Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՅԵՐՈՒ ՁԵՒԵՐ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՄՈՒՆՔ.

Բայերու կրաւորական . օր. սիրուիլ) եւ անցողական ( զ. օր. կերցընել, ) ձեւերէն զատ՝ գործական են նաեւ շատ մը այլազան գեղեցիկ ձեւեր, որպիսի են օրինակի համար, կտրել, կոտրտել, պատռտել, վազուըռտել, լզուըռտիլ. խածկտել, գլտորիլ, գլտորտկիլ, երերտկալ, փնտռտկել, ծիտկրտկել. պաղշտկիլ, խառնշտկել. քաշկրտել, կոխկրտել, կածկլտել. նետրտել, շվստել, փետրտկել, վազուըռտկել, խլշտել, խլմշտել, հիրմշտկել. պտտկիլ, չարչրկել փորփշտկել եւն։

Բայերու այս այլազան բաղադրեալ ձեւափոխութիւններն ունին իրենց մասնաւոր գործածութիւններն ու առումները, որոնց շատ նուրբ զանազանութիւնները թէպէտ եւ դժուար է բացատրել, բայց կարելի է ըսել թէ այդ ձեւերու ամէնքն ալ ընդհանրապէս բուն նային նշանակած գործողութեան քանի մը անգամներ եւ վրայէ վրայ կրկնուիլը նշանակելու կը ծառայեն։ Այսպէս՝ կտրտել, վազուըռտել, խածկտել, փետրտել, խլշտել, հիրմշտկել, պտտկիլ եւն կը նշանակեն կտրելու, վազելու, խածնելու, փետելու, խլելու, հրելու, պտտելու եւն գործողութիւնները շատ անգամներ եւ վրայէ վրայ կրկնել։ Դիտելի է թէ բայերու այս ձեւերը կազմուած են կարգ մը միջանկեալ մասնիկներով որոնք բայերու վերջին ել, իլ, ալ լծորդներէն առաջ արմատներուն վրայ աւելցուած են։ այս մասնիկներն են՝ ինչպէս կ’երեւի, տ, կ, շ, մ, ր, րտ, ռ, ոտ, որոնք հաւանականաբար ատ, ուտ, ուկ, ակ, իկ, ուշ կամ ուչ, իչ, ում, առ, ուրդ ծանօթ ածանցական մասնիկներուն մնացորդներն են, ինչպէս որ անցողականի ցն մնացորդն է ոյց մասնկան։

Նմանօրինակ բայեր են տարբեր առմամբ գզուըտիլ, կռուըտիլ, քերուըտիլ, քթուըտիլ, պահուըտիլ եւն որոնք՝ ինչպէս կ’երեւի, կազմուած են կրաւորականի ձեւ ունեցող բայերուն լծորդէն առաջ տ աւելցնելով (սիրուիլ, սիրուըտիլ)։ Ասոնք բուն բային նշանակած գործողութեան փոխադարձաբար կամ ինք իր վրայ կրկնուիլը նշանակելու կը ծառայեն։ Փոխադարձ բայի տարբեր ձեւոր են պագտուիլ, ծեծկուիլ, որ երկու կողմէն զիրար համբուրել, ծեծել կը նշանակէ։ Շատ անգամ բուն կրաւորակերպ բայերն ալ այս կարգի փոխադարձ նշանակութեամբ կը գործածուին, զ. օր. կիսուիլ, բաժնուիլ եւն որոնք կը նշանակեն բան մը իրարու մէջ կիսել, բաժնել եւն։

Բայերու լծորդէն առաջ աոր մասնիկը մտնելով կը ձեւացընէ ուրիշ տեսակ մը բայեր, որոնք ամէն տեսակ իմաստ կու տան կրաւորական, չէզոք, ներգործական, երբեմն ալ փոխադարձ, պարագային համեմատ, զ. օր. ծախւրիլ, առնւորիլ, ճաթւորիլ, սիրաւորիլ, բեռցւորիլ, պռճքւորիլ, սոթտւորիլ, պարպւորիլ եւն։

Ասոնցմէ զատ կան նաեւ տեսակ մը շատ գղեցիկ բայեր, որնք բային առաջին վանկին կրկնութեամբ մը կը ձեւանան, զ. օր. ցոլցլալ (= ցոլ-ցոլ-ալ), պահպհել, մարմրիլ, տալտլել, սահսհիլ, վազվզել, ժրժրալ (= ժիր-ժիր-ալ) եւն։ Այս ձեւ բայերն ալ դարձեալ գործողութեան կրկնւելու հանգամանքը ցոյց կու տան, բայց քիչ մը մեղմ իմաստով։ Կրկնաւոր բայի տարբեր ձեւեր ն հաչմչել, ծռմռկիլ, դարձմրձկել եւն։ Շատ անգամ ալ բային իմաստին ուժգնութիւն մը տալու համար, արմատն՝ անջատաբար բայէն, կը կրկնուի եւ յետոյ կը յիշուի բայը, որով կը ձեւանան ուրիշ տեսակ մը ոչ նուազ գեղեցիկ կրկնաւորներ, զ. օր. փսոր փսոր փսորիլ մասիկ մասիկ ընել, կտոր կտոր ըլլալ, բզիկ բզիկ փզկտել, ծռիկ ծռիկ ծռմռկիլ, ծակուկ ծածուկ ծակծկիլ, պօռ պօռ պօռալ, ճինիկ ճինիկ ճնչել, կտոր կոտոր կոտրտել, չարիկ չարիկ չարչրկել, թապըլ թապըլ թապըլտըկել, ցլիկ ցլիկ ցլկտիլ, տխիճ տխիճ տխըճել, բզիկ գռիկ գալ եւն։

Բայերու խոնարհմունքը Պոլսոյ գաւառականին սովրական ծնօթ ձեւերէն գրեթէ տարբերութիւն չունին։ Սահմանական ներկայի մէջ Եւդոկիավիք ալ Պոլսեցւոց պէս կոր կը գործած են . օր կ’երթամ կր եւն). իսկ բացասական բայերը կը կազմուին չիով, ամէն ժամանակներու մէջ ալ. զ. օր. չի կերան, չի խմէինք, չի պիտի պառկիմ, թող չի վազեն եւն։