Ե
Այդ
գիշերուան
յաջորդ
օրը
Մաքրիկի
վրայ
անբացատրելի
ծանրութիւն
մը
կար։
Անուշ,
մելամաղձութիւն
մը
պատած
էր
դէմքը։
—Ի՞նչ
ունիս ,
—
կը
հարցնէր
Գոհարիկ։
—Բան
չկայ,
գլուխս
կը
ցաւի։
Գոհարիկ
գորովանօք
ձեռքը
ճակտին
կը
դնէր։
—Քիչ
մը
տաքութիւն
ունիս,
կ՚ըսէր,
եւ
Օ
տը
Քօլօնի
շիշն
հանելով
կը
զովացնէր
խեղճ
աղջկան
ճակատը։
Կ՚անցնի
ճակտին
տաքութիւնը,
բայց
ո՞վ
պիտի
զովացնէ
սիրտը։
Այդ
օրն
եւ
յաջորդ
օրերը
կ՚զգուշանար
Մաքրիկ
Վահրամի
երեսը
նայելու,
բայց
եւ
այնպէս
աչքը
դուռն
էր,
կը
սպասէր
անհամբեր
նորա
գալստեանը,
եւ
երբ
ներս
կը
մտնէր
նա՛,
իւր
սիրտը
կը
տրոփէր։
Գլուխը
կախած,
Մաքրիկ
կը
կարէր
ու
կը
կարէր,
լռիկ
մնջիկ։
Երբ
ծանր
մտածութիւններ
կ՚ունենանք,
այնպիսի
մտածութիւններ,
որք
թէպէտ
զմեզ
տագնապի
մէջ
չեն
պահեր,
բայց
եւ
այնպէս
ներքին
վրդովում
կը
պատճառեն,
այսպիսի
պարագայից
մէջ
հանդարտութեան
մեծ
ապաստանն
է
աշխատութիւն
մը,
որ
մտաւոր
յոգնութիւն
չպահանջեր,
եւ
քիչ
թէ
շատ
մեքենական
լինելով,
կը
թոյլատրէ
մեզ
մեր
մտածութեանց
մէջ
ընկղմիլ։
Կը
կարէր
Մաքրիկ
ու
կ՚երազէր։
Երազը
կեանքի
մեծ
մխիթարանքն
է.
բայց
երբ
երազն
իրականութեան
կերպարանք
կ՚զգենու՝
կը
կոչուի
երջանկութիւն։
Ուրեմն
Մաքրիկ
երջանիկ
էր.
մի
քանի
շաբաթէն
Վահրամի
կինը
պիտի
լինէր։
Որչա՜փ
կը
սիրէր
Վահրամը,
ինչե՜ր
պիտի
չընէր
զնա
երջանիկ
ընելու
համար։
Կը
շինէր,
կը
պատրաստէր
իրենց
կենաց
յատակագիծը.
չէր
մոռնար
հայրը,
հարսը.
նոքա
այսուհետեւ
հանգիստ
պիտի
լինէին
այլ
եւս։
Ստոյգ
է,
թէ
ընկերական
նկատողութիւնք
անհնարին
կ՚ընէին
միասին
բնակութիւնն,
եւ
արդէն
այնպիսի
նոր
կեանք
մը
ախոժելի
չէր
կրնար
ըլլալ
ձկնորսին,
բայց
ինքն
անոնց
ամէն
պէտքերը
պիտի
հոգար։
Պետիկը
գիշերօթիկ
դպրոց
մը
կը
դնէր,
ուսկից
ելնելէ
վերջ
կը
մտնէր
Վահրամի
վաճառատունը
եւ
անտարակոյս
ձկնորսին
թոռը
օր
մը
կը
լինէր
վաճառական
մը։
Բայց
այս
ջինջ
ու
պայծառ
հորիզոնին
վրայ
սեւ
կէտ
մը
միայն
կը
նշմարուէր։
Մաքրիկ
կ՚զգար,
թէ
իւր
տգիտութիւնն
իրեն
համար
դժնդակ
պարագայ
մ՚էր։
Ո՛չ
դաշնակ
գիտէր,
ո՛չ
ֆրանսերէն,
ո՛չ
հայերէն.
անտարակոյս,
Վահրամի
նման
երիտասարդի
մը
ուսեալ
կին
պէտք
էր։
Սակայն
Վահրամ
արդէն
գիտէր
Մաքրիկի
մտաւոր
զարգացման
աստիճանն,
ուստի
երբ
ուզեց
զինքը
կնութեան
առնուլ,
անտարակոյս
ամէն
հաշիւ
ըրած
էր։
Բայց
այն
նրբամտութեամբ,
որ
կանանց
յատուկ
է,
կ՚զգար
Մաքրիկ,
թէ
ուշ
կամ
կանուխ
Վահրամի
եւ
իւր
միջեւ
ցրտութեան
առիթ
կրնար
լինիլ
իւր
տգիտութիւնը։
Բայց
ինչո՞ւ
երկնչիլ։
Անմիջապէս
կը
ձեռնարկէր
աշխատութեան.
կ՚զգար,
թէ
մեծ
աշխատութեամբ,
սիրոյ
մտրակին
ներքեւ,
ոչ
շատ
ուշ,
կրնար
ձեռք
բերել
կրթական
այնպիսի
վիճակ
մը,
որուն
նախանձէին
շատ
ուրիշ
կանայք։
Շաբաթ
մ՚էր
արդէն,
որ
այս
քաղցրիկ
մտածմանց
մէջ
կ՚անցընէր
իւր
օրերը։
Թագուհի,
բարի
կինը,
որ
բերած
էր
Մաքրիկը
Գրիգոր
էֆէնտիի
տունն,
երկու
շաբաթէ
ի
վեր
Սամաթիա
գնացած
էր
եւ
այն
շաբթուն
վերջերը
վերադարձաւ.
շատ
ալ
յարմար
ժամանակին
եկաւ։
Մաքրիկ
որչափ
ալ
երջանիկ
էր
իւր
երազներուն
մէջ,
բայց
եւ
այնպէս
այդ
երջանկութիւնը
կատարեալ
ընելու
համար
հարկ
էր,
որ
սիրտը
մէկուն
բանար
եւ
անոր
հետ
միասին
խորհրդակցէր .
այս
պարագայիս
մէջ
Թագուհին
միայն
կրնար
իւր
սրտակիցը
լինիլ,
բայց
եւ
այնպէս
կը
յետաձգէր
իւր
խոստովանութիւնն
ընել,
տարակոյս
չկայ,
թէ
այդ
խոստովանութիւնն
ամբողջ
չպիտի
լինէր։
Թագուհիին
գալէն
մի
քանի
օր
վերջ,
ա՜լ
Մաքրիկ
հաստատ
որոշեց
խօսքը
բանալ.
ուստի
իրիկուան
մը
դէմ
անոր
քով
գնաց
այն
պզտիկ
խցիկին
մէջ,
որ
յատկացած
էր
սուրճ
խմելու։
Թագուհի
եւ
Մաքրիկ
Պոլսոյ
ընտանեկան
սովորութեանց
համեմատ
իրիկուան
դէմ
անպատճառ
կ՚եփէին
սուրճ
եւ
հաց
թաթխելով
կը
ճաշակէին։
Այդ
իրիկուն
ալ
Թագուհի
եւ
Մաքրիկ
սուրճերնին
կը
խմէին
հաց
թաթխելով.
Մաքրիկ
խօսքը
պիտի
բանար,
բայց
կ՚ուշացնէր։
Թագուհի
այս
կացութեան
վախճան
տուաւ,
երբ
պատառը
բերանը
դնելով
խնդաց
եւ
ըսաւ.
—Մաքրիկ,
քեզ
բան
մը
պիտի
ըսեմ,
բայց
մարդու
չպիտի
ըսես։
Մաքրիկ
դող
մը
ունեցաւ,
այն
դողը,
որ
կը
գրաւէ
ամէնուս
սիրտը,
երբ
կ՚զգանք,
թէ
մեզ
պիտի
հաղորդուի
այն
լուրերէ
մին,
որոց
անձկանօք
կը
սպասենք։
Մաքրիկ
զգաց,
թէ
Վահրամ
խօսք
բացած
է
արդէն
Թագուհիի
եւ
թէ
նա
պիտի
խօսի
ադոր
վրայ.
ուստի
առանց
վարանելու
խոստացաւ,
թէ
մարդու
բան
չըսեր
եւ
ժպտելով
հարցուց.
—Ի՞նչ
պիտի
ըսես։
Բայց
Թագուհի,
գաղտնեաց
պարկը
բանալէ
առաջ
Մաքրիկին
մեծ
երդում
մ՚ալ
տուաւ,
այն
երդումներէն
մին ,
զոր
բարեպաշտ
կիները
սովոր
են
գործածել։
Մաքրիկ
երդումն
ընդունեց։
—Ետքը
պիտի
իմացուի ,
—
կ՚ըսեր
Թագուհի.
—
բայց
թող
խօսքը
մեզմէ
դուրս
չելլայ։
Աղջի՛կ,
ոտքդ
խատէմ
է։—
Մաքրիկ
ծիծաղեցաւ,
եւ
Թագուհի
շարունակեց.
—Գիտե՞ս,
Վահրամ
պէյը
կը
նշանուի։—
Մաքրիկ
առջեւը
նայելով
խնդաց.
ի՜նչ
ճարտարութեամբ
Թագուհի
խօսք
կը
բանար։
—Նայիմ
որո՞ւ ,
—
հարցուց
միշտ
ժպտալով։
—Հարուստը
հարուստին
կը
վայլէ.
Միսաք
էֆէնտիին
աղջկանը։
Մաքրիկ
այս
անգամ
չխնդաց։—
Թագուհի
միամտաբար
ամէն
ինչ
կը
պատմէր,
ամէն
ինչ
մանրամասնօրէն.
աղջիկը
ոչինչ
ըմբռնեց։
Ահռելի
բառը
զինքը
գրաւած
էր—
Վահրամ
կը
նշանուի
ուրիշ
աղջկան
մը.
—
այս
բաւ
էր։
Թագուհին
կրնար
ապահով
լինիլ,
որ
Մաքրիկ
գաղտնապահ
պիտի
մնար,
առանց
ահեղ
երդման
իսկ։
Թագուհի
խօսքը
չէր
աւարտած
եւ
Միսաք
էֆէնտիի
«աննման
աղջկան
»
գովեստը
կը
շռայլէր,
երբ
Մաքրիկ
գլխու
ցաւը
պատրուակ
ընելով
քաշուեցաւ
իւր
սենեակը։
Դուռը
գոցեց,
ինկաւ
բազմոցին
վրայ.
շուարած
կը
մտածէր։
Իրիկուան
կերակուրի
ալ
չիջաւ.
սեղանին
վրայ
Գոհարիկ
կ՚ըսէր.
—Չեմ
գիտեր
ի՞նչ
ունի
այս
աղջիկը,
քանի
մ՚օր
է
կարծես
թէ
հիւանդ
է,
գլխու
ցաւը
կը
բռնէ.
մի՛
կարեր
կ՚ըսեմ,
մտիկ
չըներ։
Այս
միջոցիս
Մաքրիկ
մտածութեանց
մէջ
էր։
Աղջիկ
մը
երբ
կը
զոհէ
երիտասարդի
մը
ինչ
որ
ամենէն
աւելի
նուիրական
է
իրեն
համար ,
կը
կարծէ,
թէ
իւր
սիրոյն
եւ
անձնուիրութեան
անհերքելի
ապացոյցները
տուած
է։
Չէր
կրնար
ըմբռնել,
թէ
Վահրամ,
այն
վեհանձն
երիտասարդը
(այս
Մաքրիկին
կարծիքն
էր
)
կարող
լինի
այդքան
վատութեամբ
խեղճ
աղքատ
աղջկան
մը
կեանքը
թունաւորել։
Մտածելով,
մտածելով
գտաւ,
թէ
Թագուհին
սխալ
հասկցած
լինելու
է,
կամ
իւր
բերանը
փնտռել
ուզած
է
պատմութիւն
մ՚ընելով
կամ
թէ
Վահրամ,
ո՛վ
գիտէ
ի՛նչ
պատճառաւ,
խաբած
է
Թագուհին։
Մաքրիկը
չենք
մեղադրեր.
կը
ճանչնա՞ր
աշխարհս։
Ամառն
ամէն
իրիկուն
դուրս
կ՚ելնէին .
Գոհարիկ
եկաւ
Մաքրիկի
սենեակն,
հարցուց.
թէ
ի՞նչ
ունի.
պատասխան
առաւ
թէ
բան
մը
չունի,
բայց
դուրս
չելներ։
Գոհարիկ
սենեակէն
ելաւ,
վեր
գնաց
հագուելու։
Մաքրիկ
այս
առիթէն
օգուտ
քաղեց
քովի
սենեակն
երթալու,
ուր
Վահրամ
նստած
էր
դաշնակին
առաջ։
Յուշիկ
յուշիկ
ներս
մտաւ,
Վահրամ
գլուխը
դարձուց
եւ
խնդալով
ըսաւ.
—
Ա՛,
դո՞ւն
ես ,
Մաքրիկ։
Այդ
ժպիտին,
այդ
հարցման
վրայ
Մաքրիկ
կարծես
թէ
նոր
աշխարհ
եկաւ.
զգաց,
թէ
ըսուածները
սուտ
էին,
հետեւաբար
առանց
վարանելու
մօտեցաւ
Վահրամի
եւ
խնդալով
ըսաւ.
—Բան
մը
լսեցի,
իրա՞ւ
է։
—Ի՞նչ
լսեցիր։
—Կը
նշանուի՞ս
եղեր։
—Որո՞ւ։
—Միսաք
էֆէնտիի
աղջկանը։
(Մաքրիկ
երդումը
մոռցած
էր)։
—Անանկ
խօսք
մը
կայ,
ինչո՞ւ
կը
հարցունես։
—Հապա
ես
ի՞նչ
ընեմ։
—Դուն
ի՜նչ
ընես.
եթէ
կ՚ուզես
քե՛զ
ալ
կը
սիրեմ։
—Բայց
պարտէզը
անցուցած
գիշերնի՜ս,
ինձ
տուած
խոստումներդ ,
մոռցա՞ր։
—Է՛հ,
անոնք
կատակ
էին,
մենք
անանկ
կատակներ
շատ
կ՚ընենք ,
Մաքրիկս։
Վահրամ
գլանիկը
բերանը
դրաւ,
դաշնակը
զարնել
կը
շարունակէր.
Մաքրիկ
բերանը
չբացաւ.
դուրս
ելաւ
գնաց
ինկաւ
նստարանին
վրայ,
ճրագը
չվառեց,
դուռը
գոցեց։
Ամբողջ
գիշերը
լացաւ։