Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Ինչո՞ւ կը քնանաք, ո՛վ պուէտներ, որ երկու յանգ գտնելու համար Պառ­նասը կը շրջապատէք, որպէսզի Մուսայի մը թեւէն քաշէք եւ ողորմութիւն խնդրէք իրմէ, նման այն մուրացկաններուն, որ եկեղեցիներու շուրջը կը շար­ուին: Ինչո՞ւ կը խորդաք, ո՛վ գրագէտներ, որ ձեր հրաշագործ գրիչն երբ մար­դու դպցունէք` կենդանի ի կը փոխարկէք զայն եւ երբ անասունի զարնէք` մարդու կ՚այլափոխէք: Արթնցէ՛ք, ի ծունր իջէք, բացէ՛ք ձեր գլուխներն, որ­պէսզի ամէն մարդ տեսնէ անոնց ունայնութիւնը: Միսաքեանի ճամբուն վրայ փռեցէք ձեր հագուստներն, խունկ վառեցէք, որպէսզի հաճի աշխարհ գալ ձեր Պետն, որ սովորութիւն ունի չմօտենալ երբեք այն մարդերու, որ բուրվառով չեն ներկայանար իրեն: Ինչո՞ւ կ՚ամչնաք հիմա զինքը պաշտելու: Ժամանակով մարդերն երկրպագութիւն ըրած են այնպիսի աստուածներու` զորս մենք այսօր կը մորթենք, կասկարայի վրայ կը խորովենք, կ՚ուտենք եւ վրան պատուական գինի կը խմենք: Օն անդր, պագէ՛ք երկիրն, խունկ ծխե­ցէք իւր քթին, խնդրելով իրմէ, որ աթոռ մը առնէ եւ գայ նստիլ Ազգային Ջո­ջերու քով, ուր խունկը հազուագիւտ է: Մի՛ վախնաք, ո՛վ բարեկամներ պուէտիս, չպիտի մորթեմ զինքն, ոչ ալ մի սագի փետուրով պիտի հարուածեմ զինքն, այլ պարզապէս պիտի պատմեմ իւր վարքը, պիտի գովեմ իւր տաղանդն, եթէ ունի: Մտիկ ըրէք ուրեմն, բայց մի՛ խնդաք, կը սրդողի:

1816 թուականին ծնած է Խաչատուր Միսաքեան, որ դասատու անուան­ուած է շատերէն, ազգային երեսփոխան ընտրուած չգիտեմ ո՛ր թաղէն, պուէտ յորջորջուած է տղաներէն եւ իւր պուէտ ըլլալը հաստատելու համար վկայ մը փնտռած է եւ չէ յաջողած գտնել մինչեւ այսօր:

Իննամսեայ առանձնակեցութիւնն այնքան սիրեց, որ սենեակին մէջ կի­ներու բազմութիւնը տեսնելով կը դժկամակէր ի լոյս գալ: Ոչ միայն ընկե­րութենէ չախորժելուն համար, այլ իւր ճաշակին համեմատ բարձր դիրք ու­նեցող եւ ծովահայեաց տուն մը գտնելու դժուարութիւնն զգացած ըլլալով, կը փափաքէր միշտ արգանդաբնակ մնալ: Սակայն նկատելով, որ Բնութեան օրէնքներուն դէմ յամառիլն անօգուտ էր, հաճեցաւ ծնիլ:

Խաչիկ մարմնով այնքան շուտ կը մեծնար եւ կ՚աճէր, որ երեք ամսու եղած ժամանակն անբաւելի էր մէկ օրօրոցի: Կը խաբուէր մանուկն, կարծելով՝ թէ մարդուս անունն ալ անոր մարմինին պէս դիւրութեամբ կրնայ մեծնալ եւ Եպի­մենիդէսի պէս յիսունեօթ տարի քնանալով մեծ անունի տէր ըլլալ: Ծնողքն երկու օրօրոց քովէ քով դրին, որուն միոյն մէջն էր Խաչիկի գլուխն եւ միւսին մէջ մարմինը: Այս մեծ տղան խանձարուրի մէջ հասկցուց իւր մօրն, թէ բանաստեղծութեան կոչուած է եւ թէ ժամանակ չունի տրամաբանութեան եր­թալու: Երբ մայրն օր մը ոտանաւոր օրօրով մը տղան քնացնելու կ՚աշխատէր՝ Խաչիկ մէկէն ի մէկ մօրն երեսն ի վեր պոռաց, թէ ոտանաւորէն վանկ մը կը պակսէր եւ չքնացաւ մինչեւ որ մայրը համոզեց զինքը, թէ երգած ոտանաւորը կաղ էր:

Վեց տարեկան ըլլալուն պէս Իսկիւտարու վարժարանը ղրկուեցաւ, ուր ինը տարի շարունակ աշխատելով կատարելապէս սորվեցաւ Քերականն, Սաղմոսն ու Գործք Առաքելոցը: Զարմանալի էին այն ատենուան վարժարան­ներն` որոնց մէջ աշակերտ մը իւր գործերուն խելք չհասուցած` առաքեալնե­րու գործերուն վրայօք տեղեկութիւն կ՚առնէր: Միսաքեան վարժարանէն ելնե­լուն պէս սկսաւ տուներու մէջ այցելութեամբ դասախօսութիւն ընել:

1839֊ին դասատւութեան պաշտօնով Ճեմարան մտաւ: Հոն շարունակ կը կարդար Հոմերոսն, Վիրգիլիոսն, Ովրատիոսն, Ովիտիոսն եւ այն ամէն քեր­թողներն, որոնց անուններն ոս կը վերջանային: Առաջին անգամ հոն պուէտ յորջորջուեցաւ Միսաքեան: Ես որ հասարակութեան կը խօսիմ եւ սուտ խօսելէ կը վախնամ, կը յայտնեմ, թէ Միսաքեան ինք վաստկած չէ պուէտ անունը, ուրիշէ մը ժառանգած է զայն: Յայտնի է արդէն, որ ամէնէն մեծ անիրաւու­թիւնները ժառանգական խնդիրներու մէջ կը գործուին: Հանճարն ոչ ազգու­թիւն ունի եւ ոչ կրօնք եւ իբրեւ ոսկի իւր արժէքը կը գտնէ ամէն տեղ: Հան­ճարի ծնունդ եղող բանաստեղծութիւն մը լաւ ընդունելութիւն կը գտնէ Անգղիայէն, որչափ ալ անոր հեղինակն սլաւ ըլլայ: Իսկ մենք հանճարահան­դէսի մը մէջ ի տես աշխարհի դնելու համար քանի՞ քերթուած ունինք: Մենք դժբախտաբար ոսկի կ՚անուանենք ինչ որ պղինձ է եւ որ սակայն ոսկիի պէս կը հնչէ ժողովրդեան ականջներուն: Իմ կարծիքովս բանաստեղծութիւն մը, ոտանաւոր կամ արձակ, կամ ընտիր ըլլալու է եւ կամ բնաւ ըլլալու չէ: Կը ճանաչեմ երիտասարդներ, որ ինքզինքնին բանաստեղծ կ՚անուանեն եւ յանգ մը գտնելու համար իրենց գրածն հազար անգամ կը սրբագրեն, նորէն կը գրեն, կը գծեն, յանգի մը համար հարիւր թերթ թուղթ կը պատռեն եւ երբ յաջողին իրենց փնտռածը գտնել եւ տողին վերջը տեղաւորել` կը տեսնես որ այդ ոտանաւորով ցամաքի վրայ նաւարկութիւն կ՚ընեն եւ ծովու վրայ ձիար­շաւ: Երբ մարդ մը գովել ուզեն եւ դիպուածն առաքինի բառն դնէ տողին վեր­ջը, կը սկսին մտմտալ եւ տարի մը խորհելէն վերջը յիշեալ առաքինի մարդը գինետունէ գինետուն կը պտտցունեն եւ մեծ առաքինի գինեմոլ մը ներկա­յացնելու որոշում կու տան: Ինչո՞ւ: Վասն զի ոտանաւորն նոյնայանգ ընելու համար առաքինիի մը գինիէն աւելի ի՞նչ բան կրնայ յարմարիլ:

Բայց մարդը կեանքին մէջ գինի դրած չէ բերանը. որո՞ւ հոգ. առանց զրպարտելու ոտանաւոր գրելը դիւրին բա՞ն է: Իսկ վա՜յ ան մարդերուն, որոնց վրայ գրուած ոտանաւորներուն մէջ վանկ մը կը պակսի, վատն առանց հրաւէրի կու գայ այդ պակասը կը լեցունէ: Այսչափ չէ, սպանութեան ալ կը դիմեն. բառերն իրենց ձեռներուն մէջ այնքան արժէք ունին, որչափ լաթի մը կտոր դերձակներուն քով. գլխէն, մէջքէն կամ պոչէն կը կտրեն զանոնք. մեր լեզուին բառերն անկարելի է ճանաչել անոնց ոտանաւորներուն մէջ. ասելը սելի կը փոխուի. նուէրը երբ ոտանաւորի մէջ ներկայանալ ուզէ, գլուխ կը բա­նայ եւ ուեր կը մտնէ հոն: Աւելի՛ն կայ. երբ արեւուն ծագումը ծանուցանել ուզեն ասոնք՝ ամէնը մէկէն վարդամատն Արշալոյսին կը դիմեն. որո՞ւ երթայ խեղ­ճը, հազար մատ ալ ունենար` չէր կրնար ամէնը գոհ ընել: Փափիկ, լուսին, սրինգ, մարգագետին, սոխակ, մանաւանդ կուսիկ իրարու ձեռներէ կը յափշտակուին եւ կ՚երթան մտնել ամէն ոտանաւորներու մէջ: Երբ բանաստեղ­ծութեան գիրք մը կարդալ ուզես` կը տեսնես, որ թուղթերն իրենք իրենցմէ կը դառնան, վասն զի իւրաքանչիւր էջին մէջ զեփիւռը կը փչէ, չմոռնանք ըսել, որ եթէ առանց հովանոցի զանոնք կարդալու ելնես` եգիպտացի մը կը դառ­նաս, այնչափ կ՚էրիս արեւէն, որ իւր ճառագայթներն միշտ արձակած է հոն: Փառք տուր Աստուծոյ, եթէ հոն փչած սիւքէն մսելով չհիւանդանաս: Դեռ քանի մը շաբաթ առաջ մէկը Մասիսի մէջ ջրհեղեղ մը նկարագրած էր, որուն մէջ մազ էր մնացեր, որ Նոյ նահապետն ալ խղդուէր. Աստուած իսկ ջուրերուն մէջ պիտի մնար, եթէ առաջուց չփախչէր: Երբ քննադատ մ՚ելաւ եւ դիտողու­թիւն ըրաւ, սա պատասխանն առաւ, թէ մի՞թէ Ամենակարողն Աստուած կա­րող չէ ինքզինքն ազատել: Եթէ Պառնասայ տնօրէնութիւնը երբեմն տպա­գրական տեսչութեան անդամ Պառնասեանի յանձնուած ըլլար՝ այդ քերթող­ները կը պատժուէին Ապողոնն այսչափ ստորնացուցած ըլլալնուն համար: Ես որ նախապատիւ կը համարիմ ոսկի չունիմ ըսելը, քան կտոր մը պղինձն իբրեւ ազգային ոսկի ներկայացնելն եւ ծաղու նշաւակ ըլլալն, ես որ վերջա­պէս չեմ կարող պղինձն ոսկի անուանել, ի՞նչպէս յանդգնիմ այսօր Միսաքեանը պուէտ յորջորջել, մանաւանդ թէ ասպարէզի վրայ ոտանաւոր մը միայն ունի, որ աւելի անօթութենէն ներշնչուած է, քան թէ մուսաներէ:

Այսպէս, Միսաքեան գրական ասպարէզին վրայ հարստահարիչ քիւրտի մը պէս ուրիշներու ստացուածքն յափշտակելով, իբրեւ մի սագ պուէտի փե­տուրներով զարդարուելէն վերջը, Ճեմարանի աշակերտներուն դաս տալու տեղ սկսաւ ապտակ տալ: Բնաւորութիւն ունէր ճաշէն առաջ տղայ մը ծեծել ամէն օր. եւ ամէն անգամ, որ տնտեսը վարէն մեղայ վարժապետ ի ձայնն առնէր` Միսաքեանի կերակուրը պատրաստեցէք, կ՚ըսէր:

Ճեմարանի գոցուելէն քանի մը տարի ետքը, քանի մը տղայ տուին իրեն, ոչ թէ զանոնք ծեծելու, այլ հետը Բարիզ տանելու եւ դպրոց դնելու համար: Միսաքեան առաւ զանոնք, Բարիզ տարաւ եւ տեղաւորեց. ինքն ալ սենեակի մը մէջ քաշուելով սկսաւ տքնիլ:

1860֊ին խնդիր ծագեցաւ ազգին մէջ, թէ Երուսաղէմայ պատրիարքն ներ­սէ՞ն ընտրուելու է թէ դուրսէն: Միսաքեան, որ սենեակէն դուրս ելած չունէր` բնականաբար դուրսին վրայ գաղափար չէր կրնար ունենալ. ուստի Երուսա­ղէմայ պատրիարքութեան խնդիրն իւր սենեակին տեսակէտով ըմբռնելով՝ կարծիք յայտնեց, թէ ներսէն ընտրուելու է:

Նոյն թուականին էր, որ Միրիքելամի խնդիր մը եղաւ բողոքականի մը հայերու գերեզմանատան մէջ թաղուելու խնդիրը: Յիշեալ բողոքականին մար­մինը Պալըգլըի գերեզմանատունէն հանուելով բողոքականներու յատուկ գե­րեզմանի մէջ թաղուելէն երկու ամիս ետքը` Միսաքեան Բարիզէն կարծիք յայտնեց, թէ այդ մարդը հայ գերեզմանատան մէջ մտնելու իրաւունք չունի, թէ գերեզմանատունը եկեղեցի մ՚է: Այն ատեն մեծ համբաւ հանեց այդ յօդ­ուածն, որ համոզելու նպատակաւ գրուած էր անշուշտ եւ որուն մէջ ներկայ էր նաեւ զուարճախօսութիւն, զոր անխտիր ամէն գրութիւններուն մէջ կը գոր­ծածէ այս գրագէտն… թերեւս դամբանականներուն մէջ ալ. իսկ երբ այս տա­րի ամեն. Ներսէս պատրիարքն բողոքականի մը մարմինն Վանայ մէջ թաղել տալով անոր գերեզմանն արձանով մը պատուեց, անշուշտ լռելեայն հասկցուց մեզի, որ մենք ալ նոյն պատիւն ընենք Միսաքեանի այն յօդուածին:

Ազգին մէջ մեծ անուն հանելու փառասիրութեամբ արբշիռ` ուզեց Մի­սաքեան Ծաղկոցաձոր անունով հանդէս մը հրատարակել Բարիզէն: Նախ յայ­տարարութիւն մը հանեց, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ընտրուած բառերու փունջ մը: Այս յայտարարութեամբ կը ծանուցանէր, որ հանդէս մը պիտի հրատարա­կէր եւ իւր ընթերցողներուն լուսանկարութեան արուեստն պիտի ուսուցանէր: Հասարակութիւնն, որ Միսաքեանէ լուսանկարութեան տեղ ուրիշ բան մը սոր­վիլ կը կարծէր, հարկ եղած ընդունելութիւնն զլացաւ անոր եւ հետեւապէս ծաղիկները ձորի մէջ նետուեցան, թառամեցան: Բայց Միսաքեան չվհատեցաւ, լուսանկարութեան արուեստն առաջ տարաւ, որչափ որ կը ներէր իւր սենեակն, որու վերի յարկը կը բնակէին աստղերը: Իրեն այցելութիւն ընող ամէն հիւ­րերուն օձիքէն կը քաշէր, աթոռի մը վրայ կը բազմեցունէր եւ անոնց պատ­կերը կը հանէր:

Այն ատեններն էր, որ Հինձքի եղեռնագործութիւնը տեղի ունեցաւ: Մասիս, Մեղու եւ Մանզումէ ուժգնութեամբ կ՚արձակէին իրենց նետերն Մեճ­մուայի դէմ, որ եղեռնագործներն կը պաշտպանէր: Միսաքեան ինքզինքը վի­րաւորուած կարծեց, երբ տեսաւ, որ առանց իրմէ հրաման առնելու ազգային լրագիրներն արդարութիւնը կը պաշտպանէին. ուստի Բարիզէն պատգամ որոտաց, թէ լռեն ազգային լրագիրները եւ թէ ինքը պաշտպան պիտի կանգնի այդ դատին: Մեղու յանդգնեցաւ ծաղրել Միսաքեանի այս հրամանն եւ հե­տեւեալ օրհնութեան կոնդակն ընդունեց իւր վարժապետէն.

«Եթէ Մեղուի պէս ուրիշ աշակերտներ ալ ունինք, կը փափաքինք, որ անոնք Կիւբեղէի առջինեկներուն եւ կամ Բեթղեհեմի զաւակներուն հետ մէկտեղ ծնած ըլլային»:

Այս կոնդակն, ինչպէս յայտնի է, կը փափաքէր, որ Մեղուն եւ իր նման­ները գետնին տակն անցնէին:

Այս աղօթքն ընելէն ետքը, առանց խնդիրն փաստաբանելու սկսաւ Մեճ­մուայի դէմ պաշտպանել ազգային լրագիրներն, որոնք բնաւ պէտք չունէին իւր պաշտպանութեան: Յիշեալ գրութիւններն Տքնութիւնք Հայրենասիրի տիտղոսով տետրակի մը մէջ ամփոփուած են, եւ որոնք բարձրաձայն կ՚աղա­ղակեն, թէ Միսաքեան լոկ խօսքերու վարսավիրայ մ՚է, որ ասդիէն անդիէն խօսքեր հաւաքելով` զանոնք կը սանտրէ, կը կոկէ, անուշաբոյր իւղերով կ՚օծէ եւ հրապարակ կը հանէ, եւ երկու տողով հասկնալի բան մը իւր գրիչին տակ երկու էջի մէջ անհասկնալի կ՚ըլլայ. եւ երբ վարսավիրայ մը կը տեսնեմ, որ անմիտ երիտասարդի մը գլուխը բռնած ժամերով անոր վրայ կը խաղայ` կ՚ըսեմ. Միսաքեանը յօդուած կը գրէ. իսկ երբ այն երիտասարդին հետ խօսիմ եւ գլխուն արտաքին զարդն եւ ներքին ունայնութիւնը տեսնեմ, կարելի չէ, որ յիշեմ Միսաքեանի գրած յօդուածները:

1870֊ին որոշեց այս մարդը Պոլիս գալ: Ի՞նչ նպատակաւ: Ահա իւր ծրա­գիրը.

«Ա. Էշ մը առնել եւ երբեմն երբեմն վրան հեծնելով Ալեմ Տաղի երթալ.

Բ. Իսկիւտարու մէջ ծովահայեաց տուն մը ուզել ազգէն.

Գ. Իրեն եւ իր իշուն ամսական մը պահանջել ազգէն.

Դ. Իր գործերը հրատարակելու համար քանի մը հարուստներէ դրամ հաւաքել.

Ե. Լրագիրներու մէջ յօդուած գրել, եթէ ազգն երթայ իւր ոտները համբուրէ.

Զ. Ուզած մարդերուն հայհոյելու արտօնութիւն պահանջէ քաղաքավարութենէ»:

Այս ծրագիրը ծոցը դնելով ճամբայ ելաւ Բարիզէն եւ տասնօրեայ ճամ­բորդութենէ ետքը Պոլիս գալով՝ Ղալաթիոյ եկեղեցին իջաւ եւ նոյն երեկոյ հիւրընկալուեցաւ իւր մէկ բարեկամէն, որուն վրայ ետքէն կատաղաբար յարձակեցաւ: Ազգային մամուլը սիրալիր ընդունելութեամբ բարեւեց այս պուէտին գալուստը. ողջամիտներն ուրախացան, որ հանճարեղ գրիչ մը կարգ ու կանոն պիտի դնէր ազգային գրական ասպարէզին, որ ասկէ տասը տարի առաջ ալ հիմակւընէ մեծ տարբերութիւն չունէր: Բայց ի՞նչ օգուտ ունի սիրա­լիր ընդունելութիւնը մարդու մը, որ էշ մը կ՚ուզէ: Սիրալիր ընդունելութեան վրայ չէր կրնար նստիլ եւ ոչ անով Ալեմ Տաղի երթալ:

1872֊ին հարիւր ոսկւոյ հանգանակութիւն մը եղաւ եւ գումարն իրեն տրուեցաւ, որպէսզի խաւարի մէջ մնացած հանճարն ի լոյս հանէ: Միսաքեան առաւ յիշեալ գումարն, որուն փոխարէն Գորտամկնամարտութիւն մը կարդացուց մեզի Փունջին դէմ` Մասիսի բացած դատին առթիւ: Հոմերոսի Գորտամկնամարտութիւնը աւելի անյարմար տեղ չէր կրնար գտնել: Եթէ Մի­սաքեանին նպատակը փաստաբանել եւ համոզել էր, այդ խորագիրն նպատա­կին դէմ էր, եթէ զուարճացնել էր` գրութեան ձեւն իւր խորագրին հակառակ էր: Ի՞նչ էր ուրեմն նպատակը: Մենք մինչեւ այսօր հասկցած չենք: Չմոռնանք յիշել, որ այդ յօդուածն ուրիշ երկու երեք անուններ ալ ունէր. տօն մը պա­կաս էր սպանիացի ըլլալու համար: Գորտամկնամարտութենէն զատ քանի մը անգամ եւս գրելով Փունջի մէջ, վերջ տուաւ իւր յօդուածներուն եւ մանաւանդ այն ծիծաղներուն, զորս այնքան դիւրութեամբ կը հրաւիրէր իւր գրութիւններուն վրայ:

Տարի մը ետքը երեսփոխան ընտրուեցաւ, ուր մինչեւ այսօր կարծիք մը յայտնած չէ:

Քիչ մը ատեն դասատւութեան պաշտօն վարեց Իսկիւտարու Սելամիէի թաղին մէջ: Աշակերտներն պարտաւոր էին ֆրանսերէն Դելեմաքն գրաբարի թարգմանելէն վերջը թէ՛ ֆրանսերէնն ու թէ՛ հայերէնը բերնուց սորվիլ եւ Հայր մերի տեղ բարձր ձայնով զրուցել ճաշէն առաջ:

Հոս կը լմննայ ազգային պուէտին հրապարակային կեանքը:

Մտնենք հիմա քիչ մ՚ալ իւր սենեակը, որ գիրքերով եւ պատկերներով լեցուած է: Եթէ Յոբնաղ մտնէր օր մը իր սենեակն, անշուշտ չպիտի վարանէր ըսելու.

«Խորին տգէտներ իրենց սենեակն գիտական Խրիսուպոսի մետաղիոննե­րով կը լեցունեն. Արիստոտէլին կամ Պիտտակոսին մէկ պատկերն ծախու առնելն եւ կամ իրենց մատենադարանին մէջ Կղէանդոսի մէկ ձեռագիրն ի տես դնելն իրենց համար կատարելութեան հասնիլ է»:

Մատենադարանին առջեւ նստած է ահա Միսաքեան. եթէ իւր կատուն կտոր մը փշրանք գտնելու համար կամացուկ մը դուռը բանայ՝ ահուդողի մէջ կ՚իյնայ, որ չըլլայ թէ եկողը մարդ ըլլայ: Քանի մը վայրկեան վերջը մէկը ներս կը մտնէ իր սենեակէն, եւ ահա Միսաքեան իսկոյն բարկութեամբ տեղէն կ՚ել­նէ եւ կ՚երթայ սենեակին սեմին վրայ կը նստի՝ ինքնիրեն մրմռալով.

«Սա մարդերու ձեռքէն բնաւ հանգստութիւն չկայ. վայրկեան մը հանգիստ չեն թողուր, որ մարդս առանձին նստի եւ ընելիքին վրայ խորհի, ազատութիւն չկայ աշխարհիս վրայ. կարծես բոլոր աշխարհ միացած է զիս նեղելու համար»:

Եթէ հիւրն իրեն որպիսութիւնը հարցնելու համարձակի` հետեւեալ պա­տասխանը կու տայ.

«Ծանր հիւանդ եմ. մինչեւ առաւօտ աչերս փակած չեմ. դուք չեկած քիչ մը աղէկ էի, բայց երբ դուք սենեակէն ներս մտաք, հիւանդութիւնս աւելի ծանրացաւ»:

Եթէ այս պատասխանին վրայ հիւրը յանդգնի հարցնել, թէ ի՞նչ է հիւան­դութիւնը, մէկէն ի մէկ կը կանգնի եւ հիւրին երեսը ծուռ ծուռ նայելով` այս­պէս կը պատասխանէ.

«Կարծեմ խօսելու ազատութեան հետ չխօսելու ազատութիւնն ալ յար­գելու պարտաւոր ենք, եւ դուք բնաւ իրաւունք չունիք զիս խօսել տալու. մա­նաւանդ թէ խօսելու ժամանակ ալ չունիմ, վասն զի հիւանդ եմ: Բայց գի­տեմ ես, մէկը դիտմամբ ղրկեց քեզի հոս, որ զիս բարկացնես, արիւնս գլուխս ցատկէ եւ մեռնիմ»:

Եւ աւելն առնելով կը սկսի սենեակն աւլել եւ փոշիներու մէջ խղդել հիւրն, որ դուռը բանալուն պէս կը փախչի: Միսաքեան անմիջապէս դուռը կը կղպէ եւ քանի մը մեծ սնտուկներ կը դնէ դռան ետին, որ չբացուի եւ կու գայ տեղը կը նստի այնպիսի ուրախութեամբ, որ կարծես մեծ շահ մը ըրած է:

Կէս ժամէն դուռը կը զարնուի:

—Ո՞վ է ան, կը հարցնէ ներսէն Միսաքեան:

—Ես եմ, Համբարձում…եան, զքեզ տեսնել կ՚ուզէի:

—Զիս տեսնե՞լ կ՚ուզէք… դուռը կղպուած է, բանալին քովս չէ, ձեր ըսե­լիքը կրնաք դուրսէն ալ ըսել:

Հիւրը կը բարկանայ եւ առանց պատասխանելու կը մեկնի: Միսաքեան կը սկսի ծիծաղիլ այն իմաստասէրին պէս, որ օր մը սենեակին մէջ առանձնա­ցած` խնդացած ժամանակն երբ կը հարցունեն իրեն, թէ ինչո՞ւ կը խնդաս՝ քովդ մէկը չկայ. կը պատասխանէ, թէ ճիշտ անոր համար կը խնդամ, որ քովս մարդ չկայ:

Բայց այս ուրախութիւնը շատ չտեւեր, դուռը նորէն կը զարնեն:

—Միսաքեանը հոս չէ. դուրս ելաւ, երկու ամիսէն պիտի գայ, կը պոռայ ներսէն Միսաքեան:

Երբ գրութեան մը վրայ իւր կարծիքը հարցուի՝ կը պատասխանէ. տղայա­կան բաներու վրայ կարծիք յայտնելու ժամանակ չունիմ եւ դիմացինը կը սաս­տէ: Իսկ երբ ստիպեն զինքը, որ քանի մը խօսք ընէ` կը սկսի հետեւեալ դի­տողութիւններն ընել.

«Լեզուն քաջ է, բայց ոճը վատ է. Պօղոս առաքեալին մէկ խօսքը աս տո­ղին մէջ շատ յարմար կու գար: Գրողը պիտի կրնայ գրել, բայց հմտութիւն չունի. հմտութիւն ունի, միտքը բացատրելու կերպը չգիտեր: Ոճը ցամաք է, զարդարուն չէ. գրութեան մէջ ճարտասանութեան կանոն չկայ. կապ չկայ. ուժգ­նութիւն տալու համար զօրաւոր բառեր չէ կարողացած գտնել. եթէ ասոնք ըլլային` թերեւս ընդունելութիւն գտնէր: Իրմէ՞: Քաւ լիցի: Ժողովրդեան ռա­միկ մասէն»:

Եթէ զինքը քիչ մը շողոքորթես` կ՚ելնէ սնտուկը կը բանայ, կտոր մը թուղթ հանելով կը սկսի կարդալ իր մէկ բանաստեղծութիւնն, նախապէս յայտնելով, թէ շատոնց ի վեր գրած է եւ վրայէն գոնէ անգամ մը անցած չէ, թէպէտեւ հազար անգամ սրբագրած է: Իւր քերթուածը կարդացած ատեն զգուշացիր փռնգտալէ կամ հազալէ, վասն զի իրեն թշնամանք կը համարի եւ թուղթը կը ծալլէ, ծոցը կը դնէ: Իսկ եթէ մինչեւ վերջը արժանանայ կարդալու իւր ոտա­նաւորն՝ եւ առաջարկուի իրեն, որ հանդէսի մը մէջ հրատարակուի այն, պարապ աշխատութիւն է, կ՚ըսէ, վասն զի իմ գրածս հասկնալու կարողութիւն ունե­ցող մարդ չկայ:

Փողոցն ելած ժամանակը միայն չպտտիր, շատ անգամ Օտեան էֆենտիի, Ստեփան փաշայի, Իւսուֆեան էֆենտիի հետ կը պտտի, ինչպէս նաեւ գրա­կան ասպարէզն ելած ատենն ալ մէկ թեւը Հոմերոսին կու տայ եւ միւսը Ովի­տիոսին:

Եթէ կը փափաքիք Միսաքեանի դէմքին վրայ ծանօթութիւն առնել, յիշե­ցէք դէմքերն այն մարդերուն, որոնք օր մը լսելով, որ Դիոգինէս հրապարա­կի վրայ մարդեր, մարդեր կը պոռար, անոր շուրջը խմբուեցան եւ հետեւեալ պա­տասխանն առին.

«Ես մարդ կանչեցի. դուք ինչո՞ւ եկաք»: