Ատանայի եղեռնը. Տեղեկագիր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.
Պատերազմական Ատեանը

Պատերազմական Ատեանը կազմող սպաներու պատուաւորութիւնը եւ պարկեշտութիւնը վիրաւորող ոչինչ պիտի ըսեմ։ Սակայն, պէտք է յայտարարեմ որ անոնք չունէին բաւարար չափով օրինական եւ քննչական ծանօթութեանց զարգացումը։ Չեմ կրնար նմանապէս իմ զարմանքս ծածկել այն իրողութեան որ միամտութիւնն ունեցան իբր դատական հիմ ընդունելու՝ տեղացի բարձր պաշտօնեաներուն եւ ժողովուրդի զանազան խաւերուն կողմէ պատրաստուած դատախազներու բերած սխալ վկայութիւնները՝ մէկ կամ ամբողջ, մեծ ու պզտիկ բոլոր գործերուն մէջ, այնքան խոր կերպով ընդելուզուած էին։

Ատանայի պատերազմական ատեանի վճիռները տրուած ըլլալով այս հիմերուն վրայ, բնականօրէն զուրկ են դատաստանական եւ օրինական արժէքէ։

Վեց Հայեր յիշեալ ատեանին կողմէ դատապարտուած են մահուան՝ Օհան Օղլու խան կոչուած խանի մը մէջ յիսնեակ մը իսլամներ սպաննած ըլլալու յանցանքով։ Սակայն զարմանալի է որ նկատի չէ առնուած թէ, 1. Խնդրոյ առարկայ սպաննուած իսլամները այդ խանին մէջ բնակողներ չէին. 2. Թէ անոնք կասկածելի մարդիկ էին, քաղաքին զանազան թաղերէն հասած՝ Հայոց թաղին կից այս խանին մէջ, ուր ընելիք բան մը չունէին, ինչ որ կ՚ապացուցանէ թէ հոն հաւաքուած էին Հայերուն վրայ յարձակելու նպատակով. 3. Թէ իրենց մահը կը զուգադիպի ճիշտ Հայերուն դէմ եղած յարձակումին միջոցին։

Այն իրողութիւնը որ հանգիստ թողուած են հեղինակները այն անանուն ոճիրներուն՝ որոնց Ատանա եւ իր շրջակաները թատր հանդիսացած են եւ որոնք ազգային աղէտքի մը համեմատութիւնները առած են. այն իրողութիւնը՝ որով խնայուած է այս յելուզակներուն, եւ ասոր փոխարէն դատապարտուած են Հայ դժբախտ վերապրողներ, որոնց միակ յանցանքը օրինաւոր ինքնապաշտպանութեամբ մահուընէ խուսափիլը եղած է, չեմ կրնար ինքզինքս արգիլել տեսնելէ կրկին տպագրութիւն մը՝ վերստին աչքէ անցուած եւ ճոխացած Պոլսոյ համիտական կոտորածներուն։

Պատերազմական Ատեանի այդ էֆէնտիները բոլորովին կ՚անգիտանան որ՝ ոճիրներու վերաբերեալ խնդիրներու մէջ դատաւորները ստիպուած չեն իբր պարզ ճշմարտութիւն ընդունիլ վկաներու բոլոր ըսածները, եւ թէ ընդհակառակը, անոնք օրէնքով պարտաւոր են ճշտելու թէ այդ տրուած վկայութիւնները կը յարմարի՞ն նիւթական կարելիութիւններու հետ, եւ հետեւաբար, ընդունելի՛ կամ ոչ։

Քննչական պայմաններու անբաւականութեան պատճառովն է որ պատերազմական ատեանը կը շարունակէ դատապարտել այնպիսի անձեր, որ շուկայէն փախչելով ապաստանած են օտարահպատակներու տուներ, ուրկէ, նոյնիսկ օտարահպատակ երեւելիներու հաւաստումներուն համաձայն, խռովութեանց բովանդակ տեւողութեանը միջոցին դուրս չէին ելած։

Պարտաւոր ենք հաւասարապէս մտածել որ՝ պատերազմական ատեանը նմանապէս տեղեակ չէ Սահմանադրութեան պատմութեան եւ օսմանեան տարրերու քաղաքական կեանքին. վասնզի անիկա Դաշնակցութեան կուսակցութենէն զատ Դրօշակ կոչուած յեղափոխական ինքնակոչ կուսակցութեան մը վրայ ալ կը խօսի, եւ յայտնի կերպով կատարելապէս կ՚անգիտանայ որ Դաշնակցական կուսակցութիւնը նոյնքան կանոնաւոր եւ յարգելի կուսակցութիւն մըն է՝ որքան Իթթիհատ եւ Թէրաքքըն։ Ատեանին մահավճիռները տրուած են այն միեւնոյն նախապաշարումներով՝ որոնց Հայ Կուսակցութիւնները նշաւակ եղած էին հին վարչութեան օրով, եւ այսպէս անիկա կը կործանէ՝ Օսմեանեան Սահմանադրութեամբ հաստատուած իրերու կարգը եւ քաղաքական եւ ընկերային կեանքը։

Այս ամէնը կրնա՞յ մեր արժանիքը եւ մեր ազգային պատիւը բարձրացնել յաչս քաղաքակիրթ աշխարհի։