Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Երանուհի Գարագաշեան, դերասանուհի, ծնաւ Իճատիէ, իր հաշուով` 1859֊ին, իմ հաշուով` 1851 դեկտեմբեր 4֊ին:

Երանուհին լոյս ընծայուելուն պէս, թաթիկներով սկսաւ ձեւեր ընել: Վեց֊եօթ ամսու եղած չեղած, ոտքի ելաւ եւ քալել սկսաւ: Մէյ մը ասդին, մէյ մը անդին վազելովը, ձեռքն ինկածը կոտրելով թափելովը, բարձր ձայնով պո­ռալովը, իսկոյն յայտնեց, թէ դերասանութեան մեծ յարմարութիւն ունի:

1856֊ին թաղին վարժարանը ղրկուեցաւ, ուր լմնցուց Երանուհին իւր քե­րականը, հեգարանը, Սաղմոսը, Գործ առաքելոցը ու Նարեկը, ու 1862֊ին վարժարանէն ելաւ:

1865֊ին երբ Վարդովեան էֆենտին ոտքի ամանները ձեռքը բռնած փո­ղոցէ փողոց, թաղէ թաղ կը վազէր դերասանուհի գտնելու համար այն ատենները դերասանուհի մը գտնելը հիմա հայերէն ներկայացումներուն թատրոնի մէջ հանդիսական գտնելէն աւելի դժուար էր եւ էսքիլեր ալըրըմ պոռացող հրէաներու նման, ամէն դուռ կը զարնէր ու «դերասանուհի մը ու­նի՞ք մի» կը հարցունէր, դիպուածով Գարագաշեանին դուռը զարկաւ, ներս մտաւ եւ իրեն յատուկ համոզելու եղանակը ձեռք առնելով համոզեց ծնողքը, թէ աղջիկնին դերասանութեան տան, թէ ասով ազգին մեծ ծառայութիւն պի­տի ընեն, թէ աղջիկներուն ապագան շատ աղէկ պիտի ըլլայ, թէ մեծ ապագայ մը կը սպասէ աղջիկներուն եւ թէ ապագան շատ չսպասեր, կ՚երթայ, եւ թէ վեր­ջապէս Երանուհին պէտք է դերասանուհի ըլլայ:

Երանուհին դերասանուհի բառն լսելուն պէս` նոյնը զգաց, ինչ որ կը զգայ տղայ մը, երբ իրեն ըսես, թէ քեզի շաքար բերի, կամ ինչ որ կը զգայ աղջիկ մը, երբ իրեն ըսես. ել, քեզի պալո տանիմ, բայց կ՚ըլլա՞յ մը ըսելու քաշուելով` սա առարկութիւնն ըրաւ ես կ՚ամչնամ տեսարան ելնելու այնչափ բազմու­թեան առջեւ. վնաս չունի, աղջիկս, պատասխանեց Վարդովեան էֆենտին (այն ատեն պարոն), առջի անգամուն քիչ մը կ՚ամչնաս, բայց կամաց կամաց կը վարժուիս. ես ալ առաջին անգամ տեսարան ելայ նէ` կ՚ամչնայի, բայց հի­մա, փառք Աստուծոյ ողորմութեան, ամենեւին չեմ ամչնար, արձակ համարձակ կը խօսիմ:

Այս խօսքերէն շաբաթ մը ետքը, Երանուհիին դերասանուհի ըլլալը որոշուեցաւ:

Երկու ամիս ետքը` օրիորդ Գարագաշեան Արեւելեան Թատրոնին մէջ ի տես ելաւ Աշխէնի դերով եւ այնչափ ճարտարութեամբ ներկայացուց, որ տիկին Արուսեակին նախանձը յուզեց քիչ մը: Հետզհետէ տրուած ներկայացումներուն մէջ միշտ սիրուհւոյ դեր կատարելով` քիչ ժամանակի մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ: Տարի մը ետքը «Պօղոս եւ Վիրգինիա»յի մէջ Պօղոսի մասն կա­տարեց, եւ սիրավառ պատանիի մը զգացմունքներն մանրամասնօրէն ցցուց իւր վրայ այնչափ վարպետութեամբ, որ հանդիսականներէն ոմանք ըսին, թէ եթէ օրիորդ Գարագաշեան արական սեռին վերաբերէր՝ բոլոր աղջիկներուն սիրտն իրեն պիտի գրաւէր:

Օրիորդ Գարագաշեան առանց խումբէն բաժնուելու՝ շարունակեց մինչեւ վերջը: Իրեն տրուած մասերը սիրով կ՚ընդունի եւ սիրով կը կատարէ. մասն աղէկ կը սորվի եւ տեսարան ելնելուն պէս՝ բերանը բանալով յուշարարին չսպասեր, որ մասը կարդայ:

Այս վերջերս տեսնուեցաւ, որ երաժշտութեան մասին ալ յարմարութիւն ունի, ձայնը բնաւորութեան պէս մեղմ է, եւ ունի այն ելեւէջներն, որ երգիչի մը պէտք են. «Գեղեցիկ Հեղինէ»ի մէջ Հեղինէի դերը կը կատարէ, ունի Հեղի­նէին գեղեցկութիւնը, խօսուածքը, շարժուածքը ու բոլոր ձեւերն, սակայն անոր զօրաւոր ձայնն կատարելապէս չունի, եւ սակայն յուսալի է, որ այս մասին ալ քիչ մը ատեն վարժութիւն ընելով այդ պզտիկ թերութիւնն իւր ձայնին գեղգեղանքովը ծածկէ:

Օրիորդ Գարագաշեանը դերասանուհւոյ մը բոլոր հանգամանքներն ունի. միջին ու վայելուչ հասակով, սեւ աչքերով ու սեւ ընքուիներով, երկար մազերով, ժպտալի եւ ձուաձեւ դէմքով աղջիկ մըն է. եթէ դերասանական կեանքին մէջ պակասութիւն մը ունի` ան ալ սա է, որ տեսարան ելած ժամանակը միշտ այնպիսի դէմքով մը կ՚ելնէ, որ կարծես թէ հոգաբարձու մ՚է, որ վարժարան կը մտնէ, եւ կարծես, թէ տեսարան ելած ժամանակը հանդիսականները ոտքի չելլալնուն համար սրդողած է:

Ամէն հողմէ չշարժիր: Թատրոնի բեմին չափ լայն սիրտ մը ունի. եթէ մեռեալ մը տեսնէ` սիրտը թունդ չելներ, այլ աւելի կը մօտենայ զայն քննե­լու, որպէսզի տեսարանին վրայ մեռնիլ հարկ ըլլայ նէ` բնական մեռեալ մը ձեւանայ: Նոյնպէս եթէ մէկը բարկանայ` դիտմամբ աւելի կը բարկացնէ, որ բարկութեան ձեւերն ու շարժուածքներն աղէկ սորվի:

Այս փափաքով է, որ այսչափ առաջ գնաց, ինչպէս որ անով առաջ պի­տի երթայ նաեւ ասկից վերջը ի պարծանս հայ թատրոնին: