Վ.
ՎԱԼԻՉԿՈՒՆ.
–
Մէկու
մը
դէմքին,
հասակին
վայլելիք
(հագուստ
եւն):
ՎԱՂՎԷՆԳՈՒՑ.
(թերեւս`
վաղիւ
այգուց).
–
Առտուն
կանուխ.
տե՛ս
նաեւ
վանգուց:
ՎԱՅՀԱՉԱՆ
(վայր-հաչ-ան).
–
Աս
ու
ան
խծբծող,
քննադատող,
վայրահաչ:
ՎԱՅԵԼ.
–
Չարախօսել,
նախանձիլ
(մէկու
մը):
ՎԱՆԳՈՒՑ
(թերեւս`
վաղ
այգուց).
–
Առաւօտ:
ՎԱՐԻՉՔ.
–
Վարք,
վարմունք:
ՎԱՐՎԱՐԻԿ-ՎԵՐՎԵՐԻԿ.
–
Հաց
կատակ
(մարդ`
որ
մէկու
մը
ամէն
քմահաճոյքներուն
կը
հնազանդի
եւ
կը
կատարէ).
օր.
կ’ըսուի.
«աս
մարդը
այն
ինչ
հարուստին
վարվարիկ-վերվերիկն
է…»:
ՎԺԱԼ.
–
1.
Մլաւել
(կատուի),
2.
Խեղճուկ
խեղճուկ
հեծեծել:
ՎՃԱԿ
կամ
ՎՃԿՈՒԹԻԻՆ.
–
Տօն
համբարձման,
(որ
ատեն
հեթանոսական
դարերէ
մնացած
սովորութեան
մը
համեմատ
վիճակ
կը
հանեն
այլեւայլ
արարողութիւններով):
ՎՐԱԿՈԽ.
–
Տեսակ
մը
կար,
(լաթին
երկու
եզրերն
իրար
բերելով
շուլալ
ընելէն
ետեւ
անգամ
մըն
ալ
շուլալուած
եզրը
դէպ
ի
ներս
դարձնելով
կարուած):
ՎՐԱՁԳՈՑ.
–
Բան
մը`
զոր
ոչ
ոք
կ’ուզէ
ընդունիլ,
եւ
աս`
անոր
վրայ
կը
ձգէ,
ան`
միասին
վրայ:
ՎՐԱՆՈՑ.
–
Վերարկու,
թիկնոց:
ՎՕՏՐՏԱԼ.
–
Քրթմնջել:
Տ.
ՏԱԿ.
–
Ճակնդեղ:
ՏԱՀՐԻԼ
[1].
–
Յոգնելէ
վերջ
հանգիստ
առնել.
զ.
օր.
կ’ըսուի`
«Գիշեր
ցորեկ
կը
բանի,
նէ՛
կը
յոգնի
նէ՛
կը
տահրի,
նէ՛
հանգչում
ունի
նէ՛
տահրում»
եւն:
ՏԱՆՏԱՆ
(մանկ.
բառ).
–
Խաղալ:
ՏԱՊԿԵԼ.
–
Տապակի
մէջ
իւղով
խորովել:
ՏԱՊԿՏՈՒՔ.
–
Տապակի
մէջ
եփուած
խորովածոյք:
ՏԱՏԱԿԻԼ.
–
Այրիլ,
մրկիլ,
(ընդհանրապէս
«այրիլ»ին
հետ
կը
գործածուի
եւ
կ’ըսուի`
«էրիլ
տատակիլ»):
ՏԱՏԷՍ
(մանկ.
բառ).
–
Ոտքի
ելլել,
քալել:
ՏԱՏԻԿ-ՊՈՒՏԻԿ.
–
Մանր
մանր
քայլերով`
յամրաբար
(քալել,
նման
նոր
ոտքի
ելլող
տղոց
կամ
տկարացած
ծերերու
քալուածքին):
ՏԱՐԵԼ.
–
Խաղի
մէջ
յաղթել
(խաղընկերը),
խաղը
շահիլ:
ՏԱՐԿՈՐՈՒ.
(տար-կորու
[արմատ`
«կորուսանել»-ի])
–
Տարագրութեան
մէջ
թափառական
եղած,
հետքը
կորսուած:
ՏԱՐՈՒԻԼ.
–
1.
Խաղը
կորսնցընել.
2.
Մէկու
մը
համար
շատ
դրամ
վատնել,
ծախք
ընել
(առանց
արդիւնքի):
ՏԱՐՏՂՆԵԼ
(թրք.
տաղըթմաք,
տարմատաղըն
էթմէք).
–
Ցրուել,
ցիրուցան
ընել:
ՏԱՔԴԵՂ.
–
Պղպեղ:
ՏԱՔՏՈՒՆ.
–
Բաղնիք:
ՏԱՔՑՈՑ
(դնել).
–
Պաղ
կերակուր
մը
կամ
որ
եւ
է
բան
մը
կրակի
վրայ
տաքնալու
դնել:
ՏԵՌ.
–
Աղմկալից
փքարձակութիւն:
ՏԶՏԶԱԼ.
–
Տըզ
տըզ
ձայն
հանել,
բզզալ:
ՏԷՏԷԽ
(մանկ.
բառ).
–
1.
Պտտիլ,
տեղ
երթալ.
2.
Աւանակ,
ձի
կամ
որ
եւ
է
գրաստ`
որուն
վրայ
կը
հեծնուի:
ՏԷՐՆՏԱՍ.
–
Տօն
Տեառն
ընդ
առաջի:
ՏԸԽ.
(մանկ.
բառ)–
Ծեծել:
ՏԻԶԱՆԱԼ.
–
Հպարտանալ,
գոռոզանալ,
ամբարտաւանել:
ՏԻՆԿՕԶ.
–
Գոռոզ,
ամբարտաւան:
ՏԻՏԻԿԵԼ.
–
Փետրատել,
բզիկ
բզիկ
ընել:
ՏԻՏԻՍ,
ՏԻՏԻԿ
(մանկ.
բառ).
–
Նստիլ:
ՏԻՐՈՒԹԻԻՆ
(անել).
–
Մէկու
մը
տէր,
պաշտպան
կանգնիլ
[2]:
ՏԽԵԼ
(թրք.
թըգամաք).
–
Ներս
մղել:
ՏԽԸՃԵԼ.
–
Չարչրկել,
սեղմել,
սեղմրտկել
(մէկը`
կատակի
համար,
կամ
տղայ
մը`
սիրելու
ատեն):
ՏԽԻՃ
ՏԽԻՃ
(անել).
–
Տե՛ս
տխըճել:
ՏԿԵԼ
(տակ-ել).
–
Ծծել
մինչեւ
յատակը:
ՏՂԱԲԵՐՔ.
–
Ծննդաբերութիւն:
ՏՂԱՄԱՐ.
–
Երախայ
ունեցող
մայր:
ՏՂԱՍԿԱՆ.
–
Նորածին
կին
(որ
ծննդաբերութեան
յարակից
տկարութենէն
դեռ
ապաքինած
չէ):
ՏՂԱՐՈՒՔ.
–
Նորածին
մանկան
մկրտուած
օրը
ազգականներն
եւն
հրաւիրելով`
հացկերոյթ
տալու
եւ
աւանդական
արարողութիւններ
կատարելու
սովորութիւնը:
ՏՂԼՏԱԼ.
–
Լեզուն
կապուելով`
անհասկնալի
ձայներ
հանել,
թոթովել:
ՏՂՏՂԿԻԼ.
–
Թացութեան
մէջ
մարմնոյ
մը
հալիլ,
կազմալուծուիլը:
ՏՂՏՂՈՒԿ.
–
Մտահոգութիւն:
ՏՄՊԵԼ.
–
Հազիւ
իմն
զգալ,
հասկնալ,
կռահել:
ՏՆԵՑԻ.
–
Ամուսին
(կնիկ):
ՏՆԿԼՏԱԼ.
–
Ճօճելով
ձայն
հանելը
(զանգակի
եւն):
ՏՆՏՆԱԼ.
–
Դանդաղիլ,
յամենալ:
ՏՆՓԵՍԱՅ.
–
Փեսայ`
որ
կանխաւ
եղած
որոշման
համաձայն
իր
աներոջն
ու
զոքանչին
տունը
կը
բնակի:
ՏՈՏԻԿ,
ՏՈՏՈԽ
(մանկ.
բառ).
–
Ոտք:
ՏՌԼՏԱԼ
(թրք.
տռլամաք)
–
Բարբանջել,
քըրթմնջել։
ՏՌՃԱՆ.
–
Դաժանաբարոյ,
անհամբոյր:
ՏՌՈՏԻԼ.
–
Սրդողիլ,
գժտիլ:
ՏՌՏՌԱԼ.
–
1.
Շաղակրատել,
սիրտ
նեղացընող,
վիրաւորիչ
խօսքեր
զրուցել.
2.
«Խօսիլ»ին
անարգական
ձեւը:
ՏՏՌԵԼ.
–
Աղմուկով
փուք
արձակել:
ՏՐԱՊՏԵԼ
(տիր-ա-պետ-ել).
–
Գրաւել,
իւրացնել:
ՏՐՈՐԵԼ.
–
Ճզմել,
ճնորել:
ՏՐՏՕՇ.
–
Տանտիկնութիւն
չգիտցող,
անհոգ,
անմաքուր
(կին).
թրք.
Փինթի։
ՏՐՓԱԼ.
–
Չափազանց
հիւծիլ,
տկարանալ,
հոգին
ելլելու
վրայ
ըլլալ:
ՏՓԵԼ.
–
Ծեծել:
ՏՓՈՑ.
–
Ծեծ:
ՏՔԱԼ.
–
Հիւանդութեան
ատեն,
կամ
ծանր
աշխատութեան
մէջ,
կամ
ծանր
բեռան
տակ
հեծեծել:
ՏՕՆ
կամ
ՏՕՆՈՒԹԻԻՆ.
–
Տօն
Ս.
Ծննդեան:
ՏՕՆՏՕՆՈՒԻԼ.
–
Հագուիլ,
շքուիլ
(ի
ցոյցս):
ՏՕՆՏՕՆՑՆԵԼ .
–
Ո՛ր
եւ
է
բան
աչքի
երեւալիք
տեղ
մը
դնել:
ՏՕՏՕԶ
կամ
ՏՕԼՏՕԼՕԶ.
–
Բարձր,
սրածայր։
ՏՕՏՕԶԵԼ .
–
Խաբել:
ՏՕՐՏՕՐԱԼ.
–
Երերալով,
դողդողալով
քալել
(հիւանդութեան,
տկարութեան
հետեւանօք):
Ց.
ՑԱԹԵԼ
կամ
ՑԱՏԵԼ.
(=
ցայտել
)
–
Ճառագայթել,
ծագել
(լուսոյ):
ՑԱՄՔԵՓՈՑ
(ցամաք-եփ-ոց).
–
Ջուրը
քիչ,
ցամքուկ
եփուած
(
կերակուր):
ՑԱՅԵԼ.
–
Հարեւանցի
մը,
քիչ
մը
ջրով
լուալ
(
ամանը
).
թրք.
չալգալամաք
ՑԱՆՈՒՔ
(
ցան-ուք).
–
Հացի
թիկին
վրայ
ցանուելիք
թեփ
կամ
ալիւր
(որուն
վրայ
կը
դնեն
նկանակին
խմորը,
որպէս
զի
թիին
կամ
փռան
յատակին
չփակչի):
ՑԱԻՄԵՆԾԻԿ.
–
Պզտիկ
ցաւը
մեծ
բանի
տեղ
դնող,
ցաւի
չդիմացող:
ՑԻՑՔԻԹ.
–
ՑՑուած,
սրածայր
քիթ
ունեցող:
ՑԼԻԿՑԼԻԿ
(ըլլալ).
–
Անդադար
վազել,
վազվզել,
չափազանց
աշխատիլ,
յոգնիլ:
ՑԼԿՏԵԼ.
–
Անխնայ
գործածելով
մաշել,
պատռտել
(հագուստը):
ՑԼԿՏՈՒԻԼ.
–
Ցլիկ
ցլիկ
ըլլալ:
ՑՆՑՆ.
–
Գձուձ,
կեղծաւոր
(մարդ):
ՑՈՒՑԱՆՔ.
–
Նշան,
հրաշք:
ՑՈՒՑՈՒԼԱՆՔ.
(ընել)
–
Ի
ցոյց
հանել,
ցուցադրել:
ՑՌԵԼ.
–
Փորհարութիւն
ունենալ:
ՑՐՎԱԹ.
(ցիր-վաթ)
–
Զեղխ,
շռայլ,
անառակ:
ՑՐՑՂՆԻԼ.
(
ցիր-ու-ցան-եղանիլ)
–
Մտամոլորիլ,
խելակորոյս
ըլլալ
(ծերութեան,
կամ
յանկարծական
վշտի
մը
հետեւանօք):
ՑՐՔԵԼ.
(ցիր-ուք-ել)
–
թափել,
ցիրուցան
ընել,
(ընդհանրապէս
«վաթել»
բառին
հետ
կը
գործածուի
–
վաթել-ցրքել
)։
ՑՕՂՈՒԵԼ.
–
Տե՛ս
«Ցայել»:
[1]
Կրնայ
կարծուիլ
թէ
այս
տահրիլ
ը
«դադրիլ»
բառն
է:
Թէեւ
դ
ին
հ
ի
փոխուիլն
անսովոր
ձայնափոխութիւն
մըն
է
Եւդոկիոյ
բարբառին
համար,
բայց
ուրիշ
քանի
մը
գավառականներու
մէջ
դ,
թ,
տ
ձայներուն
ր
ի
հետ
գտնուած
ատեն`երկուքին
մէկէն
հ
ի
ամփոփուելուն
օրինակները
կան.
զ.
օր.
էհալ,
ու՞ր
կէհաս
(=
երթալ,
ու՞ր
կ’երթաս),
պահէզ
(=
պարտէզ)
եւն:
Կը
դիտուի
անշուշտ`
թէ
«դադրիլ»
բառին
մէջ
ալ
դ
ին
հետ
ր
կը
գտնուի,
թէեւ
յետադաս:
Յայտնի
է`
որ
ձայնափոխութիւններու
մէջ
նկատելի
է
գրերուն
իրարու
վրայ
ունեցած
ազդեցութիւնը,
որ
սակայն
նոյն
չէ
ամէն
գաւառաբարբառի
մէջ.
զ.
օր.
մի
եւ
նոյն
պարագային
մէջ
Ճանիկի
եւ
Տրապիզոնի
գիւղօրէից
գաւառաբարբառը
թ,
դ,
տ
գրերէն
նախընթաց
ր
-ն
շ
-ի
կը
փոխէ.
զ.
օր.
էշթալ
(=
երթալ),
մաշդ
(=
մարդ),
ժողովուշդ
(=
ժողովուրդ),
վաշդապետ
(=
վարդապետ),
էշդ
(=
յարդ)
եւն:
[2]
Երբեմն
զարմանք
յայտնուած
է`
թէ
ինչո՞ւ
Տէր
բառին
մէջի
է
ձայնաւորն
ի
-ի
փոխուած
չէ
ծանօթ
տէրութիւն
(=
պետութիւն)
ածանցին
մէջ,
բայց
ահա
կը
տեսնուի`թէ
ժողովուրդը
միեւնոյն
աճանցը
ճիշդ
հայ
լեզուի
ձայնական
օրինաց
համաձայն
տիրութի
ւն
ձեւով
պահած
է
իր
կենդանի
բարբառին
մէջ,
թէեւ
տէրութին
էն
տարբեր
նշանակութեամբ
որ
վերը
տրուած
է: