Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Այս սարսռալի ճշմարտութիւնները ճանչցնելու համար որոշումս տալէ առաջ՝ շատ տատամսեցայ ու երկարօրէն մտածեցի։ Գաղափարն ունեցայ նոյն իսկ զանոնք թեթեւցնելու՝ որպէս զի չի վշտացնեմ իմ Իսլամ ընկերակիցներս։

Սակայն ազգի մը անդամներէն կամ կրօնքի մը յարողներէն միոյն կողմէ գործուած ոճիրներու պատասխանատուութիւնը՝ չի կրնար հաւաքարար կշռել այդ ազգին կամ կրօնքին վրայ։

Իսլամական օրէնքը, հեռի՜ ընդունելէ այդ կարգի վայրագութիւններ, ամենափոքր անարդարութիւն մը չի թոյլատրեր։ Անիկա կը հրամայէ ամէն բանի մէջ ճշմարտութիւնը որոնել։ Այս այսպէս ըլլալով, հարկ չի տեսայ ծածկելու այն իրողութիւնները՝ զորս ես հաստատած եմ եւ որոնց համոզումը ունիմ։

Չեմ կարծեր որ այդ ճշմարտութիւններու մերկացումը կարենայ տարրերու միջեւ անհամերաշխութիւնը աւելցնել։ Վասն զի ես յոյս ունիմ որ այս վայրենի խելագարութիւնը չպիտի երկար տեւէ։

Հին վարչութեան օրով սովորութիւն էր ոճիրները պահել, ուրանալ, փաստերը խեղաթիւրել։

Այդ վնասակար դրութեան շնորհիւ, այն հիւանդութիւնը, որմէ երկիրը կը տառապէր իբր շարաւալից վէրքէ մը, Կայսրութեան կողին փակչած փտախտի մը ձեւն առած էր։

Արդ, հիւանդութիւն մը կը բուժուի այն ատեն միայն՝ երբ կ՚ախտաճանաչուի եւ կը դարմանուի։

Պահելով զանիկա՝ կարելի չէ բուժումը ձեռք բերել։

Գո՛նէ այդպէս է իմ կարծիքս։

Վերջացնելէ առաջ ստիպուած եմ ամենախոր ցաւով աւելցնելու որ, Իթթիհատ եւ Թէրաքքը կուսակցութեան անդամները, Ատանայի վայրագ եղերերգութեան կազմակերպման եւ գործադրութեան մասնակցած են։ Այս իրողութիւնը հաստատուած է նահանգին զանազան տարրերուն կողմէ, հիւպատոսներէ, ամերիկացի միսիոնարներէ եւ լատին քահանաներէ։

Բաց աստի, օտար թերթերը արձագանգը եղած են այս սարսափներուն, եւ հասարակաց կարծիքը գրեթէ համոզուած է որ՝ անոնք գործն են Իթթիհատ եւ Թէրաքքըին։

Այն պարագային, որ Կուսակցութեան մասն կազմող ոճրապարտ անհատներ չարտաքսուին իր ծոցէն եւ իրենց արժանի պատիժը չի կրեն, Իթթիհատ եւ Թէրաքքըի վրայ ծանրացող մեղքերը անհերքելի պիտի մնային։

Ներկայ ժամուս, ուր կառավարութիւնը, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, բոլորովին մեր կուսակցութեան ձեռքը կը գտնուի, կրնանք զոհերուն անմիջական օգնութիւն մը հասցնել, առանց բացառութեան յանցաւորները պատժել Օրէնքին բոլոր խստութիւնովը, եւ, նման աղէտներու կրկնութիւնը արգիլող անվրէպ միջոցներ ձեռք առնել, ու այսպէս Կուսակցութեան եւ Կառավարութեան վարկը վերահաստատել եւ Հայրենիքը փրկել։

13/25 Յունիս (1909)