Դ
Տիկին
Ստեփանեան
ամէն
տարի
ամիս
մը
օդափոխութեան
կ՚երթար
մեծ
Կղզի՝
ծովի
ատեն։
Այս
տարի
ալ
չհրաժարեցաւ
այդ
սովորութենէն.
առողջական
անհրաժեշտ
պէտք
մըն
էր։
Հարսնիքը
աշնան
վերջերն
էր
ու
պատրաստութիւնները
կամաց
կամաց
կը
տեսնէին։
Յուլիսի
սկիզբները
տեղաւորուեցաւ
Կալիբսօյի
հիւրանոցը։
Էտուարտ
ալ
ամէն
տարի
գիւղագնացութեան
կ՚երթար
ընտանիքով։
Այս
տարի
տունէն
Կղզի
երթալ
ուզեր
էին.
դիպուածի
արդիւնք,
որ
սակայն
շատ
բարեպատեհ
էր
«ամէն
բան
իմացող»
երիտասարդին
համար։
Շատ
չուշացաւ
տեսնելու
համար,
թէ
տիկին
Ստեփանեանի
կղզի
գալէն
շաբաթ
մը
ետք
Գարեգին
Սարէնեանն
ալ
կը
տեղաւորուէր
Ճիաքօմոյի
պանդոկը։
Դրացի
եղած
էր
տիկին
Ստեփանեանի։
Ա՛լ
հիմա
պարագաներէն
օգտուելու
էր,
բոլոր
հաւաքածոները
իրարու
միացնելով,
ամբողջութիւն
մը
կազմելու
կապը
պիտի
գտնէր։
Ութ
օր
էր,
որ
Գարեգին
կղզին
էր
ու
կանոնաւորապէս
ամէն
օր
Պոլիս
կ՚իջնէր
ու
կ՚ելլէր։
Տիկին
Ստեփանեանին
հետ
հանդիպումները
ճամբուն
վրայ
էին
միայն։
Վարպետութիւն,
կ՚ըսէր
Էտուարտ,
բայց
աչքէս
պիտի
չփախչի։
Յաջորդ
ուրբաթը
Էտուարտ
նաւամատոյցի
սրճարանն
էր.
հոն
էր
նաեւ
Գարեգին,
որ
երբ
վերջին
շոգենաւը
եկաւ,
վար
չիջաւ։
Էտուարտ
ինքն
ալ
տոմսակ
չառաւ։
Ու
ցորեկուան
ճաշէն
ետքը
արդուզարդ
ընելով՝
գնաց
Ճիաքօմոյի
շրջակաները
դեգերելու
անտեսանելի։
Ութին
մօտ
էր՝
Գարեգին
դուրս
ելաւ
ու
շիտակ
գնաց
Կալիբսօ։
Կէս
ժամ
ետքը
Էտուարտ
ալ
հոն
կը
մտնէր։
Հեռուէն
ծակէ
մը
տեսաւ,
որ
Մարի
ծովեզերքի
պատշգամին
վրայ
աթոռի
մը
մէջ
ընկողմանած
կը
կարդայ։
Մայրը
մինակ
ձգած
է,
ըսաւ։
Դռնապանէն
տեղեկանալով,
կամացուկ
կամացուկ
ոտքի
ծայրերովը
տիկին
Ստեփանեանի
սենեակին
դռան
առջեւ
շունչը
բռնելով՝
կանգ
առաւ.
ականջ
դրաւ.
բան
մը
չէր
կրնար
տեսնել
բանալիին
ծակէն,
բան
մը
չէր
կրնար
լսել,
միայն
տիկին
Ստեփանեանի
մեղմ
հծծիւնը
լսեց՝
«ա՜խ»,
ու
այսքան
միայն։
Դեռատի
այրիին
ձեռքին
վրայ
տասերկու
տարի
առաջ
դրոշմած
մեղմիկ
համբոյրէն
յետոյ՝
Գարեգին
Սարէնեան
տիկին
Ստեփանեանի
բարեկամը
միայն
մնացած
էր։
Իրենց
հանդիպումները,
որք
երբեք
առանձինն,
հազուադէպ
եղած
էին։
Բայց
ամէն
անգամ
տիկին
Զարուհի
կը
նշմարէր
Գարեգինի
աչքերուն
մէջ
չմեռած
սիրոյ
ցոլքերը,
ու
կը
զսպէր
յուզումը։
Նշանտուքէն
յետոյ
էր,
որ
ունեցան
միակ
երկարատեւ
տեսակցութիւնը,
զոր
խանգարեց
Էտուարտ։
Ու
հիմա
այս
առաջին
անդամն
էր,
որ
Զարուհի
եւ
Գարեգին
միայնակ
կը
մնային
իրարու
հետ։
Առանձնութիւնը
զուտ
դիպուածական
էր.
Գարեգինին
անսպասելի
այցելութիւնէն
քառորդ
մը
առաջ
Մարի
ամէն
օրուան
սովորութեան
համեմատ
գացած
էր
ծովեզերքի
սրահը
կարդալու,
խորհելու։
Երկուքին
խօսակցութիւնն
ալ
քիչ
մը
վարանոտ
էր։
Գարեգին
տիկին
Ստեփանեանի
իր
սրտագին
շնորհաւորութիւնները
ըրաւ
այդպիսի
երիտասարդ
մը
փեսայ
ունենալուն,
եւ
յանկարծական
համարձակութեամբ
մը
ըսաւ.
—Կը
յիշէ՞ք
տասերկու
տարի
առաջուան
խոստումնիդ։
—Ո՛չ,
—
ըսաւ
կմկմալով
Զարուհի,
որ
յայտնի
կ՚ընէր,
թէ
կը
ստէր,
—
եւ
առաջին
անգամն
էր,
որ
կը
ստէր։
—Աղջիկս
կարգեմ,
այնուհետեւ,
ըսիք։
Տիկին
Ստեփանեան
տխուր
ժպիտով
մը.
—Բարեկամս,
դեռ
չէ՞ք
մոռցած։
—Կը
կարծէ՞ք։
—Ա՛լ
մեծ
մայր
պիտի
ըլլամ,
ասկէ
վերջն
ալ
թոռներուս
համար
եմ։
Կրնաք
շատ
դիւրաւ
մտածել,
թէ
փեսիս
ու
աղջկանս
համար
ի՛նչ
մեծ
դժբախտութիւն
պիտի
ըլլայ
իմ
կրկնամուսնութիւնս—
եթէ
երբեք
այդպիսի
խորհուրդ
մը
ունենամ։
Պիտի
կարծեն,
թէ
արատաւոր
անցեալի
մը
նուիրագործումն
է։
Ամբողջ
երիտասարդութիւնս,
ինչպէս
որ
մայրական
պարտքս
էր,
զաւկիս
նուիրելէ
յետոյ
պառաւութեա՞նս
դժբախտ
պիտի
ընեմ
զինքը։
Ու
բնական
բերմամբ
մը
մազերը
ցոյց
տալով.
—Ա՜խ,
բարեկամս,
ա՛լ
ճերմկնալ
սկսեր
են։
Գարեգին
համբոյր
մըն
ալ
այդ
մազերուն
ուզեց
դրոշմել։
Այդ
«ա՜խ»—ն
էր,
զոր
Էտուարտ
դռնէն
լսած
էր,
ու
հոգեբանական
վայրկեանը
հասած
համարելով,
դուռը
զարկած։
Ներս
մտնելու
հրաւէրը
րոպէի
մը
չափ
ուշացաւ.
ամփոփման
հարկ
կար,
այդ
րոպեն
այնքան
երկարատեւ
երեւցաւ
Էտուարտի,
որքան
երկրաշարժի
ցնցման
մը
րոպեն։
Երբ
ներս
մտաւ,
յուզեալ
դէմքերը
տեսնելով
տարկոյս
մը
իսկ
չունեցաւ։
Զարուհի
եւ
Գարեգին
այս
անգամ
երազի
մէջ
օձ
տեսած
ըլլալու
զգացումը
ունեցան։
Ժպտուն
դէմքով
Էտուարտ
յայտնեց,
թէ
այցելութեան
մը
պարտականութիւնը
թէեւ
ուշ
կը
կատարէ,
բայց
ներողութիւն
կը
խնդրէ։
Ընտանիքով
պիտի
գային,
բայց
մայրը
միշտ
անհանգիստ
է։
Ու
քանի
մը
այսպիսի
սովորական
խօսքերէ
յետոյ
մեկնեցաւ,
առանց
մոռնալու
յարգանքները
օրիորդին
ալ
մատուցանելու։
Վերջին
խօսքերը
շեշտեց։