1.
«ՓԱԽԷՔ,
ՀԱՅ
ԱՂԲՐՏԻՔ,
ՓԱԽԷՔ»
Մայր
վարժարան։
Տարրական
առաջին։
Իրիկուն
մը
տուն
վազեցի
ճուալով.
-
Մայրիկ,
այսօր
ժամ
գացեր
էինք,
հոն
տեսայ
Կոստանդնուպոլսոյ
արքեպիսկոպոսը։
Մայրիկը
երեսս
նայեցաւ
ակնապիշ,
առանց
շատ
բան
հասկնալու։
-
Կոստանդնուպոլսոյ
արքեպիսկոպոսը,
հայրիկէն
երկու
անգամ
աւելի
հաստ
մարդ
մը,
խոշոր
փորով,
մեծ
մօրուքով,
ձեռքն
ալ
գաւազան…
-
Աղէ՛կ,
աղէ՛կ,
երբ
հայրիկը
գայ,
կը
պատմես։
Գնա
քիչ
մը
հացպանիր
կեր։
Քանի
մը
ժամ
վերջը,
երբ
հայրիկը
դուռը
կը
զարնէր,
վազեցի
փողոց,
հեւ
ի
հեւ
աւետելու
համար
«գրաբար»ս։
Բարեմիտ
ծիծաղ
մը
լուսաւորեց
հայրիկին
դէմքը։
-
Ի՞նչպէս
ըսիր։
Կրկնեցի
հատիկհատիկ
եւ
հանդիսաւոր։
-
Կոստանդնուպոլսոյ
արքեպիսկոպոսը։
Ո՞վ
ըսաւ
այդպէս։
-
Միւսի՛,
կրօնի
դաս
ունէինք.
տեղ
մը
«Կ.
Պոլսոյ
արքեպիսկոպոսը»
գրուած
էր.
հարցուցի
թէ
ի՛նչ
կը
նշանակէ.
պատասխանեց,
գրաբար
«պատրիարք»
ըսել
է։
Յետոյ
յիշեցուց
թէ
իրիկունը
ժամ
պիտի
երթանք,
պատրիարքն
ալ
հոն
պիտի
ըլլայ։
Իրաւ
ալ
գացինք
եւ
ես
տեսայ
Կոստանդնուպոլսոյ
արքեպիսկոպոսը։
-
Ապրի՛ս,
ապրի՛ս,
բայց
պատրիարք
ըսես
աւելի
աղէկ
է.
երբոր
մեծնաս
կը
սորվիս
թէ
միւսը
ե՛րբ
կը
գործածեն։
Հայրիկը
ինքն
ալ
ժամանակ
մը
ուսուցիչ
եղած
ըլլալով,
կը
սիրէր
վարժապետի
պէս
խօսիլ։
Բայց
սիրտս
չկոտրեցաւ։
Մանաւանդ
որ,
իրիկունը,
երբ
հիւրեր
եկած
կ’ըլլային,
հպարտութեամբ
կը
յայտարարէր.
Մեր
տղան
գրաբար
սորվեր
է։
*
Մեր
տունը
Պատրիարքարանի
ճամբուն
վրայ
ըլլալով,
շաբաթը
քանի
մը
անգամ
կ’երեւային
դեսպանական
կառքերը։
-
Այսօր
նորէն
անցան,
անգլիականը
եւ
ֆրանսականը,
կը
փսփսար
մայրիկը,
հիւրերուն
առջեւ։
-
Բանտարկեալներուն
համար
ըլլալու
է,
դիտել
կուտար
հայրիկը։
-
Ի՞նչ,
բանտարկեալ,
բարենորոգո՛ւմ,
բարենորոգում,
կը
պնդէր
միւսիւ
Նահապետը։
Մայիսեան
ծրագիր.
Սադրազամը
քիթը
կախած
է…
-
Ես
օրթալըխը
աղէկ
չեմ
տեսներ,
կը
մռլտար
Մարկոս
աղան,
ծխախոտ
մը
փաթթելով։
-
«Հայը
բանտէն
չի
վախնար,
Հայը
մահէն
չի
վախնար»,
կ’երգէր
Պետրոս
աղբարը։
-
Քիչ
մը
կամա՛ց,
կը
շշնջէին
պառաւները։
Հայրիկը,
աւելի
զգոյշ,
«Տէր
ողորմեա՛»
մը
կը
սկսէր,
իրար
հիւսելով
«բանտարկելոց»
եւ
«ազգիս
Հայոց
ազատութիւնը»։
-
Ամէ՛ն,
ամէ՛ն…
Եւ
զրոյցները
կը
շարունակուէին
մինչեւ
կէս
գիշեր,
թղթախաղի
ժխորին
հետ։
-
Տըկըվէն
քաշէ
ուր
ջըխտի,
կը
փսփսար
գաւառէն
նոր
եկած
հարս
մը,
իր
խաղընկերոջ։
(Տակէն
քաշէ
որ
զոյգ
ելլէ)։
Երբ
հիւրերը
կը
բաժնուէին,
ամէն
ընտանիք
ստիպուած
էր
լապտեր
մը
առնել։
Ո՛չ
միայն
ճամբան
լուսաւորելու,
այլեւ
կասկածելի
չերեւալու
համար։
Ընդհանրապէս
գունաւոր
թուղթէ
լապտերներ
կը
գործածէին։
Վա՜յ
եթէ
առանց
լապտերի
ըլլայիր։
Գիշեր
մը
մեր
թուղթէ
լապտերը
ճամբան
բռնկած
վերջացած
ըլլալով,
հայրս
յանդիմանուեցաւ
շրջուն
պահակներէն
եւ
կարծեմ
տուգանք
մըն
ալ
վճարեց։
(Ուրիշ
օր
մը
24
ժամ
բանտարկեցին,
որովհետեւ
հին
ֆէսի
մը
կտորներէն
շինուած
մուճակ
մը
ոտքերուն՝
նստած
էր
դուռին
առջև)։
Աշնան
երկուշաբթի
առտու
մը
-
Խաչվերաց
-
հայրս
միասին
շուկայ
տարաւ
զիս,
բանջարեղէն
գնելու
համար։
Վերադարձին
ծրարները
տունը
ձգելով,
ճամբայ
ելանք
դէպի
Մայր
եկեղեցի։
Ուշ
էր,
բայց
անուշ,
ժամ
երթալ
օրուան
այդ
ժամուն։
Մեր
տունը
շատ
հեռու
չէր
եկեղեցիէն։
Հազիւ
փողոց
մը
դարձած,
մեր
դիմացը
գտանք
հոծ,
հողմավար
բազմութիւն
մը,
որ
յառաջ
կը
խաղար
որոտընդոստ
կանչեր
արձակելով
ու
երգելով.
Ձայն
մը
հնչեց
էրզրումայ
Հայոց
լեռներէն,
Թունդ
թունդ
ելան
Հայոց
սրտեր
զէնքի
շաչիւնէն…
Ապշահար
կը
դիտէի,
ամուր
բռնած
հայրիկին
ձեռքէն։
Հետաքրքրութեանս
խառնուած
էր
անորոշ
վախ
մը։
Բազմութիւնը
արդէն
հասած
էր
գլխաւոր
փողոցը
եւ
երթալով
կ’աճէր։
Ճամբէն
անցնող
Հայը
կը
խառնուէր
հոսանքին,
ինքն
ալ
վարակուելով
ընդհանուր
իրարանցումէն։
-
Ո՞ւր
այսպէս,
միւսիւ
Նահապետ։
-
Պապը
Ալի,
քալէ՛
դուն
ալ.
ազգին
կամքը
պիտի
ներկայացնենք
Սադրազամին։
Հայրս
ալ
սկսաւ
հետեւիլ
թափօրին,
ամուր
բռնած
ձեռքէս։
Երբ
թափօրը
կը
բարձրանար
Կէտիկ
փաշայի
զառիվերը,
անցնելով
Սպանդարեան
վարժարանի
առջեւէն,
դրօշի
պէս
բան
մը
երեւցաւ
շէնքին
վրայ։
Իբրեւ
թէ
շեփոր
մը
հնչած
ըլլար,
բազմութիւնը
ելեկտրականացած
կը
թնդացնէր
օդը,
աւելի
բարձր
աղաղակելով.
Հայ
օրիորդը
սիրտ
է
տալիս
Հայոց
քաջերին…
Ոլոր-մոլոր
փողոցներէ
անցնելով
արդէն
հասած
էին
այն
պողոտան,
որ
կը
տանի
Պապը
Ալի։
Մեծ
Շուկային
գլուխէն
ուրիշ
բազմութիւն
մը
խառնուած
էր
թափօրին,
որ
կը
ծփար
ու
կը
մռնչէր։
Մենք
շատ
ետեւներն
էինք
եւ
բնազդաբար
կը
հետեւինք
հոսանքին,
երբ
հեռուէն
ձիաւորներ
երեւցան
եւ
լեղապատառ
կանչ
մը
արձագանգեց
բազմութեան
մէկ
ծայրէն
միւսը.
-
Փախէ՛ք,
հայ
աղբրտիք,
փախէ՛ք…
Ա՛լ
ուրիշ
բան
չտեսայ
բայց
եթէ
խուճապահար
խումբեր,
որ
կը
փախչէին
ամէն
ուղղութեամբ,
ձիաւորներ,
որ
կը
հարուածէին,
կը
կրակէին,
կը
հետապնդէին
մինչեւ
յետին
փողոցը։
Ապա
հեծկլտուքներ,
օգնութեան
կանչեր։
Հայրս
միշտ
ամուր
բռնած
թեւէս,
հազիւ
ինքզինքը
նետած
էր
սրճարան
մը,
առաջին
կողմնակի
փողոցին
մէջ։
Եւ
անմիջապէս
գրպանէն
հանելով
«Տէպա»ն,
ուշադիր
կը
կարդար։
Իբրեւ
թէ
ոչ
տեղ
մը
գացած,
ոչ
ալ
բանէ
մը
լուր
ունեցած
ըլլար։
*
Դպրոցը
փոխած,
Ղալաթիոյ
նախակրթարանը
կ’երթայի։
Առտուն
կախուած
մարդ
մը
տեսայ,
Կամուրջին
գլուխը։
Քանի
մը
օր
վերջը,
ուրիշ
երկու
հոգի
եւս։
Միշտ
ճերմակ
շապիկով,
կուրծքերէն
մէկ
մէկ
ազդ։
Դասընկեր
մը,
Հրանտ,
կը
պատմէր
դող
ելած.
-
Այսօր
ճամբան
մարդ
կը
մորթէին,
ուրիշ
տեղ
մըն
ալ
բիրերով
կը
ծեծէին…
-
Խենթ
բաներ
կ’ըսես.
մարդը
ի՞նչպէս
կը
մորթեն։
-
Խաչ
որ,
աչքովս
տեսայ։
Քիւրտեր,
Թուրքեր
հանդիպած
Հայը
կը
բռնեն,
գետինը
կը
պառկեցնեն,
վիզը
կը
կտրեն,
կամ
հաստ
փայտերով
գլխուն
կը
զարնեն
գետին
կը
փռեն։
Սարսափահար
փախչելով
հազիւ
ինքզինքս
դպրոց
նետեցի։
Դուն
ջարդուած
գլուխ
տեսե՞ր
ես…
Այդ
օրը
պատմութեան
դաս
ունէինք։
Ուսուցիչը
Պ.
Ղեւոնդ,
որ
միեւնոյն
ատեն
թուրքերէնի
դաս
ալ
կուտար,
հազիւ
կը
յաջողէր
զսպել
իր
յուզումը։
Աչքերը
թրջած
էին
արդէն
եւ
բառերը
դժուար
կ’արտասանէր։
-
Տղա՛ք,
տեսուչին
հրամանով
այսուհետեւ
աշակերտները
խմբովին
պիտի
անցնին
Կամուրջէն։
Չըլլա՛յ,
որ
զատզատ
երթաք։
Տասնոցները
պիտի
գանձէ
կառավարիչը։
(Աշակերտները
կը
նախընտրէին
զատ-զատ
երթալ,
փախչելու
եւ
Կամուրջին
տասնոցը
չվճարելու
համար)։
Յաջորդ
օրը
թուրքերէնի
դասն
էր։
Ոչ
մէկը
սորված
էր։
Եւ
ամբողջ
դասարանը
ուխտեց
չսորվիլ,
հակառակ
Պ.
Ղեւոնդի
եւ
տեսուչին
յորդորներուն։
Իրիկունը,
երբ
հաւաքական
անցագինը
վճարելով
աշակերտները
ցիրուցան
բաժնուեցան
բուն
Կամուրջին
վրայ,
յաղթանդամ,
սեփսեւ
Արաբի
մը
հանդիպեցանք
ես
ու
Յակոբը։
Ներքինի
մըն
էր
(այն
ատեն
գիտէի՞նք
այս
բառին
իմաստը),
պալատական։
Մատով
ցոյց
տուած
եւ
քրքիջ
մը
արձակած
էի։
Եւ
ահա
ներքինին
գաւազանը
բռնած
ետեւէս
ինկաւ։
Աչքերէն
կրակ,
բերնէն
փրփուր
կը
տեղար։
Լեղապատառ
փախայ
ու
հեւ
ի
հեւ
ինքզինքս
Կէտիկ
փաշա
նետեցի,
կորսնցնելով
դասընկերս
ալ։
Երբ
տուն
հասայ,
բոլորը
ահուդողի
մէջ
էին
արդէն։
Դուռ-դրացի
բաներ
մը
կը
փսփսային
պատուհանէ
պատուհան։
Անոնք,
որ
սովորութիւնը
ունէին
գիշերնոցը
հագած,
կօշիկներուն
տեղ
զարդարուն
մուճակներ
դրած
նստիլ
դուռներուն
առջեւ,
ներս
քաշուած
էին
կանուխէն։
Ամէնօրեայ
շէնշող,
պապաչուն
ասուլիսին
տեղ
չարաշուք
լռութիւն
մը
կը
տիրէր,
միայն
փսփսուքներով
խզուած։
Անշուշտ
շատ
բան
չէի
հասկնար
այս
անցուդարձէն։
Բայց
դիտեցի
կարգ
մը
բաներ։
Թիթեղէ
սնտուկներու
մէջ
մոխիր
լեցուցած,
տեղաւորեր
էին
դրան
ետին,
որպէսզի
խուժանին
գլխուն,
աչքերուն
թափէին,
եթէ
յարձակում
գործէր։
Յետոյ,
սանդուղ
մը
պատրաստեր
էին
բակին
մէջ,
ի
հարկին
հարեւան
Պարսիկին
բնակարանը
ապաստանելու
համար։
Բարձր
պատ
մը
կը
բաժնէր
երկու
տուները,
բայց
կարելի
էր
անցնիլ
եւ
հոգի
փրկել։
Հայրիկը
շատ
կանուխ
վերադարձած
էր
եւ
կը
պատմէր
օրուան
դէպքերը։
Ու
կ’աւելցնէր.
-
Վտանգը
անցած
չէ
տակաւին։
Կրնան
մեր
թաղն
ալ
իջնել։
Այսօր
եկեր
են
մինչեւ
Շուկային
բերանը,
բայց
Պատրիարքարանէն
Սուլթանին
դիմած
ըլլալով,
ոստիկանները
խուժանը
կեցուցեր
են
հանրակառքի
գծին
վրայ։
Յաջորդ
օրը
ո՛չ
շուկայ,
ո՛չ
դպրոց։
Պանք
Օթոման
եւ
Սամաթիա։