Հայ տպագրութիւնը եւ Հռոմ (ԺԷ. դար)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Գ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՋՈՒՂԱՅԵՑԻԻ ՏՊԱՐԱՆԸ ԼԻՎՈՌՆՈՅԻ ՄԷՋ

/56/ Աստուածաշունչի տպագրութեան պատմութիւնը ըրած ատեն՝ չէ կարելի անտեսել Ջուղայեցի Յովհաննէս Վարդապետը, որ անձամբ փորձած է իրագործել այս հսկայ ծրագիրը, ահագին դժուարութիւններով։ Իր մասին անդրադարձած են ամէն անոնք՝ որ ըրած են հայ տպագրութեան պատմութիւնը, եւ վերջիններէն՝ Ռափայէլ Իշխանեան, որու գլխաւոր աղբիւրը եղած է Ջուղայեցիի 16-ին տպած Սաղմոսարանի Յառաջաբան նամակը ու գիրքին Յիշատակարանը [1] ։

Յովհաննէս Վրդ. ի մասին գիտենք թէ 1639 Դեկտ. 1ին Նոր Ջուղայէն ճամբայ ելած է դեպի Արեւմուտք, ղրկուած իր Առաջնորդէն՝ Կեսարացի Խաչատուր Արքեպիսկոպոսէն, որու աշակերտած էր։ Վենետիկ հասնելով՝ ուսումնասիրած է տպագրութեան արուեստը, ուր բաւականութիւն չգտնելով՝ անցած է Հռոմ, շինած է Հայկական տպագրական գիրեր, արհեստաւորներու հետ անցած է Լիվոռնոյ, ուր անձնական ճիգերով եւ մեծ յոգնութեամբ, 1644ին տպած է Սաղմոսարանը եւ հուսկ դարձած է Արեւելք։ Այս քանի մը տողերու մէջ ամփոփուածը՝ պիտի ընդլայնենք յաջորդ էջերուն մէջ, հիմնուած ՀՍ. ի դիւանի փաստաթուղթերուն վրայ։

Վենետիկ Հռոմ (Փետրուար–Սեպտեմբեր, 1641)

Առաջին վկայութիւնը որ ունինք Ջուղայեցի Յովհաննէս Վրդ. ի մասին, կը կրէ Յուլիս 1641 թուականը, երբ ինքը Հռոմ ժամանած՝ աղերսագիր կը ներկայացնէ ՀՍ. ի Ժողովին, հետեւեալ պարունա/57/կութեամբ։ «Հայ Վարդապետը Յովհաննէս–Մկրտիչ ժամանած է Հռոմ, իր ջերմեռանդութեան համար, ինչպէս նաեւ՝ ընելու կաթողիկէ դաւանութիւն, բայց չ'ուզեր եւ չի կրնար առնել այս քայլը՝ առանց կանխապէս լուսաբանուելու հաւատքի նիւթերու եւ տարբերութիւններու մասինուստի, կը խնդրէ որ իրեն համար սահմանուի մէկը, որ գոնէ թարգմանելով՝ լուսաւորէ զինքը, որպէսզի երբ ան դառնայ իր հայրենիքը, Պարսկաստան, իր կարգին լուսաւորէ եւ այս սուրբ հաւատքին առաջնորդէ ուրիշներ, յատկապէս իր Կաթողիկոսը եւ հայ եպիսկոպոսները։ Բայց որովհետեւ երկար ճամբորդութեամբ է որ հասած է քաղաքս, եւ այժմ կը կարօտի նիւթական օժանդակութեան, կը խնդրէ Ս. Ժողովէդ որ օգնէ իրեն» [2] ։

Թէ որքան անկեղծ էին Յովհաննէս Վրդ. ի զգացումները, մեզ ուղղակի կերպով չեն հետաքրքրեր. անոր պատասխանը պիտի տրուի յաջորդաբար։ Յովհաննէս ստիպուած էր դիմել այս միջոցին, որովհետեւ նպատակ մը կը հետապնդէր։ Չէր կրնար Հռոմի պէս քաղաքի մը մէջ գործել՝ առանց պահելու տեղւոյն օրէնքները, կամայ ակամայ։ Հռոմ գալէն առաջ, Վենետիկի մէջ «ընթացեալ ի տպարանս գրոց, բազում ջանիւք հոգ տարեալ, կը գրէ 164-ին տպած Սաղմոսարանի Յիշատակարանին մէջ, վերահասու եղէ գործառնութեանս, եւ վասն առաւել պակասութեան մերոյ տպագրութեան՝ ի մտի եդի եւ խորհեցայ նորագոյն գիրք եւ տիպք կայացուցանել, որպէսզի եւս գեղեցկագոյնք լիցին գործք տպագրութեանս մերոյ. այլ զի ի Վէնէտիկ ոչ գոյին արհեստավորք պատշաճք այսմ գործոյ, դիմիցի ի Հռոմ»։

Յովհաննէս Վրդ. երկու անգամ մտած է Հռոմ. չորս ամիս (Փետր. –Մայիս, 1641) Վենետիկ մնալէ ետք՝ անցած է Հռոմ, ուր մնացած է նոյնքան ժամանակ (Յունիս–Սեպտ., 1641) եւ անցած է Լիվոռնոյ։ Արդեօք Հռոմի մէջ բանակցա՞ծ է գիր պատրաստողներու հետ, եւ կամ կարգադրութիւններ ըրա՞ծ է տպարանային այլ գործերու մասին, չունինք ոչ մէկ ակնարկ։ Վերեւ մէջբերուած աղերսագիրը նիւթ եղած է ՀՍ. ի Ժողովի 2 Յուլիս 1641ի նիստին, ուր քննուելով հարցը թէ հաւատքի մասին է, փոխանցուած է Հաւատաքննութեան (Սանդ Օֆիս) Ժողովին [3] ։ Նկատելի ուրիշ կարեւոր կէտ մըն է Յովհաննէս Վրդ. ի Հռոմի մէջ հանդիպած ըլլալը՝ Անկիւրացի Յովհաննէս Մոլինոյի, որ անշուշտ իմանալով անոր տպագրական ծրագիրները՝ խռոված պիտի ըլլայ, հասկնալի պատճառներով։

  Վենետիկի հայ վաճառականներու դիրքը

/58/ Վենետիկէն Հռոմ ժամանելուն, ահա իր մասին գանգատի նամակ մը կը հասնի Հռոմ, գրուած Վենետիկի հայ վաճառականներէն, որոնք նամակը կը ղրկեն Ծանթայէն։ Նամակը անթուական է, լեզուն ծանր եւ գրեթէ անհասկանալի. նամակին իմաստներուն հետեւելու համար՝ մեր տրամադրութեան ունինք անոր լատիներէն թարգմանութիւնը, կատարուած նոյն օրերուն ՀՍ. ի քարտուղարութեան կողմէ։ Հայերէն նամակին ընկերացած է իտալերէն նամակ մը, գրուած Մանթայէն, 14 Սեպտ. 1641ին, Աղեքսանդր Պազիլոբուլոյէ, հաւանաբար Գործակալ Ս. Աթոռին, որ կը համառօտէ վենետահայ վաճառականներու բերանացի գանգատը Յովհաննէս Ջուղայեցիի մասին։ Պազիլոբուլոյ կը գրէ. «Շատ մը հայ վաճառականներ, որ Վենետիկէն հոս եկած են իրենց գործին համար, խնդրեցին որ իմացնեմ Ձեզի, թէ ներկայիս Հռոմ հասած է հայ վարդապետ մը, իր Գրիգոր ծառայող, շուրջ 30 տարեկան, կարճ հասակով, սեւ աչքերով եւ թուխ մօրուքով, որդի Տիրատուրի, թոռն Քտռէշենց Միկիճի. իր անունը Յովհաննէս, դրամասէր. ամէնքը խաբելով՝ եպիսկոպոս կը ձեւանայ, որ չունի սուրբ աստիճաններն անգամ։ Կը ներփակեմ հայերու գրած նամակը, ուր կը յայտարարեց թէ վարդապետ մը այն ատեն միայն ճշմարիտ է՝ երբ ունենայ Կաթողիկոսին կնքեալ նամակը եւ Ս. Աթոռին ղրկած միսիոնարներու վկայութիւնը։ Կը խնդրեմ որ պատասխան մը տրուէր հայերուն, որոնք անձկանօք կը սպասեն, եւ կամ գրուի ուղղակի իրենց Կաթողիկոսին» [4] ։

Վենետիկի հայ վաճառականներու նամակը, ուղղուած Ուրբանոս Ը. Պապին, հոս կը հրատարակենք, պատելով բնագրային ձեւերը, թողլով ընթերցողին որ մեր հետ անկէ քաղէ իմաստները։

«Ծանուցում լնի Փաբային, որ կարքալ է Աթոռն Սուրբ Պետրոսայ եւ Պողոսայ։

«Ծանուցում լնի աստուածայսէր աՀերոյն աւր բնանկին Հռումայ քառաքն։ Էտ արծաթասէր Վարդապետ աւր եկել է Ուռումայ քաղաքն, խաւր անումն Տիրատուր, ուր անումն Ովանէս, պաւլին անումն Քտռէշէնց Միկիճ, ուր անումն Ովանէս, իը-լ տարական այ. կառճիկ, թուխ այ միրուք, սէվ անք։ Աշակերտին անումն Գրիգոր, սարկավաք այ, դաս աւրնած չի էտ Ովանէս Վարդապետ ա։ Խարցուցէք թէ ինչ աս էկէլ. յէբ աւր ասի թէ պասմին խմար ամ էկէլ, ում յիքով աս էկէլ. ահուց Կաղթիղուկոս աւր աչմիծ աւր նստած այ, անումն Փիլիպպոս Կաթիղկոյս այ, աւր մին մարդ աւր գիր կուզի՝ գին կտայ, որին նշանն գ միր ունի, գրին վրայ կարմիր դէղով։ Ջոյղեցոյ աշխարականի մեծավորնին անումն՝ Խաւջայ Շաֆ/59/ռազ այ, աղբար անումն՝ Էլիազ այ, Փափահին պատրի կայ Ըսպան. մեծ պատրոյն անումն՝ Պատրի Թումաս այ, Փիլիպոյսին Կաթուղիկոյս գ մուրն ունի, Խաջայ Շաֆռազին մուրն ունի, Խաջայ Էլազին մուրն ունի, Պատրի Թումազին մուրն ունի, Խաւջայ Պուղուսին մուրն ունի։ Թէ գրին վեայ ը մուր կայ, մէկն թէ չի՝ սուտ այ եւ խաբիպայ։

«Սուրբ Աջմիածան սէրն, փափին խասկացուցէք, էտուր սուտն աղորդն յիմացէք, ինչ աւր Փափին բուրուղն այէնէց, լնի այ եկ Վանատիկն, չորս ամիս եկաց, ժուղուրդ խաբէց, թայ եկեղեցին քատեմ, ուրիշ շինմ, խաբէց, փուղբալորեց եկեղեցոյ երեք շռջառ, երկու ուրար, վեց մոմտան, մէկ բազկան. բանդրէց, բռնեց ճծ ղռուչ. ինքն առէք, անշանք իքմ ին առէց, փախաւ արէկ Ըռումայ։

«Վասն սորոյն Քրիստոսի, համ այզաս բանէրս Փափին յիմացուցէք, զինչ աւր հաբն է առէք, աղալէկեցէք, այնմ պիղծ ժուղովրդ խաբեցին քեզ. խէրիք չէր աւր իմահ կուզիս Փափին խաբի։ Վանատիկն աւր տանին Սուրբ Աչմիծին թէ աւր զաւրն աղարկէք Վանատիկն գնայ ի ձեռն Ջուղեցի Միկիճին. սարկավակն խարցէցէք, թէ Վանատիկումն դու աբեղայ չիր էր, տէղս ո՞վ աւրհնեց. եզ քեզ այ սոյտ ա, սարկավայք էլ Վանատիկն. էլ էտուր ընկիր այ աւր մին մինոյ գր կաղարկին, էտ ուք ողջ կա այլոց այ։ Վանատիկին սարկավաքին անումն Մարգար այ, նաշխարար այ» [5] ։

Հռոմ ի մէջ այս նամակը թարգմանուած է լատիներէնի, ազատ թարգմանութեամբ, ուր կը տրուին դեռ անդրագոյն ծանօթութիւններ Յովհաննէս Վրդ. ի անձին մասին, ըսելով թէ Յովհաննէս Վրդ. ինքն իր անձին համար կը վկայէ թէ ինք Եպիսկոպոս է եւ թէ Արեւմուտք ղրկուած է Կաթողիկոսին կողմ է, սակայն ձեռքին չունի ոչ մէկ վկայական, որ առհասարակ կը տրուի նման պարագաներու, կաթողիկոսական կարմիր կնիքով եւ ութը այլ ծերագոյն անձերու ստորագրութեամբ։ Նմանապէս լատիներէն օրինակին վրայ աւելցուած է, թէ Յովհաննէս Վրդ. Վենետիկի մէջ խաբէութեամբ դրամ հաւաքած է, խոստանալով քաղաքին Ս. Խաչ փայտաշէն եկեղեցին վերածել քարաշէնի, եւ թէ բանադրած է ազգային մը՝ ամուսնական խնդրով, եւ ապա արձակելու համար ստացած է 150 սկուդ [6] ։

1641 Նոյեմբեր 12ին ՔարտԲրան. քաչիոյ այս հարցը նիւթ կընէ Ժողովի, Համադրելով վերը ըսուածները, թէ Վենետիկի Հայ վաճախ ռականներ կը պնդեն՝ 1. ստիպել Յովհաննէս Վրդը՝ որ ցոյց տայ Կաթողիկոսին վկայականը, 2• խաբէութիւնը ստուգելէ յետոյ՝ վտարել Հռոմէն, 3. Վենետիկի մէջ գանձած գումարը ձեռքէն առնե/60/լով՝ դարձնել Վենետիկ։ Ժողովականներու եզրակացութիւնը կ՚ըլլայ հետեւեալը. «Լսելով թէ յիշեալ վարդապետը մեկնած է Հռոմէն, յարմար նկատուեցաւ ոչինչ որոշել՝ մինչեւ իր դառնալը, ինչպէս խոստացաւ մեկնելէ առաջ» [7] ։

Լիվոռնոյ Ճենովա (Սեպտեմբեր–Դեկտեմբեր, 1641)

Հռոմէն կ՚անցնի Լիվոռնոյ, ուր սիրալիր ընդունելութիւն կը գտնէ լատին Հ. Պետրոս–Յովհաննէսէ, որ յանձնարարական գիր մը ստացած էր ՀՍ. ի Քարտուղարէն ի նպաստ Յովհաննէս Վրդ. ի։ Կ՚իջեւանի վանք մը կը սահմանուի իրեն յատուկ քահանայ մը՝ որ իրեն սորվեցնէ, շատ հաւանաբար հաւատքի վերաբերեալ ճշմարտութիւններ։ Սեպտեմբեր ամսուն երկրորդ կեսին Յովհաննէս Վրդ. յանկարծ կը թողու ամէն ինչ, կը մեկնի Ճենովա, զարմացնելով զինք հիւրասիրողները [8] ։

Անկիւրացի Յովհաննէս Մոլինոյ, որ դեռ նոր հասած էր Հռոմէն Վենետիկ, եւ մօտէն կը հետեւէր Յովհաննէս Վրդի շարժումներուն, 19 Հոկտ. 1641 թուակիր նամակով լուրը կը հասցնէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, թէ Յովհաննէս Վրդ. ինչ շարժառիթներէ մղուած գացած է Ճենովա. «Յովհաննէս Վրդ. Լիվոռնոյի մէջ 150 րէալ հաւաքած է՝ ըսելով թէ Հռոմի մէջ հայկական գիրերու կաղապարներ եւ մայրեր լինել պիտի տայ: Լիվոռնոյէն մեկնած է Ճենովա՝ ազգայիններ, դրամ՝ հաւաքելու՝ նոյն պատրուակով։ Կը խնդրեմ որ հրաման տայիք գերմանացի Յովհաննէսին՝ որ գիր շինէ, ի վնաս մեր սուրբ հաւատքին» [9] ։

Նոյեմբերի մէջ Յովհաննէս Վրդ. կը դառնայ Լիվոռնոյ՝ դարձեալ կը հիւրասիրուի նոյն վանքը, լաւագոյն բնակավայրով։ Երկրորդ անգամ ըլլալով, Յովհաննէս Վրդ. առանց լուր տալու՝ յանկարծ կը մեկնի Հռոմ՝, զարմացնելով ամէնքը. մեկնած էր առանց կղպելու սենեակը, առանց ապահովելու ինչքերը, մանաւանդ որ նոյն վանքին մէջ կը գտնուէին օտարներ եւ զինուորականներ։ Լիվոռնոյի հայ վաճառականներ տարածած էին քաղաքին մէջ՝ թէ Յովհաննէս Վրդ. զուրկ է Կաթողիկոսին Յանձնարարական նամակէն, թէ առանց եպիսկոպոսական օծում ունենալու՝ պատարագած է քաղաքին մայր տաճարին մէջ, թագով եւ եպիսկոպոսական սպասներով [10] ։

/61/ Հռոմ մեկնելու լուրը առնելով՝ Մոլինոյ դարձեալ կը մտահոգուի, ու վախնալով թէ մի գուցէ յանկարծ հոն յաջողին Վարդապետին գործերը, «Լիվոռնոյէն եկած նամակներէն կ՚իմանամ, - կը գրէ 23 Նոյեմբերին, - թէ Յովհաննէս Վրդ. Ճենովայի եւ Լիվոռնոյի հայ վաճառականներէն հաւաքած է 400 րէալ, ըսելով թէ Հռոմ ի մէջ գերմանացի Յովհաննէսին լինել պիտի տայ հայկական տառեր։ Կը խնդրեմ որ հաճէիք հրահանգ տալ գերմանացիին՝ յանձնառու չըլլալ գործին. հակառակ պարագային՝ պիտի ստիպուիմ գրել ՀՍ. ի Ժողովի քարտինալներուն եւ կամ Պապին, թէ այս Վարդապետը կ՚ուզէ հայկական գիրեր լինել տալ, Հայաստանի մէջ հերետիկոսական գիրքեր տարածելու համար» [11] ։

Հռոմի մէջ՝ երկրորդ անգամ (Դեկտ։ 1641 - Օգոստ. 1642)

Յովհաննէս Վրդ. Հռոմ հասնելուն սկսած ըլլալու է լինել տալ տպագրական գիրեր, եւ առաջին յաջողութիւններու լուրը գրած Վենետիկ, անշուշտ ազգայիններու դիմաց արդարացնելու ինքզինքը, որոնցմէ դրամ ստացած էր նոյն նպատակին համար։ Լուրեր, որոնք մտահոգիչ էին Յովհաննէս Մոլինոյի համար. «Չեմ կրնար չգրել սրտի ցաւով, կը գրէ Մոլինոյ Վենետիկ էն 28 Դեկտ. թուակիր նամակով, որ Յովհաննէս Վրդ. գրած է Վենետիկի հայերուն, թէ ինք Հռոմ ստիպուած է երկարել իր բնակութիւնը, ամբողջացնելու համար հայկական գիրերու շինութիւնը, եւ թէ հազիւ գործը վերջացնէ՝ պիտի գայ Վենետիկ։ Ես որ այնքան երկար տարիներ կը յոգնիմ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայելու համար, որպէսզի կաթողիկէ հաւատքը տարածուի, այժմ չըլլայ որ յամառ հերձուածող մը շինէ հայկական գիրերը, ու Հայաստան տանելով տպէ Հռոմի հակառակ գիրքեր։ Շատ անգամ ըսի ձեզի եւ կը կրկնեմ, թէ ստիպուած պիտի գրեմ Քարտ. Փրանկիսկոսի եւ Քարտ. Պալլօտտոյի, հարկի պարագայ նաեւ Պապին, որպէսզի մարեն այս կրակը եւ հերետիկոսական գիրքեր չտարածուին Հայաստանի մէջ» [12] ։

Հռոմի մէջ Յովհաննէս Վրդ. պէտք է շահած ըլլայ ՀՍ. ի Քարտուղարին՝ Ինկոլիի վստահութիւնը, որովհետեւ Վարդապետը կատարած էր կաթողիկէ դաւանութիւն, ու Ինկոլիի համար այս եղելութիւնը՝ կը մատնանշէր Յովհաննէս Վրդ. ի ներքին բարի տրամադրութիւնը, ուստի չէր կարող հակառակիլ անոր առաջարկներուն։ Այս բարի լուրը Ինկոլի գրած ըլլալու է նաեւ Մոլինոյի, որ ստիպուած էր խնդակցիլ եւ «հոս տեղւոյս հայ կաթողիկէները, կը գրէ Մոլինոյ 4 Յունուար 1642ին, - ուրախութեամբ իմացան թէ Յով/62/հաննէս Վրդ. կատարած է կաթողիկէ դաւանութիւն» [13], բայց թէ Մոլինոյ իրապէս ուրա՞խ էր այս լուրով, եւ կամ կրնա՞ր հաւատալ Յովհաննէս Վրդ. ի անկեղծութեան. չէ՞ որ ինքն ալ ըրած էր նոյն դաւանութիւնը եւ տուած էր շատ մը ապացոյցներ իր զգացումներուն անկեղծութեան, եւ սակայն կրած էր եւ դեռ կը կրէր ահագին դժուարութիւն՝ տպագրութեան մարզին մէջ։

Զգացումներու այս ելեւէջին մէջ, 15 Մարտ 1642ին Մոլինոյ կը գրէ երկար նամակ մը Քարտ. Պալլօտտոյի, որ հեղինակաւոր անձերէն էր ՀՍ. ի Ժողովին. «Վենետիկի կաթողիկէ հայերը ժամանակ մը առաջ իմացած էին թէ Սպահանի Խաչատուր Արքեպիսկոպոսը ղրկած էր իր աշակերտը՝ Յովհաննէս Վրդ., Վենետիկ, ան որ ներկայիս կը գտնուի Հռոմ, Հայոց Հիւրանոցը, - որպէսզի ամէն ջանք ընէ ու շինել տայ հայկական գիրերու կաղապարներն ու մայրերը, նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ բանալ տպարան, տպելու համար գիրքերը Գրիգոր Տաթեւացիի, ան որ գրած է կաթողիկէներու հակառակ եւ չարախօսած է Հռոմի Եկեղեցիին դէմ։ Այս գաղափարները Տաթեւացի ամփոփած է իր քարոզներուն մէջ, որոնք վնասակար են քրիստոնէութեան. իսկ հերձուածող հայերը՝ այս եւ ասոնց նման գիրքեր մեծ ծարաւով կը փնտռեն։ Վերոյիշեալ Յովհաննէս Վրդ. մինչ Վենետիկ էր, աշխատած է այս ծրագիրով բայց քաղաքին մէջ չգտնելով քաջ արհեստաւորներ որ պատրաստեն հայկական գիրերը՝ ուղղուած է Հռոմ, նոյն նպատակները հետապնդելու, ու ներկայիս հայկական գիրեր փորագրել կու տայ գերմանացի Յովհաննէսին, ան որ կը բնակէ Ֆիքոյ կոչուած նեղ փողոցին վրայ, որու բնակարանին դիմաց կայ ապակեգործ մը, կէս սկուդ առնելով իւրաքանչիւր գիրի համար, որպէսզի ապագային Վարդապետը թափէ գիրերը՝ հոն ուր իրեն հաճոյ է։ Ես, Յովհաննէս Մոլինոյ, ամենահաւատարիմս Սուրբ Եկեղեցւոյ, այս լուրերը առնելուս՝ կը հաղորդեմ Ձեզի, որպէսզի Ձեր վսեմութիւնը իմաց տայ ՀՍ. ի Ժողովին. գիտցէք որ եթէ հայկական գիրերը այս մարդուն ձեռքով Պարսկաստան փոխադրուին՝ առաջ պիտի գայ միայն վնաս եւ մեծ գայթակղութիւն» [14] ։

Շաբաթ մը ետք, այն է 22 Մարտ 1612ին, գրեթէ նոյն բովանդակութեամբ, բայց աւելի համառօտ կերպով, Մոլինոյ կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, իմացնելով թէ նոյնը ընդարձակ կերպով գրած է Քարտ. Պալլոտտոյի, պատրաստ է գրել նաեւ Հաւատաքննութեան Ժողովին, արգիլելու համար այն հրդեհը՝ որ պիտի տարածուի ամբողջ Հայաստանի մէջ, ի վնաս կաթողիկէ Հաւատքին [15] ։

/63/ Այնպէս կը թուի որ Հռոմ չէր ուզեր իրաւունք տալ Մոլինոյի, եւ կամ այն է՝ որ Յովհաննէս Վրդ. կը գործ էր ծայր աստիճան գաղտնի, որ ըրածը կը մնար ծածուկ ՀՍ. ի Ժողովէն, որու Քարտուղարը Ինկոլի, 29 Մարտին կը պատասխանէ Մոլինոյի հետեւեալ համառօտ տողերով. «Յովհաննէս Հայ Վարդապետը, ինչպէս ուրիշ անգամ գրեցի, բնաւ հետամուտ չէ տպելու ո՛չ Գրիգոր Տաթեւացիի գործերը, ոչ նման այլ աշխատութիւններ, եւ ոչ ալ հայկական գիրեր շինել տալով զբաղած է։ Գիտցիր նաեւ որ գերմանացի Յովհաննէսն ալ ներկայիս գիր չի շիներ, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր իրեն արգիլուեցաւ միջամուխ ըլլալ նման ձեռնարկներու» [16] ։

Լեհաստան երթալու ծրագիրներ

Նոյն տարիներուն փչոտ էր լեհահայոց եկեղեցական միութեան խնդիրը։ ՀՍ. ի Ժողովը տեսնելով Յովհաննէս Վրդ. ի ունեցած պատրաստութիւնը, ծրագիրներ կը սկսի մշակել անոր մասին, յատկապէս վստահացած անոր ցոյց տուած ներքին տրամադրութիւններուն եւ ըրած հաւատքի դաւանանքին վրայ։ Մոլինոյ 4 Յունուար 1642ին կը գրէ Ինկոլիի. «Յովհաննէս Վրդ. նամակ գրած է տեղւոյս ազգայիններուն, ըսելով թէ կը սպասէ ՀՍ. ի Ժողովին եւ Պապին նամակներուն՝ Լեհաստան մեկնելու համար, որպէսզի Պիրոմալիի հետ երթայ Փիլիպպոս Կաթողիկոսին, բանակցելու համար։ Այս բոլորը լաւ լուրեր են» [17] ։

Մոլինոյի վերջին բացատրութիւնը «այս բոլորը լաւ լուրեր են» գուցէ հեգնական շեշտով գրուած ըլլան, որովհետեւ ասկէ ետք է որ գրած է վերեւ մէջբերուած երկար նամակը, ուր կը պարզէ Վարդապետին ունեցած յետին նպատակները։

Յովհաննէս Վրդ. հետապնդելու համար իր տպագրական ծրագիրները, այնպէս կը թուի որ իրապէս կը յարմարի կացութեան։ 22 Յունիս 1642ին աղերսագիր կը ներկայացնէ՝ հետեւեալ պարունակութեամբ։ «Ես Յովհաննէս–Մկրտիչ Հայոց Վարդապետ, կը պարզեմ Ձեզի թէ Պարսկաստանէն Հռոմ եկայ՝ Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ միանալու համար, ու դաւանանքս ըրի Սանդ Օֆիսի մէջ։ Այժմ կը խնդրեմ երթալ Լեհաստան, աշխատելու Եկեղեցւոյ միութեան համար. տեղւոյն ազգայինները տեսնելով հայ վարդապետ մը՝ կրնան դիւրաւ յառաջացնել միութիւնը։ Ուստի կը խնդրեմ Յանձնարարական նամակներ՝ ուղղուած Առաքելական Նուիրակին եւ Լե/64/հերու թագաւորին» [18] ։ Յունիս 23ին նկատի է առնուի աղերսագիրը [19], ու 6 Յուլիս 1642 թուականով, կը հաղորդուի Լեհաստանի Առաքելական Նուիրակին թէ «Յովհաննէս Հայ Վարդապետը, որ Հռոմի մէջ հաւատքի դաւանութիւն տալով միացաւ Ս. Եկեղեցւոյ, այժմ կու գայ երկիրդ, փափաքելով անցնիլ Լէոպոլիս, գործակցելու որքան կրնայ Թորոսովիչ Նիկոլ Արքեպիսկոպոսին եւ Պիրոմալիի, ի խնդիր եկեղեցական միութեան։ Արդ կը յանձնենք զինքը քու հովանիիդ, որպէսզի թէ՛ թագաւորին եւ թէ ուր հարկ է՝ նպաստես իրեն» [20] ։

Երբ այս կերպով պատրաստ էր հողը, Յովհաննէս Վրդ. ուզելով օգտագործել առիթը, կը ներկայացնէ նոր աղերսագիր մը՝ յատկանշական պարունակութեամբ. «Յովհաննէս Հայոց Վարդապետ, որ Աստուծոյ շնորհքով ըրաւ Սուրբ Հաւատքի դաւանութիւն, միշտ փափաքած եւ այժմ եւս կը փափաքի՝ լատիներէնէ հայերէնի թարգմանել Ս. Թոմաս Ագուինացիի եւ ուրիշ Հայրերու գործեր, եւ այս նպատակով ալ հոս Հռոմի մէջ պատրաստել տուած է հայկական գիրեր։ Խոնարհաբար կը խնդրէ Ձեր վսեմութենէն որ հաճիք հրաման տալ իրեն, որպէսզի կարենայ հետը Լեոպոլիս տանիլ այդ գիրերը, հոն տպելու վերոյիշեալ թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ Հ. Պօղոս Պիրոմալիի շարադրած գործերը» [21] ։

ՀՍ. ի Ժողովը կրնա՞ր արդեօք ընդառաջ ելլել նման առաջարկի։ Բացառութիւն մը ըրած էր Մոլինոյի պարագային, սակայն անկէ դուրս կատարուած դիմումներուն միշտ ժխտական պատասխան տուած էր։ 1640ին, երբ Պիրոմալի Ս. Աթոռէն պիտի ղրկուի Լեհաստան, խնդրանք ներկայացուցած էր ուղղակի Ուրբանոս Ը. Պապին. «Սրբազան Հայր, առաքելութեանս տարիներուն շարադրած եմ բառարան մը Հայերէնէ լատիներէն, 35. 000 բառերով, ու կը փափաքիմ տպել առանց ծանրանալու ՀՍ. ի Ժողովին։ Ուստի կը խնդրեմ Ձեր Սրբութենէն, որ հաճիք հրահանգ տալ ՀՍ. ի Ժողովին, որ ինծի շնորհէ հայերէն գիրերու մայրերը եւ կամ փոխ տայ անոնց կաղապարները, որպէսզի ես պատրաստել տամ նոր մայրեր։ Կը խոստանամ հատորը տպելէ յետոյ՝ որոշ թիւով բառգիրքներ ղրկել Հռոմ, դնելով ՀՍ. ի Ժողովի տրամադրութեան» [22] ։ Պիրոմալիի աղերսագիրը կը փոխանցուի ՀՍ. ի Ժողովին, որու Քարտուղարը, Ինկոլի, հետեւեալ խորհրդածութիւնները գրաւոր թողած է նոյն թուղթին վրայ։ «Լեհաստանի եւ Պարսկաստանի հայերը ունին արդէն սեփա/65/կան տպարան, սակայն անոնց հայկական գիրերը չունին գեղեցկութիւն։ Անկախ այս պարագայէն՝ Ս. Ժողովս նման պարագաներու կը դժուարի տալ իր հաւանութիւնը, որպէսզի կարելիութիւն չտալ հերետիկոսական գիրքերու տպագրութեան։ Սակայն կարելի է հրահանգ տալ Պիրոմալլիի՝ որ բառգիրքը տպագրելէ յետոյ՝ ոչ մէկ գիրքի տպագրութեան ձեռնարկէ, առանց Լեոպոլսոյ Եպիսկոպոսին վաւերացում են, որ իր կարգին գործը պէտք է յանձնէ մասնագէտներու» [23], 25 Յունիս 1640ին Քարտ. Փանֆիլոյ Պիրոմալիի խնդիրը կը ներկայացնէ Ժողովի ու պատասխանը կ՚ըլլայ Ժխտական, լաւագոյն դատելով որ բառգիրքը տպագրուի Հռոմի մէջ [24] ։

