Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Ամէնէն առաջ ամուսնական յարաբերութեանց պարագան է որ միտք կուգայ երբոր կը փորձենք Եւդակիացի կնոջ բարոյական նկարագիրը պատկերացնել։ Եւդոկիացի հայ կինը մեծ մասամբ հաւատարիմ է իր ամուսնին եւ այս հաւատարմութիւնն անպատճառ միշտ սիրոյ վրայ չէ որ հիմնուած է, այլ շատ անգամ պարտականութեան գաղափարին վրայ։ Կան շատ կիներ որ իրենց էրիկները թէեւ չեն սիրեր, բայց դարձեալ անխախտ կը մնան հաւատարմութեան ուխտին մէջ։

Վերջին տարիներու միջոցին Առաջնորդարանին մէջ շատցած են ամուսնական դատեր, եւ այր եւ կնոջ բաժանումի ու ապօրէն կենակցութեան դէպքեր որ երբեմն անլուր եւ անօրինակ են եղեր, սկսած են յաճախել դուռ բանալով տգեղ գայթակղութիւններու։ Բնականաբար ամուսնական վէճերը անհրաժեշտօրէն կը ծագին ուր որ փոխադարձ սէր եւ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի։ Բայց չենք կրնար ըսել թէ Եւդոկիացի ամոլները առաջ աւելի համերաշխ էին քան հիմա։ Սա միայն պիտի կրնայինք հաստատել թէ Եւդոկիացի կիները որոնք բոլոր գաւառացի կիներու պէս անհատականութեան ոգիէ զուրկ, համակերպող էակներ եղած են սկիզբէն ի վեր, վերջին տարիներու մէջ կարծես թէ անհատական ոգիի զարթնում ցոյց կուտան, նուազ համակերպող դառնալով։ Այս է պատճառը որ հիմա ոմանք նախայարձակ ըլլալու քաջութիւնը կունենան, չսիրուած էրկան մը լուծը թօթափելու համար որով օրէ օր կաւելնան ամուսնական դատերը եւ բաժանումները։

Իսկ այն ընտանիքներու մէջ ուր համերաշխութիւնը կը տիրէ, Եւդոկիացի կինը անպատճառ չի պարտիր զայն ստրկային հնազանդութեան մը։ Ընդհակառակը ան իր ամուսնին հանդէպ գիտէ պահել բաւական զօրաւոր բարոյական հեղինակութիւն մը։ Տան մէջ ու տան վերբերեալ ներքին գործերու մասին ան գրեթէ տիրող է, նոյն իսկ կան շատ կիներ որ իրենց ամուսիններուն վրայ նշանակելի ազդեցութեան մը տիրացած են անոնց արտաքին գործերուն խառնուելու եւ իրենց խորհուրդներուն համեմատ անոնց ուղղութիւն տալու աստիճան։

Եւդոկիացի կինը տնտեսագէտ եւ խնայասէր է ընդհանրապէս, նոյն իսկ շահասէր ըսուելու աստիճան, թէեւ շռայլ կիներ ալ չեն պակսիր։ Այր եւ կնոջ ինչքերը հասարակաց չեն իրենց միջեւ, կինը իրեն սեպհական ինչքերն ունի զոր կաշխատի աւելցնել յայտնի ու գաղտնի խնայողութիւններով։ Ասոր հետ մէկտեղ՝ իր էրկան ձախորդութեան ու դժբախտութեան օրերու միջոցին ան յօժարակամ կուտայ բոլոր ունեցածը իր ամուսնին վիճակը բարւոքելու համար։ Արժանապատուութեան զգացումը շատ զօրաւոր է իր մէջ եւ այդ պատճառաւ ամէն զոհողութիւն յանձն կառնէ պատահած ձախորդութիւնը ուրիշներէն ծածկելու եւ գոնէ երեւոյթները փրկելու համար։

Եւդոկիացի հայ կինը անաշխատ ու մեղկ կեանքէն չախորժիր եւ ընդհանրապէս աշխատասէր ու մաքրասէր է։ Շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ իրենց մէջ ծոյլ կամ փնթի կիներու։ Տան ներքին մաքրութեան մանաւանդ շատ հոգ կը տանի եւ կիներ կան որ այս բանը մոլութեան մը չափ առաջ տարած են։ Կը ճանչնամ կին մը որ ամէն անգամ այցելութիւն մը ընդունելուն՝ հիւրին մեկնելէն վերջ անպատճառ սենեակին տախտակամածը կը սրբէ։

Եւդոկիացի հայ կինը հիւրասէր է բոլոր գաւառացի կիներուն պէս, բայց պէտք է ըսել թէ իր հիւրասիրութիւնը գաւառական հին բարքերու յատուկ այն նահապետական հիւրասիրութիւնը չէ այլեւս որով հայ տուներու դուռները իջեւաններու պէս գիշեր ցորեկ բաց էին օտարներու եւ պանդուխտներու առջեւ որոնց անխտիր ու լիուլի կ’ընծայէին ամէնէն ազնիւ ասպնջականութիւնը։ Հիմա բարքերը փոխուած են եւ հայ կիներն ալ իրաւունք ունին քիչ մը անհատապաշտ դառնալու, ինչ որ հետեւանքն է ձգտումի մը զոր արդի քաղաքակրթութիւնը շեշտած է ուր որ սկսած է մուտ գործել։

Ամչկոտութիւնը Եւդոկիացի հայ կանանց գեղեցիկ ձիրքերէն մին է որ վայելուչ եւ բնական աստիճանով մը ի յայտ կուգայ։ Իրենց վրայ չես կրնար նշմարել անվայել համարձակութեան ոչ մէկ շարժուձեւ զոր կարելի ըլլայ թեթեւաբարոյութիւն համարիլ։ Ո՛չ ալ ծայրայեղ անհամարձակութեան մը ծաղրելի եւ քիչ մըն ալ կեղծուպատիր ձեւերը որոնք յատուկ են շատ մը գաւառներու հայ կանանց։

Իբրեւ մէկ ընդհանուր թերութիւնը մեր ցեղային նկարագրին՝ Եւդոկիացի կինն ալ գրեթէ զուրկ է այն բնական զուարթութենէն որ կինը ա՛յնքան հրապուրիչ եւ կեանքը ա՛յնքան հաճելի կը դարձնէ։ Հետեւաբար ան ընդհանրապէս լուրջ ու ծանրաբարոյ է եւ գրեթէ միշտ յոռետես մը որ իրերուն գէշ կողմերը միայն կերեւակայէ խոշոր համեմատութիւններով։ Կիներ կան որ յոռատեսութիւնը ծայրայեղութեան տարած են եւ անտեղի վտանգներու ենթադրութեամբ ծանր յուզումներու կենթարկուին կամ իրենց բառերով՝ վէսվէսէի կ’իյնան նոյն իսկ ամենաչնչին պարագաներու համար, զորօրինակ՝ երբ իրենց էրիկը կամ զաւակը իրիկունը սովորական ժամէն քիչ մը ուշանայ տուն դառնալու։ Այս լրջութիւը կամ յոռետեսութիւնը անշուշտ առաջ եկած է ժառանգական պատճառներէ։

Նմանապէս Եւդոկիացի կինը շատ երկչոտ է մեծ մասամբ։ Առանձնութեան մէջ կամ գիշերները անբացատրելի շշուկ մը զինք սարսափով կը համակէ. սենեակ մը առանձին պառկելու կը վախնայ եւ քիչ մը հեռու տեղ մը մինակ չկրնար երթալ։ Իր այս երկչոտութիւնն ալ ժառանգական պատճառներէ եւ միջավայրի ու կեանքի պայմաններէ ծագում առած է։

Առտնին ընտանեկան կեանքի յատուկ ամէն առաքինութիւններ կարելի է գտնել Եւդոկիացի կանանց քով իրենց ամէնէն բարձր արտայայտութեանցը մէջ, զոր օրինակ՝ կաթոգին սէր, խանդակաթ գորով հանդէպ ամուսնոյն կամ զաւակաց, իրեններուն համար զոհողութիւններուն ամէնէն ծանրը կրելու պատրաստակամութիւն, կարօտ ազգականներու օգնել եւայն, բայց աւելի լայն այլասիրութեան մը ներշնչած ընկերական մեծ առաքինութիւնները շատ մի՛ փնտռեր իրենց մէջ (մինչդեռ Եւդոկիացի այրերուն քով չեն պակսիր ատոնք ալ)։ Եւդոկիացի կիները, զոր օրինակ, գթասիրտ եւ ողորմած են, բայց շատ անձուկ ըմբռնումով մը, իրենց տան դուռն ափ առնող աղքատին շերտ մը հաց կամ վարձգուք հին հագուստի կտոր մը տալէն գրեթէ անդին չանցնիր իրենց ողորմասիրութիւնը։ Ասոր պատճառը թերեւս այն է թէ Եւդոկիացի կինը ընտանեկան շրջանակի մէջ սահմանափակուած կեանք մը ունենալով՝ անհաղորդ մնացած է արտաքին աւելի ընդարձակ յարաբերութիւններու ծնցուցած ընկերասիրական աւելի լայն զգացումներու։

Ընդհանուր առմամբ Եւդոկիացի կիները եթէ ոչ առաքինի՝ գէթ սրտով բարի կրնան համարուիլ թէեւ զուրկ չըլլան մանր մունր չարութիւններէ։ Իրաւ է որ նախանձոտ են, նոյն իսկ չարասիրտ, բայց կանացի շրջանակի մը մէջ միայն եւ իրենց նախանձն ու չարութիւնը կը դառնայ կանացի ոչնչութիւններու շուրջը։ Սուտ շատ կը խօսին, երդում շատ կ՚ընեն, առատօրէն անէծք կուտան, բայց գրեթէ միշտ իրողութիւններու նոյն աննշան շրջանակին մէջ, եւ երբեք պիտի չուզէին մեծ չարութիւն մը խորհիլ կամ գործել։

Եւդոկիացի կիներն ալ անշուշտ զերծ չեն ինչ ինչ մոլութիւններէ, բայց ոչ մէկ մոլութիւն շեշտեալ հանգամանք մը չունի իրենց վրայ։ Քիչ մը զարդամոլ են, բաղդատմամբ ուրիշ ներքին գաւառներու հայ կիներուն։ Տարիքոտ կիները գրեթէ առհասարակ կը ծխեն. ոգելից ըմպելիներ ալ մէյմէկ քիչ կը գործածեն ինչ ինչ տօնական կամ հանդիսական առիթներու մէջ, բայց ճշմարտապէս արբեցող կիներ չեն։

Կռուազան կիներու տիպարներ չեն պակսիր, բայց ոճրագործ եւ անձնասպան կիներու օրինակներ գրեթէ լսուած կամ տեսնուած չեն։

Եւդոկիացի հայ կնոջ բարոյական նկարագրին ուրիշ ինչ ինչ գիծերն ալ նշանակած ենք արդէն եւ դեռ պիտի նշանակենք ուսումնասիրութեանս նախորդ եւ յաջորդ հատուածներուն մէջ։