելէ Ս. Տեղերը ու Միաբ. Ընդհ. Ժողովոյ նիստերուն ներկայ ըլլալով` Պատրիարքական ընտրական գործերու մասին կը շինէ իր Տեղեկագիրը եւ կը մատուցանէ պատկան ժողովին:

1915ին կը տարագրուի այլոց հետ Չանղըրը. սակայն կը յաջողի ազատիւ եւ Պոլիս դառնալ:

 

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ՔՀ. ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ, ԵԱՐՓՈՒԶՑԻ

Ծ. 1886ին. աշկ. Ժառ. վարժ-ի (1900-5). ուսուցիչ նոյն Վարժարանին մէջ (1906-7). յետոյ կ՚աշակերտի Փարիզի Վարժապետանոցինեւ Սորպոնի Համալսարանին (1907-11). 1911ին վերադառնալով Ս. Յակոբ, կը կարգուի ուսուցիչ ֆրանսերէնի, հոգեբանութեան եւ բարոյագիտութեան. նոյն պաշտօնով կը փոխադրուի Կիլիկիա (1912-14). 1915ին տարագրութեամբ կը ժամանէ Երուսաղէմ, եւ Ժառ. վարժ-ի մէջ վերստին կը կարգուի ուսուցիչ ֆրանսերէնի եւ ձայնագրութեան: Ս. Յակոբի վանքին մէջ քհ. կը ձեռնադրուի Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս Պետրոս եկեղեցիին համար, ուր կը քահանայագործէ այժմ եւ կը վարէ իր նախաձեռնութեամբը հիմնարկած բարձրագոյն Նախակրթարանին:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԱԲ.

Մբ. Ս. Փրկչի 1355ին, ձեռագիր յիշատակարաններու համաձայն:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԵՊՍ. ՍԻՒՆԵԱՑ

1282ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը. պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեան իր մասին կը գրէ. . Հատ. էջ 181-182). «… ապա յետ բազում աւուրց ծերական ալեօք եպիսկոպոսն բարեբարոյ Տէր Հայրապետ յաղթեալ ի սիրոյ Տեառն իւրո` ի տեսութիւն աստուածակոխ տեղեացն Երուսաղէմի. եւ հասեալ փափաքմանն լնու? զտենչումն երանելի ոգւոյն. եւ դառնայ առ աստուածապսակ թագաւորն Լեւոն Հայոց»: Արատեսի Վանքի նորոգութեան եւ իր տապանի մասին` տե'ս Բազմ. 1900, էջ 214: Հայրապետ եպս. Տաթեւի վանքին արեմտեան դրան վրայ ունի ծաղկաքանդակ խաչքար մը հետեւեալ արձանագրութեամբ. «զՏէր Հայրապետ Սիւնեաց եպս. յիշեցէք» . Հայրենեաց, Գիրք Ե. ). նոյն վանքին աւագ դրան վրայ ալ, Հայրապետ եպս. ունի հետեւեալ արձանագրութիւնը. «ՉԲ. (=1253) ես Տէր Հայրապետս ծառայ բարձրելոյն կանգնեցի զդասերս, նորոգեցի զդուռս. զիս յաղաւթս յիշեցէք աղաչեմ». (Անդ. նոյն). Հայրապետ եպս. վախճանած է ՉԼԹ (=1290) թուին, ըստ տապանագրին:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԿՐՕՆԱՒՈՐ

Մբ. Ս. Յակոբի վանքին կը նւիրէ մէկ թղթեայ սբ. Աւետարան արծաթապատ եւ ականազարդ:

ՄՁ. Թ. 532

ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՎՐԴ.

Մբ. Ս. Էջմիածնի. –1709ին ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը, որուն պարտուց վճարման կը մասնակցի ԻԵ. ոսկիով` հաշուետումարի մը համաձայն:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՎՐԴ. ՄՈԿԱՑԻ

Գրիգոր պտրք. Պարոնտէրի ժամանակ ուխտաւորութեամբ կ՚այցելէ Ս. Յակոբի վանքը:

 

ՀԱՊԷՇ ՔԱՀԱՆԱՅՔ

Հապէշիսթանէն երկու քահանաներ ուխտաւորութեամբ Երուսաղէմ կուգան. եւ իրենց ուխտը կատարելով` կ՚երթան Հայոց աշխարհը, եւ կ՚այցելէ վանքերը: Ասոնք յետոյ Խիզան քաղաքը կուգան եւ այլազգիներէն կը նահատակուին. քրիստոնեաները սոյն երկու նահատակ քահանաներուն մարմինները ՊՀ (=1421) թուին կը տանին կ՚ամփոփեն Բարեձորի վանքին մէջ (գիւղ մը Աղձնեաց, այժմու Խիզան վիճակին մէջ):

Հ. Ն. Վկաները, Հատ. Ա. էջ 155

ՀԵԹՈՒՄ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ

Յայնկոյս Յորդանանու Քէրէկի Ս. Յակոբ եկեղեցին շինած է իր Զապէլ թագուհիին յիշատակին: 1878ին տեղւոյն արաբացիներէն գտնուած արձանագրութեան ընդօրինակութիւնը կը դնենք հոս. «Աս եկեղեցին Սուրբ Յակոբվ անունով Հեթմոյ թագաւորի ժամանակ շինուեցաւ երանուհի Տիկնոջ Զապելին Յեսպոնիօնի պատերազմէն վերջ յաղթանակ ելնալով. ՉԶ. » (=1257). սոյն արձանագրութեան տակ քանդակուած են նիզակներ, դրօշներ եւ անոնց մէջ խոյր մը. (ժպե. Հատ. Ա. էջ 187-188). Տեսնել մանրամասնութիւնները Հեթումի յաղթութիւններուն եւ Քէրէքի հայ գաղթականութեան, Ս. Յակոբի եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շինութեան եւ նոյն նորագիւտ արձանագրութեան մասին. (Անդ. էջ 188-189, նաեւ Cl. Ganneau, Mission en Palestine et en Phռnicie, V e Rapport, էջ 113, եւ F. Macler, Les Armռniens en Syrie et en Palestine, էջ 5-6): Կասկած չիկայ` թէ կեղծ է այս արձանագրութիւնը որ կը պահուի Ս. Յակոբի Ժառ. վարժ-ին մէջ: -Ըստ աւանդութեան, Հեթում թագաւոր, Ս. Ծննդեան եկեղեցիին փայտակերտ առաստաղը իր ծախքովը շինել տուած է, նոյն ատաղձները տաշուած են Տարսոն եւ բերուած են Բեթղեհէմ. ազգ. աւանդութենէն զատ` այդ անփուտ փայտի գերաններուն ձեւը եւ ատաղձներուն տաշուածքը ցոյց կուտան թէ անոնք Տաւրոսի լեռներու վարպետներուն գործերն են:

ժպե. Հատ. Ա., էջ 182

ՀԵԹՈՒՄ Բ. ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ. Որդի Լեւոն Գ. ի.

1300ին թաթարները կը մաիբանին Հայոց հետ եւ պատերազմով Երուսաղէմը կ՚ազատեն Եգիպտական իշխանութենէն. Ս. քաղաքին թագաւորութիւնը կ՚ստանձնէ Հեթում Բ., իսկ Թաթարներու Ղազան խանը կը մեկնի Պարսից ապստամբութեան պատճառաւ, բայց Դամասկոս հասնելուն` կը հիւանդանայ եւ կը մեռնի հոն. Հեթում այս գոյժը առնելով` կը փութայ մեկնիլ Երուսաղէմէն Կիլիկիա, վերաշինելու համար իր երկրին աւերակները:

Ամդեցի Մինաս վրդ. իր Ազգաբանութիւն Հայոց գիրքին մէջ (տպ. Վաղարշապատ, էջ 45) Հեթում Բ. ի Եգիպտացւոց դէմ մղած այս պատերազմին եւ Երուսաղէմ գալուն առթիւ հետեւեալ նշանակալից հատուածը կը գրէ. «եւ երկնչեալ Հեթում` գուցէ պարտիցի. եւ ասէ. շատ է ինձ այս զօրութիւնս. զի նախնիքն իմ զայս յաղթութիւնս ոչ արարին: Եւ ի տեղին զմեծ ծառսն սօսի թրով նշանս արար. եւ ի բարաւորս դրացն` գիրս գրեաց այսպէս. Հեթում թագաւոր Սսոյ` մինչ յայս վայր փախոյց զՄսրցին: Եւ ի դարձին գայ յԵրուսաղէմ, ԺԵ. աւուրբ կացեալ մեծ տօնախմբութիւնս առնէ: Եւ դատաւորք Երուսաղէմի փախուստ առնէին: Եւ եհաս հրաման խաղաղական ի խանէն` թէ Երուսաղէմ շրջագայիւքն` իւրն լիցի: Եւ Հեթում որ կամելով զԽ. իջեւանն` Ժ. աւուրբք վերադառնայր»: Հեթում Բ. Երուսաղէմ գտնուած միջոցին կատարած է զանազան բարեպաշտական գործեր ալ. շինած է սեղան մը Ս. Աստուածածնի տաճարին արեւելեան կողմը, որ այժմ Հայոցս կը պատկանի. ինչպէս կը յիշէ Հաննէ (էջ 264), ուր այս մասին կը կարդանք հետեւեալը. «Հին յիշատակարանաց մէջ գրուած կը գտնենք այսպէս. Երկրորդ Հեթում արքայն Հայոց, յերկրորդ թագաւորութեան իւրում, ողորմութեամբն Աստուծոյ զկնի յաղթութեան Սուլթանին Եգիպտացւոց, եկն ի սուրբ քաղաքս, յուխտ եւ երկրպագութիւն տնօրինական Սուրբ Տեղեաց. եւ յետ ի սակաւ աւուր բազում շինութեան, կառոյց հրաշաւոր սեղան մի ի Սուրբ Աստուածածնայ Սրբոյ Գերեզմանի, յորմն յարեւմտակողմ, ի յիշատակ ազգիս Հայոց. եւ ի հաստատութեան իւրոյ մեծազօր թագաւորութեան: Յամի Տեառն, 1301, յուլիս 13» (Ստորագր. էջ 95, նաեւ Սաւալան, էջ 599-600): Հեթում Բ. շինած է նաեւ Ս. Յարութեան տաճարի սնարքը, ըստ Հաննէի (էջ 206). «ի մէջ հինգերորդ կամարին շինեալ է Հեթմոյ թագաւորին մերոյ` լոկ սեղան մի անծածկոյթ պատարագամատոյց, որ յետոյ ասի ի նախնեաց թէ տուաք զսեղանս Ղպտոց ազգին. որ եւ նոքա յեգիպտոս` ետուն ժողովրդոց մերոց եկեղեցի մի փոխան սորա. զի ո'չ ունէաք եկեղեցի ի Մսր: Եւ յետոյ իշխան մի Ղպտոց եկեալ շրջապատեաց պատուհանօք եւ դրամբ. շինելով իբրեւ զմատուռ տախտակամածեալ զառաստաղն»: Հեթում Բ. Երուսաղէմ գտնուած միջոցին` կ՚աւանդուի թէ` երկու յիշատակներ թողած է Հայոց Ս. Յակոբի վանքին մէջ. մին` իր սաթէ արքունի թանկարժէք գաւազանը, որ կը մնայ մինչեւ ցայսօր եւ տարին երկու անգամ կը ցուցադրուի (Հայ-Վենետ, էջ 89). միւսն` իր ադամանդազարդ մասնատուփը, որ կը գտնուի այժմ Գիւմուրտօ (Ջաւախք) Առաքել քհ. Կուրտինեանի մօտ: Երուանդ Լալաեանց իր Ազգագրական Հանդէսի մէջ (1895, էջ 153-54) այս թանկագին մասնատուփի մասին կը գրէ` թէ ան ունի երկու երես, մին` կը պատկերացնէ Խաչելութիւնը Քրիստոսի, եւ միւսն` երկաթագիր արձանագրութիւն մըն է, զոր նոյնութեամբ կ՚ընդօրինակենք. «Ես Հաոց թագարս Հեթում, բզւն աշխատութբ ժղվցի նշխարքս սրբոց մէծին Ակոբա Մծպնա Հայրապետին եւ Նիկողաոսի սքանչելագործին եւ Ստեփաննոսին նախավկաին եւ Պանդէլէոնի բժշկին զոր աստ կա պհպանութիւն հոգոյս եւ մարմնոյ իմոյ թվին ԷՃԽԵ (=1296)ին մաիսի Ի ին սբ նշանս շինվեցաւ. »: Կը պատմուի նաեւ թէ` այս մասնատուփը Կուրտինեան քհ-ի հայրը գներ է 800 րուպլիի Բարալէթցի Աղաջան Գալստեանէն, որ` Լալաեանցի Բարալէթ գտնուած միջոցին պատմեր է` թէ այդ սրբութիւնը մնացած է իր հօրը` Գալուստէն, որ Արտահանցի Սողոմոն անուն մէկու մը քով որդեգիր եղած է, այս Սողոմոնը եղբայր մը կ՚ունենայ, որ Երուսաղէմի միաբան եպիսկոպոս մը ըլլալով նուիրակ էր Կարնոյ. վերջինս երբ Արտահան կուգայ իր եղբօրը` Սողոմոնի մօտ կը վախճանի, եւ եղբայրն ալ եպիսկոպոսին գոյքերը կը յանձնէ Կարնոյ առաջնորդին, իսկ մասնատուփը կը կը պահէ իր մօտը: Յետոյ Սողոմոն Երուսաղէմ կ՚երթայ եղբօրը ժառանգութեան տիրանալու: (Ազգր. հան. ժա. գիրք. էջ 153-54):

Հեթում Բ. ունի իր սեպհական ընտիր Աստուածաշունչին վերջը ինքնաձեռագիր ոտանաւոր յիշատակարան մը. նոյն Աստուածաշունչը կը գտնուի Էջմիածնի մատենադարանը ՉԽԴ (=1295) թուականով եւ գրչութեամբ Ստեփանոս գրչին: Այս ոտանաւոր յիշատակարանին վերջը կը գտնուէր քառանկիւնաձեւ թագաւորական կնիքը զոր օտար ձեռքեր կտրած հանած են:

Արարատ. 1869, էջ 41-42

ՀՄԱՅԵԱԿ ԵՊՍ. ԴԻՄԱՔՍԵԱԵՆ կամ ԱՅԱԶՄԱԼԸԵԱՆ, ՊՈԼՍԵՑԻ

Մբ. Ծ. 1839ին. աւազանի անունը Բարսեղ. աշկ. Ժառ. վարժ-ի (1863-65). դեռ սարկաւագ` հրաժարելով Պոլիս կը մեկնի: Ձռ. 1869ին, Եէնիգափուի մէջ Յարութիւն եպս. Վեհապետեանէն. վարած է քարոզչական, ժողովական եւ առաջնորդական պաշտօններ. 1880ին եպս. կը ձեռնադրուի. Պատրիարքական Տեղապահ Կ. Պոլսի 1894ին. կը վախճանի 1919ին:

Հրատարակած է հետեւեալները, Նոր տարի եւ մտաւորական սնունդ տղայոց (տպ. Պոլիս, 1867?). Աստղիկ Հայրենեաց կամ Աղբերակունք յառաջդիմութեան (տպ. Պոլիս, 1869). Շիթք մանունք ի Միջերկրականէ (տպ. Պոլիս, 1878). 1875ին հիմնադիր Հայաստանեայց տպարանի եւ Լոյս կրօնական հանդիսին: 1876ին Նէրսէս պատրիարքի հրամանով այցելած է քանի մը քաղաքներ եւ մասնաւորապէս Ս. Յակոբի վանքը եւ պատրաստած է օրուան միաբանութեան ցուցակը եւ այցելած տեղերու նկարագրութիւնը

Շիթք, էջ 221-270

ՀՄԱՅԵԱԿ ՎՐԴ. ԵՐԷՑԵԱՆ, ՍԱՍՈՒՆՑԻ

Մբ. Ծ. 1862ին, աշկ. Ժառ. վարժ-ի. Ձռ. 1889ին. մատակարար (1894-1901). ՏՓ. (1902-4). ՏԲ. (1906-7). ՏԴ. (1909-910). կը վախճանի 1921ին:

 

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՈՅՍ ԹԱՀԻՐԵԱՆՑ, ՏՓԽԻՍԵՑԻ

Ծ. 1847ին. 1874ին սարկաւագուհի կը ձեռնադրուի Տփխիսի Ս. Ստեփանոս Անապատին մէջ: Յարութիւն պտրք-ի Օրհնութեան գրովը ի նպաստ Ս. Յակոբի վանքին պարտուց վճարման հանգանակութեան գանձապետ կը կարգուի, եւ այդ նպատակաւ ալ նպաստներ կը հաւաքէ: Հռիփսիմէ սարկաւագուհի եւ այրի տիկին Շուշեցի Սօֆիա Ստեփանեան ուխտաւորութեամբ կ՚այցելեն Ս. Յակոբիվանքը եւ հանգանակեալ գումարը` 3000 րուպլի Հռիփսիմէ սարկաւագուհին կը յանձնէ պտրք-ին, ուրկէ 1894ին ի վարձատրութիւն կ՚ստանայ ադամանդազարդ խաչ մը Ս. Հռիփսիմէ կոյսի մասունքով. . Մամուլ, 1894, էջ 378-81):

Հռիփսիմէ Թայիրեանց իր սեպհական ծախքով պատրաստել տուած է չքնաղագործ եւ ոսկէնկար Հայրապետական մեծադիր քող մը եւ նուիրած է Ս. Էջմիածնի վանքին. նոյն քողը եկեղեցական նշանաւոր հանդէսներու ժամանակ պաշտօնեաները կը տանին ամենայն Հայոց կթղ-ի առջեւէն:

Լումայ, 1903 Թ. 1, էջ 271

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆՑ, ԲԱԹԱՒԻԱՑԻ

1891ին Ս. Յակոբի վանքին կը նուիրէ մագաղաթեայ թանկարժէք նորկտակարան մը (տպ. ամստէրտամ. 1668, փետր. 10) եւ կ՚ստանայ պտրք-էն Օրհնութեան կոնդակ մը:

Արձնգր. ՏՆ. Ժող. նիստ ճժթ. 1891 էջ 69. Ծաղիկ, 1891. էջ 67