Ա
1879—ի
ձմեռն
այն
ձմեռներէն
էր,
ոյք
մեր
լեզուաւ
«կարէձմեռն
»
կը
կոչուին։
Մի
քանի
տարիներէ
հետէ
Պոլիս
չէր
տեսած
այսպիսի
ձիւնազարդ
եղանակ
մը։
Սակայն
ձմրան
հովերն
որքան
ալ
դառնաշունչ
փչեն,
բայց
եւ
այնպէս
ձմեռն
ախորժելի
եղանակ
է
անոնց
համար,
որոց
տուներու
մէջ
մահ
չէ
պատահած
նոյն
տարին,
եւ
որք
կարող
են
կրակին
մօտ
անցընել
իրենց
գիշերուան
ժամերն
առանց
մեծ
հոգերու։
Այդ
մենաշնորհեալ
դասուն
պատկանելու
բաղդն
ունէր
երբեմն
ձկնորս
Նիկողոս
աղբարն,
որ
կը
բնակէր
Սամաթիա ,
Նարլը—Գաբու։
Աւանդութիւնը
կը
պահանջէ
երանի
կարդալ
երկրագործներուն,
բայց
չենք
կարծեր,
որ
հրապոյրէ
զուրկ
լինի
կենցաղ
մը,
որ
կը
սնանի
ծովու
օդով։
Նիկողոս
աղբար
շատ
տարիներ
երջանիկ
ապրեցաւ—
որքան
այս
բառն
իրականութեան
մէջ
կրնայ
գործնական
լինիլ։—
Մանչ
զաւակ
մը
ունէր
եւ
աղջիկ
մը։
Մեր
պատմելիք
դէպքին
տեղի
ունենալէն
մի
քանի
տարի
առաջ.
ձկնորսին
մանչ
զաւակը,
արդէն
տասնեւինը
տարեկան,
իւր
հօր
աջ
բազուկը
կը
համարուէր։
Երբ
տղան
ամէն
գործոց
լաւ
հմուտ
եղաւ,
Նիկողոս
աղբար
նաւակն
ու
ուռկանը
յանձնեց
զաւկին,
եւ
գոհանալով
վերին
հսկողութեամբ,
կ՚ապրէր
ինչպէս
կ՚ապրին
գործէ
քաշուած
հարուստ
վաճառականք։
Սակայն
հաւասարութեան
օրէնքն
անողոքելի
կերպով
դրօշմեալ
է
մեր
ճակատագրին
վրայ։
Ձկնորս
մ՚ալ
կրնայ
դժբաղդ
լինիլ
այնքան
որքան
մեծատունը։
Եթէ
Աստուած
հաստատած
չը
լինէր
հաւասարութեան
այդ
իմաստուն
օրէնքն,
աղքատներուն
վիճակն
անտանելի
պիտի
դառնար
հարուստներուն
նախանձին
առջեւ։
79ի
ձմեռէն
մի
քանի
տարի
առաջ,
ձկնորսն
ունեցաւ
իւր
առաջին
դժբախտութիւնը։
Կինը
մեռաւ։
Աղէկ
կին
մ՚էր,
ժրաջան
եւ
աշխատասէր։
Թէպէտ
զաւակը
կը
հոգար
ամէն
պէտքերը,
բայց
եւ
այնպէս
մօրը
սիրտն
անհանգիստ
էր։
Կ՚աշխատէր,
որպէս
զի
իւր
կողմէն
նպաստէ
զաւկին
մի
քիչ
խնայողութիւն
ընելու
եւ
այնու
կարելի
ընծայէ
իւր
մայրենի
ըղձից
իրագործումը։
—
Իշխանուհի
թէ
աղքատ,
մօր
մը
իղձը
միշտ
նոյնն
է,
ամուսնացնել
զաւակը։
Առ
այս
կէտ
նպատակի
կը
նկրտէր
բարի
կնոջ
բոլոր
գործունէութիւնը։
Բայց
բաղդ
չունեցաւ
տեսնել
իւր
փափաքին
կատարուիլ։
Օր
մը
աշխատութենէ
երբ
վերադարձաւ—կ՚երեւի
թէ
պաղ
առած
էր ,
—
անկողին
մտաւ
եւ
ա՛լ
չելաւ։
Երբ
կինը
թաղեցին,
Նիկողոս
աղբար
շատ
լացաւ։
Սակայն
մեռնողի
մը
վրայ
որքան
ալ
շատ
ցաւինք,
բայց
եւ
այնպէս
եթէ
անձնասպանութեան
որոշում
չենք
տար,
ի
հարկէ
կը
սրբենք
մեր
արցունքներն
եւ
կ՚սկսկինք
մտածել,
թէ
ի՛նչպէս
ապրինք,
որ
կեանքը
դարձեալ
քաղցր
լինի
մեզ։
Այս
բնական
օրինաց
հետեւեցաւ
Նիկողոս
աղբար
եւս։
Աղջիկը,
Մաքրուհին,
հազիւ
տասը
տարեկան
էր
եւ
կարող
չէր
տանտիկին
լինիլ.
ուրեմն
պէտք
էր,
որ
ձկնորսը
մանչը
կարգէր։
Աղէկուկ
բարի
հարս
մ՚առաւ,
մին
այն
աղջիկներէն,
որք
Կամուրջին
Պոլսոյ
կողմը
շատ
կը
գտնուին,
մաքուր
օդ
կը
ծծեն,
քաջառողջ
են,
եւ
իրենց
կարմրափայլ
երեսներն
օժտեալ
ամօթագեղ
գեղեցկութեամբ։
Ուրախութիւնը
վերադարձած
էր
տան
մէջ։
Նիկողոս
աղբար
հինգ
տարիներէ
ի
վեր
թոռ
մ՚ալ
ունէր։
Իւր
Պետիկին
ձեռքէն
բռնած,
կամ
զնա
առջեւը
ձգած,
դուրս
կ՚ելնէր,
առտու
իրիկուն
եկեղեցի
կ՚երթար,
ծովեզերք
կ՚իջնէր
իւր
յարգելի
պաշտօնակցաց
հետ
նարտ
կը
խաղար.
թոռնիկն
ալ
իւր
հասակակցաց
հետ
ծովուն
խիճերովը
կ՚զբօսնուր։
Նիկողոս
աղբար
շատ
կը
սիրէր
Պետիկը
եւ
չէր
ուզեր
զնա
դպրոց
դնել։—Տասը
տարեկան
ըլլայ,
կ՚ըսէր,
եւ
այնուհետեւ
դպրոց
կը
դնեմ։—
Բայց
չեմ
կարծեր
թէ
Պետիկը
այսօր
Նառլը—Գաբուի
վարժարանը
գտնուի։
1884
տարւոյ
սեպտեմբերի
սկիզբներն,
երբ
Ս.
Փրկչի
Հիւանդանոցը
այցելութիւն
մը
տալու
առթիւ
Նառլը—Գաբուէն
անցայ,
Պետիկին
համար
հարցուցի,
փնտռեցի,
բայց
Պ.
Մարգար
Լուսաբերեան,
դպրոցին
ուսուցիչը,
պատասխանեց,
թէ
իւր
աշակերտաց
մէջ
այդպիսի
տղայ
մը
չկար։
Ուրեմն
շատ
հաւանական
է,
որ
ձկնորսը
երբեք
դպրոց
ղրկած
չըլլայ
իւր
թոռն։
Այս
պակասութեան
համար
չեմ
ուզեր
ծերունին
մեղադրել,
վասն
զի
իւր
տեսութիւնները
շատ
կը
հակառակէին
մեր
արդի
գաղափարաց,
բայց
անշուշտ
ձկնորսն
իւր
գաղափարաց
համեմատ
պիտի
մեծցնէր
իւր
թոռը
եւ
ոչ
թէ
մեր
փափագանաց
պիտի
անսար։
Եւ
յետոյ,
կարող
չեմ
որոշապէս
ըսել,
թէ
ի՞նքն
իրաւունք
ունէր ,
թէ
մենք։
Առանց
քաշուելու,
ամէն
տեղ
կ՚ըսեր,
թէ
«Թոռը
կարդալ
գրել
սորվելով
ինչ
պիտի
ընէ
»։
Խեղճ
մարդը
կարող
չէր
ըմբռնել
թէ
(ըստ
իրեն
անշուշտ
)
ի՞նչ
հարկ
կար
իւր
թոռը,
երբ
մեծնար,
տանիլ
նստեցնել
մութ
խոնաւ
սենեկի
մը
մէջ,
որպէսզի
հացի
մը
ստակ
հանէ։
Մի՞թէ
այդքան
ստակ
չէր
կրնար
վաստկիլ
ծովու
վրայ
հանգիստ,
ազատ
ապրելով,
մեծնալով։
«Տեսնենք
գործ
մ՚ալ
պիտի
կրնա՞յ
գտնել
»։
Շատ
պախարակելի
չէ
տգէտ
ձկնորսը։
Ամէն
օր
իւր
թաղին
մէջ
կը
տեսնէր
շատ
պատանիներ,
որք
թէպէտ
դպրոց
յաճախած
էին,
մի
քանի
լեզուներ
գիտէին,
բայց
եւ
այնպէս
փողոցները
թափառական
կը
շրջէին,
նիհար,
տժգոյն,
խեղճ
վիճակի
մէջ։
—Փա՜ռք
Աստուծոյ ,
—
կ՚ըսէր ,
—
տղաս
ասոնց
պէս
չէ,
ողջ
առողջ
է,
իւր
հացն
ալ
կը
ճարէ,
տունն
ալ
վարդի
պէս
կը
պահէ.
կարգուեցաւ,
Աստուած
թոռ
մ՚ալ
պարգեւեց
ինձ։
Տղուս
տարիքն
ունեցողներէն
նայինք
քանինե՞րը
կրցած
են
կարգուիլ։
Եթէ
տղաս
դպրոց
ղրկէի,
այսքանն
ալ
ձեռքս
չպիտի
անցնէր։
Ինչպէս
կը
տեսնուի.
այս
մարդը
շատ
յամառ
էր,
գլուխը
հաստ,
եւ
չէր
կրնար
ըմբռնել
դաստիարակութեան
բարիքները.
հետեւաբար
զարմանալի
չթուիր,
որ
1879ին,
թոռանը
ձեռքէն
բռնած ,
կ՚զբօսնուր
Սամաթիոյ
ծովեզերքը։
Սակայն
ձկնորսին
ուրախութիւնը
շատ
չտեւեց։
Իւր
զաւակը,
Պետիկին
հայրը,
մի
քիչ
տաք
գլուխ
էր.
ո՛չ
տաքէն
կը
վախնար,
ո՛չ
ցուրտէն.
տաքնալով,
քրտնելով,
մսելով
օր
մը
հիւանդացաւ.
երբ
կանանց
դեղերը
օգուտ
չըրին
ու
վիճակը
ծանրացաւ,
բժիշկ
մը
բերին,
որ
սաթլիճան
է
ըսաւ,
եւ
խեղճ
տղան
քսանեւչորս
կամ
քսանեւհինգ
տարեկան
մեռաւ։
Սեւ
օրը
այն
օրն
եղաւ
Նիկողոս
աղբօր
համար։
Աղջիկը,
հարսը,
թոռը,
ինքը
շատ
լացին,
շատ
պոռացին
երբ
դագաղը՝
վրան
բաց,
դռնէն
դուրս
հանեցին։
Չմեղադրենք
խեղճերը
այս
հին
սովորութեան
համար,
որ
տակաւին
կենդանի
է
Սամաթիոյ
եւ
Նառլը—Գաբուի
կողմերը։
Ով
որ
այս
աշխարհէս
կը
մեկնի,
վերջին
փառասիրութիւն
մ՚ունի.
կը
փափաքի,
որ
լան,
ողբան
իւր
վրայ։
Այդ
ողբը,
այդ
լացը,
մխիթարանք
մ՚է
մեռնողին,
մխիթարանք
մ՚է
ապրողին
համար։
Կան
այնպիսիք,
ոյք
կրնան
լրագիրներու
միջոցաւ
իրենց
ողբն
աշխարհի
իմացնել.
բայց
ո՞վ
պիտի
գրէ
խեղճ
ձկնորսի
մը
համար,
եւ
ի՞նչ
ըսելով
գրել։
Ինչ
եւ
է,
խեղճ
տղան
տարին
թաղեցին
Պալըգլը՝
մօրը
քով։
Յուղարկաւորները
ետ
դարձան,
հօրը
«գլուխդ
ողջ
մնայ
»
ըսին.
շաբաթ
իրիկուն
տէրտէրը
եկաւ.
կիրամուտքն
ըրին։
Կիրամուտքէն
երկու—երեք
օր
վերջ
Նիկողոս
աղբար
նաւամատոյցն
իջաւ.
ծախեց
նաւակը,
պարանները,
ուռկանները,
ա՛լ
Աստուած
գիտէ
ի՜նչ
արցունքներ
թափելով։
Հոգաց
ձմրան
պարէնը,
սոխը
առաւ,
ածուխը
առաւ,
քիչ
մ՚ալ
ստակ
աւելցաւ,
այն
ալ
պահեց։
Ամառը
Աստուած
ողորմած
էր։
Նիկողոս
աղբար
շատ
աղէկ
գիտէր,
որ
իւր
անմեղ
տարաբաղդ
որբերուն
համար
Նախախնամութիւն
մը
կար,
եւ
այս
մասին
ալ
իրեն
համակարծիք
ենք։
Այնուհետեւ
երբեմն
երբեմն
Պալըգլը
կ՚երթար,
տէրտէր
մը
կ՚առնէր
հետը,
օրհնել
կուտար
զաւակին
ու
կնոջը
գերեզմանները,
կուլար
կուլար
ու
տուն
կը
դառնար։
Հարսը,
աղջիկը,
թոռնիկն
առած
նստած
այսպէս
սուգով
անցուց
Նիկողոս
աղբար
79ի
մեծ
ձմեռը։