Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՏԵՓԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Ստեփան Պերճ Պօղոս Փափազեան, դասատու, ազգային երեսփոխան, այցելութիւն տուաւ աշխարհին այն ձեւով, որով դարուս մեծ մարդերն իրարու կ՚այցելեն. այսինքն կանխաւ հարցուց աշխարհին, թէ ժամանակ ունի՞ իւր այցելութիւնն ընդունելու: Գինեմոլի մը քթէն աւելի կարմիր սահմանադրա­կան, եւ ժողովրդեան իրաւունքներուն տենդէ մը աւելի ջերմ պաշտպան ըլլա­լով` նախապէս հասկնալ ուզեց, թէ մի գուցէ իր աշխարհ գալն վնաս է ազ­գային շահերուն. ուստի մօրն արգանդէն հարցում մը ներկայացուց հետեւեալ իմաստով.

«Իմ աշխարհ գալս ժողովրդեան իրաւունքներուն հակառա՞կ է, թէ ոչ»:

Այս հարցումն կարծիքներու տարաձայնութիւն մը գոյացուց ազգին մէջ: Մէկ մասն որ ամիրայական էր, Փափազեանի ծնունդն հակառակ դատելով ազգային շահերուն, անոր հարցման հետեւեալ կերպով կը պատասխանէր.

«Եթէ ձեր աշխարհ գալը քիչ մը երկարաձգէք՝ ազգին մեծ ծառայութիւն մը ըրած կ՚ըլլաք»:

Միւս մասն, որ ժողովրդական էր եւ որուն մէջ սխալմամբ սպրդած էին քանի մը ամբաստանուած կրօնաւորներ, որոնք արդարանալու համար անհամ­բեր Փափազեանի գալստեան կը սպասէին, անոր ծնունդը համաձայն կը կար­ծէին ազգային շահերուն եւ իւր հարցման այս պատասխանը կու տային.

«Կարելի եղածին չափ շուտ գալու աշխատեցէք»:

Այս վերջին մասը մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ կ՚որոշէ, որ Փափազեան ազատ է աշխարհ գալու:

Փափազեան, որ աշխարհ գալէն աւելի կը փափաքէր Ղալաթիոյ խորհրդա­րանը գալ, որպէսզի հոն ամուր դիրք մը բռնելով` դիւրութեամբ կարենար պաշտպանել ազգային շահերն, որոնց մէջ ինքն ալ խոշոր շահ մը ունէր, ան­շուշտ իբրեւ ժողովրդեան խոշոր մէկ անհատը, Փափազեան, կ՚ըսեմ, ջանաց առջի բերան քիչ մը բարեփոխել այս որոշումն. իսկ երբ համոզուեցաւ, որ անկարելի էր` հաւանեցաւ Խասգիւղ գալ 1839 թուականի նոյեմբեր ամ­սուն մէջ:

Այս տղան ծնելուն պէս թմրութեան մէջ ինկաւ. կենդանութեան նշան մը չէր երեւար իր վրայ եւ մանկաբարձն պատրաստուելու վրայ էր վերջին բառն ըսելով յայտնելու, թէ մեռած է, երբ յանկարծ կը տեսնէ, որ անոր լեզուն կը շարժուի: Այս լեզուն, որ քանի շարժէր կը մեծնար, երեք վայրկեանի մէջ մայր եկեղեցւոյ աւագերէցին հողաթափին չափ մեծցաւ: Ներկայ եղողներն ապշած իրարու երես կը նայէին, երբ զարմացմամբ տեսան, որ երախային լեզուէն գեղեցիկ տղայ մը կը ծնէր: Մանկաբարձը նախ կը սոսկայ, բայց յետոյ յիշելով, որ Ադամայ կողէն կին ստեղծող ամենակարողն չտկարանար Փափազեանի լեզուէն ալ էակ մի լոյս բերել, կը վանէ սոսկումն, կը գրկէ լեզուածին մանուկն եւ խանձարուրի մը մէջ կը փաթաթէ զայն: Աւելորդ է ըսել, որ ժողովրդականութիւն էր այս լեզուածին եւ գրաւիչ մանկան անունը, քանի որ ազգին մէջ առած դարձած է այն խօսքը` թէ ժողովրդականութիւնը Փափազ­եանէ ծնունդ առած է: Չեմ կարծեր, որ գտնուի մէկն այսօր եւ ինձի հարցունէ, թէ ինչո՞ւ Ադամայ կողէն Եւա եւ Փափազեանի լեզուէն ժողովրդականութիւն ծնաւ. վասն զի ամէնքս ալ գիտենք, որ մարդս ինք իր գլխուն տկար էակ մ՚է եւ անպատճառ ընկերի պէտք ունի: Ադամ կնկան մը պէտքն ունէր, ստա­ցաւ զայն կողէն. Պրահմա քահանայի, պատերազմողի եւ արհեստաւորի պէտքը կը զգար, ստեղծեց զանոնք` իր գլխէն հանելով առաջինը, բազուկէն քաշելով երկրորդը, ոտնէն առնելով երրորդը. Փափազեան ժողովրդականու­թեան համար կը հառաչէր, ընդունեց զայն իւր լեզուէն: Մոռնալու չէ, որ ապ­րելու համար ամէն մարդ իրեն ընկեր մը ստեղծելու հարկին մէջ գտնուած է. խմբագիրներն, որ ձմեռուան ածուխ գնելու համար Լուսինեան կը ստեղծեն. երեսփոխաններ, որոնք իրենց շահուն համար ամէն օր նոր իրաւունքներ կ՚ածեն, բանաստեղծներ, որ օր մը չեն կարող ապրիլ եթէ իրենց համար գովեստներ չքաշեն իրենց բարեկամներու բերնէն. դատաւորներ, որոնք Արդա­րութիւնը չտեսնելու համար Կուրութիւն ի լոյս կ՚ածեն. վաճառականներ, որ ժամուան մը մէջ Ստութեան երկու հազար հաւկիթ մէկէն կը ձգեն. գրավա­ճառներ, որ օրացոյց մը ծախելու համար ճարտասանութեան ստեղծող կը հանդիսանան. խաբեբաներ, որ խաբելու համար իրենց աչերէն այնչափ արտօսր կը թափեն, որուն վրայ անգղիական Տեւասթեյլըն զրահաւոր նաւը կրնար ճամբորդութիւն ընել. երգիծաբաններ, որ ոչ թէ ապրելու, այլ չմեռնելու հա­մար իւր ընթերցողներուն ծիծաղին արարիչ կ՚ըլլան. գրագէտներ, որ կտոր մը հացի համար ժամուան մը մէջ իրենց ըղեղէն խմբագիր, դասատու, մա­տենագիր, թարգմանիչ կը հանեն. ընթերցողներ, որ ձրիաբար լրագիր կար­դալու համար լրագիր ունեցողի մը քով շուտով բարեկամութիւն կը ստեղծեն եւ անոր գրպանէն լրագիրը կը քաշեն ըսելով, չեմ կարծեր, որ մէջը նոր բան մը ըլլայ. երիտասարդներ, որ պարի մէջ նոր կամուրջներ կը ստեղծեն օրիորդ­ներուն ու տիկիններուն թեւերուն տակէն անցնելու համար. ագահներ, որ այն ատեն իրենց զաւակ կը ստեղծեն, երբ գիշերօթիկ վարժարանի մը տնօրէնէն խօսք առնեն, որ իրենց զաւակն կէս թոշակով պիտի ընդունի վարժարանին մէջ. պճնող, պչրող տիկիններ եւ օրիորդներ, որ իրենց դէմքին վրայ ամէն օր նորանոր պատկերներ կը ստեղծեն. վերջապէս այս ամէնը չէ, որ ստեղծեց Ազգային ջոջերը: Արդ, ասոնք կարդալէն ետքը, ոչ ոք կը համարձակի քար­կոծել Փափազեանը, թէ ինչո՛ւ ժողովրդականութեան ծնունդ տուաւ եւ ոչ թէ ուրիշ բանի մը. մանաւանդ թէ ամէն մարդ գովելու պարտաւոր է զինք այն նախատեսութեան համար, որով գուշակած է, թէ հայ ազգին մէջ աւելի կը վաստկի այն մարդը, որ ահ ժողովուրդ, վահ ժողովուրդ կը պոռայ, քան այն, որ ուղղական բան, սեռական բանի ըսած ժամանակը միւս կողմէն բաժա­նորդներուն ոտները համբուրելով կ՚աղաչէ, որ հաճին իրենց բաժանորդագի­նը վճարել: Իսկ գալով այն հարցման, թէ Ժողովրդականութիւնը ինչո՛ւ անոր լեզուէն ծնաւ եւ ոչ սրտէն, կը պատասխանենք, որ մարմնակազմութեան տեղե­կութիւն ունեցողներուն յայտնի է արդէն, որ լեզուն ասանկ բաներու ծնունդ տալու համար սրտէն շատ աւելի դիւրութիւններ ունենալով, Ժողովրդակա­նութիւնը չէր ուզած անոր սրտին նեղութիւն պատճառել: Փափազեան թէպէտեւ գիտէր, թէ ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ զինքը քարկոծելու, բայց գիտնալով նաեւ թէ քարկոծելու համար անպատճառ իրաւունք ունենալու չէ, հրահանգ ղրկեց կնքահօրն, որ անունը Ստեփաննոս դնէ:

Փափազեանին հանճարը լեզուին վրայ ամփոփուած ըլլալով, չորս ամիսէն խօսիլ սկսած էր եւ Լրագրի խմբագիրէն շատ աղէկ կը հասկցունէր իւր միտքը:

Մանկութեան օրերը խօսելով անցունելէն ետքը, 1849֊ին Խասգիւղի թաղային վարժարանը մտաւ, նայելու համար թէ… ո՛վ կայ ներսը: Տարիի մը չափ հոն մնաց եւ սորվելէն ետքը, թէ բան մը սորված չէր՝ իրեն յարմար վարժարան մը փնտռելու համար դուրս եկաւ: 1850֊ին Ազգային հիւանդա­նոցը գնաց: Եթէ Փանոսեանի տնօրէնութեան ժամանակ գացած ըլլար` ան­պատճառ խենդերու քովը պիտի դրուէր. վասն զի այս երկուքին կարծիքներն շատ հակառակ են իրարու: Քիչ ժամանակի մէջ շատ առաջ գնաց մայրենի լեզուին մէջ: Այնչափ լաւ սերտեց քերականութիւնն, որ շիտակ խօսիլ ու գրել սորվելէն ետքը, շիտակ չխօսիլ ալ սորվեցաւ բաւական: Այն ատենուան բոլոր քերականութիւններն աչքէ անցունելէն ետքը` ինքը գրեց հատ մը եւ անկից դաս տալ սկսաւ… իրեն: 1854֊ին հողագործութեան դասախօսութիւն բացուած ըլլալով յիշեալ վարժարանին մէջ՝ սկսաւ մշակել նաեւ այս ճիւղը, զոր բաւական ընդարձակեց: Հող ճանաչելու մասին իրեն հաւասարող չկար. չէր քաղեր ինչ որ կը ցանէր, շատ անգամ ելակ կը տնկէր եւ կաղամբ կը քաղէր: Ենթադրելով, թէ հողն ապերախտ չգտնուիր իրեն` մենք կ՚ըսենք, որ ժողովրդեան շահերը պաշտպանելու կոչուած մէկը դդումի կամ շողգամի իրաւունքներու հետ զբաղելու ժամանակ չկրնար ունենալ:

1856֊ին, դասատւութեան ճամբով ժողովրդականութեան հասնելու նպա­տակով, Իզմիրի Մեսրոպեան վարժարանի հայկաբանութեան դասատու կարգուեցաւ: Չորս գործողութիւնները միայն պարունակող համառօտ թուաբանու­թիւն մը հրատարակեց հոն: Ամէն անգամ, որ աշակերտներու մէջ թուաբանական խնդրոյ մը վրայ վիճաբանութիւն կ՚ըլլար` ինքն միշտ մեծամասնու­թեան կողմը կը գտնուէր… ժողովրդականութիւն վաստկելու համար:

Վարժարանին մէջ օր մը կռիւ կը ծագի երկու աշակերտներու մէջտեղը, որոնք իրարու գլուխ կը պատռէին: Փափազեան կը տեսնէ եւ անմիջապէս անոնց քովը կ՚երթայ:

—Վարժապետ, առաջ ան ինձի զարկաւ:

—Ինչո՞ւ զարկիր, պարոն:

—Վարժապետ, մէկ անգամ չորսը մէկ կ՚ընէ՝ կ՚ըսէ:

—Ան ալ կ՚ըսէ, որ մէկ անգամ չորսը չորս կ՚ընէ:

—Ասոր համար իրարու գլո՞ւխ պատռելու է: Կարծիքներու ազատու­թիւնը յարգելու էք:

—Բայց վարժապետ, կարելի՞ է, որ մէկ անգամ չորսը մէկ ընէ:

—Կարելի է, որ ընէ:

—Ի՞նչպէս հասկնալու է:

—Քուէի դրէք, մեծամասնութիւնն ո՛ր կողմն որ գոյանայ, ուղիղն ալ այն կողմն է:

Տասնի չափ աշակերտներ խնդիրը քուէի կը դնեն եւ մեծամասնութիւնը կ՚որոշէ, որ մէկ անգամ չորսը մէկ կ՚ընէ:

Փափազեան աւելի եւս կը հաստատուի իւր համոզման մէջ, թէ ոեւէ խնդրոյն մէջ յաղթանակը տանելու համար խելքէն աւելի մեծամասնութիւն ունենալու է մարդ մը:

Քանի մը տարի Իզմիր մնալէն ետքը 1859֊ին Պոլիս դարձաւ եւ դասա­տւութեան պաշտօնով նորէն Ազգային հիւանդանոցը մտաւ: Օրը երկու ան­գամ ատենաբանութիւն կ՚ընէր աշակերտներուն, ոչ թէ անոնց բան մը խօսելու, այլ վարժուելու համար ատենախօսութեան, որով օր մը աջակողմեան երեսփոխաններու գլուխը պիտի ճաթեցունէր Ազգային ժողովոյ մէջ: Ա մեն ­օրեայ վարժութիւններու շնորհիւ այնքան յառաջդիմութիւն ըրաւ խօսելու մէջ, որ եթէ ունկնդիրներն երկաթեայ ականջ ունենային` ամիս մը շարունակ կը խօսէր առանց ամենափոքր նեղութիւն մը զգալու: Ճառին ուժգնութիւն տալու համար բան մը չէր խնայեր. եթէ խօսքերը տկար գտնուէին` կը դիմէր ձեռներուն, որ խօսքերէն աւելի զօրաւոր էին, ձեռներովը կը զարնէր առ­ջեւը դրուած գրասեղանին եւ կը կոտրէր զայն: Հերակղէս կը ձեւանար, երբ լու մը սպաննել հարկ ըլլար: Ունկնդիրներն արթնցնելու համար իշուն ստուերին չէր դիմեր, այլ բոլոր ուժովը կը պոռար: Սովորութիւն ունէր խօսած ժամա­նակ երբեմն քանի մը քայլ առնել դէպի ձախ եւ երբեմն դէպի աջ վերջերս կարծիքներն ալ ոտներուն օրինակին հետեւեցան, երեսփոխանական ժողովոյ մէջ չէր մոռնար նաեւ չորս քայլ դէպ առաջ գալէն ետքը չորս քայլ ետ եր­թալ. հոգեփոխութեան հաւատացողները կ՚ըսէին. ահա Կիկերոն, որ քատրիլ կը խաղայ: Շատ մը կրօնաւորներ կ՚երթային անոր ատենաբանութիւնները մտիկ ընելու եւ համոզել կ՚աշխատէին զինքը, որ վարդապետ ձեռնադրուի. իսկ Փա­փազեան նորէն բեմ ելնելով ատենաբանութեամբ մը կը մերժէր անոնց առա­ջարկութիւնը: Բացի հիւանդանոցի վարժարանէն մայրաքաղաքիս գրեթէ բո­լոր վարժարաններուն մէջն ալ դասախօսութիւն ըրած եւ բաւական աշա­կերտներ ընծայած է ազգին: Երկար տարիներ դասախօսութիւն եւ տնօրէնու­թիւն ըրած է Ղալաթիոյ վարժարանին մէջ, զոր միշտ թաղային միւս վար­ժարաններէն բարձր դիրքի մը մէջ պահելու յաջողած է եւ գործող մարդ ըլլալն անհերքելի կերպով հաստատած է:

1860֊ին սկսաւ դասագիրք յօրինել իւր աշակերտներուն համար: Յօրի­նեց համառօտ Ազգային պատմութիւն մը, որուն մէջ թագաւորներուն այցե­տոմսերը միայն գրուած էին: Աշակերտներն մարզպաններուն, պատրիկներուն, իշխաններուն եւ թագաւորներուն անունները միայն կը սորվէին եւ կէս ժամէն ետքը կը մոռնային: Տիկին Մարթա պատուհանին առջեւը նստած` փողոցէն անցնող մէկու մը վրայ աւելի կատարեալ տեղեկութիւն կրնայ տալ, քան Փա­փազեան իւր յօրինած ազգային պատմութեամբը հայ դիւցազներուն վրայ եթէ չէք հաւատար, բացէք անոր պատմութիւնը, որպէսզի տեսնէք միայն հետեւեալ հարցումները.

—Ո՞վ էր Հայկ.

—Բելն որո՞ւ զաւակ է.

—Սա մարդն Արամին աներձագը չը՞ նմանիր.

—Արային հայրը մօրուք ունէ՞ր.

—Տիգրանին քեռա՞յրն է սա:

Պէտք է խոստովանիլ, որ համառօտութեան մէջ մինակ չէ Փափազեան, մրցողներ ունի իւր դէմ. եւ եթէ այս մրցումը շարունակուի` քանի մը տարիէն տասը տողի մէջ պիտի կրնանք կարդալ մեր Ազգային պատմութիւնը: Այդ պատմութիւններու մէջ, համառօտութեան համար, մօրուքը ճերմկցած ան­ձերն նորածին երեխաներ ներկայացուած են, դարերը վայրկեանի մը մէջ ան­ցած են: Ծննդոց գիրքը բաղդատմամբ այն պատմութիւններուն` ընդարձակ գործ մը կրնայ համարուիլ։ Հայկայ անունը գիտնալն անոր վրայ կատարեալ տե­ղեկութիւն առնել է, իսկ անոր բազկին վրայ ծանօթութիւն ուզելն մեծ ժա­մավաճառութիւն է: Հրատարակեց նաեւ Քերականութեան ձագ մը, որուն վրայ, ալ խօսելու հարկ չենք տեսներ, քանի որ հաստատուած ճշմարտութիւն մ՚է այսօր, թէ լաւագոյն դասագիրքերն անոնք են, որ շատ վաստակ կը ձգեն անոնց հեղինակներուն: Փափազեան իւր հասուցած դասատուներովը Հա­յաստանի մէջ կը տարածէր իւր յօրինած դասագիրքերը:

1862֊ին իւր հեզահամբոյր բնաւորութեան շնորհիւ Ղալաթիոյ թաղա­կան խորհրդոյ անդամ ընտրուեցաւ, զի լցցի բանն, թէ յաթոռ Մովսէսի նստան փարիսեցիք: Ղալաթիոյ խորհրդարանն, որ երբեմն Պրոպատիկէ աւազան եւ երբեմն ալ Ղալաթայ օջախը յորջորջուած էր, ժողովրդականութեան կեդրոն համարուած էր եւ այնչափ ազդեցութիւն ունէր, որ պատրիարքարանի յան­ցաւոր դատածն անմեղ կը հրատարակէր: Ամբաստանուած կրօնաւորները հոն մտնելուն պէս կը սրբուէին, ինչպէս նաեւ չամբաստանուածներն ալ կը պղծուէին: Փափազեան` ժողովրդականութիւն վաստկելու նպատակով, միշտ տկարները կը պաշտպանէր, թէպէտեւ ընդհանրապէս կը պաշտպանէր կղերն, որուն ձեռամբ, շիտակը խօսելու համար, ազգային նուիրական իրաւունքներն վտանգէն ազատած է: Բերայի գերեգմանատան խնդրոյն մէջ կղերական դասուն առաջնորդ եղած է: Տասներկու տարի շարունակ թաղականութիւն վարեց հակառակ սահմանադրութեան, որուն կէտ առ կէտ գործողութեան այնքան սիրահար էր եւ է մինչեւ հիմա, բայց որովհետեւ իւր պաշտօնավարու­թեան ժամանակ վնաս մը չէ հասցուցած եկեղեցւոյն` սահմանադրութիւնն ալ մեղադրած չէ զինքը: Եկեղեցւոյն եկամուտներն աւելցուցած է եւ Ղալա­թիոյ հրդեհէն երբ մոխիր դարձան եկեղեցւոյն կալուածները` Փափազեան անոնց փոխարէնը կանխիկ առաւ ապահովութեան ընկերութիւններէն: Այդ կալուածներուն գոյութիւնն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական վարժարանին շինու­թիւնը մեծաւ մասամբ իւր գործունէութեանը պարտաւոր է ազգը: Ահա գոր­ծող մարդ մը, որ հարուստներ կ՚արժէ: Ազգային շահերուն համար երբ հո­գին տալ կը խոստանար` շատերը կը զարմանային, թէ ի՞նչպէս կրնայ ապրիլ մարդ մը, որ ինքզինքը բոլորովին ազգին նուիրած է եւ անոր գործերէն վայր­կեան մը բաժնուիլ չուզեր. անոնք` որ գործի մարդ էին եւ տասնըհինգ օրը ան­գամ մը հազիւ կրնային ժողովոյ մը ներկայ գտնուիլ` երբ կը տեսնէին Փափազեանն, որ առաւօտէ մինչեւ երեկոյ, երեկոյէ մինչեւ առաւօտ ազգային շահերը պաշտպանելու զբաղած է՝ կը հարցնէին իրարու, թէ այս մարդն իւր շահե­րը ե՞րբ կը պաշտպանէ:

1863֊ին Ժամանակ անունով հանդէս մը հրատարակեց եւ բաւական տուժեց, ինչպէս որ սովորութիւն է տուժել ամէն անոնց, որք յիմարութիւն կամ դժբախտութիւն կ՚ունենան թուղթի մը տակ խմբագիր ստորագրելու: Փա­փազեան` Ժամանակէն վնասելուն պէս Ժամանակ հրատարակելու ժամանա­կը չէ, ըսելով, դադրեցաւ ազգին ծառայելէ խմբագրութեամբ եւ ուխտ ըրաւ, որ Ղալաթիոյ խորհրդարանէն դուրս չելնէ եւ հոն, միայն հոն ծառայէ ժողովրդեան: Այս ուխտով կարծես հասկցնել ուզեց, թէ պատրաստ է ազգին շահե­րուն պաշտպան կանգնիլ, որչափ ատեն որ իրենները չվնասուին:

1870֊ին ազգային ժողովոյ երեսփոխան ընտրուեցաւ եւ ձախակողմեան կուսակցութեան գլուխ եղաւ: Կը փափաքէր, որ ամէն օր ուրբաթ ըլլար, որպէսզի ժողով գումարուէր եւ երթար իւր լեզուին հանճարը ցոյց տար: Շատ գիշերներ քնոյն մէջ քուէ, քուէ կը պոռար այնպիսի ձայնով մը, որ դրացինե­րուն քունը կը խռովէր: Գիշեր կամ ցերեկ ուր որ փոքր զանգակի մը ձայն լսէր` իսկոյն երեսփոխանական ժողով կը վազէր: Օր մը բացակայ եղած չէ, միշտ որոշեալ ժամուն ներկայ կը գտնուէր, եւ եթէ ընկերներն եկած չըլլային՝ իւր աթոռը մէջքէն չուանով մը կապելով դուրս կ՚ելնէր, որպէսզի ուրիշ մը չյափշտակէ զայն: Մեծամասնութեան գործած հրաշքներն յիշելով, երանի կը կարդար իր կատուին՝ որուն կ՚ըսէր.

«Կատու, դուն ինէ զօրաւոր ես. եթէ երեսփոխան ըլլայիր` չորս ձայն պիտի ունենայիր, մինչդեռ ես երկու ձայն ունիմ»:

Նախատեսած ըլլալով, որ հարիւր քսան երեսփոխաններու մէջ քսանին կարծիքն իրենց գլխուն մէջ է, իսկ հարիւրին կարծիքն իրենց ձեռներուն մէջ` գլուխի տեղն ձեռն կը փնտռէր, եւ եթէ բաւական չգտնէր, հիւանդանոցներ կ՚երթար եւ բժիշկներուն կը պատուիրէր, որ եթէ կտրուելու ձեռներ կան` չնե­տեն զանոնք, այլ իրեն ծախեն: Իր նպատակին հասնելու համար ժողովրդա­կանութիւնը կ՚առնէր բերանն եւ այնպէս կը մտնէր ժողովը: Ժողովրդեան շա­հերն, ժողովրդեան իրաւունքներն թեւ թեւի տուած կը շրջէին իւր ատենաբա­նութիւններուն մէջ, որոնք յաճախ կը ծափահարուէին ժողովրդէն եւ երբեմն ալ ժողովրդեան շահերէն: Անուշ ապուրն առանց չամիչի եփելն ժողովրդեան շահերուն վնասակար կը համարէր եւ երբ երեսփոխան մը զինքն ընդմիջէր ժողովրդեան իրաւունքներն օտարի կը մատնուէին: Քանի մը տարիներ շարու­նակ կռուեցաւ աջակողմեաններուն դէմ այն եղանակաւ, որ երեսփոխանա­կան ժողովէն դուրս հակառակասիրութիւն կը նշանակէր: Իր սկզբունքն էր, սպիտակ ըսել այն բանին, զոր սեւ կ՚անուանէր աջակողմն, որուն մէջ կային նաեւ էֆենտիներ, որոնցմէ իւր կուսակցութեան մէջ ալ կը գտնուէին: Ինչ որ էֆենտիներուն հակառակ էր, ազգին շահերուն համաձայն էր. իսկ երբ հարկ եղաւ վերջերս ազգային ժողովէն դուրս գործել, ձախակողմեաններուն քով պատիւը քիչ մը կոտրեցաւ, վասն զի աջակողմեան էֆենտիներուն յարեցաւ եւ չհասկցուեցաւ, թէ առաջ բարի էր եւ էֆենտիներուն յարելով` չար եղաւ, թէ չար էր եւ էֆենտիներուն միանալով` բարի եղաւ: Զինքը սուրբերու քով դա­սող թերթերն չուանով մը սատանաներու բնակարանը իջեցուցին զինքը եւ անոնք, որ Մեփիստոփելի ընկեր կը ճանաչէին զինքը, երկինք բարձրացուցին զայն. իսկ մենք առանց այս կամ այն կողմ միտելու` աթոռ մը տուինք իրեն, որ նստի սատանայի եւ սուրբի մէջտեղը եւ ինքն ալ ընդունելով մեր ընծայած աթոռն` գնաց նստաւ Պերլին գացող երկու պատուիրակներու մէջ­տեղ:

1872 թուականին անդամ ընտրուեցաւ Քաղաքական ժողովոյ այն պատրի­արքին օրով, զոր Ժամանակաւ Հրեշտակ Հայաստանի կը հռչակէր աշխարհի: Իւր բոլոր ուժովը հալածեց եւ ստիպեց Հրեշտակն իւր հրաժարականը տալ. Հրեշտակն տուաւ իր հրաժարականը, Փափազեանինն առնելէն ետքը:

Այս անձն ազգային ժամանակակից կենդանի պատմութիւն մ՚է, չկայ դէպք մը, որ իրեն ծանօթ չըլլայ:

Փափազեան գիրուկ եւ գեղեցիկ մարդ մ՚է. եթէ կին ըլլար` չորս կողմը բուրդ թխմելու պէտք չպիտի ունենար: Փորը ոչ նուազ մեծ է այն համբաւէն, զոր կը վայելէ իբրեւ գործող մարդ: Գրպաններուն մէջ անպակաս են ծրա­գիրներ, կանոնագիրներ եւ ուրիշ շատ մը թուղթեր, զորս կը սրբագրէ: Իւր դէմքը տեսնողը կը կարծէ, թէ դրամական սաստիկ տագնապի մը մէջ գտնուե­լով` իւր ամէնէն մտերիմ բարեկամներէն մէկուն դիմած է այն յոյսով, որ մէկ խօսքով երկու հարիւր ոսկի պիտի կրնայ առնել իրմէ, եւ, երբ իւր առա­ջարկութիւնն ըրած է՝ հետեւեալ պատասխանն ընդունած է իր բարեկամէն.

—Եթէ կ՚ուզէք որ մեր բարեկամութիւնը հաստատ մնայ` կը խնդրեմ, որ ասանկ առաջարկութիւններ չընէք ինձի: