Հաճոյքի համար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Էտուարտ յաջորդ կիրակին աչքի լոյսի գնաց Գույումճեանի. իսկ Ստեփանեաններուն համար լուր օր մը լաւագոյն համարեց. հաւանօրէն մինակ կ՚ըլլային մայր ու աղջիկ, խօսակցութիւններէն կրնար օգտուիլ։ Անախորժ տպաւորութիւն մը զգաց սակայն, երբ հոն գտաւ Սարէնեան Գարեգին էֆէնտին, որ քիչ մը ծանօթ էր իրեն։ Շատ երեւցող մը չէր Բերայի ընտանեկան շրջանակներուն մէջ. ի՞նչ յատուկ պատճառ ունէր լուր օր մը այցելելու այդ քաշուած ընտանիքին։ Էտուարտի հետաքրքրութիւնը արթնցած էր. ռունգերը հոտ կ՚առնէին։ Այցելութիւնը բաւական երկարեց. օրիորդ Ստեփանեանի հետ բռնուեցաւ այնպիսի խօսակցութեան մը, որ շուտ չէր վերջանար։ Ոչ Ստեփանեանները, ոչ Գարեգին ճիշդ գաղափար մը չունէին Էտուարտի մասնագիտական յատկութեանց մասին։
       Ժամ մը ետքը Էտուարտ, երբ ելաւ մեկնելու համար, դիտեց, որ Գարեգին այցելութիւնը երկարելու տրամադիր է. բան մը կար։ Կասկածը ստուգութեան փոխուեցաւ, երբ ակնթարթի մը մէջ նշմարեց տիկին Ստեփանեանի ակնարկը. խնդրանք մըն էր Գարեգինի որ մեկնի։ Այդ րոպէին Էտուարտ շատ բան հասկցաւ։ Գարեգին մնալ ուզած էր եւ տիկին Ստեփանեան, զգալով, թէ անյարմար էր աչքի լոյսի այցելութիւն մը այսքան երկարելը ուրիշի մը քով, նշանացի մեկնելու հրահանգ տուած էր։ Անշուշտ չէր ուզեր, որ կասկած մը արթննայ։ Ուրեմն բան մը կար մէջերնին։ Ու երբ դուրս ելան Գարեգինի հետ, անոր ակներեւ սրտնեղութիւնը իր կասկածները ամրապնդելու կը ծառայէր։
       Էտուարտ մտազբաղ թափառեցաւ։ Սկսաւ յիշել տիկին Ստեփանեանի կեանքին վերաբերեալ ամէն դէպքերը։ Ապշեցաւ միայն, որ այդ կինը եւ իր աղջիկը մինչեւ հիմա չէին գրաւած ո՛չ իրեն, ո՛չ ուրիշին ուշադրութիւնը։ Երբեք ամենաթեթեւ բամբասանք մը չէր ծանրացած անոնց վրայ։ Ինչո՞ւ։ Կարելի՞ էր, որ այդքան երիտասարդ այրի մը, որ հիմա իսկ հազիւ քսանըեօթ—քսանըութ տարեկան կ՚երեւար, տասնըեօթը տարի ապրած ըլլար առանց սիրային վէպի մը։ Չէ՛, բնականի դէմ էր այդպիսի ենթադրութիւն մը։ Անոր կեանքին մէջ անշուշտ գաղտնիք մը կար։ Կը զարմանար, թէ ի՛նչպէս մինչեւ հիմա իր խորաթափանց աչքերուն անթափանցելի մնացած էր այդ կեանքը։
       Ու Գարեգին Սարէնեա՛նը։ Միտքը բերաւ, թէ անոր վրայ ալ բան մը չէր խօսուած։ Նիւթական կարողութեան տէր, համակրելի, տաղանդաւոր այդ ամուրի փաստաբանը չէր ապրած սիրային կեանքով մը։ Անոր վրայ ալ բան մը չէր խօսուած, մոռցուած մնացած էր։ Ու հիմա մտերմական ակնարկներ կը փոխանակէին կեանքէ այդ երկու զրկուածները։ Բան մը կար։ Նոր հանքի մը երակը գտած էր, կրնար շահագործել։ Մոռցաւ կիրակի օրուան դառնութիւնը։
       Հիմա ա՛լ բանը գործը Սարէնեանի եւ տիկին Ստեփանեանի հետամուտ ըլլալն էր։ Չէր ուզեր փախցնել ամենափոքրիկ հետք մը. ամէն նշաններէ հետեւանք հանելով, պիտի վերակազմէր ամբողջ գաղտնի կեանքի մը պատմութիւնը, որ կը յուսար, թէ իր գլուխ գործոցը ըլլայ, սակայն շատ զգոյշ շարժելու հարկ կը տեսնէր։ Չափազանց վարպետորդի կը համարէր երկու սիրահարները. ա՛լ տարակոյս չունէր տիկին Ստեփանեանի եւ Գարեգին Սարէնեանի յարաբերութեանց մասին. միայն անհերքելի ապացոյցներ կը փնտռեր ուրիշներուն համար. փոքրիկ կասկած մը կրնար զանոնք արթնցնել։ Էտուարտ կը նմանէր ոստիկանի մը, որ կը կարծէ գտած ըլլալ փնտռուած մեծ ոճրագործի մը հետքը, բայց հետազօտութիւնները շատ գաղտնապահութեամբ առաջ կը տանի՝ որսը չխափցնելու, եւ օր մը, երբ ոչ ոք կը սպասէր, ձեռքը օձիքին վրայ դնելու համար։