ՆԱԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
–
Ի,
զ.
նախդիրները
բոլորովին
զեղչուած
եւ
գործածութնէ
ինկած
են.
զ
կ’երեւի
միայն
զիս,
զինք,
ինքզինք,
զիրզր,
իրենքզիրենք,
մէկզմէկ
ձեւերուն
մէջ։
Ի
նախդրին
հետքերը
կ’երեւին
իլլիք
(=
ի
լիք,
լի),
իժիր,
մուրս
ի
վրան,
մուրս
ի
քլնին,
լեռն
ի
վեր
եւ
ուրիշ
ասանկ
քանի
մը
ասացուածներու
մէջ։
Միւս
նախադրութիւնները
միշտ
յետադաս
կը
գործածուին
բաց
ի
առանց,
զէդ
(=
զերդ),
քանծ
(=
քան
զ…),
մինչի
նախադրութիւնները,
զ.
օր.
առանց
հացի
ուտել,
զէդ
մարդ
ապրի,
սի
տունը
քանծ
մէկալը
մենծ
է,
մինչի
լուս
արթուն
կեցայ
եւն։