Կատակ մը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Այն ձմեռն այսպէս տխրութեամբ անցաւ եւ չենք կրնար ըսել, թէ ուրախութիւնը վերստին տիրեց Նիկողոս աղբօր տան մէջ։ 1880ի գարնան՝ Զատկէն վերջ, արդէն մտատանջութիւնը մեծ էր այս դժբաղդներու համար, երբ չորեքշաբթի ցերեկ մը դուռը զարկին. հարսը պատուհանէն նայեցաւ եւ խնդալով վար վազեց բանալու։ Մաքրիկն ալ, Պետիկն ալ եկան եւ սկսան ուրախութեամբ հիւրին ձեռքերը պագնել. ան ալ անոնց երեսները կը պագնէր։ Կը տիրէր սրտի այն զեղումը, որ միայն այս կարգի շրջանակներու մէջ ի յայտ կուգայ ա՛յնքան ուժով։ Հիւրը, Թագուհին, իրենց ազգականներէն էր. Գատը—Գիւղ կ՚անցընէր ժամանակին մեծ մասը։ Ատենօք այն տեղի երեւելիներէն միոյն տան մէջ կաթնտու եղած ըլլալով, այժմ որ իւր սնուցած երեխաները մեծցեր էին, անոնց գրեթէ մօր տեղ էր, այն սրտառուչ աւանդութեան համեմատ, որով մեր մէջ կաթնտուն երկրորդ մայր կը համարուի։
       Ուրեմն շարունակենք մեր պատմութիւնը։ Հարսը եւ Մաքրիկ իրենց հիւրին հետ միասին վեր ելան։ Թագուհիի դէմքին վրայ բարութիւնը կը փայլէր։ Կարմիր այտերով, սեւ մազերով քաղցրահամբոյր կին մ՚էր։
       —Ի՞նչպէս էք, աղէ՞կ էք, ի՞նչ կ՚ընէք։
       —Ի՛նչ ընենք, մեր վիճակը յայտնի է։
       —Աստուծոյ կամքը այսպէս է, զաւկներս, ի՞նչ ընենք։ Նիկողոս աղա՞ն ուր է։
       —Վար իջաւ, քիչ մը ժամանակ անցընէ։
       Մաքրիկ գնաց սուրճ եփելու, հարսն ալ եկաւ Թագուհիի շալը վերցնելու։
       —Շիտա՞կ կուգաս Խատիգեղէն։
       —Շիտակ կուգամ։
       —Աս ծովուն ի՞նչպէս եկար։
       —Ի՞նչ ընեմ, ամիս մ՚է տունէն լուր մը չունիմ. ձեզի համար ալ սիրտս կը հատնէր. աղէկ լուրեր բերի ձեզի։ Մերիններէն ալ լուր մը ունի՞ք։
       —Քոյրդ երէկ հոս էր, աղէկ են, բան մը չունին։
       Սկսան խօսիլ իրենց վիճակին վրայ։
       —Ա՛խ, քուրուկ, դուն օտարական չես. մեր վիճակը գիտես. չենք գիտեր ի՞նչ ընենք. բերաննիս չբացուիր։
       —Աստուած ողորմած է, Աստուծոյ ողորմութիւնը մեծ է, ի՞նչ ընենք, աղջիկս, ես ալ քանի տարի է սեւերը չեմ հանած։ Մաքրիկիս համար ձայն մը կա՞յ ։
       —Անոր ալ ուզող մը կայ։
       —Ո՞վ է։
       —Կարապետը։
       —Սա, Հաճիի՞ն տղան։
       Այս միջոցիս Մաքրիկ սուրճը կը բերէր։
       —Բան մը ըսե՞մ, ես ատոր հա՛ չեմ ըսեր. ասանկ աննման աղջի՜կ։
       Մաքրիկ կարմրեցաւ, ամչցաւ։ Բայց եւ այնպէս ժպիտ մ՚ունեցաւ։ Եղբօր մահուանէն ի վեր առաջին ժպիտն էր։ Այնքա՜ն հզօր է անձնասիրութեան ոյժը, որ կրնայ պահ մը մոռցնել տալ է՛ն խորին վիշտն ալ։
       —Ես Մաքրիկս Խատիգեղ պիտի կարգեմ։
       —Խնդալու բաներ մի՛ ըսեր. մենք ո՛վ, Խատիգեղ հարս տուողը ո՛վ։
       —Կը տեսնես, կը տեսնես։ Ես ձեզի աղէկ լուր եմ բերեր, ըսի։ Թող քիչ մը մեծնայ , քիչ մ՚ալ ստակ վաստկի։ Այս վերջի խօսքերուն վրայ շեշտեց։
       —Ընտո՞ր վաստկի. ամէն բան ձեռքէն կուգայ, դուն գիտես, մեր մեղքէն է, որ կար մը, բան մը տուող չկայ։
       —Նայէ՛, կը վաստկի՞ թէ չէ։ Մեր հանըմին խօսեցայ. իր կարերը օտարներուն տալու տեղ, թող հայուն տայ։ Աննման սիրտ մը ունի, խօսքէս դուրս չելաւ։ Մաքրիկս ուզեց իր քով կար կարելու, մէկտեղ նստելու։ Հիմա հասկցա՞ր։ Քանի մը ամիս թող կենայ, նայէ ի՞նչ կ՚ըլլայ. բան ալ կը սորվի, ստակ ալ կը վաստկի, ձեզ ալ կը պահէ. հանըմս անիկա կը կարգէ ալ։
       Այս առաջարկութիւնը կ՚երեւի, թէ շատ անհաճոյ չեղաւ։
       —Ի՞նչ կ՚ըսես, Մաքրիկ , հարցուց հարսը։
       Բայց Պետիկ պատասխանի ատեն չթողուց եւ լալով վազեց.
       —Չէ՛, չէ՛, ես հօրաքոյրս չեմ ձգեր։
       Թագուհին Պետիկին ձեռքէն բռնեց, քովը առաւ նստեցուց, քիչ մը շաքար տուաւ գրպանէն եւ լռեցուց։ Ինչ հասակի մէջ ալ գտնուին մարդիկ, հինգ տարեկան, թէ յիսսուն , կան պարագաներ, յորս բնութիւնն անփոփոխ է։ Ոմանց համար շաքարի մը կտոր, այլոց համար ուրիշ շահագիտական փորձանք, կը լռեցնեն խիղճը եւ շատ համոզումներ փոփոխել կուտան։
       Այս միջոցին դուռը զարկին, Նիկողոս աղբար եկաւ։ Իրենք ալ իրենց վիճակին համեմատ քաղաքավարական փոխանակութիւններն ընելէ վերջ, հարսը ձկնորսին իմացուց Թագուհիի առաջարկութիւնը։
       Նիկողոս աղբար ձայն չհանեց։ Աղջիկէն բաժնուիլ չէր ուզեր, բայց անօթութիւնը եթէ գայլը լեռնէն վար կը բերէ, տատրակն ալ բոյնէն դուրս կը հանէ. այն հզօր ազդեցութիւնն է, որոյ առաջ ամէն ամուր պարիսպ, ինչպէս ամէն գորովալիր սիրտ, կը խոնարհի։ Նիկողոս աղբար վրդովեալ էր։ Բայց ի՞նչ ըներ։
       —Աղջի՛կս, ըսածդ ըլլայ. իմ վիճակս յայտնի է, երկու փարայ չեմ կրնար վաստկիլ, աս խեղճերը ի՞նչ պիտի ըլլան։ Աստուած բարին տայ։
       Ապրիլի 28ին, երկուշաբթի առաւօտ, Նառլը—Գաբուի համար նշանաւոր օր մ՚էր, մեծ պատահար կար։ Մաքրիկի երթալուն լուրը ամէն կողմ տարածուած էր, ամէնքն ալ կը սիրէին այդ աղջիկն, ուստի երկուշաբթի առաւօտ բոլոր դրացիները— դրացութեան մէջ կրօնքի եւ սեռի խտրութիւն չկայ կ՚ըսեն—ժողովուած էին Նիկողոս աղբօր տունը։
       Մնաք բարովները սրտաշարժ եղան, կարծես թէ հեռաւոր քաղաք երթալու համար կը բաժնուէին։ Սակայն այս խեղճերը գրագէտ չլինելով, սրտի յուզում կեղծելու տխուր հարկին մէջ չէին գտնուէր, ամէն ինչ բնական էր։ Շատ յիշատակներ կը զարթնուին իրենց մտքին մէջ։ Լացին։
       —Ա՛լ ձեռք կուտայ, ա՛լ ձեռք կուտայ , ըսաւ Թագուհին։— Աղջիկը ծովով տեղ պիտի երթայ, ետեւէն լալը խէր չէ։
       Այս ըսելով Մաքրիկին թեւէն բռնեց եւ դուրս ելան. տնեցիք պագտուեցան անոնց հետ։ Մաքրիկ բոլորովին սեւերու մէջ էր։ Պատուհանները լեցուն էին, ամէն ոք խօսք մը ունէր ըսելու։
       Հարսը չմոռցաւ յանձնարարել, որ Ս. Յովհաննէս երթան մոմ վառեն։ Այսպիսի յանձնարարութեան հարկ չկար։ Այս նախազգոյշ միջոցը ձեռք պիտի առնէին արդէն։ Գացին, մոմը վառեցին, աղօթքնին ըրին. եւ նաւամատոյց երթալով, նստան նաւակ մը եւ անցան դիմաց, այսինքն Գատը—Գիւղ։