Բ
Հոծ
բազմութիւնը
լեցուած
էր
այդ
կիրակի
իրիկուն
Բըթի—Շանի
պարտէզին
մէջ։
Մուտքի
դրան
մօտերը
սեղանի
մը
շուրջը
նստած
երեք
երիտասարդներէն
մէկը
ըսաւ
ընկերներուն.
—
Էտուարտ
տուտուն
եկաւ։
—Հա՛,
ինքն
է,
նայինք
ի՞նչ
պիտի
ըսէ,
ձայն
չհանենք։
Ու
ժպտուն
դէմքով
երիտասարդ
մը,
որ
աչքերը
չորս
կողմը
ժուռ
կ՚ածէր
յաղթական,
դանդաղաքայլ
դէպի
երիտասարդները
յառաջացաւ,
գլխարկը
հանելով
բարեւեց
ու
կանգ
առաւ։
—Նստէ՛,
Էտուարտ։
—Չէ՛,
պտըտիլ
կ՚ուզեմ։
Ու
ոտքի
վրայ
սկսաւ
խօսիլ.
—Ի՞նչ
նոր
լուր
նայինք,
—
հարցուց
այն
երիտասարդը,
որ
կնոջական
ածականը
կցած
էր
Էտուարտի
անունին։
—Հը՜,
մե՜ծ
լուր….
—Ի՞նչ,
նայինք։
Ու
Էտուարտ
ամէն
մէկ
գրին
վրայ
կանգ
առնելով.
—Հիմա
Գույումճեան
Գէորգ
նշանու…
—Էսկիլէր
ալայը՜մ,
—
ըսաւ
հեգնող
երիտասարդը
ոխակալ
շեշտով
մը։
Ու
ընկերներէն
մէկը,
ինքն
ալ
ամէն
մէկ
գրին
վրայ
շեշտելով
ու
հեգնութեամբ.
—Ընդ
օրիորդ
Մարի
Ստեփանեանի։
Հաւէն
խաբուած
աղուէսին
պէս
Էտուարտ
սմքած
մնաց։
—Է՜,
մնաք
բարով,
—
ըսաւ
շուարած
ու
մեկնեցաւ։
Շրջան
մը
միայն
ընելով,
քանի
մը
վայրկեան
յետոյ
դուրս
կ՚ելլէր
մտազբաղ
դէմքով։
—Առաջին
անգամն
է,
որ
խեղճին
ասանկ
դժբախտութիւն
մը
կը
պատահի,
—
ըսաւ
սեղանին
շուրջը
նստող
երիտասարդներէն
մին։
—Վարկը
շատ
պիտի
կոտրի,
—
ըսաւ
միւսը։
—Ի՞նչ
կ՚ըլլար,
թող
այս
չարութիւնը
չընէիր,
—
վրայ
բերաւ
երրորդ
երիտասարդը,
որ
բերանը
դեռ
բացած
չէր։
—
Ինչո՞ւ.
քիչ
մըն
ալ
մենք
զուարճանանք
տուտուին
հետ։
Նուագարանը
ընդհատեց
խօսակցութիւննին։
Բերայի
ընտանեկան
կեանքին
աղն
է
Էտուարտ։
Երբ
իր
գալուստը
կ՚իմացուի
տան
մը
մէջ,
տան
տիկինը
կ՚ոգեւորուի
անպատում
բերկրանքով.
մինչեւ
դուռը
ընդառաջ
կ՚երթայ,
մտերմական
ձեռք
կը
մէկնէ,
ամենէն
շնորհալի
ժպիտովը,
կ՚ողջունէ
զանիկայ,
որչափ
ալ
տխուր
ըլլայ
տիկինը՝
ծիծաղը
անմիջապէս
կը
փայլի
դէմքին
վրայ։
—Աղէկ
որ
եկար,
միւսիւ
Էտուարտ,
շատ
կը
նեղանային,
իրաւ
որ
դուն
ալ
չըլլայիր
նէ
ձանձրոյթէս
պիտի
ճաթէի։
Ու
սիկառը
հրամցնելով
խօսակցութիւնը
կը
սկսի։
Բերայի
մէջ
ծնած
ու
մեծցած՝
Էտուարտ
մատներուն
վրայ
կը
ճանչնայ
բնիկն
ու
եկուորը,
ամէնուն
ալ
մանրամասն
կենսագրութիւնը
գլխուն
մէջ
լեցուած
է։
Ամէն
բան
գիտէ։
Առջի
գիշերը
որո՞ւն
տունը
թղթախաղի
մէջ
ազնուաշուք
տիկինները
եւ
այրերը
ի՛նչ
կռիւ
ըրած
են՝
անպատճառ
իմացած
է
եւ
քսանըչորս
ժամը
չբոլորած,
ամբողջ
Բերայի
մէջ
տարածեր
է։
Նախ
եւ
առաջ
իր
ականջը
կը
հասնին
ամէն
ընտանիքի
մէջ
պատահած
քիչ
շատ
գայթակղական
դէպքերը.
իրմէն
ծածուկ
չմնար
էրիկ
կնկան
ո
եւ
է
կռիւ.
իր
առջեւ
մերկապարանոց
են
ամէն
կնոջ,
աղջկան,
երիտասարդի
ու
ծերունիի
սրտի
պատմութիւնները,
սիրային
վէպերը։
Ահագին
քանակութեամբ
վէպ
կարդացած
է
ու
կը
կարդայ,
որպէսզի
կատարելագործէ
սիրահարութիւն
մը
գուշակելու
մասնագիտական
արուեստը։
Ընտանեկան
լրագիտութեան
մէջ
ոչ
ոք
կրնայ
գերազանցել
Էտուարտը.
բնական
կոչումը
ու
անխոնջ
աշխատութիւնը
միանալով՝
հրաշքներ
կը
գործեն։
Իմանալու
եւ
իմացնելու
գերագոյն
հաճոյքին
համար
ի՜նչ
զոհողութիւններ,
ի՜նչ
տառապանքներ։
Առտուն
գրասենեակը
երթալու
համար
որչափ
կարելի
է
կամաց
կամաց
կը
քալէ,
ամէն
ծանօթ
հանդիպողի
հետ
կը
տեսնուի,
բան
մը
կրնայ
քաղել։
Ցերեկները
ժամանակ
կը
գտնէ
քանի
մը
գրասենեակ
այցելելու,
ու
Բերա
ելլելով՝
այն
օրը
ընդունելութիւն
ունեցող
տիկնոջ
երթալու.
հոն
առատ
հունձք
կայ։
Իրիկունները
իր
կեդրոնավայրը
Բըթի-Շանի
պարտէզն
է,
ուր
քանի
մը
անգամ
կը
մտնէ
կ՚ելլէ։
Մեծ
դիւրութիւններ
կուտայ
տանը
խոհարարին
ու
սպասաւորին,
ծառաներուն՝
սրճարանները
երթալու.
գիշերը
ճաշէն
յետոյ,
դուրս
ելլելէն
առաջ,
գիտէ
ճարտարօրէն
խօսեցնել
տալ
զանոնք.
շատ
բան
քաղած
է
ուրիշներու
ծառաներէ՝
տուներու
ներքին
գաղտնիքներուն
վրայ։
Գիշերներն
ընտանեկան
այցելութիւններ
տալէ
առաջ
անպատճառ
պիտի
այցելէ
Լիւքսեմպուրկ,
Սանդրալ,
Եանիին։
Այցելութիւններէն
յետոյ
պիտի
հանդիպի
Ասլանիտէսին։
Նոր
Թատրոնին
այրելը
դառն
հարուած
մը
եղաւ
Էտուարտին
համար։
Շատ
թախծութիւններ
փարատած
է
ու
կը
փարատէ։
Ու
քանի՜
դժբախտներ
չեն
գիտեր,
թէ
իրենց
արցունքները
որո՞ւ
կը
պարտին։
Գույումճեան
էֆէնտի
ամէն
միջոց
ձեռք
առած
էր
գաղտնի
պահելու
համար
նշանտուքին
նախապատրաստութիւնները։
Եթէ
երբեք
ո՛
եւ
է
արգելքի
հանդիպէր
այդ
խորհուրդին
իրագործումը,
փափկանկատ
երիտասարդը
չէր
ուզեր,
որ
աղջկան
մը
անունը
հրապարակ
նետուի
ու
հարուած
կրէ։
Գաղտնապահութիւնը
կատարելապէս
յաջողած
էր,
ու
կիրակի
օրը,
նշանտուքէն
ետքը,
լուրը
հրապարակ
ելաւ։
Իր
ասպարէզին
մէջ
Էտուարտ
երբեք
այսպիսի
խաղի
մը
չէր
հանդիպած։
Երբ
պարտէզին
մէջ
բարեկամները
զինքը
հեգնեցին,
զգաց,
թէ
իր
վարկը
մեծ
հարուած
կրած
է
առաջնութիւն
չունենալով
իմանալու
եւ
հռչակելու
Բերայի
Հայոց
կեանքին
վերջի
տարուան
ամէնէն
մեծ
պատահարը։
Ո՛չ
Գույումճեանի
եւ
ո՛չ
Ստեփանեանի
ներեց։
Եւ
յոյսը
բախտին
վրայ
էր՝
վերահաստատելու
համար
իր
սասանած
համբաւը։