Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԵՐԱՆՈՒՆՆԵՐ. –

Գործածական դերանուններու ձեւերն են ես, դուն, անի, ինք. իմս, քուկդ, իրը, մերը, ձերը, իրենցը. – իրար, մէկմէկ. – ասի, ադի, անի, սըւի, տըւի, նըւի. – որ, ամէն, ուրիշ, մէկ, մէկալ, ամէն–մէկ, ինչ եւն։ Ասոնց հոլովումերն են։ – Ես իմ, ընծի, զիս, ընծիմէն, ընծիմով. մենք, մեր, մեզի, մեզ, մեզիմէնյ, մեզիմով։ – Դուն, քու, քեզի, քեզ, քեզիմէն, քեզիմով. դուք, ձեր ձեզի ձեզ, ձեզիմէն, ձեզիմով։ – Անի, անոր, անկէ կամ անորմէ, անով կամ անորմով. անոնք, անոնց, անոնցմէ, անոնցմով։ – Ինք, իր իրեն, զինք, իրմէ, իրմով. իրենք, իրենց, իրենցմէ, իրենցմով։ – Իմս, իմուս, իմէս, իմովս. իմերս, իմրուս, իմերէս իմերովս։ – Քուկդ, քուկիդ, քուկէդ, քուկովդ. քուկերդ, քուկերուդ, քուկերէդ, քուկերովդ։ – Իրը, իրենին, իրենէն, իրենով. իրենները, իրեններուն, իրեններէն, իրեններով։ – Մերը, մերինին, մերինէն, մերինով։ – Իրենցը, իրենցինին, իրենցինէն, իրենցինով (յոգնակին անգործածելի)։ – Իրար, իրարու, զիրար, իրարմէ, իրարմով։ – Մէկզմէկ, մէկզմէկու, մէկզմէկէ, մէկզմէկով։ – Որ, որու, որումէն (միւս հոլովներն անգործածելի)։ – Ամէն, ամէնուն, ամէնէն, ամէնով։ – Մէկ, մէկու, մէկէ, մէկով։ – Մէկալը, մէկալին, մէկալէն, մէկալով։ – Ինչ, ինչու, ինչէն, ինչով։ Ասի, ադի, անի, սըւի, դըւի, նըւի, կը հոլովուին, անիին պէս ասոր, ադոր, սըւոր, դըւոր, նըւր, սըսոնք, սըսնց եւն։ Մեր, ձեր, մէկալ յոգնակի կ’ըլլան մերոնք (=մերիններ), ձերոնք, մէկալոնք, եւ կը հոլովուին ասոն. ին պէս մէրոնց, ձերոնց, մէկալոնց եւն։

Դերանուան ուրիշ ձեւն մըն է անտու որ համարի հետ միայն կը գործածուի, զ. օր. փորս կուշտ էր, անտու (= անոր) համար չի կերայ։

Սի, դի, նի ցուցական ածական են սա, դա, նա, նշանակութեամբ, զ. օր. սի տունը, դի մարդը, նի ժամը եւն։