Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.
Զոհերու թիւը եւ նիւթական վնասներու կարեւորութիւնը

Զոհերու թիւի մասին հաստատած եմ որ կայ ահռելի տարբերութիւն մը պաշտօնական թիւերուն եւ ուրիշներու կատարած հաշիւին միջեւ։ Հայերը եւ օտար թերթերու թղթակիցները համաձայն են ընդունելու թիւ մը՝ որ կը յածի 25 եւ 30 հազարի մէջ։ Գալով կառավարութեան, նախ պաշտօնապէս ցոյց տուաւ իբր 1500 ոչ-իսլամ եւ 1900 իսլամ, իսկ այժմ՝ նոր քննութիւններէ վերջ, անիկա կ՚ընդունի 6000ի համագումար թիւը։

Կառավարութեան թիւերը հիմնուած են քաղաքային իշխանութեան տոմարներուն եւ կարգ մը վայրերու մուխթարներուն եւ կրօնականներու տուած ցուցակներուն վրայ։ Հարկ չի կայ ըսելու որ քաղաքային իշխանութեան տոմարները չեն կրնար ներկայանալ իբրեւ հաւատ ընծայուելիք աղբիւրներ, եւ խիստ բացայայտ է որ Ատանայի իշխանութիւնները ամէն տեսակ միջոցներու դիմեցին՝ քրիստոնեայ զոհերու իրական թիւը պահելու համար։ Ատկէ զատ բազմաթիւ վայրերու մէջ, նոյն ինքն քահանաները եւ մուխթարները կը գտնուին սպաննուածներուն մէջ։ Օրինակի համար, Համիտիէի մէջ 7 հոգի յաջողած են պահուելու տեղ մը գտնել, 8 հոգի ալ ապաստան փնտռած են M. Sabatier կոչուած ֆրանսացիի մը գործարանին մէջ, եւ բոլոր մնացեալը, հաշուուած 2000 հոգի՝ օտար թղթակիցներէ, ջարդուած են, մէջը ըլլալով քահանան եւ մուխթարը։

Պէտք է նկատի ունենալ որ՝ այդ եղանակին գործաւորներու ահագին թիւ մը եկած էր այս գազային մէջ, եւ որովհետեւ ասոնք չէին արձանագրուած, անկարելի է հաշուել անոնց ճշգրիտ թիւը։

Տա՜յր երկինք որ հիւպատոսներու եւ թղթակիցներու հաշիւները չափազանցուած ըլլային։

Սակայն տրուած ըլլալով Ատանայի կարեւորութիւնը՝ տնտեսական տեսակէտով, տրուած ըլլալով նաեւ որ ջարդերը տեղի ունեցած են աշխատանքի եւ առուտուրի ամենէն եռուզեռ շրջանին, Անատօլուի զանազան նահանգներէն՝ եւ նոյն իսկ Մուսուլի նման այնքան հեռաւոր նահանգէ մը հասած գործաւորներու ընդհանուր թիւը 40 կամ 50 հազարէն նուազ պէտք չէր ըլլալ։ Այս թիւին առնուազն կէսը կազմուած էր Հայերէ՝ որոնց մեծագոյն մասը ջարդուած է։

Զիհնի փաշա (դէպքերէն վերջ կարգուած վալի Ատանայի) տեսակցութեան մը միջոցին օր մը կ՚ըսէր ինծի թէ՝ անկարելի էր ընդունիլ որ հայ զոհերու թիւը կարենար հասնիլ 15 հազարի, քանի որ պաշտօնական տոմարներու համաձայն, Ատանա քաղաքը 13 հազարէն աւելի Հայ չէր հաշուեր։ Սակայն, Նորին Վսեմութիւնը, ինչպէս որ կ՚երեւար, մոռցած էր որ, երբ իր գործունէութեան վրայ կը խօսէր, իբր յաջողութիւն կը նկատէր իրենց երկիրը ճամբած ըլլալը 10, 000 հայ գործաւորներ՝ որոնք հասած էին ուրիշ վայրերէ եւ բանակած՝ կայարանին մօտ վրաններու տակ կամ բացօթեայ։ Երբոր այս կէտը յիշեցուցի իրեն, Նորին Վսեմութիւնը ստիպուեցաւ լռել։ Կրնա՞ր այլ կերպ շարժիլ՝ իր պարծած յաջողութիւնը առանց կասկածի տակ թողելու։

Ենթադրենք որ այս խեղճ մարդոց կէսը գտնուելով հոս հոն, քաղաքէն դուրս, առանց զէնքի, կրցած է կեանքը ազատել, անշուշտ միւս կէսը կորսուած է առանց հետք մը ձգելու որեւէ պաշտօնական տոմարի մէջ։

Մնաց որ, ես քաղուած մը պիտի տամ Ներքին Գործոց Նախարարութեան ուղղուած հաւաքական տեղեկագրէ մը՝ ստորագրուած Բ[արձրագոյն] Դրան պատուիրակ Ֆայիգ պէյի եւ Մոստիչեան էֆ. [էնտի]ի ինչպէս նաեւ Մէրսինի կառավարիչ Էսատ Րէուֆ պէյի կողմէ։

