Դ
Յունիսի
իրիկուն
մ՚էր.
Գրիգոր
էֆէնտի
ընթրիքի
չէր
եկած.
սեղանին
միայն
Գոհարիկ,
Վահրամ
եւ
Մաքրիկ
ներկայ
էին,
շատ
զուարճանալով
ճաշերնին
ըրին
եւ
գինին
մի
քիչ
չափն
անցաւ։
Վահրամ
գլանիկ
մըն
ալ
հրամցուց
Մաքրիկին,
որ
իբր
զբօսանք
բերանը
առաւ,
քիչ
մը
ծխեց
եւ
ետ
դարձուց,
բայց
այդ
մէկ
վայրկեանը
կը
բաւէր,
որ
գինւոյ
ազդեցութիւնը
սաստկանար։
Սեղանէն
վերջ,
Գոհարիկ
դաշնակին
գնաց,
իսկ
Մաքրիկ
պարտէզ
իջաւ.
գլուխը
քիչ
մը
կը
դառնար,
եւ
նստարանի
մը
վրայ
ինկաւ։
Հազիւ
տասը
վայրկեան
կար,
որ
հոն
էր
եւ
ահա
ծառերուն
ետեւէն
ճերմակ
շուք
մը
երեւցաւ.
Մաքրիկին
սիրտն
ուժով
կը
բաբախէր։
Վահրամ
ամրան
ճերմակ
զգեստ
մը
վրան,
գլանիկը
բերանը,
երգ
մը
մրմնջելով
կուգար։
—Ա՛,
դու
հո՞ս
ես,
—
ըսաւ
Մաքրիկին,
իբր
թէ
չէր
գիտեր։
Դէմը
կանգ
առաւ։
—Ի՜նչ
աղւոր
գիշեր
է,
այնպէս
չէ՞։
—Շատ
աղւոր,
մանաւանդ
լուսնկան։
—Բայց
ոչ
քեզմէ
աւելի
աղւոր։
—Կ՚աղաչեմ,
Վահրամ
պէյ,
ինծի
այդպիսի
խօսքեր
մի՛
ըներ,
չե՞ս
գիտեր
ինչ
կ՚ըլլամ,
մեղքցիր
զիս։
Այդ
շեշտը,
այդ
խեղճուկ
արտասանութիւնը
պարտութեան
ապացոյցներն
էին,
Վահրամ
ըմբռնեց,
թէ
Մաքրուհին
իւր
անձին
տէրը
չէր
այդ
վայրկեանին,
քովը
նստաւ
եւ
աջ
ձեռքն
անցուց
Մաքրիկի
ուսին .
աղջիկը
դիմադրութիւն
մ՚ըրաւ
շատ
տկար,
արդէն
գլուխը
խոնարհած
էր
Վահրամի
շրթանց
առաջ։
Կը
վայելէր
առաջին
համբոյրներու
հեշտութիւնը,
հեշտութեանց
քաղցրագոյնը,
որոց
յիշատակը
չի
ջնջուիր
երբեք
մեր
սրտերէն։
Վահրամ
աջ
ոտքը
ձախին
վրայ
դրած
էր.
Մաքրիկ
անդ
կը
հանգչեցնէր
խոնջ
գլուխը.
Վահրամի
եւ
Մաքրիկի
երակաց
մէջ
արիւնը
կ՚ընթանար
իբր
կրակէ
հեղուկ
մը։
—Մաքրի՛կ,
հոգի՛ս,
կը
խոստանա՞ս
իմս
ըլլալ,
քեզ
հետ
ապրինք,
քեզ
հետ
մեռնինք։
Գիշերը
շատ
աղւոր
էր.
տաքուկ
օդ
մը
կար.
աստղերը
կը
պլպլային.
ծաղկանց
բուրումը
զմայլում
կ՚ազդէր.
աւազանին
մէջ
գորտերու
ոստոստման
ճողփիւններն
կը
լսուէին.
Գոհարիկ
կը
նուագէր
դաշնակաւ
Թրավիաթաի
վերջի
նուաղումը.
Մնաք
բարով
դուք
անցելոյն
Գեղածիծաղ
երազներն,
այն
նուագներէն,
որ
մարդուս
սիրտն
ու
հոգին
կը
փոխադրեն
մի
ուրիշ
աշխարհ.
եւ
կ՚ըսեն
«կեանքն
եթէ
տխուր
է,
բայց
եւ
այնպէս
սիրելու
է
զայն»։
Ա՜հ,
Մաքրուհին
հիմա՛
կը
սիրէր
կեանքը,
սիրուն
երիտասարդի
բազկացը
մէջ։
Կը
սիրէր
կեանքը,
բայց
իւր
անձին
տէրը
չէր։
Արբշռութիւն
գինւոյ,
արբշռութիւն
ծուխի,
արբշռութիւն
համբոյրներու,
արբշռութիւն
աղւոր
գիշերուան
մը,
ո՜վ
երբեք
կարող
է
տրամաբանել
ձեր
ներկայութեանը։
Վահրամի
ակռայներն
իրարու
կը
զարնուէին,
մտքերն,
ամբողջ
մարմինը
կը
դողային…։
Խոր
լռութեան
մէջ
լսելի
էին
միայն
Մաքրիկի
հեծկլտանքներն,
որք
կ՚ընկերանային
Վերտիի
շեշտերուն,
էին
այն
հեծկլտանքները,
զոր
աղջիկ
մը
չի
փոխանակեր
ո՛չ
մէկ
ուրախութեան
ձայնի
հետ։
Եթէ
տակաւին
հին
գրականութեան
գողտրիկ
լեզուն
գործածական
լինէր
արդի
սովորութեանց
մէջ,
պիտի
ըսէինք.
«Մաքրիկի
անմեղութեան
հսկող
պահապան
հրեշտակն
իւր
դէմքն
սքօղած
մեկնեցաւ
այդ
պարտէզէն»։
Գոհարիկ
կը
շարունակէր
իւր
նուագներն.
յանկարծ
դադրեցուց
եւ
պատուհանէն
յստակ
ձայնովը
կանչեց.
—Վահրամ,
ո՞ւր
ես։
—Ի՞նչ
կայ,
հոս
եմ։
—Դուրս
կ՚ելնե՞ս։
—Ինչո՞ւ
չէ։
Ժամանակն
էր։
Այս
տեսակ
պարագայներու
մէջ
ամենադժուարին
գործ
մ՚է
կնոջ
ձեռքէն
ճողոպրիլն։
Վահրամ
շատ
գոհ
եղաւ
քրոջը
հրաւէրէն,
դրոշմեց
Մաքրիկի
երեսներուն
համբոյր
մը ,
—
շատ
տկար
համբոյր
մը—
եւ
աներեւութացաւ։