Ճ
ՃԱՆԻԿ
ԱՄԻՐԱՅ
ԱԿՆՑԻ,
ՈՐԴԻ
ՍԻՄՈՆ
ԱՄԻՐԱՅԻ
Ս.
Յակոբի
վանքին
սեպհականութեանց
խնդրոյն
դատավարութեան
առթիւ,
1228
թուականաւ
սուլթան
Մահմուտի
կողմէն
տրուած
հրովարտակին
մէջ
կը
յիշատակուի
Ճանիկ
ամիրայի
անունը,
իբրեւ
Ս.
Յակոբի
իրաւանց
պաշտպան:
1845ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
նախորդ
ՓԿԵ.
Յովհաննէս
եպս-ի
հետ
եւ
կը
նուիրէ
25.
000
ղրշ.
այն
նպատակաւ
որ
բնիկ
միաբաններուն
մէն
մի
պատարագին,
փոխանակ
երեքի
չորս
ղրշ.
ժամուցագին
տրուի,
եւ
հիւրերուն`
երկուք:
Սոյն
նուիրատուութեան
համար,
Ս.
Աթոռի
կողմէն
մշտնջենական
յիշատակարաններ
կը
դրուին
Ս.
Յարութիւն,
Բեթղէհէմ
եւ
Ս.
Ածածին:
Ճանիկ
ամիրայ
իր
այս
այցելութենէն
օգտուելով`
Ս.
Աթոռոյ
դրամարկղէն
կը
գանձէ
Սկիւտարի
ճեմարանին
ի
նպաստ
150.
000
ղրշ-ի
գումարը,
վասն
զի
Զաքարիա
պտրք.
տարեկան
60.
000
ղրշ.
նպաստը
դադրեցուցած
էր
ինչ
ինչ
նկատումներով:
(Սաւալան,
էջ
1254-55):
Ճանիկ
ամիրայ
կը
վախճանի
1856ին.
իր
ծախքովը
շինել
տուած
է
Խասկալի
(Արմաշի
մօտ)
Մծբնայ
Ս.
Յակոբ
հայրապետի
եկեղեցին
1834ին.
(բբ.
Բ.
հատ.
էջ
152):
Հանգուցելոյն
տիկինը
մհտ.
Նարդուհի
եւ
որդին
մհտ.
Միրիճան
Ամիրայ
1858ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելեն
Ս.
Յակոբի
վանքը:
Յովհաննէս
պտրք.
Մովսէսեան`
այդ
առթիւ,
Ս.
Պանդալէոն
բժշկին
մասունքը
կը
նուիրէ
անոնց,
խաչի
մը
մէջ
ամփոփուած: