ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
Որչափ
ալ
բժիշկները
վկայած
ըլլան,
թէ
ծիծաղն
շատ
օգտակար
է
մարսողութեան,
Լիկուրգոս
ծաղու
աստուածներու
արձաններ
դնել
տուած
ըլլայ
սեղանատուններու
մէջ
եւ
վերջապէս
Պղուտարքոս
կերակուրներու
առաջին
համեմն
կոչած
ըլլայ
զայն,
մենք,
այս
հրատարակութիւնն
ընելով,
երբեք
նպատակ
ունեցած
չենք
ո՛չ
փափուկ
ստամոքսի
տէր
ընթերցողներուն
մարսողութեանը
ծառայել
եւ
ո՛չ
ալ
քիչ
կերակուր
ուտողներուն
ախորժակը
բանալ,
եթէ
երբեք
գործս
պիտի
յաջողի
քանի
մը
ժպիտ
քաղել
իւր
ընթերցողներէն:
Մենք
այս
հրատարակութեամբ
աշխատած
ենք
մեր
ազգին
մէջ
գտնուած
երեւելի
անձերուն
կենսագրութիւններն
ընելով՝
անոնց
թերութիւններն
ցոյց
տալ
այն
անաչառութեամբ,
որ
կենսագրէ
մը
կը
պահանջուի՝
առանց
սակայն
դուրս
ելնելու
հեգնաբանութեան
սահմանէն:
Կը
համարձակինք
ըսելու,
որ
ոչ
զոք
վիրաւորել
ուզած
ենք
եւ
ներկայացուցած
ենք
անձերն
այնպէս,
ինչպէս
որ
են
եւ
ոչ
թէ
ինչպէս
որ
կ՚ուզեն
իրենք
եւ
եթէ
ընթերցողն
տեղ
տեղ
ծանր
կէտերու
հանդիպի`
անոնց
պատասխանատուն
մենք
չենք.
ո՞ր
հայելին
գաճաճն
Աքիլլէս
կ՚անդրադարձնէ,
ո՞ր
լեռն
սուրբը
սատանայ
կը
կրկնէ:
Կը
խոստովանինք,
որ
ծննդեան
թուականներուն
մասին
պէտք
եղած
ճշտութիւնը
չկրցինք
պահել,
վասն
զի
օրինաւոր
տոմարներու
պակասութեան
պատճառաւ
քառասուն
տարիքն
անցած
մարդ
չգտանք
եւ
ստիպուեցանք
անոնց
իւրաքանչիւրին
տալ
այն
տարիքն,
զոր
ունենալ
կը
թուին:
Յուսալով,
որ
ընթերցողն
ներողամիտ
ոգով
պիտի
նայի
գործոյս
թերութիւններուն՝
մենք
ինքզինքնիս
վարձատրուած
պիտի
համարինք,
երբ
տեսնենք,
որ
մեր
աշխատութիւնն
իւր
նպատակին
հասած
է:
Յ.
Յ.
Պ.