Ա
Երկու
ժամ
կար,
որ
Գէորգ
էֆէնտի
Գույումճեան
մօրը
հետ
մեկնած
էր
տիկին
Զարուհի
Ստեփանեանի
տունէն,
ուր
եկած
էին
նշան
տալու
օր.
Մարի
Ստեփանեանի։
Ուրիշ
այցելութիւններն
ալ
վերջացած
կը
համարուէին,
իրիկուան
տասնմէկուկէսն
էր։
Այդ
օրուան
յուզումէն
յոգնած,
տիկին
Զարուհի
ընկողմանեցաւ
քանաբէին
վրայ
քիչ
մը
հանգչելու
համար։
Մարի,
որ
գացած
էր
զգեստները
փոխելու,
եկաւ
նստաւ
մօրը
քով,
ինքն
ալ
շատ
խոնջ,
սիրազեղ
սրտով
հանգչեցուց
գլուխը
մամային
ծունգին
վրայ,
ինչպէս
մանկութեան
օրերուն։
Եւ
պայծառ
կիրակի
իրիկուան
մթնշաղին
մէջ
մայր
ու
աղջիկ
կ՚երազէին
լռութեամբ։
Թեթեւացած
հոգով՝
Մարի
կը
թռչտէր
ապագայ
երջանկութեան
երկինքը.
աղջկանը
ճակատն
ու
մազերը
փայփայելով՝
մայրը
այդ
րոպէին
քաղցրանուշ
յուզմամբ
աչքին
առջեւէն
կ՚անցնէր
իր
տասնեւեօթը
տարուան
կեանքը։
Կեանք
մը
ամբողջապէս
նուիրուած
զոհողութեանց,
որոնք,
սակայն
րոպէ
մը
իսկ
տրտմութեան
ստուերը
չէին
ձգած
մայրենի
սրտին
վրայ։
Մէկուկէս
տարուան
ամուսնացած,
տասնութ
տարեկան
այրի
կը
մնար
մէկ
հատիկ
զաւկովը։
Դէմքին
հետ
սեւ
շղարշով
մը
ծածկեց
սիրտն
ալ,
որուն
ամէն
մէկ
տրոփումը
հիմա
միայն
աղջկանը
համար
էր։
Այլ
կրնա՞ր
չսիրել։
Կամքին
տէրն
էր,
բայց
սրտի՞ն։
Տարիներէ
ի
վեր
շատ
օր
երազուն
կը
մնար,
երբ
աչքին
առջեւէն
կը
սահէր
Գարեգին
Սարէնեանի
դէմքը։
Օր
մը
տխուր
ժպիտով
պատասխանած
էր
անոր
խնդիրքին։
—Բարեկա՛մս,
անկեղծօրէն
կ՚ըսեմ,
թէ
ինքզինքս
երջանիկ
պիտի
համարէի,
եթէ
ամուսինս
ըլլայիր,
բայց
միայն
բարեկամ
մնանք։
Կեանքս
զաւկինս
է,
մինչեւ
ամուսնացած
օրը։
Համոզուած
եմ,
թէ
կրկին
ամուսնութիւնս
զրկանք
մը
պիտի
ըլլայ
զաւկիս.
սրտէս
տեղ
մը
պիտի
խորուի
աղջկանս
համար։
Ու
յետոյ,
ես
ինծի
երբեք
պիտի
չներեմ,
եթէ
օր
մը
որբ
աղջիկս
ամուսնական
երջանկութեանը
մէջ
արգելքներու
հանդիպի
մօրը
պատճառաւ։
Վերջին
խօսքերուն
հետ
արցունքի
կաթիլ
մը
դողդղաց
երիտասարդուհիին
աչքերուն
մէջ։
Գարեգին
յուզուած,
դողդոջուն
համբոյր
մը
դրոշմեց
հրաժեշտի
համար
իրեն
մեկնած
ձեռքին
վրայ,
ու
—
պիտի
համբերեմ,
ըսելով
մեկնեցաւ։
Առանձնակ
կեանքին
մէջ
զաւակը
կրթելով
սփոփուեցաւ
մայրը։
Ինքն
իր
ուսումը
կը
կատարելագործէր,
որպէսզի
աղջկանը
վարժապետն
ըլլայ։
Տասը
տարեկան
էր
Մարի,
երբ
մարը
ա՛լ
բաւական
սեպելով
տանը
կրթութիւնը,
դրաւ
զանիկայ
Բերայի
եւրոպական
ցերեկօթիկ
լաւագոյն
վարժարանը,
իր
սէրը
միշտ
արթուն
հսկող
անոր
վրայ։
Ու
հինգ
տարի
ետքը
կը
պատրաստէր
աղջիկը
կնոջ
կեանքին,
անծանօթին
համար
միշտ
սրտատրոփ։
Տասնըեօթը
տարի
ապրեցաւ
ճշմարիտ
մայրապետի
մը
կեանքովը։
Չվայելեց
երբեք
կայթատօնին
հաճոյքը,
ու
իրեն
անծանօթ
մնացին
երեկոյթի
մը
հրճուանքները։
Ու
հիմա
այդ
մթնշաղին
մէջ
գերագոյն
հեշտանք
կ՚ազդէին
զոհողութեանց
այդ
կեանքին
բոլոր
յիշատակները։
Շատ
ու
շատ
վարձատրուած
էր։
Գէորգ
էֆէնտի
Գույումճեան
այն
երիտասարդն
էր,
որուն
հարստութեանը
համար
եթէ
ամէն
աղջիկ
կրնար
տենչող
կինը
ըլլալ,
կրնար
նաեւ
իտէալի
երազողն
ալ
տեսնել
այդ
քսանըեօթը
տարեկան
երիտասարդին
մէջ
ազնուութեան
մարմնացումը։
Տարի
մը
կար,
որ
Գէորգ
էֆէնտին
Պոլսոյ
մէկ
արուարձանէն
փոխադրուած
էր
Բերա։
Բարեկամ
տան
մը
մէջ
ներկայացած
էր
տիկին
եւ
օրիորդ
Ստեփանեանի,
եւ
այդ
հանդիպումները
կրկնուած
էին
պատահմամբ։
Երիտասարդը,
օր
մը
հաղորդեց
մօրը
օրիորդ
Ստեփանեանի
հետ
ամուսնանալու
փափաքը։
«Հին
օրինաց»
կին
մըն
էր
Թագուհի
հանըմ.
գաղտնապէս
նախ
տեղեկութիւններ
ստացաւ
ապագայ
հարսնցուին
մօրը
վրայ։
Հաւատարիմ
էր
«մօ՛րը
նայէ,
աղջիկը
ա՛ռ»
սկզբունքին։
Դիմադրելու
պատճառ
մը
չգտաւ։
Երբ
տիկին
Ստեփանեան
իր
քրոջը
միջոցաւ
տեղեկացաւ
Գէորգ
էֆէնտիի
փափագին,
պահ
մը
վարանեցաւ
երջանկութեանը
հաւատալու։
—Ա՛խ,
մամա՛ս,
ըսելով,
մօրը
կուրծքին
վրայ
ինկաւ
Մարի,
երբ
անիկա
աղջկանը
կամքը
հարցուց
եղած
առաջարկին
վրայ։
Առջի
օրէն
սիրած
էր
Գէորգը,
անխօսուկ։