Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է
       Իրիկուան դէմ է. աշունը մի քանի օրէն կը վերջանայ, օդը մեղմ է. թեթեւ հով մը կայ։ Կ՚իյնան ծառերու դալկահար տերեւները. դեղին է ամէն ուրեք, դեղնած արեւմուտքը, դեղնած ծառերը, դեղնած բլուրները. հովը կը տանի կը բերէ, պատուհաններու կը զարնէ դեղնած տերեւներն։ Ամբողջ Բերա զբօսանք կը վայելէ։ Վերմակ մը ոտքերուն վրայ, մուշտակ մը հագած, գլուխը բարձի մը հանգչեցուցած, պատուհանէն կը նայի Հրանտ։ Փոս եղած են գանկոսկրները. շա՛տ նրբացած , շա՛տ բարակցած մատները, դէմքը բոլորովին դեղնած, միայն երկու այտերուն վրայ կարմրութիւն կայ. կը հազայ, կը հազայ։ Քովն է մայրը, խեղճ մայրը եւ դրացի երկու ծերունի կիներ. կը խօսին թաղին լուրերուն վրայ։ Անկարելի էր , որ սիրտ մը կտոր կտոր չլինէր մօրը նայուածքէն։ Երբեմն զաւկին ձեռքերէն կը բռնէր, վերմակին մէկ ծայրը վրան կուտար, հազար գուրգուրանքներու պատասխան, մօրը սիրուն հազիւ ժպիտ մը կը նշմարուի Հրանտի երեսին վրայ։ Կեանքի է՛ն յուսահատ վայրկենի մէջ մեր սիրտը կարօտ է մխիթարանաց. մօրը սէրը գերագոյն սփոփանքն էր Հրանտի ցաւոց։
       Ո՜րքան յիշատակներ կը պաշարէին Հրանտի խեղճ մօրը սիրտը։ Աչքին առաջ կուգար այն կիրակին, յուլիսի այն տաք կիրակին, երբ կը վերադառնար պարգեւաբաշխութեան հանդէսէն, Հրանտը քովիկէն։
       Հէ՜գ կինը, դեռ երէկուան պէս կը յիշեր տասն եւ ութը տարիներու վշտերն ու ուրախութիւնները։ Կարծես թէ երեկ էր տասն եւ ութը տարի առաջ Խաչվերացի շաբաթ իրիկունը։ Այդ օրը Հրանտ դեռ մէկ տարուան էր. ինքը տունը սրբած, մաքրած կը պատրաստէր նաւակատիքի իրիկուան ընթրիքն, երբ դուռը զարկին։ Աչքին առաջն էր այդ վայրկեանը, էրիկը, խեղճ Ստեփանը, արիւնաթաթաւ պատգարակի մը մէջ. տարաբաղդ որմնադիրը բարձր շէնքէ մը գլորած ինկած էր եւ գլուխը ջախջախուած։ Մարիամ (Հրանտի մայրը ) երիտասարդ երիտասարդ, անոք անօգնական, իր մէկ հատիկ տղովը այրի կը մնար։
       Միայն Աստուած գիտէ, թէ ի՜նչ նեղութիւններով տղան մեծցուց, դպրոց տուաւ։ Ի՜նչ օր էր այն օրն, երբ տղան, գրքերով բեռնաւորուած, իրեն հետ կը վերադառնար պարգեւաբաշխութեան հանդէսէն, ուսման ընթացքն աւարտած։ Բարեկամ կիներ, զինքը շրջապատած։
       —«Աչքդ լոյս, Մարիամ տուտու, աչքդ լոյս , կ՚ըսէին , ալ նեղութիւն չունիս. ամէն բան պիտի մոռնաս, տղադ եկաւ քեզ հասաւ։ Աստուած մարդուս ասանկ բարի զաւակ տայ»։
       Որքա՜ն ուրախ էր, որքա՜ն գոհ այդ օրն։ Իսկ այժմ իր Հրանտիկը, իր յոյսն ու սէրը ի՜նչ վիճակի մէջ էր։
       Դուրս ելաւ, արցունքները սրբեց ու ներս մտաւ։