Օրեր եւ ժամեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2. «ԻՋԻՐ, ԱՐՔԱՅ ՀԶՕՐ»
      
       Կեդր. վարժարանը փակուած էր։ Ճարահատ զիս դրին թաղին ամերիկեան վարժարանը, որ առաւելապէս յատուկ էր չափահաս աղջիկներու։
       Այն ատեն անգլերէնի դաընթացք մը հաստատուած էր հայ երիտասարդներու համար եւ հայրս ալ աշակերտ ըլլալով, դպրոցին տեսչութիւնը հաւանած էր ընդունիլ իբրեւ ծանօթ բարեկամի զաւակ եւ անչափահաս։
       Ջարդէն վերջը, ինքնին դադրեցաւ անգլերէնի գիշերային դասընթացքը։ (Այն ատեն քանի՞ հոգի գիտէին թէ անգլերէն սորվելու այս մարմաջն ալ թելադրուած էր Լոնտոնի «անգլիասէրներէն» եւ «հայասէրներէն», իբրեւ արդիւնք Պերլինի վեհաժողովին)։
       Սորվելիքս մեծ բան մը չէր այս դպրոցին մէջ։ Հայերէնի դասը ստանձնած էր բարեպաշտ վարժուհի մը, որ ինք դասի կը կարօտէր։ Միւս առարկաները, անգլերէն, կ’աւանդէին միսիոնարուհիներ, որոնց մէկը, Միս Փարքըր, բան-գործ ըրած էր իր լեզուն սորվեցնել հիմնովին։ Թուրքերէն գիտնալով հանդերձ անգլերէն կը խօսէր, որպէսզի լսեմ, խօսիմ եւ սորվիմ։
       Բայց ո՛չ. սորվելիք շատ բան ունէի այս դպրոցին մէջ։
       Նախ, ամէն առտու, աղօթքէն վերջը պիտի արտասանէինք Աստուածաշունչի գիրքերուն անունները, Ծննդոց, Ելից, Թուոց, Երկրորդումն Օրինաց Դատաւորաց, Ա. Թագաւորաց, Բ. Թագաւորաց, Գ. Թագաւորաց, Նաումայ, Ամբակումայ, եւայլն։ Ամէն օր անխափան, բարձրաձայն եւ խմբովին։ Ներելի չէր մէկ անուն իսկ փախցնել։
       Յետոյ պիտի սորվէինք համով հոտով երգեր.
       Իջիր, արքայ հզօր,
       Անունդ փառաւոր,
       Տուր որ գովենք։
      
       Կամ, - «Յիսուսի եկ, Յիսուսի եկ»։
       Կային թուրքերէն եղանակներ ալ զոր կը լսէինք յարակից ժողովարանին մէջ, կամ կիրակնօրեայ դասերու ատեն։
      
       Կիտէյիմ, կիտէյիմ, կիւզէլ տիյարա,
       Չէլէնկիմ վար տըր կիւզէլ տիյարտա,
       Տավէթ իտէր, կիտէճէյիմ…
      
       Թուրքերէնն ալ ունէր իր «Յիսուսի եկ»ը - «Յիսուսա կէլ»։ Եւ ուրիշ գոհարներ, որ անգլերէնէ հայերէնի թարգմանուած էին, իբրեւ հոգեւոր երգ։
       Ի՜նչ անուշիկ, խատուտիկ խայծեր՝ կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու համար։ Ո՛րքան շատ գացած ըլլայիր, այնքան աւելի եւ ծանրագին նուէրներ կը ստանայիր Ամերիկայէն, Ծնունդի առթիւ, խաղալիկ, հանդերձեղէն, ուտելիք, եւ այլն։ Ամէնէն բախտաւորն ան էր, որ 52 կիրակի անխափան հետեւած կ’ըլլար։
       Ես հազիւ 15-20 կիրակի գացած էի, այն ալ առաջին տարեշրջանին։ Այս առթիւ ստացած նուէրներուս մէջ կը յիշեմ կապոյտ փողկապ մը թռուցիկ, որ այնուհետեւ դարձաւ միակ փողկապս, գոյնով թէ ձեւով, մինչեւ Միսաք Մեծարենցի մահը, երբ ես ալ սեւ կապել սկսայ Գեղամին պէս։ (Օսմ. Սահմանադրութեան շրջանին, երբ ողբացեալ Ակնունին երեւցաւ այսպէս թռուցիկ սեւ փողկապով եւ հետեւողները շատցան, միամիտներ Դաշնակցական փողկապ կը կոչէին այս ձեւը, թիւրիմացութեամբ)։
      
       *
      
       Դպրոցին մէջ կային հարուստի աղջիկներ, 14-16 տարեկան, որոնք շրջանը աւարտելէ վերջ կ’երթային Հայ Սքուլ։
       Այդ աղջիկներէն երկու քոյրեր դպրոց կուգային մասնաւոր տնտեսի մը հետ, Ենի Գափուէն։ Ամէն կերպով ճոխ, ունէին նաեւ բան մը անմատչելի ինծի համար, անգլերէնէ հայերէն բառարան մը։
       Չունեւորները յաճախ կը դիմէին մեծ քրոջ բարեացակամութեան։
       Շփացածներէն մէկն ալ ես էի - մատ մը խլէզ։ Եւ Օր. Վեհանոյշ հաճութեամբ կը տրամադրէր բառարանը, գրասեղանէ գրասեղան սահեցնելով։ Մինչեւ անգամ կ’արտօնէր տուն տանելու։
       Իրիկուն մը բառարանը տուն տարած ատեն, երկտող մը գտայ մէջը։ Օ՜հ, ինչ, Քելէր, ցոլէր, իմ եարս։ Ապա նաեւ հրաւէր մը՝ դասի ատեն իր քովը նստելու։
       Սիրտս եփ ելած էր։ Անհանդարտ՝ ցերեկը, գիշերն ալ կարծես կը զառանցէի։ Առտուն կանուխ, շատ կանուխ դպրոց վազել կ’ուզէի, տեսնելու համար Վեհանոյշը, - 16 տարեկան պարմանուհի մը արքենի հասակով։ Ծիրանի պէս հասուն։ Իսկ իրիկունը կ’ուզէի ժամ առաջ տուն դառնալ։
       Թրվռուն՝ անորոշ սարսուռներով, հազիւ կրնայի հետեւիլ դասերուս։ Տունին մէջ անգամ դարձեր էի տեսակ մը դեւ, ցասկոտ, ոստոստուն։
       - Ի՞նչ ունիս, կը հարցնէր մայրս, մտահոգ։
       Եթէ Փարիզ ծնած ըլլայի, պատասխանը պատրաստ էր։ Ոչ իսկ հարցնող կ’ըլլար։ Իսկ Պոլիս, այն ալ Կէտիկ փաշա…
       Օր մը մինչ Վեհանոյշ նորէն գրասեղանէ գրասեղան կը քշէր բառարանը, ինծի տալու համար, ամերիկացի վարժուհին խլեց գիրքը, եւ մէջէն գտաւ երկտող մը։ Անմիջապէս թարգմանել տալով, երբ իմացաւ բովանդակութիւնը, իբրեւ պատիժ Վեհանոյշը հրապարակաւ յանդիմանեց, իսկ զիս շաբաթ մը հիւրանոց տարաւ, ծանրացնելով անգլերէնի դասերը։
       Վեհանոյշ յուսահատած չէր։ Իրիկուն մը, երբ աշակերտները կ’արձակուէին եւ երկու քոյրերը տնտեսին կը սպասէին, հասկցուց, որ քիչ մը ուշ մեկնիմ միւս օրը։
       Ի՜նչ բախտ։ Կառավարիչ ըլլալու կարգը իմս էր միւս օրը։ Այնպէս որ երբ աշակերտաշակերտուհիները հեռացան, մնացի մինակ՝ երկու քոյրերուն հետ, որոնք տնտեսին կը սպասէին, ըստ սովորութեան։
       Չեմ յիշեր թէ ի՛նչ խօսեցանք այդ պահուն։ Վեհանոյշ կը խայտար. միեւնոյն ատեն կը դողար։ Ու մինչ քոյրը մեկուսի կեցած էր, յուշիկյուշիկ դէպի հանդերձարան հրեց զիս, ամուր մը գրկեց եւ սկսաւ տաքտաք համբուրել. համբուրել ու հառաչել, անուշիկ բառեր գլորել։
       Լրջօրէն սրտադողի մը մատնուած, այտերս կարմրած, բուռն ճիգ մը փորձելով, հազիւ կրցայ դասարանէն դուրս նետել ինքզինքս։ Ու փախայ, առանց ետ նայելու։ Վազեցի, վազեցի մինչեւ տուն։
       - Ինչո՞ւ այսքան ուշացար, հարցուց մայրս։
       - Այսօր ես էի կառավարիչը։
       Խե՜ղճ կառավարիչ. երբ համբոյրին համն ու բոյրը հասկնալու տարիքին հասաւ, Վեհանոյշ հարս գացած էր Մանչեսթըր։
      
       *
      
       Տեսնուած բան չէ, որ երկու-երեք հայ տղաք գարունը կամ աշունը, հրդեհ մը կամ արկած մը նկարագրելու չափ հայերէն գրել գիտնան եւ թերթի մասին չմտածեն։
       Ե՞ս պիտի կազմէի կանոնին բացառութիւնը։ Ուրեմն ձեռագիր թերթ մը, «Գարուն», որուն երկու աշխատակիցներէն մէկը տէրտէր եղաւ, միւսը պատուելի։
       Կը նշանակէ պարապ չանցան ո՛չ «Իջիր արքայ»ն, ո՛չ ալ «Յիսուսի եկ»ը։
       (Կարծեմ 8-10 թիւ մը «լոյս տեսաւ¦ - իւրաքանչիւրը երեք օրինակ՝ 15 օրը անգամ մը, որ կը պտըտէր ձեռքէ ձեռք)։
      
       *
      
       Լրացնելով ամերիկեան դպրոցին երկու տարուան շրջանը, կ’ուզէի Րոպըրթ Գոլէճ մտնել։
       Երա՜զ։ Տարեթոշակն էր 44 ոսկի, հայրս կը ստանար ամսական երեք ոսկի, չորս-հինգ հոգինոց ընտանիքի մը համար։ Կէս գնով իսկ ընդունէին, ճար չկար։
       Խնդրեցի միսիոնարուհիներէն, որ Ամերիկա ղրկեն, մեքենագիտութիւն սորվելու համար։ Իրականին մէջ միտքս ճարտարագիտութիւն էր, սակայն բառերը կը շփոթէի իրարու հետ։
       - Դժուար է, դժուա՛ր. ձրի չեն ընդունիր. ցերեկը պիտի աշխատիս ապրուստ ճարելու համար, գիշերն ալ դասընթացքի պիտի հետեւիս. չես կրնար դիմանալ։ Եկուր քեզ Անաթոլիա Քոլէճ ղրկենք։ Տարեթոշակը 12 ոսկի է. միայն վեցը կը վճարես, մնացեալը կը ճարես արհեստի մը հետեւելով ի նպաստ վարժարանին, ատաղձագործութիւն, կօշկակարութիւն, դերձակութիւն, խոհարարութիւն, եւայլն։
       Հայրս ալ համոզեցին եւ առտու մը ինքզինքս գտայ Մարզուան, խումբ մը ունեւոր աշակերտներու հետ։
       Շատոնց փակուած էր Գայաեան-Թումայեանի շրջանը։ Բայց եւ այնպէս Քոլէճը ունէր շատ կարող ուսուցիչներ եւ ուսուցչապետներ, - Յակոբեան, Սըվազլեան (նահատակուած), Մանիսաճեան, եւայլն։ Քննութիւնը զիս տարաւ կեցուց նախակրթարանի Գ. կարգը ուրկէ անդին կը սկսի բուն ճեմարանը։
       Գիշերները կը պառկէի անչափահասներու պատսպարանը (Պոյս Հոմ), ուր կը գտնուէր նաեւ Մեծարենց։
       Նոր տարեշրջանը սկսած էր արդէն, երբ տկարութիւն մը հիւանդանոց նետեց զիս։ Առանց ատոր ալ, սիրտս տաք չէր, թէեւ կանոնաւորապէս կը հետեւէի դասերուն։ Հետզհետէ տհաճութիւն մը կը սողոսկէր սրտիս մէջ։ Կ’ուզէի ձգել հեռանալ, նամակ նամակի վրայ գրելով հօրս։
       - Այսքան ալ շո՛ւտ… Համբերէ՛, տղաս, համբերէ՛. օրինակ առ ընկերներէդ։
       Ընտանեկան շրջանակի կարօ՞տը։ Ընդհակառակն։ Շատ բախտաւոր էի այդ կողմէն։ Տուն մը բարեկամներ հազար կտոր կ’ըլլային, խնամելով իրենց զաւկին պէս։
       Երկար չտեւեց անձկութիւնը։
       Կիրակի օր մը, երբ կը խաղայի պարտէզին մէջ, երէց դասարանէն երիտասարդ մը, ուսանող աստուածաբանութեան, մօտենալով հարցուց.
       - Ի՞նչ կը բանիս հոս։
       - Կը խաղամ։
       - Ինչո՞ւ քար նետեցիր թռչունին։
       - Մե՞ղք է քար նետել։
       - Հարկաւ. եւ երկու մեղք ունիս, մէկը, որ կը խաղայիր սուրբ օրով, միւսը՝ քար կը նետէիր թռչունին։
       - Հապա ի՞նչպէս կ’անցընեն կիրակին։
       - Նո՞ր պիտի սորվիս. կիրակնօրեայ դաս կայ վերը։ Սաղմոս կը սերտեն այսօր։
       Նոյն գիշերն իսկ նամակ մը գրեցի Պոլիս։ Պարզապէս վերջնագիր.
       - «Ես այլեւս չեմ կենար։ Այստեղ մարդ կը չորցնեն»։
       Հօրս մօրս խրատները եւ բարեկամներու յորդորները գոնէ մինչեւ տարեգլուխ մնալու՝ անցան ապարդիւն։ Ու վերադարձայ Պոլիս, մէկ ամիս հիւանդանոց, մէկ ամիս ալ ճեմարան մնալով։