Յանգապատում

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
39. ՍԻՐԵՐԳ
       Ձիւնին վրայէն կ'երթաս, արե՜ւ ձիւնածաղիկ,
Քայլիդ չափն է կոչնակին ձայնը ժամուն,
Շուրջդ է ծիածան, օ՜հ, առտըւան այս ժամո՜ւն,
Սիրտդª ուխտադիր սրբութեան մը խաղաղիկ:
       Ձիւնին վրայէն կ'երթաս, արե՜ւ ձիւնածաղիկ,
Մնջելով ունկն ի վար աղօթքդ անծանօթ,
Ու շփելով շուրթիս սիւք մը միւռոնհոտ:
Հիմա կ'երգեն, օ՜հ, “Զարթի՜ք, փառք իմ զարթի՜ք…”:
       Ձիւնին վրայէն կ'երթաս, արե՜ւ ձիւնածաղիկ,
Կ'երթաս, ո՜վ կոյս, ձիւնին վրայէն իմ սրտիս,
Յօրինելով գունեան կայծեր ու աստղի՜կ.
Իմ տաղարանս` ուր դուն կ'երգես, կը ժպտիս: