Օրեր եւ ժամեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՕՐԵՐԸ ԻՐԻԿՈՒՆ Կ’ԸԼԼԱՅԻՆ ՄԽԱԼՈՎ…
      
       Խմբագիրը միտք մը չէր այն ատեն (1905, Սուրհանդակ), այլ ձեռք մը, որ թուղթ կը սեւցնէ, թարգմանելով կամ թխելով։
       Խմբագրապետը «Արտաքին» լուրերը կը թարգմանէր, ինչպէս եւ հոգեշահ քարոզներ - եւ երբեմն ալ բարի վարուց խրատականներ կը կարդար, իբրեւ խմբագրական։ Աւագ խմբագիրը փոքրաւոր էֆէնտիներու, եպիսկոպոսներու եւ վարդապետներու, «Ազգային» կոչուած (յետոյ «Եկեղեցական»ի փոխուած) բաժինը կը վարէր լրաբերի մը հետ, որ չոր ու ցամաք լուրեր կը ժողվէր Պատրիարքարանէն եւ եկեղեցիներէն։ Իսկ «Ներքին» լուրերու թարգմանութիւնը յանձնած էին նորահաս երիտասարդի մը, որ առաջ գրավաճառի մը քով կ’աշխատէր, Պապը Ալի ճատտէսի։
       Առաջին օրէն իսկ սրտանց կապուեցայ այս տղուն հետ, մանաւանդ որ միեւնոյն թաղը կը բնակէինք։
       Քիչ կը խօսէր Գեղամ (Բարսեղեան), աւելի շատ կ’որոճար, ու մանաւանդ կը կարդար։ Ունէր իր մտերիմները, որոնք ծանօթ չէին ինծի, երկար ատեն։
       Երբ աշկերտութեան առաջին տարիները լրացան, երկուքս ալ կարգ փոխեցինք, այսինքն աւելի խրեցանք սեւ աշխատանքի մրուրին ու ժխորին մէջ, -ներքին եւ արտաքին լուրեր թարգմանել, կարելի եղածին չափ շատ եւ շուտ, փորձերը կարդալ, մէկը՝ սրբագրելով, միւսը՝ ձեռագրին վրայ հետեւելով։ Յետոյ սրբագրուած եւ կապուած էջերը նորէն կարդալ, վերէն վար, եւ ամէնէն վերջը բաղդատել մեքենային վրայ։ Օրն ի բուն վիճիլ գրաշարներուն հետ, - ձեռագիրները աւելի են, պակաս են, ուշ մնացինք…
       - Պու նէ փորձ, աղբար, եազար- պոզար, ճանըմ չըգտը, Արտա՛շ։
       - Օրհնեա՛լ, սա ձեռագիրներուն նայէ պէ, խելքիս պիտի գայ…
       - Ներքին լուրերը մէկ սիւնակ աւելի են, ո՞ւր պիտի տեղաւորենք։ Սա ոճիրին լուրը դնենք, շատ կարեւոր է, միւսները եէտէք թող մնան։
       - Մենք ալ մա՞րդ ենք. հայվա՛ն. հայվան էն ալ վար։ Էֆէնտին Պէօյիւքտէրէ քէյֆ կ’ընէ, մենք երեք շաբաթական առնելիք ունինք։
       Գրաշար Ստեփան. - Ա՜խ կիւզէլիմ Աննիցա…Տիգրա՛ն, Պօղոսը զարնուեր է սա դիմացի ափարթըմանին աղջկան, կը տեսնե՛ս, չի կրնար ձեռագիր հասցնել։
       - Աս մաշած գիրերով ղազէթա՞ կը հանուի, աչքիս լուսը քամուեցաւ…
       Երկու նորընծաներուս աշխատանքը երթալով կը ծանրանար։ Մեր գլխուն փաթթած էին գիշերային հերթապահութիւնը, որ յաճախ կը տեւէր կէս գիշերէն ալ անդին։ Օր կ’ըլլար, որ տպագրական մեքենան անգամ կը դարձնէինք, իբրեւ գրաստ, ինչպէս խեղճ Աստուր աղբարը։ (Ելեկտրաշարժ մեքենան արգիլուած էր)։
       Հերթապահութիւնը կը կատարէինք օր ընդ մէջ։ Բայց ընդհանրապէս երկուքս միասին կ’ըլլայինք, շատ անգամ ալ տպարանը պառկելով, բազմոցի մը կամ սեղանի մը վրայ, լրագիրներու մէջ փաթթուած։ Բ. Դրան պողոտայէն մինչեւ մեր բնակարանը՝ Կէտիկ փաշա, վերէն վար թրքանոց էր, եւ միս-մինակ պատանի մը կրնար փորձանքի հանդիպիլ այդ կէս ժամուան ճամբուն վրայ։ Շունշնուո՞ր կը պակսէր մութ փողոցներու ամայութեան մէջ, գիշերը ուշ ատեն…
       Գիշերներուն ամէնէն անտանելին ուրբաթ օրն էր, երբ Սուլթանը Եըլտըզի մզկիթը կ’երթար հանդիսաւոր աղօթքը կատարելու։ Իրիկունը կուգար պաշտօնական ազդը.
       - «Երէկ, ուրբաթ, Սէլամլըքի արարողութիւնը կատարուեցաւ մեծ հանդիսաւորութեամբ… Վեհափառ Սուլթանը փառաւոր կառքի մը մէջ բազմած… Հիւրերուն մէջ կը նշմարուէին պելժիական, գերմանական, աւստրիական դեսպանները… Մզկիթէն դարձին Ն. Կ. Վեհափառութիւնը կայսերական պալատին մէջ» եւայլն։
       Գեղամ լարուած ուշադրութեամբ, հատիկ հատիկ թարգմանելով ամէնէն վարպետ գրաշարին կուտար։ Փորձը կը բերէին, կը կարդար։ Յետոյ ինծի կուտար կարդալու։ Եթէ երրորդ մը, չորրորդ մը գտնուէին, անոնց ալ ստուգել կուտար։ Երկրորդ փորձ, յետոյ բաղդատութիւն։ Եւ բոլոր գործերը վերջացած ըլլալով, դէպի տուն, կէս գիշերին կամ աւելի ուշ։
       Ճամբան, յանկարծ կասկած մը կը կրծէր Գեղամին միտքը.
       - «Վեհափառ»ին «հ»ն «Ճ»ի կը նմանէր, ուշադրութեամբ կարդացի՞ր, «հօ» էր թէ «ճէ»։
       - Ճիշդ էր, Վեհափառ. «Վ»ն ալ գլխագիր, վստահ եմ։
       - «Կայսերական»ին «ս»ն կոտրած կ’երեւար։
       - Ես վերջին անգամ փոխել տուի, «ս» էր։
       - «Աւստրիական դեսպան»ը «առեւտրական» շարուած չըլլայ…
       - Ո՛չ, ո՛չ, «աւստրիական» էր, փորձն ալ շատ մաքուր հանուած։
       Գեղամ սովորութիւն ունէր բոլոր փորձերը, ձեռագիրները եւ թարգմանած թերթերը տուն տանելու եւ նորէն աչքէ անցընելու, որպէսզի սխալ մը սպրդած չըլլար թարգմանութեան, շարադրութեան կամ սրբագրութեան մէջ։ Եթէ այդ գիշեր մինակը կարդացած ըլլար եւ վերաքննութեան ատեն փոքր կասկած մը ունենար որեւէ պաշտօնական, նոյնիսկ երկրորդական լուրի, բառի մասին, կը վերադառնար տպարան եւ կը ստուգէր։ Ու ճարահատ, գիշերն ալ հոն կ’անցընէր։ (Շատ չանցած տունէն անկողին մը պիտի բերէր, ուր հանդիպողը կը պառկէր)։
       Իր կասկածամտութիւնը հիւանդագին հանգամանք մը առած էր աւելի վերջը, երբ քանի մը նշանաւոր վրիպակներ սահեցան հարեւան թերթերուն մէջ։
       Այդ լրագիրներուն ամէնէն լուրջը, «Բիւզանդիոն», որուն վրայ չորս աչքով կը հսկէր Բիւզանդ էֆէնտին (Քէչեան), օր մը Ա. էջին վրայ տպած էր նուագահանդէսի մը նկարագրութիւնը։ Լրատուն կ’ըսէր թէ գեղեցիկ ծաղկեկողով մը նուիրուեցաւ արուեստագէտ օրիորդին։ Ո՜ւրկէ ուր, «ծաղկեկողով» բառին ամօթխած «Ղ»ը կամացուկ մը իր տեղը տուած էր անպատկառ «Կ»ի մը…
       Ուրիշ թերթ մը, «Մանզումէ», ուր Յակոբ Տէր Յակոբեան կը կատարէր նոյն աշխատանքը ինչ որ Գեղամ, Վիլհելմ կայսեր յիշատակարանաղբիւրին բացման առթիւ սահեցուցած էր նոր բառ մը, «Յիշարձան»։ Շարուած ատեն, այս բառը կը գտնուէր տողին սկիզբը։ Էջերը մեքենան դրուած եւ տպուած պահուն, «Յ» տառը կ’իյնայ եււ թերթը լոյս կը տեսնէ փառաւոր «իշարձան»ով մը… (Թերթը խափանուեցաւ, տնօրէնն ու խմբագիրն ալ բանտարկուեցան, քանի մը շաբաթ վերջը ներում ստանալով, շնորհիւ ազդու միջամտութեանց)։
      
       *
      
       Նուազ տաժանելի չէր գրաքննութեան տաղտուկը, որ մասնաւորապէս կը խաշէր երկու տաքարիւն խմբագիրներս, յօդուած մը, լուր մը, բառ մը աւելի փրկելու, նորութիւն մը աւելի քշելու համար։
       Նախապէս ունէինք միայն մէկ գրաքննիչ, հանրածանօթ Մինաս էֆէնտին, որ խմբագրատան սանդուղներէն վեր կը բարձրանար կաղալով, աջ ձեռքը միշտ տաբատին կոճակներուն վրայ, ծերացած հազ մը կոկորդին մէջ։
       Հազիւ սենեակին առջեւ հասած, մէկ ոտքը դէպի միզարան, ձայն կուտար.
       - Սա փորձերը, ձեռագիրները պատրաստեցէք, այսօր շուտ պիտի երթամ։ Տիգրան էֆէնտի, շաքարը քիչ սուրճ մը։
       Ինք չէր, որ կը կարդար, այլ կարդալ կուտար, երբեմն Գեղամին, աւելի շատ ինծի։
       -«Ընկերային յառաջդիմութեան գլխաւոր պայմանն է ազատութիւնը»…
       - Չեղա՛ւ, չեղա՛ւ, չըլտըրտը՞ն մը. Տիգրան էֆէնտի, կը քնանա՞ս։ «Ազատութիւն»ը սրբէ՛, շո՛ւտ, «ընկերային»ն ալ « կրթական» ըրէ։
       - «Ազատութիւն»ը սրբեցինք, լաւ. ի՞նչ դնենք տեղը։ Խօսքը կէս մնաց…
       - «Դպրոց» ըսէ, «ուսում» ըսէ, բա՞ռ կը պակսի։ Շարունակէ, տղաս, ուշ պիտի մնամ։
       - «Կեանքը շարժում է, բնութեան մէջ»…
       - «Շարժում»ին առջեւ «կրթական» մը դիր. ե՞րբ պիտի սորվիս։
       - Այս միւսը գիտական յօդուած մըն է, խենթութեան մասին. անվնաս։
       - Ի՞նչ, ի՞նչ, գլխուս պէլա՞ պիտի բանաք։ Ալլա՜հ, Ալլա՜հ, կարդա՛ նայիմ, վերէն վար։
       Կարդալով վերէն վար, բոլոր «խենթ»երը կը վերածուէին «յիմար»ի, ի պատիւ Համիտի, որ խորապէս կը խրտչէր այդ բառէն, իր եղբայրը բանտարկել տուած ըլլալով իբրեւ խենթ։
       - Այս միւսն ալ իմ գրածս է, կարճ բան մը, «Նիշեր», տղայական շարադրութիւն։
       - Տիգրան էֆէնտի - պէն պու չոճուգտան գորգարըմ։ «Աստղ»ը (Եըլտըզ) «լուսատու»ըրի, բայց աչքս չի բռներ. անգամ մըն ալ դուն կարդա։
       Յօդուածներէն վերջը, որոնք զատ-զատ կը ստորագրուէին ձեռագրին վրայ կամ շարուած, կարգը կուգար լուրերուն։
       - «Քաղաք. ժողովը երէկ մասնաւոր նիստ մը գումարելով, քննեց Մշոյ Առաջնորդարանէն հասած զանազան գրութիւններ եւ պարտուպատշաճ տնօրինութիւններն ըրաւ։ Նիստէն վերջը Ս. Պետրիարք Հայրը Բ. Դուռ երթալով, տեսակցեցաւ ներքին գործոց նախարարին եւ Կրօնից Տեսուչ Պէհա պէյի հետ»։
       - Սա «զանազան»ը տէֆ ըրէ. տեղը գրէ «կրօնական և կրթական խնդրոց մասին»։ «Ներքին գործոց նախարար»ն ալ աւրէ. միայն «կրօնից տեսուչ»ը կը բաւէ. հասկցողը կը հասկնայ։
       - Բայց Մինաս էֆէնտի, պաշտօնական տեսակցութիւն է, ի՞նչպէս կրնանք աւրել։
       - Ես քեզի աւրէ կ’ըսեմ նէ աւրէ, հէլպէթ բան մը գիտեմ, աս ի՞նչ տիք խաֆա տղայ կը դառնաս…
       Երբեմն կը պատահէր, որ ստորագրելէ եւ մեկնելէ տասը վայրկեան, կէս ժամ վերջը, մինչեւ փողոցին անկիւնը կամ Կամուրջին գլուխը հասած ատեն, միտքը բան մը իյնալով, Մինաս էֆէնտին հեւ ի հեւ կը վերադառնար խմբագրատուն։ Եթէ մարդ չգտնէր, կը մտնէր գրաշարատուն, եւ,
       - Սա ո՞ւր է, Մուշի մասին լուր մը կար, անգամ մըն ալ տեսնեմ։
       Խմբագիրը - կամ գրաշարը - կը կարդար արդէն վաւերացուած, ստորագրուած պատճէնը։
       - Հա՛, հիմա գտայ. «մասնաւոր»ին տեղ գրէ «սովորական» կամ «շաբաթական» նիստ. իսկ սա «խնդրոց»ը շինէ «գործոց»։
       Այս վերաքննութենէն վերջը անգամ մըն ալ կարդալ կուտար ամբողջ լուրը եւ կ’անցնէր կ’երթար, չմոռնալով նորէն միզարան հանդիպիլ։
       Աւելի վերջը նշանակուեցան ուրիշ երկու գրաքննիչներ եւս, Լեւոն էֆէնտի եւ Երուանդ էֆէնտի, - առաջինը ինքնավստահ եւ բաւական տանելի, միւսը ծեքծեքուն եւ իմաստակ, որ հոգի կը հանէր։
       Վերջին տարին երբ խմբագրապետն էր Արամ Անտոնեան, աւելի դիւրաւ կը ստորագրուէին թուղթերը, պայմանաւ, որ հերթապահը Մինաս էֆէնտին ըլլար։
       Կաղ գրաքննիչը մասնաւոր տկարութիւն մը ունէր վրանբաց պատմութիւններու եւ պատկերներու համար։ Մանաւանդ երբ կը պատմուէին համով-հոտով, յաւելեալ եւ ճոխացեալ։
       Այս տեսակէտէն մէկ հատիկ էր Արամ Անտոնեան։ Մինաս էֆէնտին անոր բերնէն կախուած, կաթ ծծելու պէս կը ծծէր ամէնէն վաւաշոտ բառերն ու նկարագրութիւնները։
       - Է՛, վե՞րջը, վե՞րջը…
       - Ի՞նչ կ’ուզես, որ ըլլայ, վերջը վերջը մեղաւորը փառաւորապէս տեղաւորեր է։ Դուն ըլլայիր ի՞նչ կ’ընէիր…
       - Աւա՜ղ, փառացս անցաւորի. աֆէրիմ փիճ։ Արամ, առջի օր Բերայի քարոզիչին համար բաներ մը կը պատմէիր, կէս ձգեցիր։
       - Կը պատմեմ, կը պատմեմ, Բերայի քարոզիչին հովուերգութիւնն ալ կը պատմեմ, Սաքսոնիոյ իշխանուհին ի՛նչ ապուրներ կերեր է վարժապետին հետ, ան ալ կ’իմանաս. դուն սա ձեռագիրները ստորագրէ, ուշ մնացինք, խեղճ գրաշարները կը սպասեն։
       - Կը ստորագրեմ ամմա, տիխաթ ըրէք, չարփըխ բան մը չփախչի, վերջը ամէնս մէկ հապը կը կլլենք…
      
       *
      
       Առտու մը Մինաս էֆէնտին խմբագրատուն մտաւ լեղապատառ, Տիգրան էֆէնտին ալ դող հանելով։
       Գոյնը նետած էր եւ յուզումէն կը դողար։
       - Միւտիրը (տպագրական տեսուչ), այս առտու կանուխ կանչեց եւ երեսիս պոռաց. - « Կազէթայը լաղվ, հէփինիզի թարտ». (թերթը կը խափանեմ, ամէնքդ մէկ կ’աքսորեմ)… երեսէն զէհիր կը վազէր…
       - Ի՞նչ է պատահեր, Մինաս էֆէնտի։
       - Սպասեցէք սոլուխ առնեմ. սա տեղէն խահուէ մը ապսպրէ։ Ո՜ւհ, աս ի՜նչ փորձանք մարդ է եղեր Աբրահամ Այվազեան կոչուած ախմախը. մեր մուխը պիտի մարէր, քիչ մնաց…
       Աբրահամ Այվազեան, ամիրաներու կենսագիրը, շրջուն շտեմարան պիտանի եւ անպիտան գիտելեաց, որուն թուղթերու լեռնակուտակ դէզը ժառանգած է, կ’ըսէին, Արշակ Ալպօյաճեան, իշխան Գուիտոն Լուսինեանի բառարանին ծանուցումը տպել տուած էր «Մանզումէ»ի մէջ։
       Տպագրական Տեսուչը, ոմն Քէմալ պէյ, մասնաւոր մատնանշումի մը վրայ կրակ կտրած՝ կը կանչէ գրաքննիչները եւ կը յանդիմանէ ջրհանկիրի կոպտութեամբ, երկուքը մէկ «էշէկ» եւ «հայվան» հոլովելով։ Յետոյ կանչել կուտայ թերթին տէր եւ տնօրէնը, Յովհ. Ֆէրիտ Գայսէրլեան, հասարակ խանութպան մը որ ոչ թէ հայերէն կարդալ գրել, խօսիլ անգամ չէր գիտեր. - Չախմա՞խ մը չախըյօճ, իւսթինի մը եախըյօն։ (Եթէ չեմ սխալիր, Հ. Ս. Երեմեան «առաջնակարգ լրագրապետ» անուանած է այս ողորմելին, «Գեղունի»ի մէջ…)։
       Կարկուտ մըն ալ անոր գլխուն։ Մարդը ահաբեկ ոտքը կ’իյնայ (տառապէս ոտքը կ’իյնայ).
       - Այագլարընը էօփէյիմ…պ…քընը եիյէյիմ. պէնիմ խապէրիմ եօգ. պէն էրմէնիճէ պիլմէմ. Աբրահամ Այվազեան եազմըշ, աման էֆէնտիմ, մէրհամէ՛թ…
       Թուրք պաշտօնատարը տեսնելով, որ իսկական անբանի մը հետ է գործը, կը թքնէ երեսին եւ կը յայտարարէ, նոյն անտաշ թուրքերէնով.
       - Յանցանքը ասանկ էշերունը չէ, այլ անոնց որ լրագիր հրատարակելու արտօնութիւն տուած են ասանկ էշերու…
      
       *
       Օրերը իրիկուն կ’ըլլային մխալով…
       Սեւ աշխատանք։ Սարսուռներ։ Տենչեր։ Ու երազներ մանկունակ։
       Գեղամ ունէր իր ընկերական շրջանակը։ Ես ի բնէ մելամաղձոտ, անուն հաներ էի իբրեւ «տունի տղայ»։ Ծխելն ու խմելը սովորական հաճոյքներ էին Գեղամին եւ իր ընկերներուն համար, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Գրիգոր Իբրանոսեան (յետոյ «Անգութ»), եղբայրը՝ Ենովք Շահէն (դերասան), Գրիգոր Եսայեան. իմ գնած առաջին ծխախոտս գրպանս մնացած էր ամբողջ մէկ ամիս, իսկ երբ առաջին օղին հրամցուցին, գաւաթը կէս ձգեցի գանելով։
       Գեղամ արդէն կազմուած՝ կը խօսէր այնպիսի նիւթերու մասին, որոնց վրայ ես հազիւ գաղափար ունէի։
       Երկուքս ալ շաբաթը անգամ մը ֆրանսերէն հատոր մը կը գնէինք, Փարիզի վերջին հրատարակութիւններէն (3ֆրք. 50=17ուկէս ղրուշ)։ Գեղամ օժտուած էր խոր զգայնութեամբ մը, որ հետզհետէ պիտի ծաղկէր։ Կը սիրէր նորագոյն գրականութեան գոյներն ու նրբութիւնները։ Ես կը փնտռէի հոսանքներն ու ալիքները (այն ատեն կրնայի՞ այսպէս բացատրել…)։
       Երկուքս ալ իրարու փոխ կուտայինք հատորները։ Ու մինչ Գեղամ յափշտակուած էր Ալպէր Սամէնի, Մալարմէի, Պոտլէրի, Վէրլէնի, Ռեթթէի, Ռեմի տը Կուռմոնի եւայլն խորհուրդներով, տրոփումներով կամ զարտուղի խոյանքներով, ես կը հակէի դէպի ռուսական եւ սկանտինաւեան գրականութիւնները, կը յաւակնէի Վէրհառն եւ Իպսէն ճաշակել, Կորքի եւ Անդրէյեւ թարգմանել, եւ Օսմ. Սահմանադրութեան շրջանին, իրարու ետեւէ գնել ընկերային, յեղափոխական եւ անիշխանական հրատարակութիւններ, - Նիցչէ, Ժան Կռավ, Կրապոտկին, Բակունին, Ֆուրիէ։ Գեղամին մտաւոր գեղարուեստական կազմութիւնը համաչափ կ’երթար. իմինս՝ անկանոն, հեւ ի հեւ։ Գեղամը ծծած քամած կ’ըլլար լաւագոյն եւ ամէնէն արդիական հանդէսները, - Մերքիւր տը Ֆրանս, Վեռ է Փրոզ, Լա Փլիւմ, իսկ ես անոնց հետ կը խառնէի անգլերէն շաբաթաթերթերու թանապուրն ալ, գրական գիրքերով։
       Հայկական գրականութեան տեսակէտով ալ Գեղամը գնահատելի պաշար ամբարած էր, նոյնիսկ «Անահիտ» եւ «Մուրճ» կը կարդար իր ընկերներուն հետ. իսկ ես անոնց առաջին եւ վերջին օրինակները տեսայ իր միջոցաւ, Օսմ. Սահմանադրութենէն մէկ տարի առաջ։
       «Սրբազան հուր»ը կանուխէն վարակած էր Գեղամը, ուղղակի մրկելով անոր հոգին եւ ջղային հիւսուածքը։ Յայտնապէս կը տառապէր, երբ գրիչը ձեռք առած՝ կը խազխզէր թուղթին վրայ։ Հազիւ խորագիր մը, բառ մը, պարբերութիւն մը գրած, կը քերէր, կ’աւրէր, տառ տառ կը բզկտէր։ Յետոյ կը վերսկսէր։ Ահա գրիչը կը շարժէր դեւի պէս։ Ապա կը կենար, մրոտած թուղթը կը նետէր կամ գրպանը կը դնէր։
       Կը պատահէր որ վերսկսի քիչ վերջը։ Իսկ յաճախ ալ օրերով կը ձգձգէր։ Ո՞վ կը ստիպէր ժամը ժամին ձեռագիր հասցնել, մանաւանդ եթէ գրական կտոր մը պիտի ըլլար։
       Իր լաւագոյն արտադրութիւնները յօրինած ատեն եթէ դէմքը նայէիր, կը տեսնէիր, որ իսկապէս տեսիլքէ մը բռնուած, խռովքի մը մատնուած էր։ Ամբողջ մարմինը երկունքի մէջ, աչքերը կայծկլտուն, լիալուսին ժպիտ մը դէմքին վրայ, ձախ ձեռքը մխրճած ալեծուփ մազերուն մէջ, աջով ամուր բռնած գրիչը, որ երկաթի ամրութեամբ գիրեր կը շարէր թուղթին վրայ, կը շարէր ու կը փորէր, հերիւնի մը պէս կը ծակէր թուղթը։
       Յաճախ գիշերներ կը լուսցնէր, այս տենդին մէջ, տպարանը, օրուան աշխատանքէն վերջը։ Եւ առտուն կ’երթար քնանալու, տունը կամ տպարանը, մինչեւ կէսօր։
      
       *
      
       Իմ գրական մարզանքնե՞րս։ Պարզապէս տղայական։
       Կը գրէի երբոր ուզէի։ Ո՛չ ոտանաւորով սկսայ, ո՛չ ալ արձակ բանաստեղծութեամբ։ Ո՛չ «Վարդամատն արշալոյս»ը, ո՛չ կոյսն ու լոյսը, ո՛չ ալ նոճիներն ու եղեւինները մատչելի կը թուէին ինծի։ Զանազան թարթափումներէ վերջ, մէջտեղ նետուեցայ «Նիշեր»ով, «Հանգանակ»ներով, «Տոմսեր»ով։ Կը փնտռէի նոր խօսք, նոր ձեւ։ Ո՛չ միայն հասակը այլ եւ բառերն ու նախադասութիւնները կարճ։ Ընդհանրապէս կը խուսափէի հիւսելու, երկնելու տենդէն. թերեւս անոր համար, որ բնութեամբ ալ նեղսիրտ էի։
       19071908ին էր որ քանի մը գրական վարժութիւններ ալ կատարեցի, «Արեւելեան Մամուլ»ի մէջ, որ բաղդատաբար աւելի ազատ էր գրաքննական տեսակէտով։ Ինչ որ Պոլսոյ համար կասկածելի էր, Իզմիր կը ղրկէինք։ Շարք մը թարգմանութիւններ Կորքիէն, Չեխովէն (Մուժիկները), Անտրէյեւէն (Լռութիւնը) եւն. , ուշադրութիւն գրաւեր էին Պոլիս եւ հարկադրուեցայ այնուհետեւ ղրկել «Արեւելեան Մամուլ»ին։
       Բարեհաճեցէք համտեսել նմոյշ մը այդ օրերու «տոմսերէն» չափելու համար լեզուն, գաղափարները եւ…մեծամտութիւնը.
      
       ԴԵՂՆԱԾ ԹՈՒՂԹԵՐ
      
       …Եթէ գաւառն ալ պիտի չուզէ կամ պիտի չկրնայ քնարերգել կոյս տենդերով, վայրի յոյզերով եւ էապէս մարդկային կիրքերով փոթորկուն այն տաղերը, որոնք վերանորոգիչ հիւթը պիտի ներարկէին, այն ատեն հարկ է մեռելածին երախայի պատանքը պատրաստել թրքահայ բանաստեղծութեան համար։
       Զանազան պատճառներու կարգին, գաւառի բանաստեղծական երաժշտութեան, կամ մանաւանդ միջակութեան մեծ չափով մը պատասխանատու է Պոլիսը կապկելու այն տեսակ մը ինքնահաճ տխմարութիւնը, որ արդարանալի ոչինչ ունի։
       Կեանքէ, խորքէ ու իսկական գեղեցկութենէ զուրկ աճպարարական այն սիրուն հիւսքերը, զորս բանաստեղծական պիտակին տակ կը ստորագրեն մերօրեայ գրողներէն շատեր, երեւի հրապուրիչ, անխուսափելի խայծեր դարձած են գաւառածին «պուէտ»ին համար։
       Բայց այս հետեւակութիւնը, բայց այս ապիկարութիւնը, գոնէ գաւառին համար, զայրացուցիչ է պարզապէս ու նողկալի մանաւանդ։
       Որովհետեւ, գոնէ ա՛յնտեղ «ներշնչող» տարրեր չէ, որ կը պակսին։
       Եւ ի՜նչ զմայլելի տարրեր, իսկ եւ իսկ բանաստեղծական։
       Գետը որ կը հոսի, լեռը՝ իր մռայլ խորհուրդով, վտակը ինչպէս երկչոտ առուն, որ Հողի մարդուն ածուները կը ջրէ նազելի վարանքով մը, հողը եւ հողագործը, այո՛, մանաւանդ հողագործը, որուն երգը տաղաչափող բանաստեղծին կը սպասենք տակաւին։ Յետոյ ձորը. ու սարը, ու դաշտը…
       Բայց մենք ի՞նչ կը տեսնենք։ Նոյնիսկ գաւառին մէջ կ’անհոգանան, ափսոսալի կարճատեսութեամբ մը կամ մանկունակ մեծամոլութեամբ մը կը լքեն ինչ որ ուրիշազգերու բանաստեղծական ամէնէն շքեղ, ամէնէն յուռթի ու կորովալիր ներշնչարանը կազմած է։
       Կը լքեն այդ անհուն դաշտը, ու կը թարթափին, աչափակ ձիու երջանիկ պարը կը դառնան կոխկրտուած գետիններու, օթեկ բանաձեւերու, հասարակ, յաճախ ռամիկ զգայութիւններու քանըվայի մը վրայ, անխնայ բռնաբարելով իրենց համեստ ուղեղները, որպէսզի շքեղ «բաներ ստեղծեն»։
       Պիտի ըսէք թէ Էգին հմայքը այնտե՞ղ ալ, գաւառի կենսալիր, առոյգ շրջավայրին մէ՞ջ ալ իր վաւաշը թափած է, ժանգահարելով բոլոր ծիլերը նոր զգացողութիւններու, իրապէս համակրելի, համամարդկային խանդերու։
       Կնոջ շրթունքը, ծոծրակը, լանջքը, աչքերը, ա՜հ, մանաւանդ աչքերը, ու ձեռքերը, ու մազերը, բովանդակ կազմախօսութիւնը Կին գոյութեան, - տակաւին ասո՞նք են, ու միայն ասո՞նք, որ կը հիպնոսացնեն գաւառածին ուղեղներն ալ։
       Ո՞ւր է այն առնացի զգացողութիւնը, որ պիտի կարենար թօթափել բոլոր այս միջակ խանդավառութիւնները, բոլոր այս շողիքոտ, չտես հիացումները, ու մեզի պիտի լսեցնէր անհունապէս աւելի շքեղ, աւելի պերճահունչ ու աւելի առոյգ նուագներ։
       Ո՞ւր է տղամարդ բանաստեղծը, որ պիտի կրնար վերջապէս խրոխտ թիկնադարձութիւն մը փորձել գաղջ, քաղքենի յափշտակութիւններու դէմ, ու մեզի պիտի թրթռացնէր ընդհանուր գաղափարներու, խորապէս մարդկային տենդերու հզօր, բազմալար տաւիղը, - անշունչ երերուն իմաստասիրութիւնը, օրինակի համար, խորհուրդը տարերային ուժերուն, հովին, ծովին…
       Ու մարդկային բազմերես հնհնուքը, ու ըղձանքը, ու աշխատանքը, Կեանքը վերջապէս։
       Տակաւին շատ պիտի սպասե՞նք, որ միայն մսային կերտուածքներու բուրումներովը թմրած, շղարշեայ, թափանցիկ ուղեղով սպասեակներ զուարճանան յանգաւոր արուեստին հետ։
       Չի՞ բաւեր արդեօք, որչափ որ ունկնդրեցինք եղկ, յուլածոյ քնարերգութիւններու։
       Գաւա՞ռն ալ պիտի իգանար։
       Գաւառը չէ՞, որ պիտի սկիզբը դնէր առնական շեղումին, դէպի «վաղուան գրականութիւնը» թեքող կորովի զարտուղութեան։
       «Արեւելեան Մամուլ», 3 Հոկտ. 1907
      
       *
      
       Այս կտորը եւ դեռ ուրիշ ճախրասլաց շարադրութիւններ գրած ատեն Դաշնակցական էի, արձանագրուած ըլլալով ճիշդ հինգ ամիս առաջ, 1907 Մայիսին։
       Բայց այդ մասին յետոյ։ Ի՞նչպէս հասանք մինչեւ հոդ, ես՝ տունի տղայ, Գեղամը՝ բանաստեղծ, բուն բառով տեսանող։
       Ի՜նչ երազներ կը հիւսէինք երկու խլէզներ, Գեղամը ու ես այդ օրերուն։