Արդեօք այս մանրամասնութիւնները ծանօ՞թ էին Յովհաննէս Վրդ. ի, որ համարձակած էր նման առաջարկ ընել Ս. Ժողովին։ Ամէն պարագային իր աղերսագիրին վրայ ալ նոյն Քարտուղարը թողած է խորհրդածութիւններ, որ անշուշտ յաջորդաբար ներկայացուած է ժողովի. «Յովհաննէս Վրդ. շինել տուած է մեծ եւ փոքր գիրերու կաղապարներ ու մայրեր, որպէսզի տանի Հայաստան եւ կամ գոնէ Լեհաստան, տպելու համար լաւ գիրքեր, յատկապէս Ս. Թոմասի գործերը եւ Պիրոմալիի բառարանը, եւ ասոր համար ծախսած է 200 սկուդ, եւ աւելի։ Գիրերը պատրաստողն է գերմանացի Յովհաննէսը, որ աւարտած է մեծ գիրերը եւ ներկայիս կաշխատի փոքր գիրերուն վրայ։ Գերմանացին Ս. Ժողովէն հրահանգ ստացած է չյանձնել գիրերը Վարդապետին. սակայն նկատած որ աղերսարկուն Աստուծոյ շնորհքով միացաւ այս Ս. Աթոռին, եւ փափաքելով նոյն կաթողիկէ հաւատքը տարածել իր ազգակիցներուն մէջ, կը խնդրէ որ հրաման տրուի գիրերը պատրաստողին՝ յանձնել իրեն (Յովհաննէս Վրդ. ի) ցարդ պատրաստածները»։ Այս խորհրդածութիւններէն վերջ Ինկոլի դեռ կ՚աւելցնէ. «Լեոպոլսոյ մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունի հայկական տպարան, թէ եւ ոչ այնքան գեղեցիկ՝ ինչպէս է ՀՍ. ի տպարանի գիրերը, որոնց նմանութեամբ է որ գերմանացի Յովհաննէս պատրաստած է երկու տեսակ գիրեր՝ Վարդապետին համար։ Ինծի համաձայն օգտակար կը թուի թողուլ Վարղապետին որ գիրերը տանի Լէոպոլիս, հակազդելու համար այն տպարանին՝ որ կը գտնուի հերձուածողներու ձեռքը, պայմանով ոը հոգն ու պատասխանատուութիւնը դրուի Առաքելական Նուիրակին վրայ, որպէսզի տպարանը հաստատուի Դոմենիկեաններու կամ Կարմեղականներու վանքը, հսկելով որ տպագրուին միայն կաթողիկէ գիրքեր։ Եթէ այս հրամանը մերժուի Վարդապետին, պէտք է իրեն հատուցանել 200 սկուտ եւ աւելի ծախսը որ ըրած է գիրերուն հա/66/մար, քանի գիր փորող գերմանացին աղքատ ըլլալով՝ չի կրնար վերադարձնել ստացած գումարը» [25] ։

11 Յուլիս 1642ին հարցը կը դրուի ժողովի, եւ պատասխանը կ՚ըլլայ Ժխտական, գոնէ առ այժմ, որպէսզի ժամանակ տրուի եւ հարցը խորապէս քննուելով՝ նիւթ կըլլայ յաջորդ նիստի մը [26] ։ Եւ իրապէս քանի մը օր ետք, 16 Յուլիսին, հարցը կրկին քննութեան կենթարկուի մասնական ժողովի մը մէջ, ուր նկատի կառնուի գիրերու պատրաստութեան համար Վարդապետին ըրած ծախսը, եւ որ կը փափաքի տպարան հաստատել Լեոպոլսոյ Ս. Խաչ վանքին Անտոնեան ճգնաւորներու վանքը, Նիկոլ Թորոսովիչ հայ Արքեպիսկոպոսին հովանիին ներքեւ, որպէսզի տպէ կաթողիկէ վարդապետութեան համաձայն գիրքեր, իր ազգայիններու հոգիին փրկութեան համար, պայմանով որ Վարդապետին մահէն յետոյ՝ տպարանը ըլլայ սեփականութիւն նոյն Ս. Խաչ վանքին, որպէսզի շարունակուի գործը՝ ի մշտնջենաւոր յիշատակ իրեն, ի նպաստ Հայ ազգին եւ ի փառս Ս. Եկեղեցւոյ։ «Արդ, Յովհաննէս Վրդ..., կ՚ըսէ Ժողովի արձանագրութիւնը, այս բոլորը ներկայացնելով՝ կը խնդրէ որ իրեն շնորհուին Հայկական գիրերը» [27] ։

Լիվոռնոյի մէջ

Մինչ այսպէս ՀՍ. ի Ժողովը հարցը քննելու հետ էր, Յովհաննէս Վրդ. յանկարծ կանհետանայ քաղաքէն, ու 24 Օգոստոսին Սարգիս Վանի Եպիսկոպոսին [28] հետ կը մեկնի Լիվոռնոյ, հետը տանելով /67/ գերմանացի Յովհաննէս, գիրեր պատրաստողը։ Չունինք բացայայտ աղբիւր՝ եզրակացնելու թէ Յովհաննէս Վրդ. հրաման ստացած ըլլայ հետը տանելու նաեւ տպագրական գիրերը. գերմանացին հետը տանիլը ինքնին նշան մըն էր թէ Լիվոռնոյի մէջ գործը պիտի սկսէր ծայրէն։

Եւ իրապէս Յովհաննէս Վրդ՝ լուռ կաշխատի Լիվոռնոյի մէջ, միշտ նոյն գաղափարականով, միշտ նոյն տպագրական ծրագիրներով, միայն անգամ մը կը խզէ լռութիւնը, 22 Հոկտ. 1642ին, երբ կը գրէ Ինկոլիի, թէ նոյն օրը ստացած է Փիլիպպոս Կաթողիկոսի նամակը, ուղղուած Ուրբանոս Ը. Պապին, եւ թէ Կաթողիկոսը առանձին նամակով կը յանձնարարէ իրեն՝ որ չվստահի ոչ մէկ ազգայինի, այլ անձամբ նամակը տանի Հռոմ ու յանձնէ Պապին [29] ։

Եօթը ամիս (Սեպտ. 1642 - Մարտ 1613) լուռ աշխատանքէ յետոյ, 19 Մարտ 1643ին կը գրէ Ինկոլիի, պարզելով իր ծրագիրը. «Ինծի հաղորդեցին Ձեր հրամանը, որ տպագրելիք Սաղմոսարանս ըլլայ՝ ո՛չ Եօթանասնից թարգմանութեան այլ Վուլկաթայի համաձայն. ես սկիզբէն ի վեր տարբեր չէ որ կը մտածէի։ Ինծի առաջարկուեցաւ տպել Քարտ. Բելլարմինոսի Քրիստոնէական վարդապետութիւնը, այն որ Ս. Ժողովը տպագրած է, սակայն ես չընդունեցայ առաջարկը, արժանիքն ու պատիւը Ձեզմէ չխլելու համար։ Եւ որով որոշեցի, պարզապէս փորձի համար, վերատպել հայերէն լեզուով Սաղմոսարանը, ան որ Պիոս Դ. Պապի հրամանով տպուած է Վենետիկի մէջ, ջանալով կարելիին չափ յարմարցնել Վուլկաթային։ Ընելիք տպագրութիւնս պիտի ըլլայ պարզապէս փորձ մը, որովհեսեւ բոլոր հոգիով կը փափաքիմ տպագրել ամբողջ Աստուածաշունչը, անշուշտ U. Ժողովին եւ Ձեր հրամանով. ուստի կը խնդրեմ հաճէիր ղրկել ինծի Աստուածաշունչ մը, Վուլկաթան, կամ այն որ տեղի հաճոյ է, որ ամենայն յօժարութեամբ պիտի տպեմ, որովհետեւ ուրիշ նպատակ չունիմ՝ եթէ ոչ պահել Ս. Ժողովի կարգադրութիւնները» [30] ։

Ինչպէս ամէն հայ, որ զբաղված է տպագրութեամբ, կրած է անոր հետեւանքները անխուսափելի կերպով, այսպէս ալ Ջուղայեցի Յովհաննէս Վրդ. ձեռք դրած ըլլալով այս գործին՝ յանձնառու եղած էր ընելու պարտքեր։ Տեսանք թէ Վենետիկի հայերը ինչ գրեցին Հռոմ իր մասին. տեսանք նաեւ թէ Լիվոռնոյի հայերը ինչ կերպով պաշտպանեցին իրենց Վարդապետը. մարդկօրէն յոյս չկար ձեռք բերել մեծ գումարներ։ Յովհաննէս Վարդապետը չունէր եկամուտի աղբիւրներ, մանաւանդ որ շուրջ չորս տարի է կը թափառէր Իտա/68/լիոյ քաղաքները. որով յանձն կ՚առնէ խոնարհեցուցումը՝ կրկին անգամ երթալու Վենետիկ, զարնելու ազգայիններու դուռը։ Կրկին անգամ մեծագոյն խռովողը կ՚ըլլայ Յովհաննէս Մոլինոյ, որ դեռ նոր աւարտած էր տպագրութիւնը Սաղմոսարանին եւ Յիսուս Որդիին, ու կը պատրաստուէր մեկնիլ Պոլիս։ Մեկնելէ առաջ, վերջին նամակ մը կը գրէ Ինկոլիի, 9 Մայիս 1643ին՝ ըսելով. «Տէր Յովհաննէս Ջուղայեցի Վարդապետ ներկայիս կը գտնուի հոս, Վենետիկ, դրամ հաւաքելու, Լիվոռնոյի մէջ տպարան կանգնելու համար։ Գերմանացի Յովհաննէս մինչեւ օրս կը գտնուի նոյն քաղաքը, եւ կ՚աշխատի գիրեր եւ ուրիշ զարդեր պատրաստել անոր համար՝ որ հոս, հերձուածող հայերուն առջեւ, ուրացաւ կաթողիկէ դաւանութիւնը որ ըրած էր Հռոմի մէջ, ինքզինքը արդարացնելով՝ թէ իսկական դաւանութիւն չէր ըրածը, քանի շօշափելի գումար մը տուած էր Հ. Ֆրանչիսկոսի, որպէսզի հաւատքի դաւանութենէն դուրս ձգէ բոլոր այն կէտերը՝ որոնք Հռոմի Եկեղեցիէն սխալ կը նկատուին, բայց հայ հերձուածողներու համար ուղիղ վարդապետութիւն են։ 15 օրէն կը կարծեմ թէ Լիվոռնոյ պիտի դառնայ» [31] ։

Օտար ափերու վրայ, ազգային գործի նուիրուող անձի մը համար, իր ազգակիցէն իր մասին գրուած նման նամակ՝ անշուշտ քաջալերիչ չէր. սակայն կրօնական ծայրայեղութիւնը, եւ կամ դարուն մտայնութիւնը՝ գերակշիռ դեր ունին երբեմն նման պարագաներու։

Յովհաննէս Վրդ. ի հետ նույն վարմունքը ունեցած է Լեոպոլսոյ Նիկոլ Թորոսովիչ հայ Արքեպիսկոպոսը, որ 1614 տարւոյն առաջին ամսուն անց քով կը գտնուէր Լիվոռնոյ, ուսկից 9 Յունուարին կը գրէ ՀՍ. ի Ժողովին. «Գիտնաք, որ Յովհաննէս Վրդ. կ՚ուզէ հայերէն գիրք տպել, բան մը որ չարիքի դուռ պիտի ըլլայ. պէտք չէ թոյլ տալ որ այսպէս գործէ՝ առանց Ս. Ժողովի հրամանին. ես իմ կողմէս հոս հակառակեցայ իրեն»։ Յետ յանձնարարելու որ Ս. Ժողովը նման անձերու վրայ պէտք է հսկողութիւն ունենալ, քանի ասոնք հովիւներ ըլլալէ աւելի վաճառականներ են՝ իրենց չափին ի խնդիր, նամակը կը փակէ ըսելով. (Հռոմի մէջ) «իմացայ Հ. Ֆրանչիսկոսէ որ ճիշտ այս Յովհաննէս Վրդ. իմ անունովս հայկական գիր շինել տուած է, խոստանալով տանիլ Լեհաստան մեր քաղաքը, Ս. Խաչ վանքը, որպէսզի տպէ այն գիրքերը՝ որ տեղւոյն մեծաւորը իրեն պիտի հրամայէ։ Այս բոլորը խաբէութեամբ ըրած է, պարզապէս որպէսզի Հռոմի մէջ կարենայ հայկական գիրեր շինել տալ։ Ասկից Հայաստան ղրկած է շատ մը գործիքներ, եւ գիրեր, մաս մըն ալ իր քով պահած է, ինչպէս ըսաւ, որպէսզի հոս գիրքեր տպէ՝ օգտուելով տեղւոյս ընծայած դիւրութիւններէն»։ Թորոսովիչ նա/69/մակը կը փակէ առաջարկելով՝ որ իրեն իշխանութիւն տրուի արգիլելու այս գործը [32] ։

Մոլինոյի եւ Թորոսովիչի նամակները ՀՍ. ի Ժողովի կողմէ պէտք է նկատի առնուած ըլլան եւ անոր համաձայն ալ հրահանգներ տրուած Լիվոռնոյի Ս. Աթոռի Գործակալ՝ Հ. Բենեդիկտոս Ռինալտիի, որ երկու ամսուան ընթացքին չորս նամակներով տեղեկութիւն կը հասցնէ Հռոմ, Յովհաննէս Վրդ. ի գործունէութեան մասին [33] ։ Նախ կը հաղորդէ թէ հետաքրքրուած է այս հարցով եւ իմացած՝ թէ իրապէս Յովհաննէս Վրդ. սարքաւորած է տպարան, ձեռնարկելու համար գիրքի մը տպագրութեան. տեսած է գործաւորներ՝ որոնք տպարան կը մտնեն ու կելլեն, սակայն անծանօթ է անոնց գործունէութեան։ Յաջորդաբար կը խոստանայ հաւատաքննիչին հետ միացած, Յովհաննէս Վրդ. է ծածուկ, գործաւորներու աջակցութեամբ, ձեռք ձգել գոնէ պրակ մը ցարդ տպուածներէն եւ ղրկել Հռոմ. փետր: 28 (1644) թուակիր նամակով, Հ. Բենեդիկտոս կը գրէ թէ մեծ ձեռնհասութեամբ (իտլ. con una grandissima industria e destrezza) յաջողած է ձեռք ձգել երկու պրակ, որոնք կը ղրկէ Հռոմ, խնդրելով որ քննուի պարունակութիւնը եւ իրեն հրահանգ տրուի, թէ կարելի՞ է թողուլ շարունակել տպագրութիւնը։

Յովհաննէս Վրդ. առանց գիտնալու թէ Հռոմ ինչ կը մտածէր իր ձեռնարկած գործին մասին, եւ թէ քանի նամակներ Լիվոռնոյէն կ՚երթային ու կու գային, իւրմէ ծածուկ, իր մասին, 2 Ապրիլ 1644ին կը գրէ ՀՍ. Քարտուղարին, պարզելով իր ծրագիրը։ Առանց ըսելու թէ Սաղմոսարանի տպագրութիւնը գրեթէ աւարտելու վրայ է, կը խնդրէ երեք բան. նախ՝ Հռոմի մէջ սրբագրուած Սաղմոսարանը, այն որու վրայէն Մոլինոյ կատարեց իր տպագրութիւնը. երկրորդ, առ ի չգոյէ սրբագրուած ամբողջ Աստուածաշունչին՝ կը խնդրէ ստանալ գոնէ Նոր կտակարանը, տպագրելու համար, եւ երրորդ՝ Կղեմէս Կալանոսի նոր տպել տուած հայերէն Քերականութիւնն ու Տրամաբանութիւնը, կազմուած մէկ հատորի մէջ [34] ։ Իսկ նկատմամբ Աստուածաշունչի սրբագրութեան՝ կը մտածէ կատարելագործել լատիներէն լեզուի ուսումը, որպէսզի ուրիշ կարող անձերու հետ կարենայ թարգմանել Վուլկաթան հայերէնի, առաջարկելով Ինկոլիի՝ /70/ որ նոյն գործը կատարուի նաեւ Հռոմի մէջ, որպէսզի յաջորդաբար երկու թարգմանութիւնները համադրելով՝ ձեւանայ տպագրելի Աստուածաշունչը [35] ։

Ներքին թշնամի մը

Չէին բաւեր Մոլինոյի սկզբնական հետապնդումները, Նիկոլ Թորոսովիչի ժխտական դիրքը, Լիվոռնոյի Ս. Ժողովի Գործակալին գաղտնի հսկողութիւնը, կաւելնայ ներքին թշնամի մը, Յովհաննէս Վրդ. ի գործակից գերմանացին, այն որ Վարդապետին ծախսով Հռոմէն եկած էր Լիվոռնոյ եւ վճարովի կը պատրաստէր տպագրական գիրերը։

Գերմանացիին անունն է Յովհաննէս Hermanchircher, որ ՀՍ. ի Քարտուղարէն հրահանգ կը ստանայ գրել Յովհաննէս Վրդ. ի մասին գիտցածները։ 2 Ապրիլ 1644ին, հնազանդելով տրուած հրամանին, խուսափելու համար ծանրագոյն հետեւանքներէն, կը գրէ նամակ մը հետեւեալ պարունակութեամբ. «Յովհաննէս Վրդ. ի տպագրական ծրագիրներուն մասին ոչինչ գիտեմ. սակայն փոքրիկ գրքոյկ մը կը պատրաստէ, պարզապէս արդարանալու համար իր ազգակիցներուն առջեւ, որոնցմէ նպաստ ստացած է, նաեւ ցույց տալու թէ այսքան երկար ժամանակ նուիրուելով այս գործին՝ գտած է յաջողութիւն։ Սաղմոսարանի տպագրութիւնը աւարտելուն՝ կուզէ անցնիլ Պոլիս, ուր իր Կաթողիկոսէն պիտի ստանալ գումար մը, միշտ տպագրական նպատակներու համար։ Տպարանի գործաւորներէն իմացայ թէ ինք կ՚ուզէ ճամբան շարունակել մինչեւ Պարսկաստան, որոնց լեզուն կատարեալ գիտէ, անոնցմէ ալ դրամ գանձելու եւ անոնց համար այ տպարան հաստատելու համար։ Ուրիշ անգամներ խօսած է հետս թէ ինք կ՚ուզէ պարսկական գիրեր ալ փորել տալ. բայց վերջերս ինծի ըսաւ՝ թէ իր շատ մը ծրագիրները պիտի իրագործէ Արեւելքէն դարձին։ Ինք կ՚ուզէ որ ամբողջ ընտանիքս Հռոմէն հոս փոխադրեմ, եւ աշխատում միայն իրեն համար. կ՚ուզէ գնել նաեւ ամբողջ իմ գործիքներս, որպէսզի ինք անձամբ եւ կամ ուրիշի մը սորվեցնէ գիր թափելու արուեստը, բան մը՝ որ բնաւ երբեք չեմ կրնար ընել։ Հոս գնեց մամուլ եւ ինչ որ հարկավոր է տպագրութեան համար։ Իր տան մէջ կը շարէ ու կը տպէ։ Բոլոր այս գործիքները կ՚ուզէ իր հետ Հայաստան տանիլ. կը փնտռէ նաեւ գործաւորներ՝ միասին տանելու համար։ Իր այս գործելակերպը վրաս գէշ տպաւորութիւն կը թողու, որովհետեւ չի համաձայնիր Քարտ. Փանֆիլիի տուած խոստումին՝ թէ կ՚ուզէր Լեհաստան երթալ։ Չեմ կրնար հաւատալ թէ /71/ ա՛յդ եղած ըլլայ իր անկեղծ մտածութիւնը: խոստումներուն եւ գործելակերպին մէջ խաբէութիւն կը տեսնեմ։ Այս բոլորը ստուգելէ յետոյ այնպէս կը կարծեմ՝ թէ իր այս կերպով շարժիլը մեծապէս կը վտանգէ կաթողիկէ հաւատքն ու Առաքելական Աթոռը» [36] ։

Այս նոյն անձը թողած է գրաւոր Յայտարարութիւն մը, որ կ՚ընկերանայ նամակին, ուր կը պարզէ թէ որքան գործ ըրած է ի հաշիւ Յովհաննէս Վրդ. ի։ Այս գրութիւնն ալ նամակին նման ունի անախորժ շեշտ մը։ «Կը յայտարարեմ թէ ես հոս Լիվոռնոյի մէջ, Յովհաննէս Վրդ. ի համար պատրաստեցի վեց տեսակ հայկական գիր, նաեւ հայկական երաժշտութեան խազեր» [37] ։

Գերմանացիին նամակն ու Յայտարարութիւնը Հռոմ կը ղրկէ վերոյիշեալ Հ. Բենեդիկտոս, որ իր կարգին նամակ մըն ալ կ՚աւելցընէ, 3 Ապրիլ 1614 թուականով, ըսելով թէ Յովհաննէս Վրդ. կը խուսափի իր հետ խօսելէ, որովհետեւ իմացած է թէ իր անձին մասին լուրերը կը հասնին Հռոմ. թէ Սաղմոսարանի տպագրութիւնը հասած է 18րդ պրակին, որոնցմէ ոչ մէկ պրակ կարելի է ձեռք ձգել, որովհետեւ Յովհաննէս Վրդ. իմանալով որ առաջին պրակները ղրկուած են Հռոմ՝ խիստ կերպով հսկողութեան անցած է։ «Հայկական ու պարսկական գիրերու փորագրութիւնը աւարտելուն, կ՚եզրակացնէ Հ. Բենեդիկտոս, այնպէս կ՚ենթադրեմ որ յանկարծ պիտի անհետանայ քաղաքէս, որպէսզի Արեւելքի մէջ ազատօրէն տպէ ուզածները. թէ եւ սրտագէտը միայն Աստուած է, սակայն այսքան ըսեմ՝ թէ Վարդապետին ընթացքը վտանգաւոր է» [38] ։

ՀՍ. ի Ժողովին դիրքը

Ցարդ դրուած մանրամասնութիւնները նիւթ կ՚ըլլան 25 Ապրիլ 1614ի ՀՍ. ի Ժողովի նիստին, ուր նկատի է առնուին երկու կետեր. թէ ներկայիս Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցի Լիվոռնոյի մէջ կը տպէ գիրքեր, եւ երկրորդ՝ թէ գնած է տպարանի համար հարկաւորը, Հայաստանի մէջ տպելու կաթողիկէութեան հակառակ գիրքեր։ Ժnղովին որոշումը կ՚ըլլայ։ «Հրահանգ տալ Լիվոռնոյի Ս. Աթոռիս Գործակալին, որպէսզի հսկէ եւ թոյլ չտայ որ հայկական գիրերու կաղապարներն ու մայրերը տարուին Հայաստան» [39] ։ Տրուած վճիռին համաձայն քարտուղարութիւնը կը շարադրէ նամակը, 7 Մայիս 1644 թուականով, ուղղուած Հ. Բենեդիկտոս Ռինալտիի. «Յովհաննէս հայ Վարդապետին մասին, որ կը բնակի քաղաքդ, Ս. Ժողովիս լու/72/րեր կը հասնին, որոնց համաձայն Յովհաննէս Վրդ. ոչ միայն կը շարադրէ ու իր տան մէջ կը տպագրէ գիրքեր հայերէն լեզուով, այլ նաեւ գնած է մամուլ եւ տպագրութեան համար հարկաւոր իրեր, ու հետամուտ է նաեւ գտնելու տպագրիչներ՝ Իտալիայէն դուրս տանելու համար։ Անիկա նպատակներ ունի շինել տալու արաբերէն եւ պարսկերէն գիրեր։ Եւ որովհետեւ իր այս գործելակերպը տարակոյսներ կ՚արթնցնէ, մատնանշելով ծրագիրներ հակառակ կաթողիկէութեան, տարածելու իր ազգին մէջ հին կամ նոր մոլորութիւններ, Քարտինալներուն հաճոյ թուեցաւ որ ներկայովս դուք հետամուտ ըլլաք եւ հետեւիք Վարդապետին, մեզի հաղորդելու համար իր լուրերը, որպէսզի մենք արգելքներ յարուցանենք եւ ինք չկարենայ հետը տանիլ գիրերու կաղապարներն ու մայրերը, կամ տպագրութեան համար հարկաւոր ուրիշ գործիքներ։ Այսքան կարեւոր խնդրի համար գործելու էք մեծագոյն ջանասիրութեամբ, հաղորդելով մեզի հարկաւոր լուրերը» [40] ։

Այս ելեւէջներուն մէջ ի՞նչ կըլլայ դիրքը Յովհաննէս Վրդ. ի, որ անշուշտ կը զգար թէ չէ գնահատուած իր գործը, թէ արգելքները աւելի են քան նպաստաւոր անկիւնադարձերը։ Առանց անդրադարձնելու թէ տեղեակ է հարցերուն, որդիական զգացումներով լեցուն նամակ մը կը հիւսէ 5 Յունիս 1644ին, ուղղուած Ինկոլի Քարտուղարին, մեր պատմութեան համար տալով հարուստ տեղեկութիւններ, մանաւանդ նկատմամբ իր հոգեվիճակին եւ տնտեսական կացութեան. «Ակնարկիդ համաձայն ահա կը ղրկեմ Դաւթի Սաղմոսը, այնքան որքան տպած եմ ցարդ՝ պիտի տեսնես որ գործը կատարեալ չէ, սակայն կատարելագործելու համար պետք է նոր ծախսեր ընել եւ ուրիշ չորս տարի ալ աշխատիլ, բան մը՝ որ սիրտս կը ճմլէ, որովհետեւ ծանօթ է քեզի թէ որքան ծախս ըրած եմ եւ որքան ժամանակ վատնած, առանց խօսելու յոգնութեանս մասին։ Գէշը այն է որ ասիկա ետ պիտի կեցնէ միւս բոլոր գործերս, որոնց պիտի չկարենամ նուիրուիլ։ Սաղմոսարանները դեռ չեմ կազմած, սրբագրութիւնները դիւրաւ ընելու համար։ Կը վստահեցնեմ քեզ թէ բացի այս գիրքէն՝ ուրիշ գործի չեմ ձեռնարկած, ու կ՚ապահովցնեմ թէ ակնարկէդ դուրս պիտի չելլեմ։ Իմ մասիս եղի՛ր ապահով, ու մի՛ հաւատար շուրջի կանոնիկոսներուն, որոնց ջանքն է վրաս ունեցած համարումդ կորսնցնել տալ։ Սաղմոսարանին գէշ տպուելուն համար՝ այս գործը պիտի չկարենամ առաջ տանիլ, առանց Ս. Աթոռին նիւթական օժանդակութեան, որովհետեւ ես եկամուտ չունիմ, ընդհակառակը, յուսամ գիտես թէ պարտքերու տակ եմ եւ անկարելի է որ գործս յառաջանայ։ Արդ վստահացուր Ս. Ժողովդ թէ Ձեր հրա/73/մայածէն դուրս ոչինչ պիտի ընեմ, իսկ այն շնորհքներուն համար որ ըրած ես ինծի՝ միշտ երախտապարտ պիտի մնամ» [41] ։ Նամակին կը ստորագրէ. «Giobatta Vardapiet e prelato delli Armeni», այսինքն «Յովհաննէս–Մկրտիչ Վրդ. եւ Եպիսկոպոս Հայոց»։

Մինչ Յովհաննէս Վրդ. 19 Յունիսին նոր նամակով մը կը յայտնէ թէ կը սպասէ Հռոմէն հասնելիք Սաղմոսարանի սրբագրութիւններուն, ու կ՚իմացնէ թէ նուիրուած է լատիներէն լեզուի, որպէսզի ձեռնարկէ Աստուածաշունչի թարգմանութեան [42], ՀՍ. ի Ժողովը 21 Յունիս 164-ի նիստով կրկին քննութեան կ՚ենթարկէ Յովհաննէս Վրդ. ի խնդիրը եւ ձեռք կ՚առնէ նոր սեղմումներ [43], որոնց հիման վրայ 2 Յուլիսին հրահանգ կը ղրկուի Փիզայի Հաւատաքննութեան Նախագահին, որմէ կախումնաւոր էր Լիվոռնոյ քաղաքը. «Ժողովիս Քարտինալներու փափաքն է որ ջանաս հետեւիլ Լիվոռնոյ բնակող Յովհաննէս հայ Վարդապետին գործելակերպին, որովհետեւ կը լսենք թէ նոր գիրքեր երեւան կը հանէ, ու ծրագիրներ ունի տարարանը փոխադրելու իր հայրենիք, հին ու նոր սխալներ տարածելու իր Ազգին մէջ։ Ուստի կը սպասենք լուրերուդ, անոնց համաձայն կարգադրութիւններ կատարելու համար» [44] ։

Պատասխանը չուշանար։ Յուլիանոս, վիզայի Հաւատաքննութեան Փոխ–Նախագահը, 14 Օգոստոսին կը գրէ, թէ եօթը օր առաջ անձամբ գացած է Լիվոռնոյ, ստուգած թէ Վարդապետը իրապէս ունի տպարան ու տպագրիչ, լսած է թէ ներկայիս կը տպագրուի Քրիստոնէական Վարդապետութիւն մը, տեսած է տպուած Սաղմոսարանը, որմէ մէկ կամ երկու օրինակ կարող է ղրկել Հռոմ. «Բայց թէ ծրագիրներ ունի Հայաստան երթալու եւ հոն տարածելու իր ազգին մէջ սխալ վարդապետութիւններ՝ չկրցայ ստուգել. ստոյգն այն է որ ներկայիս կը տպագրուի Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը» [45] ։

Իրապէս կը տպագրուէ՞ր Քրիստոնէական Վարդապետութիւնը, որ կէս մնացած ըլլայ. չունինք ապացոյց սակայն ստոյգն այն է որ Յովհաննէս Վրդ. չդիմանալով այս քան հակառակութեան եւ հսկողութեան, 4 Սեպտ. 1644ին կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարին, Ինկոլիի. «Այլեւս չեմ գիտեր ինչպէս կառավարուիլ, որպէսզի շուրջիններս զիս հանգիստ թողուն որ ապրիմ, որովհետեւ, ինչպես գիտես, այսքան հալածանքներու, չարակամ եւ չարախօս անձերու դիմաց գտնուելով՝ ստիպուեցայ թողուլ տպարանը։ Ես միշտ ջանացած եմ ու /74/ ներկայիս ալ ջանքս այն է, որ ոչ մէկու նեղութիւն պատճառեմ, մանաւանդ թէ կ՚ուզեմ օգտակար ըլլալ ամէնուն, պատիւ բերել հետս գործողներուն… սակայն փոխարէն նոյնը չեմ գտներ» [46] ։

Լիվոռնոյի մէջ վերջին դժուարութիւններն ու մեկնում

Սաղմոսարանի տպագրութիւնը աւարտած, Յովհաննէս Վրդ. 60 օրինակ կը յանձնէ կազմարա րին, որ Լիվոռնոյէն կ՚անցընէ Փիզա, հոն կազմելու համար գիրքերը։ Քիչ ետք կազմարարը կը մեռնի, ու անկազմ Սաղմոսները Լիվոռնոյ փոխադրութեան պահուն՝ կ՚իյնան Փիզայի Հաւատաքննիչին ձեռքը, որ գրաւելով կ՚ուզէ գիտնալ անոնց ինչ ըլլալը։

Յովհաննէս Վրդ. ի համար նոր հոգ մըն էր ասիկա։ Կը դիմէ Ինկոլիի, խնդրելով անոր միջամտութիւնը, ու չենք գիտեր թէ որքան անկեղծ, 4 Սեպտ. 1644ին կը գրէ Քարտուղարին. «այս հարցը յանձնեցի տեղւոյս կանոնիկոս Վիկտոր Պորճիի, քանի ես կը պատրաստում անցնելու Վենետիկ, անկից Լեհաստան, կարգաւորելու Հայոց միութեան հարցը» [47] ։ Գրածին համաձայն կ՚երթայ Վենետիկ, բայց չի շարունակեր դէպի Լեհաստան։ Լիվոռնոյ դարձին կը տեսնէ որ իր բնակած սենեակէն գողցուած են արծաթեայ երեք դգալ եւ երեք պատառաքաղ, որոնք կը պատկանէին Պորճի կանոնիկոսին, որու տունը իջեւանած էր։ Իսկ գողցողն է Միլանցի Կարոլոս Բալլավիչինոյ, Նիկոլ Թորոսովիչ Արքեպս. ին ծառան, որ աղքատ ըլլալով՝ հիւրասիրութիւն գտած էր Յովհաննէս Վրդ. ի մօտ, եւ այժմ անհետացած [48] ։

Լիվոռնոյէն վերջնական կերպով մեկնելէ առաջ, Յովհաննէս Վրդ. անկեղծօրէն կը փափաքի քաղաքին ազգայիններուն բարիք մը ընել. կ՚ուզէ Պապէն հրաման ստանալ՝ հետը Արեւելք տանելու իտալացի մը Aristide Lazzarini անունով, սորվեցնելու անոր հայերէն լեզուն, որպէսզի դարձին ստանձնէ հայերու հոգեւոր առաջնորդութիւնը [49]. բայց թէ իր այս ծրագիրին ետեւ ծածկուա՞ծ էին տպագրական յետին նպատակներ, ոչինչ կրնանք ըսել։ Հոս յիշատակենք նաեւ թէ Յովհաննէս Վրդ. Փիլիպպոս Կաթողիկոսին նամակը, ուղղուած Ուրբանոս Ը. Պապին, դեռ մինչեւ այս թուականը /75/ պահած ըլլալով իր մօտ, կը յանձնէ Պորճիի, որպէսզի հասցնէ Հռոմ, ու ինք կը պատրաստուի մեկնելու։

1645ի Փետրուար ամսուն առաջին կեսին Յովհաննէս Վրդ. կը մեկնի քաղաքէն, ծրագրելով անցնիլ Զմիւռնիա, ապա Երուսաղէմ եւ հուսկ Պարսկաստան, ուսկից բացակայած էր վեց տարիներ։ Վարդապետը հետը տարած ըլլալու է ամբողջ տպարանը եւ հազար օրինակ նորատիպ Սաղմոսները, 50 գրաւուած օրինակներու հոգը թողլով Պորճի կանոնիկոսին։ Սա իբր ճշմարիտ բարեկամ Յովհաննէս Վրդ. ին, կը պահէ նամակագրութեան կապը երկար ատեն։ Միայն 1645 տարւոյն ընթացքին Պորճի գրած է տասը նամակ ՀՍ. ի Քարտուղարին, ի խնդիր 50 գրաւուած Սաղմոսներուն։ Ի վերջոյ ՀՍ. ի Ժողովի 21 Նոյեմբեր 1645ի նիստին նիւթ կ՚ըլլայ այս հարցը, եւ փոխանակ հրահանգ տալու Փիզայի պաշտօնէութեան, հարցը կը փոխանցուի Հռոմի Սանդ Օֆիսի [50] ։ Պորճի Փիզայի Հաւատաքննիչէն կը յաջողի ստանալ 50 օրինակները 1616 Յունիս ամսուն, ու չենք զիտեր թէ արդեօք հասցուցա՞ծ է Յովհաննէս Վրդի ձեռքը կամ ոչ։

Իսկ Յովհաննէս Վրդ. որ նաւով մեկնած էր քաղաքէն 1645ի Փետրուար ամսուն, Մայիսին զինք կը գտնենք Իտալիոյ հարաւը, Մեսսինա ծովեզերեայ քաղաքը։ Յուլիսին Զմիւռնիա է, ուր կը սպասէ ոչ միայն Սաղմոսներուն՝ այլ նաեւ Փիլիպպոս Կթղս. ի առ Պապն գրած նամակին պատասխանին, որպէսզի անձամբ ներկայացընէ Կաթողիկոսին։ Օգոստոս ամսուն Վարդապետը դեռ Զմիւռնիա է» [51] ։

* * *

Այսպէս կը փակուի Ջուղայեցի Յովհաննէս Վարդապետի Իտալիոյ մէջ ունեցած վեց տարուան գործունէութիւնը, Անկիւրացի Յովհաննէս Մոլինոյի նման տպելով միայն Սաղմոսարանը, առանց կարենալ իրագործելու հսկայ ծրագիրը տպագրելու ամբողջ Աստուածաշունչը, որու պիտի ձեռնարկէ քանի մը տարի ետք Ջուղայի մէջ, առանց սակայն աւարտելու գործը։ Իտալիոյ մէջ Հռոմի Ս. Աթոռին զօրաւոր հսկողութիւնը եւ նոյն դարու ըմբռնումները՝ թոյլ չէին տար ո՛չ մէկուն ձեռնարկել այդ գործին, հակառակ որ երկիրը կ՚ընծայէր դիւրութիւններ գործիքի ու գործաւորի։ Յովհաննէս Մոլինոյ Վենետիկէն Պոլիս դառնալուն՝ ծրագիր ունէր կրկին դառնալու Վե/76/ նետիկ, սկսած գործը հասցնելու իր լրումին. նոյն դիտաւորութեամբ էր նաեւ Յովհաննէս Վրդ., որ գուցէ դառնար՝ եթէ համարձակէր [52] ։

Նոր Ջուղա դառնալուն, 1647 ին Յովհաննէս Վրդ. տպած է Գիրք Տումարաց որ եւ Պարզատումար կոչի 84 էջով գրքոյկ մը, որ ոչինչ է այնքան հսկայ պատրաստութեան համեմատութեամբ։ Ջուղայի մէջ ալ ունեցած է դժուարութիւններ եւ հակառակորդներ, որոնց արձագանգը կը հասնի Լիվոռնոյ։ Պորճի 28 Նոյեմբեր 1648ին կը գրէ ՀՍ. ի Քարտուղարին. «Յովհաննէս Հայ Վարդապետին մասին կը լսեմ որ Պարսկաստան տպագրութեան գործին մէջ արգելքներու կը հանդիպի. չեմ գիտեր թէ սա արդիւնք է ի՞ր թերութեան թէ Կաթողիկոսին, եւ թէ ո՞վ երկուքէն բարի նպատակով է. յօժարութեամբ պիտի ուզէի լսել նորութիւնները քեզմէ, թէ՛ մէկուն եւ թէ միւսին մասին» [53] ։

Փակելու համար մեր այս անդրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամփոփելու համար ընդարձակ վաւերաթուղթերը, կը մէջբերենք նոյն ինքն Ջուղայեցի Յովհաննէս Վրդ. ի նամակը, ուղղուած Խաչատուր Արքեպս. Կեսարացիի, այն նամակը՝ որ տպած է Սաղմոսարանին սկիզբը, իբր Յառաջաբան։

«Առ երջանիկ Տէրն իմ, Տէր Խաչատուր Րաբունեաց պետն, ի նուաստ Յովհաննիսէ Ջուղացոյ, Բանի սպասաւորէ։

Արդ ըստ հրամանի եւ ըստ կամաց սուրբ Հօրն իմոյ մեծի եւ երջանկագունի եւ նախախնամութեամբ Տեառն, որ ի թվ. ՌՁ եւ Ը (= 1639), Դեկտեմբերի ամսոյ ի մէկն, բաժանեալ ի սուրբ Ուխտէդ /77/ դիմեցի յԱրեւմուտս, սակս կատարելութեան տպագրութեանս, եւ ի սպառուածս ամի միոյ, որ ընդ ծով եւ ընդ ցամաք՝ հասի յԻտալիայ, գեղազարդ քաղաքն եւ նաւահանգիստն ի Վէնէտիկ, եւ վերահասու եղեալ ամենայն գործոց տպագրութեանցս, ընթացայ ի Հըռոմ, ուր սկիզբն արարի նորագոյն գրոց եւ տպոց. եւ աւարտեալ զմասն ինչ ի գործոցս, դիմեցի ի Լիվօռնայ, ընդ իս ածելով եւ զարհեստաւորս, եւ անդ զտեղի առեալ, մեծաւ ջանիւ եւ բարի դիտաւորութեամբ, տիւ եւ գիշեր անդադար աշխատելով՝ միայն եւ առանց օժանդակութեան ուրուք, լրումն տուաք տըպագրութեանս, յերկարելով յաշխատութիւնս, երեք ամ եւ վեց ամիս ողջոյն, բացի մի ամոյն, զոր անցուցաք ի ճանապարհին։

Իսկ զվշտալի կիրսն զոր կրեցաք առանց մխիթարութեան յայսքան ժամանակս՝ յապաղումն առցի, քանզի շնորհօք ամենազօրին Աստուծոյ, եւ աղօթիւք Տեառնդ իմոյ՝ թէպէտ զնեղութիւնս բազումս կրեցաք, սակայն աշխատութիւնք մեր ո՛չ վայրապար եղեն, այլ աջողմամբ Տեառն աւարտեցաք զառաջարկեալ գործ տըպագրութեանս, անթերի եւ յոյժ կատարեալ, որք են տիպք եւ գործիք զանազանք, ըստ զանազան քանակութեան եւ որակութեան, մեծք եւ փոքերք ու թիւք զանազանեալք, երկուքն ի նոցանէ են նօտրք եւ այլք վեցն բոլորք մեծք եւ փոքրք, ընդ միմեամբք առեալք, ընդ որոց է եւ նիւթ երգոց եւ շարականաց, եւ այլ գործիք բազումք՝ զարդարիչք տպագրութեանս, որովք ամենայն գիրք առ ի (տ)պիլ ի մէնջ դիւրագոյնք են։ Յորոց իբր միջին կերպ է այս, զոր եւ ներկայդ տեսանէ Տէրդ իմ, զոր իբրեւ զպըտուղ հնազանդութեան, մատուցանեմ Տեառնդ իմոյ զերախայրի գործոցս, որով յայտնի լիցի Տեառնդ իմոյ կատարելութիւնք արհեստիս եւ հաւատարմութիւն ծառայի քոյ, զի ոչ վայրապար յամեցաք աստ յօտարութեանս, որպէս կարծեն այլք, այլ վասն շահից եւ օգտութեանց, որպէս ահա յայտնի է եւ միշտ յայտնի լինելոց է։

Իսկ վասն պակասութեանցն ներեա՛ երկայնմտութեամբ, զի այս առաջինն է, եւ իբրեւ զփորձ տպեցաք զսա յոյժ ըշտապմամբ, եւ փոյթ ընդ փոյթ, վասն անմխիթար նեղութեանցս, զի յաւուրս է (80) աւարտեցաք զսա, ռ եւ ծ (1050) հատ թուով ի միասին, միայն եւ առանց ուրուք ձեռնտուի։ Վասն որոյ ընդունելի լիցին Տեառնդ իմոյ, վաստակք ծառայի քո, իբրեւ զնուէր ինքնանուէր, վասնզի մտեալ որպէս ի պատերազմ, իբրեւ արեամբ ստացայ զսա։ Ողջ լեր։

Ի Լիվոռնայ, ի թվ. ՌՂԳ (164), Մայ(ի)ս ժ (10)

Երջանկութեան քոյ մշտնջենաւոր ծառայ տրուպ

Յովհաննէս Ջուղայեցի»։



[1] Թովհաննէս Վրդ. ի մասին հարուստ մատենագիտութիւն կարելի է գտնել՝ Ռ. ԻՇԽԱՆԵԱՆ, Հայ Գրքի Պատմութիւն, Հտ. Ա., Երեւան, 1977, էջ 368–379։

[2] SOCG, vol. 402, fol. 266.

[3] Acta, vol. 14, fol. 379, n. 34.

[4] SOCG, vol. 165, fol. 130.

[5] SOCG, vol. 165, fol. 133 + 132.

[6] SOCG, vol. 165, fol. 131.

[7] Acta, vol. 14, fol. 475, n. 31.

[8] Այս լուրերը քաղած ենք P. Pier Giovanni di Firenzel 27 Սեպտ. 1641 թուակիր նամակին, գրուած Լիվոռնոյէն. նամակագիրը կը զարմանայ Յովհաննէս Վրդ. ի անակնկալ մեկնելուն համար, ցաւերով որ չէր կրցած աւելի օգտակար ըլլալ իրեն. (SOCG, vol. 32. fol. 331)։

[9] SOCG, vol. 33, fol 370.

[10] Այս մանրամասնութիւնը կը գրէ նոյն P. Pier Giovanni, 10 Նոյմբ. եւ 8 Դեկտեմբեր 1641 թուակիր նամակներով։ (SOCG, vol. 32, fol. 335, 336)։

[11] SOCG, vol. 33, fol. 379.

[12] SOCG, vol. 33, fol. 378.

[13] SOCG, vol. 34, fol. 222.

[14] SOCG, vol. 34, fol. 300.

[15] SOCG, vol. 34, fol. 310.

[16] SOCG, vol. 34, fol. 317.

[17] SOCG, vol. 34, fol. 222.

[18] SOCG, vol. 403, fol. 241.

[19] Acta, vol. 15, fol. 116, n. 19.

[20] Lettere volgari, vol. 21, fol. 64.

[21] SOCG, vol. 404, fol. 116.

[22] SOCG, vol. 401, fol. 191.

[23] SOCG, vol. 401, fol. 196.

[24] Acta, vol. 14, fol. 120, n. 39.

[25] SOCG, vol. 404, fol. 123.

[26] Acta, vol. 15, fol. 135, n. 19.

[27] Congr. Part., vol. 3, fol. 277.

[28]   Սարգիս Եպս. ի անձին մասին ՀՍ. ի դիւանը գտանք մէկ նամակ, գրուած Լիվոռնոյէն, 31 Օգոստոս 1642ին, ուղղուած ՀՍ. ի Քարտուղարին. նամակը գըրուած է իտալերեն, միայն ստորագրութիւնը հայերէն՝ «Ես նուաստ Սարգիս Եպկս. »։ Նամակին պարունակութիւնը հետեւեալն է. «Ես Եպիսկոպոս Վանի, անցեալ օրերուն Հռոմ եկայ ուխտի եւ համբուրելու Պապին ոտքը։ Առաջին օրը զիս հիւրասիրեց Հ։ Ֆրանչիսկոս հայը, որու խոստովանեցայ։ Աղքատ էր, բայց ինծմէ առաւ 10 ոսկի՝ խոստանալով յաջողցնել ունկնդրութիւն մը Պապին։ Դրամը առնելէն յետոյ չտեսնուեցաւ։ Հռոմ գտայ Ջուղայեցի Յովհաննէս Վարդապետը, որ իբր իմ հայրս եւ վարդապետս՝ զիս առաջնորդեց ընելու հաւատքի դաւանութիւն։ Եւ որովհետեւ ինք Լիվոռնոյ մեկնելու վրայ էր, եւ ես աղքատութեանս համար չէ ի կրնար առանձին մնալ Հռոմ՝ իրեն ընկերացայ։ Հռոմէն մեկնելէ առաջ ուզեցի բողոքել, սակայն Յովհաննէս Վրդ. թոյլ չտաւ։ Այժմ կը պահանջեմ դրամս. իսկ այդ Հ. Ֆրանչիսկոսն ալ իր պաշտօնէն վռնտուելիք է»։ (SOCG, vol. 35, fol. 455)։ Այս նամակին ՀՍ-ի Ժողովը չէ պատասխանած, որովհետեւ նամակին կռնակին (fol. 464) գրուած է «nihil», որ կը նշանակէ «ոչին չ» (պատասխանել)։

[29] SOCG, vol. 35, fol. 459.

[30] SOCG, vol. 40, fol. 135.

[31] SOCG, vol. 39, fol. 276.

[32] SOCG, Vol. 40, fol. 119.

[33] Նամակներու թուականներն են. 31 Յունուար, 20 եւ 28 Փետրուար, 20 Մարտ (1644). SOCG, vol. 40, ff. 76, 77, 79, 80։

[34] Յովհաննէս Վրդ. նամակը գրած է 2 Ապրիլ 1644ին, մինչ Կղեմէս Կալանոսի Քերականութիւնը տպուած է 1645ին, ըստ գիրքին ճակատին։ Այս նամակէն կարելի է եզրակացնել թէ 1644ին արդէն իսկ գիրքը տպուած էր, որովհետեւ Յովհաննէս Վրդ. կը գրէ. «… ինչպէս նաեւ հայերէն Քերականն ու Տրամաբանութիւնը միասին կազմուած, այն որ նոր տպագրուեցաւ»։

[35]   SOCG, vol. 40, fol. 134.

[36] SOCG, vol. 40, fol. 130.

[37] SOCG, vol. 40, fol. 131.

[38] SOCG, vol. 40, fol. 78.

[39] Acta, vol. 16, fol. 82, n. 27.

[40] Lettere volgari, vol. 22, fol. 73-4.

[41] SOCG, vol. 40, fol. 132.

[42] SOCG, vol. 40, fol. 133.

[43] Acta, vol. 16, fol. 135, n. 51.

[44] Lettere volgari, vol. 22, fol. 115.

[45] SOCG, vol. 40, fol. 164.

[46] SOCG, vol. 40, fol. 128.

[47] SOCG, vol. 40, fol. 128.

[48] SOCG, vol. 40, fol. 121. Այս խնդրին համար ալ Յովհաննէս Վրդ. կը դիմէ Քարտուղար Ինկոլիի, որպէսզի գողը Հռոմ հասնելուն՝ մտածուի դարմանին մասին։

[49] SOCG, vol. 40, fol. 185.

[50] Acta, vol. 16, fol. 461, n. 12.

[51] Այս մանր լուրերը հաւաքած ենք 1616–1616 տարիներու Vittorio Borgiի նամակներէն, ուղղուած ՀՍ-ի Քարտուղարին։ Յիշեալ նամակները տես SOCG, vol. 40, fol. 185, 278, 296; vol. 44, fol. 238, 281, 282, 284, 294, 295, 298; vol. 46, fol. 207, 222։

[52] Պօղոս Պիրոմալի Սպականէն կը գրէ ՀՍ-ի Ժողովին, 18 Մարտ 1648ին. «Չեմ ուզեր զանց ընել այս լուրն ալ ըսելու. Յովհաննէս Վրդ., այն որ Հռոմ ի մէջ երկու անգամ հաւատքի դաւանութիւն ըրաւ, օգոստոսին (1647) վերջին օրը չըսածն ու չըրածը չմնաց։ Այդ օրը գացի Ազգին գլխաւորին, ստանալու համար պատասխան Լեհաստանի թագաւորին գրած նամակին, որ ինծի մտիկ ընելով գրած էր Եկեղեցւոյ միութեան համար։ Կանչուեցաւ նաեւ յիշեալ Յովհաննէս Վրդ., հետս հաւատքի մասին վիճելու համար։ Տաք վիճաբանութենէն յետոյ, պարտուած ու ամոթաբար, հասարակաց մէջտեղ ըսաւ թէ Հռոմի Եկեղեցին նզովուած է, եւ ով որ միանայ անոր՝ նզովեալ է։ Ըսի իրեն. Եթէ այդպէս է, դուն երկու անգամ նզովուած ես, որովհետեւ Հռոմի մէջ երկու անգամ հռոմէական հաւատքի դաւանութիւն տուիր։ Լուռ մնաց…, շատ անգամներ կրկնեց թէ Մահմէտ հազար անգամ լաւագոյն է քան Պապը։ Երբ իրեն պատասխանը տուի, հրամայեց որ զիս խարազանեն, ազգին գլխաւորին, Սաֆրազիի ներկայութեան։ Այս դէպքէն քանի մը օր ետք Հայաստան գնաց. կըսուի թէ ժողովուրդը ջղայնացած է իր այսպէս գործելուն համար՝ ուրիշներ ալ կ՚ըսեն թէ Կաթողիկոսին գնաց՝ որ զինք եպիսկոպոս օծէ իբր վարձատրութիւն ըրածին». (SOCG, vol. 292, ff. 352+359)։ Նկատելի է որ Յովհաննէս Վրդ. Իտալիոյ մէջ ներկայացած էր իբր Եպիսկոպոս, եւ այնպէս ալ կը ստորագրէր նամակներուն։

[53] SOCG, vol. 55, fol. 269.