«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԺԱՊԵՏԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Անցեալ կիրակի վարժապետական ժողովը գումարուեր է. բայց այս ան­գամ անոր անդամներէն մին խնդրոց կարգը փոխելով գրաբարի ու աշխար­հաբարի խնդրոյն վրայ վիճաբանելու տեղ գիրքերը այրելու խնդրոյն վրայ խ օ սեր է:

Քարաքաշեան էֆենտիի հրատարակած դասագրքերը անկրօնութիւն կը սորվեցնեն եղեր, ուստի զանոնք այրելու է եղեր:

Մեզի մնայ նէ` Քարաքաշեանն ալ այրելու է, որովհետեւ ողջ մնայ նէ` դարձեալ անանկ գրքեր կը հրատարակէ:

Եւ արդարեւ քերականութեան որչափ դասագրքեր կան նէ` ամէնն ալ կրօն­քի դէմ են, որովհետեւ ուղիղ խօսողը` կրօնքի դէմ կը խօսի: Այս հաշուով Փափազեան Ստեփան էֆենտին ալ տապկելու է, վրան ալ քիչ մը լիմոն սխմե­լով Քարաքաշեանի քովը նետելու է:

Ասկից զատ թուաբանութեան դասագրքերն ալ անկրօնութիւն կը սորվեց­նեն: Երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ եղեր: Ի՞նչ փաստ ունինք ձեռքերնիս, որով կարենանք հաստատել, թէ երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ: Յայտնի է, որ ասիկա դիւաց մէկ գիւտն է, եւ Աւետարանը չըսեր մեզ թէ` երկու անգամ երկուքդ չորս կ՚ընէ:

Թուաբաննե՛րն ալ այրելու է:

Հապա աշխարհագրութեան դասագրքերը ո՞ւր թողունք:

Արեւը սանկ կը քալէ եղեր, երկիրը նանկ կը դառնայ եղեր, աշխարհս կլոր է եղեր, ասոր պէս խել մը սուտ բաներ գրուած են մէջը: Աշակերտը անգամ մը զանոնք կարդայ նէ` ալ անոր քովը կրօ՞նք կը մնայ:

Կրակը քիչ մը շատկեկ դնելու է տէ, աշխարհագրութեան դասագրքերն ալ այրելու է, տղաքները քիչ մը տաքնան:

Այս ամէնը այրելէն ետքը կարգը կու գայ դպրոցներուն: Մէկ կողմէն ալ ասոնք կը սկսինք այրել, մէյ մ՚ալ կը նայիս, որ ազգը անզգալապէս լուսա­ւորուած կ՚ըլլայ: