ՎԱՐԺԱՊԵՏԱԿԱՆ
ԺՈՂՈՎ
Անցեալ
կիրակի
վարժապետական
ժողովը
գումարուեր
է.
բայց
այս
անգամ
անոր
անդամներէն
մին
խնդրոց
կարգը
փոխելով
գրաբարի
ու
աշխարհաբարի
խնդրոյն
վրայ
վիճաբանելու
տեղ
գիրքերը
այրելու
խնդրոյն
վրայ
խ
օ
սեր
է:
Քարաքաշեան
էֆենտիի
հրատարակած
դասագրքերը
անկրօնութիւն
կը
սորվեցնեն
եղեր,
ուստի
զանոնք
այրելու
է
եղեր:
Մեզի
մնայ
նէ`
Քարաքաշեանն
ալ
այրելու
է,
որովհետեւ
ողջ
մնայ
նէ`
դարձեալ
անանկ
գրքեր
կը
հրատարակէ:
Եւ
արդարեւ
քերականութեան
որչափ
դասագրքեր
կան
նէ`
ամէնն
ալ
կրօնքի
դէմ
են,
որովհետեւ
ուղիղ
խօսողը`
կրօնքի
դէմ
կը
խօսի:
Այս
հաշուով
Փափազեան
Ստեփան
էֆենտին
ալ
տապկելու
է,
վրան
ալ
քիչ
մը
լիմոն
սխմելով
Քարաքաշեանի
քովը
նետելու
է:
Ասկից
զատ
թուաբանութեան
դասագրքերն
ալ
անկրօնութիւն
կը
սորվեցնեն:
Երկու
անգամ
երկուքդ
չորս
կ՚ընէ
եղեր:
Ի՞նչ
փաստ
ունինք
ձեռքերնիս,
որով
կարենանք
հաստատել,
թէ
երկու
անգամ
երկուքդ
չորս
կ՚ընէ:
Յայտնի
է,
որ
ասիկա
դիւաց
մէկ
գիւտն
է,
եւ
Աւետարանը
չըսեր
մեզ
թէ`
երկու
անգամ
երկուքդ
չորս
կ՚ընէ:
Թուաբաննե՛րն
ալ
այրելու
է:
Հապա
աշխարհագրութեան
դասագրքերը
ո՞ւր
թողունք:
Արեւը
սանկ
կը
քալէ
եղեր,
երկիրը
նանկ
կը
դառնայ
եղեր,
աշխարհս
կլոր
է
եղեր,
ասոր
պէս
խել
մը
սուտ
բաներ
գրուած
են
մէջը:
Աշակերտը
անգամ
մը
զանոնք
կարդայ
նէ`
ալ
անոր
քովը
կրօ՞նք
կը
մնայ:
Կրակը
քիչ
մը
շատկեկ
դնելու
է
տէ,
աշխարհագրութեան
դասագրքերն
ալ
այրելու
է,
տղաքները
քիչ
մը
տաքնան:
Այս
ամէնը
այրելէն
ետքը
կարգը
կու
գայ
դպրոցներուն:
Մէկ
կողմէն
ալ
ասոնք
կը
սկսինք
այրել,
մէյ
մ՚ալ
կը
նայիս,
որ
ազգը
անզգալապէս
լուսաւորուած
կ՚ըլլայ: