ԱՌ
ՎՍԵՄԱՓԱՅԼ
ԱՆՈՒԱՆԱԿԻՑԴ
ԻՄ
ԿԵՕՉԷԵԱՆ
ԷՖԵՆՏԻ
Որչափ
բարեկամներ
ունիք
եղեր
դուք,
էֆենտի:
Շատերէն
մեղադրուեցայ`
ձեր
վսեմութեան
երկու
վսեմութեան
խօսք
ընելուս
համար.
նոյնիսկ
ինձ
բարեկամ
կարծածներս
վրաս
յարձակեցան
եւ
պնդեցին,
որ
գրածս
յետս
կոչեմ,
ապա
թէ
ոչ,
ըսին,
նորին
վսեմութիւնը
կարող
է
թերթդ
գոցել,
զքեզ
բանտը
դնել
եւ
այլն:
Սովորական
ժպիտովս
ճամբեցի
զիրենք.
ըսելով
թէ`
կամ
դուք
նորին
վսեմութիւնը
աղէկ
չէք
ճանչնար
կոր,
կամ
իմ
նուաստութիւնս:
Աւելցուցի
նաեւ
թէ`
նորին
վսեմութիւնը
մեզի
պէս
մարդոց
պէտք
ունի,
մեզմէ
սորվելիք
ունի.
մինչդեռ
մեզի
պէս
մարդիկ
նորին
վսեմութեան
պէտք
չունին:
Այս
ճշմարտութիւններն
ըսի
իրենց,
բայց
անոնք
դարձեալ
չհամոզուեցան:
Ես
միայն
համոզուեցայ,
որ
դուք
շատ
բարեկամներ
ունիք:
Արդ,
ինչո՞ւ
ես
բարեկամ
չունենամ
եւ
դուք
ունենաք,
էֆենտի:
Ի՞նչ
է
ասոր
պատճառը:
Ասոր
պատճառը
դու
եւ
ես
միայն
գիտենք,
եւ
ես
կ՚ուզեմ,
որ
բոլոր
աշխա՛րհ
գիտնայ,
ուստի
պէտք
է
ասոր
վրայ
երկարօրէն
խօսիլ
յաջորդ
թուով:
Մնամ
վսեմափայլ
անուանակցիս
Վսեմափայլ
անուանակիցդ