Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հ.

ՀԱԼԱՒ. Հարսանեկան զգեստ։

Հալւոր [1]. Չափազանց ալեւոր։

ՀԱԼՕՂԻ (թերեւս թրք. ալ-էն) Վարդագոյն, բաց կարմիր։

ՀԱՄԲԱՅ. Համախոհ։

ՀԱՆԳ. Ժանտախտին պալարը։

ՀԱՆԴԷՊՔ. Մտացածին ոգիներու կամ մեռելներու «հովուն» հանդիպիլ, որուն իբր թէ ենթարկուողն անբացատրելի հիւծում մը, նիհարութիւն մը կʼունենայ։ Շատ մը այս կարգի տկարութիւններու ժողովուրդը չկարենալով ո՛ր եւ է մեկնութիւն կամ հիւանդութեան մը անունը տալ, «հանդէպքի ուրթեր է» ըսելով մէջէն կʼելլէ։ Ուստի հիւանդին վրայ կարդալ կամ կախարդներու դիմելով այլ եւ այլ արարողութիւններ կատարել կուտան, որպէս ի հիւանդը հանդէպքէն ազատելով բժշկուի։

ՀԱՏԻԿ. Խաշուած ցորեն որուն ծեծուած ընկոյզ, չամիչ եւն խառնելով կʼուտեն։

ՀԱՐԲԻԼ. Չափազանց արբենալ։

ՀԱՐԵԼ. 1. Կաթը խնոցիի մէջ դնելով երերցնել որպէս զի կարագը զատուի. 2. Չորթանը կամ թանձր մածունը ջուր մէջ խառնելով լուծել, եւ այլ նմանօրինակ գործողութիւն։

ՀԱՐԿ, ՀԱՐԿԻՆՔ. Հրաւիրանք, հացկերոյթ, խնջոյք։

ՀԱՐՍՆԱՂԲԱՐ. Հարսին հետ փեսին տունը գնացող երիտասարդը (որ հարսին բուն եղբայրը կʼըլլայ՝ եթէ ունի, ապա թէ ոչ՝ ամէնէն մօտաւոր ազգականը)։

ՀԱՐՍՆԿՈՒԼ. Մսացուին ոսկորներուն մէկ մասնաւոր կտորը որ հերիսայի (քէշկէկ) մէջ կը դրուի։ Կը պատմուի թէ անգամ մը նոր հարս գտնուած տան մը մէջ երբոր տան բոլոր մարդիկը սեղան նստած հերիսայ կʼուտէին, այս ոսկորը մէկէն նոր հարսին բերանը կու գայ, եւ հարսն ամչնալով բերնէն դուրս հանել զայն, կը փորձէ կուլ տալ, եւ ոսկորը կոկորդը մնալով կը խեղդուի կը մեռնի։ Ասկէ այս ոսկորին անունը մնացած է «հարսնկուլ»։

ՀԱՐՍՆՈՒԿ. Աշկերտի մը վարպետին կինը։ Աշկերտ մը իր վարպետին կնոջը «հարսնուկ» կʼըսէ։

ՀԱՐՍՆՔՈՒՐ. Հարսանեաց ատեն ըստ սովորութեան անբաժան կերպով հարսին ընկերակցող դեռատի օրիորդը։

ՀԱՑԷԲՈՒՐԴ (հաց-բուրդ). Բրդուած, այսինքն մանրուած հացով եւ իւղով պատրաստուած կերակուր։

ՀԱՒԵՐԵՍ. Հաւու պէս չքաշւող, չամչցող։

ՀԱՒԿՈՒՐ (հաւ-կոյր). Տեսակ մը կուրութիւն՝ որուն ենթակայ եղողին աչքը չի տեսներ արեւը մարը մտնելէ յետոյ։ Այս տեսակ կուրութիւնը հաւերուն սովորական է։

ՀԱՒՈՒ-ԿԱԹ. Բան մը զոր աշխարհի մէջ գտնել անկարելի է. զ. օր. կըսուի «հարկ մը տուաւ քի ամմէն չէշիտ կերակուրը լման էր, մինակ հաւուկաթն էր պակաս…» եւն։

ՀԱՒՈՒԿՏԻԿ. Տեսակ մը բոյս որ գարնան իբր բանջար կ, ուտուի։

ՀԱՒՏՕՆ. Դեկտեմբերի վերջերը Ս. Ստեփանոսի տօնին օրը յորում դպրոցի դասերը կը դադրին եւ աշակերտք՝ վարժապետներուն նուէրներ կը տանին. վարժապետն ալ աշակերտներուն խնջոյք կու տայ, եւ այդ օրը տղոց սանձարձակ թոյլտուութուն կʼըլլայ ամէն խաղ եւ խնդութիւն գործելու։ Այս օրուան «հաւ տօն» ըսուիլն անշուշտ՝ նման «մկնտօն»ի, իր անուան համապատասխան նշանակութիւն մը ունի, բայց այժմ գիտցող չկայ։

ՀԱՒՔԱՇ. Հաւուն երկճիւղ մէկ ոսկորը որ գրաւադրութեան (եատես) կը գործածուի։ Երկու գրաւադիրներն այդ ոսկորին երկու ծայրերէն քաշելով մէջտեղէն կը կոտրեն, եւ յետոյ՝ ան որ առաջին անգամ միւսին ձեռքը բան մը կու տայ եւ անիկա կը մոռնայ «միտքս է» ըսելու, զանիկա խաբած եւ գրաւը շահած կʼըլլայ։

ՀԱՓ. (մանկ. բառ) Ուտել։

ՀԻՆԱՅՏՈՒՔ. Հարս ըլլալիք աղջկան ձեռքերուն հինայ դնելու սովորութիւնը, որ ի ներկայութեան ազգականներու տեղի կʼունենայ հարսանեաց նախընթաց իրիկունը։

ՀՆՀՆԱԼ. Հոգ ընել։

ՀՈԳԵԴԱՐՁ. Երկարաձգում ոգեվարքի տագնապներու։ Կը կարծուի՝ թէ երբ մահամերձ հիւանդի մը հոգեվարքի վերջին ճգնաժամու միջոցին աղմուկ հանուի՝ հիւանդը հոգեդարձ կʼըլլայ, այսինքն փոխանակ շուտ մը մեռնելու՝ ժամանակ մը եւս կը չարչարուի ճգնաժամային տագնապներու մէջ։ Անոր համար մեծ զգուշութիւն կʼընեն՝ որ մահամերձ հիւանդին քով աղմուկ չհանուի։

ՀՈԳԻԱՌ. Հոգի առնող։ Այնպէս կը հաւատայ ժողովուրդը թէ Գաբրիէլ հրեշտակապետն է որ մարդոց հոգիները կʼառնէ մահուան ատեն. անոր համար այդ հրեշտակապետին «հոգիառ» անունը կը տրուի։

ՀՈՂԵԼ. 1. Հողով ծածկել. 2. Պարտկել. թաքուցանել։

ՀՈՂԼԱԹ կամ ՀՈՂԿԱԼ. Այն մասնաւոր լաթն՝ ուր կը դնեն երախաներուն շռհողը, որուն վրայ կը պառկի երախան օրօրոցին մէջ։

ՀՈՎՈՏԻԼ. Փուք արձակել։

ՀՈՏՈՒԸՏԱԼ. Հոտոտիլ։

ՀՈՐԵԼ. Հորի մէջ ծածկել (այգի տնկել ուզողները՝ աշնան որթատունկերուն յարմար ճիւղերը միաչափ կը կտրեն եւ խուրձ խուրձ կապելով՝ կը զետեղեն մասնաւորապէս փորուած տեղերու մէջ եւ վրան կը ծածկեն, ուր այդ ճիւղերը կը մնան մինչեւ գարուն եւ ծիլեր արձակելով՝ տնկուելու յարմար վիճակ մը կը ստանան։ Այս գործողութեան կʼըսուի «հորել» թրք. գույուլամաք)։

ՀՈՐՀՈՏ. Այն մասնաւոր հոտը կամ համը որ թաց դպած ցորենը կամ ալիւրը կʼունենայ։ Կʼերեւի թէ ժամանակաւ ընդհանրապէս հորի մէջ կը պահէին ցորենը, ինչպէս որ ցարդ կʼընեն ուրշ գաւառներու մէջ, եւ ասկէ մնացած է այս բառը «հոր հոտ» (այսինքն հորի հոտ)։

ՀՈՒՆ (ելլել). Մէկու մը հետ չափ ելլել. տե՛ս նաեւ Հունաւորիլ։

ՀՈՒՆԱՒՈՐԻԼ. (հուն-աւոր-իլ) Մէկու մը հետ չափ ելլել, մաքառիլ. թրք. պաշա չըգմաք։

ՀՈՒՐՔ. Կրակին արձակած առաջին սաստիկ ջերմութիւնը։

ՀՌԵԼ. 1. Մանրակրկիտ փնտռել։ 2. Ցորենի, լուբիաի, ոսպի, կամ այլ ընդեղէններու մէջէն օտար նիւթերը զատել։ Այս գործողութեան կʼըսուի «հռուք»։

ՀՐՈՒՔ. (հար-ուք) Հատուած չորթանին կամ գործածուած օճառին վերջին մնացորդը։

ՀՕՓ, ՀՕՓՓԱՅ (մանկ. բառ) Ոտք ելլել, գիրկ ելլել, պտտիլ։

Ձ.

ՁԱԳ. Թռչուն։

ՁԱԳԵՎԱՐ. Թռչուններու լեզուն։

ՁԱՆՈՏԻԼ. Ձայն տալ։

ՁԳՆԻԼ. (ձագ-նիլ) Ձագ ծնանիլ. թրք. եավրուլամաք։

ՁԵՌՀԱՏ (մնալ). Իր ձեռքին մէկ կարեւոր գործիքը կորսնցնել, որով չի կարենալ գործել։

ՁԵՌՆԵԼ. (ձեռն-ել) Ձեռք դպցնել, ձեռքով խառնել. թրք. ելլեմէք։

ՁԷԹՈՒԿ. Տեսակ մը խոշոր ճանճ։

ՁԷՆԵԼ (ձայն-ել) Հրաւիրել։

ՁԷՆՏՈՒՔ. Հրաւիրանք։

ՁԻԳՈՒԿ. Պիրկ, սեղմ. կոկիկ. (ընդհանրապէս քիփուկ բառին հետ մէկտեղ կը գործածուի. քիփուկ-ձիգուկ)։

ՁՄՌՆԱԿ. (ձմեռն-ակ) Ձմեռը՝ ցուրտէն ոտքին ուռիլը եւ եռքը։

Ղ.

ՂԱՇ. Եզերք (տանիքի)։

ՂԺԼՏՈՒ. Հեռաւոր աղմուկի, իրարանցումի խուլ ձայն։

ՂՄՂՄԱԼ. Փափաքիլ բանի մը՝ առանց յաջողելու։

ՂՌՂՌԱԼ. 1. Ղըռ ղըռ ձայն հանել. 2. Մտերմօրէն խօսակցիլ։

ՂՕՎ. Գանգատ, քամահրանք, մէկու մը նկատմամբ սուտ իրաւ խօսք։

Ճ.

ՃԱԹՒՈՐԻԼ. «Ուտել»ին անարգականը (ինչպէս «սատկիլ»ը «մեռնիլ»ին անարգական ձեւն է)։

ՃԱԿՏՒՈՐԻԼ (ճակատ-ւոր-իլ). Ճակատը տնկած կենալ. չքաշուիլ, չամչնալը (կանանց)։

ՃԱՆԿԱՌՏ (որմէ՝ ճանկռտել). –Մագիլ. եղունգ։

ՃԱՆՃՈՏԻԼ. 1. Կենդանիներուն ճանճերէն նեղուիլը. 2. Զայրանալ, գրգռուիլ։

ՃԱՇ. Զատկի օրերուն համար տուներու մէջ պատրաստուած մասնաւոր իւղաբլիթ։

ՃԱՐԻ. Ժիր, գործունեայ (հականիշն՝ անճարակին)։

ՃԱՐՒՈՐԻԼ. Ճար-ճարակ ընել։

ՃԳՏԱԼ. Չափազանց նեղը մնալ։

ՃԵՆՃ. Մսի, արեան կամ իւղի մնացորդ։

ՃԵՆՃՈՏԻԼ. Ճենճով թաթախուիլ։

ՃԵՐՄԿՈՏԻԼ. Դոյզն ինչ ճերմկիլ։

ՃԵՐՄԿՈՒՑՔ. Ճերմակ մասը (հաւկիթին, աչքին եւն)։

ՃԶԱԼ կամ ՃԶՃԶԱԼ. Ճըզ ճըզ ձայն հանել։

ՃԶՂԻԼ. Յարատեւ լալ, թզկալը (երախային, տկարութեան կամ անհանգստութեան հետեւանօք)։

ՃԷՆԷՄԻՒՐ ԵԼԼԵԼ. Արկածի մը կամ կսկիծի մը հետեւանօք մեռնիլ։

ՃԸՍ (մանկ. բառ). Կրակ, ճրագ. այրել։

ՃԸՒԱԼ, ՃԸՒՃԸՒԱԼ. Աղիողորմ ձայներ հանել։

ՃԹԱԼ (ճութ-ել). 1. Ճութ փրցնել (խաղողին ողկոյզէն). 2. Աչքը խփխփելով նայիլ։

ՃԹՃԹԱԼ. Ճըթ ճըթ ձայն հանել, ճռւողել (թռչնոյօ։

ՃԻՃԻ. Մանրաճճի որ ակռան կրծելով կը սեւցընէ ու կը հիւանդացընէ։ Այս կերպով հիւանդացած ակռաներու համար կʼըսեն թէ «ճիճին կերեր է…»։ (Հիւանդութեանց մէջ միկրոբներու գոյութեան գաղափարն՝ ինչպէս կʼերեւի՝ նոր չէ, եւ հայ ժողովրդեան մէջ կարելի է գտնել անոր առաջին նշոյլները դարերէ ի վեր)։

ՃԼԷԶ. Խիստ տկար, բարակ, ծիւրեալ (մարդ, ծառ, տունկ եւն)։

ՃԼԸԼԿԵԼ. Աղաղակ բառնալ, ճչել (կանանց)

ՃԼԸԼԿՈՑ. Աղաղակ, ճիչ (կանանց)։

ՃԼՃԼԱԼ. Առկայծիլ, հազիւ վառիլ (ճրագի)։

ՃԼՊՈՒՐ. Հաւկիթով, սոխով, հացով եւ իւղով եփուած տեսակ մը կերակուր։

ՃԼՎԼԱԼ. Ճռւողել։

ՃԽՃԽԱՆՔ. Ճախճախուտ։

ՃԿՏՈՒ. Ամենափոքր բողոքի, ընդդիմութեան ձայն. օր. կʼըսուի «անդար ծեծը կերաւ տէ մէկ ճկտուն չելաւ…» եւն։

ՃՂԱՆ. Շաղակրատ, անկիրթ, տե՛ս նաեւ Չլթիկ։

ՃՂԵԼ կամ ՃՂՃՂԵԼ (ճիւղ-ել). 1. Փայտ մը շեղշեղ կոտրտել, ծառի մը ճիւղերը կտրտել։ 2. Քաշքշել, խծբծել (խօսքը), երկարաբանել։

ՃՄՈՒՌ. Ճմռուած, մանրուած (հաց եւն)։

ՃՄՊԼՏԱԼ. Լիառատ ջուրի մէջ լոգանալ։

ՃՄՊՈՒ. Տե՛ս Ճութ (ընդհանրապէս երկուքը միասին կը գործածուին՝ ճութ-ճմպու)։

ՃՄՌԵԼ կամ ՃՄՌՏԿԵԼ (ճմուռ-ել). Ճմուռ ճմուռ ընել։

ՃՆԿԼՏԱԼ. Ճընկ, ճընկ ձայն հանել, հնչել (զանգակի եւն)։

ՃՆՈՐԵԼ. Ճզմել, տրորել։

ՃՆՉԵԼ. Ճչել։

ՃՆՏԽԵԼ. Չկարենալ մաքրել, աղտեղել։

ՃՇԽԵԼ. Ջախջախել։

ՃՈՒԹ. Խաղողի ողկուզէն փրցուած մաս։

ՃՈՒՐՔ. Հագուստի եզերքի բանուածք։

ՃՊԼԻԼ. Մեռնիլ, սատկիլ։

ՃՊՏԱԼ. Քունը գլուխը՝ ապուշ վիճակի մէջ գտնուիլ։

ՃՊՌՈՏ. Ջրոտ, բժալից (աչք)։

ՃՎՌՏԱԼ. Աղաչական ճիչեր հանել, աղաչելով խօսիլ։

ՃՕԶՐԻԿ. Բարակ, տկարակազմ. տե՛ս նաեւ Ճլէզ։

ՃՕՂԼԻԿ կամ ՃՕՂՃՂԻԼ. 1. Առաձգաբար երկննալ, տարածուիլը (կերպասի, կաշիի եւն). 2. Նազանքի ձեւեր ընել, կոտրտուիլը (կանանց)։

ՃՕՐ-ՃՕՐ ՃԱՐ-ՃԱՐ (մանկ. բառ). Այս ու այն կողմ տարուբերելով եղած խաղ։

ՃՕՐՃՕՐԱԼ. Այս ու այն կողմ տատանիլ, երերալ։



[1]            Այս հ տառը շատ անգամ բառի մը սկիզբը կʼաւելնայ. օր. հալւոր (ալեւոր), հարբիլ (արբենալ), հապա (ապա), հագնիլ (ագանիլ) եւն։ Մի եւ նոյն երեւոյթը՝ ինչպէս յայտնի է, գրաբարի մէջ աւելի յաճախադէպ է. օր. հ- ամբառնամ (ամբառնալ), հ- ետք (ետք), հ- մուտ (մուտ), հ- ոգի (ոգի), հ- զօր, հ- ուժկու, հ- սկայ եւն եւն։