Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

ԴԱՏԻԿ-ՄԱՐՏԻԿ. – Մտերմօրէն. (կʼըսուի «իրարու հետ դատիկ-մարտիկ խօսիլ, տեսնուիլ…» եւն)։

ԴԱՏՈՒԿ. – Աշխատասէր (ընդհանրապէս բանուկ բառին հետ գործածուելով՝ կʼըսուի «բանուկ-դատուկ»)։

ԴԱՐՏԿՈՒԻԼ (դատարկ-ուիլ). – Ունեցածը կորսնցնել, բոլորովին աղքատանալ, չքաւորնալ։

ԴՆԴԽՏԻԼ (դանդաղ-ոտ-իլ). – Դանդաղանալ, ապուշնալ. թրք. սէրսէմլէնմէք։

ԴՈՃԿԻԼ. – Բիլավին կամ ապուրին կրակին վրայ շատ մնալով՝ հատիկներուն չափազանց ուռիլը, որով անախորժ կʼըլլայ։

ԴՐՈՇՄԵԼ. – Զարնել, ծեծել։

Ե.

ԵՂԼԻ. – Իւղալի։

ԵՏՆՏՐՈՒԿ. – Բանի մը ամէնէն ետքի մնացած անարժէք մասը։

ԵՐԱՄ. – 1. Գերեզմաննոցներու մէջ գերդաստանի մը գերեզմաններուն սահմանուած տեղը։ 2. Այդ գերեզմաններուն շարքը։

ԵՐԵՍՏԵՍ. – 1. Նշանուած աղջկան կամ հարսի մը առաջին անգամ երեսը տեսնելը. 2. Այդ առթիւ փեսային կամ անոր ազգականներուն կողմէն հարսին տրուելիք սովորական նուէրը։

ԵՐԿԻՐ. – Ազգական կամ արենակից չեղող անծանօթ, օտար (մէկը)։

ԵՐՆԵԼ. – 1. Հովի միջոցաւ ցորենը յարդէն զատել. թրք. սավուրմագ։ 2. Բան մը տակնուվրայ ընել։

ԵՐՐՏԿԱԼ. – Խիստ կամաց եւ տկար շարժիլ, երերալ։

ԵՓ. – Կերակուրին եռալով փրփրիլ, յորդիլը։

ԵՓ-ԹԱՓ. – Կերակուր եփելու գործողութիւնը։

ԵՓՃԵԼ. – Եփ ելած, այսինքն եռալով, փրփրալով յորդող ապուրը, ռուփը, իւղը եւն. շերեփով առնել, առնել ու նորէն լեցնել, որպէս զի եփը հանդարտի ու դուրս չյորդէ։

ԵՓՕՆ. – Խաղողով այլեւայլ անուշեղէններ (ռուփ, քէսմէ, թարխանա, փէրվէր, ռէչէլ եւն) եփելու գործը։

ԵՕԹՆԱՂԲԱՐ. – Մերծ արջ համաստեղութիւնը, որուն այս անունը տրուած է՝ եօթը մեծ աստղերէ բաղկանալուն համար։

Զ.

ԶԱՀՆՏԻԼ. – Սաստիկ վախնալ. զարհուրիլ։

ԶՄՌԻԼ. – Չեփած մսին փակուած ամանի կամ պահարանի մէջ դրուելով՝ նեխուիլ եւ հոտիլը։

ԶՄՈԽ. – Սաստիկ թթու։

ԶՌԱԼ. – Եփը պակաս որ եւ է անուշեղէնի (ռուփ եւն)՝ խմորիլը, անախորժ համ մը ստանալը. քաղցուին խմորիլը որով գինին կը դառնայ։

ԶՐԱԲԱԽՏ (զուր բախտ). – Դժբախտ։

Է.

ԷՐԺԿՏԱԼ (հաւանականաբար «յօրանջ-կոտ-ալ» ձեւին աղաւաղեալը). – Յօրանջել։

Թ.

ԹԱԹԱԽ. – 1. Կերակրով աղտեղուած (աման). 2. Արգանակի թաթխուած (հաց).

ԹԱՂՄԱՆ. – Տուներու մէջ գետինը թաղուած ահագին կարաս ուր խաղո կը լեցնեն, ի վերջոյ օղի հանելու համար։

ԹԱՑՄԱՆԱԼ. – Չոր ուտելիքի մը՝ խոնաւութեան ազդեցութեան տակ ջրոտիլը։

ԹԵՐ. – Խիստ բարակ բացուած խմորի թերթ։

ԹԵՒԱՒՈՐԻԼ. – 1. Թեւ առնել. թրք. գանատլանմագ. 2. Սիրտը եփ ելլել, յուզուիլ։

ԹԵՒԸՆԿԵՐ. – Օգնական։

ԹԵԼԹԼԻԼ. – Լաթի մը չափազանց մաշելով՝ շեղ շեղ պատռտիլ, թել թել ըլլալը։

ԹԵՊՈՒՐ. – Փետուր։

ԹԵՐԵՐԵՍ. (թեր-այրեաց). – Կիսովին վառուած փայտ. թրք. էքսի։

ԹԵՐԽԱՇ կամ ԹԵՐԽՇՈՒԿ (թերի-խաշ-ուկ). – կէս եփած (հաւկիթ)։

ԹԶԿԱԼ. – Քթին տակէն լալը (տղու մը)։

ԹԷԹԿԵԼ (թաթ-իկ-ել). – Սաստիկ յանդիմանել, իբր թէ ձեռօք զարնել։

ԹԽՆԱԾ. – Գէր։

ԹԽՐՏԱԼ. – Տախտակամածի վրայ քալելու ատեն ելած ձայնը։

ԹՄԹՌԿԻԼ. – Խորշոմիլ։

ԹՆՃՈՒՔ. – Սանտրուելու ատեն սանտրին հետ վար եկած պռճքուած մազը։

ԹՇԵԼ. – Թուշը լեցուն ուտել։

ԹՌՈՒԸՌԱԼ. – Չափազանց փափաքիլ։

ԹՍԱԼ կամ ԹՍԹՍԱԼ. – Թըս թըս ձայն հանել։

Ժ.

ԺԱԽ – ԺՐԱԽ. – Անպէտ կահ-կարասիք։

ԺԱՄԲԱԿ. –Եկեղեցւոյ գաւիթ։

ԺԱՄՒՈՐ. – Ժամերգութեան ներկայ եղող ժողովուրդ։

ԺՄՆԵԼ (ժամանկել). – Հազիւ հասնիլ, ժամանել։

ԺՈՒՄ. – 1. Պահ. 2. Անգամ. թրք. էօյիւն. օր. կʼըսուի «օրը էրեք ժում հաց կʼուտէ…»։

ԺՐԺՐԱԼ (ժիր-ժիր-ալ). – Հիւանդութենէ ետքը կամաց կամաց ուժաւորիլ։

Ի.

ԻԺԻՐ. – Ժամանակ. օր. կʼըսուի «ամմէն իժիր…»

ԻԼԼԻՔ. – Լեփ-լեցուն։

ԻՍՏԻԿԵԼ (յստակ-ել). – Մաքրել։

ԻՋՈՒԱԾՔ. – Շատ մը հիւանդութեանց այս անունը կու տայ ժողովուրդը. թրք. էնմէ։

ԻՔ (իրք). – Խօսակցութեան ատեն երբ ո՛ր եւ է բանի մը անունը մէկէն մարդուն միտքը չի գար՝ անոր տեղ այս բառը կը գործածուի։

Լ.

ԼԱՉԱԿ. – Լաթ զոր կանայք իրենց գլուխը կʼառնեն։

ԼԱՒԱՇ. – Խիստ բարակ բացուած եւ երկաթ թիթեղիլ (սաճ) վրայ եփուած տեսակ մը հաց։

ԼԱՒԼԱԿ. – Խիստ շատ լացող, լալկան (տղայ)։

ԼԷՀՏԻԼ. – Չափազանց յոգնելով բոլորովին ուժաթափ մնալ։

ԼԻՑՔ. –Լեցուան գետին։

ԼԽԿԻԼ. – Թուլնալ, ուժասպառիլ։

ԼԿԵԼ (գրբր. լակել). – Շան կամ կատոի լեզուով ջուր խմել կամ հեղուկ կերակուր մʼուտելը։

ԼԿԻԼ [1]. – Գաղջանալ, տաքնալ. թրք. ըլըմաք։

ԼԿՏՈՒԻԼ (լկտի-ուիլ). – լկտի եւ անբարոյական արարքներու մէջ գտնուիլ։

ԼՂՊՈՐԻԼ. – Մարմնոյ մը թացութեան մէջ կակղանալ, հալիլ, կազմալուծուիլը։

ԼՂՐՃԵԼ. – Համբակօրէն աղտեղել։

ԼՆԴԻԼ. – Արգանակին պաղելով մածնուլ, թանձրանալը։

ԼՆԿԼՆԿԱԼ. – Դանդաղ շարժիլ, յամենալ։

ԼՇԿԻԼ. – Թուլնալ, ուժասպառիլ։

ԼՈՂ կամ ԼՈՂՔԱՐ. – Գլանաձեւ մեծ քար զոր հողէ երդիկներու վրայ կը պտտցընեն որպէս զի հողն ամրանայ. այս գործողութիւնը կʼըսուի «լողել»։

ԼՈՂԻՉ. – Գլանաձեւ փայտ որով խմոր կը բանան։

ԼՈՄԼՈՄԵԼ. – Կերակուրը բերնին մէջ դարձնելով ուտել, ինչպէս կʼընեն ակռան թափաց անձեր։

ԼՈՇԼՈՇԻԼ. – Ծերերու դէմքի մսաններուն չափազանց թուլանալով կախկխուիլը։

ԼՈՒԱՑՈՂԱԿ. – Մասնաւոր լաթ որով թաթախ ամանները շփելով կը լուան։

ԼՓՌՏԱԼ. – Անհասկանալի կերպով արագ արագ խօսիլ։



[1]            Այս բառը լկիլ, ինչպէս անոր նախորդ բառը լկել. հաւանական է՝ որ իրենց հոմանիշ թրքերէն « է սլամաք » եւ « ըլըմաք » բառերուն հայացած ձեւերն են։