Զ
Մաքրիկ
առաւօտուն
կանուխ
անկողնէն
ելաւ.
արդէն
ամբողջ
գիշերը
չէր
քնացած
գրեթէ.
հագուեցաւ
եւ
գնաց
Գոհարիկին
սենեակը։
—Ես
այսօր
պիտի
երթամ ,
—
ըսաւ,
—
քանի
եկած
եմ,
չեմ
գացած։
—Այս
օդին
ի՞նչպէս
պիտի
երթաս.
գոյնդ
ալ
նետած
է,
հիւա՞նդ
ես,
ի՞նչ
ես։
Օդը
լաւ
չէր,
երկինքը
ամպեր
կային
եւ
բարակ
բարակ
անձրեւ
կուգար,
կարծես
Մաքրիկի
տխրութիւնն
աւելցնելու
համար։
—Քանի
մը
գիշեր
է
գէշ
երազներ
կը
տեսնեմ,
այսօր
շատ
անհանգիստ
եմ։
—Ե՞րբ
պիտի
գաս։
—Թագուհին
այս
օրերս
պիտի
գայ,
մէկտեղ
կուգանք։
Գոհարիկ
այլ
եւս
չպնդեց.
դուրս
ելաւ
եւ
հրամայեց,
որ
ծառան
պատրաստուի
միասին
երթալու,
յետոյ
ելաւ
իւր
սենեակը
եւ
վար
իջնելով
գնաց
Մաքրիկին
քովը,
քսակի
մը
մէջ
դրած
հինգ
ոսկի
տուաւ։
Բարի՜
Գոհարիկ,
գիտէի՜ր,
թէ
արեան
գինն
է,
որ
Մաքրիկի
կը
վճարես։
—Մաքրիկ,
այս
քիչ
է,
բայց
մնացածը
պահած
եմ.
գիտեմ,
որ
եթէ
տուն
երթաս,
ամէնը
ծախս
պիտի
ընես,
անոր
համար
մնացածը
պահեցի,
ետքը
դուն
ալ
գոհ
կ՚ըլլաս։
Մաքրիկ
ժպիտ
մ՚ունեցաւ,
շնորհակալ
եղաւ,
մնաք
բարովը
ըսաւ,
առանց
մոռնալու
«Գրիգոր
էֆէնտիին
ալ
ձեռքը
կը
պագնեմ
»
խօսքը։—
Գոհարիկ
ուշադրութիւն
չըրաւ,
որ
Վահրամի
անունը
չէր
տար։
Դուրս
ելաւ,
սպասաւորը
ետեւէն.
երբ
քիչ
մը
հեռացաւ,
ետ
դարձաւ
ակնարկ
մը
նետեց
Գոհարիկենց
տանը,
եւ
թաշկինակն
հանելով՝
կամացուկ
մը
աչքերը
սրբեց։
Յոյս,
սէր,
անմեղութիւն,
ամէն
ինչ
այդ
ապարանքին
մէջ
թաղուած
կը
թողուր։
Իջան
նաւամատոյց,
մտան
շոգենաւ,
ելան
կամուրջ
եւ
անտի
շուկայն,
ուր
Մաքրիկ
հօրը,
հարսին,
Պետիկի
համար
մի
քիչ
բան
գնեց։
Չենք
ուզեր
երկար
բարակ
պատմել
տան
իրարանցումը,
երբ
Պետիկ
պատուհանէն
նայելով
իմաց
տուաւ,
թէ
հօրաքոյրն
է։
Զիրար
գրկեցին,
զիրար
համբուրեցին։
Այս
կարգի
ընտանիքներն,
եթէ
դժբաղդութիւն
ունենան,
սրտաճմլիկ
տեսարան
մը
կ՚ընծայեն,
երբ
իրենց
անդամներէն
մին
կամ
ուրիշ
սիրելի
մը
բացակայութենէ
վերջ
դառնայ
իրենց
մօտ։
Բաւական
լացին,
Նիկողոս
աղբօր
զաւկին
մահուան
յիշատակները
կը
նորոգուէին։
Բայց
ամէն
արցունք
վերջ
ունի.
իրենք
ալ
սրբեցին
իրենց
աչքերը.
խօսակցութիւններն
սկսան։
Մաքրիկ
հետը
բերածները
տուաւ
ամենուն.
քովը
գտնուած
ստակն
ամբողջ
հանեց
հօրը
ձեռքը
դրաւ։
Նիկողոս
աղբօր
վրայ
լոյս
իջաւ.
խեղճերուն
քով
ստակ
մը
չէր
մնացած ,
շուարած
էին։
Ծերունին
գլուխը
բացաւ
եւ
լալով
սկսաւ
օրհնէնք
կարդալ
Գրիգոր
էֆէնտիին,
Գոհարիկին,
Վահրամին,
որք
այսպէս
իրենց
խեղճութիւնը
կը
մոռացնէին,
եւ
անմեղներուն
ապրուստը
կը
ճարէին։—
Դա՜ռն
հեգնութիւն,
կեանքի
դա՜ռն
հակադրութիւնք։
Հասն
անհամբեր
էր,
անկիւն
մը
քաշուեցաւ
եւ
սկսաւ
խօսիլ
Մաքրիկին
հետ.
պատմեց,
թէ
քանի՜
հոգիներ
հիմա
զինքը
կ՚ուզէին
եւ
թէ
անպատճառ
պիտի
նշանուի
եւ
այնուհետեւ
Գատը—Գիւղ
պիտի
երթայ.
թո՛ղ
հարսնիքը
ուշ
ըլլայ։
—Հոգի՛ս,
վաղը
մէկալ
օր
կը
տեսնուինք,
խելքս
վրաս
չէ.
արդէն
հիմա
պիտի
երթամ,
այս
գիշեր
կարելի
է
չեմ
գար,
վաղը
կը
խօսինք։
—Ո՞ւր
պիտի
երթաս։
—Թագուհին
բաներ
մը
ապսպրեց
տունը,
այսօր
պէտք
է
երթամ
խօսիմ,
խօսք
տուի,
որ
երթամ,
ա՛լ
գիշերը
չեմ
կրնար
դառնալ.
վաղը
ցորեկ
կուգամ։
Թագուհիին
անունը
լսելով
հարսը
չդիմադրեց.
բայց
երբ
դուրս
ելաւ
Մաքրիկ,
չուզեց,
որ
Պետիկը
հետը
երթայ.
—
Մօտիկ
է,
կ՚ըսէր,
ծովեզերքէն
կ՚երթամ,
ժամ
պիտի
երթամ,
անկէ
կ՚անցնիմ։
Անձրեւը
դադրած
էր.
արեւը
մարը
կը
մտներ,
երեկոյեան
հեշտ
արեւ
մը.
շատ
աղւոր
իրիկուն
մ՚էր.
ցօղաթուրմ
ծառերէն
անձրեւի
կաթիլներ
կը
կաթկթէին։
Ս.
Յովհաննէս
մօտ
էր։
Գլուխը
իւր
քօղին
մէջ
պատած,
Մաքրիկ
դուրս
ելաւ ,
անցաւ
երկաթէ
դուռնէն
եւ
մտաւ
եկեղեցի։
Պոլսոյ
մէջ
չկայ
եկեղեցի
մը,
որ
այնքան
խորին
տպաւորութիւն
ընէ
փափուկ
եւ
տխրած
հոգիներու
վրայ,
որքան
կ՚ընէ
Նարլը—Գաբուի
փոքրիկ
եկեղեցին։
Խոր
լռութեան
մէջ
թաղուած՝
կարծես
կղզեակ
մ՚է
ի
ծովու։
Մերթ
ընդ
մերթ
ալիքները
կուգան
ընդհատել
աղօթից
մրմունջներն
եւ
ի
յուշ
ածել
տառապեալ
հոգւոյն՝
կեանքի
տխուր
իրականութիւններն.
յուզում,
վիշտ,
փոթորիկ,
հանդարտութիւն
կը
յաջորդեն
միմեանց.
դիւրաբեկ
նաւակներն
օր
մը
այդ
ալեկոծութեանց
մէջ
անհետ
կը
լինին։
Մաքրիկ
կ՚զգար
թէ
ինք
ալ
դիւրաբեկ
նաւակ
մ՚է։
Գնաց
Մայր
Վշտակիր
պատկերին
առաջ,
երկու
ձեռքերուն
մէջ
առաւ
երեսները
եւ
լացաւ։
Ալիքները
կը
բաղխէին.
ա՛լ
աչքերը
սրբեց.
մութը
սկսած
էր
տիրել,
պատուհանէն
անգամ
մը
նայեցաւ։
Գատը—Գիւղ
աչքին
առջեւ
կը
պարզուէր
վերջալոյսի
լուսովը
դեղնած։
Ակնարկ
մը
նետեց,
դուրս
ելաւ։
Հանդիպեցաւ
քարոզիչ
վարդապետին,
ձեռքը
պագաւ,
երկար
չխօսեցաւ
եւ
սկսաւ
ծովեզերքէն
ընթանալ
յուշիկ—յուշիկ։
Կարծես
բոլորովին
մթննալու
կ՚սպասէր։