ՇՐՋԱՆ
ՄԸ
ԻՐ
ՅՈՅԶԵՐՈՎ
ԵՒ
ՏԵՆԴԵՐՈՎ
(«Ազդակ»
երիտասարդ
շաբաթաթերթ)
…Երկար
տեւած
էին
վիճաբանութիւնները՝
անունի,
խմբագրութեան
եւ
ուղղութեան
մասին։
Վիճողներէն
մէկն
էր
ողբացեալ
Դեւը
(Թադէոս
Խաշմանեան)
որ
Թիֆլիսէն
Պոլիս
եկած
էր
իբրեւ
թղթակից
Կովկասեան
թերթերու։
Բնիկ
Սեբաստացի
եւ
աշակերտ
Ղալաթիոյ
նախակրթարանին,
189596ի
ջարդերէն
վերջ
Կովկաս
գացած
եւ
բոլորովին
փոխուած
էր։
Համբաւ
կը
վայելէր
իբրեւ
կրակոտ
հռետոր,
մանաւանդ
ռուսերէն
ատենախօսութեանց
համար։
Դեւը
իբրեւ
անուն
կ’առաջարկէր
«Կռան»,
որ
քիչ
մը
խորթ
երեւցաւ
մեզի։
Ես
դէզ
մը
անուններ
շարեցի
եւ
կարծեմ
կանգ
առի
«Մուրճ»ին
վրայ։
«Ազդակ»ը
Գեղամին
գիւտն
էր,
-
բառ
մը
զոր
չէի
սիրած,
իմաստն
ալ
աղէկ
չհասկնալով։
Ի
վերջոյ
համաձայնեցանք։
Եւ
արդէն
պատրաստ
էր
ճակատը
-
Շաբաթաթերթ
գրական,
հասարակական,
քաղաքական։
Համակրողներ՝
Է.
Ակնունի,
Ա.
Ահարոնեան,
Ա.
Եարճանեան,
Ռ.
Զարդարեան,
Ս.
Զաւարեան,
Յ.
Շահրիկեան,
Փիէռ
Քիյեառ։
Խմբագիրներ՝
Գ.
Բարսեղեան,
Տիկին
Զապէլ
Եսայեան,
Վ.
Թաթուլ,
Շ.
Միսաքեան։
1908
Դեկտ.
16-29։
Ա.
տարի,
թիւ
1։
Խմբագրութեան
համար,
երեքս
համաձայն
էինք
արդէն
-
Գեղամ
Բարսեղեան,
Վ.
Թաթուլ
եւ
ես։
Զապէլ
Եսայեանը
առաջարկեցինք
իբրեւ
ծանօթ
գրագիտուհի,
թէեւ
մեր
սերունդին
չէր
պատկաներ
ո՛չ
դաւանանքով,
ո՛չ
ալ
խառնուածքով։
«Համակրողներ»ու
շքախումբն
ալ
շարած
էինք
հետեւողութեամբ
եւրոպական
թերթերու,
գոյն
եւ
ուժ
տալու
համար
մեր
շարժումին։
Չէ՞
որ
անծանօթ
«պլանպէք»ներ
էինք։
Ո՛չ
որեւէ
վճարում
կար,
ո՛չ
ալ
աթոռ։
Այս
վերջինը
տառապէս։
Իբրեւ
խմբագրատուն
պիտի
ծառայէին
«Արծիւ»
ժողովրդական
գրավաճառանոցը,
որ
փողոցէն
կը
բաժնուէր
սեմով
մը
եւ
խեղճուկրակ
տպարան
մը,
ուր,
ի
հարկին,
աթոռ
մը
կը
ճարէին
գրաշարին
քով,
ձեռագիր
հասցնելու
կամ
փորձ
սրբագրելու
համար
մարմարին
վրայ։
Ուղղութի՞ւնը,
-
առաջին
թիւին
համար,
երկար
որոճալէ,
գրելաւրելէ,
յօտել
յղկելէ
վերջ
հրատարակուեցաւ
ճախրասլաց
յայտարարութիւն
մը,
որմէ
քանի
մը
հատուածներ
կ’արտագրեմ
ստորեւ
իբրեւ
նմոյշ
լեզուի
եւ
դաւանանքի։
Իբրեւ
ժամանակի
նշան.
-
«Յեղափոխութիւնը
մեր
ետին,
եւ
Յեղափոխութիւնը
մեր
առջեւ։
«Ահաւոր,
դիւցազնական
ու
կարմիր
Յեղափոխութիւնը
Երէկի՝
որու
միջոցին
Երիտասարդութիւնը
իր
թանկագին
ուժին
լիութեանը
մէջ
այնքան
գեղեցիկ
ու
այնքան
պատմական
դեր
մը
ունեցաւ
եւ
տարբեր
միջոցներով,
տարբեր
պայմաններու
տակ,
անխուսափելի
Յեղափոխութիւնը
վաղուան,
որու
ընթացքին
կը
հաւատանք
դարձեալ
թէ
Երիտասարդութեան
վիճակուած
է
իր
գործը
շարունակել։
«…Այո՛,
դէպի
Աշխատանք,
դէպի
իսկական
Վերածնունդ։
«
Այո՛,
եւ
դարձեալ
Երիտասարդութիւնը՝
իր
առոյգ
եւ
աւշալիր
կեանքով,
յաւիտենական
գաղափարին
կարմիր
դրօշակն
ի
ձեռին։
«…Առանց
յաւակնութիւնն
ունենալու՝
գերազանց
յանձնառութիւններու
գործադրումին,
«Ազդակ»
պիտի
ըլլայ
մէկ
շեշտը
նոյնազգաց,
նոյնախոհ
Երիտասարդութեան
մը,
օրկան
մը,
որ
պիտի
ուզէ
Նոր
Օրերու
մուտքին
առջեւ
լսուող
ձայներու
եւ
աղմուկներու
զանազանութեան
մէջ
Երիտասարդ
Խօսքը
հնչեցնել»,
եւայլն։
Նոյն
թիւին
մէջ
բաժիններն
ալ
ճշդուած
էին։
Մէկ
խօսքով
«Ազդակ»ը
պիտի
դառնար
օրկան
մը
«Պայքարի
եւ
Գրականութեան»,
համաձայն
շաբաթաթերթի
մը
պայմաններուն։
Հակառակ
այս
եւ
ուրիշ
բոցավառ
ու
ճոռոմաբան
արտայայտութեանց,
«Ազդակ»
իր
առաջին
քայլերը
նետեց
տոտիկ-տոտիկ,
աստիճանաբար
փրփրելու
եւ
կրակ
տեղալու
համար։
Անդրանիկ
թիւը
եղաւ
տժգոյն
ծաղկեփունջ
մը
զանազան
յօդուածներու,
առաջինը՝
Փիէռ
Քիյեառէ,
որ
Օսմ.
Սահմանադրութեան
հռչակման
առթիւ
Պոլիս
եկած
էր
(
հայ
երիտասարդութեան,
ֆրանսերէն
և
հայերէն
դէմ
դիմաց)։
Երկրորդը
(
Միութիւն)՝
Պէտէրխանզատէ՝
Ահմէտ
Սիւրէյա
պէյի
ստորագրութեամբ։
Արտատպում
մը՝
Է.
Ակնունիէ
(Փրօ
Արմենիա)։
Մնացեալ
բովանդակութիւնը
կազմած
էին
խմբագիրները.
բանաստեղծութիւն,
գրախօսական,
թատրոն,
ընկերային
շարժում,
քաղաքական
կեանք
եւայլն
16
էջ։
Անողոք
իրականութիւնը
լախտի
պէս
կը
ճնշէր
խմբագրութեան
վրայ։
Թէեւ
շաբաթաթերթ,
«Ազդակ»
ստիպուած
էր
օրագրի
մը
դերն
ալ
կատարել,
հանրային
կարծիք
վարել,
քանի
որ
չկար
ուրիշ
օրկան՝
միեւնոյն
հասկացողութեամբ։
Ուրեմն
բոլոր
թիւերուն
մէջ
կը
տիրապետէր
հանրային
քաղաքական
մտահոգութիւնը։
Մանաւանդ
որ,
դեռ
նոր
կը
կազմաւորուէր
սահմանադրական
կարգուսարքը,
ազգային
թէ
պետական
կեանքի
մէջ։
Պէտք
էր
հետեւիլ,
վերլուծել,
զարնել
կամ
ոգի
ներշնչել։
Իբրեւ
տնաբոյս,
նորափետուր
ընկերվարականներ,
շատ
կը
վախնայինք,
որ
յանցանք
մը
գործած
կ’ըլլանք,
եթէ
բան
մը
փախցնենք
ընկերային
շարժումէն,
կամ
անոր
հակառակ
բան
մը
տպենք։
…Ո՜րքան
թղթակցութիւններ,
ինքնագիր
եւ
թարգմանածոյ
յօդուածներ
ու
ոտանաւորներ՝
ընկերվարութեան,
նոյնիսկ
անիշխանական
եւ
առհասարակ
ընկերային
շարժումներու
մասին
(Կրապոտկին,
Բակունին,
Ժան
Կռավ)։
Մինչեւ
անգամ
հայերէնի
թարգմաներ
էինք
«Էնթէրնասիոնալ»ը
-
Աշխատամարտի
Երգը,
Մայիս
1ի
առթիւ։
…
Առ
հասարակ
թարմութիւն,
ոգի
եւ
ըմբոստ
գիծ
մը
կը
փնտռէինք
թարգմանութեանց
մէջ
անգամ։
Ասոր
համար
ալ,
նախապատուութիւն
կուտայինք
սկանտինաւեան,
այլ
մանաւանդ
ռուսական
գրականութեան,
-
այս
վերջինը
իմ
նախասիրութիւնս
էր.
-
Կորքի,
Չեխով,
Անտրեյեւ
եւայլն։
Նիցչէն
ալ
շատ
ոգեւորած
էր
մեզ,
«Այսպէս
խօսեցաւ
Զրադաշտ»ով։
Բանաստեղծ
ընկեր
մը
Շահէն
Յովհաննէսեան,
որ
յետոյ
Ամերիկա
մեկնեցաւ,
թարգմանած
էր
սկանտինաւեան
բանաստեղծ
Հելկեր
Տրախմանի
հոյակապ
քերթուածը,
«Անգլիացի
Ընկերվարականներ».
դեռ
յիշե՞մ
Վեռհառնի
«Թիարանները»,
Մեթերլինկի
«Անմեղներու
կոտորածը»
եւ
«Բռունցքին
փառքը»,
Օսկըր
Ուայլտի
«Դատաստանատունը»
եւ
«Իմաստութիւն
Սորվեցնողը»
(թարգմ.
Մ.
Մեծարենց),
ու
վերջապէս
Ու.
Հուիթմընի
սքանչելի
«Ողջո՜յն
Աշխարհին»ը
ուր
Հայերն
ալ
իրենց
տեղը
ունին.
-
«…Դուք
մտախոհ
Հայ,
որ
կը
խորհրդածէք
Եփրատի
մէկ
գետակին
մօտ։
Դո՛ւք,
որ
Նինուէի
աւերակները
կը
դիտէք,
դո՛ւք
որ
Արարատն
ի
վեր
կը
բարձրանաք»։
Տիրող
մթնոլորտը,
ամէն
բանի
հասնելու
պահանջը,
ո՛չ
թոյլ
կուտային,
ո՛չ
ալ
տրամադրութիւն
կը
ձգէին
լայնօրէն
ծառայելու
գրականութեան։
Մնաց,
որ
կարճ
տեւեց
«Ազդակ»ի
կեանքը,
-
ո՛չ
իսկ
մէկ
տարի
(41թիւ)։
Եւ
սակայն
ինչ
որ
կրցաւ
տալ
այդ
պայմաններուն
մէջ,
մինչեւ
այսօր
ալ
կը
պահէ
իր
ինքնուրոյն
արժէքը։
Այսպէս,
«Ազդակ»ի
միջոցաւ
էր,
որ
Դ.
Վարուժան
կը
ծանօթանար
լայն
հասարակութեան,
իր
հեթանոս
բանաստեղծութեանց
կցելով
մարտաշունչ
նամակներ։
Ողբացեալ
բանաստեղծը
այն
ատեն
Պելժիա
կը
գտնուէր,
իբրեւ
ուսանող
եւ
իր
առաջին
առաքումը
եղաւ
«Վահանգն»ը.
Ո՜վ
աստուածն
իմ
հայրերուս…
Այնուհետեւ
ղրկեց
«Արեան
Յաղթանակը»,
«Դիւցազնի
մը
սուրին»,
«Կիլիկեան
մոխիրներուն»,
«Վիրաւորը»,
«Պատուէր»
եւ
«Գիրքերուն
մէջ»։
Այս
վերջինը
գրած
ատեն
Պոլիս
էր
արդէն
եւ
1909
Սեպտեմբերին
մեկնեցաւ
իր
ծննդավայրը,
Բրգնիք։
Իր
առաջին
նամակը,
որ
նոյնպէս
հրատարակուեցաւ,
կը
յայտնէր
ջերմ
խանդավառութիւն՝
«Ազդակ»ի
հրատարակութեան
առթիւ։
Երկրորդը,
գրուած
Կիլիկիոյ
տաք,
արիւնազանգ
մոխիրներուն
ազդեցութեան
տակ,
կ’արտայայտէր
ո՛չ
միայն
խոր
յուզում
այլ
եւ
ընդվզում։
«…Լուրերը
այնքան
գէշ
ազդած
են
վրաս՝
որ
կը
ցաւիմ
Ատանա
չգտնուելուս
(երկու
տող
կախման
կէտ՝
խմբագրութեան
ձեռքով)
Կովկասի
հայթաթարական
ընդհարումները
օրինակ
մեզի։
Եթէ
այդ
ոճով
շարժինք,
խուժանը
ինք
պիտի
գայ
մեզ
եղբայրութիւն
քարոզելու։
Կռապաշտ
է
խուժանը.
բոցին
առջեւ
միայն
կը
խոնարհի»։
Եւ
ի՜նչ
խոր
հաւատք,
ապագայի
մասին.
«…Բայց
Հայը
պիտի
ապրի՜,
հակառակ
դահիճներուն
եւ
հակառակ
իր
առիւծի
աչքին
տակ
բուսած
կորեկին։
Հայը
պիտի
ապրի
ժողովուրդներու
սիրազօդ
շղթային
մէկ
ոսկի
օղակն
ըլլալու
համար։
Ա՛յս
է
մեր
բոլորիս
յոյսը
զոր
մուրճով
կռեցինք,
ինչպէս
մեր
պապերէն
մէկուն
նիզակը՝
որ
նպատակին
կը
դիմէր
օդին
եւ
արեւուն
մէջ
երգելով»։
Մէկ
տարի
վերջը
լոյս
կը
տեսնէր
երիտասարդ
բանաստեղծին
առաջին
գիրքը
Պոլսոյ
մէջ,
«Ցեղին
Սիրտը»,
իբրեւ
Գ.
հատորը
«Մատենաշար
Ազդակ»ի։
Նոյնպէս
տեւական
աշխատակից
մը
դարձաւ
միւս
տարաբախտ
բանաստեղծը,
Ռ.
Սեւակ,
որ
կը
գրէր
Լոզանէն,
նախ
շարք
մը,
«Չհասկցուածները»,
յետոյ
ուրիշ
կտորներ։
Երիտասարդ
բժիշկն
ալ
իր
կարգին
ըմբոստ
աղաղակ
մը
կ’արձակէր
Կիլիկիոյ
ջարդին
առթիւ
(1909
Ապրիլ)
իր
«Ուսանողի
նամակներ»ով.
«Գոնէ
սա
յուսահատեցուցիչ,
ծայրայեղօրէն
յոռետես,
ջլատ,
տրտում
դամբանականները
չգրէին։
Անոնք,
որ
մեռան,
գիտակցօրէն,
դիւցազնօրէն,
անոնք
ո՛չ
արցունքի
պէտք
ունին,
ո՛չ
վարձու
կեղծ
լալկաններու,
ո՛չ
խրատի։
Դամբանականները
պէտք
է
կարդալ
դամբանական
խմբագրողներու
գլխուն։
Ժողովուրդները
ինքնապահպանութեան,
ցեղին
շարունակութեա՜ն
պայքարի՛ն
բնազդը
ունին»
(1909
Յունիս
5,
թիւ23)։
Երկուքին
միտքէն
կ’անցնէ՞ր
արդեօք,
թէ
իրենք
ալ
մաս
պիտի
կազմէին
յաջորդ
ողջակէզին,
յանուն
ցեղին
շարունակութեան
պայքարին…
Սիամանթօ
միայն
մէկ
ոտանաւոր
կրցաւ
տրամադրել,
պարզապէս
անոր
համար,
որ
արդէն
կը
պատրաստէր
Ա.
հատորը
«Մատենաշար
Ազդակ»ի,
Կիլիկիոյ
կոտորածին
անմիջապէս
ազդեցութեան
տակ,
«Կարմիր
Լուրեր
Բարեկամէս»
(հրատ.
1909
Սեպտ.
