Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  19 Յուլիսի 803

Ա

ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՕԼՍԻ քիչ կամ շատ դիւրակեաց բնակչաց տեղափոխութեան կամ օդափոխութեան սովորութիւնն` նշանաւոր բան մը, մանաւանդ թէ մաս մ ՚ է իրենց կենաց. եւ այն քաղաքը ճանաչողաց յայտնի է թէ ինչպէս աշնան միջի կամ ետքի հովերը փչելուն պէս` ցրուեալ բնակիչքն կը փութան կը ժողովին այն արեւելից եւ արեւմտից մեծ սրտաձեւ կենդրոնին մէջ. իսկ գ արնան առաջին տաքուկ հովերուն` կ ՚ ելլեն, եբրեւ թուլացեալ սրտէն դուրս թափելով եւ բազմաճիւղ երակաց մէջ մղուելով գ եղերը տու տեղ փնտռելու եւ բնակելու: Վոսփորոնի երկու շրթանց վրայ եղած շէնքերն չբաւելով այնքան բազմութեան, կամ չյարմարելով ամենուն ամենուն ախորժակին եւ պէտքին, շատերն այլ մանաւանդ այս ետքի ատեններս, փոքրիկ նաւարկութեամբ մը կ ՚ երթան Պրոպոնտոստ կապուտակ կոնքէն (Մարմարայի) դուրս ցըցուած զանազան տեսքով գ եղեցիկ, անուշով մանրիկ ու մեծկակ կղզեաց մէջ քանի մ ՚ ամիս անցընելու, զբօսանաց ձայներով փախցընելու այն առանձնութիւնը` զոր գ րեթէ հազար տարի եկեր փնտռեր էին հոն` շատ մեծամեծ եւ փոքր մարդիկ, արք եւ կանայք, ամուսինք եւ կուսանք, կայսերքեւ կայսրուհիք, բռնաւորք եւ բռնադատեալք: Անոնց բազմաթիւ վանորէից եւ ար գ ելանաց` (իրաւ հիմայ շատ քիչ` բայց) գ ուցէ դեռ բաւական նշխարք մնացեր են` յիշեցընելու հին աշխարհ, հին քաղաքականութիւն մը, կամ տարբեր մտածութին եւ զ գ ացմունք: Յոյն կայսերաց ժամանակ գ րեթէ այս կղզեաց ամեն դուր ու դար տեղուանքն այլ ծածկուած էին եկեղեցիներով եւ վանքերով, զոր կամ իրենց համար կամ իրենց աղօթողաց համար կու շինէին իշխանազունք, անոր համար այլ մինչեւ հիմայ Իշխանաց կամ Իշխանուհեաց կղզիք կ ՚ ըսուին այս Մարմարայի արեւելեան ափանց մօտ եղած տասնի չափ կղզիքն եւ կղզեակք, հանդերձ քանի մը ցամաք ժայռերով, որոց այլանդակ ձեւերն, եւ նոյն իսկ մեծա գ ոյն կղզեաց ապառաժներն եւ ծովուն միջէն յանկարծորէն իմն ցցուիլն` հին ատեն Քաջաց կամ դիւաց բնակութեան յարմար կարծեցուցին զանոնք, անոր համար եւ նախնեաց Տեմոնիսեան կղզիք անուանէին, բայց քրիստոնէութիւնն հալածելով զդեւս եւ զքաջս` սրբազանից բնակութիւն ըրաւ այն ծովական անկոխ եւ անմատոյց ժայռերն այլ, անկէ ետեւ համարձակեցան ոմանք յիշխանազանց` շինել հոն նաեւ իրենց առանձնական զբօսանաց կամ բնակութեան տեղեր. որք եւ այնչափ յար գ ի եղան` որչափ մեծ մայրաքաղաքին մօտ էին սահմանով, եւ հեռու անոր խառն ի խուռն աղմուկներէն եւ կիրքերէն:

Յայտ է տեղւոյն ծանօթից` որ այս կղզեաց մէջ (որոց չորսն միայն մեծկակ եւ բազմաբնակ էին) ամենէն մօտն ի ցամաք` Առաջին ըսուեցաւ ի Յունաց Բրոդա, որ եւ հիմայ այլ Բրոդի կ ՚ ըսուի. իսկ ի Թուրքաց Գընալը կամ Գզըլ-ադա. իր գ ետնին կարմրութեանը համար. եւ անկէ` բոլոր Իշխանաց կըղզիներն ալ նոյն անուամբ կը կոչեն (Գըզըլ ատալար). Քաղկեդոնէն (Գատըքէոյ հազիւ չորս հին գ մղոն հեռու ըլլալով` առաջին երեւցողն է այն փոքրիկ միջերկրեայ ծովուն ծփանաց վրայ` կծկաձեւ ուռած եւ քառածայր տարածուած: Իր հին շէնքերուն մէջ ամենէն առաջինն եւ նշանաւորն էր մեծ վանք եւ ար գ ելանք մը, շինուած ի սկիզբն Թ դարու (801). ուր ընդ կամաւոր կրօնաւորաց` ակամայ կամաւ կու բնակէին եւ աքսորեալ իշխանք եւ պաշտօնեայք կայսերաց, եւ երբեմն նոյն իսկ կայսերք, բայց ասկէ ալ քիչ առաջ կու յիշուի ուրիշ վանք մը` զօր շիներ էր դարուն վերջերը) տէրութեան երեւելի պաշտօնէից եւ զօրավարաց մէկն, եւ յանձներ էր աղօթասէր եւ հո գ եսէր անձանց, անոր քով իրեն համար ալ պահելով պզտի երկիր մը, ուր իր ամենէն հան գ իստ եւ զուարճալի օրերը կ ՚ անցընէր, գ ետինը մշակելով, պարտէզ դարմանելով, երբ որ իր մեծամեծ պաշտօններն եւ պատերազմաց դադրիլն պարապ ատեն թողուին. վասն զի կայսերութեան ասիական թեմից կամ նահան գ աց մէկուն կողմնակալ վերակացու էր. եւ ետքերը, անոնց ամենէն գ լխաւորին, բուն Արեւելից (Անատոլիքոն) ըսուած նահան գ ին, որ կը բովանդակէր հին գ հին աշխարհ: Լիկայոնիա (Ղոնիա) Փռիւդիա (Քէրմիան) Իսաւրիա, Պամփիւլիա, Պիսիդիա (Համիա, Թէքքէ) զինուորական կար գ ի մէջ ալ յառաջադիմելով ճարտարութեամբ, քաջութեամբ եւ երկար արդեամբք` բոլոր արեւելեան աշխարհաց սպարապետ կամ միա գ լխապետ (մոնոսդրադիղոս) եղաւ, եւ կայսերութեան առաջին քաջ եւ անուանի զօրավար: Ասիկայ էր հայազ գ ի իշխանն, (հաւանօրէն Մամիկոնէից ցեղէն) Վարդան պատրիկ` Թուրք կոչուած:

Այս կոչման պատճառը չեն իմացըներ պատմիչք, եւ այնչափ աւելի նշանաւոր է որչափ որ դեռ Թուրքաց անունն հազիւ կը լսուէր յարեւմուտս այն ատեն. թերեւս Արաբացւոց (կամ Խազրաց) հետ պատերազմի մ ՚ ատեն Թուրքի հետ կռուելով եւ յաղթելով այս անունս առած ըլլայ: Նոյնպէս կը լռեն իր երկար ատեն նահան գ աց կառավարութեան, եւ զօրավարութեան մէջ ըրած մեծամեծ գ ործքերը, որովք այնքան փառք, համբաւ եւ իշխանութիւն ժառան գ եր էր, մինչեւ բոլոր Արեւելից սպարապետը ըլլալ եւ խաղաղութեամբ պահել այն խիստ շատ ան գ ամ խռոված աշխարհները, թուի թէ ինքն էր այն Հայկական թեմին (Արմենիակք, Արմենիաքոն) կառավարիչ Վարդանն` որ կը յիշուի յամին 772` ուրիշ թեմակալ իշխանաց հետ Արաբացւոց յարձակման դէմ Իսաւրիոյ մէջ (Թաշ-իլի) անկէ վերջը ինչուան 30 տարի ուրիշ յիշատակ չըլլար վրան, բայց ի մեծ եւ արժանաւոր վարուցը գ ովութենէ` որով իր իշխանակցաց մէջ երեւելի եղաւ. մանաւանդ անանկ վարուց ապականութեան դարու մէջ, յորում նախ կայսերք անկրօնութեամբ եւ անկար գ ութեամբ հասարակաց գ այթակղութիւն եւ իշխանաց համարձակութիւն կու տային ի չարիս: Վարդան` ոչ անոնց օրինակէն եւ ոչ իշխանութեան եւ յաղթութեանց մեծութենէն ուռեցաւ աւրուեցաւ, այլ արդարակորով, առատաձեռն, բարերար եւ բարեսեր բարքով` իր եւ աստիճանին պատիւը պահեց, եւ ամենուն սիրելի եղաւ, մանաւանդ զօրաց, որոց քաջութեան եւ հաւատարմութեան համեմատ առատ վարձք կու տար, առանց աչառութեան եւ ա գ ահութեան արդարութեամբ ամենուն պատկառելի, բարեպաշտութեամբն ալ վստահանալի անձ մ ՚ եղած էր, եւ այնչափ աւելի յար գ ելի եւ սիրելի, որչափ զզուելի էին ժամանակակից կայսերքն իրենց պալատականօք եւ գ ործակալօք, մանաւանդ ամենէն ետքի կայսրն, որ պատճառ Վարդանայ բաղդն ի վիճակը փոփոխելու, եւ նոր պատմական տեսարան մը բանալու: Բայց այս բանս լաւ ճանչնալու համար` հարկաւոր է նախ Ը դարու կայսերաց վրայ համառօտ տեսութիւն մը, սկսեալ մեր Վարդանայ համանուն կայսեր յաջորդէն:

Բ

Շատ ատեն չէ որ պատմեցի քեզի, Հայկակ այդ երազատես Վարդա կայսեր վերջին աշխարհախրատ երազը եւ արթնութիւնն ի խաւարի. որուն ծածկուելէն վերջն` անմիջապէս երկրորդ օրը (Հո գ ե գ ալստեան) իր մտերիմն եւ տէրութեան դիւանապետն Արտեմիոս (որ գ ուցէ իրեն համազ գ ի Հայ էր) կայսր ընտրեցաւ, եւ անունը յԱնաստոս փոխեց. եւ երկու եւ կէս տարի տիրելէն ետեւ` ծովային զօրքն Թէոդոս անուամբ աննշան մէկն ընտրեցին. Անաստաս ստիպեցաւ առանձնանալ եւ քահանայանալ. նոյնպէս տարիէ մ ՚ ետեւ Թէոդոս ալ. վասն զի Կոնոն անուամբ Մարաշցի Հայ մը` կամ Իսաւրացի մը, որ զինուորութեան ատեն ինքզինքը Լեւոն անուաներ էր, Արմինիակաց թեմակալին` Արտաւազդայ` օ գ նութեամբ կայսր եղաւ 25 տարի (716-741) որուն յաջորդեց որդին Կոպրոնիմոս 35 տարի (741-775). ասոր ալ իր որդին Կոստանդին Խազիր (775-780) ասոր ալ որդին Կոստանդին Ե Պորփիւրոժեն յամս 780-797 որք թէ եւ քանի մը ցանցառ լաւութիւն ցուցին, բայց պատկերամարտութեան աղանդով, ամբարշտութեամբ, սնապաշտութեամբ, ան գ թութեամբ, հալածանօք եւ այսպէս մոլորութեամբք` կայսերութիան եւ կրօնից նախատինք, եւ հպատակացն գ արշելի եւ գ անելի եղան. մինչեւ իրենց նախահօր Լեւոն Իսաւրացւոյն մեռնելէն վերջը` Կոպրանիմոսի բռնաւորաբար իշխել սկսած ատեն` զօրքն ապստամբեցան, եւ իր քեռայրը` վերոյիշեալ Հայկազն Արտաւազդը` կայսր ընտրեցին. որ տարի մը կայսերութեան ատեն` պատկերաց պաշտօնը նորո գ եց եւ կայսերոթեան ալ մեծ յոյս կու տար. բայց Կոպրոմինեայ կուակիցներէն յաղթուելով` դատապարտեցաւ ի բանտ եւ ի կուրութիւն, իր երկու կտրիճ որդիքներովը: Կոպրոնիմոսի համանուն թոռն եւ վերջին Իսաւրացին (Կոստանդին Ե) ինն տարուան էր հօրը մեռած ատեն. անոր համար մայրն Եռինէ` եղաւ խնամակալ, եւ քիչ ատենէն բռնակալ. իրաւ եկեղեցւոյ հալածանքը դադրեցուց եւ պատկերները կան գ նեց, բայց իր գ ահն ալ գ ոնէ իր որդւոյն գ ահէն աւելի բարձրացընել ջանալով` մայրութեան պատիւն եւ անունն ալ պղծեց. երկու ան գ ամ իշխանութիւնը յափշատակելով եւ զոր գ ին իբրեւ ի բանտի ար գ ելական պահելով, ու խորամանկութեամբ զօրքերէն հաւատարմութեան երդումն պահանջելով. միայն Հայկական գ ունդն մերժեց կայսրուհւոյն անարժան խնդիրը եւ դէմ կեցաւ: Եռինէ անոնց վրայ խաւրեց իր գ իշերապահ գ նդին հայկազն զօրավարը` Մուշեղ Ալեքս, որ իր համազ գ եաց կողմն անցաւ եւ գ լուխ կեցաւ. զայն տեսնելով մէկալ գ ունդերն ալ` միացան Հայոց հետ. Եռինէ սարսափած արձակեց իր կայսրորդին յար գ ելանէն, ուր ինքն ար գ ելուեցաւ յորդւոյն. որ եւ իրեն հաւատարիմ եղող Մուշեղը` Հայոց գ նդին զօրավար դրաւ. բայց մայրն (որ ամենայն կանացի նրբութեան, խորա գ իտութեան եւ փառասիրութեան օրինակ կրնայ ըլլալ, մինչեւ ի յետին ան գ թութիւն), նորէն տիկնութեան հասաւ. որդւոյն սիրտն ալ շահելով` ուրիշներունն այլ, բաց ի Հայոց գ նդէն, որով իրարու թշնամի եղան: Հայք իրենց թեմը քաշուելով յԱրմենիակք, (որ է մասն Կապպադովկիոյ եւ Պոնտոսի) հոն եղող թեմակալ Թէոդոսը մերժեցին եւ կամակորութեամբ զԱլեքս Մուշեղ կ ՚ ուզէին. կայսրն թէպէտեւ երախտապարտ էր ասոր, եւ արդէն Հայոց զօրավար դրեր էր, բայց վախնալով անոնց պահանջմունքէն, եւ մանաւանդ սուտ համբաւէն` (զոր գ ուցէ Եռինէ հնարել կամ հռչակել տուեր էր), թէ զանիկայ կայսր դնել կ ՚ ուզեն, բռնեց բանտեց զՄուշեղ, մազերը կտրել տուաւ (իբրեւ կրօնաւորի), յետոյ եւ կուրացուց ան գ թօրէն: Այս բանիս վրայ իրաւամբ գ ր գ ռեալ եւ զայրացեալ Հայք` ապստամբեցան կայսրն երկու զօրավար խաւրեց վրանին բաւական գ նդով. Հայք` զօրքերը ջարդեցին, զօրավարները բռնեցին կուրացուցին ի վրէժ աչաց Մուշեղայ. պէտք եղաւ որ Կոստանդին բոլոր կայսերութեան զօրքերը ժողովէ եւ խաւրէ Հայոց վրայ. որոց արիւնոտ աչքն` որ այնքան մեծազօր բանակը բանի տեղ չէին դներ, դժբաղդաբար ոսկւոյ փայլմունքէն շլացան. ոչ ամենքն, այլ մէկ մասն, որք եւ մատնութեամբ ետ կեցան իրենց ընկերներէն. ասոնք քիչւոր մնալով` պաշարուեցան կայսերական զօրաց բազմութենէն, եւ յետ երկար դիմակալութեան եւ երկու կողմէն կոտոածի, բռնուեցան ուժաթափ Հայք, գ լխաւորնին գ լխատուեցան, ոմանք աքսորեցան, մէջերնէն ամենէն յամառ եւ անհաշտները հազար հո գ ի կապուած բերուեցան ի Կ. Պօլիս, ուր մեծ կրկիսին մէջ նախատուելով` ճակատնին խարան զարկին` կրակէ գ րով գ րելով Հայ ապստամբ, եւ աքսորեցին ի Սիկիլիա եւ ուրիշ կղզիներ. իսկ իրենց մատնիչ ընկերներն ալ փոխադարձաբար յունական ա գ ահութեան մատնուելով` արժանապէս անվարձք մնացին. ապա սրտմտած անցան Արաբացւոց կողմը, եւ սկսան վազել աւրել կայսեր երկիրները: - Կոստանդին ալ իր թեթեւամտութեան եւ ապերախտութեան պատիժը գ տաւ, թէ եւ շատ դժնդակ կերպով, Մուշեղայ կուրացման հին գ երորդ տարեդարձին օրը (19 օ գ ոստոս 797) քարասրտեալ մայրն Եռինէ` որդւոյն քնացած ատենը դահիճներ խաւրելով` աշուըները խարկել խաւարել տուաւ, որոյ ցաւէն աւելի եղաւ իրեն նեղսրտութիւնն, անկէց ալ աւելի` մօրը նախատինքն, որ իր ամեն լաւ գ ործերն ալ ծածկեց, եւ իշխանասիրութիւնը բռնաւորութեան դարձընելով` ալ աւելի ատելի ըրաւ զինքը. մինչեւ հին գ տարի հազիւ կրնալով համբերել` արքունեաց պաշտօնակալ եօթն ներքինիք միաբանեցան ընդդէմ իրենց թա գ ուհւոյն, եւ ճիւաղի մը ձեռքէ ազատիլ ուզելով` դրին կայսր մը, որ եւ ոչ Եռինեայ լաւ յատկութիւններէն մէկն ունէր:

Ասիկայ էր Պիսիդացի մը, ըստ ոմանց արաբացի ծա գ մամբ, Նիկեփոր անուամբ, ցած, կծծի, տխմար մարդ մը. բայց պատկերամարտ չըլլալուն համար` ոմանց գ ովելի երեւցաւ. սակայն քիչ ատենէն պալատականք եւ զօրականք իմացան իր արժէքը, երբ սկսաւ անոնց թոշակնին պակսեցընել, ստացուածքնին կերպ կերպ հնարքով յափշտակել, եւ մնացածն ալ կողոպտելու նոր հնարքներ մտածել, մոլութեանցը վրայ գ ոնէ առաջին կայսերաց ազնուական տոհմին շոք ու շնորհքն ալ չունէր, անոր համար շուտով զուելի եղաւ. մինչեւ նոյն իսկ զինքն ընտրողքն այլ զղջացան, եւ անոնցմէ մէկն կը պատրաստուէր դաւաճանելու, բայց իմացուելով` թունով սպանուեցաւ: Տարի մը չանցած կայսերութեանը վրայ` Քաղկեդոնի դրան քով ձիավարելու ատեն` ընկաւ եւ ոտքը կոտրեցաւ. ժողովուրդն կը փափա գ էր որ մէջքը կոտրած ըլլայ, եւ գ րեթէ փափա գ ն իրաւ կարծուելով` ինչուան դրսի գ աւառները համբաւ թռաւ թէ Նիկեփոր մեռեր է. սկսան ուրախութեամբ նոր եւ արժանաւոր կայսր մը փնտռել, եւ թէպէտ քիչ ատենէն Նիկեփորի ողջութեան եւ առողջութեան լուրն իրենց կարծիքը ցրուեց, բայց չկրցաւ փափա գ նին փարատել, մանաւանդ յօրաց, որ իրենց թռչնակէն զրկուելով` աւելի գ ր գ ռուած էին: Ասոնց մէջ այլ աւելի զայրացողքն էին արեւելքի գ ունդերն, թերեւս ոչ այնչափ իրենց եղած զրկմանն համար` որքան կայսերութեան պատւոյն անար գ անացը. մանաւանդ որ իրենց մօտ, ներկայ եւ վերակեցաւ ունէին անանկ իշխանն եւ վարիչ մը` տրուն արթնութիւնն, արիութիւնն եւ առատասիրութինն` մէկ կողմէն յանդիմանութիւն էր Նիկեփորի բարուց, մէկայլ կողմէն հրապոյր մը` փոխանակ անոր` կայսր ունենալու զսա ինքն, զՎարդան:

Գ

Կամաց կամաց հրապոյրն ի խորհուրդ դարձաւ, խորհուրդն ի յորդոր, ի փորձ եւ ի գ ործ, որուն միայն ինքն Վարդան կամակից եւ գ ործակից չէր. որքան որ իր արդիւնքն եւ զօրաց սէրն իրմէ աւելի արժանաւոր մը չէր գ տնէր ի կայսրութիւն, յոր արդէն իսկ թերեւս հրաւիրած կ ՚ ըլլային զՆիկեփոր ընտրողքն` եթէ իրենց մօտ ըլլար Վարդան, կամ շատ չվախնային անոր արդարութենէն, եւ որչափ ալ այս առաքինի զօրավարս կ ՚ ամըչնար Իսաւրացի տոհմին տեղ այսպիսի անար գ Պիսիդիացի մը արեւելքի կայսր եւ իրեն հրամանատար ունենալու, իր վեհանձնութեամբ եւ ազնուութեամբ ոչ միայն հեռու էր այնպիսի փառասէր մտածութենէ, այլ եւ ի հակառակելէ անոր հետ, զոր ազ գ ն` թէ եւ ան գ իտութեամբ` ընդուներ էր, եւ սրբակրոն պատրիարք մ ՚ այլ (Տարասիոս) թէ եւ վախով` օծեր էր ի կայսր: Զարհուրեցաւ արիասիրտ զօրապետն` երբ իր ինչուան այն ատեն հնազանդ զօրաց հրաւէրք եւ յորդորն լսեց ի կայսրութիւն, եւ դէմ կեցաւ. թէպէտ չկրցաւ օտարաց յաղթողն` իր զօրաց ալ յաղթել: Միայն հոս զարմանալի եւ իրեն արժանաւոր գ տուեցաւ Հայկական գ ունդն, երբ ուրիշ ամեն թեմից գ ունդքն միաբան եւ միահաւան կու կանչէին կու ստիպէին զնա ի կայսրութիւն, Հայք` որ դեռ տասն տարի առաջ իրենց հաւատարմութեան համար առ Կոստանդին, անոր մօրը դառն ու պժն գ ալի վրէժխնդրութեան զոհ եղած էին` ճակատնուն վրայ այնպիսի նախատանաց դրոշմ մ ՚ առնելով, հոս փոխանակ աւելի արդար վրէժխընդրութեան` իրենց առաքինի համազ գ ւոյն եւ ուրիշներէն ընտրած կայսեր` չուզեցին կողմնակից ըլլալ, այլ անկէ առաջ օրինաւորապէս ճանչցուած կայսեր հաւատարիմ մնալ: Այսպիսի թել թել մանուած պատահարներու մէջ մերայոց այս գ ործը` յիրաւի շատ զարմանաց եւ շատ մեծասրտութեան գ ործ մ ՚ է. միան գ ամայն եւ մեծ խրատ եւ օրինակ մ ՚ էր Վարդանայ` զ գ ոյշ եւ հաստատ կենալու իր մտաց վրայ:

Արդարեւ շատ հեռի էր այս Թուրք Վարդանս այն Փիլիպպիկ Վարդանէն, սրուն կերպարանաց ճոխութիւնն եւ լեզուին ճոռոմութիւնն` զինքը հանեցին ի գ ահ կայսերութեան, իսկզսա զօրքերէն աւելի` անձնական արժէքն կը հրաւիրէին հոն, բայց առաքինութիւնն չէր համարձակեր: Ասոր վրայ կ ՚ երեւի մեր հին եւ մեծ, կտրիճ ու կարմիր սուրբ Վարդանայ շնորհաց նշոյլն, եւ անոր բարակ խիղճն, գ ուցէ եւ խղճահարութիւնն, այլ օրինակ կերպով մ ՚ այլ` նաեւ իր սրտառուչ եւ եղերական բաղդն: Կրակապաշտ Պարսիկ մո գ երուն եւ Լուսաւորչի հաւատքը պահող ու պահպանող հայրապետաց ձայներուն մէջ լռութեան Հայոց գ նդին եւ յորդորանաց ու սպառնալեաց Յունաց գ ունդերուն, որք ինչուան սրտակոտոր անխնայ առժամայն մահ կը կանչէին, եթէ չընդունէր զթա գ ն կայսերական: Վարդան յօ գ նեցաւ, դեդեւեցաւ, տկարացաւ, գ ուցէ եւ վայրկեան մը իր մտածութեանց որոշման վերջի առաւօտն չծա գ ած` Փիլոմելիոնի սոխակաց ամառնային անուշակ գ իշերախօսութեանց հետ` ինքնակալութեան եւ աշխարհի հրամանատարութեան հրապուրական ծածուկ ձայն մ ՚ այլ ազդեց սրտին:

ուլիս ամսոյն առջի կէսն էր այն ատեն, եւ ինքն այդ յիշեալ (Փիլոմելիոն) քաղքին մէջն էր, որ իր ընդարձակ թեմին չորս մեծ նահան գ աց գ րեթէ միջասահման է, Պիսիդիոյ, Իսաւրիոյ, Լիկայոնիոյ եւ Փռիւդիո, եւ այս ետքինիս սեփհական, իսկ հիմայ Համիտ գ աւառի կամ Գարաման նահան գ ին Աքշէհիր քաղաքն սեպուած է, որոյ քաղցրաձայն սոխակքն անուանի են, եւ կարծուի թէ անկեց դրուած է քաղքին հին յունական անունն, որ կը նշանակէ այս թռչնոց երաժշտապետը:

արդան դեռ տարակուսանաց պատերազմի մէջ էր. թէ եւ ակամայ կամ կիսակամ յանձն առաւ զօրաց բռնադատութիւնը, եւ անոնց ընծայած կայսերական պսակը. սակայն կը խրատէր` երբ կը մտածէր որ անով Կ. Պօլսի գ ահին վրայ փայլելու համար` պէտք էր հանել պատենէն իր քաջայաղթ` այլ եւ խնայող սուրն. մինչեւ այն ատեն հայրենեաց, տերանց եւ իրաւանց դէմ եկող թշնամեաց վրայ ցուցեր էր անոր փայլը եւ իջուցեր հարուածները, ի՞նչպէս հիմայ` որ արդէն հասակին եւ կշտացած փառքին` հան գ իստ կը վայլէր, ի՞նչպէս այն ահա գ ին եւ վրէժխնդիր սուրը` իրեն փառք եւ պատիւ փնտռելու գ ործիք մ ՚ ընէ: Իրաւ կրնար ինքն ոչ միայն քան զՆիկեփոր` այլ եւ քան զշատս ի նախորդաց եւ ի յաջորդաց նորա` արժանաւոր եւ օ գ տակար կայսր ըլլալ, գ ուցէ եւ պէտք էր քիչ տարի առաջ զինքն ընտրել, բայց ի՞նչպէս կրնար համարձակիլ ինքն ասանկ բանի համար` անպարտ արիւն մը թափել եւ քաղաքական պատերազմի պատճառ ըլլալ: Հոս բանակներէ անվախ սիրտն` ինքն իր սուրէն սկսաւ դղալ, եւ առ ժամ մը իր բոլոր գ ունդերուն` Վարդան կայսեր երկա՜ր կեանք կանչելն` բաւական չեղաւ խղճին ձայնը մարելու. ուզեց գ ոնէ աւելի վստահանալի եւ վկայեալ խղճի մ ՚ ալ խորհուրդ հարցնել:

Այն կողմերը սրբութեամբ եւ իմաստութեամբ համբաւեալ ճ գ նաւոր մը կար, որ եւ հո գ ետեսութեան շնորհք ունէր, ըստ պատմչաց, գ ոնէ ըստ հաւատոց այն ատենուան Յունաց, որ այս հազուատուր շնորհքը` շատերու կ ՚ ընծայեն, եւ կ ՚ ըսեն թէ երբ Վարդան եկաւ իրեն խորհուրդ հարցնելու` ճ գ նաւորն յայտ եւ համարձակ պատմեց իրեն գ լխուն գ ալիքը, եւ ոչ միայն իրեն` այլ եւ իրեն հաւատարիմ ընկերացը, ըսաւ թէ իրեն զինակիրն Լեւոն` (Արծրունին) պիտի ըլլայ կայսր. նոյնպէս միւս զինակիր կամ թիկնապահն այլ` Փռիւ գ ացի Թոթով Միքայէլն. իսկ իր մէկայլ զօրավարն Թովմաս` նոյնպէս պիտի փորձէ բայց պիտի չյաջողի կայսրութեան: Այս ամենն յլ ատենին կատարուեցաւ ստու գ ապէս, ինքն եթէ ըսած էր եւ եթէ չըսած. բայց բանն այս է` որ Վարդանայ վրայ ըրած մար գ արէութիւնն` յաջող չէր: Հայկազն անուամբ հռչակուելու կայսրն ոչ ինքն էր, ոչ իրմէ 90 տարի առաջ կայսերացեալ Փիլիկն Վարդան, եւ ոչ այն Վարդա` որ Եռինեայ որդւոյն թա գ աւորած տարին (780) ուզեց թա գ ը, կորզել, եւ չյաջողելով բռնուեցաւ, ծեծուեցաւ, հալածուեցաւ, այլ անոր որդին վերոյիշեալ Լեւոնն` զինակիրն Վարդանայ: - Թերեւս այս անակնկալ նախասացութիւնք աւելի խռովեցին շփոթեցին արդէն տա գ նապեալ սիրտը, եւ այն որ երբ միայնակ ըլլալով փառաց կեղակարծ հանդիսարանին մէջ` կու յուսար եւ կու յուսացընէր ինքն իրեն յաղթելու, հիմայ իրմէ նուաստից եւ իրեն սպասաւորաց չկարծուած կայսերութեան հասնիլը եւ իր կարծուածին անյաջողութիւնը լսելով. կարծես թէ սրդողեցաւ, եւ իրեն մեծ նախատինք սեպեց, ուզեց հոս իր բուն կամքը խորտակել կարողութեան ուժովը: Հոս իր խղճին ալ, քաղաքականութեան ալ ուրացութիւն ըրաւ, եւ որ առաջ զմարդիկ եւ զբանակս տկար կու սեպեր զինքը համոզելու, եւ չէր ուզեր կայսր ըլլալ, հիմայ կարծես թէ ուզեց Աստուծոյ ալ յաղթել կայսր ըլլալ կարենալով:

-Բայց եւ ոչ իր խիղճը կրցաւ նուաճել երկար ատեն, եւ այս ինքն իր մէջ ըրած կռիւն եւ կամ վերջին յաղթութիւնն` իրեն վայելուչ եւ փառաւոր յաղթանակ եղաւ:

Դ

Յուլիսի 19 էր, յամին 803, երբ անուանեցաւ ինքն Կայսր, որ եւ Բ Վարդան պիտի ըսուէր, եթէ այն վայրկենական ուրացութեանը վրայ ուզէր յամառիլ: Ի մեծ խնդութիւն զօրացը` բանակը չարժեց, երա գ երա գ դիմեց շիտակ դէպ ի մայրաքաղաքն կայսերական, հասաւ նստաւ անոր դիմաց Խրիւսոպօլեայ (Իւսկիւտար) պարսպաց տակ, ութ օր հոն կեցաւ առանց զարնելու առնելու մտնելու այդ Վոսփորի ասիական ափանց առաջին քաղաքը. կու սպասէր եւ դիտէր որ դռները բանան եւ զինքը հրաւիրեն. կ ՚ ուզէր փորձել թէ զօրացը պէս բոլոր քաղաքացիք ալ կ ՚ ընդունէի՞ն իր կայսրութիւնը, զոր` միտքը գ րած էր առանց արեան եւ վնասու ստանալ, թէ որ այնպէս յաջողէր բաղդն, որ անյուսալի էր: Կու զարմանային եւ զայրանային զօրքն` Վարդանայ դանդաղութեանը վրայ, եւս առաւել իր հաւատարիմքն, սպայքն եւ անձնապահքն, մանաւանդ գ լխաւորքն Լեւոնն եւ Միքայէլն, որք լաւ իմացան թէ Վարդան առանց զարնելու որս ընել կ ՚ ուզէ, եւ իր սովորական բարեսըրտութեամբը ձեռք ձ գ ել այնպիսի բան մը` որ անկարելի էր առանց բռնութեան եւ արեան. եւ թէ այդպէս ուշանալն իրենց բաղդին եւ կենաց մեծ վտան գ է: Ոչ զՎարդան կրցան համոզել եւ ոչ իրենք համոզուեցան այնպիսի որո գ այթի մէջ մնալու, եւ գ ուցէ անոր տեղ` իրենց ապա գ այ կայսերութիւնը ապահովելու համար` թողուցին զանիկայ, եւ Վոսփորուն զիրենք բաժնելով` ձ գ եց ի կողմն Նիկեփորի, որ իբրեւ աւետաւոր հրեշտակներ ընդունեցաւ զանոնք, եւ վախով կորացեալ գ լուխը կան գ նեց, երկուքին ալ մեծամեծ պաշտօն եւ իշխանութիւն տալէն զատ` մէկմէկ ալ թա գ աւորավայել պալատ եւ երկիրներ տուաւ. եւ սկսաւ զօրք ժողվել Վարդանայ դէմ ելնելու: - Իսկ ասիկայ` որ եթէ ուզէր գ ործել` ինչուան այն ատեն գ ուցէ գ ործն ալ վճարած կ ՚ ըլլար, երբ տեսաւ որ փոխանակ մայրաքաղաքէն իրեն պատ գ ամաւոր եւ հրաւիրակ գ ալու` զէնքի ձայներ կը լսուին, վերուց բանակը ի Խրիւսոպօլսոյ եւ տարաւ Պրուսայի մօտ Ոլիւմպոս լերան ոտքը դադրեցուց:

Զօրքն գ ուցէ կարծէին թէ Վարդան նոր պատերազմական խաբէութեան հնարք մը կը մտածէ, բայց անհան գ իստ կու սպասէին զարնուելու կայսերական զօրաց հետ, դեռ գ ստահ ըլլալով յաղթութեան` իրենց քաջ առաջնորդին վրայ: Իսկ նա իր սրտին մէջ սաստիկ եւ մեծամեծ պատերազմներ ունէր, ամիս մ ՚ ատեն բաւականէն աւելի եղաւ իր տաքութիւնն իջեցընելու եւ նորէն առջի խիղճը բանեցընելու: Պատերազմ, յաղթութիւն, կայսրութիւն, շատ պզտիկ եւ չնչին կ ՚ երեւէին` կենաց վերջին ատենին եւ հանդերձեալ դատաստանաց եւ Աստուծոյ քննութեանց ու հատուցմանց առջեւ, որոց յիշատակաւ զարհուրած` կու մտածէր գ ոնէ իր խիղճն ու հո գ ին անվնաս ազատել այն վտան գ աւոր վիճակէն ուր կամայ ակամայ քշուեր եկեր էր. ամենէն դժարն էր զինքը քշող եւ սիրողները հաւանեցընել, այսինքն զօրքերը որոնք եթէ իմանային միտքը` ոչ միայն գ ուցէ կատղած զանիկայ կտոր կտոր կ ՚ ընէին, այլ եւ իրեք Նիկեփորի կատաղութեան զոհ կ ՚ ըլլային. եւ ահա այս ետքինս էր Վարդանայ տա գ նապն, երկու դիէն սուր եւ արիւն կու տեսներ, երկու կողմէ կու ստիպուէր մեծ գ ործ մեծ որոշմունք մ ՚ ընելու:

Ահա հոս մեր մեր Վարդանայ դիմաց այլ ձ գ ուած էր այ Կեսարու բաղդավճիռ Ռուբիկոն գ ետոյ կամուրջն. «Դեռ կրնանք յետ դառնալ, բայց մէկ մ ՚ որ դա կամրջիկն անցնինք, այլ անկէ ետեւ ինչուան վերջը զէնքով պէտք է առաջ երթալ»… Կեցաւ, վերջի մտածութիւնն ըրաւ, նետեց իր նարտին քուէն, եւ կամուրջը… չանցաւ: Եթէ կարճութեամբ չէր պակաս քան զԿեսար` խոհեմութեամբն շատ աւելի եղաւ հոս. շփաթթեց իր մտաց աչքը եւ չեղաւ անոր պէս գ ահավէժ ի վիհս պատահարաց եւ վտան գ աց, այլ իր առաջին մեծո գ իութեամբ եւ իմաստութեամբն ու քրիստոնէական արիութեամբ` որ զյանդ գ նութիւնն այլ կը նուաճէ, եւ որ կրնար Կեսարու մ ՚ ալ մեծարել տալ զՊոմպէոս, քանի մ ՚ օր զինուորները յուսացընելով բարի վախճանի մը, ծածուկ մարդ խաւրեց առ Նիկեփոր, եւ խոստացաւ ազատել զնա ամեն վախէ եւ վտան գ է, միայն թէ ինքն ալ իրեն եւ իր բանակին ներումն տայ եւ անյիշաչար ըլլայ:

Այս պատ գ ամաւորութիւնս` Նիկեփորի համար իր ամենէն վախնալու անձին ձեռքէն երկրորդ ան գ ամ թա գ ընդունիլ եւ կենաց ու կայսրութեան մէջ հաստատուիլ էր, անբացատրելի եղաւ զարմանքն եւ ուրախութիւն: Ապշածն` չէր կրնար հասկընալ` թէ այնպիսի հակառակորդ մը կրնա՞ր այդքան առաքինութիւն ունենալ: Չէր գ իտեր ի'նչ կերպով իր հաւանութիւնը, խոստմունքն եւ երդմունքը յայտնէ. եւ երանի' թէ այնչափ սաստիկ յայտնութեան ձեռք չզարնէր, որ յետոյ երդմնազանցութեամբն վրան աւելի նախատինք եւ մեղք չբերէր: Մէկէն հրովարտակ գ րել տուաւ խոստմանց եւ ներմանց. եւ բաւական չսեպելով իր ձեռնա գ իրն եւ կնիքը, Տարասիոս պատրիարքն եւ ամենայն պատրկաց ալ ստորա գ րել տուաւ. դեռ այնդափն ալ բաւական չսեպեց վատասիրտն, այլ եւ իր վզէն կախած կենաց փայտին նշխարն այլ հանեց եւ խաւեց Վարդանայ, իբրեւ անտարակուսելի եւ անդրժելի գ րաւական, վկայ եւ ընծայ. որուն` թերեւս միայն սատանայ կարենար չհաւատալ. բայց պատմութիւնն ցըցուց որ հոս Նիկեփոր այլ սատանայի հետ միահաւան է եղեր:

Վարդան իրմէ աւելի իր զօրաց կեանքն ապահովցընելուն վրայ գ ոհանալով, անոնցմէ զատուելուն հնարքը մտածեց. եւ մինչդեռ անոնք վաղուընէ վաղը կու յուսային թշնամեաց վրայ վազելու, եւ վերջապէս իրենց տէրը տանելու հանելու ի գ ահ կայսերոց, նա իրենցմէ աւելի արթուն եւ անքուն կու սպասէր կու դիտէր ժամն ու վայրկեանը. իր 50 օրուան անուանեալ կայսերութիւնն` իրենն 50 տարւոյ ծանրութիւն տուած էր:

Ե

Սեպտեմբերի 8ին Ս. Աստուածածնի ծննդեան տօնին գ իշերն` իր բանակին շշնկոցը լռեր էր, քունը հան գ չեցուցեր էր զզօրս. գ իշերապահը իրենց վրանին դիմաց հանդարտ եւ անկասկած կեցեր էին. ասդին անդին վառած եւ պլպըլած ճրա գ ք եւ կրակն` չէին կրնար բաւականապէս փարատել մթութիւնը, որուն հազիւ կրնար նշմարուիլ վիթխարի եւ դիւցահասակ լեառն Ոլիմպոս` բանակէն մեծ վրանի մը պէս գ իշերուան միջէն դէպ յերկինք քաշուած: - Վարդան` մէկ մը աչքն ասոր տալով, մէկ մը դէպ ի Մարմարայի ծովեզերքը տեսնուած լոյսերուն, եւ յետոյ դարձընելով իր բանակին վրայ` որ յուսոյ եւ քնոյ մէջ թաթխուած դադրեր էր, պահ մը կեցաւ իր վրանին դռնէն դուրս, ուսկից հեռացուցեր էր պահապանները եւ միայն իրեն հաւատարիմ մնացող Թովմաս թիկնապահին իմաց տուեր էր: Մտածեց իր եւ իրմով` մարդկային սրտի եւ կենաց բաղդն ու պատահարքը. մտածեց քանի մը ժամուան մէջ բազմութեան մարդկան եւ բոլոր կայսերութեան մը կարելի փոփոխութիւնը մտածեց իր ապա գ այ կեանքը եւ թողլու յիշատակը. մէկ մ ՚ այլ իր այնքան տարի վտան գ ած եւ փառաց տարած զօրաց գ ունդերուն վրայ նայեցաւ, որոցմէ ասանկ անակնկալ եւ անպատրաստ կերպով մը պիտի զատուէր, եւ այլ պիտի չլսէր պատերազմի սրտաթունդ թմբուկն եւ ոտնատրոփ երիվարաց փռնչինն, այլ ոչ յաղթութեանց նուազք եւ սաղաւարտից դալար պսակք, այլ ոչ աւարներու եւ գ երեաց բաժին…. «Մնա՜ք բարով, միաք բարով. Աստուած ձեզի օ գ նական եւ պահապան», ըսաւ, հառաչեց, հեռացաւ: Իբրեւ գ իշերախառն մենամարտութեան ելած` նախ յուշիկ մնջիկ սկսաւ ոտն փոխել դէպ ի հիւսիս, դէպ յեզերս Մարմարայի, միայն զԹովմաս թողլով ետեւէն զինակիր գ ալու. յետոյ հազիւ բանակին պատնիշէն անցած օտար ճամբով` սկսաւ հսկայաքայլ յառաջել, փութայ հեռանալ անոնցմէ` որ միայն իրմէ հեռանալ չէին ուզեր եւ քսանի չափ մղոներ կարճ կարճ կտրելով` հասաւ Մուտանիոյ ծոցոյն ծայրը Կէմլէյիկ քաղաքաւանը, որ ան ատեն Կիոս կոչուէր, ուսկից եւ ծվածոցիկն այլ Կիանեան խորշ, կամ Աստակեան ծոց:

Կիոսի քով Կատապոլիոն անուամբ գ իւղական մըկար, եւ անոր մէջ Հերակլի անուամբ վանք մը. Վարդան իր բանակը թողլով` շիտակ այս վանքս իջաւ, վանահայրը կանչեց, սա անոր դիւցազնեայ կերպարանքէն եւ սպառազինութենէն սարսափած կու կասկածէր. բայց ալ աւելի ափշեցաւ եւ տարակուսեցաւ երբ զօրավարն խնդրեց որ ընդունի զինքն իբրեւ կրօնաւոր, եւ շուտ մը ձեւը փոխէ, չկրցաւ վանահայրն ոչ մէկ կերպով հաւատալ եւ հաւանիլ: Ուշանալ չէր ըլլար: Վարդան` որ դեռ զէնքերը չէր թողած, զինուորական եւ կրօնական քաջասրտութիւնը մէկ տեղ բանեցընելով` քաշեց ուրիշներու գ լխուն վախ տոող սուրը, եւ թերեւս անոնց վրայ իջեցընելէն աւելի մեծ կարճութեամբ` իր գ լխուն վրայ հանեց, ինքն իրեն կտրեց իր գ իսակները, եւ իբր երախայրիք նոր եւ սրբազան կենաց` ընծայեց Աստուծոյ. ապա զէնքերը զրահներն ալ թափելով եւ իշխանական զ գ եստը թողլով` հա գ աւ թանձր պարե գ ոտ մը. եւ ամենայն քաղաքական եւ զինուորական զարդերէն եւ նշաններէն թեթեւնալով` թռաւ Կէմլէյիկի նաւահան գ իստը, ուր արդէն հասած էր զինքն ընդունելու նաւն ի Նիկեոփորէ ղրկուած. ցատքեց մէջը, հրաման տուաւ որ շուտ շուտ թիավարեն, պատեն Պեսիդիոնի հրուանդանը (Պօզպուռուն), եւ թողլով Նիկոմիդիոյ ծովածոցը` ուղղեն դէպ Իշխանաց կղզիները. մինչեւ ի հեռա գ ոյնն, մինչեւ ի Բրոդա (Գընալը), իրեն հին եւ ծանօթ առանձնութեան զբօսարանն` Բրոդա, իր շինած վանատեղը եւ տնկած պարտէզը. ուր եւ ելաւ շատ աւելի ուրախ` քան եթէ Ոսկեղջիւրը (Սէրայպուռնու) կոխած ըլլար. «Այս է հան գ իստ իմ», ըսելով:

Իր դաստակերտին բնակիչ վանականք եւ տեղապահք չէին կրնար հաւատալ տեսածնուն եւ լսածնուն, թէ իրենց խնամակալն, այն մեծ թեմակալն եւ սպարապետն Արեւելից` այդ իրենցմէ խեղճ եւ գ ծուծ քուրջերով ծածկուած կրօնաւորն է. բայց նա լաւ իմացուց որ եթէ ձեւն եւ արուեստը փոխեր էր, եւ հիմայ անունն ալ կու փոխէ, փոխանակ Վարդանայ` Սաբա անուանելով զինքը, հո գ ին նոյն է. առաջ կարծր զինուց եւ զրահից տակ կակուղ քրիստոնեայ սիրտ մ ՚ ունէր, հիմայ մաշկի եւ մազեղինի տակ կտրիճ նահատակի եւ ճ գ նաւորի սիրտ մը. առաջ զօրավարաց օրինակ էր քաջութեամբ եւ խելքով, հիմայ նոյն իսկ հին վանականաց եւ միանձանց, խստակրօն, զուարթ եւ աշխատասէր վարքով. եւ յիրաւի, օրուան կէսը յաղօթս եւ ի հո գ եւոր մտածութիւնս կ ՚ անցընէր, կէսն այդ գ ետին բանելու եւ իր պարտէզը դարմանելու: Փորձով ալ իմացաւ շուտով որ այսպիսի կեանք իրեն համար կայսերութենէն քաղցր եւ ցանկալի է, եւ եթէ աղաչանքով այլ նորէն իրեն տային տասն թա գ ` չէր ուզեր իր Բրոդայի առանձնական եւ մենական կենաց հետ փոխել. սուրէն եւ մականէն շատ աւելի թեթեւ եւ դիւրաշարժ էին իր բահն ու բիչը. միով բանիւ խիստ շատ աւելի երջանիկ էր` քան իր հակառակորդն Նիկեփոր:

Զ

Ասոր ա գ ահութիւնն նորէն արթընցաւ` երբ ապահովութիւնը ստացաւ: Աստուծոյ եւ մարդկանց վախուն դիմաց` կեղծաւորութիւնը եւ սուտը միջնորդ ձ գ ելով` իր ամեն խոստմունքն եւ ահաւոր երդմունքն ոտքի տակ առաւ: Նախ Վարդանայ կուսակից եղող կամ կարծուողները բռնել բանտել տուաւ եւ ամեն ստացուածքնին կողոպտեց. յետոյ Վարդանայ հարըստութիւններն ալ յափշտակեց, միայն անոր զինուորները չնեղեց, վասն զի վրանին կողոպտելու բան մը չկար: Բայց ամենէն անիրաւ եւ պժ գ ալի կողոպուտն, միան գ ամայն եւ ամենէն ցանկալին եւ թանկա գ ինն` եղաւ իր շատ բարի եւ գ թասիրտ հակառակորդին լուսաւոր եւ զուարթահայեաց աչքերն: Վարդան իր կամաւոր ար գ ելանքէն քիչ որ վերջը` գ իշեր մը, երբ գ ուցէ դեռ իր երկար աղօթքներն ալ չէր լմընցուցած, յանկարծ ոտնաձայն եւ շփոթ մը լսեց` իր ծովապատ մենանոցին մէջ, քանի մը այլանդակ լեռընցի Լիկայոնացիք, զոր եւ ոչ մարդ` այլ մարդա գ այլս (շի գ անթրո բուս կոչէ պատմիչն), որք Նիկեփորի հաւատարիմ եւ արժանաւոր դահիճքն էին, յանկարծ պղծելով եւ խռովելով տեղւոյն եւ ժամուն եւ անձին խաղաղութիւնը, բռնեցին իրենց տիրոջ նախանձորդ կարծուածը, եւ գ ազանօրէն խլեցին խաւարեցուցին այն աչքերը` որ միայն յերկինք վերցընելու, պարտիզականը վրայ իջեցընելու եւ երբեմն ծովուն վրայ պտըտցնելու պահեր էր` ամբողջ կայսերութենէ մը հրաժարողն եւ մէկէն թողուցին փախան կղզիէն. - ինչուան քաղքէն եւ մարդկանցմէ ալ փախչիլ ոուզելով կամ ձեւացընելով` ապաւինեցան ի մայր եկեղեցին` Ս. Սոփիա:

Հազիւ այս լալի լուրն հռչակուեցաւ, վանք, եկեղեցիք, պալատք, բոլոր քաղաքն չարժեցան գ թով եւ բարկութեամբ անէծք եւ նզովք թափել սկսան կայսեր եւ գ ործակցացը վրայ. երանելի պատրիարքն Տարասիոս, պատուական պատրիկքն` սրտակոտոր վազեցին արքունիքը, յիշեցուցին կայսեր իրեն երդմունքը եւ ստորա գ րութիւնը, Նիկեփոր երդում պատառ եղաւ ծերակուտին դիմաց թէ ինքն ամենեւին այդպիսի բան չէր մտածած եւ կարծած, եւ թէ ուրիշի թշնամութեան գ ործ է. պատուիրեց իրենց` որ երթան բռնեն այն չարա գ ործներն` որ ի Ս. Սոփիա ապաւիներ էին, թէպէտ եւ կանխեր անոնցմէ առաջ ուրիշ մարդ զրկեր ու փախուցեր էր զանոք յեկեղեցիէն, եւ անոնց տեղ քանի մ ՚ ուրիշ մարդ բռնել քննել տուաւ, որ անմեղ ըլլալով` ի հարկէ անվնաս ալ արձակուեցան: Իսկ ինքն իր չհաւատալի կեղծաւորութիւնը մինչեւ ի ծաղրածութիւնը տանելով` եօթն օր փակուեցաւ իր պալատին մէջ, մարդու չէր երեւէր, միայն ողբոց եւ վայերու ձայներ կու լսեցընէր, զորոնք ձեւացընելու շատ աղէկ կրթութիւն ըրած եւ վարպետ էր, միայն թէ չկրցաւ մէկն ալ խաբել, այլ աւելի սաստկացաւ իրեն դէմ եղած հասարակաց ատելութիւնն եւ անէծքն:

Որչափ պժ գ ալի եղան Նիկեփորի գ ործն եւ ձայներն, այնքան զարմանալի եւ սրտառուչ եղաւ Վարդանայ լռութիւնն. ամենեւին գ ան գ ատ մը, տրտունջ մը, հեծութիւն մը չհանեց, եւ գ րեթէ միայն ինքն եղաւ որ չանիծեց զՆիկեփոր, նա եւ ոչ իսկ մեղադրեց զնա, հապա ինքզինքն յանցաւոր ճանչնալով` մինչեւ ի մահ ապաշխարողի վարք անցուց, եւ միշտ իր պակսոթիւնը պատմելով, կ ՚ ուզէր գ երա գ ոյն առաքինութեամբ մը` ծածկել կայսեր անիրաւութիւնը եւ ան գ թութիւնը, առաքինութի՜ւն այնքան հիանալի` որքան այնպիսի ապականեալ ժամանակի եւ արքունեաց մօտ փայլեցաւ: Ճ գ նաւորութեան հո գ ին աւելի խոր եւ պինդ հա գ եր էր ներսէն, քան դրսուանց մաշկեղէն մը ամառը, մազեղէն մը ձմեռը, որ էին իր բոլոր հա գ ուստը, իսկ գ լուխն եւ ոտքն միշտ բաց եւ բոպիկ: Ասոր նման կերակրիկն ալ, եթէ կրնար ըսուիլ կերակուր, ոչ միայն բերնը չդրաւ մսեղէն եւ կթեղէն, այլ եւ ոչ ձէթ եւ գ ինի, այլ միայն գ արիէ հաց. այն ալ ինքն իր ձեռօք կու պատրաստէր եւ կ ՚ եփէր մոխրի տակ, լուսազուրկ աչքերն չթողլով իրեն երկար ձեռա գ ործ աշխատանքը` մտաւոր աշխատութիւնն աւելցուց, աղօթք եւ խոկմունք, որոցմով զմայլած` ոչ թա գ ին, ոչ աշխարհիս եւ ոչ իսկ ամեն սրտի մխիթարիչ արեւուն կորուստը կ ՚ իմանար:

Միայն մէկ հո գ, մէկ ցաւ, մէկ փափա գ մ ՚ ունէր դեռ սրտին գ ր գ իռ. - ընտանիքն. վասն զի ունէր եւ դեռ ողջ էին կինն եւ զաւակներն: Անոնց ցանկալի երեսաց տեսութենէն զրկուիլը չէր իր մեծ ցաւն, վասն զի գ ոնէ ձայներնին կրնար ըսել եւ խօսիլ, այլ ինքն իր հո գ ւոյն խորին ձայնը կ ՚ ուզէր լսեցընել անոնց հո գ ւոյն, եւ կրցաւ: Ուրիշներէ աւելի ինքզինքն օրինակ ցուցընելվ աշխարհիս ընդունայնութեան, եւ հանդերձելոց անփոփոխ վիճակին, այս կենաց ցաւերուն կարճութեանը, եւ այն կենաց անվախճան երանութեանը, զամենքն ալ հաւանեցուց իրեն նմանելու. նախ տիկին Դոմնիկ (կամ Տոմինի գ ա) յանձն առաւ քաշուելու ի վանս հաւատաւորաց, եւ ինքնին Վարդան փոխեց ամուսնոյն անունը. դրաւ Աթանասիա. իր մէկ դստրիկն ալ հետը մտուցը ի հարսնարանն Քրիստոսի. յետոյ իր կտրիճ որդիքներն ալ հաւանեցուց, որք յօժարութեամբ սուրբերնին այլ, ամեն ունեցածնին այլ ծախեցին բաժնեցին աղքատաց, եւ առանձնացան վանքերու մէջ` միայն հո գ ինին հո գ ալու:

Է

Այսպէս երկրիս վրայ ապահովելով անոնց երկնաւոր վիճակը, որոնց որ պարտական էր հո գ ալու իբրեւ հայր եւ տանուտէր, անկէ ետեւ այլ աւելի ազատութեամբ եւ հանդարտութեամբ իր հո գ ին կ ՚ ուժովցընէր եւ կու հասցընէր յաւիտենական նպատակին: Շատերն տեսան եւ կու զարմանային Սարայի սրբութեանը վրայ. եւ ո՞վ կրնար կարծել թէ անիկայ էր Արեւելքի քաջ սպարապետն` Թուրք Վարդան: Համբերատար հան գ ստութիւնն եւ չարքաշ վարքն յաղթեցին իր ճ գ նութեանց խստութեանը, եւ երկարեցին կեանքը, մինչեւ լսեց ութ տարիէն ետեւ իր անիրաւ նախանձոտին` Նիկեփորի` խեղճ եւ չարաչար մահը, զոր գ րեթէ ինքն պատճառեց իրեն եւ իր բոլոր բանակին, անխոհեմութեամբ յառաջ երթալով Բուլղարաց երկիրը, եւ ստէպ ստէպ ըսելով, թէ «Չեմ գ իտեր` Աստուա՜ծ թէ սատանան է զիս առաջ քշողը, բայց չեմ կրնար ետ կենալ». մինչեւ հասաւ ձորադաշտ մը, որոյ երկու կողմը գ ոցեցին Բուլղարք` անտառներ ջարդելով եւ ծառէ պարիսպ քաշելով. ապա կրակ տալով անոնց, իրենք ալ զինուած յարձակելով` կայսրն ալ, մեծամեծներն ալ, բոլոր զօրքն ալ մէկ աւուր մէջ (25 յուլիսի 811) սրամահ եւ ծխամահ ջնջեցին: Նիկեփորի գ անկն Բուլղարաց թա գ աւորին գ ինւոյ բաժակ եղաւ, բոլոր Բիւզանդիոն եւ կայսերութիւնն ս գ ալով իրենց զորաց եւ զաւակաց կորստեան վրայ` միայն Նիկեփորի կորուսան իրենց այրած սրտին մխիթարանք կու գ տնէին. այնքան ատելի եղած էր անկուշտ ա գ ահութեամբ եւ անհո գ ութեամբը: Երկու տարի ետեեւ (յորում տիրեցին Ստաւրակ` որդի Նիկեփորի եւ Միքայէլ Կիւրոպալատ), լսեց Վարդան իր առաջին զինակրին եւ նախայիշեալ Լեւոնի Արծրունւոյ կայսր ըլլալը (813-820), ինչպէս լսեր էր հին գ տարի առաջ (808) ուրիշ հայազ գ ւոյ եւ Լեւոնի աներոջ` Արշաւրի փորձ փորձելն ընդդէմ Նիկեփորի, եւ իրեն պէս չյաջողելով` բռնուիլ ու աքսորուիլն ոչ հեռաւոր վանքի մը մէջ Բիւթինիա):

Այս դէպքերս իրեն սրտին մէկմէկ հարուածք եղան, իր ըրածը յիշելով եւ իբրեւ ընկերացը չար օրինակ մը տուած համմարելով զինքը, անոր հմար նախախնամութեան կամաց եւ կարդաց թողլով եղածը` ինքն իր ճ գ նութինները եւ հո գ եւոր եռանդն աւելցուց առանձնութեան իր ծովակոծ` բայց անվտան գ կղզեկին մէջ, որուն շրջապատ ալեաց ծփանքն եւ անուշ հովերն բաւական էին իրեն` մերձաւոր մեծ մայրաքաղաքին եւ բոլոր աշխարհիս խառնաձայն կոծմունք եւ ծփմունքը ցածցընելու, մինչեւ որ ճշմարիտ եւ յաւիտենական թա գ աւորութեան հրաւէրքն յափշտակեց զինքը յերկինք, ուր ընդ յիշատակելի սուրըս ճանչցան զնա Յոյնք, մինչդեռ իր յատուկ աազ գ այնոց` Հայոց պատմըչաց մէջ` եւ ոչ ճանչցուած է այս իրենց ամենէն երեւելի զօրավարներէն, միան գ ամայն եւ սաբայացեալ ճ գ նաւորներէն մէկն, որ յիսուն օր այլ կրնար կոչուիլ Բ ՎԱՐԴԱՆ ԿԱՅՍՐ: