Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ. ԿՐՕՆՔ ԵՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔ

Եւդոկիացի հայ կնոջ կրօնքը տարտամ ամբողջութիւն մըն է, բաղկացած հին ու նոր, շատ անգամ զիրար հակասող տարրերէ որոնցմով դժուար է որոշ գաղափար մը կազմել զայն բանաձեւել կարենալու համար։ Անոր հաւատալիքներուն մէջ կը գտնենք կրօնքի է՛ն հին, նախնական ըմբռնումներէն սկսեալ՝ կրած յաջորդական բոլոր փոփոխութիւններուն, փուլերուն (phase) յատուկ տարրերը, զորօրինակ՝ ուշագրաւ հետքեր ոգեպաշտական, բնապաշտական՝ նոյն իսկ ֆեդիշականութեան (Fétichisme) յատուկ հաւատալիքներու, պահպանուած իրենց բովանդակ ուժգնութեամբը։ Ու տարօրինակն այն է որ շատ անգամ այդ հին ըմբռնումներն աւելի հզօր, աւելի կենդանի եւ տիրող են իր մտքին մէջ քան աւելի նորագոյնները, զորօրինակ՝ քրիստոնէական հաւատալիքները որոնցմէ շատերն արդէն հին գաղափարներու ազդեցութեամբ շարափոխուած, հեթանոսական գոյն առած են։ Բայց ասիկա, կրնանք ըսել, միայն Եւդոկիացի կիներու յատուկ միտքի վիճակ մը չէ, այլ բոլոր աշխարհի կիներուն եւ որ կը թուի առաջ եկած ըլլալ կնոջ կազմութեան յատուկ բնախօսական եւ հոգեբանական ինչ ինչ պատճառներէ զոր պիտի ջանանք բացատրել։

Դիտելի է թէ կինը՝ ինչպէս տեղ մըն ալ [1] գրած ենք, ցեղային բարքերու եւ դաստիարակութեան քանի մը տարբերութիւններէ դուրս նոյնն է ամէն երկրի, ամէն դարու մէջ եւ ընկերական զարգացման ամէն աստիճաններուն վրայ։ Կնոջ մէջ նկարագրի զանազանութիւն քիչ կայ, ըլլայ ֆիզիքական, ըլլայ հոգեկան։ Ամէն կիներ քիչ շատ իրերու կը նմանին իրենց նկարագրին գոնէ խոշոր գիծերուն մէջ։ Պայմանադրական, հասարակաց նկարագիր մը խառնուածք մը կայ կնոջ յատուկ հասարակաց յատկութիւններով ու թերութիւններով զոր ամէն կին ալ ժառանգած է անխտիր։ Էրիկ մարդուն վրայ է որ կը գտնես այն նկարագրի խորունկ, հիմնական տարբերութիւնները, ֆիզիքական եւ հոգեկան այն կարկառուն, բարձրաքանդակ, ինքնուրոյն նկարագիրները որոնք իրենց բնորոշ մեծութիւնը կը կազմեն։ Նոր կին ըսուածը որ կնոջ պայմանադրական նկարագրէն կը փորձէ չեղիլ եւ էրիկ մարդուն նմանիլ կը ձգտի heroï-comique կապկութեամբ մը, բուն, ճշմարիտ կինը չէ, վատասերած, հոգէախտաւոր կինն է ան։ Կինը ուրեմն իր բնականոն (normol) վիճակին մէջ ո՛ր երկրի մէջ ալ ըլլայ, յետին կոշտ գեղացուկտոր կնիկէն սկսեալ մինչեւ մեծ քաղաքներու է՛ն նրբացած կինը, միշտ միեւնոյն երկչոտ, ջղային, սիրող, գորովագութ, պչրող, ունայնամիտ, զարդարկոտ, դիւրահաւան եւ սնապաշտ էակն է։

Կենդանաբանական զննութիւններն ապացուցած են թէ կենդանական տեսակներու մեծ մասին քով էգը անվթար կը պահէ տեսակին նախատիպը իր մէջ մինչ արուները կը շեղեն անկէ անհատապէս յաճախ շա՛տ նշանակելի կերպով։ Էգին մէջ կը տիրէ ժառանգականութեան օրէնքը, իսկ արուին մէջ մասնայատուկ կազմաւորութեան օրէնքը։ Մաքս նորտաու ընկերաբան իմաստասէրը կնոջ մասին գրած իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ այս օրէնքը կը պատշաճեցնէ նաեւ մարդկային տեսակին։ «Կինը, կըսէ ան, ընդհանուր օրենքով նախատիպական է, իսկ այրը՝ անհատական. առաջինը միջին դիմագծութիւն մը ունի, իսկ երկրորդը՝ մասնայատուկ…։ Կինը անհունապէս նուազ զանազանուած է քան այրը։ Անիկա անձնականութիւն մը չէ, այլ տեսակ մը։ Ով որ կիներէն մին կը ճանչնայ՝ բոլոր կիներն ալ կը ճանչնայ քիչ բացառութեամբ։ Իր խորհելու եւ զգալու կերպերը, նոյն իսկ իր բնական կազմուածքը նախատիպական են»։

Կնոջ կազմութեան այս նախատիպական, ժառանգամէտ հանգամանքը առաջ եկած է, ըստ իս, կնոջ կեանքի պայմաններէն։ Կինը սկիզբէն իվեր միօրինակ, կայուն, հպատակող եւ չեզոք կեանք մը ունեցած է որ մեծապէս նպաստած է հաստատելու, շեշտելու, մշտնջենաւորելու իր նկարագրին ընդհանուր եւ նախատիպական գիծերը, մինչդեռ կեանքի պայքարին մէջ էրիկ մարդուն գործօն, արկածախնդիր, իշխող եւ անկախ դերը զինքը շեղեցուցած է տեսակին նախատիպարին գիծերէն, ծառայելով անհատական նկարագիրներու կազմաւորութեան։

Ինչ որ ալ ըլլայ այս տարբերութեան պատճառը, ընդունելով ժառանգականութեան օրէնքին գերակայութիւնը իգական գործարանաւորութեան մէջ, կը բացատրուին ո՛չ միայն կնոջ ֆիզիքական եւ հոգեկան հետեւակութիւնը, այլ նաեւ անոր մտքին ու նկարագրին ինչ ինչ մասնահանգամանքները, զորօրինակ՝ անոր ծայրայեղ պահպանողականութիւնը եւ աւանդամոլութիւնը։ Կինը ամէն երկիրներու մէջ, ցեղային բարքերու յամառ աւանդապահն է, ցեղի մը ամենահին քաղաքակրթութիւնը կարելի է վերակազմել անոր կիներուն պահած աւանդութիւններովն եւ սովորութիւններովը։ «Կինը, կ՚աւելցնէ Մաքս Նորտաու իր նոյն ուսումնասիրութեան մէջ, միշտ թշնամի է յառաջդիմութեան եւ ամէնէն ջերմ զօրավիգը՝ հակազդեցութեան ամէն ձեւի տակ եւ ամէն նիւթի մէջ։ Սաստկօրէն յարած կը մնայ անցեալին եւ աւանդութեան, եւ ամէն նոր բան կը բաւէ որ օրինակի համար, նորաձեւութիւն մը չըլլայ ան որ իր հրապոյրներուն ազդեցութիւնը պարտի աւելցնել կը նկատէ իբրեւ անձնական նախատինք մը։ Ստրկօրէն ընելով ինքն ալ ինչ որ տեսած է ուրիշներուն քով, իր իմացականութեան մէջ կրօնքը աւելորդապաշտութեան կը կերպարանափոխէ, արմատական բանաւոր կրթութիւնները՝ արտաքին ձեւերու, իմաստալից գործունէութիւնները սնոտի, անիմաստ ծեքծեքանքներու, եւ ընկերային յարաբերութեանց կանոնները՝ տխմար կարգուձեւի»։

Կը հասկցուի ուրեմն թէ կնոջ կազմութեան մէջ ժառանգականութեան օրէնքին գերակշիռ ազդեցութիւնը ծնցուցած է իր մէջ մտքի որեւ է վիճակ այլամերժօրէն պահելու, պահպանելու, յաւերժացնելու յամառ տրամադրութիւն մը որ բնականաբար տարածուած է նաեւ կնոջ կրօնական հաւատալիքներուն վրայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար կինը դեռ մինչեւ ցայսօր սերտիւ փարած կը մնայ ա՛յնպիսի հաւատալիքներու՝ որոնց սկիզբը նախապատմական դարերու մէջ պէտք է փնտռել, եւ կրօնական որ եւ է նորութիւն կրցած չէ իւրացնել բայց եթէ պատուաստելով զանոնք հին հաւատալիքներու վրայ։

Մենք Եւդոկիացի կնոջ իմացական նկարագրին վրայ խօսելու ատեն ալ գիտել տուինք թէ անոր միտքը կազմուած է գրեթէ բոլորովին ժառանգական տարրերով։ Կրօնքն ալ, Եւդոկիացի կնոջ մէջ կը կազմէ մին այդ ժառանգական տարրերէն։ Ասոր համար է որ ան Եւդոկիացի կնոջ համար պարզապէս նախապաշարումներու, կարգ մը աւանդական ծանօթութիւններու խառնուրդ մըն է ուր գիտակից համոզումը կամ հաւատքը երբե՛ք գոյութիւն չունի։

Հիմա խօսինք այդ կրօնքի բնութեան եւ գլխաւոր մանրամասնութիւններուն վրայ։

Եւդոկիացի կինը կրնայ ջերմեռանդ համարուիլ, բայց ո՛չ երբեք մոլեռանդ։ Միսդիքականութիւնը բնաւ գերակշիռ չէ իր հոգիին մէջ թէեւ մասնաւոր դիբեր կը գտնուին բացառաբար։ Ան աւելի նախապաշարման ուժովը, բնազդական անհրաժեշտութեան մը տակ կը հաւատայ քան միսդիք, հոգեպաշտ մտածումներու մղումով։ Ասկէ զատ, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր հաւատքը, իր պաշտամունքները աւելի աստէնական ակնկալութիւններու շուրջը կը դառնան քան անդէնական ձըգտումներու. օրինակի համար՝ ան կը հաւատայ սուրբերու, ուխտավայրերու եւ անոնց կը դիմէ պարզապէս անոնցմէ սպասելով կամ հիւանութեան մը բուժումը կամ իր որ եւ է փափաքին կատարումը. կամ թէ ան կը հաւատայ ոգիներու եւ կը կատարէ կարգ մը արարողութիւններ, անոնց հաճելի ըլլալու եւ աշխարհի մէջ անոնցմէ գալիք կարծեցեալ չարիքներէն զերծ մնալու համար։ Յայտնի է թէ ասիկա կրօնքի զուտ հեթանոսական ըմբռնում մըն է։

Քրիստոնէական հաւատալիքներու կամ Աւետարանի պատմական մասին վրայ Եւդոկիացի կիներուն ծանօթութիւնները շատ հարեւանցի են։ Կը յիշեմ թէ պարզամիտ մամ մը ունէի որուն անգամ մը, տղայութեանս ատեն ըսած գտնուեցայ թէ Յիսուս հրեայ էր, ես ալ նոյնը սորված ըլլալով դպրոցին մէջ նոր առած Քրիստոնէականի դասէս։ Մամս այս խօսքիս վրայ սարսափելի գայթակղեցաւ, կարելի՞ բան է որ Յիսուս հրեայ ըլլայ, այն չար ազգէն՝ որ զինք խաչեց, ու կը պնդէր թէ Յիսուս հայ քրիստոնեայ էր…։

Եւդոկիացի կինը իր կրօնական պարտականութիւններն անթերի կը կատարէ։ Գրեթէ բոլոր պահքերը կը պահէ. գոնէ Ս. Ծնունդի ու Զատկի տօներուն անպատճառ կը խոստովանի եւ կը հաղորդուի։ Գրեթէ ամէն կիրակի առտու եկեղեցի կերթայ Ս. պատարագի ներկայ գտնուելու։

Կը յարգէ բոլոր Քրիստոնէական սուրբերը, մասնաւորապէս Ս. Լուսաւորիչը, Ս. Սարգիսը, Ս. Գէորգը եւ մանաւանդ Ս. Աստուածամայրը որուն կը դիմէ ամէն առիթներու մէջ։ Ասոնցմէ Ս. Գէորգի տօնին օրը մասնաւոր երկիւղածութեամբ սուրբ կը պահեն յղի կիները, բացարձակապէս զգուշանալով որ եւ է աշխատութենէ։ Հակառակ պարագային կը հաւատան թէ Ս. Գէորգ կը պատժէ զիրենք սաղմին վրայ այլանդակութիւն մը դրոշմելով զոր կանուանեն Ս. Գէորգայ նշան։ Տեղացի թուրք կիներն եւս այս հաւատքն ունին Ս. Գէորգի մասին որուն տօնին օրը անոնք ալ սուրբ կը պահեն էյրիճէ անունով։ Միեւնոյն ատեն Ս. Գէորգ եկեղեցին տեղացի բոլոր ազգաց կիներուն համար հասարակաց ուխտավայր մըն է։ Ստուգիւ քրիստոնէական սուրբերուն մէջ Ս. Գէորգի գրաւած դիրքը բաւական ուշագրաւ է, զի հեթանոսական գոյն մը ունի աւելի՝ քան քրիստոնէական։ Ս. Գէորգ, որուն արագահաս մակդիրը կը տրուի, վտանգի, փորձութեան մէջ եղողներուն օգնութեան հասնող սուրբն է եւ ապահովաբար փոխանորդած է մեր հին կրօնքին չաստուածներէն մէկուն, գուցէ շուտիկին։ Թուրք ժողովրդեան հաւատացած խըզըր կամ խըտըրը իրեն վերագրուած դերով, նոյնն է մեր Ս. Գէորգին հետ։

Յիշուած սուրբերէն Ս. Սարգիսն ալ կոյս աղջիկներուն մուրատատուր սուրբն է եւ ապահովաբար ան ալ առընչութիւն ունի հին հեթանոսական հաւատալիքի մը հետ։ Առաջաւորաց պահքը Ս. Սարգիսի պահք անունով ծանօթ է Եւդոկիացի կիներուն։ Ժամանակին Եւդոկիացի կոյս աղջիկները այդ պահոց վերջին երեք օրերը ծոմ կը պահեն եւ շաբաթ առտու Ս. Հաղորդութիւն կ’առնեն եղեր։ Այդ օրը ձէնտուք կունենան եւ ազգականներ հրաւիրելով հացկերոյթ կուտան եղեր. ազգականներն ալ այդ առթիւ թէօրէ (նուէր) կը բերեն եղեր աղջկան։ Նմանօրինակ սովորութիւններ տերեւս տեղ տեղ կը շարունակուին գաւառներու մէջ բայց Եւդոկիոյ մէջ դադրած են։

Եւդոկիացի կինը սրբոց պատկերներուն մեծ յարգ կընծայէ որոնց առջեւ մոմ կը վառէ ու ջերմեռանդութեամբ կ’աղօթէ, անոնցմէ հիւանդութիւններու, ցաւերու բուժումներ կ’ակնկալէ եւ այդ նպատակով արծաթէ առարկաներ կը նուիրէ պատկերին, զորօրինակ՝ եթէ աչքի հիւանդութիւն ունի՝ արծաթէ աչք մը պատկերին վրայ կը կախէ։ Նմանապէս եթէ իր պզտիկը լեզու ելլելու համար ուխտի տանի սուրբին, արծաթէ լեզու մը, եթէ ոտքի ելլելու համար տանի՝ արծաթէ ոտք մը կը նուիրէ պատկերին։

Մեռելներու յարգանքն ու յիշատակը շատ մեծ տեղ մը բռնէ Եւդոկիացի կնոջ մտքին մէջ։ Անիկա տարին քանի մը անգամ իւր մեռելներուն վրայ կ’երթայ եւ զանոնք օրհնել կուտայ քահանային։

Կիրակի, ու տօնական օրերը սուրբ պահելու նախանձախնդիր է եւ իր աշխատութիւնները կը դադրեցնէ շաբաթ իրիկունէ իսկ որ Կիրամուտք կը կոչուի։

Քրիստոնէական տօներէն զատ՝ ունի իրեն յատուկ մասնաւոր օրեր ալ զոր սուրբ կը պահէ, օրինակի համար Մկնտօնի օրը զոր թուրք կիներն ալ կը պահեն Սըչանճըք անունով։ Այդ օրը եթէ աշխատին՝ իբր թէ մուկերը իրենց հագուստները եւայլն կը կրծեն, կը կտոտեն եղեր։ Ասիկա կենդանապաշտութեան յետամնայութիւն մըն է։ Կայ նաեւ Արտօրէից տօնը զոր միայն կիները կը պահեն։

Տօներէն Տեառնընդառաջը զոր Տէրնտաս կը կոչեն, նոր հարսերու յատուկ տօնական օրն է։ Այդ օրը ժամանակաւ խարոյկ կը վառեն եւ հարսերը խարոյկին շուրջ պարել կամ վրայէն ցատկել կուտան եղեր, բայց հիմայ այդ սովորութիւնները մոռցուած են։ Ապահովաբար աս ալ կրակապաշտութեան յետամնայութիւն մըն է։

Ուխտագնացութիւնները շատ սովորական են Եւդոկիացի կանանց համար, ըլլալով միեւնոյն ատեն իրենց համար պտոյտի եւ զբօսանքի միջոցներ։ Գլխաւոր ուխտավայրեր են քաղաքին մէջ Ս. Գէորգ եւ Ս. Մինաս եկեղեցիները եւ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ Եւդոկիոյ նախկին սրբակրօն առաջնորդներէն մէկուն, Յովակիմ հայր սուրբի գերեզմանը որուն վրայ կ’երթան կարդացուիլ։ Քաղաքէն դուրս կան Ս. Յովակիմ-Աննայի վանքը եւ աւելի հեռուն՝ Ս. Յովնան Ոսկեբերանինը ուր կը գտնուի նոյն նշանաւոր սուրբին թափուր գերեզմանը որ ամէն ազգաց առջեւ մեծ համբաւ կը վայելէ եւ որուն գլուխը կը պատմուի թէ տեղի ունեցած են հրաշալի բժշկութիւններ։ Ասոնցմէ դուրս ալ Եւդոկիացի կինը կը ճանչնայ ու կը յաճախէ մօտակայ եւ հեռակայ դեռ ուրիշ բազմաթիւ ուխտավայրեր, ինչպէս են, օրինակի համար, Ս. Աստուածածնայ բլուրը եւ Ս. Թորոսի ձորն ու աղբիւրը Գրիգորիս գիւղին մէջ, Ս. Եղիայի նուիրական անտառը (որմէ բնաւ փայտ չի կտրուիր) ի Պիսկիւնճիւք գիւղ, Քէմէրի լեռն ու ջուրը, Բօշաղավախի քարայրը, Ս. Վառվառիա կոյս, Ս. Յովհաննէս, Ս. Նշան, Կաթնաղբիւր, Լուսաղբիւր, Պիւլպիւլլիւք որ սեպ քարայր մըն է, Ս. Թռչուն որ ծակ ժայռի կտոր մըն է եւ շատ ուրիշներ որոնց իւրաքանչիւրին ուրոյն ուրոյն բուժիչ յատկութիւններ կը վերագրուին եւ որոնք մեծ մասամբ ունին իրենց յատուկ օրերը։ Բոլոր այս ուխտավայրերը չորս դասակարգի կը բաժնուին ընդհանրապէս. առաջին՝ նուիրական գերեզմաններ, երկրորդ՝ նուիրական քարեր, ժայռեր, քարայրներ, երրորդ՝ նուիրական ծառեր, անտառներ, չորրորդ՝ նուիրական ջուրեր, աղբիւրներ։ Ինչպէս կերեւի՝ քարապաշտութեան, ծառապաշտութեան, ջրապաշտութեան յետամնաց հետքեր կը ներկայացընեն այս կարգի վայրերու ընծայուած հաւատքն ու պաշտամունքը։

Եւդոկիացի կիները կը հաւատան նաեւ երկնային մարմիններու ազդեցութեան որոնցմէ լուսինի մասին մանաւանդ ունին կարգ մը նախապաշարումներ եւ հաւատալիքներ։ Անոնք լուսնի բիծերուն մէջ կը կարծեն տեսնել մարդկային դէմքի նմանութիւնը եւ իրենց պզտիկներուն մատնացոյց կընեն զայն իբրեւ Աստուած պապուկը։ Շատ հաւանական է որ լուսնի մասին այս մանկական յորջորջումը առընչութիւն ունի հին հաւատքի մը հետ, զի մեր նախահարք կը պաշտէին նաեւ լուսինը։ Նոյն իսկ Մեհեան բառին կազմութենէն դատելով [2] կարծողներ կան թէ այդ անունը նախնաբար կը տրուէր լուսնի պաշտաման յատուկ վայրերուն։

Եւդոկիացի կիները կը հաւատան Նազարի, այսինքն նայուածքի չար ազդեցութեան որ թերեւս կրնայ աստիճան մը ընդունելի համարուիլ եթէ հաւատանք Անձնական մագնիսականութիւն (Magnétisme personnei) ըսուած ուժին գոյութեանը եւ անոր վերագրուած դերին զոր այսօր կուզեն հաստատել բազմաթիւ գիտուններ։ Շատ անգամ երբ իրենց պզտիկները որ եւ է տկարութիւն մը կ’ունենան, կը կարծեն թէ Նազարի հանդիպած է եւ զայն ազատելու համար չար աչքին ազդեցութեան հետեւանքներէն՝ կը դիմեն Աղօթող կոչուած մասնաւոր կիներու։ Այս կիները ձեռքերնին հացի դանակ մը առնելով՝ կ’սկսին աղօթքներ մռլտալ, սարսափելի կերպով յօրանջել եւ օզկալ ու միեւնոյն ատեն այդ դանակով հիւանդին գլխուն եւ մարմնոյն շուրջը հպանցիկ շարժումներ կատարել, գրեթէ նման արդի Magnétiseurներուն ի գործ դրած passe կոչուած շօշափումներուն։ Ինծի կը թուի թէ Աղօթող կիներու կողմէ ի գործ դրուած բժշկութեան այս ձեւը առընչութիւն ունի Մագնիսականութեան կամ Քնածութեան (Hypnotisme) հետ որոնք շատ հին դարերէ ի վեր ծանօթ էին, թէեւ Մեսմերի կարծեցեալ գիւտէն վերջը միայն ուշադրութեան եւ գիտական ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած ըլլան։

Եւդոկիացի կինը կարեւորութիւն կընծայէ հմայիչներու եւ կախարդներու որոնց կը դիմէ ի հարկին. կը հաւատայ երազներու նշանակութեան եւ ամէն անգամ որ ուշագրաւ երազ մը տեսնէ՝ կ’աշխատի գտնել երազ մեկնել կամ երազահան նայել գիտցող մը իւր երազին մեկնութիւնը հասկնալու համար։ Ամէն երազի անպատճառ նշանակութիւն մը ընծայել սին հաւատք մըն է լոկ, բայց պէտք չէ ուրանալ թէ այս հաւատքը ունի իր քիչ շատ իրական հիմը, զի կը պատահին ստուգիւ երբեմն նշանակելի մարգարէական կամ հեռազգացական (télépatique) երազներ որոնց հարկ է հաւատալ։

Հրեշտակներու եւ դեւերու հաւատքէն զատ՝ Եւդոկիացի կիները կը հաւատան նաեւ կարգ մը ոգիներու գոյութեան որոնց գլխաւորներն են Ալը որ տղաձգան կիներուն թշնամի ոգին է, Խոխ կամ Խօխոճ զոր պզտիկ տղաքը վախցնելու համար կը կանչեն, Կրող զոր անէծքներու մէջ շատ կը յեղյեղեն առանց անոր բնութեան կամ գոյութեան վրայ որոշ գաղափար մը ունենալու, Քանզմեզ աղէքներ որոնք բարի ոգիներ կը համարուին Պահապան ոգիներ որոնցմէ մէյմէկ հատ կը բնակի իւրաքանչիւր տան մէջ, Պան որ անտառներու կամ ծառերու մէջ բնակող ոգին է եւայլն։ Կան ուրիշ ոգիներ, զորօրինակ՝ Ճին, Բէրի եւայլն որոնք սակայն բուն հայեցի ոգիներ չեն։ Ոգիներու այս հաւատքն ալ ապահովաբար կրօնքի ոգեպաշտական շրջանէն մնացած է եւ պահպանուած մասնաւորաբար կիներու մէջ։

Հոգետածութեան (Metempsycose) գաղափարն ալ անծանօթ չէ Եւդոկիացի կիներուն որոնք կը կարծեն թէ մեռելոց ոգիներկ երբեմն իրենց գերեզմաններէն ելլելով զանազան կենդանիներու կերպարանք կը հագնին եւ գիշերները կը պտտին։

Աւելորդ է ըսել թէ այս յիշուած բոլոր հաւատալիքները միայն եւ միայն կիներուն չէ որ յատուկ են, այլ Եւդոկիացի այրերուն ալ բայց աստիճան մը նուազ չափով, զի կիները միշտ այրերէն աւելի նախապաշարեալ են այն բոլոր պատճառներով զոր կանխաւ բացատրեցինք։

Վերջացնելէ առաջ այս հատուածը՝ գաղափար մը տալու համար Եւդոկիացի կիներուն դեռ ուրիշ կարգ մը մանր մունր հաւատալիքներու եւ նախապաշարումներուն վրայ, դնենք հոս քանի մը օրինակներ։

Եթէ աչքդ պաղի՝ հիւր պիտի գայ.

Եթէ աջ աչքը խաղայ՝ բարօրութեան նշան է, իսկ եթէ ձախը խաղայ՝ դժբախտութեան։

Բուին, շան ոռնալը չարագուշակ կը համարուի։

Պարապ օրրոցը պէտք չէ օրել. եթէ օրրես՝ տղան կը մեռնի։

Ծառի տակ միզելու ատեն «Հայր եւ որդի եւ հոգի սուրբ» ըսելու է որպէսզի պանի չ’ուրթես։

Տղուն վրայէն պէտք չէ անցնիլ. եթէ անցնիս՝ տղան չի մեծնար։

Երբ սաստիկ ամպ գոռայ եւ փայլատակէ՝ երեսնին կը խաչակնքեն։

Գիշերը ձութ ծամողը մեռելի միս ծամած կըլլայ։

Մէկու մը վախցած տեղը լաթով մը կը սրբեն եւ այն լաթը հետ առած վախցողին վրայ աւետարան կարդալ կուտան։

Նոր հարսը պսակէն վերադարձին տան դրան սեմին կոխել չեն տար, այդ միջոցին մտաղ կը մորթեն եւ արիւնը հարսին կոշիկին կը քսեն։

Պսակի վրայ երբոր ուրիշ պսակ մը գայ՝ կոխ կըլլայ. առաջքը առնելու համար հարսին վրայէն կամացուկ մը բան մը կը գողնան կամ փեսային կոշիկը ծակելով թել մը կը կապեն, ի վերջոյ հարսերուն իրարու ձեռք սեղմել կուտան։

Երախային շորը եթէ գիշերը լուսնակի լուսուն կախես՝ երախան լուսնակկոխ կըլլայ։

Եթէ քառսունքի մէջ եղող ծննդաբեր կնոջ մը քով քառսունքի մէջ եղող ուրիշ կին մը գայ, առաջինին երախան կոխծու կըլլայ։

Պզտիկ տղաքը չար աչքէ պահելու համար հագուստին վրան կապոյտ հիլուն կը կարեն։

Աւելորդ կը համարինք երկարել օրինակներու այս շարքը որոնք սակայն վերջին մնացորդներն են նախապաշարումներու, սնապաշտութիւններու այն խիտ ցանցին՝ որով սեղմուած, կաշկանդուած էր խեղճ գաւառացի կնոջ միտքը երկար դարերու ընթացքին մէջ։ Ասոնք ալ ապահովաբար հեթանոսական սին հաւատալիքներու փշրանքներն են եւ սարսափելի բան է այսօր խորհիլ թէ հէք տգէտ ժողովուրդը, մանաւանդ մեր սնապաշտ մամիկները ի՛նչ արգահատելի կեանքով մը ապրած են ստիպուած ըլլալով կատարելու կարգ մը տղայական ու ձանձրալի զգուշութիւններ եւ արարողութիւններ զերծ մնալու համար կարծեցեալ երեւակայական չարիքներէ։

Եւդոկիացի հայ կիներուն մէջ ստոյգ է որ հետզհետէ այս տեսակ նախապաշարումներ իրենց ուժը կորսնցնելու վրայ են ու շատ բաներ՝ որ ուրիշ գաւառներու մէջ դեռ կենդանի են, շատոնց մոռցուած են հոն։ Այս կարգի նախապաշարումներու, հաւատալիքներու վարկաբեկութիւնը, մոռացումը անշուշտ ցաւ չէ որ պիտի պատճառէ մեզի, քանզի անոնք կնոջ մտաւոր զարթնումը, զարգացումը ուշացնող, կասեցնող վնասակար տարրեր են եւ այսօր ազգագրական ուսումնասիրութեանց տեսակէտով միայն կրնան կարեւորութիւն ունենալ։ Կայ սակայն պարագայ մը որ ճշմարտապէս ցաւալի է. այն է թէ՝ հինը, աւանդականը մոռացութեան տալու, լքելու, արհամարհելու այս ձգտումին մէջ որ հետզհետէ ամէն կողմ տիրող դառնալ սկսած է նոր բարքերու եւ գաղափարներու ազդեցութեան տակ, մեր հին բնիկ քաղաքակրթութեան եւ բարքերուն յոռի ու վնասակար տարրերուն հետ՝ նորասիրութեան, օտարասիրութեան սխալ ըմբռնումով մը մէկդի նետելու վրայ ենք նաեւ անոր լաւագոյն, գնահատելի տարրերն ալ, զանոնք փոխանակելով շատ անգամ օտար եւ մեր կեանքին ու ըմբռնումներուն անհամապատասխան վնասաբեր սովորութիւններու եւ բարքերու հետ։

ՎԵՐՋ



[1]            Տե՛ս Մասիս 1901, թիւ 8 էջ 119։

[2]            Յայտնի է թէ Մահ պարսկերէն կը նշանակէ լուսին որմէ հայերենի մէջ ունինք Մահեկ։ Միեւնոյն արմատը կը կարծեն տեսնել ոմանք Մեհեան բառին եւ մեր հին Մեհեկի կամ Մեհեկան ամսանունին մէջ։