Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԻՄՈՆ ՖԵԼԵԿԵԱՆ

Սիմոն Հ. Ֆելեկեան, դասատու, ատենաբան, բանաստեղծ եւ տնօրէն Ֆե­լեկեան վարժարանի, ծնաւ ի Չմշկածագ 1831 սեպտեմբեր 18֊ին:

Մօրն արգանդին մէջ ինն ամիս քնատ մնալուն պատճառաւ աշխարհ եկած ատեն անանկ քուն մը կը քաշէր, ինչ քուն որ կը քաշէ առջի գիշերւընէ հարսնիք գացող մէկը:

Ծնողքն առջի բերան մեծ ցաւ զգացին, տեսնալով` որ զաւակնին արթն­նալու նշան մը չցցուներ, բայց երբ վեց ամիսէն ետքը արթնցաւ, ծնողացն ցաւն ուրախութեան փոխուեցաւ: Սիմոնիկն արթննալուն պէս` իւր քիթը քննեց եւ ասկից հասկցաւ, որ ապագային մէջ բանաստեղծ մը պիտի ըլլայ որովհետեւ ներկայ դարուս մէջ մէկու մը բանաստեղծ ըլլալն անոր քիթէն կը հաս­կցուի եւ ոչ գրութիւններէն: Շնորհակալ եղաւ իւր քիթէն, որ զինքը բա­նաստեղծութեան կոչած էր: Մէկ ու կէս տարեկան եղած միջոցին ոտանաւոր խօսելու կը վարժուէր. վեց տարեկան ըլլալուն պէս՝ արձակը ատենաբանութեան համար պահելով` միայն ոտանաւոր կը խօսէր: Մայրն օր մը զինք նպարավաճառի մը խանութ ղրկեց, որ հարիւր տրամ պանիր առնէ: Սիմո­նիկը գնաց նպարավաճառին խանութը, անոր առջեւը կանգնեցաւ եւ սկսաւ պանիրին վրայ ատենաբանութիւն մը ընել, որուն մէջ մէկիկ մէկիկ բացա­տրեց պանիրին օգուտներն եւ անկից ծագած վնասներն: Պանիրին ի՛նչպէս շին­ուելուն եւ ի՛նչպէս ուտուելուն վրայօք ամենապարզ բացատրութիւններով ճա­ռեց, եւ վերջապէս պանիրին ազգային մանկտեաց դաստիարակութեան համար օգտակար չըլլալն յայտնելով` վերջացուց ատենաբանութիւնն: Այսպէս վեր­ջացունելուն պատճառն ալ պանիր աժան առնել ուզելն էր: Երբ նպարավա­ճառն ապուշ֊ապուշ երեսը կը նայէր, Սիմոնիկը գրպանէն քառասուն բարայ հանեց եւ նպարավաճառին տալով ըսաւ.

Նպարավաճառ, ոհ, հարիւր, ոհ, տրամ
Գընել կամէի ես պանիր ի քէն.
Առ զքառասուն, ոհ, բարայս, զոր տամ,
Եւ տուր ինձ պանիր ի լաւագունէն:

Նպարավաճառն թէպէտեւ ոտանաւոր չէր հասկնար, բայց քառասուն բարան արդէն տեսած ըլլալով` եւ հարիւր տրամ պանիր բառերն ալ լսելով` հասկցաւ, որ հարիւր տրամ պանիր կ՚ուզէ քառասուն բարայով եւ որովհետեւ այդ գնով չէր կրնար տալ Սիմոնիկին, ըսաւ, որ հարիւր տրամ պանիրն վաթ­սուն բարայ կ՚ըլլայ: Նպարավաճառին այս պատասխանին վրայ Սիմոնիկն նո­րէն ատենաբանութիւն մը ընել սկսաւ, մեր ազգին առաջ չերթալուն պատ­ճառներէն մէկն ալ ազգին աղէկութեան համար խօսողներն մտիկ չընելնիս է, ըսաւ, եւ անհամաձայնութեան շատ վնասակար ըլլալը երկար բարակ մեկնու­թիւններով բացատրելէն ետքը առաջարկեց նպարավաճառին, որ խօսքն մտիկ ընէ եւ պանիրն իր ուզած գնովն տայ` ի սէր ազգային յառաջադիմու­թեան: Հայրենասէր տղուն այդ ազգասիրական եռանդն հաճոյ թուեցաւ նպա­րավաճառին եւ ստակ մը չառնելով, պանիրն տուաւ: Այս դէպքին վրայ Սիմո­նիկն բանաստեղծութեան աւելի ուժ տուաւ: 1841֊ին Պոլիս եկաւ դաստիարա­կութիւն առնելու, եւ Հիւանդանոցի վարժարանը մտաւ: Մէկ֊երկու տարուան մէջ հսկայի քայլով ճամբայ առաւ. ճաշակը կրթեց, զգացումներն բխելով կը բխէին սրտին մէջ. զգացումներն կ՚ողողէին հայրենասէր բանաստեղծին սիրտը, եւ վերջապէս յորդելով մինչեւ Պառնասայ գագաթը բարձրացան, ուր Ապողոն հաճեցաւ քնար մը նուիրել իրեն: Սիմոնիկը քնարն ձեռք առնե­լուն պէս` աչքերը Հայաստանի աւերակաց վրայ դարձուց, հայրենեաց սէրն վառեցաւ, արտասուքներն հոսեցան: Սուգ արաւ պանդխտին քնարն եւ անոր մեղմ, անուշ ու փափուկ թելերն տխրագին կ՚եղերերգէին.

Թէ իմս հայրենեաց քնար սգաւոր
Հեծէ տխրագին` իմ սրտիկս է այն,
Թէ նորա բեկբեկ թելեր վշտաւոր
Խօսին ողբաձայն՝ իմ ձայնիկս է այն,

..............

Շատ քերթողներ արցունք թափեցին Հայաստանին համար, բայց այն արցունքը, զոր Ֆելեկեանը ցօղեց հայրենեաց աւերակաց վրայ` ամէնէն փա­փուկն եւ ամէնէն սրտառուչն է:

Ձեռք առնենք, ընթերցող, կենսագրութեանս երգիծական մասն, զոր յա­կամայից ստիպուեցանք պահ մը ընդմիջել Սիմոնիկին քնարին անիրաւու­թիւն մը չընելուն համար:

Եւ ահա այսպէս Սիմոնիկը Հայաստանը կ՚ողբար, թէպէտեւ ինքն ալ Հա­յաստանէն աւելի աղէկ վիճակ մը չունէր: 1855֊ին Սիմոնիկը դասատւութեան սկսաւ, դասատւութենէն աւելցած ժամերն ալ ատենաբանութիւնով կը զբա­ղէր, բայց ոչ առաջնոյն եւ ոչ ալ վերջնոյն մէջ իւր բանաստեղծական անօթութեան յագուրդ չկրնալով տալ, Պոլսէն դուրս ելաւ եւ շրջակայ գեղերուն մէկուն մէջ ագարակ մը վարձեց բանաստեղծութիւն ընելու համար: Հոն կ՚եր­գէր բնութիւնն, ծառերն, առուակներն, հովիւն, սրինգն, կովերն, ձիերն, էշերն եւ սագերն, սոխն ու սխտորն ալ իր քնարէն չէին վրիպած, ինչ որ տեսնէր` քնարովը կ՚երգէր. բայց որովհետեւ ոտանաւոր գրելով ագարակ մը չկառավար­ուիր, ստիպուեցաւ հոնկից հեռանալ՝ անիծելով մարդոց շահասիրութիւնն եւ բանաստեղծէ մը ստակ պահանջելու յոռի գրութիւնը: 1868֊ին նորէն Պոլիս դառնալով՝ երկու տարի ամբողջ ագարակին մէջ իրեն եղած անիրաւութիւն­ներն իր բարեկամաց պատմելով զբաղեցաւ: Ագարակին պատմութիւնը լմն­ցնելուն պէս` վարժարան մը մտաւ դասատւութեամբ: Այս միջոցներն էր, որ Եփրատ անունով բանաստեղծական հանդէս մը հրատարակելու արտօնու­թիւն առաւ, որուն մէջ քանի մը ոտանաւորներ հրատարակելէն ետքը՝ սկսաւ ոտանաւոր գրել նաեւ ազգային յօդուածներն, որոնք քիչերուն հասկնալի ըլլա­լուն պատճառաւ` շատերէն չէին կարդացուեր:

Սիմոնիկն ստիպուեցաւ դադրեցնել իւր հանդէսը. քանի մը ամիսէն վերահրատարակել սկսաւ, նորէն դադրեցուց, դարձեալ հրատարակեց. կը ցաւինք, որ համրիչ չունէինք, որպէսզի քանի անգամ հրատարակուիլն ու դադ­րիլն ճիշտ գտնայինք: Վերջերը Եփրատը ուրիշներուն, ինչպէս նաեւ այս տո­ղերը գրողին խմբագրութեանն ներքեւ ալ հրատարակեցաւ, բայց վերջապէս օր մը առանց հրամանի հրատարակած ըլլալուն համար իսպառ խափանեցաւ: Այս խափանման վրայ Ֆելեկեան էֆենտին ոտանաւոր գրելով շատացաւ: Քիչ մը ժամանակ անցնելէն ետքը՝ քանի մը դասատուներու հետ միանա­լով Իսկիւտար Սելամսըզ վարժարան մը բացաւ, ուր երկու սեռէ ալ աշա­կերտներ պիտի ընդունէր` եթէ երթային: Ժամանակը թող չտուաւ, որ աշակերտ ընդունէր, որով վարժարանին դռները քաշեց, գոցեց, ինքն ալ դուրս ելաւ: Երկու տարի անցաւ չանցաւ, չորս աշակերտ գտաւ ու գիշերօթիկ մեծ վարժարան մը բացաւ Իճատիէի եւ Գուզկունճուքի մէջտեղ: Քանի մը ամի­սէն օդափոխութեան համար այս վարժարանն Գատըգիւղ փոխադրեց, անկից նորէն Իսկիւտար փոխադրելու միջոց կը խորհի կոր, բայց չկրնար կոր գտնալ:

Այսպէս ուրեմն, բախտը թող չտուաւ, որ Ֆելեկեանը խնդայ. օր մը չըլլար, որ դժբախտութիւն մը չհանդիպի. օր մը Գում Գաբու երթալու տեղ սխալմամբ Ֆերիգեղ կ՚երթայ. օր մը իրիկուան դէմ հելուաճիէն հարիւր տրամ հելուայ առ­նելու կ՚երթայ ու հելուային տեղ հելուաճիին լապտերը կ՚առնէ տուն կը դառնայ. օր մը փողոցէն գացած միջոցին կոյրի մը կը զարնուի, կ՚իյնայ, ոտքը կը ցաւցնէ, որովհետեւ գիշերները մտատանջութենէն չկրնալով քնանալ` ցերեկ­ները քալած ատենը կը քնանայ:

Ֆելեկեան էֆենտին պճնասէր չէ, ուրիշներուն պէս հագուելու սգուելու փափաք չունի, խել մը երիտասարդներու պէս առտուները ժամերով հայելիին առջեւը անցնիլ ու մազերը սանտրելու ալ սովորութիւն չունի: Չմշկածագէն հոս գալու համար ճամբայ ելած օրը մայրն սանտրած էր մազերը. Ֆելեկեանն ալ այս յիշատակը անմոռաց պահելու համար` այն օրէն մինչեւ այսօր սանտր դպցուցած չէ մազերուն:

Ֆելեկեան էֆենտիին դէմքը այն մարդուն դէմքին նմանութիւն կը բերէ, որ կամուրջին վրայ կեցած` քովիններուն կը հարցունէ, թէ կամուրջը ո՞ւսկից կ՚երթցուի: