Մ
ՄԱԳՍՈՒՏ,
ԿԻՐԱԿՈՍ
ԵՒ
ԱՐՍԼԱՆ.
Մբք.
Հայոց
Ս.
Անդրէաս
վանքին
Երուսաղէմի
մէջ.
սուլթան
Սէլիմ
Ա.
երբ
1516ին
Երուսաղէմի
կը
գրաւէ,
արձանագրել
կուտայ
քաղաքին
բոլոր
վանքերը.
նոյն
ժամանակի
արքունի
դիւանական
արձանագրութիւններէն
յայտնի
կ՚ըլլայ
որ
Հայերը
Ս.
Անդրէաս
անունով
վանք
մը
ունեցեր
են
Երուսաղէմի
Մէջ.
բայց
այժմ
անյայտ.
այդ
արձանագրութիւնը
հետեւեալն
է.
«էրմէնի
մանասթրը
տէյր
Անդրէաս
տէրունիտէ
խուտտամ
–
Մագսուտ,
կիրակոս
վէ
Արսլան.
»:
ՄՁ.
Թ.
85,
Սաւալան,
էջ
650
ՄԱԿԱՐ
ԵՊՍ.
ԲԱՐԽՈՒԴԱՐԵԱՆ,
ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ.
Մբ.
Ծ.
1839ին
Շուշիի
(Խանածախ)
մէջ,
1862ին
կը
միաբանակցի
Ս.
Յակոբի
վանքին.
1862-1868
կ՚ուսանի
Ժառ.
վարժ-ի
մէջ.
Ձռ.
19-869ին,
հիւրընկալ
(1870-71),
վանական
գործով
կը
մեկնի
Ատափազար
1871ին,
ծածկանունն
է
Ուստա-Գէորգ.
ՏՊ.
(1873-1874),
Տեսուչ
տպարանի
1875ին,
կը
մեկնի
Կ.
Պոլիս
1876ին,
Առ.
փոխ.
Զմիւռնիոյ
1876ին,
ուր
կը
վարէ
նաեւ
քարոզչութեան,
լուսարարութեան
եւ
Հիւանդանոցի
տեսչութեան
պաշտօնները:
1880ին
կ՚ընդունուի
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի,
1881ին
Շուշի,
1882-88
կրօնուսոյց
Շուշիի
մէջ:
Յետոյ
դառնալով
Էջմիածին`
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1894ին,
եւ
կը
վարէ
լուսարարապետութեան
պաշտօնը
եւ
կ՚անդամակցի
Սինոդին.
1906
փետր.
6ին
կը
վախճանի
Ս.
Էջմիածնի
մէջ:
Իր
հրատարակութիւններն
են
Աղուանից
երկիր
եւ
դրացիք
(տպ.
Թիֆլիզ,
1893),
Արցախ
(տպ.
Բագու,
1895),
Գաղտնիք
Ղարաբաղի
(տպ.
Պետերբուրգ,
1886),
(Արարատ,
1906,
էջ
116-17):
Պատմ.
Աղուանից,
Հատ.
Ա.
(տպ.
1902,
Վաղարշապատ),
եւ
ուրիշ
գրուածներ:
ՄԱԿԱՐ
ԿԹՂ.
ՏՐ.
ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ,
ԹԵՂՈՒՏՑԻ
Ծ.
1813ին,
Ձռ.
(1842),
եպս.
1852ին,
որոշմամբ
սինոդի
հրաւիրակ
Մատթէոս
կթղ-ի
1858ին:
Այդ
առթիւ
նորընտիր
կթղ-ի
1859
մարտ
3
նամակովն
ուխտի
կուգայ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
ընկերակցութեամբ
Բաբամեան
Մկրտիչ
(@
1891
Յնվր.
23)
եւ
Փափազեան
Գալուստ
վարդապետներուն:
Կթղ.
ամենայն
Հայոց
(1885-
@
1891).
իր
կենսագրութիւնը
տեսնել:
(Արարատ.
1891,
էջ
Ա-Է):
ՄԱԿԱՐ
(մհտ.
)
ԿԱՄԱՐԱԿԱՊՑԻ
Սեղանաւոր.
1720ին
Մարզուանցի
Գրիգորի
տպարանէն
հրատարակուած
Յայսմաւուրքի
յի
շատակարանին
մէջ
կը
յիշուի
թէ
Մակար
Կամարակապցի
Ս.
Յակոբի
վանքին
թողած
է
բազմաթիւ
յիշատակներ.
այդ
պատճառաւ
Մարզուանցին
կուտայ
անոր
յիշատակասէր
տիտղոսը
(ՄՁ.
Թ.
532).
մեծապէս
սատարած
է
նաեւ
Մարզուանցիին
տպարանին:
Մակար
եւ
իր
եղբայրները
շինել
տուած
են
Ս.
Գլխադրիմատրան
հնրնւային
դրան
սատափեայ
փեղկերն,
ինչպէս
յայտնի
է
հետեւեալ
յիշատակարանէն.
«Գեղեցիկ
դուռն
շինեցաւ
ի
պատրիարքութեան
Տեառն
Գրիգորի
եւ
Տեռան
Յովհաննէս
վարդապետացն`
վասն
Գլխադրի
Սրբոյն
Յակոբայ.
եւ
է
յիշատակ
կամարակապցի
Նազարի
որդւոյն
օրհնեալ
մահտեսեաց
Մակարին,
Առաքելին,
Մարտիրոսին
եւ
Յարութիւնի
եւ
ծնողացն
եւ
ամենայն
զարմից
նոցա
ընթերցողքդ
յիշեցէք
եւ
Աստուած
ողորմի
ասացէք.
ի
թուին
ՌՃՁ
(=1731),
շինեցաւ
ի
Յակոբ
ծառայէ:
»
Մակարի
նուէրն
է
նաեւ
ՄՁ.
Թ.
949
ձեռագիրը:
ՄԱԿԱՐ
ՀԱՅԿԱԶՆ,
ՊՏՐՔ.
ԱՆՏԻՈՔԻ
Որդի
Միքայէլի
եւ
Մարիամու:
Մակարի
ծնողքն
Հայաստանեն
կը
գաղթեն
եւ
կը
հաստատուին
Անտիոքի
մէջ.
ուր
ան
կը
ծնի
970ին.
տեղւոյն
Մակար
հայրապետէն
կը
մրկտուի
եւ
կ՚որդեգրուի:
Բաց
ի
հայերէնէ,
կ՚ուսանի
նաեւ
յունարէն
եւ
ասորերէն
լեզուները.
եւ
ապա
կը
յաջորդէ
Մակար
հայրապետին:
Իրեն
հետ
ունենալով
Յովհաննէս,
Պետրոս,
Դաւիթ
եւ
Կոստանդին
անուն
ազգակիցները`
ուխտի
կուգայ
Երուսաղէմ
եւ
կ՚այցելէ
Ս.
Տեղիքը
եւ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
Դաւանական
խնդիրներու
պատճառաւ
շատ
նեղութիւններ
կը
կրէ
Երուսաղէմի
մէջ,
եւ
1011ին
կը
մեկնի
Գանտովա
քաղաքը
(Ֆէլէմէնկ),
եւ
1012ին
Ս.
Բաւոնի
վանքին
մէջ
կը
հաստատուի:
Ժանտախտէն
կը
վախճանի
1067ին:
Չամչ.
Բ.
859-860
ՄԱՂԱՔԻԱ
ԴԵՐՋԱՆՑԻ
1516ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
յօրինած
է
Բան
գովեստից
ի
վարժապետ
իւր
Գրիգոր
վրդ.
Մշեցի,
ի
թվ.
ՋԿԸ.
(=1519):
ՄՁ.
Թ.
1455
ՄԱՂԱՔԻԱ
ԵՊՍ.
ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ,
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
Ծ.
1846ին.
աշկ.
Ժառ.
վարժ-ի
1866ին.
Ձռ.
1871ին.
Տեսուչ
Կիպրոսի
(1873-1874).
առ.
Պաղտատի
(1874-80).
Տեղապահ
Մալաթիոյ
(1883-84).
առ.
Հալէպի
(1887-89).
Հոգեւոր
Հովիւ
Ամերիկահայոց
(1894-97).
կը
ձեռնադրուի
եպս.
եւ
կը
կարգուի
առ.
Պարսկահնդկաստանի
Հայոց
1898ին:
Կը
մեկնի
Ս.
Էջմիածին
1901ին.
կը
վերադառնայ
եւ
հիւրաբար
կը
մնայ
Ս.
Յակոբի
վանքը
(1903-8).
Պոլիս
կ՚երթայ
1909ին,
ուր
նախապէս
վարած
էր
քարոզչական
պաշտօններ,
ու
կը
վարէ
Գուզկունճուգի
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցիին
քարոզչութիւնը.
1922ին
կը
վախճանի
Ազգ.
հիւանդանոցին
մէջ:
Ս.
Էջմիածին
գտնուած
միջոցին
հայերէնի
թարգմանած
է
Անրիանուպոլսեցի
Պօղոս
պտրք-ի
Պէշ
տէհր
ֆերգի
երեք
հատոր
գիրքը:
տպ.
Վաղարշապատ,
1901
ՄԱՂԱՔԻԱ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
Երուսաղէմի
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
1625ին
կ՚ընդօրինակէ
Կիւրեղ
հայրապետին
Կոչումն
ընծայութեան
գիրքը
ուր
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…:
Շնորհիւ
Տեառն
եւ
ողորմութեամբ
նորին,
գրեցի
եւ
կատարեցի
զծաղկահաւաք
մատեանս
Ս.
Կիւրղի,
որ
էր
գրած
ի
ս.
արանց
ի
հին
ժամանակին
եւ
անարգ
ընկեցեալ
կայր
ի
մէջ
աղբիւսաց
եկեղեցւոյ.
եւ
իմ
առեալ
թափ
տուի
ի
յաղբէն
եւ
տեսի
փտեալ
եւ
ցեց
կերեալ.
եւ
գիրն
անյոպայ
երկաթագրին
անյարմար
մնամ?
թէ
վասն
գրին
անյընդունելութեան
ընկեցիկ
եղեալ
է.
եւ
ես
զայս
ամփոփեցի
ԻԲ
տարի
եւ
ոչ
ոք
հաւատ
չկալաւ
զսա
ընթերցման.
եւ
ես
զծերութիւնս
եւ
զտկարութիւն
մարմնոյն
ի
բաց
եդի,
եւ
վերստին
գաղափարեցի
յետոյ
եկեալ
բանասիրացդ.
բայց
կու
խնդրեմ
ի
սրբութեանց
ձերոց
ընթերցողացդ
եւ
փոխարկողացդ,
որ
անմեղադիր
լինիք
անյարմար
գրիս,
զի
նիւթն
անյարմար
էր,
եւ
ժամանակն
ձմեռն
էր.
եւ
ես
յուսահատեր
էի
ի
կենացս.
որ
մէկ
մի
չեղեւ
ընթերցող
այսչափ
գրեանուցս.
որ
հաւաքեցի,
եւ
գրեցի,
ոչ
միայն
այս`
այլ
բազում,
եւ
գրել
տեղս
անպատշաճ.
զի
գ.
տեղ
փոխեցայ
վասն
գրելոյ,
եւ
վերջն
ի
Քրիստոսի
լուսաբուխ
Ս.
Գերեզմանն
եւ
Ս.
Յարութիւն
եղեւ.
բայց
այս
գրոցս
երկրորդ
նորոգումն
թվին
ՆՂԸ.
(=1049)
եղեր.
եւ
երրորդ
նորոգումն
ՊԸ.
(1359)
եղեր
է.
եկ
ես
վերջի
ծրագրողս
նուաստ
եւ
յետնեալս
ի
բանասիրաց.
Մաղաքիա
ծառայ
Յիսուսի
Քրիստոսի,
ի
յունվ.
ամսոյ
սկսայ.
որ
թիվն
էր
ՌՀԴ
(=1625)
եւ
ապրիլ
ԻԸ.
աւարտեցի
ողորմութեամբ
բարերարին,
ի
հայր.
Կիլիկեցւոց
տէր
Մինասին,
եւ
ի
յառաջ.
Ս.
Յակոբայ
առաքելոյս.
տէր
Գրիգոր
արշիեպիսկոպոսին…
յիշեսջիք
ի
սրբամատոյց
յաղօթս
ձեր
զվերջին
աշխատողս
ի
սմաՄաղաքիա
սպասաւոր
բանին,
եւ
զառածեալս
ի
մեղս`
թողութիւնս
խնդրեցէք
ի
Քրիստոսէ
Աստուծոյ
մերոյ…»:
(Էջմ.
Ցուց.
Թ.
1692,
նաեւ
Անեցի.
էջ
ԺԶ-ԺԸ):
Այս
ձեռագիրը
կը
պարունակէ
նաեւ
Սամուէլ
քհ-ի
Անեցւոյ
պատմութիւնը:
Մաղաքիա
կրօնաւորի
ընդօրինակածին
վրայէն
գաղափարող
գրիչը
կ՚ըսէ.
«գրեցաւ
այս
գաւազանագիրքս
ձեռամբ
մեղաւոր
եւ
անարժան
Ներսէս
սարկաւագի
որդւոյ
Հօլուպվօյթին
Կամէնցւոյ.
ի
յաշխարհս
Իլախաց
ի
նոյն
քաղաքի.
ի
վայելումն
հոգեւոր
հօրն
մերոյ
սրբասնեալ
եւ
քաջ
ռաբ…»
(կտրուած):
ՄԱՂԱՔԻԱ
ՊԿ.
ՕՐՄԱՆԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1841
Փետր.
11.
1851
Մայիս
25ին
կը
մտնէ
Անտոնեան
Միաբանութեան
վանքը
(Հռովմ):
1858
Յունիս
12ին
կրօնաւորական
սքեմ
կ՚առնէ
եւ
կը
հետեւի
Ս.
Ապողինար
Համալսարանի
դասընթացքին:
1860
Օգոստ.
31
Տոքթ.
փիլիսոփայութեան:
1863
Օգոստ.
12ին
քահանայ
կը
ձեռնադրուի
Հիւրմիւզեան
Եդուարդ
արքեպիսկոպոսի
ձեռքով:
1865
Մայիս
27ին
հրապարակային
վիճաբանութիւն
կ՚ունենայ
Աստուածաբանական
ուսմանց
համար
եւ
Օգոստ.
24ին
կ՚ըլլայ
Տոքթ.
Աստուածաբանութեան.
1868
Օգոստ.
20ին
Տոքթ.
եկեղեցական
իրաւագիտութեան,
եւ
կ՚անդամակցի
Հռովմի
կաճառին:
1869ին
կը
մասնակցի
Հռովմէական
Հայոց
Սինհոդոսին
(Կ.
Պոլիս):
1870ին
եկեղեցական
խնդրով
հինգ
տարի
Հռովմի
մէջ
կ՚զբաղի,
ետքը
Պոլսի
մէջ
մինչեւ
1879:
1879
Հոկտ.
28ին,
Ներսէս
պտրք-ի
օրով`
75
ծանօթ
երեւելի
հայ
հռովմէականներու
հետ
(45
այրեր
եւ
30
տիկիններ)
մայրենի
եկեղեցիին
գիրկը
դառնալով`
ծայրագոյն
վարդապետի
աստիճանը
կ՚ընդունի
նոյն
պատրիարքէն:
Հոկտ.
31ին
քարոզիչ
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
(Ղալաթիա):
1880
Ապրիլ
2ին
առաջնորդ
Կարնոյ,
1886
Յունիս
8ին
եպիսկոպոս
կը
ձեռնադրուի
Ս.
Էջմիածնի
մէջ
Մակար
կթղ-էն:
1887ին
ուսուցիչ
աստուածաբանութեան
Գէորգեան
Ճեմարանին
մէջ:
1888ին
կը
դառնայ
Կ.
Պոլիս`
եւ
քարոզիչ
ըլլալով
Գարակէօմրիւկի`
կը
նախագահէ
եկեղեցական
վարժարանի
Յանձնաժողովին:
1889
Սեպտ.
18ին
բացումն
եկեղեցական
վարժարանի
(Արմաշու
Դպրեվանուց):
1896
Նոյ
6ին
Պատրիարք
Հայոց
Թուրքիոյ.
(Լոյս.
1905,
էջ
97.
Թ.
5):
1918ին
կը
հրաժարի
Պատրիարքութանէ,
կ՚առանձնանայ
ու
կը
պարապի
գրականութեամբ.
1914ին
դարձեալ
կ՚սկսի
իր
մասնակցութիւնը
քարոզչական
եւ
եւ
վարչական
գործերու:
(Իր
ընդարձակ
կենսագրութիւնը
տեսնել
Ազգպտմ.
Գ.
էջ
ՄԺԲ-ՄԻ):
1914ին
կեդրոնական
վարչութեան
կողմէն
լիազօր
պատուիրակութեան
պաշտօնով
կը
ղրկուի
Ս.
Յակոբի
վանքը,
ընկերակցութեամբ
Վահան
Թէքէեանի
եւ
Գէորգ
Կիւրեղեանի:
Յանձնարարուած
էր
իրեն`
Պոլսոյ
Ազգ.
Ժողովի
կողմէն
1913ին
խմբագրուած
եւ
Ս.
Յակոբի
վանքի
միաբանութեան
համար
քուէարկուած
կանոնագիրը
գործադրելու
միջոցները
գտնել
եւ
տեղեկագրել:
Թէքէեան
եւ
Կիւրեղեան
կը
մեկնին
Երուսաղէմէն
առանց
պաշտօնի
ձեռնարկելու.
իսկ
Մաղաքիա
արքեպս.
Օրմանեան
կը
մնայ
Երուսաղէմ,
իր
պաշտօնը
արդիւնաւորելու
հոգածութեամբ.
վրայ
կը
հասնի
Ընդհ.
պատերազմը
եւ
պետական
նոր
կարգադրութեանց
հետեւանքով
կ՚ստիպուի
մեկուսանալ
եւ
գրական
աշխատութիւնները
կը
շարունակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ:
1915ին
կը
հրատարակէ
դիտողագիր
մը
41
յօդուածներով
եւ
Երուսաղէմի
համար
կազմուած
նոր
կանոնագրին
զննութիւնն
եւ
լուսաբանութիւնը
խորագրով:
Մաղաքիա
արքեպս.
կը
պատրաստէ
նաեւ
Տեղագիր,
Հայկական
Երուսաղէմ
անուամբ
աշխատութիւնը,
եւ
Կնճիռն
խորագրով
Ղեւոնդ
վրդ.
Մագսուտեանի
հաշիւներուն
մէկ
վերլուծումը:
Երուսաղէմի
անգղ.
գրաւումէն
առաջ
Սահակ
կթղ-ի
եւ
սինոդականներու
հետ
Օրմանեան
Սրբազան
պետական
հրամանով
1917
Նոյ.
6ին
կը
փոխադրուի
Դամասկոս.
ուր
ժամանակ
մը
մնալէ
վերջ
կը
վերադառնայ
Պոլիս
եւ
կը
վախճանի
հոն
1918
Նոյ.
6ին:
Բացի
հայերէն
բանախօսութիւններէն`
որոնք
հրատարակուած
են
արդէն,
օտար
թերթերու
եւ
հանդէսներու
մէջ
ալ
գրած
է
զանազան
յօդուածներ,
որոնց
անփոփումն
է.
Իր
Le
Vatican
et
les
ArmԸniens
գործը,
Rome,
Typ.
Bartoli,
1873.
Իր
երկասիրութիւններն
են
նաեւ
հետեւեալները.
Աթոռ
Հայաստանեայց,
(տպ.
Էջմիածին,
1886).
Ագապի,
յուշարձան
իր
քրոջ`
Տիկին
Ագապի
Մ.
Տ.
Ներսէսեանի
յիշատակին,
(տպ.
Կ.
Պոլիս,
1906).
Համապատում,
(տպ.
Կ.
Պոլիս,
1911).
Հայոց
եկեղեցին,
(տպ.
Կ.
Պոլիս,
1911).
եւ
նոյնին
ֆրանսերէնը`
զոր
ինք
գրած
էր
նախապէս.
L’Eglise
ArmԸnienne,
(տպ.
1910,
Paris):
Սոյն
գործը
թարգմանուած
է
նաեւ
անգղիերէն
եւ
ռուսերէն
լեզուներով.
Մաղաքիա
արքեպիսկոպոսի
Յիշատակագիրք
երկոտասանամեայ
պատրիարքութեան
(տպ.
Պոլիս,
1910).
հրատարակուած
է
բայց
չէ
հրապարակուած.
Ազգապատում,
Ա.
Մաս.
(տպ.
Պոլիս,
1913).
Բ.
Մաս.
(տպ.
Պոլիս,
1914).
Գ.
Մաս.
յետ
մահու,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1927).
Խոհք
գւ
Խօսք,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1929)
պատրաստուած
հեղինակին
կողմէն
Դամասկոսի
մէջ:
ՄԱՂԱՔԻԱ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Աշկ.
Պետրոս
վրդ.
Կարկառեցիին.
բարքով
անհանգիստ
էր.
տեղ
մը
չէր
կրնար
կենալ:
Ս.
Յակոբի
վանքին
ալ
այցելած
է,
բայց
հազիւ
երկու
տարի
միայն
մնացած
է:
1625ին
ուխտաւորութեամբ
Հռովմ
երթալու
նպատակով
Վենետիկ
կը
հանդիպի,
հոն
գտնուող
հայերէն
իմանալով
որ
Հռովմի
մէջ
դաւանական
խնդիրներու
մասին
հայ
եկեղեցականները
հալածանքի
եւ
նեղութեան
կ՚ենթարկուին,
աշխարհականի
կերպարանք
կը
մտնէ
եւ
ֆրանսացի
թարգման
մը
վարձելով`
կը
յաջողի
Հռովմ
երթալ
եւ
ուխտը
կատարել.
իր
մեկնումէն
յետոյ
կ՚իմանան
անոր
այցելութիւնը,
բայց
արդէն
մեկնած
էր
ան:
Մաղաքիա
վրդ.
յետոյ
ուղեւորած
է
Վան,
ուանոր
կղզիներէն
մէկուն
մէջ
ՌՁԳ
(=1634)
թուին
վախճանած
է:
Դարանաղցի,
էջ
291,
363,
382
ՄԱՂԱՔԻԱ
ՎՐԴ.
Մբ.
1759ին
կը
վարէ
Ս.
Աստուածածնի
եւ
Ս.
Փրկչի
վանքերու
տեսչութեան
պաշտօնները:
ՄԱՄԲՐԷ
ԵՊՍ.
ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
կամ
ԵՍԶԸՃԵԱՆ,
ԱՐԱՊԿԻՐՑԻ
(Ծագ
գիւղէն)
Մբ.
Ծ.
1835ին,
որդի
Յակոբի,
աւազանի
անունը
Կարապետ,
աշկ.
Ս.
Փրկչեան
Ազգ.
Հիւանդանոցի
Որբանոցին
1850ին
ի
Կ.
Պոլիս.
1854ին
կը
հետեւի
վիմագրութեան
եւ
պատկերահանութեան:
1864ին
Եսայի
պտրք-ի
հետ
կ՚ընկերանայ
Ս.
Էջմիածին
երթալու
համար.
1865ին
Պոլսի
մէջ
հռչակաւոր
պատկերահան
Պէհզատ
կ՚աշակերտի
միջոց
մը
եւ
ապա
ուսուցիչ
հայերէնի
եւ
զծագրութեան
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ.
1868ին
կը
դառնայ
Արապկիր
եւ
կ՚ամուսնանայ.
1869ին
վերադառնալով
Ս.
Յակոբի
վանքը
կը
շարունակէ
իր
պաշտօնը:
Իր
կնոջ
եւ
որդւոյն
մահէն
յետոյ
1871ին
կ՚ընդգրկէ
եկեղեցականութիւնը
եւ
կը
շարունակէ
նկարչութեան
արուեստը.
1872-80ին
կը
վարէ
Եգիպտոսի
կալուածոց
եւ
Դամասկոսի
տեսչութիւնները.
Նւ.
Ռուսաստանի
Շամախիի,
Աստրախանի,
Բեսսսարաբիոյ
եւ
Նոր
Նախիջեւանի
վիճակներուն
(1881-85).
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1885ին,
եւ
Ս.
Յակոբի
վանքը
վերադառնալով`
կ՚ըլլայ
դարպասընկալ
եւ
միեւնոյն
ժամանակ
ուսուցիչ
կրօնի
եւ
հայերէնի
(1885-1903).
Հրաւիրակ
Յարութիւն
պտրք-ի
1888ին.
Տեսուչ
Ժառ.
վարժ-ի
(1889-92).
անդամ
Տն.
Ժողովի
(1891-1905).
մինչեւ
վերջը
հետեւած
է
նկարչութեան
եւ
թողած
է
զանազան
կրօնական
պատկերներ:
Իր
Նոր-Նախիջեւան
գտնուած
ժամանակ
նկարած
է
Հոգեգալստեան
մեծադիր
եւ
շքեղ
պատկեր
մը
զոր
տեղւոյն
Բարեգործական
ընկերութիւնը
իր
25ամեայ
յոբելեանին
առթիւ
կը
նուիրէ
Ս.
Խաչ
վանքին:
(Լումայ,
1901,
էջ
157).
վախճանած
է
1907ին:
Արքեպիսկոպոսութեան
կոնդակը
1907ին
կը
հասնի
յետ
մահու:
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
կը
թողու
չորս
մթերանոցներ,
երկուքն
Երուսաղէմի
եւ
երկուքն
Յոպպէի
մէջ:
Իր
գրական
գործերն
են.
1
0
Աղօթագիրք
Ս.
Տեղեաց,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1867).
2
0
Երկու
խօսք
եկեղեցւոյ
պաշտօնէից
ուղղուած,
(տիպ.
Երուսաղէմ,
1872).
3
0
Ամեն
մարդու
բարեկամը,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1873).
4
0
Կեանքէ
առնուած
փոքրիկ
բարոյական
պատմութիւններ,
(տպ.
Երուսաղէմ,
1891).
5
0
Երկու
խօսք
Ազգ.
դաստիարակութեան
վրայ.
6
0
Ս.
Երուսաղէմի
Հայոց
ազգային
վանուց
մասին
տեղեկութիւններ.
(տիպ.
Ռոստով
1883).
«Սիօն»
ամսաթերթին
մէջ
ունի
յօդուածներ
եւ
քերթուածներ:
Ինչպէս
նաեւ
Թէոդորոս
Ջուղայեցիին
Եկեղեցի
Հայաստանեայցին
մէջ
քարոզներ
գրած
է:
Կրօնական
նիւթերու
վրայ
իր
անտիպ
աշխատութիւնները
կը
մնան
Ս.
Յակոբի
վանքին
ձեռագիրներու
մատենադարանին
մէջ:
ՄԱՄԲՐԷ
ՎՐԴ.
Մբ.
Ձռ.
1862ին:
ՄԱՄԲՐԷ
ՎՐԴ.
ԳԱԼՖԱԵԱՆ,
ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ
Մբ.
Ծ.
1890ին.
աշկ.
Պէրունի
տրանսացւոց
վարժ-ին.
ուսուցիչ
ֆրանսերէնի
Ժառ.
վարժ-ի.
Ձռ.
1923ին.
ժամարար
Յոպպէի
1924ին.
Հոգեւոր
հովիւ
Մարսէյլի
1925ին.
այժմ
կը
պաշտօնավարէ
զԱմերիկա:
ՄԱՄԲՐԷ
ՎՐԴ.
ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ,
ԿԱՐՆԵՑԻ
Ծ.
1889ին.
աշկ.
Արմաշի
Դպրեվանքին.
Ձռ.
1916ին.
Պոլսոյ
Մայր
եկեղեցիին
մէջ:
1916ին
Ընդհ.
Պատերազմի
միջոցին
Արմաշու
Դպրեվանքի
16
սաներուն
հետ
Կ.
Պոլսէն
կը
տարագրուի
Երուսաղէմ.
հսկող
Ժառ.
վարժ-ի
(1916-1917).
ուսուցիչ
կրօնի
Ս.
Յակոբի
վանքին
նախակրթարանին
1918ին.
կը
մեկնի
նոյն
տարին
Եգիպտոս
եւ
կը
կարգուի
Առ.
փոխանորդ
Բորդ-Սայիտի
գաղթավայրին.
վարած
է
նաեւ
Բորդ-Սայիտի,
Մերսինի
եւ
Լիբանանի
որբանորներուն
տեսչութիւնները
(1919-22).
այժմ
Առ
փոխ.
Աղեքսանդրիոյ:
ՄԱՆՈՒԷԼ
ԳՐԻՉ
Մբ.
Մանուէլ
գրիչ
կ՚ընդօրինակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
Ճառընտիր
մը
(ՄՁ.
Թ.
1)
(1417-1419).
ունի
բազմաթիւն
յիշատակարաններ,
որոց
մին
է
հետեւեալը.
«Քս.
Ած.
քո
սբ.
վկայիցն
բարեխօսութեամբ
եւ
ամ.
Սրբոց
ողորմեա
Սրբազան
արքեպս.
Եէմյ.
տէր
Պաւղոսի
որ
յոյժ
փափաքմամբ
ետ
զսա
գրել
յիշատակ
իւր
եւ
ծնողաց
իւրոց,
եւ
միւս
արքեպս.
Եէմյ.
տէր
Մարտիրոսի
եւ
սպասաւորացն
սբ.
Յակոբայ,
առաջնոց
եւ
միջնոց
եւ
վերջնոցս.
այլ
եւ
Ածատուր
միակեցին
եւ
ծնողացն
եւ
ինձ
եղկելի
եւ
բազմամեղ
եւ
փծուն
անարհեստի
գրչիս
Մանուէլիս
եւ
ծնողաց
իմոյ
եւ
բազմերախտ
հոգեւոր
մաւր
իմոյ.
եւ
թուղթս
կոկող
Մկրտիչին
այլ
եւ
կարդացողացդ
եւ
լսողացն
եւ
որ
զամէնն
ասեն.
ամէն».
Չեռագիրն
սկսուած
է
ՊԿԶ
(=1417)
թուին
եւ
աւարտած
է
Պօղոս
պտրք-ի
կթղ.
ընտրուելէն
յետոյ`
Մըսըրցի
Մարտիրոս
պտրք-ի
ժամանակ,
ՊԿԸ
(=1419)
թուին,
չորս
հատորի
կը
բաժնուի
եւ
մէկ
մասն
ալ
ընդօրինակած
է
Յովհաննէս
երզընկացի
գրիչը:
ՄԱՆՈՒԷԼ
ԳՐԻՉ
Մբ.
սոյն
Մանուէլ
գրիչ
1466ին
ձեռագիրի
մը
ա.
մասը
«Վարդանայ
վարդ.
որ
ի
Մարաթայ»,
խորագրով.
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքին
մէջ
ընդօրինակած
եւ
գրած
է
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Արդ
գրեցաւ
սա
ի
սբ.
եւ
յածակոխ
քաղաքս
եէմ.
ընդ
հովանեւ
սբ.
Հրեշտակապետացս
Գաբրիէլի
եւ
Միքայէլի
եւ
ամ.
երկնաւոր
զաւրացն.
որ
է
տեղիք
չարչարանաց
Փրկչին.
ուր
զառաջինն
ապտակեցաւ.
եւ
ետուն
Աննայ
քահանայեպետին:
Այլ
եւ
աստ
էջ
Քս.
երկնաւոր
զաւրաքն
ի
փոխումն
Տիրամաւրն.
եւ
վս.
այն
ասի
սբ.
Հրեշտակապետք:
Աստ
գրեցաւ
սա
ի
թվիս
Հայոց
ՋԺԵ.
(=1466),
ձեռամբ
մեղսաթաւալ
եւ
տխմար
զծողիս.
անպիտան
Մանուէլի.
ի
խնդրոյ
Աբրահամ
քհյ-ի.
հաւր
վանից
սբ.
Յովհաննու
Մկրչին
Լեռնակողմանն.
ի
պատճառս
աղաւթից
եւ
ի
մխիթարութիւն
հոգեւոր
ի
յաղաւթել
ի
սբ.
տնաւրինականքս
Քի.
Այ.
մերոյ…»
(ՄՁ.
Թ.
1662):
Մանուէլ
գրիչ
ունի
նաեւ
մաղթողական
ոտանաւոր
մը
իր
կողմէն
յօրինած,
որուն
սկզնատառերը
կը
յօդեն
Մանուէլ
զմեղաւոր
եւ
որուն
մէջ
Վարդանի
համար
կը
յիշուի
թէ`
կիլիկեցի
էր:
Իսկ
նոյն
ձեռագիրին
Բ.
մասը`
Եփրեմի,
Մեսրոպ
վարդ-ի
Գրիգոր
Լուսաւորչի
աղօթքները`
ինչպէս
նաեւ
Աղօթք
ճգնաւորացը
դարձեալ
նոյն
վանաց
մէջ
ընդօրինակուած
է,
ձեռամբ
Սարգսի
սպասաւորի
սբ.
Հրեշտակապետաց,
ի
յիշատակ
եւ
ի
վայելումն
սրբասէր
կրօնաւորի,
Աբրահամ
աբեղային.
սպասաւոր
Յովհաննու
Լեռնակողմանն…
թվ.
ՋԺԸ.
(=1469)
Մայիս
ԺԵ:
ՄԱՆՈՒԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
կը
վախճանի
1763ին:
ՄԱՆՈՒԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1769ին:
ՄԱՆՈՒԿ
ԱԲ.
Մբ.
1756ին:
Իր
անուան
յիշատակ
մասնատուփ
մը
կը
գտնուի
Ս.
Յակոբի
վանքին
գանձատան
մէջ.
հետեւեալ
արձանագրութիւնով.
«Մասնատուփս
ի
վայելումն
տէր
Մանւոկ
աբեղային
թուին
ՌՄԵ
(=1756)»:
Ցուց.
պ.
ՄԱՆՈՒԿ
ԱԲ.
ՏՐԱՊԻԶՈՆՑԻ
Մբ.
1693ին
կը
յիշատակուի
Մինաս
Ամդեցիի
Օրագրութեան
մէջ:
ՄԱՆՈՒԿ
(մհտ.
)
ՍԱՄՈՒՐՋԻ
ՄԱՐՈՒԹԵԱՆ,
ՎԱՆԵՑԻ
1836ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ընդօրինակած
է
Վանեցի
Յակոբ
դպիր
Քանքանեանի
Տօնացոյց
եւ
Լուսնացոյցը:
Այս
ընդօրինակութիւնը
ունի
հետեւեալ
յիշատակարանները.
Ա.
Առաջինն
լուսնացոյց
եւ
երկրորդը
տօնացոյց.
յարմարեալ
ումեմն
Յակոբ
դպրի
ի
զարմէն
քանքանեան
կոչեցելոյ
ի
քաղաքին
Վան
կոչեցելոյ.
վերստին
գաղափարեալ
եղեւ
ձեռամբ
մեղսամերկ
մահտեսի
Մանուկէս
Մարուքեան
ի
Ս.
Երուսաղէմ.
ի
վայելումն
մահտեսի
Բարսեղին
ի
նորայ
եղբօրորդի
տիրացու
մահտեսի
Օհանէսին
որ
այժմուս
է
սպասաւոր
Պօղոս
գերընտիր
Պատրիարքի.
ի
հայրապետութեան…
եւ
ի
դիտողութեան
Վասպուրականի
գաւառին
Ղազար
գերընտիր
վարդապետին.
վերստին
գաղափարումն
ի
թուականութեան
Հայոց
տօմարի.
ՌՄՁԵ
(=1836)
ամին
25
ամսոյն
մարտի:
Բ.
յիշատակարանէն
կ՚իմացուի
որ
Յակոբ
Քանքանեան
մինչեւ
1826
կը
շրջագայի
տումարական
տեղեկութիւններ
քաղելու
համար:
Մանուկ
եւ
Ղազար
անուամբ
եղբայրները
«հարցաքննեալ
տեղեկացայ
զի
ունէին
ԴԺ-ան
ազգաց
տումարն.
այլ
եւ
ծննդագիրն`
զոր
արարեալ
է
Տէր
եսայիաս
սրբակենցաղ
վարդապետն.
յորժամ
լուայ
զլուր
ծննդագրին`
լցայ
անպատմելի
խնդութեամբ
եւ
առի
ի
նոցանէ
զաղիւսակն
լուսնագրին
եւ
նովաւ
շինեցի
զլուսնացոյց
եւ
զարեգնակացոյց,
բայց
զտօնացոյցն
ի
վերայ
Սիմէոնի
տօնացոյցին
գաղափարեցի…
ընդ
իս
եւ
գործակից
եղբայրն
իմ
ըստ
հոգւոյ
Նիկողայոս
Սապունջեան
համախոհ
իմ
լեալ…
տետրակս
գծագրեցինք.
եւյլն.
»:
Գ.
եւ
Դ.
յիշատակարաններէն
դարձեալ
կ՚իմացուի
որ
Մ.
Մանուկ
Սամուրջի
Մարուքեան
(Մարութեան)
Երուսաղէմի
մէջ
ընդօրինակած
է
նոյն
ձեռագիրը
եւ
աշակերտը
եղած
է
Յակոբ
Դպիր
Քանքանեանի,
այլ
սակայն
չէ
աւարտած
արհեստը.
եւ
դեռավարժ
ընդօրինակած
է
զայն:
Տաշ.
Ցուց.
էջ
420
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԱԲ.
Մբ.
1393ին
Ս.
Փրկիչ
վանքին
մէջ
կը
պաշտօնավարէր:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԱՅՎԱՏԵԱՆ,
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
(Մունճուսուն)
Հայրը`
Մկըր
գալֆա:
Ծ.
1830ին:
Տնօրէն-խմբագիր
Արարատ
Օրաթերթին
(1871էն
սկսեալ)
եւ
Ազգ.
երեսփոխան:
1869ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մատենադարանին
կը
նուիրէ
չորս
ձեռագիրներ.
Ա.
Ս.
Բարսղի
Կեսարացիին
Ճառք
վեցօրեայ
արարչութեան.
Բ.
Սամուէլ
Անեցի
պատմութիւնը.
այս
երկուքը
ՈԼԶ
(=1187)ին
ընդօրինակուած
են
Հոռոմոսի
վանքին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
1801):
Գ.
Խոսրով
Անձեւացեալ
եպս-ի
Բացատրութիւն
Ժամակարգութեան.
Դ.
Մովսէս
վրդ-ի
Բացատրութիւն
Ս.
Պատարագի.
վերջին
երկուքը
մագաղաթեայ
են
եւ
գրչութեան
թուականները
անորոշ:
Այվատեան
Ս.
Բարսղի
վեցօրեայն
բաղդատած
է
Մխիթարեանց
տպագրեալ
օրինակին
հետ
եւ
տարբերութիւնները
նշանակած
է
լուսանցքին
վրայ,
(Սիօն,
1869,
էջ
13-14):
Անմեղ
յօդուածի
մը
պատճառաւ
տաճիկ
պաշտօնեաներէ
գանակոծուած
եւ
ծեծի
հետեւանքով
երկու
ամիս
վերջ
նահատակուած
է
1876
Դեկտ.
14ին
եւ
թաղուած
է
Ղալաթիոյ
Ս.
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
բակը:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԵՊՍ.
ԳԱՅԸԳՃԻԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
հայրը
Աւետիս,
մայրը
Նունէ.
Ծ.
1861ին.
աւազանի
անունը
Պետրոս.
աշկ.
Ժառ.
վարժ-ի
(1876-1880).
Ձռ.
1886ին.
օգնական
հաշուակալի
1883ին,
հաշուակալ
(1885-1895).
ՏՊ.
(1895-1901).
ՏՅՊ.
(1901-1905).
Տեսուչ
ելեւմտից
(1905-1910).
Տեսուչ
Գահիրէի
կալուածներուն
(1910-14).
Բ.
անգամ
Տեսուչ
ելեւմտից
(1914-16).
ՏՀ.
(1917-1923).
Գ.
անգամ
Տեսուչ
ելեւմտից
եւ
անդամ
Տն.
ժողովի
1921ին.
1924ին
եպս.
կը
ձեռնադրուի:
Մեկենաս
եղած
է
Օրմանեան
Սրբազանի
Խոհք
եւ
Խօսք
երկասիրութեան:
1927ին
կ՚ստանձնէ
նաեւ
Ս.
Յակոբի
վանքին
կալուածոց
տեսչութիւնը
եւ
կը
վարէ
ցայժմ:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԵՊՍ.
ՆԱԶԱՐԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1866ին.
թարգման
Ս.
Յակոբի
վանքին.
Առ.
Տրապիզոնի
(1871-84).
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1879ին.
օժանդակութեամբ
Մհտ.
Սիմոն
Ֆէթվաճիեանի
(@
1900)
կը
վերաշինէ
Տրապիզոնի
առաջնորդարանը
յարակից
խանութներով,
ինչպէս
նաեւ
աղջկանց
վարժարանը:
Կը
վախճանի
1884ին:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԿԹՂ.
ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ծ.
1845ին.
աշկ.
Մայր-վարժարանին
Գումգափուի.
Ձռ.
1869ին.
քարտուղար
Ազգ.
Պատրիարքարանի,
Խրիմեան
պտրք-ի
օրով.
1876ին
կը
ձեռնադրուի
եպս.,
Քրիստոստուր
Ղազարոսեանի
հետ
պատուիրակ
Պուրսայի.
Պերլինի
վեհաժողովին
առթիւ
Ազգ.
Պատուիրակ
Գէորգ
Դ.
կաթողիկոսին
մօտ
Էջմիածին
1878ին:
Պտրք-ի
խորհրդական
1879ին.
Առ
Եգիպտոսի
(1886-1891).
1885ին
Գէորգ
Փանոսեանի
հետ
կ՚ընկերանայ
Եսայի
Դ.
պատրիարքին
Երուսաղէմ
վերադառնալու
առթիւն
եւ
միեւնոյն
ատեն
իբրեւ
հրաւիրակ`
նորընտիր
Յարութիւն
պտրք.
Վեշապետեանը
Պոլիս
առաջնորդելու
համար.
ՊԿ.
(1894-96).
քաղաքական
դէպքերու
հետեւանքով
կը
տարագրուի
Ս.
Յակոբի
վանքը
ու
հոն
կը
մնայ
իբր
հիւր
(1896-1908).
1908ին
մեծ
շքով
ու
ժողովրդային
խանդավառութեամբ
կը
վերադառնայ
Պոլիս.
Բ.
անգամ
ՊԿ.
1908ին.
եւ
նոյն
տարին
կ՚ընտրուի
կթղ.
ամենայն
Հայոց
(1908-
@1910):
Վարած
է
ուսուցչական,
քարոզչական
եւ
Ազգ.
վարչական
պաշտօններ:
1881ին
հրատարակած
է
Հայրապեիութիւն
Հայաստանեայց
Առաքելական
Ս.
Եկեղեցւոյ
եւ
Աղթամար
եւ
Սիս
խորագրով
երկասիրութիւնը.
1872ին
եւ
1883ին
հրատարակուած
Ազգ.
վարժարանաց
բարեկարգութեան
հրահանգը
ինչպէս
նաեւ
Կաթողիկոսական
Յանձնաժողովոյ
Տեղեկագիրը
իր
խմբագրութիւններն
են:
Իր
լիակատար
կենսագրութիւնը
եւ
իր
կթղ.
ուղեւորութիւնը
Կ.
Պոլսէն
ի
Ս.
Էջմիածին.
տեսնել:
Արարատ.
1909
եւ
1910
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԿԹՂ.
ՍՍՈՅ
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
(Սարը)
Մբ.
Կեսարիոյ
Ս.
Կարապետ
վանքին.
ՊԿ.
1692ին.
կթղ.
Սսոյ
(1694-1701).
կաթողիկոսութենէ
հրաժարելով
Պոլիս
կուգայ
եւ
1706ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
պատրիարքութիւնը
ապօրէն
կերպով
կը
վարէ
քանի
մը
ամիսներ
միայն:
Մատթէոս
կթղ.
պաշտպանեալն
էր
Գաղղիոյ
դեսպան
Ֆէրիօլին
եւ
հակառակորդն
Աւետիք
պտրք-ին:
Մատթէոս
Սարը`
իր
հակազգային
ընթացքին
պատճառաւ
կը
բանտարկուի
եւ
հաւատուրացութեամբ
կ՚ազատի
գլխատումէ,
յետոյ
կը
փախչի
Հռովմ
ուր
կը
վախճանի:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ,
ԴԱՐԱՆԱՂՑԻ
Մբ.
1192
թուին
Գրիգոր
Տղայ
կաթողիկոսին
օրով:
Մաշկեւոր
վանքին
մէջ
Վարդան
վրդ-ի
ձեռքով
ընդօրինակուած
երկաթագիր
Ճաշոց
մը
Ս.
Հրեշտակապետաց
եկեղեցւոյն
մէջ
քրքրուած
վիճակի
մէջ
տեսնելով`
Հայոց
ՉԿԷ
(=1318)
թուականին
կը
կազմէ
զայն
քանի
մը
ուրիշ
գրեանց
հետ
եւ
կը
գրէ
յիշատակարան
մը,
որուն
սկզբի
մասը
ջնջուած
է,
բայց
կը
հասկցուի
թէ
ինքը
երեք
տարիէ
ի
վեր
Երուսաղէմ
կը
գտնուի,
հայրենեօք
դարանաղցի
է
եւ
կը
յիշէ
Ս.
Հրեշտակապետաց
վանքին
մէջ
գիրքը
կազմած
ըլլալուն
թուականը:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
Մբ.
1551ին
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Ատենաբանութիւն
եւ
խորհրդածութիւնք
Ներսիսի
Լամբրոնացոյ
ձեռագիրը
(ՄՁ.
Թ.
146),
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…
Արդ`
այսմ
անմահական
ըմպելոյ
եւ
անգին
մարգարտիս
եւ
ամենագով
աւրինակիս
ցանկացաւղ
եւ
փափաքող
եղեալ
երջանիկ
եւ
շնորհազարդ
առաջնորդ
սբ.
առաքելական
աթոռոյս
տէր
Անդրէաս,
եւ
ետ
գաղափարել
զսա
Մատթէոս
անարժան
կրօնաւորի,
փանաքի
եւ
սղալամիտ
գրչի
ի
մէջ
Աշխարհամատրան
եկեղեցւոյն
ղէմ
յանդիման
գերեզմանին
Քս-ի
Այ.
մերոյ:
Ի
թուաչափ
քանակութեան
համարոյ
յեղանակսն
շրջանական
հոլովման
մեծի
արուսեկի.
որ
ըստ
ընթացման
ժամանակի
այսմիկ
նկատի
քսաներորդ
ոբելինի,
որ
է
Ռ.
երրորդ
ամի
յաբեթական
տումարին:
Արդ
աղաչեմ
զամենեսեան,
որք
ընթեռնուք
զմատեանս
զայս,
կամ
գաղափարէք
եւ
կամ
հանդիպիք
սմա,
յիշեսջիք
աղօթիւք
զստացաւղ
սբ.
եւ
աստուածազարդ
մատենին
զյառաջասացեալն
զտէր
Անդրէաս
հայրն
մեր
եւ
զիւր
հօրեղբայրն
զառաքելաշնորհ
զտէր
Աստուածատուր
Արհի
եպիսկոպոսն
սբ.
Աթոռոյս…»:
Խապ.
Ցուց.
էջ
682
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՎՐԴ.
ԲԱՐԻԱԶԵՆՑ,
ԱԿՆՑԻ
Մբ.
ՏՓ.
1788ին.
1791ին
ընդօրինակած
է
եւ
յիշատակ
տուած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
Մեկն.
Եսայիայ
Մարգարէին
գիրքը
(ՄՁ.
Թ.
367).
ինչպէս
նաեւ
Գր.
Տաթեւացիին
Քաղուածոյ
մեկն.
Սաղմոսացը
ՌՄԼԴ
(=1785)
թուին.
եւ
թափօրի
տետրակ
մը
եւս
ՌՄԾԷ
(=1808)ին,
եւ
անոնց
յիշատակարաններու
մէջ
կ՚անուանէ
զինքը
աւելածու
Ս.
Փրկչին:
Մատթէոս
վրդ.
իր
տեսչութեան
օրով,
ՌՄԽԳ
(=1794)ին
Ս.
Փրկչի
եկեղեցին
չինիով
զարդարած
է
եւ
դրած
է
յիշատակարան
մը
նոյն
եկեղեցիին
հարաւային
պատին
վրայ.
այդ
յիշատակարանը
կը
դնենք
հոս
նոյնութեամբ.
«Աստուածային
ողորմութեամբն
փրկչին
մերոյ
ի
թուականի
եւս
մերոյ
ՌՄԽԳ
(=1794)
ամին
ի
հայրապետութեան
Սրբոյ
Աթոռոյս
Եւդոկիացի
տեառն
Պետրոսի
սրբազան
պատրիարքի,
եւ
ես
յԱկնայ
գիւղէն
Չէրէզցի
տէր
Մատթէոս
մեղսամած
աբեղայն
սուրբ
վանուցս
աւելածու
Աստուծոյ
զօրութեամբն
բազում
անօթս
եկեղեցւոյս
յաւելի
յետոյ
յաջողութեամբն
ամենազօրին
բոլոր
եկեղեցին
շինապատ
զարդարեցի
եւ
վայելողք
Աստուած
ողորմեայիւ
յիշեցէք…
ամէն.
»:
Մատթէոս
վրդ.
վարած
է
նաեւ
Ս.
Գերեզմանի
լուսահանութեան
պաշտօնը
եւ
վախճանած
է
1815ին:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՎՐԴ.
1834ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՎՐԴ.
ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ,
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1820ին.
ՏՅՊ.
(1843-45),
սըվաճի
պաշի
Կեսարացի
Յովհաննէս
Աղայ
Կարապետեանի
հետ
Յոպպէի
Ս.
Նիկողայոս
եկեղեցիին
կը
նուիրէ
1845ին
Ճաշոց
մը.
ինչպէս
յայտնի
է
նոյնին
ձեռագիր
յիշատակարանէն.
Մատթէոս
վրդ.
1850ին
փոխանորդ
էր
Պոլսի
մէջ:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՎՐԴ.
ՃԳՆԱԿԻՐ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1813ին:
ՄԱՏԹԷՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
1812ին
քարտուղար
Երուսաղէմի
Հայոց
Պատրիարքարանին:
Մեկն.
Առակաց
Ս.
Աւետարանի
անուն
ձեռագիրի
յիշատակարանին
մէջ
կը
յիշատակուի
քարտուղար
այս
Մատթէոս
վրդ-ը
հետեւեալ
կերպով.
«…
նաեւ
ի
վերջ
բանիս
տալ
զողորմին
քաջ
քարտուղար
սրբոյ
գահիս
Մատթէոս
նորաբողբոջ
գիտնական
վարդապետի
յատուկ
եղբօրս
իմ
ըստ
հոգւոյ.
մերում
շահեցողի
եւ
սորին
բուն
օրինակը
պարգեւողի…»:
Կան.
Ցուց.
էջ
25
ՄԱՐԳԱՐ
ԱԲ.
Մբ.
1694ին
ՏՅՊ.
կը
յիշատակուի
Մինաս
Ամդեցիին
Օրագրութեան
մէջ:
ՄԱՐԳԱՐԷ
ՍԲ.
Մբ.
ՋԺԲ
(=1463)ին,
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Յայսմաւուրք
մը
եւ
կը
յիշատակէ
նոյն
վանքին
(ՄՁ.
Թ.
27):
Շահեկանութեանը
համար
հոս
կ՚ընդօրինակենք
Մարգարէ
աբ-ի
յիշատակարանը.
«…
ես
անմիտ
եւ
անիմաստ
ծառայս
Այ.
մարգարէ
սուտ
անուն
աբեղայ
գրեցի
ըստ
կարի
իմոյ
աւգնականութեամբն
Այ.
ու
կատարեցի.
յիշեցէք
ի
Քս.
եւ
զհոգեւոր
եղբայրն
իմ
զԱռաքել
կրօնաւոր
որ
շատ
աշխատեցաւ
ի
կոկել
թղթիս:
Արդ`
եղեւ
զրաւ
գրչութեանս
այսմ
աստուածաշունչ
մատենիս
ի
թուականութեան
հայկազեան
տումարի
ՋԺԲ
(=1463)
թվին:
Ի
հայրապետութեան
Հայոց
տեառն
Կարապետի
ի
յերկնահանգէտ
եւ
ի
հռչակաւոր
սբ.
մայրավանքս
Երուսաղէմ
ընդ
հովանեաւ
հրաշափառ
ամենափրկիչ
կաթողիկէին,
վերաձայնելոյ
սբ.
Փրկիչ,
որ
է
վէմ
կափարիչ
սբ.
Գերեզմանին
քի.
եւ
այլ
սբ.
տնօրինականացն
Աստուծոյն
մերոյ
Յսի.
օժանդակութեամբ
հոգւոյն
սրբոյ
աւարտեցաւ:
Յիշեցէք
ի
Քս.
զարհի
եպիսկոպոսն
երուսաղիմա
զտէր
Պետրոս
եւ
զփրկչի
փակակալն,
զՅակոբ
կրօնաւորն
եւ
զհայրապետ
հեզահոգի
աբեղայն
զՅովհաննէս
աբեղայն
եւ
զԹադէոս
հայր
ճգնաւորն
զԱռաքել
կրօնաւորն
եւ
զԱբրահամ
միակեցն
եւ
զԳրիգոր
միակեցն
եւ
զփծուն
գրչակս,
ամէն:
Այլ
եւ
զհոգեւոր
հայրս,
զտէր
Յովհաննէս
եպկս.
մականուն
տավիլ
եւ
զիւր
հոգեւոր
որդիք.
զտէր
Տաւնական
կրօնաւորն
եւ
զԱստուածատուր
կրօնաւորն.
զտէր
Մարտիրոս
եպիսկոպոսն
Պուրսացի,
որ
աշխատեցաւ
եւ
ծաղկեց
զգիրքս
եւ
յայսմ
ամի
եկին
ի
Սինէական
անապատէն
եւ
իպուհի
վանքերուն
եւ
բերին
զսբ.
հարանց
օրհնութիւնն
յԵրուսաղէմ
ի
մեզ:
Դարձեալ
յիշեցէք
ի
տէր
զվերակացու
եւ
զհրամանատար
սբ.
Յակոբայ
վանիցս
զպարոն
Մղատուն
Սըման
եւ
տէր
Պետրոս
եպս-ն
եւ
զԱստուածատուրն
հայրպետն
եւ
զայլ
սպասաւորս
եկեղեցեացն
ամէն:
Դարձեալ
յիշեցէք
ի
Քս.
Ած.
զստացող
սբ.
գրոցս
զԱբրահամ
կրօնաւորն
եւ
ծնողքն
իւր
զՄկրտիչ
եւ
զՀապիպ
Մելիքն
եւ
զհանգուցեալ
եղբայրն
իւր
զԱռաքելն
եւ
զքոյրն
իւր
զԽութլուն
եւ
զայլ
արեան
մերձաւորքն
ամէն:
Այլ
եւ
զԱռաքել
ճգնազգեաց
կրօնաւորն
եւ
ծնողքն
իւր
զԱստուածատուրն
եւ
Զոսկինարն
եւ
զեղբարն
իւր
զՎարդան
եւ
զայզ
արեան
մերձաւորսն:
Այլ
եւ
յիշեցէք
ի
տէր
զՄարգարէ
սուտ
անուն
աբեղայս.
որ
տկար
անձամբ
ու
անարհեստ
գրչութեամբս
յանձն
առի
եւ
Այ.
կարողութեամբն
յանկ
հանի
ու
կատարեցի:
Աղաչեմ
զձեզ
եղբարք,
զի
խոշորութեանս
եւ
սղալանացս
անմեղադիր
լինիք.
զի
կար
մեր
այս
չափ
էր,
այլ
եւ
զԱծ.
ողորմին
մի'
մոռանայք
ինձ
եւ
ծնողացն
իմոց
Ներսէսին
եւ
Խաթունին
եւ
հաւր
եղբաւրն
իմ
Ղազար
քահանային
եւ
Բ.
քւերցն
իմ
Մարիամին
եւ
Աննային…:
Դարձեալ
գիտասջիք,
ով
Մանկունք
եկեղեցւոյ,
որ
եդաք
զԱյսմաւորքս
ի
սբ,
քաղաքս
Երուսաղէմ.
ի
վանքս
Ս.
Փրկչին…»:
Խապ.
Ցուց.
էջ
131
ՄԱՐԳԱՐ
ԽԱՆՏԱՄԵԱՆ
Ոսկերիչ
Դամասկոսի
կուսակալին.
ծայրագոյն
կառավարիչ
Պօղոս
պտրք-ի
օրով`
ուխտաւորութեամբ
Ս.
Յակոբի
վանքը
կ՚այցելէ
եւ
իր
ազդեցութեամբը
կը
դիւրացնէ
աթոռապատկան
գործերը
եւ
պարտուց
վճարումը:
ժպե.
Բ.
Հատ.
էջ
438
ՄԱՐԳԱՐ
ՍՐԿ.
ԿԱՄԱԽԵՑԻ
Մբ.
Գրիգոր
վրդ.
Դարանաղցի
(էջ
74)
կը
գրէ
թէ`
Մարգար
սարկաւագ
քսան
եւ
հինգ
տարի
Երուսաղէմ
մնացած
եւ
ծառայած
է
իբր
միաբան.
նոյնութեամբ
մէջ
կը
բերենք
իր
տողերը.
«…
Մարգարն
Ա.
սարկաւագ
էր
եւ
լուսարար
Ս.
Յակոբայ
եւ
այլ
բազում
եկեղեցեաց.
մանաւանդ
Ս.
Աստուածածնի
գերեզմանին.
որ
զսորա
գովութիւնն
ո~վ
կարէ
գրով
հարկաներ.
թէ
հեզութիւնն,
թէ
զանտանելի
չարչարանացն
համբերութիւնն,
որ
ի
Գրիգոր
եպիսկոպոսի
(Պարոնտէր)
ձեռացն
կու
կրէր.
թէ'
միամտութեամբ
եւ
անտրտունջ
զամենայն
եկեղեցեաց
ջահերն
լուանայր
եւ
լուցանէր
եւ
խնկարկէր.
ոչ
թէ
եկեղեցիք
միայն
ամենեցուն`
թէ
վարդապետաց
թէ
աբեղացն,
թէ
զԳրիգոր
եպիսկոպոսին,
մինչ
յարտաքս
կարեաց
վճարելոյ
տեղացն
այլ
ջահերն
լուցանէր.
թէ
զանհանգիստ
արթնութիւնն.
որ
շատն
յոտից
վերայ
զքունն
կու
անցուցանէր,
որ
մարմինն
դեղին
խնկի
նման
էր
եղել.
որ
թվ.
ՌՁ
(=1631)
առ
Աստուած
վերափոխէր
բարիոք
մահուամբ.
որոյ
յիշատակն
օրհնութեամբ
եղիցի:
Այլ
էր
սա
ի
մեր
երկրէն
Կամախոյ.
ի
մեծ
գիւղանէն
Գոմերոյն
էր»:
Միեւնոյն
վարդապետը
իր
ինքնագիր
Աստուածաշունչին
Հռութի
գիրքէն
վերջ
գրած
յիշատակարանին
մէջ
Մարգար
սրկ-ի
նկատմամբ
կուտայ
սա
տեղեկութիւնն
ալ.
«…
կրկին
եւ
կրկին
զյիշելոյ
արժանին`
զՍեպուհուլեառնացի
Պարոն
միակեցն
եւ
զիւր
հլու
աշակերտն
Մարգարն,
որ
զթուղթս
շնորհեաց
գրոցս.
յիշատակ
նորա
յաւիտեան
եղիցի:
»
ՄԱՐԳԱՐ
ՎՐԴ.
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի,
իր
ուխտաւորութեան
ժամանակ
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
ՌՃՂԹ
(=1750)
թուին
ընդօրինակած
Առ
որս
ձեռագիրը,
ինչպէս
նաեւ
Ստեփանոս
Լեհացիին
թարգմանած
Դիոնեսիոսս
Արիսպագացւոյն
գիրքը,
որուն
ընդօրինակութիւնը
կատարած
էր
Ս.
Էջմիածնի
մէջ,
1752ին
կը
նուիրէ
Ս.
Յակոբի
Մատենադարանին
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յուշագրութիւնը.
«…
արդ
յորժամ
եկի
ի
սուրբ
եւ
ի
գերահռչակ
փրկչական
աթոռս
յԵրուսաղէմ
առ
ի
յերկրպագութիւն
գերեզմանին
Քրիստոսի
եւ
այլ
տնօրինական
տեղիսն,
յիշատակ
ետու
զայս
գրչեայ
գիրքս`
որ
կոչի
Դիոնէսիոս
որ
իմոյ
անարժան
ձեռօքս
գրեցի
ի
սուրբ
գահն
Էջմիածին
բազում
նեղութեամբ
եւ
չարչարանօք.
վասն
որոյ
խնդրեմ
ի
սիրելի
հարցդ
եւ
ցանկալի
եղբարցդ.
արդ
եղեւ
յիշատակագիրքս
Դիոնեսիոսի
ի
թվականութեանս
ՌՄԱ
(=1752)
թվին.
ի
հայրապետութեան
Սրբոյ
Էջմիածնայ
Տեառն
Մինասայ,
եւ
ի
տեղւոյս
պատրիարքութեան
Տեառն
Թորոսայ
դիտապետի»:
Տաշ.
Ցուց.
էջ
717
ՄԱՐԳԱՐ
ՎՐԴ.
Մբ.
1780ին
հաստատուած
էր
Պոլիս:
ՄԱՐԳԱՐ
ՎՐԴ.
ՎԱՆԵՑԻ
Մբ.
Շղթայակրին
օրով
կը
միաբանակցէր
Ս.
Յակոբի.
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
վանեցի
Մարգար
վարդապետին
որ
փոխեցաւ
ի
յոյսն
վերին
ի
ՌՃՁԱ
(=1732)
թուին,
ընթերցողքդ
տուք
զողորմին.
»
Ս.
Յակոբի
վանքին
տուած
իր
յիշատակներու
մասին:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԱՐԹԱ
ՍԱՐԳԻՍ
ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ,
ԹՈԹԻՇԱՆՑԻ
1819ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
մէկ
հատ
արծաթեայ
կանթեղ:
Ցուց.
պ.
ՄԱՐԻԱՄ
ԳՐԻՉ
Սանուհի
Նահապետ
վրդ-ի
(յետոյ
կթղ.
)
որուն
խնդրանքով
ՌՃԻԷ
(=1678)
թուին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Ստեփանոս
Լեհացիին
թարգմանած
Հայելի
վարուց
գիրքը
եւ
Հարանց
վարք
մը:
ՄՁ.
Թ.
726
ՄԱՐԻԱՄՃԱՆ
ՄԱՂԱՔԵԱՆ,
ՊԱՍՐԱՑԻ
Դուստր
Ստեփանոս
քհ-ի
1816ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
եւ
նոյն
տարին
ալ
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
կտակէ
իր
սեպհական
տուները
եւ
բոլոր
ստացուածքը
եւ
փոխանորդ
կը
կարգէ
Վանեցի
Թէոդորոս
պտրք-ը
սոյն
կտակագիրին
կը
վկայեն
Նւ.
Սարգիս
վրդ.
Կարապետ
եւ
Գաբրիէլ
եպս-ները.
(տե'ս
օրինակը
կտակագիրին`
դիւանական
գրոց
մէջ).
Մարիամճան
կը
վախճանի
1817ին:
ՄԱՐԻԱՄ
ՄՊ.
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ
Ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին,
Յոպպէի
մէջ
յիշատակ
կը
թողու
քառորդ
մթերանոց
մը:
Արձնգր.
Տն.
ժողովի
1888
ՄԱՐԻԱՄ
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆՈՎ,
ՆՈՐ
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ
Ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրատութիւններ
կընէ.
որուն
համար,
որոշմամբ
Տն.
ժողովի
(1882,
նիստ
կբ.
)
Մշտնջենական
յիշատակարան
կը
հաստատուի
Ս.
Փրկչի
եկեղեցիին
մէջ:
ՄԱՐԻՁԱ
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
1891ին
ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
կտակէ
Պոլսի
մէջ
ունեցած
իր
երկու
տուները
700
ոսկւոյ
արժողութեամբ.
կտակեալ
տուներուն
արդիւնքովն,
ըստ
կտակի,
երկու
աշակերտներ
պիտի
դաստիարակուին
Ժառ.
վարժ-ին
մէջ:
Տն.
Ժողովը
կ՚որոշէ
այս
երկու
տուները
ծախել,
ու
անոնց
փոխարէն,
Երուսաղէմի
մէջ
կալուած
գնել:
Արձնգր.
Տն.
Ժող.
նիստ
ճժը.
1891,
էջ
60
ՄԱՐԿՈՍ
ԱԲ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
իր
մասին
կը
կարդանք
Մինաս
Ամդեցիին
Օրագրութեան
մէջ.
«եկաւ
Մսրայ
Ղավուխով,
եւ
մեք
(Մինաս
պտրք.
Ամդեցին)
սեղանի
վրայ
դուրս
արինք
զինք.
յետոյ
Եսային
եւ
Կիւլէմիրն
իճրա.
օտա
տվաք
իւրն.
Մորա
խազնայն
զերուսաղիմայ
սուրրան
եբեր
բռդճձ
(=2480)
ոսկի»:
Մարկոս
աբ.
եւ
Կիւրճին
(Պետրոս
վրդ.
)
կը
դառնան
(յԵգիպտոս)
«հրամանաւ
նոր
վէքիլ
Յովհաննէս
վրդ.
Ամասիացւոյ.
».
որ
է
փոխանորդ
Աւետիք
պատրիարքի.
սոյն
օրագրութեան
թուականն
է
1701,
դեկտ.
28.
եւ
1702,
նոյ.
20.
նոյն
միջոցին
Մարկոս
աբ.
կը
յիշուի
Առ.
Եգիպտոսի.
կը
թուի
թէ`
անոր
պաշտօնը
երկարած
է
մինչեւ
Կոլոտի
Երուսաղէմի
փոխանորդութիւնը:
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիր
իր
Ինքնակենսագրութեան
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
532)
կը
գրէ
թէ
Մարկոս
աբ.
Պոլսեցին
երկար
ժամանակ
առաջնորդ
եղած
է
Եգիպտոսի:
Յովհ.
Կոլոտ
իր
վէքիլութեան
ժամանակ
1713ին
Պոլիս
կ՚ղրկէ
այս
Մարկոս
աբեղան`
ժողովուրդը
ուխտաւորութեան
յորդորելու
համար,
բայց
ան
Ս.
Ածածնի.
եկեղեցիին
մէջ
դէմ
կը
խօսի
Կոլոտին,
ու
համոզելով
օրուան
պատրիարք
Յովհաննէս
Գանձակեցին`
անկէ
կ՚ստանայ
Երուսաղէմայ
վէքիլութիւնը
եւ
իր
վատ
արարքովը
ծանօթ
Պալըքէսէրցի
Հայրապետ
անուն
աշխարհականի
մը
հետ
կը
դառնայ
Երուսաղէմ.
բայց
կը
մերժուին,
ու
դարձեալ
Յովհաննէս
Կոլոտ
վրդ.
կը
վերստանձնէ
վէքիլութիւնը:
Ս.
Յակոբի
ընծայած
յիշատակներու
մասին:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԱՐԿՈՍ
ԴԱՐԱՆԱՂՑԻ
Լս.
Ս.
Յարութեան
1614էն
սկսեալ,
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
օրով:
Համամայր
եղբայր
Դարանաղցի
Գրիգոր
վրդ-ի.
իր
մասին
լաւագոյն
վկայութիւնը
կը
քաղենք
Յայսմաւուրքի
մը
յիշատակարանէն
(ՄՁ.
Թ.
66).
«…
ըստ
այսմ
յարացուցի
ամենայնիւ
գովեալ
աստուածասէր
եւ
հաւատարիմ
միայնակեացս
Մարկոս
կոչեցեալ.
որ
է
ի
գտւառէն
Դարանաղեաց,
որ
այժմ
Կամախ
յորջորջի.
եղբայր
գոլով
սա
Գրիգոր
երջանիկ
եւ
աստուածաբան
վարդապետին.
որոյ
հայրն
Թաճտին
կոչի
եւ
մայրն
Կիւլվարդ
եւ
քոյրն
Զարդար:
Սա
վասն
վերոյասացեալ
աւգտակար
պատճառացն
ցանկացող
եղեւ
այս
պատուական
գրոցս.
որ
ասի
այսմաւուրք
ըստ
իւրաքանչիւր
աւուրց
պատմութեանց,
որ
իբրեւ
զբուրաստան
զմայլեցուցանէ
զքիմս
բանասիրաց.
քանզի
սա
ի
մանկութենէ
անարգեաց
զսէր
եւ
զհեշտութիւն,
խոշորազգեստ
լինելով
մսահատ
եւ
պարկեշտ
կրօնիւք.
իբրեւ
զտատրակ
ողջախոհ
քաղաքավարութեամբ
զառօրեայ
կեանս
անցուցանելով
եւ
մանաւանդ
որ
բազում
աշխատանս
կրեաց
վասն
ս.
Երուսաղիմայ.
զի
այս
քսան
ամ
է
որ
հաւատարմաբար
եւ
սրտցաւութեամբ
ծառայէ
Գերեզմանին
Քրիստոսի,
երբեմն
ի
Ս.
Յարութիւն
կալով,
զջահս
եւ
զկանթեղս,
զմոմս
եւ
զճրագս
վառելով
եւ
զայլ
ամենայն
ծառայութիւն
առնելով.
եւ
երբեմն
հրամանաւ
Գրիգոր
հայրապետին
ս.
Երուսաղիմայ
ի
հեռուստ
տեղիս`
ի
ծով
եւ
ի
ցամաք
գնալով,
զմահ
յանձն
առնլով.
եւ
զպակասութիւն
ս.
Երուսաղիմայ
հոգալով.
եւ
որ
ինչ
ի
հալալ
եւ
ի
յարդար
վաստակոց
իւրոց
մասն
բաժնի
իւրն
հանէր,
ոչ
վայրապար
մսխէր
եւ
վատնէր.
այլ
զամենայնյաստուածակոյս
ի
յեկինս
գանձէր
անդրժելի
գողոց
եւ
ուտչաց`
ըստ
Տեառն
բանին,
եւ
յիշատակ
հոգւոյ
իւրոյ
եւ
իւրայնոցն
արժանացուցանէր:
Որ
եւ
մինն
ի
բազմացս
գիրքս
այս,
զոր
ի
թուականիս
Հայոց
ՌՁԲ
(=1633)
ամին,
գնացեալ
ի
Կ.
Պօլիս,
բազում
ջանիւ
եւ
դեգերանօք
եդ
սկիզբն
առնել
զգիրքս
զայս
քահանայի
միոյ
Աւետիս
կոչեցելոյ.
եւ
եհաս
աւարտ
սորին
ՌՋԲ
(=1633)
ամին,
ձեռամբ
սուտ
անուն
Յակոբ
դպրի,
յօգոստոս
ամսոյ
Ժ-ի
եւ
յաւուր
շաբաթի.
ընդ
հովանեաւ
Ս.
Հրեշտակապետի:
Եւ
եդ
զսա
յիշատակ
ի
ս.
քաղաքն
Երուսաղէմ,
ի
դուռն
Ս.
Յարութեան
Քրիստոսի,
որ
է
Վերնատուն
Հայոց.
որ
երկրորդ
Գողգոթայ
կոչի.
որ
է
վիճակ
ազգիս
Հայոց»:
Երեմիա
Քէօմիւրճեան
եւս
իր
Օրագրութեան
մէջ
յիշատակած
է
Մհտ.
Մարկոսը,
որ
1649
թուականին
Օգոստոսի
սկիզբը
նաւ
մը
վարձելով`
Կ.
Պոլսէ
Երուսաղէմ
կ՚առաջնորդէ
իննսուն
անձերէ
բաղկացած
ուխտաւորներու
խումբ
մը,
որուն
մէջ
էր
ինքը
Երեմիա
պատանին,
իր
մօրը
եւ
անոր
քեռիին`
Մհտ.
Ամբակումի
հետ:
Մհտ.
Մարկոսի
մասին
տեսնել:
Դարանաղցի,
նաեւ
ՄՁ.
Թ.
546
ՄԱՐԿՈՍ
ԵՊՍ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
1794ին
ՏՓ.
ըստ
իր
յիշատակարանին
եւ
Նւ.
Կեսարիոյ
1802ին.
Դաւիթ
կթղ-ի,
ՌՄԾԳ
(=1804)
թուին,
առ
Թէոդորոս
պտրք.
ուղղած
կոնդակին
համաձայն
կը
ձեռնադրուի
եպս.:
ՓԿԵ.
Մկրտիչ
Մեղրիկ
վրդ-ի
հետ
1809ին
(ՄՁ.
Թ.
85):
Ժամանակ
մը
կը
մնայ
Ս.
Յակոբի
վանքը
ու
յետոյ
կը
մեկնի
Կ.
Պոլիս,
եւ
բ.
անգամ
կը
վարէ
ՓԿԵ.
պաշտօնը
1817ին.
անդամ
այն
Յանձնաժողովին
որ
1817ին
Հռոմէականաց
ուղղեալ
կրօնական
հրաւէրը
պատրաստած
է,
նոյն
պաշտօնը
կը
վարէ
մինչեւ
1821
եւ
յետոյ
կ՚առանձնանայ
Սկիւտարի
վանքը:
1824ին
ծայրագոյն
կառավարիչ
Պօղոս
պտրք-ին
կ՚ընկերանայ
Երուսաղէմ
գալու,
եւ
անոր
հետ
ալ
Պոլիս
կը
դառնայ
1825ին,
եւ
այլ
եւս
չուզեր
վերադառնալ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
1829ին
Պոլսի
փոխանորդը
անոր
մասին
կը
գրէ
թէ`
«Ծերունի
Մարկոս
եպս.
տակաւին
հակառակութեան
ոգւով
նստեալ
ի
վանս
Իսկիւտարու
պաշտպանել
կամի
զիւրսն»:
Այս
վերջին
ակնարկութիւնը
կը
վերաբերի
Եւդոկիացի
Եղիա
եպս-ին`
որ
փոխանորդ
էր
Ս.
Յակոբի
մէջ
եւ
պատճառ
եղած
էր
կարգ
մը
անտեղութիւններու:
Մարկոս
եպս-ի
մահուան
թուականը
անծանօթ
կը
մնայ.
(Բիւզանդիոն
Թ.
2738):
Մարկոս
եպս.
իր
առ
պտրքն.
Երուսաղէմի
ուղղած
1821
Օգստ.
25
նամակով
կը
գրէ
«…
վասն
Եղիայ
եպս-ի
աքսորման
ֆէրմանն
ձեռամբ
Մելգօնին
յղեալ
եմք
առ
Յակոբ
եպս.
սիրելին
մեր
յԱգշէհիր.
եւ
Յակոբ
եպսն.
ի
հարկէ
վաղուց
եկեալ
է
այդր`
եւ
զկամս
ազգին
կատարել,
հանելով
զԵղիայ
եպսն.
ի
վէքիլութենէն
եւ
յաթոռոյն,
զի
այս
է
կամք
ազգին
…
եւ
այլն»,
բայց,
ինչպէս
կը
տեսնուի
վերի
տեղեկութիւններէն,
Մարկոս
եպս.
ութը
տարի
վերջ ,
հակառակը
կ՚արտայայտուի
Եւդոկիացի
Եղիա
եպիսկոպոսի
նկատմամբ:
ՄԱՐԿՈՍ
ԵՊՍ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
1666ին
Եղիազար
կթղ-ի
ժամանակ
կը
միաբանակցէր
Ս.
Յակոբի
վանքին.
յիշեալը
ընկալագրի
մը
տակ
ստորագրած
է
վկայելով
որ
Եղիազարի
վճարած
է
Աբրահամ
Չէլէպիին
տասն
հազար
երեսով
ասլանի
ղրշ:
Նամականի,
անտիպ
ՄԱՐԿՈՍ
ԵՊՍ.
ՍԱՐԿԱՒԱԳ
ՊՕՂՈՍԵԱՆ,
ՌՈՄԱՆՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1803ին,
կնիքը
1806.
կը
ձեռնադրուի
եպս.
Կիլիկիոյ
մէջ
1831ին,
Նւ.
Աժտէրխանի
եւ
երկու
անգամ
Ռումելիի
(1829-30):
Յետ
մահուան
Լսպ.
Նիկոմիդացի
Գրիգորիս
վրդ-ի,
1842ին
Լսպ.
կ՚ընտրուի
ի
նոյն
պաշտօնը
կը
վարէ
եօթը
տարի.
կը
վախճանի
1849
փետրուար
2ին:
Իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Մարկոս
Արքեպիսկոպոս
Սարկաւագ
Պօղոսեան
ծնեալ
ի
Քիլի
1776
Ապրիլ
23
եւ
սնեալ
ի
Փօթիշան,
նուիրակ
Աժտէրխանու
եւ
երկիցս
Ռումելու
եւ
զամս
Է.
Աւագ
լուսարար,
խնդրէ
զողորմի».
Այս
տապանագիրը
շինած
է
իր
աշակերտը
Լսպ.
Գէորգ
եպս.
Տէր-
Յարութիւնեան
Ռոմանցին
եւ
անոր
տակ
աւելցուցած
է
այս
խօսքերը.
«Ի
ձեռն
աշակերտին
Ռօմանացի
Տէր-Յարութիւնեան
Աւագ
լուսարար
Գէորգ
եպիսկոպոսին,
յամի
տեառն
1849
փետրուար
20»:
1861ին,
նոյն
Գէորգ
եպս-ի
մարմինը
այդ
տապանին
մէջ
ամփոփած
են
եւ
այս
տողերը
աւելցուցած.
«Աստ
վերոյիշեալ
Գէորգ
եպսն.
եւս
հանգեաւ
եւ
եդաւ,
յամի
տեառն
1861
Յունուար
16»:
Մար-Սաբայի
մօտ`
յիշատակ
թողած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
22
հատ
ձիթենիներ,
որ
1891ին
ծախուած
են
եւ
ուրիշ
կալուած
մը
գնուած:
Արձնգր.
Տն.
Ժող.
ՃԽԲ.
1891
ՄԱՐԿՈՍ
ՎՐԴ.
ԱՐՂՆՑԻ
Մբ.
1857ին:
ՄԱՐԿՈՍ
ՎՐԴ.
(ԾԵՐՈՒՆԻ)
Մբ.
կը
միաբանակցէր
Շղթայակրի
օրով:
ՄԱՐԿՈՍ
ՎՐԴ.
ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
1864ին.
շրջանաւարտ
Սկիւտարի
ճեմարանէն
1878ին,
Ձռ.
1892ին.
կը
վտարուի
միաբանութանէն
եւ
կը
մեկնի
Կ.
Պոլիս
1899ին:
Վարած
է
քարոզչական
եւ
առաջնորդական
պաշտօններ
(1899-1910),
Հոգեւոր
հովիւ
Համազգային
Անկելանոցին
(1912-13):
Վերջերս
վանք
դարձած
եւ
յետոյ
անցած
է
Սիւրիա,
ուր
կը
մնայ
ցարդ:
ՄԱՐԿՈՍ
ՎՐԴ.
ԹՕԽԱՏՑԻ
Մբ.
1793ին:
ՄԱՐԿՈՍ
ՎՐԴ.
ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ,
ՍԱՄԱԹԻԱՑԻ
Մբ.
Ծն.
1818ին,
աւազանի
անունը
Գրիգոր.
Ձռ.
1849ին.
կը
վախճանի
1889ին.
Ս.
Յակոբի
մէջ
վարած
է
գրապետութեան
պաշտօնը:
ՄԱՐՈՒԳԷ
(մհտ.
)
ԱՐԱՊԿԻՐՑԻ
1724ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
ձեռագիր
աւետարան
մը
կը
նուիրէ
(ՄՁ.
Թ.
1927).
իր
մասին
կը
քաղենք
հետեւեալը
ձեռագրին
յիշատակարանէն.
«…
Զստացող
սբ.
եւ
փրկագործ
Աւետարանին
…
զԱրապկերցի
մահտեսի
Մարուգէն
յիշեցէք
ի
Քս.
որ
ստացաւ
զսա
վասն
հոգւոյ
հանգուցելոյ
Աստուածատուր
քրիստոնէին
եւ
ի
փրկութեան
հոգւոյ
իւրոյ
եւ
բարի
ծնողացն
իւրոց
մհտ.
Պետրոսին
եւ
մհի.
Եղնիկին,
եւ
կողակցին
իւրոյ
մհտ.
Եաղկուլին
եւ
դեռաբոյս
որդւոյն
մհտ.
Պօղոսին
եւ
հօրեղբաւրն
Յակոբջանին,
եւ
եղբարցն
Յովհաննէսին
եւ
մհտ.
Գրիգորին,
եւ
այլ
ամենայն
զարմից
եւ
զաւակաց
նոցա,
կենդանեաց
եւ
ննջեցելոց:
Զի
այս
օրհնեալ
մհտ.
Մարուգէ
հանդերձ
ամենայն
ընտանեօք
եկն
ի
սբ.
քաղաքս
երսղմ.
յուխտ
եւ
յերկրպագութիւն
լուսաբուղխ
գերեզմանին
Այ.
մերոյ
եւ
ամ.
աստուածահոտ
տեղեաց
տնօրինականաց
եւ
զկնի
ամենայն
տրոց
եւ
ողորմութեան
իւրոյ
ստացաւ
եւ
զսբ.
աւետարանն
բարեյիշատակ
հոգւոյ
իւրոյ
եւ
ամ.
վերոգրելոցս
եւ
ետ
անջինի
յիշատակ
յաստուածադիր
յԱթոռս
սբ.
Յակոբ.
…
եղեւ
այս
ի
թվին
ՌՃՀԳ
(=1724)
ամին,
ի
մարտի
Ժ
…»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
Է.
էջ
528-30
ՄԱՐՈՒԳԷ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
1885էն
առաջ
կը
միաբանակցէր:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԱԲ.
ՄՁ.
Թ.
135
ձեռագիր
Գանձ
գիրքը
(1595ին
ընդօրինակուած)
որուն
ստացողն
ըլլալով
Մարտիրոս
աբ.
`
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
զայն
հետեւեալ
յիշատակարանին
համաձայն.
«…
Եւ
արդ
ես
տէր
Մարտիրոս
աբեղայս
ետու
զպատուական
գանձարանս,
յիշատակ
ի
ս.
քաղաքն
Երուսաղէմ
ի
դուռն
սբ.
յարութեան
ի
լուսաբուխ
եւ
յած-ընկալ
լուսաշաղախ
սբ.
գերեզմանին:
Եւ
անջինջ
յիշատակ
կացցէ
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ
մեծափառ
եւ
երկնանման
պատրիարքարանիս,
որ
է
գլխադիր
սբ.
յակոբայ
եղբաւրն
յովհաննու
Աւետարանչին,
որ
է
այժմ
վանք
Հայոց,
ի
ձեռն
երանեալ
եւ
երջանիկ
եւ
մեծահամբաւ
եւ
յամ.
բերանոյ
երանեալ
շնորհազարդ
պատրիարքին
տր.
Անդրէասին,
եւ
իւր
նորաբողբոջ
եւ
դեռաբոյս
նորընծայ
տր.
Դաւիթ
արհի-եպս-ին…»:
Խապ.
Ցուց.
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԱԲ.
Մբ.
թերեւս
այս
անձն
է
որ
Գանձգիրք
մը
(ՄՁ.
Թ.
273)
յիշատակ
կուտայ
Ս.
Ծննդեան
վանքին
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին`
հետեւեալ
յիշատակագրութեամբ.
«Յիշատակ
է
գիրքս
ի
սբ.
Ծնունդն
Հայոց
վանքն
ս.
Ածածին
եկեղեցին,
ով
ոք
որ
ընթեռնու
եւ
օգտի
Ած.
ողորմի
ասասցէ
գիրքս
գծողին
տէր
Մարտիրոս
սուտ
աբեղային
եւ
տանս
աշխատաւոր
Եղիա
վրդպ-ին
եւ
տէր
Խաչատուր
սբ.
ճգնաւորին
եւ
այլ
հասարակ
միաբան
եղբարց
մեծի
եւ
փոքու:
Գրեցաւ
թվին
ՌՃԾԲ
(=1703)
Յունվար
ա…ուրբաթ.
այս
ամն
յոյժ
խառնակութիւն
է
առաջնորդաց.
Ած.
խաղաղութիւն
տացէ
իւրեանց:
»
Սոյն
ձեռագիրը
ՌՃՁԹ
(=1740)
կը
նորոգէ
Ղազար
վրդ.
Եւդոկիացին,
«ս.
Ած-ածնի»:
(Խապ.
Ցուց.
տետր
ԻԵ.
էջ
1903):
ՄՁ.
Թ.
1925
ձեռագիր
Աստուածաշունչին
մէջ
Դաւիթ
եպիսկոպոսի
յիշատակարանին
ներքեւ,
Մարտիրոս
աբ.
մանր
բոլորգրով
առանց
թուականի
կը
գրէ
հետեւեալը.
«ըստ
նախնեացն
եւ
զիմ
ծնողացն
ողորմի
ասացէք.
կորադէմ
Մարտիրոս
աբեղայս
ոչ
սակաւ
աշխատութեամբ
գրեցի
զներքի
լուսանցքին
անուանս,
հբ,
կտակաց.
զի
առանց
աշխատանաց
դիւրաւ
գտցի
սիրով
խնդրողաց»:
Թերեւս
նոյն
անձն
է
նաեւ
ՄՁ.
Թ.
480
ձեռագիր
Հաւաքածոյին
գրիչը
Մարտիրոս
աբ.
Թօխատեցի,
որ
1720ին
ընդօրինակած
է
զայն
(տեղն`
անորոշ):
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԱԿՆՑԻ
(ԿԱՄՐԿԱՊ)
Յիշատակարանի
մը
համաձայն
կողակիցը
մհտ.
Տիրուհին,
որդին`
մհտ.
Վարդերես
1754ին
սբ.
Յակոբի
կը
նուիրեն
ոսկիէ
սկիհ
մը
յիշատակ
ննջեցելոց:
Ցուց.
պ.
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԱՄԻՐԱՅ
ՍԱԽԱՅԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Ս.
Գլխադրի
մատրան
նուիրած
է
մէկ
Չախմոց
արծաթի
վարագոյր:
Ցուց.
ՊԵ.
Թէոդորոսի,
1817
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
Յ.
ԱՆԱՆԻԿԵԱՆ
(ԲՐՕՖ.
)
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ
Ծ.
1875ին,
աշկ.
Այնթապի
Կեդր.
Թուրքիոյ
Գօլէճին,
յետոյ
Ամերիկա
երթալով
Springfieldի
Միջազգային
գօլէճին
մէջ
կը
հետեւի
դասական
լեզուներու,
1897-1899ին.
կը
շարունակէ
իր
ուսումը
Հարթֆըրտի
աստուածաբանական
ճեմարանին
մէջ
1899-1902.
ժամանակ
մըն
ալ
Պէրլինի
եւ
Լայփցիկի
համալսարանները
կը
յաճախէ
եւ
յետոյ
չկրնալով
Այնթապ
երթալ
քաղաքական
պատճառներով
կը
մնայ
Պուլկարիա,
ուր
Վառնայի
Ազգ.
Վարժարանին
մէջ
ուսուցչական
պաշտօն
կը
վարէ
1904-5.
1905ին
իբր
փոխ-գրապահ
եւ
իբր
ուսուցչապետ
պատմութեան
եւ
թուրքերէն
լեզուի
Քէննէտի
Առաքելութեանց
դպրոցի
լսարանը
կը
հրաւիրուի:
Ստացած
է
գիտութեանց
պսակաւորի
(B.
S.
),
Աստուածաբանութեան
պսակաւորի
(B.
D.
)
եւ
Մագիստրոսի
(M.
S.
T.
)
տիտղոսները:
Համալսարանի
կողմէ
քանիցս
կատարած
է
հետազօտական
եւ
ուսումնասիրական
ճամբորդութիւններ:
1922ին
Պոլիս
կ՚երթայ
մասնաւոր
պաշտօնով
մը,
ուր
քանի
մը
ամիս
մնալէ
վերջ
կը
մեկնի
Ամերիկա:
Նոյն
տարին
Հահթֆըրտի
համալսարանին
կողմէն
յատուկ
առաքելութեամբ
մը
Եգիպտոսի
ճամբով
կ՚ուղեւորի
Ս.
Երուսաղէմ
եւ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
տեսակցի
Դուրեան
Ս.
Պատրիարք
Հօր
հետ:
Երուսաղէմէն
կ՚անցնի
Դամասկոս`
ուր
Օգոստոս
3ին
կը
վախճանի
եւ
մարմինը
կ՚ամփոփուի
տեղւոյն
Հայոց
Ս.
Սարգիս
եկեղեցիին
բակը:
Բացի
լրագրական
յօդուածներէ`
Hastingsի
Encyclopaedia
of
Religia
and
Ethics
I.
vol.
ի
մէջ
ունի
Զրադաշտական
Հայաստանիվրայ
ընդարձակ
յօդուած
մը.
նաեւ
Mythologie
of
all
Races
անուն
ամերիկեան
հրատարակութեան
մէջ
(Է
հատոր)
գրած
է
Հայկական
դիցաբանութիւն
մը
(1922):
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԱՐՔԵՊՍ.
ԿԻՊՐՈՍԻ
Մբ.
Այս
անձի
մասին
կը
կարդանք
հետեւեալը.
«1779
ամին
Մարտիրոս
արքեպս.
անուն
անձ
մի
երբեմն
Ս.
Էջմիածնի
եւ
ապա
Ս.
Երուսաղէմի
միաբան
ըլլալով`
Կիպրոսի
առաջնորդ
եղած
է.
եւ
յիշեալ
թուականին
տեղւոյն
ՏԷՅԻՐՄԷՆԼԻՔ
ըսուած
տեղը`
իր
ստացուածքէն
երեք
հատ
ջաղացք
յիշատակ
թողուցած
է
կտակաւ,
որոնցմէ
գոյացած
ստակը`
տեղւոյն
Լէֆքօլայ
թաղին
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցւոյն,
Կիրնէ
քաղաքի
Ս.
Մակար
վանքին,
եւ
մնացեալն
ալ
տեղւոյն
որբ
եւ
անտէրունչ
աղքատաց
եւ
կարօտելոց
կապած
է`
անիծիւք:
Սրբազան
եպիսկոպոսիս
օրինակ
եղած
է,
նաեւ
իր
յաջորդէ
Յովսէփ
եպս-ն
ալ,
որ
կէս
ջաղաց
մի
ալ
նա
առնելով`
յիշեալ
Ս.
Աստուածածնայ
եկեղեցւոյն
կտակաւ
թողած
է
եւ
միանգամայն
յիշեալ
ջաղացքին
արդիւնքն
ալ:
Եւ
ասոնց
վրայ
կտակակատար
գործակալ
կացուցած
են
յիշեալ
սրբազան
եպիսկոպոսունք.
որոնցմէ
վերջինէ
Յարութիւն
Պօղոսեան
իշխանը`
15
տարի
կառավարած
է.
եւ
անոր
փեսան
յիշեալ
Մելիքեան
Հայրապետ
իշխանն
ալ`
վեց
տարի
է`
կառավարէ»:
(նաե.
էջ
199-200):
Յովսէփ
եպս.
իր
կէս
ջաղացքը
կը
նուիրէ
1751ին.
եւ
յետոյ
է
որ
Մարտիրոս
Արքեպս.
կը
նուիրէ
իր
ջաղացքները.
հետեւաբար
Յովսէփ
եպս.
Մարտիրոսի
յաջորդը
չի
կրնար
ըլլար.
(Կիպրոս
Կղզի
էջ
71-84):
Մարտիրոս
եպս.
կը
վախճանի
1780ին,
իր
մահէն
մէկ
տարի
յառաջ,
1779ին,
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
կտակէ
1265
Մարչիլ,
որ
կը
ղրկուի
Ս.
Յակոբի
վանքին
գահակալին:
Նամակ
Թ.
1780,
Կիպրոսի
Առ.
Յակոբ
եպիս-է
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԳՐԻՉ
Մբ.
կ՚ընդօրինակէ
ՊԷ
(=1358)
թուին,
Աստուածաշունչ
մը,
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ,
որ
յիշատակ
կը
մնայ
վանքին
(ՄՁ.
Թ.
1153).
նոյն
ձեռագիրին
յիշատակարանին
մէկ
մասն
է
հետեւեալը.
«…
գրեցաւ
ած-ապատում
եւ
լուսազարդ
մատեանս…ի
թուականութեանս
Հայոց
ՊԷ
(=1358)
ի
թագ.
Հայոց
Կոսդընդեայ
եւ
ի
հայ.
Յակոբայ
եւ
ի
յաթոռակալութեանս
Երուսաղէմի
տր.
Գրիգորի
ի
սբ.
քաղաքս
Եէմս.
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ
եւ
առաքելոյ
որդւոյ
Զեբեդեան.
անարհեստի
գրչի
Մարտիրոս
եղեկլի
եւ
մեղապարտի
ի
խնդրոյ
սրբասէր
եւ
ած-ահաճոյ
ծերունւոյ
եւ
յոյժ
առաքինի
Մատթէոս
քհյ-ի
որ
ետ
գրել
զսա
ի
հալալ
արդեանց
իւրոց
ի
պայծառութիւն
եկեղեցւոյ
եւ
ի
լուսաւորութիւն
մանկանց
սիօնի……
դարձեալ
կրկին
աղաչեմ
յիշել
զծնողսն
իմ
եւ
զյոյժ
բաղձալին
իմ
ըստ
մարմնոյ
եղբայրն
զտէր
Թադէոս
եւ
զքորսն
իմ
զկենդանիսն
եւ
զհանգուցեալսն,
նաեւ
զմեղուցեալ
զծողն
զՄարտիրոս
եւ
զնորատունկ
եւ
սրբասէր
քհյ.
զՆերսէս,
որ
զթուխտս
կոկեաց,
եւ
սրբասնեալ
վարդապետն
Մխիթար,
որ
զաւրինակն
շնորհեաց,
զի
կարի
յոյժ
ընտիր
եւ
ստոյգ
էր
օրինակն
եւ
զուարթ
եւ
սրտի
մտօք
ետ
մեզ…»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
ժգ.
էջ
1021-23
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԹՈՒՂԼԱՃԻ,
ԷՎՔԷՐԷՑԻ
Իր
կողակցին
Համասփիւռի
հետ
կը
նորոգեն
1814ին
Ռէմլէի
Ս.
Գէորգ
եկեղեցիին
խաչկալը
եւ
ոսկեզօծել
կուտան
իրենց
ծախքով.
յիշատակարանին
օրինակը
կը
դնենք
հոս.
«ի
պատրիարքութեան
տեառն
Թէոդորոս
արքեպիսկոպոսի
եւ
յըռէիզութեան
Մահալճի
Յակոբ
վարդապետի,
յիշատակ
արարին
զայս
Ս.
Կարապետի
խորանի
խաչկալն
հանդերձ
եալտըզովն
Էվգարացի
Թուղլաճի
մհտ.
Մարտիրոսն
եւ
կողակից
Համասփիւռն.
ի
վանս
սրբոյն
Գէորգայ.
թվին
ՌՄԿԳ
(=1814)
Հոկտ.
ա.
»:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԵՊՍ.
Մբ.
նախապէս
միաբան
Ս.
Էջմիածնի,
Նւ.
Հնդկաց.
ուխատւորութեամբ
Ս.
Յակոբայ
վանքին
այցելութիւնտալով`
կը
միաբանակցի.
1773ին
կը
ճամբորդէ
Թէբայիդի
վանքերը
վերին
Եգիպտոսի
մէջ:
Շարադրած
է
վարդապատական
կոնդակներ
եւ
ունի
41
հատ
համառօտ
քարոզներ
զանազաննիւթերու
վրայ
գրուած
ՌՄԻ
(=1771)
թուականին:
Սոյն
ձեռագիրներուն
անթուական
մէկ
օրինակը
կը
գտնուի
Ս.
Յակոբի
վանքը
(ՄՁ.
Թ.
1007).
բաց
աստի
Նիկոսիոյ
(Կիպրոս)
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին
մատենադարանը
ունի
ձեռագիր
տաղարան
մը,
որուն
յիշատակարանէն
կը
հասկցուի
թէ`
Մարտիրոս
եպս.
սկսած
եւ
ընդօրինակած
է
զայն
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
եւ
աւարտած
է
զայն
Թեբայիդի
մէջ:
Հոս
կը
դնենք
նոյն
յիշատակարանին
կարեւոր
մասը,
որ
միեւնոյն
ժամանակ
կը
մանրամասնէ
Մարտիրոս
եպիսկոպոսի
կենսագրութիւնը.
«…
արդ
յարմարեալ
գրքուկս
այս
(տաղարան)
յաստուծոյ
պարգեւադրական
շնորհացն
եւ
ի
կարողութենէ
լուսափայլ
եւ
առատահոս
ձրիական
խնամոցն
նորին.
շարադրականաւ
վաստակոյ
Մարտիրոս
եպիսկոպոսի,
որ
նախապէս
Մշոյ
Սրբոյ
Կարապետի
շնորհաբաշխ
եւ
հոյակապ
յաթոռն
նօտար
ի
դպրութեան
հասակին
յառաջնորդութեան
տեառն
Մինասի
գերյարգոյի
եւ
արհիականի`
ակնցւոյ.
ուստի
զկնի
ի
սուրբ
Էջմիածին
կաթողիկոս:
Իսկ
երկրորդաբար
ի
սուրբ
Էջմիածին
յաթոռն
գերահռչակ
եւ
լուսափառ,
սրովբէագումար
եւ
երկնասարաս
մօրն
հաւատոյ
եւ
հիմանն
լուսոյ
փառաց
գմբէթայարկի
միաբան
եւ
եպիսկոպոս
եւ
ծայրագոյն
նուիրակ
ի
Հնտըստան
գաւառ
ի
տեառնէ
Ղազար
գերընտիր
եւ
շնորհազարդ
քրիստոսապսակ
կաթողիկոսէ
Ջահկեցւոյ:
Եւ
երրորդաբար
յԵրուսաղէմ
առ
Սուրբ
Յակոբն
յաթոռն
համասփիւռ
եւ
լուսածաւալ
առ
յոյսն
հանրականի.
յակն
փառաց
ամենայն
հաւատացելոց,
քրիստոնէից
միաբան
եւ
ծառայ
յամենայն
կեանս,
յորում
զգըրքուկ
յարմարեալ
յաստուծոյ
պարգեւացն
Թէոդորոսի
Մշոյ
Խորենացւոյ…»:
Իր
ընդօրինակած
Տաղարանին
համար
ալ
կը
գրէ.
«արդ
աւարտեցաւ
ի
թուականութեանս
ՌՄԻԳ
(=1774)
յերկիրն
Աւետեաց
ի
սուրբ
Երուսաղէմ.
յակն
ճաճանչափայլ
եւ
համասփիւռ
եւ
հոտաւէտ
վարդենին.
ի
փրկարանս
հոգւոց.
համայն
հաւատացելոց
յաղթող
գահն
Աստուծոյ
ի
սուրբ
Յակոբ
տեառն-եղբօր
յաթոռն
ամենայն
Հայոց
եղեւ
սկզբնաւորիլն.
իսկ
յաւարտ
յանգի
ի
Թեփայիթ
յանապատն
հօրն
Անտօնին
եւ
տեառն
Աստուծոյ
յաւէտ…»:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԵՊՍ.
Մբ.
Նւ.
Ռումելիի,
1701ին
Կ.
Պոլիս:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԵՊՍ.
ԱԴՐԻԱՆՈՒՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Նւ.
Զմիւռնիոյ`
1758ին,
Նւ.
Կարնոյ
1762ին,
կը
վախճանի
նոյն
տարին
Կարնոյ
Խաչկայ
վանք
գիւղին
մէջ:
1758ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
է
Նալեան
Յակոբ
պտրք-ի
Քարոզ
Կիւրակէից
ձեռագիրը:
ՄՁ.
Թ.
21
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
(ԳՐԻՉ)
ՀԻԶԱՆՑԻ
Մբ.
հայրը
Ստեփանոս,
մայրը
Հռիփսիմէ.
Ս.
Յակոբի
մէջ
1464ին
կ՚ընդօրինակէ
Աւետարան
մը,
որ
կը
գտնուի
այժմ
վանքին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
532)
հետեւեալ
յիշատակարանով.
«…
փափաքաւղ
եղեալ
եղկելիս…
եւ
անարուեստ
գրիչս
Մարտիրոս,
յետինս
ի
կարգաւորաց
եւ
առաջինս
յանցաւորաց
գաղափարեցի
զսա
ինձ
գանձ
անկողոպտելի,
ըստ
կարի
իմում
զարդարեցի
ամ.
գունովք.
ի
ժամանակս
վերջինս,
ի
թիւս
չափոյ…
ՋԺԳ
(=1364)
ամի
աբեթական
տումարի
տոհմիս,
ի
սբ.
եւ
ածակոխ
քաղաքս
Երսղմ.
ընդ
հովանեաւ
սրբոյն
Յակոբայ
դամբարանի
որդւոյն
Զեբեթեայ
առաքելոյ:
»
Խապ.
Ցուց.
տետըր
Բ.
էջ
130
ՄԱՐՏԻՐՈՍ,
ՈՐԴԻ
ՍԱՐԳԻՍ
ՔՀ-Ի.
Ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
Ս.
Թորոս
եկեղեցիին
աջակողմեան
դասին
մէջ
աւազանին
քով
խաչքար
մը
զետեղել
տուած
է
հետեւեալ
արձանագրութիւնով.
«Յառաջնորդութեան
Տէր
Դաւիթ
արհեպ-ին
ես
մեղաւոր
Մարտիրոս
կանգնեցի
զխաչս
բարեխօս
առ
Աստուած.
ինձ
եւ
ծնողաց
իմոց
Սարգիս
քհյ-ին
եւ
Խանումին
եւս
առաւել
Յովհաննէսին,
Սարխօչին,
եւ
Միրանջին.
թվին
ՌԼԹ»
(=1590):
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՊԵ.
1399ին
հէօճէթներու
համաձայն
աթոռակից
մը
պատրիարքին:
Ընդօր.
1909.
էջ
291
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՊԵ.
ԵԳԻՊՏԱՑԻ
Հայրը
Սարգիս,
մայրը
Ըսթեթ.
իր
Վարքագրութեան
համաձայն
Մարտիրոս
պտրք.
էր
բանիւ
աքջ
եւ
ընչիւք
փարթամ
եւ
սիրելի
ամենայն
իշխանացն.
որ
ի
դուռն
սուլթանայ:
Իր
գահակալութեան
սկիզբը
կը
նկատուի
1419
թուականը.
1439
թուին
Վրացիք`
Ղայիպի
անուն
վաճառականի
մը
միջոցաւ
Եգիպտոսի
սուլթանը
շահելով`
կը
գրաւեն
Գողգոթան`
որ
Հայոց
սեպհականութիւնն
էր.
ինչպէս
կը
վկայեն
սուլթաններու
հրովարտակները
եւ
արձանագրութիւնները:
Մանրամասնութիւններու
համար
ետսնել
Հաննէ
պատմագիրը
(էջ,
199-200):
Մարտիրոս
պտրք.
քանիցս
Եգիպտոս
կ՚երթայ
ծերունի
վիճակով`
Գողգոթայի
բռնաբարման
դէմ
բողոքելու
եւ
ետ
պահանջելու
համար
զայն`
թէեւ
կը
յաջողի
ետ
առնուլ,
բայց
Վրացիք
նորէն
կը
յափշտակեն
զայն,
եւ
պտրք-ը
կ՚ստիպուի
ստակով
գնել
Վերնատունը,
որ
էր
տեղի
թագաւորաց.
եւ
եկեղեցիի
վերածելով
զայն`
կը
կոչէ
Երկրորդ
Գողգոթա:
Այս
պարագաները
յիշատակուած
են,
ինչպէս
կը
յիշէ
Հաննէ
ալ
(էջ
200),
ձեռագիր
Յայսմաւուրքի
մը
յիշատակարանին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
75,
ընդօրինակուած
1439ին
Ս.
Յարութեան
մէջ)
ու
Ս.
Յարութեան
Վերնատան
պատի
արձանագրութեամբ,
ուրկէ
քաղած
է
Հաննէ.
բայց
այժմ
այդ
արձանագրութիւնը
չերեւար:
Իսկ
յիշատակարանին
համաձայն`
Եգիպտոսի
սուլթանը
Մէլէք
Զահըր
Չախմախն
է
(1438-1453
ըստ
Huortի
հատ.
Բ.
էջ
72),
որ
Մարտիրոս
պտրք-ին
կ՚արտօնէ
շինել
Երկրորդ
Գողգոթան,
որուն
թուական
նշանակուած
է
ՊՁԸ
(=1439),
համաձայն
յիշատակարաններու
որ
հրատարակուած
են
նոյնութեամբ
(Նոր
Դար
1899.
N
0
97)`
բայց
Ֆելիքս
Ֆապրի
օտար
ուղեգիրը
1495ին
կը
դնէ
այս
իրողութիւնը:
Ուրիշ
հնագոյն
յիշատակարան
մը
կը
դնէ
1491
թուականը.
(Սաւալան,
էջ
634):
Գողգոթայի
գրաւման
եւ
անոր
տեղ
երկրորդին
շինութեան
եւ
ծախուց
մանրնմասնութիւնները
տեսնել.
(Սաւալան,
էջ
535.
ՄՁ.
Թ.
85
եւ
ժպե.
Ա.
Հատոր,
էջ
221-29):
Մարտիրոս
պտրք-ի
օրով,
վերյիշեալ
սուլթանը
հիճրէթի
954
(=1450)ին
շնորհած
է
հրովարտակ
մը
Ս.
Յակոբի
վանքին,
որուն
օրինակը
քանդակուած
է
վանքին
արտաքին
դրան
կամարին
տակ,
որով
կը
հռչակէ
նոյն
վանքին
անբռնաբարելիութիւնը.
արաբերէն
օրինակը
նոյնութեամբ
կը
դնենք
հոս.
(արաբերեն)
Նոյնը
արձանագրուած
է
նաեւ
դռնէն
ներս
դիմացի
պատին
մէջ
զետեղուած
ջրի
զէպիլին
վրայ:
Մարտիրոս
պտրք.
նորոգած
է
նաեւ
Գեթսգմանիի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին
տանիքը,
կամարները
եւ
դուռէ.
եկեղեցիին
արդի
կառուցուածքէն
ալ
կը
հասկցուի
թէ
վերի
մասը
ժամանակին
Հայոց
թագաւորներէն
շինուած
է
իբր
վանք
կուսնաց.
բայց
յետոյ
կործանուելով`
չգիտցուիր
թէ
ի'նչ
պատճառաւ
Հայք
չեն
կարողացած
վերաշինել
քանդուած
մասը.
տեսնել
այս
մասին
Հաննէ
(էջ
270-72):
Հաւանաբար
Ս.
Աստուածածնի
եկեղեցին
ամբողջովին
Հայոց
սեփականութիւնն
էր.
«…
այս
փառաւոր
սբ.
եկեղեցին`
յատուկ
էր
ազգիս
Հայոց.
որպէս
ի
յորմսն
եկեղեցւոյն
երեւին
յիշատակարանք
նորոգողացն
եւ
թուականք
երկաթագիրք,
որ
լաթին
լուսարար
մի
զչարեցաւ
յայսմ
պատճառէ,
եւ
կռանաւ
եղծեաց
գաղտ
յումէքէ
զգիրսն…
սակայն
մնացեալ
է
մէկ
վկայ
բանիս`
յիշատակարան
Մարտիրոս
վարդապետին
սրբոյ
քաղաքիս
պատրիարքի
մերոյ.
գրեալ
յաջակողմն
դրսի
մեծ
դրան
եկեղեցւոյն
այսպէս.
ի
Հայոց
թուականին
ԸՃՀ
(=
1421)
ես
տէր
Մարտիրոս
Արքեպս.
երուսաղէմի,
վասն
բազում
ջուրցն
որ
լցուէր
յեկեղեցին,
սալ
կապեցի.
զմէջն
եւ
զտէնիրն
շինեցի.
յիշման
առնէք
զիս
արժանի»:
(Անդ.
էջ
272-3):
Մարտիրոս
պտրք.
կ՚ապրէր
մինչեւ
1450
թուականը,
վասնզի
ան
կը
յիշատակուի
Գրիգոր
կթղ.
Մուսաբէկեանցի
Գահիրէէն
Եւգինէոս
պապին
ուղղած
գրութեան
մէջ
որ
նոյն
թուականին
հաղորդուած
էր
Մարտիրոսի,
եւ
անոր
ձեռքով
ալ
Եւգինէոսի
յաջորդ`
Նիկողայոս
պապին
ղրկուած:
Նոյն
այս
գրին
լատիներէն
օրինակը
գտնուած
է
Մէտիշէական
Լաւրինղեան
մատենագիրներուն
մէջ.
անոր
թարգմանութենէն
հետեւեալ
տողերը
տեղեկութեան
համար
կը
դնենք
հոս.
«.
-
այլ
ես
(Գրիգոր
կթղ.
Մուսաբէկեանց)
որ
ի
վերայ
ամենայն
եպիսկոպոսաց
եւ
վարդապետաց
եւս
եւ
յերուսաղիմացւոց
աշխարհի
անարժան
կաթողիկոս
կարգեալ
եմ…»:
Պալճեան,
էջ
149-150
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՊԵ.
ՊՈՒՐՍԱՑԻ
(1491-1501).
Հալէպի
Ս.
Քառասնից
եկեղեցւոյն
մատենադարանը
ունի
(թիւ
71)
ձեռագիր
Գանձարան
մը,
(Ս.
Յակոբ
գրուած)
որուն
յիշատակարանին
մէջ
կը
յիշուի
Պուրսացի
Մարտիրոս
պտրք.
(տե'ս
Վրթանէս
աբ.
Արարատցի):
Մարտիրոս
պտրք
կը
յիշատակուի
նաեւ
(ՄՁ.
Թ.
27)
Յայմաւուրքի
մը
յիշատակարանին
մէջ
իբր
եպս.
եւ
ծաղկող
նոյն
ձեռագիրին:
Խապ.
Ցուց
էջ
131
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՊԵ.
ՔԷՖԷՑԻ
ԿԱՄ
ՂՐԻՄՑԻ
Թաթար
մականունը
կը
տրուէր
Քէֆէցի
ըլլալուն
համար.
կը
կարգուի
հովիւ
Քէֆէի
1658ին
(ՄՁ.
Թ.
430).
նոյն
տարին
Քէֆէէ
կը
մեկնի
եւ
կուգայ
Պոլիս,
ուր
Այնթէպցի
եպս-ին
յանձնարարութեամբ
կ՚ընտրուի
ՊԿ.
(1659-60),
(տե'ս
իր
ինքնագիր
յիշատակարանը
ՄՁ.
Թ.
430).
յետոյ
կը
հրաժարի
եւ
կը
մեկնի
Քէֆէ.
Մարտիրոս
պտրք-ի
մասին`
ՄՁ.
Թ.
438
ձեռագիրին
մէջ`
ուր
Կ.
Պոլսի
պատրիարքաց
գաւազանը
դրուած
է,
ունի
հետեւեալ
ծանօթութիւնը.
«Մարտիրոս
վրդ.
Քէֆէցի,
զոր
յիշէին
ի
պատարագին
ի
սբ.
Ածածին
եկեղեցին
մինչ
յապրիլն,
որոյ
ի
մեծ
եանղունին
պատճառ
եղեալ
էր
ազատմանն
բազում
փողս
մսխելով
ողորմութեամբ
այ.
»:
Եպս.
կը
ձեռնադրուի
1660ին
Քէֆէի
եկեղեցւոյն
համար:
Յետոյ
կուգայ
Երուսաղէմ,
իբր
օգնական
Աստուածատուր
պտրք-ի
1671ին
Հալէպցի
լատինացեալ
Զէմէրիէ
Չէլէպիին
մէկ
նամակէն
կը
հասկցուի
որ
նոյն
ատենները
ֆրանսայէն
եկած
էին
լուտերականներ
ու
կալուինականներ
եւ
բողոքականութիւն
կը
քարոզէին
Հալէպի
մէջ.
Մարտիրոս
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
մասնաւոր
ժողով
մը
կը
գումարէ
միաբաններէն
եւ
կը
հերքէ
այդ
բողոքականներու
մոլար
վարդապետութիւնը
եւ
նոյ
թուական
կոնդակով
մը
կ՚իմացնէ
Զէմէրիէ
Չէլէպիին:
Ջերմ
հակառակորդ
հանդիսացւ
Եղիազար
Այնթապցիի
հակաթոռ
կաթողիկոսութեան,
ու
այդ
պատճառաւ
Առաջնորդ
Երուսաղէմի
տիտղոսով
Պոլիս
հաստատուելով,
յանուն
Ս.
Յակոբի
դրամ
կը
հաւաքէն
ու
գործերը
կը
վարէր
(1675-76),
իրեն
հակառակորդ
ունենալով
հանդերձ
օրուան
ՊԿ.
Անդրէաս
Երէցը:
Մարտիրոս
Քէֆէցիին
եւ
Եղազար
Այնթապցիի
ներհակ
ձեռնարկներու
մանրամասնութիւնները
տեսնել
(ժպե.
Ա.
հատ.
էջ
355-404):
1682ին
Եղիազար
Այնթապցիին
ամենայն
Հայոց
կթղ.
ընտրուելովը`
Մարտիրոս
Քէֆէցին
կարգուեցաւ
ՊԵ:
Ըստ
Օրագրութեան
Մինաս
Ամդեցիին`
Ս.
Տեղեաց
խնդիրներուն
համար
1682ին
Պոլիս
կ՚երթայ
եւ
Երեմիա
Չէլէպիի
միջնորդութեամբ
իրաւախոհ
կ՚ըլլայ:
Վերադարձին
Եգիպտոս
կը
հանդիպի,
հո'ն
կը
հիւանդանայ
ու
կը
վախճանի
1683ին
եւ
մարմինը
ը՚ամփոփուի
տեղւոյն
Ս.
Մինաս
մատրան
մէջ,
ինչ
որ
կը
հաստատէ
Երեմիա
Չէլէպի`
առ
Եղիազար
կթղ.
գրած
1690
թուական
նամակովն
ալ:
Մարտիրոս
պտրք.
Սկիւտարի
մէջ
կը
հիմնէ
հոգետուն
մը
Ս.
Յակոբի
միաբաններու
հիւրասիրութեան
համար,
ինչպէս
կը
յիշէ
Կարապետ
կթղ.
Ուլնեցի
իր
ինքնակենսագրութեան
մէջ.
(Երեւակ
1859
էջ
330).
նոյն
Հոգետունը
յետոյ
կը
նորոգուի
յիշատակարանի
մը
համաձայն`
որ
է
հետեւեալը.
«ի
հիմանէ
նոր
շիենցաւ
յարկս
վերնատնօք
եւ
միջնատնօք
եւ
ներքնատնօք.
արդեամբք
Տեառն
Գրիգորի
եւ
Տեառն
Յակոբայ
պատրիարքաց
Երուսաղէմի
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ի
վայելումն
նոցա
եւ
ամենայն
բարեկամաց
նոցա
եւ
սրբոյ
աթոռոյն
ջատագովչաց,
անծախ
եւ
անքակ
յիշատակ
սուրբ
Յակոբայ
որ
յԵրուսաղէմ,
որք
քակեն
կամ
ծախեն
զմասն
Յուդայի
առցեն:
»
Երեմիա
Չէլէպի
իր
Օրագրութեան
մէջ
(էջ
131)
կը
յիշէ
Մարտիրոս
վրդ-ի
մէկ
հոգածութիւնը
Ս.
Յակոբի
վանքի
մասին`
պատրիարքութենէն
առաջ.
«1656,
մարտ
27,
եշի.
առաւօտուն
Մարտիրոս
վրդ.
դաս
քաշեց
զէսէլի
թոռն
վասն
պառաւի
մը,
որ
կտակ
առնէ
Երուսաղիմայ
Լ.
ոսկի
եւ
էսէլի
թոռն
կուխրատէ
տեարք
պառաւոյն`
թէ
մի
տայք
զոսկին
եւ
նոքա
չեն
տար.
եւ
սորա
հետն
զգոմէշի
որդին`
զՅակոբն,
զի
հայրն
կտակ
արարեալ
Երուսաղիմայ
Ի.
ոսկի,
եւ
մինչեւ
ցայժմ
ոչ
ետուն.
վասն
այնորիկ
դաս
քաշեց».
դարձեալ
նոյն
Օրագրութեան
համաձայն`
Մարտիրոս
վրդ.
ուրիշներու
միջնորդութեան
վրայ,
Էսէլի
թոռան`
Խաչատուր
երէցին
բանադրանքը
կը
վերցնէ
եւ
կ՚արտօնէ
քահանայագործութիւնը:
ՌՃԼԱ
(=1682)
թուակաիով
Մարտիրոս
պտրք-ի
Օրհնութեան
մէկ
կոնդակը
կը
գտնուի
Վիեննայի
Ձեռագրաց
մատենադարանին
մէջ
(Տաշ.
Ցուց.
էջ
1034):
Հետեւեալ
հետաքրքրական
տեղեկութիւնները
կը
քաղենք
անկէ.
կոնդակին
վերը,
հրեշտակը
սկիհ
մը
բռնած
է
նշխարքով,
որուն
վրայ
Քրիստոսի
գլուխը
նկարուած
է:
Սկիհը
կեցած
է
բոլորակի
մը
վրայ.
որուն
մէջ
կնիքը
կայ`
«Յիսուսի
ծառայ
Մարտիրոս
վրդ.
Ղրիմեցի.
Պատրիարգ
Սրբոյ
աթոռոյն
Երուսաղէմի.
թվ.
ՌՃԺԶ
(=1667)
խորագրով.
կոնդակը
ուղղուած
է
1682ին
Լեհահայոց`
տուրք
եւյլն
հաւաքելու
իբր
լիազօր-հաստատագիր
Տէր
Սարգիս
վրդ-ին
ձեռօք.
նոյն
կոնդակին
մէջ
կը
յիշուին
Լեհաստանի
Իլով,
Ստանիսլաւ,
Զամոսցա,
Պրօտ,
Եազլովցա
եւ
Կամինից
քաղաքները,
ուր
կը
բնակէին
հայերը,
կոնդակին
համառօտ
բովանդակութիւնը
այս
է.
«այս
իե.
տարիէ
որ
առ
ձեզ
նուիրակ
անուն
զոք
չեմք
ուղարկեալ
…
վասն
որոյ
առաքեցաք
առ
ձեզ
աստուածասիրութիւնն
զմեր
հոգեւոր
եւ
սիրելի
որդին
զտէր
Սարգիս
նորընծայ
վրդ-ն
հանդերձ
այսու
Օրհնութեան
կոնդակաւս…:
Իսկ
ի
գալ
առ
ձեզ
սիրելի
որդւոյն
մերոյ
Սարգիս
վարդապետիս
ի
մի
վայր
ժողովեալ
զմիմեանս
յորդորեսջիք
եւ
սիրով
միաբանիք
լաւ
եւ
արդիւնաւոր
ժողով
առնիցէք
ի
միջի
ձեռում
յանուն
սրբոյ
Երուսաղէմայ
եւ
տայք
ի
ձեռն
սիրելի
որդւոյն
մերոյ
եւյլն.
».
վերջը
կը
գրէ.
«գրեցաւ
ՌՃԼԱ
(=1682)
Հայոց
թուին
եւ
ի
յամսեանն
Օգոստոսի
հինգ,
յաւուր
շաբաթի,
ի
մայրաքաղաքն
Կոսդանդնուպօլիս.
ի
դուռն
Սուրբ
Աստուածածին
եկեղեցւոյն.
»:
Մարտիրոս
պտրք.
ունի
մագաղաթեայ
ձեռագիր
Աստուածաշունչ
մը
(ՄՁ.
Թ.
150),
ընդօրինակուած
Պոլիս
ՌՃԺԴ
(=1665)
թուականին,
որ
կը
յիշուի
Թէոդորոս
պտրք-ի
1817
թուական
ցուցակին
մէջ:
Ղրիմցին
ունի
նաեւ
գրաւոր
աշխատութիւններ
եւ
երգիծական
ոտանաւորներ,
որոց
ցուցակը
տեսնել
(Տաշ.
Ցուց.
էջ,
1112):
Ս.
Յակոբի
իր
տուած
ուրիշ
յիշատակներուն
մասին:
տե'ս
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
(մհտ.
)
ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ
Վաճառական
Ագրա
քաղաքի
(Հնդկաց)
եւ
բարեգործ.
1611էն
առաջ`
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը,
ինչպէս
նաեւ
Հռովմ
եւ
ուրիշ
ուխտատեղիներ:
Իր
մասին
1612ին
գովեստով
տեղեկագրած
է
յիսուսեան
կրօնաւոր
մը
Joao
de
Velasco
հոգեւոր
իշխանութեան
ուղղեալ
գրով
մը.
մանրամասնութիւնները,
ինչպէս
մհտ.
Մարտիրոսի
տապանագիրը
եւ
մատրան
շինութեանպարագաները
տեսնել:
Հա.
1922,
էջ
489-90,
ընդօր.
1925,
էջ
340-46
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
ՏՀ.
կը
վախճանի
1734ին:
Իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«այս
է
տապան
հանգստեան
Հրեշտակապետի
րէյիզ
Բաղէշցի
Մարտիրոս
վարդապետի
որ
հանգեաւ
ի
թուին
ՌՃՁԳ»
(1734):
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՍՐԿ.
ԿԱՐԲԵՑԻ
(Արարատ
գաւառ.
)
Մբ.
ուխտաւորութեամբ
ՌՃՀԴ
(=1725)
թուին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
«ի
Ս.
Յարութեան
աշխարհամատրան
տաճարի
մէջն.
ի
յարեմտեան
կոմն
գերեզմանին
Քրիստոսի»
կ՚ընդօրինակէ
Ժողովածու
գիրք
մը
(Էջմ.
Ցուց.
Թ.
647),
ուր
գրած
է
կարեւոր
պատմական
յիշատակարան
մը,
որուն`
Երուսաղէմի
վերաբերեալ
մասը
կը
դնենք
հոս.
«ելի
յարեւելեան
երկրէն
ի
յԱրարատու
տանէն
Հայոց.
գիւղաքաղաքէն
կարբու
եւ
բազում
փափաքանօք
եկի
ի
սուրբ
եւ
աստուածակոխ
քաղաքս
Երուսաղէմ
ուխտի
սուրբ
գերեզմանին
Աստուծոյն
մերոյ
եւ
սրբոյ
ամենօրհնեալ
Աստուածածնի
եւ
սրբոյն
Յակոբայ
արիւնաշաղախ
գլխոյն…:
Եւ
եկեալ
ի
սուրբ
տեղիս
տնօրինականաց
եւ
յետ
յարութեան
զատկին
եւ
ես
մնացի
ի
սուրբ
Յակոբ
իբրեւ
միաբան
եւ
ծառայ»:
Յիշատակարանին
նայելով`
Մարտիրոս
սարկաւագ
Սաղմոսավանքի
Առաջնորդ
եւ
Աստուտծատուր
կթղ-ին
փոխանորդ
Կարբեցի
Յովասափ
վրդ-ին
եղբօրորդին
էր:
Յետոյ
կը
պատմէ
ցաւալի
դէպք
մը,
որ
տեղի
ունեցած
է
Մարտիրոս
սրկ-ի
ճանապարհորդութեան
ժամանակ.
այն
է`
ուխտաւորներ
տանող
նաւին
ընկղմիլը:
Ըստ
սովորութեան,
Պոլսէն
տարուէ
տարի
Երուսաղէմի
նաւը
ուխտաւորներ
կը
բերէր
եւ
այս
անգամ
նաւին
մէջ
եղած
են
200
Հայ
եւ
100
ուխտաւորներ,
շատ
մը
տաճիկ
նաւավարներով:
Նաւաբեկումէն
միայն
2
հայ,
2
յոյն
եւ
5
տաճիկ
կ՚ազատին,
ինչպէս
նաեւ
ինքը
Մարտիրոս
սրկ-ը,
վասն
զի
երբ
նաւը
խարիսխ
կը
ձգէ
Իզմիրի
առջեւ,
Ստամպոլցի
Երեմիա
վրդ-ը
զինքը
Իզմիր
կը
հանէ,
որպէսզի
իմանայ
թէ
հոն
ալ
ուխտաւորներ
կան
թէ
ոչ,
եթէ
կան
զանոնք
ալ
բերէ
նաւը.
բայց
Մարտիրոս
սարկաւագ
նաւահանգիստը
վերադառնալով
նաւը
չէ
գտած,
հովը
զայն
քշած
տարած
էր
եւ
խորտակած.
Մարտիրոսի
գոյքերն
ալ
ըկղմած
էին:
Ուրիշ
նաւով
ինքը
կը
հասնի
Երուսաղէմ,
ուր
կը
մնայ
իբր
սարկաւագ
եւ
ծառայ
եւ
կը
գրէ
այս
Ժողովածուն.
յիշատակարանիս
բնագրին
վերջին
մասը
աշխարհաբարի
վերածուած
ըլլալով
նոյնութեամբ
դրինք:
(Արարատ,
1888,
էջ
30-31):
1725ի
ծովամոյն
եղող
այս
ուխտաւորները
անոնք
են
որոնց
համար
Շղթայակիր
պտրք.
մարմարեայ
յիշատակարան
մը
շինել
տուած
է
մասնաւոր
արձանագրութեամբ:
տե'ս
Գրի.
պտրք.
Շղթայակիր
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԱՄԴԵՑԻ
1701ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
մնայ
մէկ
տարի.
ՄՁ.
Թ.
1238,
Նարեկի
մը
պահպանակին
վրայ
գրած
է
հետեւեալ
ինքնագիր
յիշատակարանը.
«ես
անարժան
յԱմթեցի
Մարտիրոս
անուամբ
եւ
եթ
կոչեցեալ
պիտակ
եւ
լոկ
վրդ-ս
եկի
յԵրսղմ.
եւ
Ա.
տարի
կացի,
թվին
ՌՃԾ»
(=1701):
Խապ.
Ցուց.
տետր
իթ
էջ
2173
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
ՏՀ.
(1735-1737).
կը
յիշատակուի
Ստամպոլցի
Կարապետի
որդի
Աստուածատուրի
կողմէ
տպագրուած
Մաշտոցի
մը
ձեռագիր
յիշատակարանին
մէջ.
վախճանած
է
1759ին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԲԱՍԵՆՑԻ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1857ին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԹՕԳԱՏՑԻ
Մբ.
փոխանորդ.
կը
վախճանի
1800ին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1862
թուին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՀԱԼԷՊՑԻ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
Գրի.
պտրք-ի
Շղթայակիրի
օրով,
ունի
թանկարժէք
յիշատակներ
Ս.
Յակոբի
գանձատան
մէջ:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՂՐԻՄՑԻ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1793ին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՄԺՆԿԵՐՏՑԻ
(Չարսանճագ)
Մբ.
կնիքը
1849.
ՏԲ.
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ
ՄՇԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1692ին
Համթեցի
Մինաս
պտրք-է
Ս.
Յակոբի
մէջ,
կը
յիշատակուի
նոյնին
Օրագրութեան
մէջ,
մինչեւ
1701:
Վանցի
Աղայամիրի
որդի
տէր
Խաչատուրին
խնդրանքով
բեթղեհէմի
մէջ
ՌՃԾ
(=1701)
թուին,
կ՚ընդօրինակէ
Նարեկացիին
Աղօթագիրքը:
ՄՁ.
Թ.
698
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՊԵՏՐՈՍՈՎ
Այլ
անուամբ
Սարգիս
Վարդապետեան
Կարնեցի,
Մբ.
կը
յիշատակուի
1854-1861
թուականներուն:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՊԻՒԼՊԻՒԼ:
Մբ.
1793ին
կը
միաբանակցէր
Բեթղեհէմի
մէջ:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Փոխանորդ
1788ին.
ապա
նաեւ
ՊԿ.
Յովհաննէս
Պաղտատցիին
փոխանորդ:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
1393ին
Լս.
Ս.
Փրկչի
վանքին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
1575ին
Սօղան
գիւղացի
(Խլաթ),
Կարապետին
ընդօրինակել
կուտայ
Գանձ
գիրք
խորագրով
ձեռագիր
մը
ի
յիշատակ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՎԱՆԵՑԻ
Մբ.
եւ
վանահայր
Վարագայ
վանքին,
Արահու
մականուամբ.
Բաղիշեցի
նշանաւոր
Բարսեղ
վրդ-ին
հետ
1608ին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
դիզուած
պարտուց
վճարման
կարգադրութիւն
ընելու
համար.
իր
մասին
գովեստով
կը
խօսի
Դարանաղցի
իր
Ժամանակագրութեան
մէջ
(էջ
324-25),
կը
յարէ
թէ`
«…
Մարտիրոս
անտի
եւ
Բարսեղն
աստից
քարոզիւ
եւ
դասիւ
ի
վերայ
սուրբ
Երուսաղիմայ
կողկողագին
պաղատանօք,
լալով
եւ
մեծաւ
ողբով
ծանուցին
զվտանգեալ
թշուառութիւնն
Յերուսաղիմայ
սուրբ
եւ
առաքելաշէն
Աթոռոյն
Ս.
Յակոբայ
վանանց
մեր
եւ
այլ
գերահռչակ
սուրբ
տնօրինական
տեղեաց
մասին
մերոյ.
որ
հոռոմն
եւ
ֆռանգն
կու
սպասեն
առնուլ
եւ
ինքեանց
գրաւել
վասն
կարի
առաւել
վերջին
աղքատութեան
եւ
տկարութեան:
Եւ
այսպիսի
մեծակական
ողբով
կակղացուցին,
շնորհօքն
Քի-ի
հաւանութիւն
ածին.
որ
կարապետ
անուն
խօճայ
մի
եօթն
բեռն
ստակ
էր
տուել,
եւ
այլք`
երկու
եւ
այլք`
մի
մի
բեռ
այլքն`
ըստ
կարեաց»:
Մարտիրոս
վրդ.
«բազում
գանձս
ոսկւոյ
եւ
արծաթոյ»
կը
հաւաքէ
եւ
Բարսեղ
վրդ-ն
ալ
Տիարպէքիր,
Եդեսիա
եւ
Հալէպ
գտնուող
Վանցի,
Ջուղայեցի
եւ
այլ
իշխաններէն
նուէրներ
ժողվելով
ուրախութեամբ
կը
հասնին
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ուր
երկու
վարդապետներու
եւ
ընկերեկից
նուիրատուներուն
համար
Միաբանութիւնը
կը
կատարէ
ջերմագին
ընդունելութիւն
մը,
պարտքերը
կը
վճարուին
եւ
նորոգութիւններ
տեղի
կ՚ունենան
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
(անդ.
էջ
326-27):
Մարտիրոս
վրդ.
Վանեցին`
երկրորդ
անգամ
ըլլալով`
ՌԿԹ
(=1620)
թուին
այցելած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
հետ
կնքած
եւ
ստորագրած
է
Ս.
Տեղեաց
խնդիրներու
նկատմամբ
լատիններու
հետ
գոյացած
համաձայնութեան
դաշինքին
տակ:
Նոյն
դաշինքին
լուսանկարը
կը
գտնուի
պատրիարքարանի
մէջ:
ՌԿԴ
(=1615)ին
Զաքարիա
գրչին
Մոկաց
աշխարհի
Դաշտ
ըսուած
մէջ
ընդօրինակել
տուած
իր
ձեռագիր
Աստուածաշունչը
կը
յիշատակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին:
Յիշատակարանի
մը
համաձայն
իր
ծնողքն
են
Կարապետ
եւ
Ջանաղ,
եղբայրները
Աւետիս
եւ
Մուրատ:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՎՐԴ.
ՎԱՆՑԻ
Մբ.
կը
վախճանի
1814ին:
ՄԱՐՏԻՐՈՍ
ՔՀ.
ԵՒ
ՈՐԴԻՆ
ԳՐԻԳՈՐ
ՔՀ.
ԽԻԶԱՆՑԻ
Երուսաղէմի
Դաւիթ
պտրք-ի
խնդրանոքվ
1596ին
Խիզանի
մէջ
կ՚ընդօրինակեն
Աստուածաշունչ
մը,
որ
կը
մնայ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
397),
իբր
յիշատակ:
Սոյն
ձեռագրին
լուսանցքներէն
միոյն
վրայ
գրուած
է
հետեւեալը.
«Դաւիթ
Ե.
կաթ.
եկն
յԵրուսաղէմ,
յամին
1620,
18
Յունուարի»:
Յիշեալը`
1591ին
ընդօրինակած
է
նաեւ
Ս.
Յակոբի
մէջ
Յայսմաւուրք
մը:
Մարտիրոս
քհ.
յիշատակարանին
մէջ,
(ՄՁ.
Թ.
1920)
իր
ազգականներէն
զատ,
կը
յիշատակէ
նաեւ
նոյն
ժամանակը
Ս.
Յակոբի
վանքը
գտնուող
կրօնաւորները
որ
են.
Աստուածատուրեպս.,
Սրիպիոն
րաբունապետ
ուռհայեցի,
տէր
Ղազար,
տէր
Յովհաննէս,
Պարոնտէրի
հօրեղբորդի
խըտրշահ
սարկաւագ,
տէր
Նահապետ,
տէր
Յոհան,
մհտ.
Սարգիս,
Փանոս
Ղարիպ,
Սարգիս,
Շաղաւաթ,
Պօղոս
Բաղիշեցի.
գիրքին
կազմողը,
Սարգիս
եպս.
Եւդոկիացի:
տե'ս
նաեւ
Խապ.
Ցուց.
տետր
իթ.
էջ
2208-2215,
Թորոս
Աղբար,
էջ
262-265
ՄԵԼԳՈՆ
(մհտ.
)
ԱՊՈՒՉԵԽՑԻ,
(Ակն)
Հացագործ,
1747ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
ի
յիշատակ
կը
նուիրէ
չիֆթիշի
կիտուածաւոր
եւ
ականակապ
սաղաւարտ
մը:
Ցուց.
պ.
ՄԵԼԳՈՆ
ՎՐԴ.
ԷՏԻՐՆԷՑԻ
Մբ.
ՏՌ.
1793ին.
Եւդոկիացի
Պետրոս
պտրք-ի
ընտրութեան
տեղեկագիրը
1794ին
կը
տանի
Կ.
Պոլիս
կայս.
հրովարտակ
ձեռք
բերելու
համար.
1800ին
Լս.
Ս.
Յարութեան,
յետոյ
Տեսուչ,
(ՄՁ.
Թ.
793).
1808ին
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ
կը
պատահի
հրդեհ
մը,
ուրկէ
Մելգոն
վրդ.
չկրնալով
փախչիլ,
զոհ
կ՚երթայ
բոցերուն
եւ
մարմինը
ածխացած
վիճակի
մէջ
կը
գտնուի:
Տաղասաց
մը`
մբ.
Անտոն
վրդ.
Եւդոկիացի`
հետեւեալ
կերպով
կը
նկարագրէ
Մելգոն
վդր-ի
նոյն
հրդեհին
մէջ
այրուիլը.
ողբ
ի
վերայ
Ս.
Յարութեան
խորագրով
գրած
քերթուածին
մէջ.
«Երբ
որ
բացին
տեղի
նորին.
Երեւեցաւ
այրեալ
մարմինն.
Տեսանողքն
արտասուեցին.
Առեալ
տարին
եւ
թաղեցին.
Տեղեաւ
կոչի
Էտիրնէցի.
Եւ
անուամբ
Մելգոն
յորջորջի.
Վարուքն
է
առաքինի,
Եւ
կացութիւնն
յոյժ
խղճալի»:
(Հայ
Աշուղներ,
էջ
115):
ՌՃՂ
(=1741)
թուին
Կտուց
անապատի
մէջ
ընդօրինակուած
Բենիկ
վրդ-ի
ձեռագիր
Աղօթագիրքը,
Մելգոն
վրդ.
իր
լուսարարութեան
օրով
նուիրած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՄՁ.
Թ.
793
ՄԵԼԳՈՆ
ՔՀ.
Կ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Գրիգոր
պտրք.
Շղթայակիրի
օրով
Ս.
Յակոբի
վանքի
սեպհականութեան
խնդրին
համար
Յունաց
հետ
տեղի
ունեցած
դատավարութեան
առթիւ.
«յիշատակաց
արժանի»
Մելգոն
քհ.
Կ.
Պոլսեցի
գրի
կ՚առնու
նոյն
դէպքը
հանդերձ
ընդարձակ
պարագայիւք:
Սաւալան,
էջ
849
ՄԵԼԻՏՈՆ
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
ԱՐԱՊՕՂԼՈՒ,
(Տարսիախ
գիւղէն)
Արքունի
ճարտարապետ.
–քանիցս
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կը
թողու
յիշատակներ,
որոնց
արձանագրութիւնները
հետեւեալներն
են.
1
0.
Տեառն
եղբօր
Աթոռի
կաթողիկէին
դրսի
կողմը.
-«վերադիտողութեամբ
Եղիազար
վարդապետին
կազմեցաւ
եպիսկոպոսարանս
ձեռամբ
մահտեսի
Մելիտոնին.
յիշատակ
իւր
եւ
ծնողացն.
ի
թվին
ՌՃԻԹ»
(=1680):
2
0.
Ս.
Ստեփանոսի
մատրան
դրան
վրայ.
-«Յիշատակ
է
դուռնս
Տարսիախցի
Մահտեսի
մելիտոնին
վասն
կենաց
իւրեան
եւ
կենակցւոյն
Մահտեսի
Նազլուին,
եւ
մահտեսի
զաւակացն
եւ
ծնողացն
հոգւոց
ի
թվին
ՌՃՁԲ»
(=1733):
3
0.
Ս.
Մինասի
սատափեայ
դրան
վրայ.
-«Յիշատակ
է
Աստուածասէր
Տարսիախցի
մահտեսի
Մելիտոնին
եւ
կողակցւոյն
հաճի
Նազլուին,
եւ
իբր
նռան
ծաղկի
ի
կարկտէ
մահուն
յանկարծահարեալ,
ի
քաւութիւն
հոգւոյ
հաճի
Սեդրաքին
եւ
կենդանի
որդւոցն
Հաճի
Գրիգորին
եւ
հաճի
Գէորգին
եւ
ամենայն
զարմից
նոցա.
ՌՃՁԶ»
(=1737):
Բեթղեհէմի
մօտ
եղած
ճանապարհի
անցքը
խիստ
նեղ
ըլլալուն
Մելիտոն
իշխանը
1732ին
իր
ծախքովը
ընդարձակել
կուտայ
որպէսզի
ուխտաւորները
հանգիստ
անցնին:
Շղթայակիրին
յորդորումով`
գնած
է
նաեւ
տուն
մը
ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ԳՐԻՉ
Մբ.
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
ժամանակ
ՌՁԲ
թուին
(=1633)
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ընդօրինակած
է
Նարեկը
ՉՀ
(=1321)
թուին
գրուած
Մարաթացի
Վարդան
վրդ-ի
Աղօթագրքին
հետ,
ի
մի
տուփ
ամփոփուած
կը
մնայ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ:
ՄՁ.
Թ.
1576
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ԵՊՍ.
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ,
ՏԱՒՈՒՇՑԻ
(Ղարապաղ)
Մբ.
Ծ.
1836ին.
աւազանի
անունը
Գարեգին.
հայրը
Գրիգոր
քհ.
որդեգիր
Եփրեմ
կթղ-ի
եւ
թոռն
Մուրատ
Միրզա
Գէորգի
Տէվլէթպէկեան.
եղբայրներէն
մին
քահանայ
եւ
միւսն
պետական
պաշտօնեայ.
աշկ.
Տփխիսի
Ներսիսեան
վրժ,
ի
եւ
սան
Ներսէս
Ե.
կթղ-ի.
ուսուցիչ
Ներսիսեան
վրժ-ի
(1857-1864).
Տեսուչ
Շուշիի
վարժ-ին.
ուսուցիչ
Երուսաղէմի
Ժառ.
վարժ-ին
1867ին.
Տեսուչ
նոյն
վարժ-ին
1871ին.
Խմբագրապետ
Սիօնի
1870ին.
Ձռ.
1869ին.
Նւ.
Ռուսաստանի,
Ռումանիայի,
ֆրանսայի,
Գերմանիայի
եւ
Զուիցերիոյ
(1871-74):
Անհամաձայնութեան
պատճառաւ
կը
մեկնի
Ս.
Յակոբի
վանքէն
եւ
կը
մնայ
Պոլիս.
Առ.
Զմիւռնիոյ
(1877-1888).
քարոզիչ
Գատը
գիւղի
Ս.
Թագաւոր
եկեղեցիին
(1888-1898).
Բ.
անգամ
Առ.
Զմիւռնիոյ
1898.
կը
վախճանի
Զմիւռնիոյ
մէջ
1903ին
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Ստեփանոս
եկեղեցիին
դրան
առջեւ:
1885ի
կաթողիկոսական
ընտրութեան
բեկանումին
առթիւ,
հրատարակած
է
Երկուխօսք
Ռուսաստանի
Հայոց
կրօնական
եւ
կրթական
վիճակին
վրայ.
(տպ.
1888,
Պոլիս),
իր
միւս
հրատարակութիւններն
են.
-Պատմութիւն
Հայ
Առաք.
Ս.
Եկեղեցւոյ.
(տպ.
Երուսաղէմ,
1872).
-Գարեգին
Սրուանձտեան,
ողբերգութիւն
(տպ.
Թիֆլիզ
1869).
-Եղծ
բանաքաղութեանց
Չամուրճեան
պատուելւոյն,
(տպ.
1866
Պոլիս).
-Ուխտ
հայրենասիրի
(տպ.
1868,
Երուսաղէմ):
-Կրթարան
աւետարանական
բանից,
ութ
դասեր
(տպ.
1868-1875,
Երուսաղէմ).
-Պատմ.
Նոր
Կտակարանի
(տպ.
1871,
Երուսաղէմ).
-Հովուական
Աստուածաբանութիւն
(տպ.
1892,
Պոլիս).
-Մելքիսեդեկ
եպիսկոպոսի
Զմիւռնիոյ`
նամականի
առ
Տ.
Կարապետ
երէց
Սեթեան:
(տպ.
1896,
Կալաց).
-Պետրոս
Շանշեանց
(տպ.
1898,
Թիֆլիս).
-Պատմ.
Քրիստոնէական
եկեղեցւոյ
(տպ.
1898,
Կալաց).
Տեսնել
ընդարձակ
կենսագրութիւնը
Գիւտ
Ա.
քհ.
Աղաենանցի
ստորագրութեամբ`
Լումայ,
1903
էջ
222-28:
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ՎՐԴ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Մբ.
1680ին.
կը
պաշտօնավարէր
Ռէմլէի
Ս.
Գէորգ
վանքին
մէջ:
Հաւանաբար
այսվրդ-ին
յիշատակն
է
արծաթեայ
ոսկեզօծ
եւ
ականակուռ
գօտի
մը,
որու
երեսին
վրայ
գրուած
է
«Տէր
իմ
Յս.
Ք.
որդի
Այ.
»
իսկ
ետեւի
կողմը
«պահեա'
զմելքիսեդեկ
վրդ-ն
թուին
ՌՃԺ.
»
(=1661):
Ցուց.
պ.
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ՎՐԴ.
ՀՈՎԻՒԵԱՆ,
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Մբ.
Ծ.
1874ին.
Ձռ.
1909ին
կը
մեկնի
Քէմախ,
ուր
կը
նահատակուի
1915ին:
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ՎՐԴ.
ՆՈՐԱՎԱՆՑԻ,
ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Մբ.
Ձռ.
1851ին.
աւազանի
անուն
Բարաղամ:
Կը
մեկնի
վանքէն
1857ին,
կը
վերադառնայ
1859ին:
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ՎՐԴ.
ՆՈՐԱՎԱՆՑԻ
Մբ.
1851ին
կը
վախճանի
Վանի
մէջ:
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ՔՀ.
ՄՈԿԱՑԻ
Մբ.
1636ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Պատկերազարդ
Աւետարան
մը
եւ
կը
յիշատակէ
նոյն
վանքին.
յիշատակարանը
կ՚ընդօրինակենք
հոս.
«…
ոմն
քհյ.
անուամբ
կոչեցեալ
Մելքիսեդեկ
Մոկացի.
որ
եւ
գործովս
հեռի
եմ
յամ.
բարութեանց
ցանկացայ
Ածախաւս
սբ.
աւետարաինս.
զոր
վաղուց
փափաքէի
ապաւինելով
ի
մարդասիրութիւն
Այ
եւ
ի
սրբոց
բարեխօսութիւն:
Արդ`
սկսայ
մեզսաթաւալ
անձամբ
եւ
անարուեստ
ձեռաւք
եւ
մեղսամած
մատամբս
ի
սբ
քաղաքս
Երսղմ.
ընդ
հովանեաւ
սբ
Յարութեան
եւ
լուսաբուղխ
սբ
գերեզմանին
քսի.
եւ
կափարիչ
սբ.
վէմին
եւ
սբ.
բանտին,
եւ
սբ
Յակոբայ
գլխադիր
սբ.
գերեզմանին
եւ
սբ.
Յակոբայ
տեառնեղբաւր
գերազմանին
եւ
սբ.
տաճարին
եր
սբ.
Հրեշտակապետին
եւ
այլ
ամ
սբ.
տնօրինականացն
քի
Այ,
որ
աստ
կան
հաւաքեալ
ի
սբ
քաղաքս
Երսղմ.
ի
թվականիս
Հայոց
ՌՁԴ
(=1635)
ամին.
ի
հայրապետութեան
սբ
Աթոռոյս
Երսղմ
քաղաքիս
տեառն
եղբարն
Յակոբայ,
տէր
Գրիգոր
արքեպիսկոպոսին
…:
…
որ
ստացայ
սբ
աւետարանս
յարդար
վաստակոց,
որ
բազում
աշխատութեամբ
եւ
տառապանաւք
գրեցի
եւ
ծաղկեցի
յիշատակ
բարի
հոգւոյ
իմոյ
եւ
ծնողաց,
հաւր
Բաշարաթին
եւ
մօր
Ինախփաշին
եւ
եղբարցն,
տէր
Յովհաննէս
կրօնաւորին,
եւ
Շէրբէկին
եւ
կողակցւոյն
իմոյ
Գուլաղին
եւ
իմ
որդւոյն
տէր
Յովհաննէսին
եւ
կողակցին
Փաշին
եւ
դստերն
Գուլաղին
եւ
իմ
քերց
Ջանաղին
եւ
իւր
որդւոցն
եւ
Գօղալաչին
եւ
իւր
որդւոցն,
եւ
Փաշին
եւ
իւր
որդւոցն
եւ
իմ
հաւր
եղբօրն
Աւետիսին
եւ
իմ
մեծ
պապին
Սինաքերիմին…»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
ե.
էջ
350-352,
նաեւ
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԵՍՐՈՊ
(մհտ.
)
ԱԵՂՔՍԱՆԴՐԵԱՆ,
ԲԱԲԵԼՈՆՑԻ
1834ին
Ս.
Յակոբի
կը
յիշատակէ
ոսկիէ
կանթեղ
մը:
տե'ս
Ցուց.
պ.
ՄԵՍՐՈՊ
ԱՐՔԵՊՍ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Նախորդ
Առ.
Ադրիանուպոլսոյ,
Կեսարացի
Աւետիք
արքեպս-ին
հետ,
Թէոդորոս
պտրք-ի
ժամանակ,
վարչութեան
որոշմամբ
քննչական
պաշտօնով
Ս.
Յակոբի
վանքը
կ՚այցելեն
եւ
ձեռք
քաշել
կուտան
այն
աշխարհական
գանձապետներուն`
որոնց
գործառնութիւններուն
հետեւանքով
տրտունջներ
եղած
էին:
Սաւալան,
էջ
1139
ՄԵՍՐՈՊ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՍՄԲԱՏԵԱՆ,
ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի.
Ծ.
1833ին.
ՁՌ.
1857ին.
իսկ
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1872ին.
արքեպս.
1888ին.
կթղ.
տեղապահ
1895ին.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
1910ին
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուր
կը
վախճանի
1911ին:
Վարած
է
զանազան
առաջնորդական
եւ
վանական
պաշտօններ,
ինչպէս
նաեւ
ունի
ազգագրական
հրատարակութիւններ.
տեսնել
իր
լիակատար
կենսագրութիւնը.
իր
Նկարագիր
Ս.
Ստ.
վանուց
Սաղեանի
գիրքը
(էջ
555-568):
ՄԵՍՐՈՊ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
Ծ.
1834ին
Էտիրնէի
մէջ.
աշկ.
Սարգիս
պտրք.
Գույումճեանի.
քարտուղար
փոխանորդարանի
1852ին.
Ձռ.
1857ին.
կ՚այցելէ
Ռումանիա
(1857-58).
քարտուղար
պատրիարքարանի
1860ին.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1864ին.
քննչական
պաշտօնով
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1864ին:
Վարած
է
քարոզչական
եւ
առաջնորդական
պաշտօններ
Տրապիզոն,
Եգիպտոս
եւ
Ադրիանուպոլիս.
1907ին
կը
վախճանի
Կ.
Պոլիս,
ազգ.
հիւանդանոցի
եկեղեցիին
կը
նուիրէ
իր
ծանրագին
եպիսկոպոսական
գզեստը:
ՄԵՍՐՈՊ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՏԷՐ
ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ,
ՂԱՐԱՊԱՂՑԻ
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի.
Ծ.
1865ին.
Ձռ.
1893ին.
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1909ին.
1897ին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուխտաւորութեամբ
եւ
կ՚զբաղի
նաեւ
գրչագիրներու
ուսումնասիրութեամբ:
Տիգրանեան
Մկրտիչ
եպս-ի
կողմէն
1872ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
մագաղաթեայ
Աւետարանին,
ինչպէս
նաեւ
Կեռան
թագուհիին
խնդրանօք
1272ին
ընդօրինակուած
եւ
Ակների
վանքին
նուիրուած
Աւետարանին
եւ
Վասակ
իշխանին,
Կարսի
Գարգիկ
թագաւորին
(1029-1065)
ընդօրինակել
տուած
Աւետարաններու
մասին
ուսումնասիրութիւններ
գրած
է.
(Բազմ.
1908,
էջ
103-109.
Անահիտ,
Թ.
տարի,
Թ.
10-12.
Ազգր.
Հան.
հատ-ի
1910,
Արարատ,
1910,
ապր.
)
Մեսրոպ
արքեպս.
վարած
է
սինոդական
եւ
Առ.
պաշտօններ.
եւ
1892ին
ուղեւորած
է
նաեւ
Վենետիկի
եւ
Վիեննայի
Մխիթարեանց
վանքերը.
1896ին
կազմել
սկսած
է
Ս.
Էջմիածնի
մատենադարանի
ձեռագիրներուն
մէկ
ընդարձակ
եւ
մանրամասն
ցուցակը
(անտիպ):
1903ին
կը
պատրաստէ
Ս.
Գրոց
հայերէն
թարգմանութեան
պատմութեան
վրայ
ռուսերէն
ուսումնասիրութիւն
մը
եւ
կ՚արժանանայ
Մագիստրոսի
աստիճանին.
(Մշակ,
Թ.
284):
Իր
միւս
հրատարակած
երկասիրութիւններն
են.
Կարապետ
եպս.
Սասնեցւոյ
Ներբողեան
յաղագս
վարուց
եւ
մահուան
Ս.
Վարդապետին
Մեսրոբայ
(տպ.
1897,
Վաղարշապատ).
Սոկրատայ
Սքոլաստիկոսի,
եւյլն.
Հատ.
Ա
եւ
Բ
(տպ.
Էջմիածին,
1897).
Նկարագրութիւն
հոգեւորական
վարուց
Յովսափու,
եւյլն.
(տպ.
Վաղարշապատ,
1898):
ՄԵՍՐՈՊ
ԵՊՍ.
ՄԱՐԱՇՑԻ.
Մբ.
նախապէս
Սսոյ
վանքին
միաբան
ըլլալով`
կը
վարէ
Անտիոքի
եւ
ապա
Այնթապի
առաջնորդութիւնը.
1860ին
կը
միաբանակցի
Ս.
Յակոբի
վանքին.
կը
վախճանի
1863
Մարտ
13ին,
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Փրկիչ:
ՄԵՍՐՈՊ
ԵՊՍ.
ՆՇԱՆԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1872ին.
հայրը
Նշան,
մայրը
Ազնիւ.
աշկ.
Ժառ.
վարժ-ի
(1887-1891).
Ձռ.
1898ին.
հաշուակալ
եւ
գանձապետ
Ս.
Յակոբի
վանքին
(1889-1906).
քարտուղար
եւ
գաւազանակիր
Մատթէոս
Իզմիրլեան
կթղ-ին
ի
Ս.
Էջմիածին
(1909-1910).
մատենադարանապետ
Ս.
Յակոբ
վանքին
1906ին.
տեսուչ
դպրոցաց
սկսեալ
1911էն
մինչեւ
ցարդ.
տեսուչ
տպարանի
1913էն
սկսեալ
եւ
կը
վարէ
ցարդ.
անդամ
վարչ.
ժողովի
(1907-8).
անդամ
Տն.
ժողովի
(1907-8
եւ
1921).
կ՚ընտրուի
Լսպ.
1922ին,
եւ
կը
վարէ
ցարդ.
1915ին
Ս.
Յակոբի
տպարանէն
հրատարակած
է
Գրիգոր
վրդ.
Դարանաղցիին
Ժամանակագրութիւնը
ընդարձակ
յառաջաբանով
մը.
Հայկական
տպագրութեան
400
ամեակին
առթիւ,
վանքին
1914ի
օրացոյցին
կցած
է
Ակնարկ
մը
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբեանց
տպարանին
վրայ
խորագրով
պատմական
յօդուած
մը.
կցելով
նոյն
տպարանին
սկիզբէն
հրատարակած
գիրքերու
ցուցակը:
Հանգուցեալ
Տիգրան
Սաւալանեանի
գրաբար
լեզուով
յօրինած
Երուսաղէմի
ընդարձակ
պատմութիւնը
Մեսրոպ
Սրբազան
մաքուր
աշխարհաբարի
վերածելով
յանձնած
է
տպագրութեան:
Ունի
նաեւ
գրական
եւ
բանասիրական
յօդուածներ
Տերացոյցներու
եւ
զանազան
լրագիրներու
մէջ.
տպագրութեան
համար
պատրաստած
է
Քէօմիրճեան
Երեմիա
Չէլէպիի
Օրագրութիւնը:
Լսպ.
Տ.
Մեսրոպ
Սրբազան
1923
Յունիս
22
թուականին
Երիքովի
մէջ
գնած
իր
սեպհական
պարտէզը,
որ
պտղատու
ծառէր
ալ
կը
պարունակէ
եւ
այժմ
երթէ
քսան
արտավար
տարածութիւն
ունի,
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ:
Ապա
վանքի
կողմէ
մասեր
գնուած
ու
կցուած
են
նոյն
պարտէզին:
Տնօրէն
ժողովը
ընդունելով
այս
նուիրատուութիւնը,
Միաբանութեան
անունով
իր
շնորհակալութիւնը
յայտնեց
ու
արձանագրեց
իր
պայմանները:
1926էն
սկսեալ
կը
պատրաստէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
Օրացոյցը:
Արձնգր.
Տն.
ժողովի
նիստ
ՃՀԴ.
1923
ՄԵՍՐՈՊ
ՊԵ.
Կը
գահակալէր
1008ին:
ժպե.
հատ.
Ա.
էջ
123
ՄԵՍՐՈՊ
ՊԵ.
805
ՀԻՃՐ
(=1402)
թուին
Ս.
Յակոբի
վանքին
գահակալ
կը
յիշուի
Եգիպտոսի
Մէլիք
Աշրաֆ
սուլթանէն
առնուած
հրովարտակի
մը
մէջ.
նոյն
թուականին
Արաբները
Հայոց
Ճառներ
ըսուած
գերեզմանատեղին
կը
գրաւեն
ու
նեղութիւն
կը
պատճառեն.
Մեսրոպ
անձամբ
Եգիպտոս
երթալով`
սուլթանին
կը
ներկայանայ,
ցոյց
կուտայ
հին
հրովարտակները,
եւ
կ՚ստանայ
նոր
հրովարտակ
մը
1402ին,
եւ
Հայք
կը
յաջողին
պահել
իրենց
գերեզմանատունը
եւ
խաղաղութեամբ
թաղել
իրանց
ննջեցեալները.
(ժպե.
հատ.
Ա.
էջ
218):
Այս
առթիւ
պէտք
է
դիտել
թէ
1402ին
Եգիպտոսի
սուլթանը
Մէլեք
Աշրաֆ
Սէյֆին
չէր
որ
կը
գահակալէր,
այլ
սուլթան
Ֆարակը:
1399-1412,
BՋdeker,
Egypte
et
Soudan,
1908,
XCII
ՄԵՍՐՈՊ
ՊԵ.
(1454-1461).
Անթուական
ձեռագիր
գանձարանի
մը
յիշատակարանին
գրիչը
Ներսէս
երէց`
որ
Երուսաղէմի
մէջ
ընդօրինակած
է
իր
ձեռագիրը`
հետեւեալ
կերպով
կը
յիշատակէ
այս
Մեսրոպ
պտրք-ը.
«ի
կաթ.
Հայոց
Տեառն
Կարապետի
եւ
յեպիսկոպոսութեան
սուրբ
քաղաքիս
ԵրուսաղիմայՏէր
Մեսրոպայ
եւ
Տէր
Աբրահամին
(մին
Աթոռակից)
եւ
այլ
ամենայն
միաբանացս
սուրբ
Յակոբայ
ամէն…»:
Նօտարք,
էջ
18
ՄԵՍՐՈՊ
(Ս.
)
ՎՐԴ.
որ
եւ
ՄԱՇՏՈՑ
Բազմերախտ
վրդ.
Հայ.
Ս.
Եկեղեցիին.
394ին
արքունի
քարտուղար.
406ին
գտիչ
հայկական
տառերու.
Ոսկեդարու
դպրութեան
գլխաւոր
հիմնադիրներէն
մին.
կ՚այցելէ
Ս.
Երուսաղէմ
յուխտ
եւ
յերկրպագութէւն:
Այս
մասին
ունինք
հետեւեալ
վկայութիւնը.
«մի
ի
նախեղելոց
վարդապետաց.
որ
ի
Հոգւոյն
Սրբոյ
խնամոցն
նշանագիր
երից
ազգացն
առնէր
(Ս.
Մեսրոպ),
Հայոց,
Աղուանից
եւ
Վրաց.
նա
այնւոհետեւ
ի
սուրբն
երթայր
յԵրուսաղէմ
մատուցանել
ուխտագրութիւն:
Անտի
դարձեալ
աշակերտօքն,
եւ
ընդ
ինքեան
ունելով
զխաչն
արծաթեղէն
ոսկի
խաչաց
տեսակով.
յորում
ի
տէրունեան
խաչէն
էր
մասնաւորեալ.
անցանելով
ընդ
Հայաստան`
ճանապարհէ
հասանել
ի
սահմանս
արեւելից.
ի
գաւառն
Ուտիական…»
(Կղնկայտ.
հատ.
Ա.
էջ
190):
Ս.
Մեսրոպ`
Սահակ
Պարթեւ
կթղ-ի
կենդանութեան
եւ
անոր
մահուանէ
վերջ
տեղակալ
կը
կարգուի.
կը
վախճանի
17
փետր.
437ին
եւ
կը
թաղուի
Օշական:
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
Մբ.
1701ին
կը
միաբանակցէր,
յիշատակարաններու
համաձայն:
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ԲԱՂԻՇԵՑԻ,
(ճգնաւոր)
1643ին
Բաղէշի
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Աւետարան
մը
եւ
բերելով
ս.
Երսղմ.
կը
յիշատակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
նոյն
ձեռագրին
մէջ
(ՄՁ.
Թ.
174)
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…
Մեսրոպ
բանի
սպասաւոր
Բաղիշեցի,
սկսեալ
զսբ.
աւետարանս
գրեցի
ես
եւ
տէր
Սահակ
վարպետն.
ծաղկեալ
ոսկով
եւ
տնօրինականօք
զարդարեցի
ըստ
կարի
մերում.
եւ
բերեալ
զսբ.
աւետարանս
ի
սբ.
քաղաքս
Երսմ.
եւ
եդի
յիշատակ
զսա
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ
ինձ
եւ
ծնողացս
եւ
տէր
Սահակին,
որ
հանգուցեալ
է
առ
քս.
եւ
բազում
աշխատեալ
առ
մեզ:
…
որզսբ.
աւետարանս
ետու
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ,
ի
թվին
Հայոց
ՌՂԲ…»
(=1643):
Ս.
Յակոբայ
վանքին
նուիրած
իր
յիշատակները
տեսնել
(ՄՁ.
Թ.
532):
Խապ.
Ցուց.
տետր
ժե.
էջ
1187
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ԳԱԼԹԱՔՃԵԱՆ,
ՆԱՐԵԿՑԻ
Մբ.
Ծ.
1834ին.
Ձռ.
1866ին.
ՏՊ.
(1869-71).
հիւրընկալ
1871ին.
ՏԴ.
(1873-74).
կը
պաշտօնավարէ
Կիպրոսի
մէջ
1874ին.
ՏԲ.
1875ին.
Բ.
անգամ
ՏԴ.
(1881-83).
1873ին
ընդօրինակած
է
Կարապետ
պտրք-ի
Տարեկան
քարոզք
գիրքը:
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ԳԱԼՉԸՆՃԵԱՆ,
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ
Մբ.
կնիքը
1824.
ՏՅՊ.
1838ին.
Այնթապցի
Յովսէփ
սրւ-ի
հետ
վանական
գործով
Ճիտտէ
կ՚երթան
1847ին.
խորհրդական
1850ին.
Յոպպէի
վանքին
աւագ
դրան
նաեւ
ուղղակի
եւ
սանդուխներու
վերին
աստիճանի
կամարին
վրայ,
Մեսրոբ
վրդ-ի
մասին
գրուած
է
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«ի
Պատրիարքութեան
Տ.
Գաբրիէլի
Արքեպիսկոպոսին.
ի
վայելումն
եւ
յիշատակ
ազգիս
Հայոց.
Յոպպէի
Ս.
Նիկողայոսի
վանքն
նորոգեցաւ
ի
դրանէ
մինչեւ
ցվեր
գեղեցիկ
սենեկօք.
ձեռամբ
եւ
աշխատութեամբ
Տիգրանակերտցի
Մեսրոբ
վրդ.
րէիզին,
յամի
տեառն
1840»:
Կը
վախճանի
1858ին
եւ
կը
թաղուի
Սիոնի
գերեզմանատունը.
հետեւեալն
է
իր
տապանագիրը.
«Ած
իմ.
Ողորմեա
եւ
լուր
ձայնի
մաղթանաց
իմոց.
Եդայ
ի
շիրիմիս
պաշտօնասատար
Սրբոյ
աթոռոյ
Երուսաղէմի
Տիգրանակերտցի
Գալչընճեանց
Մեսրոպ
վարդապետս
Կարապետեան:
Ոհ
մնամ
ակնապիշ
կարօտ
ողորմութեան
1858
Յնս.
29.
»
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ՄՈԿԱՑԵԱՆ
Մբ.
Վարագայ
վանքին.
Ծ.
1836ին.
1872ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
1892ին
կը
վախճանի
Երուսաղէմի
մէջ.
Խրիմեան
Հայրիկ
կը
գրէ
իր
հետեւեալ
տապանագիրը.
«Աստ
ի
հանգիստ
կալ
Տէր
Մեսրովպ
վարդապետ
Վարագայ
տան
հաւատարիմ
տնտես,
որ
երեսուն
տարի
ամբողջ
վարեց
տեսչութեան
պաշտօն
Վարագայ
խաչին,
խոնջած
մշակ
եկաւ
հանգչեցաւ
ի
վերջոյ
Սիօնի
հովանեաց
տակ
իւր
լծակից
Ղեւոնդին
քով,
մին
հողին
ու
հացին
մշակ,
միւսն
գրչին
ու
գրին
սիրահար,
ասացէք
Աստուած
ողորմի
զոյգ
հանգուցելոց
հոգիենրուն
ամէն:
Ծնեալ
1836,
վախճանեալ
1892»:
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ՊԱՂՏԱՏԻ
Առ.
Պաղտատի.
1855ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը,
եւ
այս
առթիւ
Պաղտատի
ժողովրդեան
հանրագիրովն
եւ
Յակոբոս
պտրք-ի
յանձնարարականով
կ՚ստանայ
ծայրագունութեան
աստիճան
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ:
Իր
նախաձեռնութեամբ
կառուցուած
են
Պաղտատի
Ս.
Երրորդութեան
եկեղեցին
1852ին,
Մուսուլի
Ս.
Էջմիածին
եկեղեցին
1857ին:
Վախճանած
է
Պաղտատի
մէջ:
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ՊՈՍԼԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1804ին.
1812ին
ընդօրինակած
է
Մարտիրոս
եպս-ի
1771ին
գրի
առած
կոնդակներու
եւ
բարեւագիրներու
հաւաքածոն
(ՄՁ.
Թ.
158),
ինչպէս
նաեւ
նոյն
թուականին
Պետրոս
եպս.
Բերդումեանի
Աստուածանմանութիւն
գիրքը,
որ
յօրինուած
է
1869ին:
Վախճանած
է
Երուսաղէմի
մէջ
1833ին.
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
բնիկ
միաբան
Պօլսեցի
ծերունի
Մեսրոբ
վարդապետին
որ
հանգեաւ.
այք
հանդիպիք
տուք
զողորմին
ի
ՌՄՁԲ.
յուլիս
29
(=1833):
»
ՄԵՍՐՈՊ
ՎՐԴ.
ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ,
ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ
Մբ.
Ծ.
1829ին.
Ձռ.
Աղթամարի
մէջ
1866ին,
կը
միաբանակցի
Ս.
Յակոբի
վանքին
1869ին.
ՏՓ.
1876ին.
հիւրընկալ
1878ին.
կը
հրաժարի
եւ
կը
մեկնի
1880ին:
ՄԵՍՐՈՊ
ՔՀ.
ՍԿԻՒՏԱՐՑԻ
1857ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
վերադարձին
Պոլսի
մէջ
կը
հրատարակէ
Աբրահամ
պտրք-ի
տապանագիրին
ընդօրինակութիւնը:
Երեւակ,
1858.
էջ
275
ՄԻՆԱՍ
ԵԱԼՏԸԶՃԻ,
ՍԿԻՒՏԱՐՑԻ
Ս.
Յակոբի
վանքին
խաչկալները
ոսկեզօծելու
համար
1847ին
Պոլսէն
Երուսաղէմ
եկած
էր.
1847ին
կը
վախճանի
Երուսաղէմի
մէջ:
Ս.
Յակոբայ
տաճարին
Աւագ
խորանի
ոսկեզօծեալ
խաչկալին
յիշատակարաններէն
մին
կը
վերաբերի
Մինաս
Սկիւտարցիին,
սա
վերատառութեամբ.
«ոսկեզօծեցաւ
ձեռամբ
Իւսկիւտարցի
Մինասին.
1847.
»:
ՄԻՆԱՍ
ԵՊՍ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
1820ին
ՓԿԵ.
կը
մասնակցի
Մայր
եկեղեցիի
օծման:
Ճառաճի
եւ
մոմաշէն.
յետոյ
գրապահ.
Ս.
Յակոբի
վանքին
մոմխանէին
դիմացի
սենեակը
ունի
յիշատակարան
մը,
որմէ
կը
հասկցուի
թէ`
1823ին
Մինաս
եպս.
ինքը
շինած
է
նոյն
քարուկիր
սենեակը
ծաղկէ
նկարներով
իբր
գրատուն.
յիշատակարանը
կը
դնենք
հոս
նոյնութեամբ
երեք
մասերովը.
-«Պայծառագեղ
ծաղկեայ
նկարք.
ամենուտեք
քաջայարմարք,
զորս
ի
սենեակ
աստ
գրքատան.
վեյելես
դու
ի
տես
ական.
գերապայծառ
Մինաս
անուն,
եպիսկոպոսըն
բազմարդիւն.
քաջ
նկարել
հոգացաւ
զսոյն.
ի
յիշատակ
իւրոյ
հոգոյն.
»
-«Ճարակ
մտաց.
է
բան
գրոց
հոգեպարգեւ
Ածաշունչ
մտաց
է
բան,
գրոց
սրբոց
վայելչահիւս
զետ
ծաղկայ
փունջ
է
բան
գրոց,
սրբոց
ոգման.
սրբասիրաց
սրբութեան
հունչ
Ածաշունչ
գէտ
ծաղկեալ
փունջ
սրբութեան
հունչ
մշտամռունջ»
-«Յերջանիկ
աւուրս
Պտրքութեան
տեառն
Գաբրիէլի
վեհին
Սսբազան,
այս
վայելչակերտ
սենեակ
գրքատան,
նորոգեալ
ցուցաւ
ի
գոյն
գեղազան.
Մինաս
վրդպտ
ծնունդ
բիւզանդեան.
եւ
եպիսկոպոս
տեղւոյս
միաբան.
ի
վայելս
անձին
երբ
էր
գրքապահ.
եւ
յետոյ
եդող
Յիշատակարան:
ՌՄՀԲ»
(=1823):
ՄԻՆԱՍ
ԾԱԼԵԱՆ,
ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ
Ծ.
1860ին.
նախ
աշկ.
ազգ.
վարժ-ին,
յետոյ
շրջանաւարտ
Ամերիկեան
Րոպերդ
գոլէճէն
1885ին.
ուսուցչական
եւ
տեսչական
պաշտօններ
վարած
է
եւ
զանազան
տեղեր.
Գատը
գիւղի
Արամեան
(1887-1892),
Պարտիզակի
Ազգ.
եւ
Բարձրագոյն
վարժարանները.
Եգիպտոսի
Գալստեան
երկսեռ
դպրոցին
մէջ
(1911-1914)
եւ
Եգիպտոսէ
դարձին`
դարձեալ
Պոլսի
թաղային
վարժարանները.
1914ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
քիչ
ժամանակ
մնալով
կը
վերադառնայ
հայրենիք:
Կրթական
պաշտօններէ
զատ
վարած
է
Պոլսի
Ուսումնական
խորհուրդի
անդամակցութիւնը.
եղած
է
երեսփոխան
Նիկոմիդիոյ
գաւ.
ժողովին
եւ
ատենապետ
Պարտիզակի
թաղ.
խորհուրդին:
1915ին
ընդհ.
պատերազմի
ժամանակ
ընտաննեօք
թէեւ
Գոնեա
տարագրուած
է,
բայց
ազատուելով
եկած
է
Պոլիս
եւ
կը
շարունակէ
իր
կրթական
գործը.
իր
գրական
աշխատութիւներն
են.
Դասընթացք
ընդհ.
պատմութեան,
Ե.
մասերով.
Գրիգոր
պատուելի
Փէլտիմալճեան,
բանախօսութիւն,
(տպ.
Գահիրէ,
1912):
Ունի
նաեւ
լրագրաց
եւ
հանդէսներու
մէջ
թարգմանութիւններ
եւ
զանազան
յօդուածներ:
ՄԻՆԱՍ
ՊԵ.
(1191-1205).
Ռուբինեանց
Լեւոն
Ա.
թագաւորին
օծման
եւ
թագադրութեան
հանդէսին
ներկայ
գտնուած
է
1198ին
միաբանութեան
կողմէն:
Սմբատ
Պատմիչ,
էջ
110.
Սիսուան,
էջ
470
ՄԻՆԱՍ
ՊԵ.
ՀԱՄԹԵՑԻ
(1698-1703).
Իր
ծնողաց
եւ
ուսուցչին
նկատմամբ
Էջմ.
Ցուց.
Թ.
1671
ձեռագիրին
յիշատակարանին
մէջ
կը
գտնենք
հետեւեալ
ծանօթութիւնը.
«որ
ստացաւ
(Մինաս
պտրք.
այն
ատեն
եպս.
)
զգիրս
պատմութեան
փափաքանօք.
ըստ
աստուածասէր
կամաց
իւրոց
եւ
գրասէր
բարուցն
ընդ
յոլովից
գրոց
պատուականից`
ի
վայելումն
անձին
իւրոյ
եւ
ի
յիշատակ
հոգւոյ
եւ
հոգեւոր
ուսուցչին
իւրոյ`
Մարկոս
վրդ-ի
Շէգնուշեցւոյ
ի
Տէր
փոխեցելոյ
եւ
մարմնաւոր
ծնողացն
մհտ.
Առաքելին
եւ
Հռիփսիմէի,
եւ
մամուն
իւրոյ
մհտ.
Պահրէ
եւ
ամենայն
արիւնառու
համատոհմ
ազգայնոց».
(Անեցի,
էջ
ժթ.
).
Ամդեցին
երկու
վրդ-ներու
հետ
եպս.
կը
ձեռնադրուի
Ս.
Յակոբի
մէջ
Եղիազար
կթղ-էն
1666ին.
Եղիազար
կթղ-ին
հետ
1680ին
կ՚ուղեւորի
Կ.
Պոլիս.
Կարնեցի
նահատակ
Գրիգորի
մարմինը
կ՚ամփոփէ
1682ին
Սամաթիոյ
Ս.
Գէորգ
եկեղեցիին
սեղանին
տակ.
Եղիազար
կթղ-ին
հետ
կը
մեկնի
Ս.
Էջմիածին
1682ին.
Նւ.
Ս.
Էջմիածնի
(1682-1685).
Ս.
Էջմիածին
կը
դառնայ
Եւդոկիայէն
եւ
կը
մնայ
հոն
(1686-1691).
կը
ժամանէ
Ս.
Երուսաղէմ
1692ին.
ուր
կ՚ըլլայ
աթոռակից
Պոլսեցի
Յովհաննէս
պտրք-ի
Երուսաղէմի
Նւ.
Հալէպի.
Կարնոյ
եւ
ուրիշ
գաւառներու
համար
(1695-1696).
դարձեալ
Ս.
Էջմիածնի
մէջ
(1696-1698),
ուր
Նահապետ
կթղ.
գահըկէց
կ՚ըլլայ
միաբանութեան
եւ
ժողովրդեան
հետ
ունեցած
գժտութեան
պատճառով,
եւ
Մինաս
Ամդեցի
12
եպս-ներու
հետ
կաթողիկոս
կ՚օծէ
Ջուղայեցի
Ստեփանոս
եպս-ը
որ
բանտին
մէջ
կը
վախճանի
1698
Յնվար
5ին.
կը
մեկնի
Պոլիս
1698ին.
նոյն
միջոցին
կ՚ընտրուի
պտրք.
Երուսաղէմի,
բացյ
կը
մնայ
մինչեւ
1701
տարին,
նոյն
տարւոյն
սեպտ-ին
կը
հասնի
Երուսաղէմ.
Ս.
Յակոբի
վանքին
պարտուց
համար
երկիցս
կը
բանտարկուի
1702
եւ
1703
թուականներուն.
(Քաղուածք
իր
Օրագրութենէն):
Կը
վախճանի
1704ին
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ.
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
Տեառն
Մինասայ
Ամթեցւոյ
Աստուածաբան
վարդապետի
եւ
սրբոյ
Աթոռոյս
առաջնորդի
որ
փոխեցաւ
ի
կեանս
վերին,
թուին
ՌՃԾԳ»
(=1704):
«Սարաֆ
Մահտեսի
Անտօնն
ետ
կազմել
զտապանս»:
(Իր
մասին
տեսնել
նաեւ
Թորոս
Աղբար,
էջ
458-459):
Ս.
Յակոբի
իր
տուած
յիշատակներու
մասին
տեսնել
ՄՁ.
Թ.
532:
Մինաս
պտրք.
յօրինած
է
1698ին
Ազգաբանութիւն
թագաւորաց
Հայոց
գիրքը.
(տպ.
1735,
Կ.
Պոլիս,
եւ
1870,
Ս.
Էջմիածին).
առաջին
անգամ
ըլլալով
ձեռագիրներու
հետ
բաղդատութեամբ
Պոլսոյ
մէջ
1700ին
տպագրել
տուած
է
Նարեկը.
ունի
Օրագրութիւն
մը
(անտիպ)
ՌՃԻԹ-ՌՃԾԳ
(=1680-1704).
թղթակցութիւն
կատարած
է
Լիվոռնիոյ
Ճուլապխանի
հետ
1702ին,
(սրգս.
Ցուց.
էջ
1240):
Աղեքսանդր
Ա.
Ջուղայեցի
կթղ-ին
Կ.
Պոլսէ
ուղղուած
1706
թուականով
եւ
448
կնիքներով
խնդրագիրի
մը
մէջ,
Մինաս
պտրք:
ի
մասին
հետեւեալ
աննպաստ
կտորը
դրուած
է.
«…
Մինաս
վրդ.
Ամդեցի
որ
բազում
պատճառաւ
եղեւ
յարաբարդել
զպարտսն
սուրբ
յԵրուսաղիմայ
մինչ
ԲՃ.
քիսէ.
միաբանեալ
ձեռամբ
չար
իշխանացն
յորժամ
եղեւ
առաջնորդ
յԵրուսաղիմայ».
(Կռունկ,
1861.
էջ
674):
ՉԾԸ
(=1309)
թուին
Փերուժ
ընդօրինակուած
ս.
գրոց
ձեռագիր
մը
յիշատակ
տուած
է
Ս.
Յակոբի:
ՄՁ.
Թ.
154
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԱԿՆԵՑԻ
Աշկ.
Ամրտօլցի
Վարդան
վրդ-ի,
ուխտաւորութեամբ
երկու
անգամ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1711ին
եւ
1743ին,
ԱՌ.
Մշոյ
Ս.
Կարապատին
(1730-1749).
ՊԿ.
(1749-1751).
կ՚ըիտրուի
կթղ.
ամենայն
Հայոց
(1751-E
1753):
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԱՄՐԻԿԵԱՆ,
ՄԱԼԱԹԻԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
Չնքուշի
վանքին
մէջ
1856ին.
1896ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
82
տարեկան
հասակին
մէջ
կը
վախճանի
Երուսաղէմի
մէջ
1909ին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԳԱՍԱՊԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1820ին.
ոխստ.
կանանց.
ընդօրինակած
է
թափուրի
տետրակ
մը,
որուն
մէջ
հետեւեալ
ծանօթութիւնը
կուտայ
իր
մասին.
վաթսընամեայ
հասակի
ի
միաբանութեանս
ժամարարական
պաշտօնի
ի
մերս
թիւ
ՌՄՀ
(=1821)
եւ
ի
մյիսի
իբ:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԳԱՐԱՀԻՍԱՐՑԻ
Մբ.
1680ին,
լս.
Ռէմլէի:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1853ին,
1860ին
կը
մեկնի
Ս.
Էջմիածին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ
Առ.
Էնկիւրիի
(1647-E1676).
1651ին
եպս.
կը
ձեռնադրուի
Էնկիւրիի
Կարմիր
վանքին
մէջ
Փիլիպպոս
կթղ-էն.
Նւ.
Ս.
Էջմիածնի,
երկիցս
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
առաջին
անգամ`
Փիլիպպոս
կթղ-ին
հետ
մասնակցելու
համար
Երուսաղէմի
ժողովին
(Ազգպտմ.
էջ
2457).
երկրորդ
անգամ`
1674ին
իր
ձեռանսուն
Սարգիս
Եւդոկիացի
աբեղային
հետ:
Միջամտած
է
Սսոյ
Խաչատուր
եւ
Դաւիթ
կաթողիկոսներու
ընտրական
գործերուն:
Չամչ.
Գ.
էջ
694-698
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ԿԱՐՆԵՑԻ
Աշկ.
Քղեցի
Ղուկաս
վրդ-ին.
ՌԿԳ
(=1615)
թուին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
կը
մեկնի
Ամիդ,
ուր
1616ին
ընդօրինակել
կուտայ
Տիգրանակերտցի
Յովհաննէս
գրչին
Հարանց
վարք
մը.
նոյն
ընդօրինակութիւնը
կատարուած
է
Յովհաննէսի
աշակերտներէն
Մինաս
եւ
Մելգոն
գրիչներու
ձեռքովն
այն
սկզբնագրին
վրայէն
որ
Մինաս
վրդ-ին
տրուած
էր
Գրիգոր
Պարոնտէր
պտրք-ին
կողմէն
(C.
G.
էջ
213-15).
Կարնեցին`
դարձեալ
Ս.
Կիրակոս
եկեղեցիին
մէջ
Մինաս
եւ
Եղիա
գրիչներուն
ընդօրինակել
տուած
է
1626ին
Համաբարբառ
Աւետարան
մը,
Ամիդի
Առ.
Բարսեղ
վրդ-ի
օրով:
Քարամ.
Ցուց.
էջ
11
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
(նահատակ)
Մբ.
1775ին
Պոլսեցի
Գալուստ
սարկաւագ
ուխտաւորութեամբ
այցելած
էր
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
ականատես
եղած
Եգիպտացի
Ապու
Տահապի
աւարառութիւններուն
Յոպպէի
մէջ.
կը
ծանօթագրէ
ձեռագիրներու
մէջ
թէ`
Ապու
Տահապ`
նոյն
թուականին,
7
մայիս,
Երեւման
խաչի
տօնին,
յարձակած
է
Յոպպէի
ժողովուրդին
վրայ,
սպանութիւններ
կատարած
եւ
ապա
կողոպտած
է
Հայոց
եւ
Յունաց
եւ
Լատինաց
վանքերը,
սրախողխող
ըրած
է
ա'յն
միաբանները`
որ
հոն
կը
գտաուէին.
քաղաքին
ծերերը
կ՚աւանդեն
թէ`
Մինաս
վրդ.
պատարագած
ատեն
սեղանին
առջեւ
գլխատուած
է.
տեսուչը
թէեւ
ջրհորին
մէջ
պահուըտած
է,
բայց
ան
ալ
հոն
նահատակուած
է:
ժպե.
հատ.
Բ.
էջ
107
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Տիգրանակերտի
1811ին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
Նւ.
Ս.
Կարապետի,
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
1749ին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
1827ին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ՊԱՐՈՆ
ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
1886ին
Ս.
Էջմիածինէն
գալով
կը
միաբանակցի
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆՑԻ
Մբ.
ՏՓ.
1680ին:
ՄԻՆԱՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
հիւրընկալ
1793ին:
ՄԻՆԱՍ
ՊԱՊԱ
ՎԷՔԻԼ
1642էն
սկսեալ
Ս.
Յակոբի
վենքին
ծառայութեան
մէջ
գտնուած
է.
1690ին
Պոլսեցի
Յովհաննէս
պտրք-ի
բացակայութեան
միջոցին
հաւատարմաբար
վարած
է
Ս.
Յակոբի
վանքին
գործերը.
ՌՃԼԹ
(=1690)
թուակիր
նամակէ
մը
կ՚տեղեկանանք
թէ`
նոյն
տարւոյն
Զատկին`
63
երեւելի
ուխտաւորներ
Ս.
Յակոբի
մէջ
ժողով
գումարած
եւ
գրած
են
Պուրսայի,
Էտիրնէի
եւ
Պոլսոյ
Ալթը
ճէօմթաի
հայ
ժողովրդեան
որ
հաւանութիւն
յայտնեն
Մինաս
պապան
դատարանի
միջոցաւ
վէքիլ
կարգելու
վանքին,
որպէսզի
զեղծարար
տարրերը
չկարողանան
միջամտել
եւ
վանքին
պարտքը
շատցնել.
նոյն
նամակը
յետոյ
կը
պարզէ
թէ
քաղաքին
շէյխերուն
ներկայութեան`
Մինաս
պապան
թէեւ
վէքիլ
կարզուած
է,
բայց
որպէսզի
հաստատուն
ըլլայ
իր
վէքիլութիւնը`
Պոլիս
կը
ղրկուի
ան`
իր
պաշտօնը
վաւերացնել
տալու
համար.
Մինաս
պապա
իր
վէքիլութիւնը
հաստատելու
եկ
վանքին
պարտքին
կարգադրութեան
համար
Պոլիս
կ՚երթայ
եւ
կը
վերադառնայ.
անոր
վէքիլութիւնը
կը
տեւէ
մինչեւ
Աւետիք
պտրք.
որ
Երուսաղէմի
պատրիարքութիւնը
միացնելով
Պոլսի
պատրիարքութեան
հետ`
հաշիւ
կը
պահանջէ
Մինաս
պապայէն.
վերջինս
դատարանի
միջոցաւ
հաշիւները
կուտայ
եւ
անպարտ
կ՚արձակուի:
Մինաս
պապայի
վէքիլ
կարգուելու
մասին
ուխտաւորներու
ղրկած
վերոյիշեալ
նամակի
օրինակը
տեսնել
Ս.
Յակոբի
վանքին
ղիւանատան
հին
վաւերագիրներուն
մէջ:
Մինաս
պապա
վախճանած
է
1707ին:
1703-1715
Ս.
Յակոբի
վանքը
կը
կառավարեն
աշխարհական
տեղակալներ.
որոնց
ճշգրիտ
եւ
տխուր
պատկերը
կը
նկարագրէ
Հաննէ
իր
Երուսաղէմի
Պատմութեան
մէջ
(էջ
105-112):
ՄԻՆԱՍ
(Տէր)
Հայոց
Ս.
Հրեշտակապետաց
վանքի
եկեղեցիին
Ս.
Հռիփսիմէի
մատուռին
աւանդատան
տախտակեայ
դրան
վրայ
փորագրուած
է
հետեւեալ
արձանագրութիւնը.
«Ի
հյկզն:
մեծ
թվկնին:
ՈՂԸ
(=1649)
աւելին:
Կղմցի
գռն:
Սբ:
Տճրիս
յիշտկ
տր
Մինասին,
Ձեռմբ
համթեցի
ճարապետի».
այս
յիշատակարանը
փորագրուած
է
դրան
ճիշդ
վերի
կողմը
մէջտեղը
շինուած
խաչի
մը
երկու
կողմերը:
Արձանագրութեանս
մէջ
յիշուած
տր.
Մինասի
ինքնութիւնը
մեզ
անծանօթ
է
եւ
նաեւ
յայտնի
չըլլար
թէ
եկեղեցական
ի'նչ
աստիճան
ունէր:
Դրան
այժմու
զետեղուած
տեղը
չյարմարիր
դրան
արձանագրուեթան
իմաստին,
հաւանական
է
որ
այս
դուռը
Ս.
Յակոբի
տաճարին
Ս.
Մինասի
մատուռին
հին
դուռն
է
որ
հոս
բերուած
ու
զետեղուած
է
երբ
նոր
դուռը
շինուած
է
նոյն
մատուռին
համար:
Նոյն
տէր
Մինասը
1662ին
ալ
շինել
տուած
է
Ս.
Յակոբի
տաճարին
մէջ
Ս.
Մակարի
դրան
սատափեայ
փեղկերը
եւ
հաստատած
է
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Աստուած
ողորմի
տէր
Մինասին,
որ
հոգած
զամենայն
ծախս
սորին,
դուռս
յիշատակ
սուրբ
գլխադրին,
կազմեալ
ձեռամբ
Մելիտոնին,
տեսանողքդ
ասէք
զտէր
ողորմին,
համայն
ազգի
նախնեաց
նորին,
ի
թուին
ՌՃԺԱ»
(=1662):
ՄԻՆԱՍ
ՔՀ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
ԵՒ
ՄԱՐԳԱՐ
ՔՀ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ.
Մինաս
քհ.
1638-1649
լս.
եղած
է
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքին.
1649ին
Ս.
Հրեշտակապետի
վանքին
ՄՁ.
Թ.
234
ձեռագիրին
յիշատակարանը
կը
յիշատակէ
Մինաս
երէց
Երզնկացին
հետեւեալ
կերպով.
«…
այս
սբ
գիրքս
որ
է
Մաշտոց
եւ
Աղաւթամատոյց,
որ
ստացաւ
զսա
մահտեսի
Մարիամն
ի
հալալ
ընչից
իւրոց
եւ
եդ
յիշատակ
ի
սբ
քաղաքն
Երուսաղէմ
ի
դուռն
սբ
Հրեշտակապետին.
եւ
որք
հանդիպիք
սմա,
ասացէք
Ած
ողորմի
իւր
հոգւոյն
եւ
իւր
ծնաւղին,
ամէն:
Թվականութեան
Հայոց
ՌՂԸ
(=1649),
ի
ժամանակին
յայնմիկ
է
լուսարար
սբ.
Հրեշտակապետին
Մինաս
երէց
Երզնկացին,
մեղաւք
լցեալ
խեղճ
ու
լալին,
որ
բազում
աշխատանս
կրեաց
վասն
նորոգութեան
սբ.
տաճարին,
ի
ներսէ
եւ
ի
դրսէ.
դ.
տարի
լուսարար
կացի
ի
տունն
սբ.
Հրեշտակապետին
իբրեւ
զմի
ի
մշակաց
կու
սպասաւորէի,
միթէ
հոգւոյս
մէկ
ճար
լինի,
ամէն
եղիցի.
»
(Խապ.
Ցուց.
էջ
385):
1638ին
Գալուստ
գրչի
ձեռքով,
հաւանաբար
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ընդօրինակուած
Սաղմոսի
մը
(ՄՁ.
Թ.
174)
ստացողն
է
եւ
կը
նուիրէ
զայն
Ս.
Յակոբի
վանքին
հետեւեալ
յիշատակարանով.
«…
ընդ
այս
փափաքաւղ
եղեալ
այսմ
տառիս
Երզնկացի
Մինաս
քհյն.
եւ
ստացաւ
զսա
ի
յարդար
գոյից
յիշատակ
հոգւոյ
իւրոյ
եւ
ծնողացն
իւրոց
Աթանասին
եւ
Հայոցին
եւ
կողակցին
Մինային…
եւ
եդ
յիշատակ
ի
սբ.
քաղաքն
Երուսաղէմ,
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ…»:
1671ին
Ս.
Յակոբի
վանքը
կ՚այցելէ
ուխտաւորութեամբ
Երզնկացի
Մարգար
երէց
եւ
կը
գրէ
այս
յիշատակարանը
նոյն
ձեռագիրին
մէջ,
«Երզնկացի
մեղաւոր
Մարգար
երէցս
յիշման
արժանի
առնէք.
մէկ
Հայր
մեր
ասացէք.
Ած
զձեզ
բարին
յիշէ.
Տօլվաթ
երէցկինս
յիշեցէք,
որ
զքէմխա
կապան
ետ
շապիկ
յիշատակ
(յ)երուսաղիմայ,
ի
դուռն
սբ.
Յակոբայ
…»
ՌՃԻ
(=1671):
Խապ.
Ցուց.
ՄԻՆԱՍ
ՔՀ.
ՍՏԱՄՊՕԼՑԻ
1644ին
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէրի
օրով
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ՄՁ.
Թ.
1703,
1337
թուականով
ձեռագիր
խազգիրքին
կամ
մանրուսմունքին
նուիրատուն,
որ
նոյն
ձեռագիրին
մէջ
ունի
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«յիշատակ
է
խազտետրս
ձեռօքն
Ստամպօլցի
Մինաս
երիցու
իդուռն
սբ
Յակոբայ,
ի
սբ
քաղաքն
յԵրուսաղէմ,
ի
հայրապետութեան
տէր
Գրիգոր
սրբակրօն
հայրապետին,
տէր
Ած
զինքն
երկայնաւորս
արասցէ
ամէն:
Եւ
դուք
հայրք
երաժիշտք
վարպետք
յորժամ
քաղցրաձայնէք
զտետրս,
զվերոյգրեալ
զտէր
Մինասն
յիշեցէք
ի
յաղօթս
ձեր.
տէր
Ած
զձեր
թողու,
ամէն:
Թիւ
ՌՂԳ
(=1644)
սեպ»
իդ.
օրն
գշի.
»:
Խապ
Ցուց.
ՄԻՐԱՔ
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
ԵՒ
ՆԱՀԱՏԱԿԵԱԼ
ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
Ս.
Փրկչի
վանքին
Սիոնի
գերեզմանատան
մէջ
կը
գտնուի
տապանաքար
մը,
հետեւեալ
բովանդակութեամբ.
«Այս
է
տապան
Բաղիշեցի
Մահտեսի
Միրաքին.
եւ
Տիարպէքիրցի
մահտեսի
կարապետին
եւ
Շամցի
Ժամկոչին
որք
նահատակեցան
ի
յայս
տեղի
ի
թվին
ՌՃԿԳ»
(=1714):
Այս
նահատակութեան
դէպքին
մանրամասնութիւնները
տեսնել:
Գրիգոր
աբ.
էջ
69
ՄԻՔԱՅԷԼ
ԱԲ.
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
աշկ.
Դաւիթ
Մերտինցի
պտրք-ի
(ՄՁ.
Թ.
482).
1608ին
Հալէպ
կը
գտնուի:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ԵՐԷՑ
ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ
(1706-1707).
Իբր
տեղապահ
Աւետիք
պտր-քի
կը
բազմի
Պոլսի
պատրիարքական
Աթոռը
ու
կը
վարէ
նաեւ
Ս.
Յակոբի
վանքին
գործերը:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՆԱԼԲԱՆՏԵԱՆՑ,
ՆՈՐ-ՆԱԽԻՋԵՒԱՆՑԻ
(1830-1866).
1861ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ճանապարհորդած
է
նաեւ
Եւրոպա,
Հնդկաստան
եւ
Զմիւռնիա.
իր
այս
ճամբորդութեան
նպատակի
մասին
տեսնել
Հիւսիսափայլ
թերթը
(1859.
էջ
379-404):
Իսկ
իր
գրական
գործերու
մասին
տեսնել
(Քնար,
էջ
571):
1866ին
իր
տարագրութեան
պատճառաւ
կանխահաս
մահ
մը
ունեցած
է
եւ
թաղուած
է
Նոր
Նախիջեւանի
Հայոց
Ս.
Խաչի
վանքը
ու
1904ին
անոր
գերեզմանին
վրայ
կառուցուած
է
իր
արձանը:
Իր
ընդարձակ
կենսագրութեան
համար
(տե'ս
Եր.
Շահազիզի
յօդուածները,
Լումայ,
1903,
1904):
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ԴԱՒԻԹԵԱՆ,
ՏՓԽԻՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1860ին.
Ձռ.
1889ին.
ՏՓ.
(1892-1894).
միաբանութենէ
կը
հրաժարի
եւ
կը
մեկնի
հայրենիք
1897ին
եւ
կը
միաբանակցի
Ս.
Էջմիածնի
վանքին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ՀԻՒՍՆԻ
ՄԱՆՍՈՒՐՑԻ
Մբ.
կը
միաբանակցէր
1862ին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
1701ին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
Ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
1834ին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ,
ՏՓԽԻՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1798ին.
Ձռ.
1836ին
Ատանայի
մէջ,
1871ին
միաբան
կ՚ընդունուի
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
Մբ.
Նւ.
Ռումելիի
1780ին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1803ին:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1822ին.
աւազանի
անունը
Սերովբէ:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ՏԻԿԷՐՄԷՆՑԻ
Մբ.
Լսպ.
1775ին.
կը
վախճանի
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Փրկչի
վանքին
մէջ:
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՎՐԴ.
ՄԱՐԱՇՑԻ,
ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Մբ.
Ձռ.
1849ին.
կը
վախճանի
Մարաշի
մէջ.
աւազանի
անուաը
Գաբրիէլ:
1875
Մայիսի
կտակագրին
համաձայն
115
հատ
րումելիի
արժեթուղթեր
յիշատակ
կը
թողու
Ս.
Յակոբի
վանքին:
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲ.
Մբ.
ՄՁ.
Թ.
271
Ճաշոցը
կը
նորոգէ
1691ին,
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը,
նոյն
ձեռագիրին
վերջը.
«ի
թուականիս
հայկազնեան
սեռիցն
ՌՃԽ
(=1691)
ամին
նորոգեցաւ
սբ
գիրքս
որ
է
ճաշու
գիրք,
կարճառօտ
ձեռամբ
Մխիթար
աբեղայի
ի
յառաջնորդութեան
սբ
եմյ
տն
Յովհաննէս
արհ.
եպիսկոպոսի
որ
նա
յորդորեաց
զմեզ
վասն
նորոգութեան,
զի
բազում
ժամանակ
այնպէս
անկեալ
ի
պոճախներս
անտերունչ
եւ
վասն
ի
խնդրոյ
մահտեսի
աշճի
Սահակին
որ
է
ի
յԱմթայ
քաղաքէն
եւ
նա
ետուր
բ
ասլանի
հալալ
վաստակուց
իւրոց,
եւ
նորոգեաց
զսբ
գիրքս.
յիշատակ
իւր
հոգւոյն
եւ
հօրն
Սաֆարին
եւ
մօրն
Ղարիբխաթին,
եւ
կողակցուն
Իսմանուն,
եւ
իւր
տանն
ընտանեացն
մեծի
եւ
փոքու
առ
հասարակ
ամենեցուն
ողորմեսցի.
…
եւ
զմահտեսի
Սահակն
բարեյիշատակ
պահեսցի…
զի
ժե.
տարի
սբ
Յակոբայ
միջումն
բազում
աշխատանք
է
կրեր.
եւ
գ
տարի
սբ
ծնունդն
աշշութիւն
է
արեր.
ֆըլայներու
տէրտն
եւ
նեղութիւն
է
կրեր.
…
Դարձեալ
Ած
ողորմի
ասացէք
Ստամպօլցի
մհտ.
Յովակիմին
որ
բազում
աշխատանք
կրեաց
ի
թուղթ
կոկելն.
եւ
դարձեալ
աղաչեմ
զձեզ.
ով
դասք
քահանայից
եւ
սարկաւագաց.
յորժամ
կարդայք
զսբ
գիրքս
ա
բերան
ած
ողորմի
ասացէք.
տխրեալ
Մխիթարս,
զի
խիստ
աշխատեցայ
ի
կարկատելն.
եւ
ի
յեղծած
գրերն
եւ
յայլ
պակաս
լինելն…
Յայսմ
ամին
բազում
նեղութիւն
եւ
պակասութիւն
եղեւ
ի
սբ
յերուսաղէմ,
վասն
ջրոյ
եւ
հացի
յիմ
ծովացեալ
մեղացն…»:
ՄԽԻԹԱՐ
ԱԲ.
ՎԱՆԵՑԻ
(Լիմ)
1680ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
յիշատակ
կուտայ
Աւետարան
մը
որ
1652ին
ընդօրինակուած
է.
իսկ
տեղն
ու
գրիչն
անյայտ.
ստացողը
Վարդան
վրդ.:
Մխիթար
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը
նոյն
ձեռագիրին
մէջ.
«Յիշատակ
է
սբ
աւետարանս
սբ
Յարութեան
եւ
լուսաբուխ
սբ
Գերեզմանին
Քս-ի.
տէր
Մխիթար
Վանեցի
աբեղայս
եդի
յիշատակ
ի
դուռն
սբ
Յարութեան…
եւ
իւր
ծնողացն
Ներսէսին
եւ
Շահզատէին…
ի
թվին
ՌՃԻԹ
(=1680)…
եւ
ի
յառաջնորդութեան
սբ
Երուսաղիմայ
տէր
Թօփալին,
որ
այսմ
ամի
ղապալով
էառ
ի
ձեռացն
Մարտիրոս
վարդապետին,
եւ
Մարտիրոսն
էառ
ի
ձեռացն
տեառն
Եղիազարու,
եւ
այսպէս
հակառակ
միմեանց
բազում
պարտք
դիզեցին
ի
վերայ
սբ
Յակոբայ:
Աստուած
զվերջքն
բարի
կատարի,
այժմ
Թօփալը
բերդն
ի
զնտանն
է
վասն
պարտուցն…
վարդապետի
իշխանութիւն,
որ
առաւ
ՌՃԴ
(=1655)
թվին,
ես
տէր
Մխիթար
որ
աւրհնուա
ՌՃԱ
(=1652)
թվին»:
Խապ.
Ցուց.
տետր.
Ը.
էջ
567-68
ՄԽԻԹԱՐ
ԱՆԱՊԱՏԱԿԱՆ
(Տանձիք
գաւառէն)
Կ՚ապրէր
Է
դարուն,
երկու
ընկերներու
հետ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Տնօրինական
Ս.
Տեղիքը,
եւ
կը
մնայ
տարի
մը.
Հոռոմշէնցի
հաւատարիմ
մէկու
մը
միջոցաւ
կ՚ստանայ
Ս.
Ստեփանոսի
եւ
Ս.
Գէորգի
մասունքը.
Երուսաղէմէն
վերադարձին`
կը
հանդիպի
Տաւրոս,
Անդրէի
Վկայարանը,
որուն
Թովմաս
սպասաւորէն
Ս.
Անդրէի
մասունքն
ալ
ձեռք
բերելով`
կը
տանի
ու
կը
զետեղէ
զանոնք
Արձախի
մէջ:
Կղնկայտ.
Բ.
գիրք,
էջ
418
ՄԽԻԹԱՐ
ԿՐՕՆԱՒՈՐ
ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Ս.
Յակոբի
վանքին
իբր
յիշատակ
կը
նուիրէ
մագաղաթեայ
արծաթապատ
աւետարան
մը:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԽԻԹԱՐ
ՄՈԿԱՑԻ
1609ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
կ՚ընդօրինակէ
Սաղմոս,
աղօթամատոյց
եւ
Տօնացոյց
ձեռագիր
մը,
Գրիգոր
Պարոնտէր
պտրք-ի
համար
եւ
կը
գրէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«…
Արդ
գրեցաւ
Սաղմոսարանս
ձեռամբ
…
գրչի,
Մխիթար
Մոկացոյ,
ի
սբ
քաղաքս
Երուսաղէմ.
ընդ
հովանեաւ
սբ
Յարութեանն
եւ
սբ
Յակոբայ
գլխադիր
սբ
աթոռոյն
եւ
այլ
ամ.
սբ
տնօրինութեանց
Քս
Այ
մերոյ.
ի
յառաջնորդութեանն
տր
Գրիգորին,
որ
վերակացու
եւ
հերպետ
էր
սբ
Յակոբայ
առաքելոյ
Աթոռոյն.
որ
ստացաւ
զսբ
գիրքս
ի
հալալ
եւ
յարդար
վաստակոց
իւրոց…:
Արդ
գրեցաւ
ի
թուականութեանս
Հայոց
ՌԾԸ
(=1609)»:
Խապ.
Ցուց.
տետր
6,
էջ
597
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
ԳԱՆՁԱԿԵՑԻ
(Գօշ)
1196ին
ուխտաւորութեամբ
այցելած
է
Տնօրինական
Ս.
Տեղիքը.
Կիրակոս
պատմագիր
կը
վկայէ
գրելով.
(էջ
237),
«ի
ՈԽԵ
(=1196)
թուին
կամեցաւ
(Մխիթար)
գնալ
յերկրպագութիւն
մարմնառիկ
տնօրինութեան
տեառն
մերոյ
Յսն
Քսի
ի
ս.
քաղաքան
Երուսաղէմ
եւ
լուսաբուխ
Գերեզմանին.
».
իսկ
ուրիշ
ձեռագիր
ժողովածու
մը
Գօշի
Երուսաղէմ
այցելութիւնը
կը
դնէ
ՈԽԷ
(=1198)
թուին.
(Տաշ.
Ցուց.
էջ
182):
Մխիթար
Գօշ
վախճանած
է
1213ին:
Մխիթար
Գօշի
գլխաւոր
երկասիրութիւնն
է
Դատաստանագիրքը
որուն
հրատարակութիւնը
1880ին
կատարած
է
Ս.
Էջմիածնի
միաբան
հանգուցեալ
Վահան
վրդ.
Բաստամեանց,
ընդարձակ
յառաջաբանով
եւ
ձեռագրական
համեմատութիւններով.
փափաքողները
կրնան
ծանօթանալ
Մխիթար
վրդ.
Գօշի
ընդարձակ
կենսագրութեան,
այդ
հրատարակութեան
շնորհիւ:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
ԱՍՏԱՊԱՏՑԻ
Մբ.
1720ին
Նւ.
Կարնոյ
եւ
Աստապատի:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ
Մբ.
ՏԲ.,
1693ին
հրաւիրակ,
զոր
կը
յիշէ
Մինաս
Ամդեցիին
Օրագրութիւնը.
Նւ.
Գողթնեաց
եւ
Պայազիտի
1695ին:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
Մբ.
1680ին
ՏՀ:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
ՏԷՐ
ՄԻՆԱՍԵԱՆ,
ՄՈԿԱՑԻ
Մբ.
Ծ.
1828ին.
նախ
քհ.
եւ
ապա
կ՚ստանայ
վեղար
1871ին:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
Մբ.
1365ին
կը
նահատակուի
Եգիպտոսի
մէջ:
ՄԽԻԹԱՐ
ՎՐԴ.
ՏԱՐՕՆԵՑԻ
(Ցրօնք
գիւղէն)
Միաբան
կ՚արձանագրուի
1840ին.
Ձռ.
1843ին:
ՄԿՐՏԻՉ
ԱԲ.
Մբ.
Լս.
Ս.
Յարութեան
եւ
Գողգոթայի,
1427ին.
Մարզուանի
Չարխափան
Ս.
Աստուածածնի
վանքին
մէջ
գտնուած
Մեկն.
Կաթ.
Թղթոց
ձեռագիրը
ընդօրինակուած
է
Ս.
Յարութեան
եւ
Գողգոթայի
տաճարներուն
մէջ,
որուն
ստացողն
եղած
է
այս
Մկրտիչ
աբեղան:
Հետեւալը
կը
գրէ
յիշատակագիրը
իր
յիշատակարանին
մէջ.
«փառք…
գրեցաւ
սա
ի
թուականութեանս
Հայոց.
ՊՀԶ
(=1427).
ի
կաթ.
Տեառն
Պօղոսի.
եւ
յեպս.
Երուսաղիմայ
Տէր
Մարտիրոսին:
Տէր
Աստուած
ողորմեա
ստացողի
գրոյս
Մկրտիչ
աբեղային.
որ
է
լուսարար
Սուրբ
Յարութեան
տաճարին,
եւ
Սուրբ
Գողգոթային.
եւ
գծողաց
սուրբ
տառիս
Տիրատուր
եւ
Վարդան
աբեղայիցս:
Յիշեցէք
զԵղսիաբէդ
հաւաատւորն,
որ
յոյժ
երախտաւոր
է
մեզ
ի
սուրբ
քաղաքս
Երուսաղէմ»:
Նօտարք,
էջ
82
ՄԿՐՏԻՉ
ԱԲ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
գաւազանակիր
Պետրոս
պտրք-ի:
Մկրտիչ
աբ.
1808
օգոստ.
21
թուական
նամակ
մը
ուղղած
է
Իզմիրցի
Պարոն
Խաչատուր
Չէլէպիի
(տե'ս
նամակը
Բիւզանդիոն,
Թ.
1845),
որմէ
կը
հասկցուի
թէ
Մկրտիչ
աբ.
կը
գրէ
եղբօրն
աւանդ
տուած
գումարի
մը
մասին,
եւ
կ՚աւելցնէ
հետեւեալ
շահեկան
տողերը.
զի
ես
վանքի
մարդ
եմ
եւ
զոր
ինչ
ունիմ
վախըֆ
է.
եւ
վախըֆի
փարան
չկամիմ
որ
իբրեւ
զհուր
ի
տուն
եղբօրն
իմոյ
անկեալ
այրեսցէ.
եւ
վնաս
լիցի
ի
հոգի
եւ
ի
մարմին.
ինքն
այր
մարդ
է.
թող
վաստկի
եւ
ապրի:
ՄԿՐՏԻՉ
ԱՐՔԵՊՍ.
ԵՐԵՒԱՆՑԻ
(Մեղրիկ)
Մբ.
Ծ.
1754ին.
1809ին
կը
մեկնի
Տփխիս,
ուր
կը
յօրինէ
տաղեր
Ս.
Երուսաղէմի
վրայ:
Նոյն
տարին
կը
գտնուի
Պոլիս
եւ
առժամաբար
կը
վարէ
Երուսաղէմի
փոխանորդութիւնը
Մարկոս
եպս-ի
հետ.
Նւ.
Թիֆլիսի,
Եփրեմ
կթղ-ի
1811
Մարտ
Ը.
Մէլիք
Աղա
Չիմլուտի
ուղղած
կոնդակին
համաձայն
(Արարատ,
1896).
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1812ին.
Լսպ.
1818ին.
Խորհրդական
1824ին.
Մկրտիչ
Արքեպս-ի
նախաձեռնութեամբ
Ս.
Յակոբի
միաբաններ.
քրձազգեացներն
ու
մայրապետները
կ՚որոշեն
որ
լուսարարապետի
մօտ
կնքուած
արկղ
մը
գտնուի
եւ
իւրաքանչիւր
միաբան
կենդանութեանը
իր
կտակը
գրի
առնէ
եւ
յանձնէ
Լսպ-ին
պահելու
նոյն
արկղին
մէջ.
կտակը
պիտի
ըլլայ
ի
նպաստ
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
ո'չ
ազգականներու
կամ
ուրիշներու,
միաբան
մը
տարին
մի
անգամ
կրնայ
փոփոխութիւն
մտցնել
իր
կտակին
մէջ.
անթուական
բնագիր
ձեռագիրէ
մը
քաղելով
այս
որոշումը
ստորագրողներու
անունները
ստորեւ
կը
դնենք:
Բացի
Մկրտիչ
Արքեպս-էն
ստորագրած
են
դարպասճի
Կարապետ
եպս.,
Կիպրացի
Սարգիս
աբեղայ,
ժամօրհնող
Սահակ
վրդ.,
խորհրդական
Յակոբ
վրդ.
ժամասաց
անտոն
վրդ.
Սահակ
վրդ.
Վանցի.
Հաճընցի
Եփրեմ
աբեղայ,
Գրիգորիս
վրդ.,
ժամասաց
Յովհնս.
վրդ.,
Կարապետ
վրդ.
Կարնեցի.
արանց
խոստովանահայր
Յարութիւն
վրդ.
Պոլսեցի,
Մեսրոբ
վրդ.,
Տատու
Սարգիս
վրդ.,
Ամասիացի
կարապետ
վրդ.
նախկին
ժամասաց
Սարգիս
վրդ.
Մշեցի
Թադէոս
վրդ.,
Հաճընցի
Սարգիս
աբեղայ.
Կեսարացի
գրագիր
Յակոբ
վրդ.,
Սարկաւագներ`
Յակոբ.
Նիկողայոս.
Հայրապետ.
թարգման
հաճի
Մուրատ.
Բ.
թարգման
եւ
ճապի
Յակոբ.
սենեկապետ
Աճեմ
Սարգիս.
ջաղացպան
հաճի
Մինաս.
Քիլէրճի
Ածատուր.
դռնապան
Մ.
Աբրահամ.
հացագործ
հաճի
Մինաս.
Մարսուանցի
ահճի
Սարգիս.
Շորապան
Մ.
Գալուստ.
Ժամկոչ
Պօղոս,
աճշի
Ղազար:
Մկրտիչ
Արքեպս.
կը
վախճանի
1838ին
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Փրկչի
վանքը,
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
Սրբոյ
Աթոռոյս
բազմաշխատ
միաբան
եւ
խորհրդական
աւագ
լուսարար
Երեւանցի
Մկրտիչ
Արք-եպիսկոպոսին
որ
յութսունեւչորս
ամօթ
հասակի
հանգեաւ
եւ
կը
խնդրէ
ի
հանդիպողացդ
տալ
զողորմին.
յամի
տեառն
1838
Յունիս
10»:
ՄԿՐՏԻՉ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՎԵՀԱՊԵՏԵԱՆ
կամ
ՄԱՆԻՍԱԼԵԱՆ,
ԳԱՂԱՏԱՑԻ
Մբ.
Սսոյ.
Ծ.
1849ին,
աւազանի
անունը
Կարապետ.
աշկ.
Էնկիւրիի
ազգ.
վարժ-ի
Ձեռ.
Սսոյ
Մկրտիչ
կթղ-էն.
յետոյ
նոյնէն
եպս.
1883ին,
Այնթապի
մէջ.
1885ին
Նւ.
Կիլիկիոյ,
Հնդկաստանի
մէջ
ալ
կը
մնայ
մէկ
տարի
եւ
կը
ներկայանայ
Լորտ
Տըֆրինի
եւ
պաշտօնապէս
կը
մասնակցի
տեւոյն
եպիսկոպոսական
եկեղեցիին
արարողութիւննրուն
(Արձագանգ,
1886).
1891ին
քաղաքական
դէպքերու
հետեւանքով
կը
տարագրուի
իր
ծննդավայրը
Գաղատիա.
յետոյ
1892ին
Երուսաղէմ.
1895ին
ներման
կ՚արժանանայ
եւ
կը
մեկնի
Պոլիս.
վարած
է
Ատանայի
առաջնորդութիւնը
եւ
այլ
քարոզչական
եւ
վարչական
պաշտօններ:
1910ին
կը
վախճանի
Մարաշ:
ՄԿՐՏԻՉ
ԱՐՔԵՊՍ.
ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ,
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻ,
(Հրաշագործ)
Ծ.
1815ին.
Ձռ.
1838ին,
Մշոյ
Ս.
Կարապատի
վանքին
մէջ.
1867ին
կը
ձեռնադրուի
եպս.
նոյն
տարին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
(Սիօն,
1867).
վարած
է
քննական
եւ
առաջ.
պաշտօններ
եւ
բազմաթիւ
ճամբորդութիւններ
կատարած
է
Պոլիս,
Հայաստան,
Կիլիկիա
եւ
Քիւրտիստան,
Մոլտովալաքիա,
Պուքովինա,
Յունաստան,
եւ
այլն.
իր
լիակատար
կենսագրութիւնը
տեսնել
իր
յօրինած
Հայելիգործոց
Տիգրանեան
վրդ-ի
խորագրով
գիրքին
(տպ.
1864).
ինչպէս
նաեւ
Զէյթունի
գործերը,
Քիւրտիսթանի
եւ
Մուշի
վանորէից
վարժարաններու
վիճակը
անունով
տետրակին
մէջ
(տպ.
Պոլիս,
1869):
1845ին
բանտին
մէջ
քրտերէնի
թարգմանած
է
Աւետարանը
եւ
նոյն
տարին
ալ
տպագրած
է.
1858ին
յօրինած
է
Քրտերէն
Քերական
մը
եւ
1863ին
Լապտեր
Լուսատու
գիրքին
Ա.
հատորը,
բարեսէր
անձերու
նպաստներովը:
Կը
վախճանի
Տիգրանակերտի
մէջ:
1872ին
մագաղաթեայ
Աւետարան
մը
նուիրած
է
Ս.
Յակոբի
ինչպէս
յիշած
ենք
(տե'ս
էջ
280):
ՄԿՐՏԻՉ.
ԿԹՂ.
ԽՐԻՄԵԱՆ
ՀԱՅՐԻԿ,
ՎԱՆՑԻ
Ծ.
1820ին.
հօրմէն
կ՚առնէ
իր
նախնական
ուսումը:
Իր
կնոջ
մահէն
յետոյ
Ձռ.
վրդ.
1854ին.
Աղթամարի
մէջ.
եպս.
կը
ձեռնադրուի
1868.
ՊԿ.
(1869-1873)`
պատուիրակ
Պերլինի
Վեհաժողովին
1878ին.
1891
Յունուարին
կը
տարագրուի
Ս.
Երուսաղէմ.
եւ
կը
մնայ
մինչեւ
1893.
Կթղ.
ամենայն
հայոց
(1893-1907):
Խրիմեան
Հայրիկ
իր
տարագրութենէն
առաջ
ալ
1850ին,
ուխտաւորութեամբ
այցելած
էր
Ս.
Յակոբի
վանքը,
ուր
Յովհաննէս
պտրքի.
քաջալերութեամբ
յօրինած
է
Հրաւիրակ
Երկրին
Աւետեաց
քերթուածը.
որ
Կ.
Պոլիս
կը
տպագրուի
1851ին
Պալեան
Կարապետ
Ամիրային
ծախքովը.
երկրոր
անգամ
դարձեալ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
քիչ
ժամանակ
կը
մնայ
ու
կը
մեկնի
Պոլիս:
Քառորդ
դար
վերջ
1891ին,
ինչպէս
վերեւ
յիշեցինք,
կը
տարագրուի
Կ.
Պոլսէն
Ս.
Յակոբ.
ուր
նոր
սրբագրութիւններով
1892ին
Հրաւիրակը
կրկին
կը
հրատարակէ
Ս.
Յակոբի
վանքին
տպարանէն
Կիւլպէնկեանց
հարազատներու
ծախքովը.
եւ
սկիզբը
կը
դնէ
հետեւեալ
յիշատակարանը.
«Ի
յիշատակ
հանգուցեալ
սիրեցելոյն
հօրն
Սերովբէի
Կիւլպէնկեան
կանգնեն
զՀրաւիրակս
իբրեւ
անմահ
մահարձան
որդիք
հարազատ
հայրասէր
եւ
երախտագէտ
Պատրիկ,
Յովհաննէս,
Կիւլապի
եւ
Յարութիւն»:
Խրիմեան
Հայրիկի
լիակատար
կենսագրութիւնը
եւ
հրատարակութիւնները
տեսնել:
Արաքս,
1888,
էջ
69-86.
Արարատ
1907,
Հա.
1907
Թ.
12
Դեկտ.
ՄԿՐՏԻՉ
ԿԹՂ.
ՍՍՈՅ,
ՔԷՅՖՍԻԶԵԱՆ,
ՄԱՐԱՇՑԻ
Մբ.
Ծ.
1818ին.
աշկ.
իր
ծննադավայրին
թաղային
վրաժ-ին.
աւազանի
անունը
Կարապետ.
կ՚ամուսնանայ,
բայց
քիչ
յետոյ
կնոջ
վախճանումով
կ՚այրիանայ
եւ
Սսոյ
վանքին
կը
միաբանակցի
եւ
կ՚ստանայ
սարկաւագի
աստիճան.
հոն
տարի
մը
մնալէ
ետք
կը
դիմէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ուր
1849ին
Ա.
Թարգման
կը
կարգուի.
ՏԴ.
1853ին.
կը
մերժուի
Միաբանութենէն
1856ին.
քարոզիչ
Սկիւտարի
Ս.
Կարապետ
եկեղեցիին
1858ին.
Առ.
Գաղատիոյ
(1858-1864).
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1860ին.
1868ին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբ
եւ
կը
նորոգէ
իր
ուխտը.
(Սիօն,
1868
էջ
95):
Առ.
Եգիպտոսի
(1864-1866).
կ՚այցելէ
Բերիա
եւ
Ուլնիա
(1866-1871).
կթղ.
Կիլիկիոյ
(1871-1894):
1894
փետր.
5ին
գրած
նամակով,
իւր
նախկին
միաբանակցութիւնը
յիշելով`
Երուսաղէմի
պատրիարքութեան
կ՚առաջարկէր
թողուլ
իր
բոլոր
հարստութիւնը,
պայմանով
որ
Երուսաղէմի
Ժառանգաւորացը
Սրբոց
Յակոբեանց
Աթոռոյն
եւ
Կիլիկիոյ
Աթոռոյն
վարժարանը
կոչուի.
եւ
գոնէ
20
կիլիկեցի
եւ
20
ոչ-կիլիկեցի
աշակերտներ
պահէ.
իր
մարմինը`
ուր
որ
ալ
մեռնի
Երուսաղէմ
փոխադրուի
եւ
Ս.
Փրկչի
բակը
թաղուի.
եւ
ամէն
տարի
Հոգեգալուստի
օրը
իրեն
համար
Հոգեհանգիստ
կատարուի,
առաջարկը
ընդունելի
չէ
եղած
եւ
մերժուած
է
համաձայն
տեղեկագիրին
Գաբրիէլ
Անոյշեան
վարդապետի,
որ
յատկապէս
Բերիա
յղուած
էր,
ուր
կը
գտնուէր
Քէֆսիզեանը
խօթագին
վիճակի
մէջ
(Ազգպտմ.
Գ.
Մաս,
էջ
5012):
Մկրտիչ
կթղ.
կը
վախճանի
Հալէպ
1894
նոյ.
15ին
եւ
կը
թաղուի
Ս.
Քառասնից
եկեղեցւոյ
մէջ,
իր
տապանագիրն
է
հետեւեալը.
-«Ծնեալ
1818
ի
Մարաշ,
Դիտէ
անցորդ
դու
զայս
տապան
Ուր
հանգչի
պետն
Կիլիկիոյ
տան.
Սուրբ
Սիօնի
էր
միաբան
1860
Էջմիածնայ
եպիսկոպոս
1871
Մկրտիչ
Ա.
կաթողիկոս
1894
հանգեաւ
եւ
եդաւ
ի
հոս»:
Մկրտիչ
կթղ.
հրատարակած
է
Առաջնորդ
Սրբազան
Տեղեաց
խորագրով
գրքոյկ
մը:
տպ.
Պոլիս.
1858
ՄԿՐՏԻՉ
ԵՊՍ.
ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ,
ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻ
Մբ.
հայրը
Պետրոս,
մայրը
Թագուհի,
եղբայրները
Թգւոր
եւ
Վրթանէս,
ոքյրը
Եւպրաքսէ.
ընդհանուր
պատերազմին
եօթանասուն
եւ
հինգամեայ
մայրը
եւ
եղբայրները
Պարտիզակէն
տեղահանուելով
ընտանեօք
տարագրուեցան
եւ
ճանապարհին
վախճանեցան:
Մկրտիչ
եպս.
Ծ.
1863ին
Պարտիզակ.
աշկ.
տեղւոյն
Ներսիսեան
ազգ.
վարժարանի,
Եղիշէ
Դուրեան
վրդ-ի
տեսչութեան
օրով,
յետոյ
օգն.
ուսուցիչ
կրօնի
եւ
թուրքերէն
լեզուի.
սարկաւագութեան`
ուսուցիչ
Ատափազար
եւ
Նիկոմիդիա,
Ձռ.
1890ին
Նիկոմիդիոյ
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցիին
մէջ.
Առ.
փոխանորդ
Նիկոմիդիոյ
եւ
այցելու
հովիւ
Պօլուի
(1890-94).
իբր
Նիկոմիդիոյ
առաջն.
փոխանորդ`
ի
հիմանէ
վերաշինել
կուտայ
Չէնկիլէրի
Ս.
Մինաս
եկեղեցին
ժողովրդային
նպաստներով.
Առ.
Քէօթահիոյ
եւ
Աֆիոն-Գարահիսարի
(1895-1905),
իր
այս
պաշտօնավարութեան
մէջ
ի
հիմանէ
շինել
կուտայ
Էսկիշէհիրի
Ս.
Երրորդութիւն
եկեղեցին
եւ
օծումը
կը
կատարէ.
Առ.
Եգիպտոսի
(1905-1912).
1910ին
կը
ձեռնադրուի
եպս.
կը
հրաժարի
Եգիպտոսի
առաջնորդութենէն
եւ
կը
վերադառնայ
Պոլիս,
ուր
կ՚անդամակցի
Կեդր.
Վարչութեան
Կրօն.
Ժողովին.
(1912-1914).
քննիչ
Պանտրմայի
ընտրական
գործոյ.
կը
վարէ
Սկիւտարի
Ս.
Կարապետ
եկեղեցիին
քարոզչութիւնը
(1914-1916):
Ընդհ.
Պատերազմի
ժամանակ,
1916ին
վեց
եկեղեցականներու
հետ
Կ.
Պոլսէն
ացմաքի
ճամբով
կը
տարագրուի
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
հոն
կը
մնայ
առանձնացած
(1916-1921).
Միաբանական
ժողովոյ
որոշմամբ
կ՚ընդունուի
միաբան
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
կ՚ընտրուի
Նախագահ
Վարչ.
Ժողովի`
Բրիտանական
հոգատար
պետութեան
կառավարիչ
Սթորսի
պաշտօնագրովը
1921ին,
կը
նախագահէ
Միաբան.
Ժողովի
այն
նիստին
որ
ընտրեց
Երուսաղէմի
պատրիարքը`
Տ.
Եղիշէ
Ս.
Արքեպս.
Դուրեանը,
որուն
գահակալութեան
առթիւ,
Ս.
Յակոբի
տաճարին
մէջ
յանձնեց
պատրիարքական
Ասան
եւ
յատենի
եկեղեցւոյ
ուղերձով
մը
շնորհաւորեց
նորընտիր
պատրիարքը
Միաբ.
Ժողովի
անունով.
Վարչ.
Ժողովի
պաշտօնը
վերջ
գտնելով`
կ՚ընտրուի
Տնօրէն
Ժողովը,
վանքին
կանոնագրին
համաձայն,
Մկրտիչ
եպս.
կ՚անդամակցի
նոյն
ժողովին
եւ
կ՚ընտրուի
ատենապետ
եւ
պատրիարքական
փոխանորդ:
1920է
սկսեալ
կը
դասախօսէ
Ժառ.
Վարժ-ի
մէջ
կրօնագիտութիւն,
եկեղեցական
պատմութիւն
եւ
բարոյագիտութիւն
եւ
մինչեւ
ցարդ
կը
վարէ
նոյն
պաշտօնը:
1910ին
հրատարակած
է
Տղոց
Կրօնագիտութիւնը
անուա
դասագիրքը.
պատրաստած
է
Քրիստոնէական
եկեղեցւոյ
տէրունական
տօներու
ծագումը
(անտիպ)
ինչպէս
նաեւ
Միաբանք
եւ
այցելուք
հայ
Երուսաղէմի
խորագրով
սոյն
գիրքը:
ՄՐԿՏԻՉ
ԵՊՍ.
ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ
Իր
կնոջ
մահուանէն
յետոյ
կ՚ստանայ
վեղար.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
1766ին
կը
կարգուի
Նւ.
Հնդկաց.
կը
վերադառնայ
եւ
կը
ներկայացնէ
իր
հաշիւները
եւ
կ՚ուղեւորի
Ս.
Էջմիածին.
նոյն
տարին
կը
ձեռնադրուի
եպս.
Կարապետ
պտրք-ի
խնդրանաց
համաձայն,
իր
ձեռնադրութիւնը
կը
կատարուի
իբր
միաբան
Ս.
Յակոբի,
եւ
վերստին
կը
կարգուի
Նւ.
Հնդկաց.
հաւանութեամբ
Սիմէոն
կթղ-ի.
բայց
Մկրտիչ
եպս.
`
իր
ուխտագրին
մէջ
աւելցնել
կուտայ
սա
կտորը.
«Եթէ
հարկ
լիցի
զի
ի
միաբանութիւն
Սրբոյ
Երուսաղէմի
անկարելի
լիցի
ինձ
մնալ,
ի
յելանելն
իմ
անտի
ոչ
յայլ
ուրեք
գնացից.
բայց
ի
Սուրբ
Աթոռս
եկից
եւ
կամ
Ջուղա
ի
սուրբ
Ամենափրկիչ
վանքն
մեր
գնացից».
(Դիւան,
Գ.
էջ
643):
Առ.
Ջուղայու
1769ին.
միջոց
մը
կ՚առանձնանայ
Շիրազի
մէջ
եւ
կը
վայելէ
Քէրիմ
խանի
շնորհները.
կը
վերադառնայ
Ջուղայ
եւ
1787ին
կը
վախճանի
եւ
կը
թաղուի
Ամենափրկչեան
վանքի
եկեղեցւոյն
արեւմտեան
կողմը.
տեսնել
նաեւ
(Ջուղայ.
Բ.
հատ
էջ
63-66).
Ս.
Յակոբայ
իր
յիշատակներու
մասին
տեսնել:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԿՐՏԻՉ
ՈՐԴԻ
ՂԱԶԱՐԻ
Ս.
Յակոբի
վանքին
մէջ
ընդօրինակած
է
ՌՁԶ
(=1637)
թուին
ճառընտիր
մը,
հին
եւ
ընտիր
օրինակէ.
սոյն
ձեռագիրը
կը
գտնուի
այժմ
Վենետիկ
Մխիթարեանց
Մատենադարը.
(Սրգս.
Ցուց.
Թ.
512.
Աթանաս,
էջ
Թ):
Այս
ճառընտիրին
ստացող
եղած
է
Զաքարիա
քհ.
Լովայ
Աւագերէցը.
որդի
Գասպար
քհ-ի:
Մկրտիչ
գրիչ
1635ին
Լովի
մէջ
ընդօրինակած
է
նաեւ
կանոնագիրք
մը,
որ
կը
գտնուի
այժմ
Ս.
Էջմիածնի
ձեռագիրներու
Մատենադարանին
մէջ:
Էջմ.
Ցուց.
Թ.
76
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԵ.
(708-730):
Յպե.
էջ
33
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԵ.
(1366-1381).
Երբ
պատերազմի
պատճառով
Ս.
Յարութեան
տաճարի
դուռները
կը
փակուին,
Մկրտիչ
պտրք.
քանի
մը
միաբաններով
կրկին
անգամ
Գազա
կը
տարուի
ուր
սպառնալիքներու
տակ
կը
նահատակուին
Գրիգոր
եւ
Կիրակոս
աբեղաները.
եւ
յիշատակարաններու
համաձայն
Մխիթար
րէլիզ
եւ
միայնակեաց
մը
Եգիպտոս
կը
տարուին
եւ
կը
նահատակուին:
Ժպե.
Հատ.
Ա.
էջ
212
ՄԿՐՏԻՉ
ՊԵ.
ԻԼՈՎԵՑԻ
(1476-1485).
որդի
Յովհաննէսի
(ժպե.
Հատ.
Ա.
էջ
236).
Ս.
Յաւոբի
վանքը
ընդօրինակուած
աւետարանի
մը
յիշատակարանը
կը
հաստատէ
Իլովեցիին
պաշտօնավարութեան
թուականը.
նոյն
յիշատակարանը
կը
դնենք
հոս.
«գրեցաւ
ի
ս.
քղքս.
Երուսաղէմ,
ընդ
հովանեաւ
Ս.
Յակոբայ
որդոյն
Զեբեթեայ.
որ
է
աթոռ
ս.
հայրապետին
տն.
եղբաւրն
Յակոբայ
առաջին
պատրիարքին…
եղեւ
կատարումն
սորա
ձեռամբ…
Սիմէոնի
ի
յառաջնորդութեան
ս.
ուխտիս
Տէր
Մկրտիչ
Արհիեպիսկոպոսին
Իլովեցւոյն
եւ
համշիրակ
եղբաւրն
իւրոյ
Խաչատուր
վրդ-ին…
ի
թվին
ՋԼԴ»
(=1485):
Թօփ.
Ցուց.
Թ.
78,
էջ
52
ՄԿՐՏԻՉ
ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ
ԵՒ
ՈՒՐԻՇՆԵՐ
Ս.
Թորոս
եկեղեցիին
մէջ
Ջուղայեցի
Մկրտիչի
եւ
ուրիշներու
անուամբ
կայ
խաչքար
մը,
որուն
1601
թուով
արձանագրութիւնը
կը
դնենք
հոս.
«Յիշատակ
ղ
խաչըս
Չուղայեցի
Մկրտիչ.
Օվանէս,
Սուլթան
փաշա,
Պապաջան.
թվ.
ՌԾ»
(=1601):
ՄԿՐՏԻՉ
(մհտ.
)
ՍՐԿ.
Մբ.
Ս.
Էջմիածնի,
1640ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
ընդօրինակած
է
Աւետարան
մը,
որուն
յիշատակարանէն
կը
քաղենք
հետեւեալը.
«փառք…
որ
ետ
կարողութիւն
ինձ
անարժան
եւ
նուաստ
գրչի
մահտեսի
սարկաւագ
Մկրտչիս,
քանզի
ես
նուաստ
Մկրտիչս
սբ.
Էջմիածնա
եկի
ի
սբ.
յեմ.
եւ
գրեցի
զսբ.
աւետարանս:
Վասն
որոյ
խնդիր
եղաւ
սմա
Ածասէր
եւ
բարեմիտ
Ջուղայեցի
խոճա
Սարուխան
եւ
ստացաւ
զսայ
ի
հալալ
արդեանցն
եւ
արդար
վաստակոցն
եւ
եդ
յիշատակ
ի
Հալապ
քաղաքի
դուռն
սբ
Ածածնին…
իւր
հաւրն
Վարդանին
եւ
ծնողացն
Հռիփսիմէին
եւ
կողակցոյն
Մարիամ
խաթունին
եւ
Թուրվանտին
եւ
Դշխոյին
եւ
որդոցն
Սիմէոնի,
Վարդանին,
Սարգսին,
Մեսրոպին
դստերն
Հռիփսիմէին.
եւյլն»:
Հալէպ,
Ցուց.
Թ.
42
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԱՐԾՐՈՒՆԵԱՆ:
ԿԱՄ
ՏՐ:
ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
ՏՅ.
եւ
ՏԴ.
հետեւեալները
անոր
ընդօրինակութիւններն
են.
Աղիւսակք
տօմարագիտական
1835ին,
որ
ունի
սա
յիշատակարանը.
«ի
յաշխարհամատրան
սուրբ
տաճարն.
առ
ընթեր
կեսնատու
սրբոյ
Գերեզմանին
Քրիստոսի.
»
(թ.
109).
1838ին
հաւաքումն
ոմանց
տարակուսական
բանից
եղելոց
ի
տրամանաբանութիւն
կովտնայ,
ընդօրինակուած
Ս.
Յարութեան
տաճարին
մէջ.
(ՄՁ.
Թ.
982).
1845ին
ընդօրինակած
է
Մխիթար
Գօշ
վրդ-ի
Մեկնութիւն
մարգարէութեան
Երեմիայ
գործը
հետեւեալ
յիշատակարանով.
«ընդօրինակեցաւ
ձեռամբ
անիմաստ
գրչի
Մկրտիչ
վրդ-ի
տէր
Մարտիրոսի
Արծրունեան.
ի
սուրբ
Երուսաղէմ.
1845
հատոր
առաջին,
յառաջիկայ
գլխոյ
մինչեւ
ցվերջ
երեսուն
եւ
մի
գլուխն.
»:
Մկրտիչ
վրդ.
այս
յիշատակարանէն
զատ,
վերջին
ձեռագրիս
մէջ
ունի
իր
հետեւեալ
Օրագրութիւնը,
զոր
Բաբգէն
Սրբազան
բնագիրէն
Վիեննայի
մէջ
ընդօրինակած
եւ
մեզ
յանձնած
ըլլալով
կը
դնենք
նոյնութեամբ.
«1849,
Ապրիլ
29
ելաք
ի
Դամասկոսէ.
ժամանեցաք
ի
Վերիտոն
ի
3
մայիսի.
ի
6
նոյն
ամսոյ
ելաք
ի
Լիբանան
ի
վանս
վերափոխման
սրբոյ
կուսին.
ի
8
վերադարձաք
անտի
ի
Վերիտոն.
ի
9
Յունուար
կիւրակի
սրբազան
կաթողիկոս
Հայոց
ուղղափառաց
եկեալ
ի
Հոռմայ.
եմուտ
ի
քարանթինան.
ի
13
ելեալ
ի
Վերիտոնէ
դիմեցաք
յԵրուսաղէմ
քաղաքն.
ի
25
ժամանեցաք
անդ.
ի
29
մայիսի
տուաք
զհաշիւն
երկուց
ամաց
առաջնորդութեան
արդեանց
վանացն
Սրբոյն
Սարգսի
որ
ի
Դամասկոս.
ւե
տէրունական
ուխտաւորաց:
Ն
Յունիս
12
բացաք
զդուռն
սուրբ
Յարութեան
տաճարին.
ի
27
ի
նաւահանգիստ
Յոպպէ
գնալ
ի
Տիբերիա,
6
Յուլիսի
ելաք
ի
Յոպպէէ
ու
ի
13
աւուր
ամսոյն
հասաք
ի
Վերիտոն.
ի
7
Յուլիսի
ելաք
ի
կաթողիկոսարանս
եւ
ի
վանս
վերափոխման
կուսին.
իսկ
ի
յերրորդ
աւուր
Օգոստոսի.
ի
յիններորդ
ժամու
տուաք
զդաւանութիւն
ուղղափառ
սուրբ
հաւատոյն
ի
ներկայութեան
աստուածընտիր
սրբազնակատար
կաթողիկոսին
Տեառն
Գրիգոր
Գ.
եւ
Պետրոսի
Ը.
եւ
համայն
սրբագումար
միաբանութեան
եպիսկոպոսաց,
վարդապետաց,
քահանայից
հարց
եւ
եղբարց.
եւ
ի
հնգետասաներորդում
աւուր
օգոստոսի.
յաւուր
կիւրակէի,
հրամանաւ
սրբազան
քահանայապետին
մերոյ
եւ
հոգեւոր
Տեառն
մերոյ
սկսաք
զսուրբ
խորհուրդսն
մատուցանել
ի
փառս
ամենասուրբ
երրորդութեանն:
Ամենանուաստ
ծառայ
ծառայիցն
Աստուծոյ
Մկրտիչ
վարդապետ
Արծրունեան»:
Մկրտիչ
վրդ-ի
դաւանափոխութեան
մասին
տեսնել
նաեւ
(նաե.
էջ
33):
Յիշեալը
զղջալով
այս
դաւանափոխութեան
վրայ`
վերադարձած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը
եւ
կարգուած
է
դարպասընկալ
Յովհաննէս
պատրիարքի
ժամանակ:
Մկրտիչ
վրդ.
ճամբորդութիւն
մը
կատարած
է
դէպի
Հայաստան.
եւ
վերադարձին`
1853ին
հանդիպած
է
Հաճըն
եւ
օթեւանած
է
տեղւոյն
Ս.
Յակոբ
Մծբնայ
հայրապետի
վանքը.
որուն
ձեռագիրներուն
մէջ
կը
գտնէ
29
մագաղաթեայ
թերթերէ
բաղկացեալ
տետրակ
մը,
առանց
թղթահամարի
եւ
պակասաւոր.
հինգերորդ
թուղթին
լուսանցքին
վրայ
գրուած
է
եղեր
կարմրագրով
հետեւեալը.
թարգմանեալ
յասորոց
ի
Հայ
լեզու
յընտիր
գաղափառէ.
յաւուրս
Գրիգորի
Մագիստրոսի,
եւ
որդւոյ
նորա
Գրիգորի
վկայասէր`
որ
է
Վահրամ,
ի
քաղաքն
Սիս:
Ըստ
յայտարարութեան
Մկրտիչ
վրդ-ի
այս
տետրակը
կը
պարունակէ
եղեր
Աբգարու
կնոջ`
Հեղինէի
Երուսաղէմ
գալը
եւ
շինած
եկեղեցիները
եւ
այլն.
(Արծունեան,
էջ
5-6):
Մկրտիչ
վրդ.
իր
վերադարձէն
յետոյ
յօրինած
է
նաեւ
Բացատրութիւն
հրաժարման
եւ
զղջման
գիրքը
(տպ.
Երւոսաղէմ,
1854)
1853ին
ալ
ընդօրինակած
է
Բարոյական
Աստուածաբանութիւն
գիրքը
(ՄՁ.
Թ.
220).
1859ին
հրատարակած
է
Ստորագրութիւն
Սրբոյ
քաղաքին
Երուսաղէմի
աշխատութիւնը.
ունի
նաեւ
անտիպ
քարոզներ:
Իր
դաւանափոխուեթնէն
առաջ
ալ,
1841ին
հսկած
է
Ս.
Աթոռիս
տպարանէն
հրատարակուած
խորհըրդատետրի
տպագրութեան.
որուն
գործակցած
են
Սիմօն
դպիր
երուսաղէմացի.
գրաշար
Մ.
Յովհաննէս
Մարաշցի.
Քրձ.
Մ.
Գրիգոր
Տիգրանակերտցի.
Վախճանած
է
1861ին
Երուսաղէմի
մէջ:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
1507ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
յիշատակ
կուտայ
Աւետարան
մը
որուն
յիշատակարանէն
քաղուած
հետեւեալը.
«դարձեալ
ես
նուաստ
Մկրտիչ
վարդապետ
եդի
զաւետարանս
յիշատակ
ի
սբ.
Երուսաղէմ.
ի
թվին
ՋԾԶ
(=1507),
ի
սոյն
ժամանակի
տր.
Յովհաննէս
կաթողիկոս
Երուսաղէմի
եւ
Սսու
եկն
առ
մեզ…»
յիշատակարանը`
որ
շատ
անընթեռնլի
է`
յետոյ
կը
յիշատակէ
ուրիշի
կողմէ
գրաւի
դրուած
45
շուրջառներուն
ազատելը
Յովհաննէս
կաթողիկոսին
ձեռքով
եւյլն:
Հայ
Անկիւրիա
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԵՐԶՆԿԱՑԻ,
ՏՐ.
ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Մբ.
Ծ.
1837ին.
Ձռ.
1866ին.
Տեսուչ
դպրոցներու
1869ին.
ՏՅ.
(1872-75).
անդամ
Տն.
Ժողվի
1876ին.
թարգման
1882ին.
կը
հրաժարի
Միաբանութենէն
եւ
կը
մեկնի
Կարին.
ապա
Պոլիս
ուր
1882
Յունիս
23ին
բողոքագիր
մը
կը
մատուցանէ
պարտուց
բարձման
Յանձնաժողովին
որ
յետ
քննութեան
կը
մերժէ
զայն:
Մկրտիչ
վրդ.
Պոլսէն
Սիս
կը
մեկնի.
կը
վարէ
Հալէպի
առաջնորդութիւնը
(1889-1890):
Մկրտիչ
վրդ.
1890ին
Միւռոնօրհնութեան
ժամանակ
եպս.
կը
ձեռնադրուի
Սսոյ
մէջ
Քէյֆսիզեան
Մկրտիչ
կթղ-էն
Իսահակ
անւոնով,
եւ
կը
կարգուի
նախ
առ.
Մալաթիոյ
եւ
ապա
տեսուչ
Սսոյ
Ժառ.
վարժ-ի:
Իսահակ
եպս.
խնդրի
մը
պատճառաւ
կը
գժտուի
Մկրտիչ
կթղ-ին
հետ
եւ
վերջինս
զանիկա
կը
ղրկէ
ապաշխարութեան
համար
Սշոտիի
Ս.
Յակոբի
վանքը
ուր
1895ին
կը
նահատակուի:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԷՏԻՐՆԵՑԻ
Մբ.
1803ին:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԷՏԻՐՆԵՑԻ
Դաւիթ
անուն
աբեղայի
մը
հետ
իբր
հրաւիրակ
Գաբրիէլ
պտրք-ի
Կ.
Պոլսի
վարչութեան
կողմէն
1824ին
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
Մկրտիչ
վրդ.
յետոյ
Կիպրոս
ալ
կը
հանդիպի
եւ
հոն
հողեր
կը
գնէ
տեղւոյն
եկեղեցիներուն
ի
նպաստ:
Կիպրոս,
էջ
72
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Մբ.
Սսոյ,
իբր
ուղեկից
Սսոյ
Սահակ
կթղ-ի
1902ին
ուխտաւորութեամբ
կ'այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
Ծ.
1867ին.
Ձռ.
1895ին:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԿԱՐՆԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1820ին.
Նւ.
Թիֆլիզի,
ապա
կարգաթող:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ
Մբ.
Մշոյ
Ս.
Կարապետի.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը.
կնիքը
1837:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ԿԵՍԱՐԱՑԻ
Մբ.
1800ին
ՏՅՊ.
կը
վախճանի
1818ին:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ՂՐԻՄՑԻ?
Մբ.
լսպ.
Մկրտիչ
արքեպս-ի
ձեռնասունը,
որ
քսանեւութ
տարեկան
կը
վախճանի
ու
կը
թաղուի
Սիոնի
գերեզմանատունը.
այս
է
իր
տապանագիրը.
«Սա
էր
մանուկ
հոգւով
լցեալ,
որպէս
ծաղիկ
թառամեալ,
ի
տապանին
յայսմիկ
եդեալ.
կսկծալից
զմեզ
թողեալ:
Էր
վարք
նորին
զարմանալի.
ատենական
րաբունի.
տէր
Մկրտիչ
անուն
կոչի.
ամենեցուն
իսկ
փարելի:
Ծնունդ
սորին
Հոնաց
երկրի,
ազնիւ
որդեակ
Սրբազանի
յարգապատիւ
լուսարարի,
Տեառն
Մկրտիչ
Հերապետի,
նորաբողբոջ
ի
հասակի,
իբրեւ
ամաց
քսանութի
վախճանեցաւ
յօր
հինգշաբթի
ի
ժամ
երկրորդ
երեկոյի.
Փրկչին
մերոյ
կենարարի,
յամս
հազար
ութ
հարիւրի
քսան
եւ
ութ
թուականի
ապրիլ
ամսոյ
տասն
երեքի.
ՌՄՀԷ
(=1828)»
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ՊԷՀԷՍՆԷՑԻ
Մբ.
1717ին.
Ժամօրհնող.
Ս.
Յակոբի
տուած
իր
յիշատակներու
մասին:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
1802ին,
Չուխաճի:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ՍԱՄԱԹԻԱՑԻ
Մբ.
կը
վախճանի
1826ին:
թերեւս
նոյն
է
ընդ
վերնոյն:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
ՏԷՐ
ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ,
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1889ին.
ՏԲ.
(1898-1901).
հիւրընկալ
(1892-94).
1904ին
վանքին
տանիքէն
արկածի
հետեւանքով
վար
իյնալով
կը
վախճանի:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
Մբ.
1701ին:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
Պարոնտէր
պտրք-ի
ժամանակ
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Աթոռս:
ՄԿՐՏԻՉ
ՎՐԴ.
Մբ.
Վարագայ
վանքին.
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբը,
եւ
կը
վախճանի
1858ին
Յոպպէի
մէջ:
ՄԿՐՏՈՒՄ,
ՈՐԴԻ
ՄԵԼՔՈՒՄԻ,
ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐ,
որդի
Դաւթի,
եւայլն.
ի
յիշատակ
իրենց
ննջեցելոց
Ս.
Յակոբին
կը
նուիրեն
ոսկեայ
աղաւնի
մը:
Ցուց.
Պ.
ՄՆԱՑԱԿԱՆ
ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ,
ԶԷՅԹՈՒՆՑԻ
Ծ.
1840ին.
աշկ.
տեղւոյն
Ազգ.
Վարժ-ին,
ուսուցիչ
Զէյթունի
մէջ.
Մարաշի
կառավարիչ
Ազիզ
փաշայի
կռիւներուն
առթիւ
1862
Օգոստ.
2ին
Զէյթունցի
Յակոբ
քհ-ին
հետ
պատգամաւոր
կը
ղրկուի
Պոլիս.
1864ին
Զմիւռնիա
կ՚այցելէ
եւ
կը
տեղւոյն
հիւանդանոցը.
ապա
կը
դառնայ
Զէյթուն
եւ
կը
շարունակէ
իր
պաշտօնը:
1895ին
Չաքրեան
Աւագի
հետ
իբր
պետգամաւոր
Ատանակ՚ուղեւորի
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսի
ընտրութեան
համար.
քաղաքական
դէպքերու
հետեւանքով
Քիլիսի
մէջ
եօթն
ամիս
կը
բանտարկուի.
բանտէն
ազատուելէ
յետոյ
կը
ճամբորդէ
Կիպրոս,
Աղեքսանդրիա.
1899
Մարտին
կը
մեկնի
Էջմիածին`
ուր
կը
հասնի
Զատկին
Ապրիլ
18ին,
կը
մնայ
18
օր
եւ
կ՚այցելէ
վանքերը
եւ
Ուլնեցի
Կարապետ
կթղ-ին
գերեզմանը.
կ՚այցելէ
Խրիմեան
Հայրիկ
կթղ-ի
որ
Սէմէրճեան
կուտայ
6000
րուբլի
Զէյթունի
մէջ
որբանոց
մը
բանալու
համար.
յաջորդաբար
կ՚այցելէ
Երեւան,
Հառիճի
վանք,
Կիւմրիւ,
Անի,
Տփխիս,
Պաթում,
Մոսկուա,
Վարշաւիա,
Վիեննա,
Ժընէվ,
ուր
կը
մնայ
չորս
տարի
եւ
երեք
ամիս.
1902ին
Ժընէվէն
Փարիզ
կ՚այցելէ
Ցուցահանդէսի
առթիւ
եւ
վերստին
կը
դառնայ
Ժընէվ`
ուրկէ
կը
մեկնի
1903
Նոյ.
23ին
եւ
Մարսէյլի
ճամբով
կուգայ
Աղեքսանդրիա:
1908ին
Սահմանադրութեան
տարին
Աղեքսանդրիեյէն
կը
մեկնի
հայրենիք.
ուրկէ
դարձեալ
կը
մեկնի
1911ին
Քէթէնճէ,
յետոյ
Պուքրէշ`
ուր
կ՚այցելէ
իր
հայրենակից
Չաքրեանի
(1844-+1899)
գերեզմանին.
1912ին
չորրորդ
անգամ
ըլլալով
կ՚այցելէ
Զմիւռնիա.
1912ին
եօթանասուն
եւ
երկու
տարեկանին
կը
թեւակոխէ.
երկու
անգամ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը`
առաջինը
1895ին,
իսկ
երկրորդը
1914ին.
քիչ
ժամանակ
վերջը
կը
վախճանի
ու
կը
թաղուի
Սիոնի
գերեզմանատունը:
Իր
գլխաւոր
երկասիրութիւնն
է
Զէյթունի
անցեալէն
ու
ներկայէն
կոչուած
գիրքը,
զոր
տպագրել
տուած
է
Վենետիկ
(Բ.
մասը,
Փարիզ,
1903)
իր
ուղեւորութեան
միջոցին
ջանացած
է
փափաքողներուն
վաճառել
իր
գիրքերը.
1912ին
հրատարակած
է
նաեւ
Զմիւռնիոյ
մէջ
Ուղեւորաակն
Նօթեր
անուամբ
տետրակ
մը`
ուր
կը
նկարագրէ
իր
ճամբորդութիւնները
եւ
կը
յիշէ
շնորհակալութեամբ
այն
անձերը
որ
հիւրընկալած
են
զինքը
ու
օգնած
են
իր
հրատարակութիւններուն:
ՄՈՎՍԷՍ
ԵՊՍ.
ԿԷՕՄՐԻՒԿՃԵԱՆ.
ՊՈԼՍԵՑԻ
Մբ.
Ծ.
1840ին.
Ձռ.
1868ին.
ՏՊ.
(1870-71).
Առ.
Կիպրոսի
(1872-1874).
Թարգման
1876ին.
կը
հրաժարի
Միաբանութենէն
1876ին.
Առ.
Հալէպի
եւ
ապա
Շապին-Գարահիսարի
1880ին.
Առ.
Պիլէճիկի.
կը
ձեռնադրուի
եպս.
1899ին.
Պատուիրակ
Կիլիկիոյ
կթղս-ի
ընտրութեան
1902ին.
նոյն
տարին
հրաւիրակ
Սահակ
կթղ-ի
Երուսաղէմի
մէջ.
որոշմամբ
Խառն
ժողովի
Առ.
Պաղտատի.
կը
վախճանի
Պոլիս
1915ին:
ՄՈՎՍԷՍ
ԿԹՂ.
ՏԱԹԵՒԱՑԻ.
(Բաղաց
գաւառէն,
Սիւնիք,
Խոտանան
գիւղէն).
Ծ.
1577ին.
աշկ.
Եդեսիացի
Սրապիոն
վարդապետի,
յետոյ
Գրիգոր
Պտրք.
Կեսարացիին.
15
տարեկան
հասակին
մէջ
աբեղայ
կը
ձեռնադրուի
վերջնոյս
հրամանով.
1616ին
ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Սինայի
կողմերը
եւ
Ս.
Յակոբի
վանքը:
Գրիգոր
պտրք.
Պարոնտէր
լուսարար
կը
կարգէ
զայն
Ս.
Յարութեան
տաճարին,
եւ
յետոյ
յիշեալ
պատրիարքէն
նուիրակութեան
պաշտօն
կ՚ստանայ
եւ
զայն
կատարելէ
վերջ
կը
դառնայ
Երուսաղէմ
եւ
իր
հաշիւները
կը
մատուցանէ
պտրք-ին.
(Դաւրժիեցի,
284-286
նաեւ
Սաւալան,
էջ
674-76):
Երուսաղէմէն
կը
մեկնի
Արեւելեան
կողմերը
եւ
կը
պարապի
քարոզութեան
ու
կը
հաստատէ
վանքեր:
Շահաբաս
կը
շնորհէ
անոր
Էջմիածնի
լուսարարութեան
պաշտօնը
եւ
յատուկ
հրովարտակ
մը
որով
1626ին
կարող
կ՚ըլլայ
ան
նորոգելու
թէ
Ս.
Էջմիածինը
եւ
թէ
բոլոր
վանքերը:
Շահաբաս
այս
շնորհը
կ՚ընէ
Մովսէս
վդր-ին`
սա
պատճառաւ
որ
անիկա
Երուսաղէմի
Ս.
Յակոբի
վանքի
միաբաններէն
մոմ
ճերմկցնելու
արհեստը
սովրած
ըլլալով`
եկեղեցական
արարողութիւնները
սպիտակ
մոմով
կը
կատարէր.
Շահաբաս
լսած
ըլլալով
այս
պարագան
Մովսէս
վրդ-ը
յատկապէս
իր
ներկայութեան
կը
հրաւիրէ,
եւ
կը
յայտնէ
իր
հիացումը
եւ
կը
փափաքի
որ
իր
մարդոց
ալ
սովրեցնէ
նոյն
արհեստը.
Մովսէս
վրդ.
կ՚ընդունի
եւ
կը
կատարէ
Շահին
փափագը.
մանրամասնութիւնները
տեսնել
(Դարանաղցի,
էջ
292-296):
Ժողովուրդը
Մովսէս
վրդ-ի
գործունէութիւնը
լսելով
1629ին
կ՚ընտրէ
Կթղ.
ամենայն
Հայոց.
երեք
տարի
կը
վարէ
արդիւնաւոր
հայրապետութիւն
մը
եւ
կը
վախճանի
1632ին
Երեւանի
մէջ
եւ
կը
թաղուի
Կոզեռն
վարդապետին
գերեզմանին
մօտ.
հետեւեալը
իր
տապանագիրն
է
զոր
յօրինած
է
Փիլիպպոս
կթղ.
Աղբակեցին.
«Այս
է
տապան
դամբարանի
Եդեալ
շիրմի
ճանապարհի
Տեառն
Մովսէսի
վարդապետի.
Ընտրեալ
Ս.
Հայրապետ,
որ
է
տեղեաւն
Տաթեւացի,
Նորոգող
Ս.
Էջմիածնի.
Բացող
եւ
շինող
գմբէթի
թուին
ՌՁԲ»:
(Արարատ,
1902,
էջ
446)
Իր
գործունէութեան
մանարմասնութիւնները
տեսնել
նաեւ
(Դաւրիժեցի,
էջ
284-313):
Ս.
Յակոբի
վանքի
տուած
իր
նուէրները
տեսնել:
ՄՁ.
Թ.
532
ՄՈՎՍԷՍ
ՊԵ.
(1109-1133):
Յպե.
էջ
37
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ:
ԱԺՏԷՐԽԱՆՑԻ
Որդի
Կոստանդինի,
Ծ.
Աժտէրխանի
մէջ.
Մբ.
ժամասաց.
Նւ.
Կարնոյ
եւ
Ռուսաստանի
(1765-1773).
Նւ.
Ռումելիի
1780ին.
(Դիւան,
Գիրք
Գ.
էջ
111):
Հաւանաբար
Ս.
Յոկոբի
մէջ
1777ին
ընդօրինակած
է
իր
Քարոզգիրքը:
ՄՁ.
Թ.
214
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ.
ՄՈԿԱՑԻ
Ուխտաւորութեամբ
կ՚այցելէ
Ս.
Յակոբի
վանքը
Պարոնտէր
Գրիգոր
պտրք-ի
օրով.
եւ
նպաստով
մը
կը
մասնակցի
վանքին
պարտքերու
վճարման:
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ.
ՆՈՒՐԻԿԵԱՆ,
ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ
Մբ.
Ձռ.
1884ին.
ՏՓ.
(1887-1890).
կը
վախճանի
1891ին:
Յիշատակ
կը
թողու
երկու
մթերանոցներ,
մին`
Յոպպէի
(շին.
1887)
եւ
միւսն`
Երուսաղէմի
մէջ
(շին.
1890):
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ.
ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ,
ԽԱՐԲԵՐԴՑԻ
Մբ.
Ծ.
1860ին.
Ձռ.
1892ին.
ՏՓ.
(1896-1901).
ՏԲ.
(1901-1905).
Առ.
Անտիոքի
եւ
Լաւոդիկէի
(1909-1915).
կը
տարագրուի
Անտիոքէն
Ս.
Յակոբի
վանքը
1915ին.
Ներքին
Թարգման
(1916-17).
Բ.
անգամ
Առ.
Լաւոդիկէի
(1919-1920).
կը
վախճանի
Լաւոդիկէի
մէջ
1920ին:
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
ՏՌ.
1680ին:
ՄՈՎՍԷՍ
ՎՐԴ.
Մբ.
Յովակիմ
պտրք-ի
կողմէ
միաբան
Վարդան
վրդ-ի
հետ
1791ին
պատուիրակ
կը
կարգուի
Ռուսաց
Կատարինէ
կայսրուհիին
եւ
Հերակլ
Վրաց
թագաւորին
մօտ,
մատուցանելու
համար
Պատրիարքին
ընծաները
եւ
Օրհնութեան
գիրերը.
բաց
աստի,
Պատրիարքին
կողմէ
կը
տարուի
Կատարինէ
կայսրուհիին
համար
կենաց
փայտի
մասունքը
պարունակող
ոսկի
խաչ
մը.
որպէս
զի
կայսրուհին
հարկ
եղած
թոյլտուութիւնս
շնորհէ
Երուսաղէմի
նուիրակներուն
եւ
իր
պաշտպանութեան
տակ
առնէ
զանոնք:
Ժպե.
հատ.
Բ.
էջ
118
ՄՈՒՇԵՂ
ՎՐԴ.
ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ,
ԵՐԶՆԿԱՑԻ
Մբ.
Ծ.
1875ին.
աշկ.
Եէտի
Գուլէի
Ազգ.
Որբանոցին.
Ձռ.
1909ին.
ժամարար
Յոպպէի
(1910-1918).
ՏՓ.
1922ին,
մինչեւ
ցայժմ
կը
վարէ
նոյն
պաշտօնը,
1925է
սկսեալ
անդամ
Տն.
Ժողովի:
ՄՈՒՍԱ
ԵՒ
ՆՈՒՊԱՐ
1534ին
Ս.
Յակոբի
վանքին
երկու
հայազգի
վէքիլները`
որ
վանքին
կողմէն
նոյն
տարին
Երուսաղէմի
մէջ
դատարանի
միջոցաւ
պայմանագրութիւն
մը
կը
կնքեն
Հրէից
եւ
տեղացի
Քրիստոնէից
ներկայացուցիչներուն
միջեւ,
համաձայն
Եգիպտոսի
Քէյդ-Պէյ
Սուլթանի
(1468-96)
հրովարտակին,
որ
ըստ
առաջնոյն
կ՚արգիլէ
Հրէից
Ս.
Յարութեան
տաճարին,
Հայոց
Ս.
Յակոբի
վանքին
եւ
Սիօնի
վանուց
առջեւէն
անցնիլը.
(Տե'ս
յիշատակարանին
ամբողջակաե
թարգմանութիւնը,
La
Terre
Sainte,
Գ.
տարի
15
Փետր.
1923):
ՄՈՒՐԱՏ
(մհտ.
)
ԲԱՂԻՇԵՑԻ
Թարգման
Ս.
Յակոբի
վանքին.
(1835-+1850):
ՄՈՒՐԱՏ
ԻՇԽԱՆ
ԶՄԻՒՌՆԻԱՑԻ
1816ին
կը
փեսայանայ
Թէոդորոս
պտրք-ի
գանձապետ
եւ
Երուսաղէմայցի
Հաննէ
վրդ-ի
ցեղէն
Երուսաղէմացի
Պետուրին
(Գէորգ
Պօտուռեան).
Մուրատ
իշխան
ինքն
ալ
կը
վարէ
նոյն
գանձապետութիւնը.
Էտիրնէցի
Պօղոս
պտրք-ի
կ՚ընկերակցի
Եգիպտոս
երթալու
եւ
հոն
Ս.
Յակոբի
վանքին
համար
նպաստ
հաւաքելու.
այդ
առթիւ
Եուսուֆեան
Պօղոս
Պէյի
միջնորդութեամբ
կը
կարգուի
Նաբոլիի
եւ
Սարտենւոյ
հիւպատոս
Յոպպէի
մէջ,
ուր
կը
հաստատուի
ընտանեօք:
Մուրատ
իշխան
Ս.
Յակոբի
վանքին
կը
նուիրէ
Յոպպէէ
քիչ
հեռի
իր
ագարակը`
ուր
ունէր
ընդարձակ
գետին
ու
պարտէզ,
երկու
ջրհոր,
տասնեւութը
քարուկիր
սենեակներ:
1858ին
Յովհաննէս
պտրք.
տեսնելով
նոյն
ագարակին
վրայ
օտար
դրացիներու
ոտնձգութիւններուն
եւ
այդ
պատճառաւ
շահագործումի
անկարելիութիւնը,
խորհրդակցութեամբ
վանական
ժողովի
Հէօճճէթը
Շէրիէով
նոյն
ագարակը
կը
փոխանակէ
Երուսաղէմի
մէջ
Դամասկոսի
դրան
մօտ
գտնուող
տան
մը
հետ,
որ
կը
պարունակէ
երկու
մաղազա,
երեք
ջրհոր,
եւ
փոքրիկ
պարտէզ
մը.
կարդալ
այս
մասին
(Արծրուենան,
էջ
31.
նաեւ
Նաե.
էջ
45-46):
Մուրատ
իշխան
Ս.
Յակոբի
վանքին
նուիրած
է
նաեւ
Բեթղեհէմի
մէջ
Քառասնից
այր
կոչուած
ուխտատեղիին
մօտ
գեղեցիկ
տուն
մը
պարտէզով
եւ
ջրհորով:
Մուրատ
իշխանին
Հեղինէ
տիկինն
ալ
Ս.
Յակոբի
եկեղեցիին
նուիրած
է
մարգարտայեռ
եւ
գոհարազարդ
եպիսկոպոսական
թագ
մը,
վակաս,
եւայլն:
1840ին
Հեղինէ
յիշատակ
թողած
է
նաեւ
ադամանդազարդ
խաչ
մը,
ի
յիշատակ
իր
հօրէ`
Պօտուռեան
Գէորգի:
Մուրատ
իշխան
1842ին
եւ
կինը
Հեղինէ
1845ին
կը
վախճանին
Յոպպէի
մէջ`
անոնց
մարմինը
Երուսաղէմ
կը
փոխադրուի
եւ
կը
թաղուին
Երուսաղէմի
Սիոնի
գերեզմանատունը.
հոս
կը
դնենք
տապանագիրները.
«Այս
է
տապան
հանգստեան
Իզմիրցի
Մահտեսի
Յակոբայ
Յարութեանց
երեց
որդի
գոնցոլ
բարեհամբաւ
մահտեսի
Մուրատ
աղային
որ
Յոպպէ
վախճանեալ
այսր
բերեալ
թաղեցաւ
յամի
տեառն
1842»:
*
«Ի
Յոպպէէ
աստ
փոխադրի
Մարմին
տիկնոջ
մեծ
իշխանի
Զմիւռնիացի
Մուրատ
Պէյի
Դուստր
Գէորգ
Պօտուռեանի:
1845
Մայիս
10»
Մուրատ
իշխանին
եւ
իր
պարագաներուն
համար
1845ին
կը
հաստատուի
մշտնջենական
յիշատակարան
մը,
Զաքարիա
պատրիարքի
ձեռքով ,
նոյնին
ընդօրինակութիւնը
կը
դնենք
հոս.
«Յիշեա
Տէր
զհոգիս
հանգուցեալ
գոնցոլ
մահտեսի
Մուրատ
աղային
եւ
կողակցւոյն
մահտեսի
Հեղինէ
խաթունին
եւ
զհոգիս
ծնողաց
եւ
արանակցաց
սոցա
մահտեսի
Յարութեան,
Աննայի,
Յակոբայ,
Յովհաննէսի,
Հռիփսիմեայ,
Յուստիանեայ,
Գէորգայ,
Խաչատրոյ
եւ
Սրբուհւոյ,
եւ
ամենայն
ննջեցելոց
եւ
թողութիւն
շնորհեա
մարդկօրէն
սխալանաց
եւ
զկենդանի
որդեգիրս
սոցա
զգոնսոլ
մահտեսի
Յակոբ
Սրապիոնեան
եւ
զմահտեսի
Յակոբ
Սրապիոնեան
եւ
զմահտեսի
Յակոբ
Ղազարին
պահեա
ի
շնորհս
քո
առաքինութեամբ
եւ
իշխանական
յաջողութեամբ
ընտանեօք
եւ
զաւակօք
եւ
ազգականօք:
Նորոգեցաւ
ի
պատրիարքութեան
տեառն
Զաքարեայ
արքեպիսկոպոսին
1845.
»
ՄՈՒՐԱՏ
ՀԱՐՍԸԼ,
ՇԱՄԱԽԵՑԻ
Հայազգի
ոսկերիչ
մը
որ
Գրիգոր
Պարոնտէր
պտրք-ի
ժամանակ
Ս.
Յակոբի
վանքը
կ՚այցելէ
եւ
յիշեալ
պատրիարքին
հրամանով
կը
շինէ
Ս.
Յակոբի
եկեղեցիին
համար
ոսկեղէն
եւ
արծաթեղէն
անօթներ:
Սաւալան,
էջ
700
ՄՈՒՐԱՏ
(մհտ.
)
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ,
ՊՈԼՍԵՑԻ
Գանձապետ
Ս.
Յակոբի
վանքին.
Սարգիս
դպիր
Յովհաննէսեանի
ձեռագիր
Ստամպոլի
Պատմութեան
մէջ
կը
կարդանք
հետեւեալը
մհտ.
Մուրատի
մասին.
«Մուրատ
օղլենց
պապն,
զմահտեսի
Մուրատն
Սրբոյն
Երուսաղէմի
գանձապետ
գրին.
մեծ
սիւնհոդոսին
ի
սուրբ
Աստուածածնի
եկեղացի.
ի
թուին
Հայոց
ՌՃԾԴ
(=1705),
տես
զհրաշքն
որ
առաջմանէ
շատ
թէքլիֆ
ըրին
չէր
կամեցեր.
յետոյ
յայն
օրն
փետրուար
2,
շաբաթ,
վիճակ
ձգեցին,
վիճակն
նմա
ելաւ.
որ
զարմացաւ
բոլոր
ժողովուրդն,
եւ
վախճանեցաւ
ՌՃԾԹ
(=1710)
նոյեմբեր
28»:
Ընդօր.
1901,
էջ
126
ՄՈՒՐԱՏ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ,
ԲԵՐԻԱՑԻ,
ԵՒ
ՈՐԴԻՆ
ԱԲՐԱՀԱՄ
(1801-1848).
հմուտ
էր
հայերէնի,
Իտալարէնի
եւ
նկարչութեան:
1830ին
Տեսուչ
Ժառ.
Վարժ-ին
Արմաշի
մէջ:
Առաջարկութեամբ
Զաքարիա
պտրք-ի
Մուրատ
վարժապետ
Երուսաղմ
կը
փոխաչրուի
նոյն
պաշտօնով`
1846ին
կը
հրաժարի
(Սաւալան,
էջ
1249).
կը
դառնայ
Նիկոմիդիա`
ուր
կը
վախճանի
1848ին
եւ
կը
թաղուի
տեղւոյն
գերեզմանատունը
եւ
անոր
դամբարանին
վրայ
կը
գրուի
հետեւեալը.
ի
զարմէ
Յովհաննու
կաթողիկոսին
իմաստասիրի
Օձնեցւոյ:
1832ին
յօրինած
է
Համառօտութիւն
Ճարտասանութեան
անուն
գիրք
մը
զոր
ընդօրինակած
է
իր
աշակերտը
Արմաշեցի
Եղիա
դպիր
Ստեփանեան
(Արմաշ.
Ցուց.
Թ.
116):
1840ին
կամ
աւելի
կանուխ
շինած
է
նաեւ
Համառօտ
վիճակագրութիւն
մը
Կիլիկիոյ
(Սիսուան,
էջ
141):
Ս.
Յակոբի
վանքէն
1848
Ապր.
11ին
գրուած
նամակի
մը
բովանդակութենէն
կը
տեսնուի
որ
Մուրատ
Վարժապետ`
բացի
իր
Աբրահամ
զաւակէն`
ունեցած
է
նաեւ
Տիգրան,
Եդվարդ,
Մարիամ
եւ
մեծն
Խոսրով
անուամբ
զաւակներ
(Վրթ.
).
անդրանիկը
Աբրահամ`
Ս.
Յակոբի
վանքին
տպարանը
կը
յաճախէ
գրաշարութիւն
սովրելու
համար,
իր
նուէր
ստացած
ափ
մը
տառերով
նախ
կը
յաջողի
շարել
Հայր
մերը,
զոր
իր
իսկ
ձեռքով
կը
տպագրէ
հօրը
աջակցութեամբը,
յետոյ
նոյն
տպարանին
մէջ
կը
տպագրէ
Աղօթագիրք
մը
եւ
Այբենարան
մը:
Հօրը
հետ
կը
վերադառնայ
Նիկոմիդիա,
եւ
կը
հրատարակէ
Հայրենասէր
թերթը
(1850-53),
յաջորդաբար
կը
հաստատուի
Սկիւտար,
Փարիզ
եւ
Եգիպտոս,
Փարիզի
մէջ
կը
հրատարակէ
իր
Փարիզը
(1860-62),
իսկ
Եգիպտոսի
մէջ
Արմաւենին
(1863-1865):
1870-1903
վարած
է
ուսուցչական
պաշտօններ.
1903ին
ալ
վաճխանած
է
Կ.
Պոլիս,
Ազգ.
Որբանոցին
մէջ,
ուր
նոյն
ժամանակ
կը
պաշտօնավարէր: