«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՔ ՄԵՂՈՒԻ

Ազնուականութիւնը ժառանգական չէ: Այն մարդը, որ առանց առաքինի ըլլալու կ՚ըսէ, թէ հայրս ազնուական էր եւ ես ալ անոր համար ազնուական եմ, կը նմանի այն մարդուն, որ առանց բժշկութեան արհեստը սորվելու, կ՚ըսէ, թէ ես բժիշկ եմ, որովհետեւ հայրս բժիշկ էր:

***

Մի՛ զարմանաք, երբ տեսնէք, որ տգէտները մտիկ չեն ըներ։ Խրա­տը դեղ է, որ ականջով կ՚ուտուի, կա՞յ տղայ մը, որ դիւրութեամբ դեղ առնէ:

***

Շատ անգամ դատողութիւնը կրնայ ճշմարտութիւն մը գտնելու օգնել, բայց չկրնար ճշմարտութիւն ըլլալ, ինչքան որ լապտեր մը կրնայ կորսուած ոսկի մը գտնելու օգնել, բայց չի կրնար ոսկի ըլլալ։

***

Աւելի կ՚ուզեմ սատանայից օգնութեամբը իրաւո՛ւնքս վայելել, քան թէ հրեշտակա՛ց դասուն մէջ իրաւունքէս զրկուիլ:

***

Աւելի կը վախնամ, որ իմ ուրիշներուն վրայ ունեցած կարծիքս չփոխուի, քան թէ ուրիշներուն իմ վրայ ունեցած կարծիքը:

***

Շատերը կը զարմանան թէ` ինչո՞ւ մեր երեսփոխանութեան մէջ տգիտու­թիւնը մեծագոյն մաս կազմած է:

Այս զարմանքը խնդալս կը բերէ, մի՞թէ աղքատները միշտ մեծագոյն մաս չեն կազմեր:

***

Օրագրոյ դրամագլուխը սուտն է, ինչպէս որ մուրացկանի մը դրամագլուխն ալ բարեմաղթութիւնն է:

Ասանկները դրամագլուխնին լմնցած օրը կը սկսին միայն հարստանալ: