Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍՏԵՓԱՆ ԱՍԼԱՆԵԱՆ

—Ըղա… ըղա… ըղա…

Եւ ահա կիները կը սկսին իրենց դիտողութիւնները յայտնել, ինչպէս Պ. Տիրայր չմոռնար իւր քննադատութիւնները հրատարակել նոր գիրքի մը… կազմին վրայ:

Մանկութեան առաջին ձայնը նոր աշխատասիրութեան մը ծանուցումն է, զոր նախ դրացի կիները լսելով կը փութան գործը տեսնել եւ քննադատել:

Այն քննադատութիւններն, որ նորատիպ երախաներու վրայ եղած են, շատ աւելի օգուտներ ընծայած են ազգին, քան անոնք, որ նորատիպ մատեաննե­րու վրայ գրուած են: Պատճառը պարզ է եւ յայտնի: Երախայի հեղինակներն իրենց առաջին երկին պակասութիւնները տեսնելով` աշխատած են միւս գոր­ծերն նուազ թերութեամբ ի լոյս ընծայել: Միթէ կիներու քննադատութեան պտուղը չէ՞ տեսնել, որ անդրանիկ մը միշտ հօր մը եւ մօր մը գլուխ գործոցը չէ եւ միշտ կրտսերներն են, որ պատիւ կը բերեն իրենց հեղինակներուն` որք միայն իրաւունք ունին այսօր պարծենալով իրենց մէկ կրտսեր զաւակին ձեռքէն բռնել` ազգին ներկայացնել զայն եւ ճակատաբաց կրկնել այն խօսքը` զոր Մամուրեան ըսաւ Պ. Նորայրի բառարանի նկատմամբ, թէ «Շատ աւելի դիւրին է բանադատել գործ մը քան յօրինել, քանի որ բանադատութիւնը սո­վորաբար մի քանի էական սկզբունքի վրայ լինելով` ընդհանուր տեսութիւններ կ՚ընէ քննելի գործի մասին. մինչդեռ հեղինակութիւն մը աշխատութիւն եւ հմտութիւն կ՚ենթադրէ»: Գիրքի հեղինակներն այսպէս վարուած չեն դժբախտաբար: Ասոնք ոեւէ բանադատութիւն իբրեւ յարձակում նկատելով՝ շարունա­կած են իրենց միւս երկերն օժտել ճոխ… թերութիւններով: Սուտ խօսած չենք ըլլար, եթէ թող տրուի մեզ խոստովանիլ, որ մեր ազգն այսօր ունի աւելի հանճարեղ մարդեր, քան հանճարեղ երկեր: Եթէ մեր հարուստները հրատա­րակութեան ծախքը հոգային` աւելի հանճարի տէր մարդեր պիտի ունենայինք: Բայց հարուստները չեն յօժարիր այս բարիքն ընելու: Ինչո՞ւ, վասն զի իրենց ծախքով սնած, մեծցած ու դաստիարակուած տղաներու ճակատը չպիտի կրնան գրել, տպագրեալ եւ հրատարակեալ արդեամբ եւ ծախիւք… աղայի, ինչպէս գրել կու տան ճակատն այն գիրքերու` որոնց տպագրութեան ծախքն իրենց քսակէն կու տան:

Արդ, քանի որ կիներուն քննադատութիւններէն այսչափ օգուտ քաղած է ազգը, կը ներե՞ս, ընթերցող, որ անոնց ձայնը խղդեմ: Հարկաւ ո՛չ:

—Ըղա… ըղա… ըղա…

Խօսքը ձերն է, կինե՛ր. բայց կ՚աղաչեմ շատ մի՛ երկնցնէք…

—Ոտքդ պագնեմ, ի՜նչ սիրուն տղայ:

—Տիկին Մարթա, տես, ի՜նչպէս աղուորիկ է:

Երախան կը ժպտի:

Ո՜վ շողոքորթութիւն… ամէն տարիք կը սիրէ զքեզ:

—Ադ ի՜նչ սեւ մազեր են, քուրո՛ւկ… ներկուած են կարծես…

—Ըղա… ըղա… ըղաաաաաաաաաա

Ի բաց գնա, ո՛վ ճշմարտութիւն… ի՞նչ գործ ունիս մեր մէջ…

—Արեւուն մեռնիմ, շատ խելացի զաւակ է:

Երախան հաւանութեան ցոյցեր կ՚ընէ:

—Մեծ մարդու պէս աչքերը չորս դին կը պտտցունէ:

—Ըղա… ըղա… ըղա…

—Ես չէի ըսողը, մեղայ…

—Ի՜նչ բարկացող տղայ…

—Ըղա… ըղա… ըղա…

—Երեսներուն վրայ վարդ է բացուեր:

Ծիծաղը վերստին կը փայլի:

—Աստուած թշնամիիս ասանկ զաւակ տայ:

—Ըղա… ըղա… ըղա… ըղա…

—Աս տղուն ի՞նչպէս խօսելու է, գովեստէն ալ չախորժիր:

—Կ՚ախորժի. բայց շատ սրամիտ ըլլալով` կարծեց թէ թշնամիէդ վրէժ լուծելու համար` թշնամիիս ասանկ զաւակ տայ ըսիր:

—Ես ձեզի բան մը ըսե՛մ. այս տղան կատակէ չախորժիր:

Ասոնք են ահա դիտողութիւններն, զորս դրացի կիներն ըրին սոյն երկասիրութեան կազմին եւ գեղեցկութեանը վրայ, մեզի թողլով անշուշտ անոր պարունակութեանը վրայ մերիններն ընել:

Ստեփան Ասլանեան, աշակերտ ճեմարանի, դարձեալ աշակերտ արքունի բժշկական դպրոցի, վարժապետ Ստեփան Փափազեանի, կառավարիչ ազգային երեսփոխանական ժողովոյ, ծնաւ: Ծնիլը հաստատապէս գիտենք, բայց ծննդեան թուականին ճշտութեանը վրայ չենք կարող պնդել: Եւ իրաւունք ալ ունինք, վասն զի սուրբերու տօնախմբութեան օրերուն պէս ամէն տարի կը փոխուի մեծ մարդերու ծննդեան… տարին: Չենք պնդեր, բայց շատ հաւանա­կան է որ 1825֊ին ծնած ըլլայ. որովհետեւ երբ անգամ մը նկատողութեան առ­նենք այն վաղն, որով կը հալածէր Խրիմեանը` որ ծնած է 1823֊ին, իսկոյն կրնանք մակաբերել, որ Խրիմեանի աշխարհ գալն իմանալէն անմիջապէս ետ­քը ճամբայ ելած ըլլայ:

Ստեփան Ասլանեանի օրօրանն ըլլալուն վրայ իրաւունք ունի պարծենալ այսօր Բերայի թաղն, որուն վարժարանին մէջ առաւ առիւծորդին իւր առա­ջին… որսը: Սրամտութեանն ու ճարպկութեանը շնորհիւ, սուղ ժամանակի մէջ իւր դասընկերները ճեղքելով առաջ անցաւ: Այնչափ կը վազէր դասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ փողոցներու մէջ, որ վարժապետը կը խորհէր զայն գտնուած դասէն հանելով ուրիշ դասատու մը բերել տալ եւ անոր յանձնել. սակայն մէկ աշակերտին մէկ դասատու յատկացնելու դիմադրութիւն կ՚ընէր թաղական… սնտուկը: Կը զգար ինք, որ դասընկերներուն ծուլութեանը կը զոհուէր, որով կը ստիպուէր իւր գործը քալեցնելու համար շատ անգամ անոնց օգնել: Երբ ընկերները դասի կ՚ելնէին, ինքը յուշարարի պէս անոնց ետեւէն կ՚ըսէր այն օրուան դասն, ինչպէս երեսփոխանական ժողովոյ մէջ կ՚ըսէր դասընկերներուն իրենց համարը: Իւր անդուլ աշխատութեամբն յաջողեցաւ չորս ամսուայ մէջ ուսանիլ Համաձայնութիւնը, զոր չէ կրցած սակայն գոյացնել օր մը ժողովոյ մէջ: Տէր բային ո՛ւր ալ գտնուէր, անմիջապէս կը ճանաչէր, կարծես պարտք ունէր անոր: Վերջապէս օր մը դասատուին քանի մը սխալները գտնելով, հա­մոզուեցաւ, թէ այդ վարժարանն անկարող էր յագեցնել անօթութիւնն, զոր կը… սնուցանէր սրտին մէջ ուսման եւ գիտութեան համար: Բախտաւոր էր, վասն զի այն ատենները ազգին զաւակներուն դաստիարակութեանը համար խորհող հարուստ գլուխներ եւ մարդեր կային:

1838֊ին՝ բարեյիշատակ Կարապետ ամիրայ Պալեան եւ անոր քեռայրը` Յովհաննէս, արքունի ճարտարապետներ, որոշեցին, ազգային մանկտւոյն լոյս տալու նպատակաւ, Իսկիւտարի Երուսաղէմի վանքն հիմէն նորոգելով վարժարանի փոխարկել: Այս որոշման վրայ ուրախացաւ Ստեփանիկն, ինչպէս կ՚ուրախանայ աղջիկ մը, երբ իրեն ըսեն. ել, պարահանդէս տանիմ քեզի: Այս ամիրաները Երուսաղէմի պատրիարքին իմացուցին իրենց որոշումը, խնդրելով նորին սրբազնութենէն, որ այդ շէնքն ազգին շնորհելու հաճելէն ետ­քը` բարեհաճի նաեւ տարին հարիւր քսան հազար դահեկան տալ աղքատ տղաներու կրթութեան համար: Նորին սրբազնութիւնն, որու անունն բարեբախտաբար Եսայի չէր, որ օր մը ելնէր եւ ազգին ըսէր` վանքը քսանհինգ հազար ոսկի պարտք ունի. օրհնեալ ժողովուրդը բարեհաճի զայն վճարել, ընդունեց իրեն ներկայացուած առաջարկութիւնը: Հայկական հաստաբազուկ եղբայրներ փլցուցին այդ մեծ վանքը… տասը վայրկեանի մէջ, ինչպէս կոր­ծանեցին Արմաշու միաբանները հոմանուն վանքը, ինչպէս պիտի կործանէ օր մը Մամբրէ Մուշի վանքը, եթէ դեռ կործանուած չէ: Այո՛, տասը վայրկեա­նի մէջ. իրարու երես նայելու հարկ չկայ. եթէ չէք հաւատար` ցոյց տուէք ազ­գային շէնք մը եւ հիմնայատակ ընենք տասը վայրկեանի մէջ… հայու արիւն կը կրենք մենք: Քանի մը շաբաթ ետքը վարժարանի մը շինութեան ձեռնար­կեցին եւ քանի մը ամիսէն վանքին տեղ կանգնեցին վարժարան մը, զոր արիստոտէլեան ճաշակով կոչեցին ճեմարան, ուր պիտի դասախօսէին դասատունե­րը… պառկելով: 1838 դեկտեմբերի 9֊ին ճեմարանի դռները բացուեցան: Աս­լանեան գիրքերը ժողվելուն պէս վազելով ճեմարան մտաւ, եւ հազիւ թէ դա­սերու բաժանումը պիտի սկսէր` ամիրաներու դասուն բաժանումը սկսաւ:

Քանի որ ճշմարտութիւն է, ինչո՞ւ վախնանք ըսելու թէ մեր դաստիա­րակութեան շէնքերը Եանոսի տաճարներ էին մինչեւ մօտ ժամանակներս. եթէ կռուոյ ժամանակ չէին բացուեր անոնց դռները՝ գոնէ բացուելուն պէս կռիւը կը սկսէր եւ փակուելուն պէս խաղաղութիւնը վերստին կը հաստատուէր: Ճեմա­րանի բացուելէն քանի մը ամիս ետքը, մէկ կողմէն աշակերտներու ոմանց ծնողքը մեծ զրկանք կը համարէին իրենց տղաները ճեմարան ղրկելէն ետ­քը տարեկան թոշակ վճարելը: Միւս կողմէն ամիրաներու մեծագոյն մասը կը փափաքէր, որ ի փառս ազգին ճեմարանը… կործանուի, սպառնալով, որ եթէ անոր դռներր չփակուին` պիտի ստիպուէին ֆալախայի առնել… ճեմարա­նը: Ազգին պատիւը կը պահանջէ, որ, կ՚ըսէին, ճեմարանը գոցուի: Այս լուսոյ տաճարն սկսաւ օրըստօրէ պարտքի տակ ճնշուիլ։ Ամիրաները յաջողեցան Երուսաղէմէ առնուելիք հարիւր քսան հազար դահեկանի վճարումն ուշացնե­լով եւ իրենց ծանօթներուն զաւակները ճեմարանէն քաշելով փակել տալ անոր դռները, հակառակ այն ջանքերու, զորս ժողովրդեան արհեստաւոր մա­սը թափեց կանգուն պահելու համար այդ շէնքը: Քանի մը տարի կռուոյ աս­պարէզ ըլլալէն ետքը` 1841 հոկտ. 3֊ին` դռնփակ նիստ ըրաւ ճեմարանը… իբրեւ պատճառ խռովութեան… կեցցէ ամիրայութիւն…

Ձեզ կը հարցունեմ հիմա. ասանկ վարժարանի մը մէջ ի՞նչ կրնար սորվիլ Ասլանեան. անշուշտ լաւ կռիւ ընել. եւ եթէ այսօր ազգային կռիւներու մէջ մեծ համբաւ հանած է, այն ալ ճեմարանի պարտաւոր է: Չմոռնանք սակայն հոս յիշել, որ հոն համոզուեցաւ Ասլանեան, թէ անհրաժեշտ պէտք է սահմա­նադրութիւնը հաստատել, որպէսզի ամիրայութիւնը կործանուի: Ամէն ազգե­րու մէջ այսպէս եղած է, երբ միապետութիւնն սահմանէն անդին անցած է` ծնած է հասարակապետութիւնն` որ միապետութեան ծնունդ տուած է, երբ օրէնքը չարաչար գործածած է: Ես ժամանակ չունիմ հիմա պատմութենէն, ոչ ալ Ալֆիերիի բռնաւորութիւնէն ապացոյցներ մէջ բերել հոս. եթէ իմ տեղս բժիշկ Շիշմանեանն ըլլար` երկար յօդուածով մը կը հասկցնէր ձեզ թէ միա­պետութի՞ւնը սահմանադրութենէն կ՚ելնէ, թէ սահմանադրութիւնը միապե­տութենէն:

Այնչափ զզուեցաւ Ասլանեան ամիրաներու բռնած ընթացքէն, որ ամիրա­ներու հետ բոլոր մարդերն ալ սկսաւ ատել. ահ, կ՚ըսէր օր մը, ջրհեղեղ ըլ­լայի եւ ամէնը ջնջէի: Շատ ուշ հասկցաւ անշուշտ, որ նախախնամութիւնը մարդերը ջնջելու համար ջրհեղեղէն ետքը բժիշկները ղրկեց աշխարհ, որք հին ժամանակներու մէջ ջրհեղեղէն աւելի գործ տեսան, շատ ուշ հասկցաւ, բայց բնութիւնը շատ կանուխ զգացուց իրեն թէ բժիշկ ըլլալու էր: Եւ արդարեւ քաջ բժիշկ ըլլալու համար նախ եւ առաջ ի՞նչ պէտք է ունենալ: Ապառաժի ձեւով սիրտ մը: Ե՞տքը: Ետքը` դանակ, ասեղ եւ դերձան: Ուրի՞շ: Մատիտ մը եւ կտոր մը թուղթ: Ասլանեան այս ամէնն ունելով ունէր, մանաւանդ առաջինը, որու շնորհիւ կրնար սառն արիւնով ձեռք կտրել, աչք հանել, ոտք կոտրել, եւ վերջը կարել: Եթէ նոր աշխարհը բժիշկներու համար ալ կարի մեքենաներ հնարէր` բժիշկները այս ձանձրութենէն ալ կ՚ազատուէին, մանաւանդ հիւանդներն ալ չարչարանքէն: Ասլանեան, ինչպէս ըսինք, բժշկութեան կոչում ունէր, ներգոր­ծապէս եւ կրաւորապէս, ուստի ճեմարանէն ելնելէն քանի մը ամիս ետքը, արքունի բժշկական վարժարանը գնաց: Դարձեալ իւր մեղուաջան աշխատու­թեամբն սորվեցաւ, թէ ինչպէս կը սպաննուին մարդեր… առանց զէնքի… Երբ կը տեսնեմ մարդասպան մը, որ դատի ելած ժամանակը իւր յանցանքը պարապ տեղը ուրանալու կ՚աշխատի, կը զարմանամ, թէ ինչու դատաւորներուն դառ­նալով ես բժիշկ եմ չըսեր` ինքզինքը արդարացնելու համար: Երբեք ամիրա­ներու կամ պատրիարքներու առջեւ ծունկ չոքելով յանձնարարական թուղթ չմուրաց, միայն իւր խելքէն, ջանքէն յանձնարարուելով աստիճանէ աստի­ճան բարձրացաւ: Տասնապետ, յիսնապետ, հարիւրապետ, հազարապետ ըլլալէն ետքը փաշայութեան բարձր աստիճանն ելաւ, ուր կը վախնամ ես ելնելու: Ահա մարդ մը, որ կրնայ ըսել հանդարտ խղճմտանքով եւ պարծանքով իմ գործերուս զաւակն եմ: Այսօր սուր մ՚ալ կը կախէ մէջքէն, որպէսզի դե­ղերովը եթէ չկարենայ նպատակին հասնիլ` սուրը քաշէ: Կը փափաքէի, որ բոլոր բժիշկներն ալ մէյ մէկ սուր կրէին, իբրեւ նշան իրենց արուեստին: Կրնանք վկայել իրեն համար, որ արհեստը չարաչար չգործածեր, երբեմն աղքատներն ալ կ՚այցելէ առանց դրամ ընդունելու այսպէս չվարուող բժիշկներն բամբասանքի կ՚ենթարկուին. լաւ, բայց գնա հարուստ վաճառականի մը եւ աղքատի մը համար կտաւ ուզէ, կը ծաղրեն քեզի չեն ալ բամբասուիր: Օր մը երկու ծեր եւ հիւանդ կիներ իրեն դուռն ափ առած էին: Սպասաւորն դուռը բացաւ եւ կարծելով, թէ այս կիներու ներկայութիւնն ձանձրոյթ կը պատ­ճառէ փաշային` վռնտեց զանոնք ըսելով, ինչպէս որ սովորութիւն է.

—Հոս չէ, դուրս ելաւ:

Փաշան վերէն իմանալով եղելութիւնը` պատուհանը բացաւ եւ ըսաւ.

—Թո՛ղ տուէք կիներուն ինձի գալ:

Եւ այդ ծերերը քովն առնելով անոնց բազկերակները քննեց, բայց ոչ ունելիով, ինչպէս կ՚ընեն փափուկ բժիշկներէն ոմանք. դեղագիրը գրեց եւ ճամբեց:

Մինչեւ հոս իբրեւ Ասկղեպիոսի աշակերտ ներկայացաւ Ստեփան փաշան. ասկից ետքը պիտի տեսնենք զինք ազգային ասպարէզին մէջ Անաքարսիսի աշակերտ ատենախօսութեան մէջ. Մովսէսի հետեւող… օրէնքներու գործա­դրութեան մասին, եւ կենդանի Պրոտէոս… գոյն փոխելու տեսակէտով:

Սահմանադրութեան հաստատութեան օրերը կը մօտենային, եւ ինքը կ՚ու­րախանար, որ ամիրաներէն վրէժ լուծելու ժամը պիտի հնչէր, այս պատճա­ռով աշխատակից կ՚ըլլար այն ամէն անձերու, որ պատիւ ունին այսօր Սահ­մանադրութեան հաստատող անունը կրելու: Ժամը հնչեց. ֆալախան վերցուե­ցաւ եւ Սահմանադրութիւնը հրատարակուեցաւ: Ուրախութենէն նոյն օրը քանի մը ամիրայ ծաղրեց:

1862֊ին անդամ եղաւ Սահմանադրութեան Գործադիր ժողովին, որ չկր­ցաւ գործադրել Սահմանադրութիւնն` անոր համար, որ միւս անդամները Ստեփան փաշային պէս խիստ չէին գործադրութեան մէջ:

1863֊ին քաղաքական ժողովոյ անդամ եղաւ, եւ առաջարկեց, որ ազգային լրագիրներուն բերանը սանձ դրուի: Սահմանադրութեան բարեկամէ մը ասանկ առաջարկութիւն լսելը շատերուն զարմանք պատճառեց. բայց արդարացուց ինքզինք, առարկելով, թէ` սանձ դրուի ըսի, բայց չըսի թէ սանձ դրուելէն ետքը կառքերու լծուին: Այս առարկութիւնն այն ատեն իբրեւ գոհացուցիչ նկատուե­ցաւ, բայց Ստեփան փաշայ չկրցաւ իւր վրայէն վանել ժողովրդեան այն հա­մոզումը, թէ` իւր կարծիքները դեռ հաստատ հիման վրայ չեն, եւ թէ այնքան փոխուելու ենթակայ են, որքան մարդուս դիրքը:

1874֊ին Երեսփոխանական ժողովոյ ատենապետութեան աթոռին վրայ ելաւ նստեցաւ: Գլուխ եղաւ ձախակողմեան անուանուած երեսփոխաններուն՝ որք կը պնդէին, թէ ազգին շահերը պաշտպանելու վրայ հիմնուած է իրենց կուսակ­ցութիւնը, թէպէտեւ աջակողմեաններն ալ պոռալէ չէին դադրեր` թէ իրենք են ազգային շահուն պաշտպանները: Ձախ կողման մէջ այնչափ խորը գնաց, որ աջ կողմէն եկած հիւանդները չէր բժշկեր, կամ, լաւ եւս, չէր մեռցուներ: Ատեն եղաւ, ուր յայտնեց թէ Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը ազգային շահերուն հակառակ էր. սակայն ժամանակ ալ եղաւ, ուր ոչ միայն համաձայն դատեց, այլ վարչութեան կազմակերպութեան համար ծրագիր մ՚ալ պատրաս­տեց եւ Փունջ լրագրի մէջ հրատարակել տուաւ: Իւր ատենապետութեան օրովն էր, որ յաջողեցաւ Խրիմեանը վար առնել` Սահմանադրութեան կէտերը, ստո­րակէտները, բութերը չգործածելուն համար, որոնց անգործադրելի ըլլալն ինքն ալ հաստատեց վերջէն իւր պատրաստած ծրագրովը: Քանի մը անգամ­ներ դռնփակ նիստ ընելով` ժողովուրդը դուրս հանեց. խորաններուն ետեւը փնտռել տուաւ եւ քիչ մնաց, որ Աստուածածնայ պատկերն ալ դուրս հանել պի­տի տար, որպէսզի ճնշման ներքեւ չխօսին երեսփոխանները: Երբեմն ալ ատենապետութիւնը վարեց այն նաւապետին պէս, որ նաւուն մրրիկի բռնուած ժամանակը օթեակը կը քաշուի եւ հրաժարական կը գրէ նաւուն տէրերուն: Ի վերայ այսր ամենայնի խոստովանինք նաեւ, թէ մեծ յարմարութիւն ունի ժո­ղովը կառավարելու… երբ մրրիկ չկայ: Այնչափ լաւ համոզել գիտէ, այնչափ քաջ ուսած է կիրքերը յուզելու, կամ, եթէ ուզէ, խաղաղելու արհեստն, որ կա­րող է զոյգ մը աղաւնիներու իրարմէ պաղեցունել, կամ, եթէ ուզէ, կատուի եւ շան մէջ սէր եւ միութիւն հաստատել: Երբեմն երեսփոխաններն իրարու հետ զուգակշռելով կ՚ըսէի. 0տեան խորհելու է, Ասլանեան խօսելու է եւ Փափազեան գործելու է. եւ ամէն անգամ, որ ազգը տագնապալից ժամանակներ ունե­ցած է, ամէնուն ըսած եմ. կ՚երեւի որ դարձեալ Ասլանեան կը խորհի, Փա­փազեան կը խօսի եւ Օտեան կը գործէ: Այսպէս վեց եօթը տարի ատենապե­տութեան պաշտօն վարած է: Թէպէտեւ եթէ այսօր օրակարգը աչքէ անցունե­լու ըլլանք` կը տեսնենք, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բանտ մը` որուն մէջ եօթը տարիէ ի վեր բանտարկուած խնդիրներ կան, զորս հարցնող փնտռող չկայ. մե­ռած խնդիրներ ալ պակաս չեն հոն: Օրակարգին մէջէն ելնող խնդիրները փախչելով բանտէն խալսողներուն կարգէն են: Սակայն ասոնց պատասխանա­տւութիւնը ատենապետին վրայ բեռցունելն անիրաւութիւն է. վասն զի քանի որ երեսփոխանութիւնը միշտ շնորհակալութիւն յայտնած է իր ատենապե­տին, դիւրին է գուշակել թէ ուրիշ ատենապետի մը օրով ոչ թէ միայն խնդիր մը, այլ երեսփոխաններն ալ չպիտի կրնային ելնել օրակարգին մէջէն:

Գրական ասպարէզին մէջ մտած չէ, թէպէտեւ կրնար հոն աթոռ մը ունենալ: Եթէ քաջ խօսելու, մարդ համոզելու արհեստը պարունակող գիրք մը հրատարակէր` մեծ ծառայութիւն մը պիտի մատուցանէր ազգին: Վասն զի մեր երիտասարդներէն շատերն, որ ինքզինքնին պերճախօս կը կարծեն` մինչեւ այսօր օգուտ քաղած չեն մարդ համոզելու արհեստէն… երբ հացավաճառի մը կամ մսավաճառի մը առջեւ գտնուին: Ստեփան փաշան եթէ փափաքէր` դժուարութիւն չէր կրէր նաեւ հրատարակելու գիրք մը Առողջաբանութիւն անունով եւ որուն մէջ ընդարձակօրէն խօսիլ գոնէ մէկ հիւանդութեան վրայ, որ բժշկուե­լու ենթակայ է, ինչպէս նաեւ այն տենդերուն վրայ, որ առաջ կու գան խօսք ու­զելէն եւ ատենապետին խօսք չտալէն: Վերջապէս գրելու ձիրք եւ դիւրութիւն ունենալէն ետքը, չգիտենք թէ ի՛նչ պատճառաւ այսչափ հեռի կ՚ապրի այդ ասպարէզէն:

Սկզբունքներուն գալով` կրնանք հետեւեալները կարծել… այս տարուան համար:

Բարկութեանդ մէջ լեզուիդ իշխէ, ականջներուդ համբերութիւն մաղթէ, իսկ կիրքերուդ յարատեւութիւն:

Կարծիքները պէտք է սպասաւորներու պէս գործածել, շոյելու է զանոնք, եթէ քեզի շահ կը բերեն. իսկ վռնտելու է, երբ շահուդ կը դպչին:

Բամբասանքը հով մ՚է, որ կու գայ, կ՚անցնի, վա՜յ անոնց, որ ամէն հովէ կը շարժին:

Ստեփան փաշայ վայելուչ հագուստով, միջին հասակով, միջին գերու­թեամբ գեղեցիկ մարդ մ՚է: Վարդի պէս կարմիր այտեր եւ ածուխի պէս սեւ յօն­քեր ու մազեր ունի:

Ամէն անգամ որ տեսած եմ զինքը Երեսփոխանական ժողովոյ ատենապե­տական աթոռի վրայ` կարծած եմ, թէ լուծողական դեղ խմած է որ մօտ է իւր արդիւնքը ցուցնելու, եւ միշտ ասանկ պարագաներու մէջ է, որ ոտք ելնելով յայտարարած է «Ատեանը գոցուած է, տեարք երեսփոխանք»: