Հաճոյքի համար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Էտուարտի այս հանդիպումէն քանի մը օր վերջ կղզիի ազնուաշուք ընտանիքները հեգնական ժպիտ մը չէին կրնար զսպել, երբ կը հանդիպէին մօրն ու աղջկանը։ Երիտասարդները Գարեգինի հետ թէեւ մտերիմ չէին, բայց գիւղի մը բարեկամութեան մէջ շատ բան ներելի է. կ՚ընէին կատակներ, որոնց իմաստը չէր կրնար հասկնալ փաստաբանը։
       Էտուարտ քանի մը գիշեր Բերա մնաց. այցելեց նաեւ Պէօյիւքտէրէ ալ, ուր օդափոխութեան կը գտնուէր Գույումճեան։ Տասնըհինգ օրուան մէջ Բերայի ցանուցիր ընկերութիւնը միացած էր մէկ լուրով. տիկին Ստեփանեանի եւ Գարեգինի յարաբերութիւնները ընդհանուր խօսակցութեան կապ էին։ Էտուարտ ամէն տան մէջ գգուելի անձնաւորութիւն մը եղած էր։ Չկար մայր մը, որ օրիորդ Ստեփանեանի նշանտուքը Գույումճեանի հետ չհամարէր իրեն զրկանք։ Հանրային ոխակալութիւնը կը յաղթանակէր։
       Ձայներ հասան Թագուհիի ականջին։ Աչքերը բացաւ. բան մը ըլլալու էր, սկսաւ զղջալ, որ աճապարած էր. քննութիւնները գաղտնի ըրած էր։ Իր բարեկամներէն ու բարեկամուհիներէն ոմանց յանձնարարեց այս խօսուածներուն վրայ լուրեր հաւաքել։ Տեղեկագիրները միաձայն էին։ Տիկին Ստեփանեանի անբարոյական կեանքը ապացուցուած էր կղզիին մէջ։ Ու զարհուրելի գաղտնիքներ դուրս երեւան կու գային։ Բամբասանքն ու զրպարտութիւնը իրարու միացած բարձրացուցած էին շէնք մը, զոր ոչ ոք կրնար քանդել։ Թագուհի հանըմ նորէն յիշեց իր սկզբունքը, «մօ՛րը նայէ, աղջիկը ա՛ռ»։ Օր մը հրաւիրեց տղան աչքերը բանալ. եղած տարաձայնութիւնները ամէնքն ալ իմացուց։ Գէորգ էֆէնտի ալ բաներ մը լսած էր, բայց շատ կարեւորութիւն չէր ընծայած. մօրը թախանձանքները վշտացուցին զինքը. ուզեց անոր տարակոյսներն ալ փարատել. բայց որու որ դիմեց, երբեք նպաստաւոր տեղեկութիւն մը չկրցաւ առնել։ Ահաբեկ մնաց հանրային գայթակղութեան առջեւ։ Մայրը մոլեգնած էր իրենց եղած խաղին համար։
       Կիրակի առտու մը տիկին Ստեփանեան եւ աղջիկը շատ զարմացան, որ Գէորգ էֆէնտի սովորութեանը համեմատ չէր եկած այցելութեան։ Տարակոյս չի կար, թէ վերջին շոգենաւին չէր հասած։ Մինչեւ իրիկուն հեռագրի մը սպասեցին՝ պարապ տեղը։
       Ամիսնին լրացած էր ու նոյն շաբթուն իջան։ Զարմացած մնացին Գէորգ էֆէնտիի չերեւալուն։ Կիրակի օր կը սպասէին. կէս օրեն յետոյ ուրիշ այցելու մը ընդունեցին. տաներէց քահանանին էր։ Բնական այցելութիւն մը, որ քիչ մը անախորժ եղաւ։
       Կէս ժամէն աւելի քահանան ասկէ անկէ խօսեցաւ. անուշէն յետոյ խնդրեց, որ օրիորդը իր ձեռքովը իրեն օշարակ մը պատրաստէ, բայց կամաց կամաց։ Երբ Մարի մեկնեցաւ սենեակէն, քահանան տխրութեամբ մը ըսաւ տիկին Զարուհիի, թէ ի՛նչ ծանր պարտականութիւն մը ունի կատարելու։ Գէորգ էֆէնտիի առողջութիւնը խանգարուած է. բժիշկները խորհուրդ տուած են, որ չկարգուի. ուստի կը խնդրէ, որ նշանը իրենք իրենց կողմէ ետ ընեն, որպէսզի աղջկան վնաս մը չհասնի։
       Երբ տունէն դուրս ելաւ— ա՜խ, կ՚ըսէր ինքնիրենը, երանի թէ քահանայ եղած չըլլայի, այս օրը չտեսնելու համար։ Զաւալլը կնիկ, անի՞նչ մեռելի րէնկ առաւ։
       Ճամբան դէմը ելաւ Էտուարտ, որ կղզի կը վերադառնար, ժամանակ ունէր, ուստի տէրտէրին հետ, զոր շատոնց է չէր տեսած, խօսքի բռնուեցաւ։ Անկէ իմացաւ, որ տիկին Ստեփանեան նշանը ետ կը ղրկէր։ Քթին տակէն խնդաց. մենք գիտենք եա՜, ըսաւ մտքէն։
       Ճամբան փոխեց, կղզի չէր կրնար երթալ այն իրիկունը. հոն վաղը ժամանակ ունէր։