ին)։
Մեծարենցի
ոգին
ալ
կը
սաւառնէր
«Ազդակ»ի
վրայ։
Տարաբախտ
երիտասարդը
մեռած
էր
Սահմանադրութեան
հռչակումէն
չորս
օր
առաջ,
եւ
մենք
խանդաղատանքով
փնտռեցինք
հրատարակելի
նիւթեր՝
իր
ձեռագիրներուն
մէջ։
Վերջին
ամիսներուն
երբ
այցելութեան
կ’երթայինք,
Միսաքն
ալ
յեղափոխական
խռովք
մը
կը
մատնէր,
կարդացած
ըլլալով
քանի
մը
գաղտնի
թերթեր,
-
Դրօշակ,
Ռազմիկ,
եւայլն։
Առանց
ատոր
ալ
արդէն
բաւական
բան
գիտէր
հայկական
տառապանքի
մասին,
իբրեւ
գիւղի
զաւակ։
Այնպէս
որ
չզարմացանք,
երբ
իր
թուղթերուն
մէջ
գտանք
ըմբոստ
«Երգ»
մը,
հինգ
տուն։
Այն
ատեն
գոց
ըրած
էինք
վերջին
տունը.
Քո՛յր,
մօտեցուր
իմ
ձեռքին
Աստուածաբոցն
հըրացան,
Զի
ամէն
բան
ինձ
կրկին
Կը
յիշեցնէ
վրէժն
արեան…
Աւելի
վերջը
կուգար
Ահարոնը,
որ
արդէն
անուն
մը
շինած
էր
«Անահիտ»ի
մէջ
դեռ
Վենետիկէն,
ինչպէս
Վարուժանը
իր
առաջին
հատորով,
«Սարսուռներ»։
Գալով
արձակ
արտադրութեանց,
«Ազդակ»ով
շողաց
թիւ
5էն
իսկ
Յակոբ
Տէմիրճեան,
որ
յետոյ
պիտի
դառնար
քաջածանօթ
Մնձուրին։
Կը
սկսէր
պատմուածքով
մը,
«Հին
Օրեր»
գիւղական
կեանքէ
շարք
մը,
որ
շարունակուեցաւ
այնուհետեւ
մինչեւ
իր
գիւղ
վերադառնալը
(Արմտան)։
Այդ
օրերուն
քանի՞
հոգի
լսած
կ’ըլլային
Սուլթանախնամ
Սթամպոլին
մէջ,
ժողովրդական
երգեր,
օրինակ՝
մեռելի
մը
վրայ.
Լացէ՛ք,
մարեր,
լացէ՛ք
քուրեր,
հոս
մարդ
չկա,
յ
որ
չէ
մեռեր
…Այս
գիշեր
ես
դուրս
ելայ,
ողորմուկ
ձայն
մի
կուգար,
Ցածցայ
ու
ականջ
դրի
որդեկիս
ձայնն
էր
կուգար։
Եւ
դեռ
քանի՜
այսպիսի
երգեր
Յակոբ
Տէմիրճեանի
հայրենի
պատկերներուն
մէջ,
ամօթքխած
ու
թրթռուն
ինչպէս
ինք։
Իր
առաջին
բարեւը
«Ազդակ»ին
կուտար
միւս
Յակոբն
ալ՝
ապագայ
Օշականը։
Թղթատարը
պատմուածք
մը
կը
յանձնէր.
-
«Պառաւին
Անէծքը»,
փակագծի
մէջ՝
գիւղի
կեանքէ,
տակն
ալ՝
աննշան
ստորագրութիւն
մը
Յակոբ
Քիւֆէճեան։
Գիւղի
կեանք,
նոր
աշխատակից,
-
գլխուս
վրայ։
Բայց
կը
վայլէ՞ր,
երիտասարդ,
արդիական,
շաբաթաթերթի
մը
մէջ
տեղաւորել
սա
գռեհիկ
մականունը,
-
Քիւֆէճեան։
Եւ
Յակոբն
ալ
կողովը
նետելով
իբրեւ
ստորագրութիւն
դրինք
մէկ
բառ,
-
Գեղջուկ
(1909
Օգոստոս
28,
թիւ
35)։
Իրմէ
յօդուած
մը
եւս
երեւցաւ
«Ազդակ»ի
վերջին
թիւին
մէջ
(1909
Հոկտ.
16),
«Նոթեր
ռուսահայ
գրականութեան
վրայ»,
այս
անգամ
իր
իսկ
անունմականունով։
Ու
երբ
մտերմացանք,
երբ
գրեթէ
ամէն
շաբթու
Սէօլէօզէն
Պոլիս
կ’իջնէր
եւ
գրատուն
կամ
խմբագրատուն
կը
հանդիպէր՝
ֆրանսերէն
գիրքեր
եւ
պարբերականներ,
մասնաւորապէս
«Մերքիւր
տը
Ֆրանս»ը
տանելու
եւ
կարդալէ
վերջ
վերադարձնելու
համար,
Քիւֆէճեան
արդէն
շալկած
էր
գրական
բազմակողմանի
կողով
մը,
այնքան
բիրտ
եւ
ինքնուրոյն
ու
անսպառ։
Յիշէի՞
միւս
աշխատակիցները։
Բայց
«Ազդակ»ի
պատմութիւնը
չէ,
որ
կ’ընեմ,
այլ
փորձ
մը
շրջանին
միջավայրը,
մթնոլորտը,
հեւքը
պարզելու։
Թող
արձանագրած
ըլլամ
շարք
մը
անուններ
ալ
մասնաւորապէս
անոնք,
որ
գացին
ու
չեկան,
Է.
Ակնունի,
Ռ.
Զարդարեան,
Յ.
Շահրիկեան
(Ատոմ),
Բ.
Շահպազ,
Մարզպետ,
Վրթանէս
Փափազեան,
Ֆէրիտ
Ճէմիլ
(Տիգրան
Ծամհուր,
Ամսէեան),
Յակոբ
Շահպազեան,
Տիգրան
Եսայեան
(Զապէլ
Եսայեանի
ամուսինը,
նկարիչ
եւ
անիշխանական),
Գրիգոր
Եսայեան,
Լեւոն
Էսաճանեան
եւայլն,
իսկ
ողջերէն
Վ.
Փափազեան
(Կոմս),
Գասպար
Իփէկեան,
Յակոբ
Տէր
Յակոբեան,
Մկրտիչ
Պարսամեան,
Վտարանդի,
Բերունի
(Սիմոն
Յակոբեան),
Եդ.
Գօլանճեան,
Ասլան
Շիրակունի
(Մարտիրոս
Յարութիւնեան),
Վաթան
(Ղ.
Մելոյեան),
Չիթունի,
Չարխի
Ֆալաք,
եւայլն։
Ճիշդ
է,
որ
զանազան
արտատպումներ
զգալի
տեղ
մը
կը
բռնէին
«Ազդակ»ի
էջերուն
մէջ։
Նիւթի
սո՞վ։
Ընդհակառակն։
Մենք
մեզի
շրջանակ
մը
կազմած
ըլլալով,
միշտ
որոշ
գիծ
ու
գոյն
եւ
անկոխ
գետին
փնտռելով,
բաւական
դժուարահաճ
էինք,
եթէ
ոչ
ամբարտաւան,
եւ
ամէն
գրագէտի
կամ
խմբագրի
բարի
եկար
չէինք
ըսեր։
Հատընտիր
կտորներ
կ’արտատպէինք
նախ
իրենց՝
հեղինակներուն
թելադրութեամբ,
յետոյ՝
կանխորոշ
ծրագրով
մը,
-
հրատարակութիւններ
կային
որոնք
արտասահմանի
մէջ
տպուած
ըլլալով,
բոլորովին
անծանօթ
էին
մեր
հասարակութեան։
Ուրեմն,
կ’արժէր,
որ
մեր
ընթերցողներն
ալ
կարդային,
ճաշակէին
ինչպէս
եթէ
նոր
գրուած
ըլլային։
Թերթին
շուրջ
փոթորիկը
պայթեցաւ
7րդ
թիւէն,
երբ
ազդանշանը
տուինք
հակակղերական,
նոյնիսկ
հակակրօնական
պայքարի
մը,
մասնաւոր
խորհրդակցութեամբ։
Համաձայն
տրուած
որոշման,
1909Փետր.
6ին
Գեղամը
կը
ստորագրէր
«Սեւ
փորձանքը»,
ազդարարելով.
-
«Հնչած
է
մահավճիռներու
ժամը»։
Ես
ալ
«Սեւ
թաթը¦
-
«Ո՜րքան
գգուեցինք
ու
համբոյրներով
տաքցուցինք
զայն»։
Զուգադիպութեամբ
մը,
նոյն
թիւին
մէջ
կ’երեւար
նաեւ
Վարուժանի
«Վահագն»ը,
այնքան
հեթանոսական
տրամադրութեամբ։
Ո՛չ
միայն
«ճահիճը
շարժուեց»
ինչպէս
կ’ըսէին
այն
ատեն,
այլ
եւ
մեր
աւագ
ընկերները,
համակրողներն
ու
հովանաւորները
դառնօրէն
գանգատեցան,
որ
պառակտում
կը
սերմանենք։
Մասնաւորապէս
վրդովուած
էր
մեր
սիրելի
Զաւարեանը
եւ
կը
պահանջէր
իր
անունը
վերցնել
համակրողներու
ցանկէն։
Մօտաւորապէս
կը
յիշեմ
իր
դիտողութիւնը.
-Եթէ
կարծում
էք,
որ
նոր
բան
էք
ասում,
յեղափոխական
խօսք,
շատ
էք
սխալւում.
էդ
պայքարը
առ
նուազն
քառասուն
տարուայ
պատմութիւն
ունի
մեր
մէջ…
Կրնաք
երեւակայել
թէ
ի՛նչ
կը
գրէին
կամ
կ’ընէին
հակառակորդները։
Մթնոլորտը
երթալով
պղտորեցաւ։
Թերթը
պատռողներ
եղած
էին
շոգենաւին
մէջ,
վառողներ
ժամուն
բակը։
Բողոքի
նամակներ
հասան
գաւառէն
ալ։
…Այնուհետև
ուրիշ
պայքարներ
ալ
ունեցանք
«Մեր
խօսք»ով
-
խմբագրական
-
Մամուլի
բաժինով
եւ
մասնաւոր
յօդուածներով։
Ներելի՞
էր
նահանջել
«Հայկական
Շէրիաթ»ին
առջեւ։
«Յեղափոխութիւնը
մեր
ետին
եւ
Յեղափոխութիւնը
մեր
առջեւ»։
Աւագ
ընկերները
մեծ
մասով
կը
պնդէին,
որ
սրբենք
իրենց
անունները։
Ս.
Զաւարեան
գրաւոր
ալ
յայտնած
էր
իր
բողոքը։
Իբրեւ
միջին
ճամբայ,
ստիպուեցանք
հետեւեալ
ազդը
հրատարակել
1909
Ապրիլ
24ին
(թիւ
17)։
Փարատելու
համար
զանազան
թիւրիմացութիւններ,
միանգամ
ընդ
միշտ
կը
յայտարարենք
թէ
«Ազդակ»
կը
հրատարակուի
Դաշնակցական
ընկերներու
անհատական
նախաձեռնութեամբ,
բայց
կազմակերպական-պաշտօնական
հանգամանք
չունի»։
Քանի
մը
ամիս
վերջը,
երբ
Վանի
«Նոր
սերնդական»
շարժումին
պատմութիւնն
ալ
սկսեր
էինք
հրատարակել,
նորէն
տրտունջ։
Այլեւս
վերցուցինք
համակրողներու
ցանկը
եւ
1909
Օգոստ.
7էն
սկսեալ
ճակատը
կ’երեւար
«Երիտասարդ
Շաբաթաթերթ»,
գրական
եւ
հասարակական։
(Այս
խառնածին
բառը,
«հասարակական»,
որ
մինչեւ
հիմա
կը
գործածուի
մեքենաբար
եւ
որու
վրայ
խաչ
քաշեր
եմ
1920էն
ի
վեր,
մեր
գլուխը
գամուած
էր
Կովկասեան
թերթերէն
իբրեւ
համազօր
«սոսիալ»ի
(ընկերային)։
«Ազատամարտ»ը
լոյս
տեսած
էր
արդէն
(1909
Յունիս),
տիրապետելով
հրապարակին։
Իբրեւ
պայքարի
թերթ՝
«Ազդակ»ը
այլեւս
անիմաստ
կը
դառնար։
Իբրեւ
զուտ
գրական
թերթ
ալ
դժուար
էր
շարունակել։
Գեղամը
«Ազատամարտ»ին
անցած
եւ
խրած
էր
սեւ
աշխատանքի
մէջ.
ես
կլանուած՝
հրատարակչական-կուսակցական
գործով։
«Զուարթնոց»,
1944