Գ
Երկու
երեք
շաբաթներ
էին,
յորմէհետէ
Մաքրիկ
Գատը—Գիւղ
էր,
Գրիգոր
էֆէնտիի
տունը։
Գիւղը,
բնակարանը,
սովորոյթներն
այնքան
տարբեր
էին
մինչեւ
ցայն
վայր
իւր
տեսածէն,
որ
խեղճ
աղջիկը
կարող
չէր
հաւատալ,
թէ
աշխարհիս
մէջ
կրնար
այդպիսի
բան
մը
լինիլ։
Ծնած
օրէն
ի
վեր
գրեթէ
միշտ
սուգ
տեսած
էր.
այժմ
խաղաղ
ու
հանդարտ,
լռութեան
մէջ,
կեանքէն
համ
կ՚առնուր.
կ՚զգար,
թէ
ապրիլը
շատ
անուշ
է,
երբ
մարդ
բան
մը
կը
վայելէ
աշխարհի
մէջ։
Գրիգոր
էֆէնտի,
ինչպէս
սովորութիւն
է
ժամանակէ
մը
ի
վեր
լսել,
«ազգային
երեւելի
վաճառական
»
էր
եւ
կը
պատկանէր
այն
Կեսարացւոց,
որք
դրամական
հրապարակին
վրայ
թէպէտ
յաջորդած
են
ամիրաներու,
սակայն
կը
ջանան
իրենց
շէնքն
հիմնել
աւելի
հաստատ
հիմանց
վրայ։
Այդ
Կեսարացիները
զգացած
են
քաղաքակրթութեան
պէտքը,
բայց
անոնց
մէկ
մասը
կ՚ուզէ,
որ
այդ
քաղաքակրթութեան
մէջ
որքան
կարելի
է
առատօրէն
պահպանուին
հայրենական
աւանդութեանց
նշխարներն։
Մասնաւորապէս
հոգ
կը
տանին,
որ
իրենց
կարգ
մը
տնտեսագիտական
գաղափարներն ,
—
որք
շատ
անգամ
«խնայողութիւն
»
բառին
քաղցրալուր
հնչմանը
կ՚ապաստանին,
—
անվտանգ
պահպանուին
այդ
քաղաքակրթութեան
մէջ։
Կեսարացւոց
այս
յառաջդիմական
կուսակցութիւնը,
որ
«ո՛չ
պահպանողական
է,
ո՛չ
ալ
արմատական
»,
անհրաժեշտ
հարկ
տեսած
է
իւր
նպատակին
իրագործման
համար՝
հեռանալ
«ապականեալ
»
կեդրոններէ։
Առանձնացեալ
Մարմարայի
եզերքները,
անդ
կ՚ուզէ
հիմնել
այդ
նոր
քաղաքակրթութիւնը։
Սակայն
ինչքան
ալ
ճարտար
միջոցներու
դիմենք,
որպէս
զի
շատ
չհեռանան
նախնի
աւանդութիւններէ,
բայց
եւ
այնպէս
պատմութիւնը
իւր
անողոքելի
օրէնքներն
ունի։
Կարծես
թէ
Հայոց
համար
պատմական
օրէնք
մ՚է
կա՛մ
պինդ
գրկել
կուրօրէն
ամէն
աւանդութիւն,
կա՛մ
բոլորովին
մոռացութեան
տալ
զայնս,
առանց
միջին
ճանապարհը
փնտռելու։
Ոչ
մի
ազգի
մէջ
գուցէ
այնքան
զգալի
լինի
հօր
եւ
զաւկի
գաղափարաց
միջեւ
գոյացած
տարբերութիւնը,
որքան
առ
մէզ։
Այս
ճշմարտութեան
զգալի
ապացոյցը
կուտային
Գրիգոր
էֆէնտիի
զաւակներն։
Վահրամ
եւ
Գոհարիկ,
երբ
կը
ճեմէին
Մէօհիւրտարի
պարտէզներուն
մէջ,
խօսելով
մերթ
ամէնամաքուր
հայերէն
մը,
մերթ
լաւ
ֆրանսերէն,
դժուար
պիտի
լինէր
Կեսարիայէն
նոր
եկող
աղայի
մը
համար
գուշակել,
թէ
նոքա
զաւակներն
էին
իր
հայրենակցին,
Գրիգոր
էֆէնտիի,
որ
միշտ
միեւնոյնն
էր,
եւ
կը
խօսէր
օտար
լեզուաւ
փառազարդեալ
հայրենաւանդ
շեշտերով։
Չեմ
ուզեր
ուրիշ
խնդրոց
նկատմամբ
երեւան
եկած
տարբերութիւնները
մէջ
բերել.
կը
բաւականանամ
յիշեցնելով,
թէ
մինչեւ
ցայսօր
խումբ
մը
կանանց
մէջ
կը
փնտռուի
տակաւին
Գրիգոր
էֆէնտիի
հանգուցեալ
կինը։
Իւր
պակասը
զգալի
է,
երբ
մի
քանի
պատկառելի
տիկնայք
մերթ
ընդ
մերթ
ժողովելով
կ՚անիծեն
իրենց
մանչ
զաւակաց
դէմ
լարուած
դարաններն
պոլսեցի
աղջկանց
ու
կանանց
կողմանէ,
եւ
կը
մկրտեն
այդ
աղջիկներն,
այդ
կիներն
այնպիսի
շնորհափայլ
ածականներով,
զորս
անշուշտ
աստ
առաջ
բերելու
համար
մի
քիչ
գրական
խղճահարութիւն
կ՚ունենանք։
Գրիգոր
էֆէնտիի
տիկինն
արժանընտիր
պետ
մ՚էր
այդ
յարգամեծար
խումբին,
եւ
թէպէտ
մինչեւ
ցարդ
իրեն
յաջորդներ
ընտրուեցան,
բայց
իւր
տաղանդին
ոչ
ոք
հաւասարած
է։
Գոհարիկ
իր
վրայ
դրուած
յոյսերն
ի
դերեւ
հանեց
եւ
մօրը
բարեկամները
շատ
խոժոռ
աչօք
կը
նայէին
անոր
երեսը։
Մենք
կրնանք
ըսել
հին
ոճով
խօսելով—
եւ
եթէ
այս
բացատրութիւնք
նախատինք
մը
չեն
համարիր
մեր
աղջիկներն—
որ
Գոհարիկ
հրեշտակ
մ՚էր
եւ
այնպէս
է
մինչեւ
այժմ
իւր
ամուսնացած
վիճակին
մէջ։
Գոհարիկ
այնքան
ազնիւ
էր,
որ
օր
մը
իսկ
զգալի
ընել
չտուաւ
Մաքրիկին,
թէ
նա
տան
մէջ
կար
կարող
աղջիկ
մ՚էր.
բայց
չէր
կրնար
զսպել
թեթեւ
ժպիտ
մը
Մաքրիկին
անմեղ
շարժումներու
եւ
խօսքերու
մասին։
Այլ
Մաքրիկ
շուտ
վարժեցաւ
իւր
նոր
կեանքի
բազմակնճիռն
դժուարութեանց,
որոնց
մէջ
էին
դանակ
մը,
պատառաքաղ
մը
վայելուչ
կերպով
գործածելու
խնդիրներն։
Գոհարիկ
գրեթէ
առանձնացեալ
կեանք
կ՚անցըներ.
նշանած
էր.
նշանածը
կը
սիրէր.
Մաքրիկի
նման
աղջիկ
մ՚ալ
քովն
ունենալն
ախորժելի
եղաւ
իրեն։
Ժամանակի
մեծ
մասը
կարի
նուիրուած
էր։
Նշանուած
աղջիկները
շատ
գուրգուրանօք
կը
հսկեն
իրենց
օժիտի
պատրաստութեան,
վասն
զի
իրենց
կանացի
փառասիրութեան
պաշտօնական
առաջին
ցուցահանդէսն
է
այն։
Վահրամ
եւս
շատ
քաղաքավարութեամբ
կը
վարուէր
Սամաթիացի
աղջիկան
հետ
եւ
կրնանք
ըսել
թէ
մինչեւ
իսկ
ընտանի
լինելու
չափ
յառաջ
կ՚երթար։
Այս
երիտասարդը
գրեթէ
քսան
երկու
տարեկան
էր,
բաւական
սիրուն,
երկայնահասակ,
խարտեաշ։
Դէմքէ
ճանչցողները
կրնային
ըսել,
թէ
մի
սկեպտիկեան
էր.
զբօսանքի
մէջ
չափազանց
խղճի
մտօք
շարժիլն
իւր
կենաց
կանոնը
չէր։
Մենք
չենք
զարմանար,
եթէ
այդ
տասն
եւ
վեց
տարեկան,
մեծ
աչքերով,
սեւ
մազերով,
միջահասակ,
աղւոր
աղջիկը
Վահրամի
փորձութիւնը
շարժեց։
Հեղինակ
կին
մը
ըսած
է,
թէ՝
սէրը
կը
ծնի,
երբ
այր
մը
եւ
կին
մը
առաջին
անգամ
իրարու
կը
հանդիպին։
Եթէ
այդ
վայրկեանն
անցընեն
առանց
վտանգի,
կրնան
ապահով
լինիլ,
թէ
այնուհետեւ
հարկադրեալ
չեն
զիրար
սիրելու։
Ահա
կարծիք
մը,
որոյ
ճշմարտութիւնը
փորձել
յանձնարարելով
մեր
ընթերցողացը ,
մենք
սաչափը
կ՚ըսենք,
թէ
մեր
սեռը
ամէն
անգամ,
որ
զգացում
մը
կ՚ունենայ
կնոջ
համար,
պէտք
չէ
միշտ
սէր
անուանել
այդ
զգացում։
Արդարեւ
Վահրամ
առաջին
անգամ,
որ
Մաքրուհին
տեսաւ,
հաճոյք
մ՚զգաց.
