Ո
ՏԱՅՐ
ԻՆՁ
ԶԾՈՒԽ…
Յունիս,
1941.
-
Ըսին,
ըսին,
եղաւ։
Մայիսէն
ի
վեր
ծխախոտն
ալ
չափի
տակ
առնուած
է։
Պիտի
տան
համրանքով։
Կրամ-կրամ։
Ծխավաճառները
կը
ստանան
որոշ
քանակութեամբ
ծխախոտ
եւ
գլանիկ։
Վաճառումը՝
երբեմն
օրը
մէկ
անգամ։
Յաճախ
օր
ընդ
մէջ։
Փոխն
ի
փոխ։
Իւրաքանչիւր
ծխավաճառ
իր
մասնաւոր
ժամերն
ունի։
Մէկ-երկու
ժամ
աւելի
առաջ,
պոչը
կազմուած
կ’ըլլայ,
հետզհետէ
ուռելով
եւ
երկարելով։
Ու
ամէն
օր
ծխամոլներու
խատուտիկ
ցուցահանդէս
մը
Փարիզի
պողոտաներուն
վրայ,
փողոցներու
անկիւնը,
ինչպէս
երկրին
ամէն
կողմը։
Տեսարաններ,
որոնց
առջեւ
արցունքն
ու
ժպիտը
իրար
կը
խառնուին։
Երբեմն
աւելի
դիւրին
է
ուտեստ
ճարել
քան
տուփ
մը
«կապոյտ»,
նոյնիսկ
հինգ
հատ
«փարիզիէն»։
*
Ահա
մեր
թաղին
«ծխապոչը»,
կայարանի
հրապարակին
վրայ։
Երկու
հարիւր
յիսուն
հոգինոց
բազմութիւն
մը
կիսաբոլորակ
շարուած,
կարգի
կը
սպասէ
«ահիւ
եւ
երկիւղիւ»։
Հապա
եթէ
պաշարը
հատնի՞…
Ծխավաճառը
յայտարարած
է
պատրաստ
մթերքը,
-
այսքան
«կապոյտ»,
այսքան
«կանանչ»,
-
80
տուփ
կոլուազ
վէրթ,
250
տուփ
կոլուազ
պլէօ,
20
տուփ
սելթիք։
Նոյնքան
ժիթան
եւայլն։
Պաշարը
կրնայ
բաւել
354
անձի։
Երկսեռ
է
բազմութիւնը,
այս
ճակատին
վրայ
եւս։
Պարոնը
գործի
գացած
է,
տիկինը
կը
սպասէ։
(Կամ
ճիշդ
հակառակը)։
Եթէ
հայրիկը
եւ
մայրիկը
զբաղած
են,
աղջիկը
կամ
տղան
կը
սպասեն,
մինչեւ
որ
հասնին։
Աւելի
ճարպիկներ
ալ
կան։
Էրիկ-կնիկ
պոչ
կապած։
Մէկը
յառաջապահ,
միւսը
վերջապահ։
Ահա
եւ
մեր
Նուարդը,
անդին
ամուսինը։
Ահա
Հայկուհին,
քիչ
անդին՝
մայրիկը,
ամէնէն
վերջն
ալ
Մարտիկը։
Իսկ
ո՞վ
համրեց
անոնք,
որ
պոչ
կը
կապեն
ժամով
կամ
օրականով։
Հապա
անո՞նք,
որ
թաղէ
թաղ
ման
գալով,
8-10
տուփ
կը
ճարեն,
15-20էն
ծախելու
համար
(բուն
արժէքը՝
6ուկէսէն
10
ֆրանք)։
Ոլոր-մոլոր
ծուխին
մէ՞ջ
է,
որ
պիտի
անճրկէր
սեւ
շուկան,
մանաւանդ
քաղաքին
հրապարակներուն
վրայ։
*
Կայարանին
սանդուխներէն
հազիւ
իջած,
մարդակոյտ
մը
հրապարակի
ծխավաճառին
առջեւ։
Բաշխումի
ժամն
է
իրիկուան
6,
30։
Դեռ
ժամը
հինգն
է։
Ճիշդ
45
շարք՝
խանութին
առջեւէն
մինչեւ
Օթէլ
Թերմինիւսի
անկիւնը։
Յետոյ
150
շարք
ալ
հիւրանոցին
կռնակը,
պատին
երկայնքն
ի
վար։
Իւրաքանչիւր
շարքին
«պարունակութիւնը¦
-
չորս-չորս,
հինգ-հինգ,
երեքական
կամ
վեցական։
Միջինը
հաշուելով
չորս
կամ
հինգ,
այս
ծխապոչը
կը
բաղկանար,
ուրեմն,
600-750
հոգիէ,
-
այր,
կին,
կրակուբոց
երիտասարդ
կամ
խարխուլ
ծերունի,
օրիորդ
կամ
պատանի։
Բաբելոն
մը
խայտաբղէտ։
Բոլորն
ալ
գառնուկ
դարձած՝
մուխի
կարօտէն։
Ու
համերաշխ։
«Ճակատագրի
եղբայրներ»։
Աւելի
անդին,
քաղաքին
պորտին
վրայ,
գրեթէ
նոյնքան
բազմութիւն,
կողմնակի
փողոցի
մը
մէջ։
Խելօքիկ
մը
շարուած
քովէ
քով ,
երկ-երկու
կամ
չորս-չորս։
-Դո՞ւն
ալ,
Գեւօ՛,
ի՞նչ
գործ
ունիս
հոս։
-Կէս
ժամ
է
կը
սպասեմ,
դեռ
կարգս
չեկաւ։
Ես
քեզի
չէի՞
ըսեր,
օր
մը
պիտի
փնտռենք
մեր
դիմացի
ծերուկ
սրճարանատէրին
75
սանթիմնոց
սուրճը
եւ
3ուկէսնոց
կոլուազը…
-Իսկ
դո՞ւն,
Թաթուլ,
ձեր
գիւղին
մէջ
ծխախոտ
չկա՞ր,
որ
հոս
եկեր
ես:
-
Մի
խնդար,
դուն
ալ
մեր
օրին
կուգաս։
Իբրեւ
թէ
չես
ծխեր,
բայց
կը
տեսնենք,
կը
տեսնենք…
-
Է՜ր
երբեմն
ծխելն
ալ
շուք,
շնորհք
ունէր։
Յաղթական
կերպարանքով
մը
կը
ներկայանայիր
ծխավաճառին,
ուզած
տեսակդ,
ուզածիդ
չափ
կ’առնէիր
եւ
հպարտօրէն
բանալով,
մէկուն
միւսին
հրամցնելով,
իրարու
ետեւէ
կը
վառէիր,
մինչ
ծուխը
կը
բարձրանար
ոլոր-մոլոր։
Եթէ
ածիլուած
չըլլայիր,
պեխերդ
ալ
կ’ոլորէիր
սանկ
մը։
Իսկ
հիմա,
այսպէս
գլխիկոր,
խեղճացած,
իրարու
ետեւէ
պոչ
կապած…
նշաւակ
անցնող-դարձողին։
Եւ
միշտ
մտահոգ
-
ինծի
ալ
բաժին
պիտի
մնա՞յ…
Եթէ
կրցար
տուփ
մը
ճարել,
կը
վախնաս
մարդու
ցուցնել։
Հատ-հատ,
գողունի,
կը
հանես
գրպանէդ,
ինչպէս
տղայ
մը
շաքար
գողցած
է
մայրիկին
դարակէն։
Ի
պատիւ
զինադադարին,
դուն
ալ
ծխադուլ
հռչակէ,
պրծա՛ւ…
-
Այդ
խրատը
քեզի
պահէ։
Ես
վճռած
եմ
շարունակել։
Վերջին
հաշուով
իմ
ծխելս
ալ
իր
գաղտնիքն
ունի։
Ես
համոզուած
եմ,
որ
ծխախոտը
կը
սպաննէ
շատ
մը
մանրէներ։
Յետոյ,
լաւագոյն
միջոցն
է
քիչ
ուտելու,
այնպիսի
ատեն
մը
երբ
սոխն
ու
սխտորն
անգամ
պոչով
կը
ճարուին։
Օր
մը
օրանց
մառշէ
գացե՞ր
ես
դուն,
գիտե՞ս
ինչ
կը
նշանակէ
կապոց
մը
աղցան
կամ
շողգամ
ճարել…
Երրորդ
մը.
-
Հարցէն
չշեղինք.
օրակարգը
ծխախոտ
ճարել
է,
կապոյտ,
կանանչ
կամ
դեղին։
Դուք
հոս
սպասեցէք,
մենք
ալ
ուրիշ
ճակատ
մը
վազենք։
Օ՜ն
անդր…
Չորրորդ
մը.
-
Ես
դիւրաւ
կը
ճարեմ
մեր
թաղին
մէջ,
ախորժաբեր
մը
ցնծալով։
Միայն
թէ
ուրիշ
մարդ
չտեսնէ…
-
Միասին
գնա,
հատ
մըն
ալ
դուն
ճարէ,
գոնէ
մեզի
օգնած
կ’ըլլաս։
*
Միասին
գացինք
մեր
թաղի
ծխավաճառին։
Սեղան
մը
զատեցինք
եւ
փառաւոր
մը
բազմեցանք։
Երկու
սէնզանօ։
«Սպասէ
սա
երկու
յաճախորդները
մեկնին»։
Յանկարծ
ընկերս
տեղէն
ցատկեց,
կոճակները
կոճկեց
եւ
մեղրանուշ
ժպիտ
մը
խաղցնելով.
-
Կոլուազ
մը,
օրիորդ,
շատ
խնդրեմ:
-
Չունիմ,
պարոն.
իրիկունը
պիտի
բաժնուի:
-
Կ’աղաչեմ,
օրիորդ,
տիկին
մայրիկը
կուտար:
-
Տիկին
մայրիկը
հոս
չէ.
սպասեցէք
ձեր
կարգին:
-
Ափէրիթիֆ
մը
եւս
կ’ապսպրեմ,
օրիորդ:
-
Կրնաք
տասը
հատ
ապսպրել։
Իրիկունը:
-
Գոնէ
մէկ
անգամ
բացառութիւն
ըրէք,
օրիորդ,
ձեր
թաղեցին
եմ։
Ոչ
իսկ
աչքերը
կը
թարթէր
օրիորդը,
անուշիկ
պարմանուհի
մը
նոր
բացուած,
ինչպէս
գարնան
վարդ
մը։
Ինչպէս
արշալոյսը
«վարդամատն»։
Եւ
ընկերս
պատի
գոյն
դարձած
եկաւ
նստաւ
տեղը։
-
Երուա՛նդ,
ըսի,
եթէ
ժամադրութիւն
մը
խնդրած
ըլլայիր,
այսքան
դժուարութեան
չէիր
հանդիպեր:
-
Երկա՜ն
ըրիր
դուն
ալ.
սիրտս
կը
մխայ,
դուն
կը
զուարճանաս։
Եթէ
կ’ուզես
գնա,
ես
պիտի
սպասեմ,
որ
մայրը
գայ,
այլապէս
բանս
բուրդ
է
մինչեւ
իրիկուն:
-
Դուն
ինծի
մտիկ
ըրէ.
եկուր
ձայն
տանք
աշուղ
Յովնաթանին
հետ.
Ասել
ես
թէ
գարնան
վախթը,
Սիրական,
ամա՜ն,
Որ
բացուի
մեր
պաղչին
վարդը,
Քեզ
ցոյց
կուտամ
ծոցիս
զարդը,
Սիրական,
ամա՜ն,
Աման
ե՜կ
պաղչէն,
այս
է
լաւ
վախթը,
Բացուել
է
վարդը…
-
Դուն
շէնքշնորհք
խենթեցեր
ես.
ի՞նչ
գարուն,
ի՞նչ
վարդ,
ծո՛ւխ
կ’ուզեմ,
ծո՛ւխ,
կը
հասկնա՞ս,
մո՛ւխ,
ինչպէս
կ’ըսէր
Կարնեցին։
-
Վարդը
աղջիկէն,
ծուխն
ու
մուխն
ալ
մայրիկէն։
Եթէ
կ’ուզես
ֆրանսերէն
ճռուողենք
(ո՜ղջ
մնայ
Ժաք
Տիսօր).
Vivent
le
vin,
l’amour
et
le
tabac!
Nos
trois
plaisirs,
apres
tout,
ici-bas.
Vin
et
tabac
deviennent
introuvables.
J’attends
du
moins
nos
cigarettes
bleues,
Et
mon
honné
te
et
rouge
vin
de
table.
A
l’amcur
seul
je
ne
fais
pas
de
queue.
*
Յուլիս.
-
Տագնապը
երթալով
կը
սաստկանայ։
Պոչերը
բազմապատկուեցան,
աւելի
անտանելի
դարձան,
երբ
որոշուեցաւ
շաբաթը
միայն
հինգ
օր
բաշխում
կատարել։
Միեւնոյն
ատեն
արգիլուեցաւ
պոչ
կապել
որոշուած
ժամէն
առաջ։
(Արտօնուած
է
միայն
կէս
ժամ
առաջ)։
Ո՞վ
է
լսողը։
Ահա
շարուեր
են
պատին
տակ,
ժամանակէն
շատ
առաջ,
ինչպէս
ոչխարներու
հօտ
մը
մսուրին
առջեւ։
Կը
խօսին,
կը
վիճին.
«աւետիս»ներ
կուտան
իրարու.
մինչ
բարի
ոստիկաններ
կը
հսկեն
ծխավաճառին
առջեւ,
որպէսզի
բազմութիւնը
խանութէն
ներս
չխուժէ
կամ
իրար
չկոխոտեն։
Եւ
ահա
վերջին
տնօրինութիւնը,
-
արձանագրել
բոլոր
ծխողները,
18տարեկանէն
վեր,
բայց
ոչ
կիները:
-
Ի՞նչ.
կիները
պիտի
չծխե՞ն.
որո՞վ
իրաւամբ։
Հապա
ազատութի՞ւնը,
հաւասարութի՞ւնը…
Շատ
չանցած,
արձագանգ
մը
չարաշուք,
որոշուած
է
շաբաթը
երկու
տուփէն
աւելի
չտալ.
կամ
ծխախոտ
մէկ
տուփ:
-
Ի
սէր
Աստուծոյ,
դուն
ալ
արձանագրուէ,
ես
քսանէն
կ’առնեմ
կապոյտը:
-
Ես
պատրաստ
եմ
երեսունէն
գնելու,
ինչ
որ
ալ
ըլլայ
տեսակը։
Տիկին
մը.
-
Անոնք
էրիկ
մարդ
են,
կը
ճարեն.
մենք
ո՞ր
քարին
զարնենք
մեր
գլուխը։
Օրիորդ
մը.
-
Ժիթան
կ’ուզեմ.
պալթօ
կ’ուզեմ,
հիմա
կ’ուզեմ։
Ունեւոր
տիկին
մը.
-
Իմ
ամուսինս
ժամանակին
250
տուփ
առած
էր,
առ
այժմ
չի
նեղուիր։
*
Օգոստոս
1.
-
Այսօր,
ուրբաթ,
գնեցի
առաջին
տուփը.
սէլթիք
մը։
(Յաջորդը
չորեքշաբթի)։
«Աչք
ամենեցուն
ի
քեզ
հային»։
Խե՜ղճ
տուփ,
ո՞ր
մէկուն
բաժնել.
Հ.
ի՞ն,
Լ.
ի՞ն,
Ս.
ի՞ն,
տիկին
Ա.
ի՞ն,
տիկին
Բ.
ի՞ն,
օր.
Վ.
ի՞ն…
Շուկացի
մը.
-
Աճուրդ,
աճո՛ւրդ…
Ընկեր
Կ.
-
Ախր
ինչի՞
էք
շտապում.
մի
ժողով
սարքիր,
մտքերի
փոխանակութիւն
կատարենք,
տեսնենք
ի՛նչ
են
ասում
ընկերները…
Օր.
Ա.
-
Ամէնէն
աղէկը՝
դուն
ծխէ,
որպէսզի
ոեւէ
մէկուն
սիրտը
կոտրած
չըլլաս։
*
Օգոստոս
23.
-
Թերթերը
միշտ
քրքրելով
այս
նոր
տագնապը,
կ’առաջարկեն
հետեւեալ
«փոխնորդ»ները.
-
Եղեւին
(
առմուազ,
միսկ
օթու),
ընկոյզի
տերեւ,
առանձին
կամ
միւսին
հետ
խառնուած։
Եգիպտացորենի
քիստը
(մօրուք),
խոճիկի
տերեւ
(
փա
տ’ան),
հացի
ծառին
տերեւը
(ֆռէն),
եղիճ,
շագանակենիի
տերեւ
եւայլն։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
ծխախոտի
զրկանքին
չդիմացողները
այնքան
շատ
են
որ,
ո՛չ
գինը
կը
նային,
ո՛չ
ալ
տեսակը։
«Չեմ
դիմանար,
ա՜խ,
չեմ
դիմանար»։
Ալ
ինչո՞ւ
զարմանալ,
որ
ուրիշներ
ալ
չեն
դիմանար
ծովու
կամ
քարիւղի
հոտին։
*
Սեպտեմբեր
15.
Ծխախոտի
բաժնեչափը
նորէն
կրճատուեցաւ
այսօր,
շաբաթը
երկու
տուփ
գլանիկի
կամ
մէկ
տուփ
ծխախոտի
փոխարէն
ամիսը
երեք
տուփ
ծխախոտ
կամ
վեց
տուփ
գլանիկ։
Բաժանումը՝
տասնօրեակէ
տասնօրեակ։
Արդէն
սովորական
դարձած
է
2530ի
գնել
կոլուազը։
Սեպտեմբեր
23.
Ծխավաճառները
արձանագրած
են
տասը
միլիոն
հոգի։
Մասնագէտներ
կը
հաշուեն
թէ
բաղդատելով
տրամադրելի
մթերքին
հետ,
իւրաքանչիւր
ծխողի
կ’իյնայ
տարին
մէկ
քիլօ,
օրական
իբր
երեք
կրամ,
ուրիշ
խօսքով՝
երեք
գլանիկ։
*
Երգիծաբաններն
ու
ծաղրանկարիչները
լեզու
են
ելած։
Աղջիկը՝
զրկելով
տղան.
-
Կը
սիրե՜մ
քեզ,
ի՜նչ
աղուոր
ծխախոտ
կը
հոտիս…
Ազնուական
մը
կը
խառնէ
սպասաւորին
գրպանը,
ցուցնելով
գլանիկները։
Սպասաւորը.
-
Բայց
իմ
ծխախոտս
է,
պարոն։
-
Մի
մոռնար
քեզի
նուիրած
«փիփօ»ներս,
տղա՛ս։
Մէկուն
տունը
բռնկեր
է։
Տանտէրը
գիշերնոցով
փողոց
նետուած,
կը
պատմէ
հարեւանին.
-
Ծխախոտս
փրկեցի,
մնացեալը
ճիւե՛րս…
*
1942.
-
Սովորական
կապոյտը
60-70։
Գաւաթ
մը
ջուրի
պէս։
Կճատ
ժողվել
գիտե՞ս։
Բաժնեչափի
հաստատումէն
ի
վեր
շնորհքով
մարդիկը
եւ
շնորհալի
տիկիններն
անգամ
կը
դողան
գլանիկի
մնացորդներուն
վրայ։
Շատերը
մասնաւոր
տուփեր
ունին
իրենց
գրպանը,
պահելու
համար
կճատը
կամ
«որբուկը»
(մէկօ,
զմարիտ)։
Գլանիկը
հատա՞ւ։
Մնացորդը
հանդիսաւորապէս
մարելով
կը
տեղաւորեն
տուփին
մէջ,
նստած
կամ
քալած,
խօսած
ատեն։
Ճիշդ
ինչպէս
որ
տիկիններն
ու
օրիորդները
օրուան
որեւէ
ժամուն
երեսի
փոշին,
շրթներուն
ներկը
քսելով,
նորոգելով
տուփը
կը
տեղաւորեն
պայուսակին
մէջ։
Տուներու
մէջ
ալ
տանտիրուհին
գուրգուրանքով
կը
ժողվէ
մոխրամանին
մէջ
ձգուած
կտորները,
որպէսզի
աղան
գլանիկ
մը
աւելի
ունենայ։
Հանրակառքը
ճամբայ
պիտի
ելլէ.
տոմսակավաճառը
մարելով
բերնին
փակած
վերջին
կտորը,
կը
պահէ
գլխարկին
մէջ։
Իրիկուան
պաշար։
Ամառ
ձմեռ,
օրուան
բոլոր
ժամերուն,
բազմաթիւ
քաղաքացիներ,
բանուոր
թէ
ունեւոր,
տաբատը
ծակ
լակոտներ,
թէ
կոճկուած
պուրժուաներ
կամ
անճար
կիներ
իրենց
աչքերը
չորս
բացած՝
կճատ
կ’որսան
մայթերուն
վրայ,
ցեխին
մէջ,
սրճարանը,
սեղաններուն
տակ,
աղբամաններուն
խորը:
-
Ներողութի՛ւն,
ես
ձեզմէ
առաջ
տեսայ
այդ
կճատը։
Ամբողջ
փողոցներ,
պողոտաներ
ման
գաս,
դժուար
թէ
մէկ
հատիկ
«մէկօ»
գտնես։
Վա՜յ
անոնց,
որ
արհեստի
վերածեր
էին
կճատ
ժողվելը։
Ճշմարիտ
արհեստապետութիւն
մը
կը
կազմէին
անոնք։
Շատեր
մասնաւոր
փայտ
մը
ունին,
կճատները
կտցելու
համար։
Փողոցէ
փողոց,
սրճարաններու,
սրահներու,
թատրոններու,
սինեմաներու
մէջ։
Կը
ժողվէին
ու
կը
ծախէին
ալ։
Իսկ
այսօ՞ր.
-
Առաջ
100150
կճատ
կը
ժողվէի
կեդրոնական
թատրոնի
մը
մէջ,
ներկայացումէն
վերջը,
մոխրամաններէն
կամ
գետինէն։
Այսօր
պէտք
է
ինքզինքս
բախտաւոր
համարիմ,
եթէ
երեք-չորս
հատ
գտնեմ։
Վերջին
բաժնեչափը
հաստատուեցաւ
1941Նոյեմբերին։
«Արգոյ
հասարակութիւնը»
անճանաչելի
դարձած
է,
այդ
օրէն
ի
վեր:
-
Առաջ
շաբաթը
450
ֆրանք
ծախք
ունէի
ծխախոտի
համար.
հիմա
կը
ծախսեմ
օրական
150
ֆրանք։
Անշուշտ
աւելի
գիշատիչ
«պուրժուա»ներ
ալ
կան։
Իսկ
ի՞նչպէս…կը
մխան
«պրոլետար»ները։
Երկուքի
կը
բաժնեն
պատրաստ
գլանիկը,
երկու
հատ
ծխած
կամ
քսաննոց
տուփը
կրկնապատկած
ըլլալու
համար։
Կը
պարպեն
գլանիկը,
եւ
թուղթի
մէջ
փաթթելով
ծխախոտին
կէսը,
մէկ
երրորդը,
կը
շինեն
գլանիկ
մը
ճռզած,
բարակուկ,
իսկ
աւելցածը
կը
պահեն։
Պատրաստ
գլանիկը
մինչեւ
կէսը
ծխելէ
վերջ,
կը
մարեն
եւ
կը
պահեն,
յաջորդ
անգամուան
համար։
Աղբօր
բաժին
կ’ընեն,
ունեցողի
մը
հետ։
(Կան
ալ
փոխն
ի
փոխ
կը
ծխեն)։
Կը
բարեխառնեն,
կը
ճոխացնեն
ծխախոտը,
խառնելով
գոյնզգոյն
տերեւներ
եւ
կճատի
պաշարը։
Իսկ
եթէ
տիկինն
ալ
կը
ծխէ։
Ո՜հ,
այն
ատեն
մուխը
կ’ելլէ,
բոցը
չելլեր։
Տրտում
թէ
զուարթ,
նստիմ
եւ
խորհիմ
Չունիմ
սիկարին
պէս
հեշտ
մտերիմ.
Նոյն
է
երկուքին
մեր
ճակատագիր,
Քիչ
քիչ
կը
վառիմ
եւ
դառնամ
մոխիր։
(Մ.
Աճէմեան)
1942