«Ատանայի վիլայէթին ցաւալի դէպքերու ընթացքին սպաննուած անձերու թիւն է, քաղաքային իշխանութեանց տոմարներու համաձայն՝ 5683 մէջը հաշուելով զինուորները եւ ոստիկան զինուորները որոնց 1487ը իսլամ եւ 4196ը ոչ-իսլամ։ Սակայն որովհետեւ հաւանական է որ ըլլար առժամապէս այս տեղերը հաստատուած եւ չարձանագրուած անձերու մեծ թիւ մը, հաւասարապէս մեռան. եւ որովհետեւ այժմ կարելի չէ այս անհատներու թիւը ճշտել, կը կարծենք որ սպաննուածներու ընդհանւոր թիւը պիտի ըլլայ, իսլամ եւ ոչ-իսլամ, մօտաւորապէս 15000 հոգի։ Միեւնոյն ատեն պէտք չէ մոռնալ որ 30, 000 անձեր, պատանի եւ տղայ, կը մնան առանց ապաստանի եւ առանց ոչ մէկ նիւթական միջոցներու»։

Կը կրկնեմ, տա՜յր Աստուած, որ այս պարոններն ալ խաբուած ըլլային զոհերու թիւին վերաբերմամբ։ Բայց շատ կը վախնամ որ այսպէս եղած ըլլայ։

Արդարեւ, պէտք է երեւակայել որ Հաճընի մէջ իսկ, ուր ջարդ տեղի չունեցաւ, թէեւ Հայերը հոն 5 օր պաշարուած մնացին, ցարդ ճշգրիտ լուր չէ առնուած 3000 հայերու մասին՝ որոնք Ատանայի նահանգին մէջ կը գտնուէին։ Հաճըն ըլլալով լեռնային եւ անբերրի քաղաք մը, իր բնակիչները ստիպուած են այլուր երթալ՝ օրապահիկ ճարելու համար։

Անհերքելի է որ ոչ-բնիկ զոհերու թիւը մեծ է. բայց առնուազն մէկ տարի պէտք է կարենալ հասկնալու համար ճիշտ թիւը այն անձերուն՝ որոնց ճակատագիրը անծանօթ կը մնայ, վասնզի այս թիւը իւրաքանչիւր վիլայէթի տուած պաշտօնական տեղեկութիւններու վրայ միայն կրնայ հիմնուիլ։

Ամէն պարագայի տակ պէտք է ընդունիլ որ Ատանայի եւ շրջակայից մէջ բնակող օտարահպատակ գաղթականութեանց երեւելիները կրնան հաշուել աւելի պաղարիւնով, մանաւանդ օտար թղթակիցները՝ որոնք կրնային ամէն տեղեր ազատօրէն մուտք գործել իրենց հետախուզութեանց համար։ Հետեւաբար, սպասելով որ ճիշտ թիւերը ստուգուին իւրաքանչիւր վիլայէթի մէջ, իմ կարծիքով, այժմուս զոհերու ամենէն հաւանական թիւն է օտարներու ցոյց տուածը՝ որ 20 հազարէն վար չէ։

Ինչ կը վերաբերի նիւթական կորուստներուն, բաւական է ինձ ըսել որ Ատանայի նահանգը, կայսրութեան ամենէն բարգաւաճ եւ ամենէն հարուստներէն մին, այսօր միմիայն աւերակներու կոյտ մըն է՝ տխրատեսիլ եւ լռին։

Զիհնի փաշայի համաձայն, Ատանա քաղաքին մէջ հրդեհուած եւ քանդուած շէնքերը, ըստ քանակութեան, կը ներկայացնեն ամբողջութեան մէկ հինգերորդը, եւ ըստ արժէքին՝ մէկ երրորդը։

Պատկանեալ վարչութեան տուիքերուն համաձայն, հրդեհուած կալուածներու համագումար արժէքը կը ներկայացնէ մօտաւորապէս 96, 000 օսմ. [անեան] ոսկի։ Իմ կարծիքով. աջ կողմէն զէրոյի մը յաւելումովն իսկ այս գումարը անբաւական պիտի ըլլար, վասն զի Սուրիացի երեւելի մը, Էլիաս Թիւրքմանի, տեսած է անէացումը իր անշարժ կալուածներուն՝ 30, 000 ոսկի արժէքով, գումար մը որ հիմնուած է վերոյիշեալ վարչութեան պաշտօնական թիւերուն վրայ։ Պաղչէի մէջ, ուր ամէն կարելի խնայողութիւններով ուզուած է շինել տնակներ՝ ուր հազիւ կարելի է պատսպարուիլ մթնոլորտի խստութիւններէն, հաստատուած է որ իւրաքանչիւրին համար պէտք էր ծախսել նուազագոյն 25 ոսկի։ Արդ, բացայայտ է որ յարաբերօրէն ճիշտ թիւ մը ունենալու համար պէտք է ընդունիլ 50 ոսկիի նուազագոյն եւ 500 ոսկիի առաւելագոյն չափ մը՝ իւրաքանչիւր այրած շէնքի համար, ինչ որ ցոյց պիտի տար պաշտօնական գնահատումներու իսկական արժէքը։

Հաւասարապէս օգտակար է յիշել որ Ատանայի մէջ ապահովագրական ընկերութեանց հատուցանելի վնասներու գումարը կը հասնի 750, 000 ոսկիի։ Աւելորդ փաստ մը եւս՝ պաշտօնական թիւերու արժէքը ցոյց տուող։

Հարկադրուած եմ եզրակացնել որ նիւթական կորուստներու ընդհանուր գումարը, անշարժ եւ շարժուն կալուածներով, 3 միլիոն օսմ. [անեան] ոսկիէն պակաս պէտք չէ ըլլայ։