բայց
մի՞թէ
այդ
հաճոյքը
սէր
անուամբ
կրնանք
մկրտել։
Իսկ
անմեղ
Մաքրիկը
բոլորովին
տարբեր
դրութեան
մէջ
էր։
Ի՞նչ
էր
սէրը.
այդ
բառը
անծանօթ
էր
այդ
աղջկան,
որ
եւ
ոչ
իսկ
պարզ
ընթերցանութիւն
մը
գիտէր։
Բայց
սակայն
զգացում
մը
արտայայտող
բառը
եթէ
շատ
անգամ
մեզ
անծանօթ
է,
այդ
չի
նշանակեր,
թէ
զգացումը
գոյութիւն
չունի
ի
մեզ։
Սիրոյ
զգացումը
Մաքրիկի
սրտին
տիրապետող
զգացումն
էր։
Այդ
սէրն
առատօրէն
կը
շռայլէր
իւր
հօրը,
հարսին,
եղբօրորդւոյն
համար,
եւ
այժմ
ալ
հոգւով
եւ
մարմնով
նուիրուած
է
Գոհարիկին,
այնքան
այդ
աղջկան
ընթացքը
խոր
տպաւորութիւն
ըրած
էր
իւր
պարզ
սրտին
վրայ։
Անձնուէր
լինելու
համար
ստեղծուած
էր
ձկնորսին
աղջիկն,
եւ
երբ
Վահրամ
իւր
քաղաքավարական
բացատրութիւնները
միացնելով
իւր
ասպետական
շարժմանը,
հարձակում
կ՚ընէր
այդ
անմեղին
վրայ,
վստահ
էր,
թէ
յաղթանակն
իրեն
պիտի
մնար։
Մեր
գրութեան
շրջանակը
չներեր
երկարօրէն
պատմել
այն
ամէն
ճշմարտութիւնները,
զոր
Վահրամ
ի
գործ
կը
դնէր,
անտարբեր
եղանակաւ
մը,
այնքան
անտարբեր,
որ
կարծես
իւր
ամէն
ըսածը
բնական
էր։
Մեծարանաց
խօսքեր
առ
մի
անփորձ
աղջիկ՝
յաղթանակի
գրաւական
կրնան
համբաւել։
Բայց
երբեմն
Վահրամի
խօսքերը
մինչեւ
անխոհեմութեան
սահմանները
կը
հասնէին։
Օրինակի
համար,
օր
մը
կը
խօսէին
իրենց
մերթ
ընդ
մերթ
հիւր
եղող
մի
քանի
երիտասարդներու
ամուսնութեանց
վրայ.
Մաքրիկ
ալ
կարծիք
կը
յայտնէր
–
սկսած
էր
վարժութիւն
ունենալ
կարծիք
յայտնելու։
—
Բայց,
—
ըսաւ
Վահրամ ,
—
բան
մը
կայ,
զոր
չեմ
կրնար
ըմբռնել.
ի՞նչպէս
կարելի
է,
որ
երիտասարդ
մը
օրիորդ
Մաքրիկն
անգամ
մը
որ
տեսնէ,
ա՛լ
այնուհետեւ
կարող
լինի
ուրիշ
մը
սիրել
եւ
ուրիշի
մը
հետ
ամուսնանալ։
Եթէ
այս
մեծարանաց
տրիտուրն
ընծայուէր
սրահներու
մէջ
մեծցած
աղջկան
մը,
սա
քամակը
մի
քիչ
խոնարհեցնելով
կը
գոհանար.
բայց
Մաքրիկ
այս
արարողութեանց
անվարժ
էր
տակաւին,
եւ
միայն
շառագունեցաւ.
երեսներուն
կարմրութիւնն
այնքան
զգալի
եղաւ,
որ
Գոհարիկ
չդիմացաւ
եղբօր
հանդգնութեանը,
եւ
ֆրանսերէն
յանդիմանեց
զինքն
ըսելով.
—Յիմա՞ր
ես,
ի՞նչ
ես,
ինչո՞ւ
համար
խեղճ
աղջկանը
այդպիսի
խօսքեր
կ՚ընես։
Վերջը
չե՞ս
մտածեր։
Չէ,
վերջը
շատ
լաւ
կը
մտածէր.
այսպիսի
պարագայներու
մէջ
ինչ
որ
երիտասարդ
մը
կ՚ըսէ,
ամէն
անգամ
թեթեւութեամբ
չարտասաներ
բառերը։
Վահրամի
միակ
պատասխանը
եղաւ
երթալ
դաշնակին
առջեւ
եւ
նուագել
«Սթէլլայի
»
մէկ
կտորը,
մին
այն
կտորներէն,
որք
աղջկան
մը
սիրտը
վեր
ի
վայր
կ՚ընեն
մինչեւ
անգամ,
երբ
չգտնուիր
երիտասարդի
մը
հրաբորբոք
սլաքներու
ազդեցութեան
ներքեւ։
Մաքրուհի
քովի
սենեակն
անցաւ,
շատ
յուզուած
էր,
բայց
գոհունակութիւն
կ՚զգար։