ԱՐԱՐՈՒԱԾ
Բ
Արտաշրի
պալատը
մեծ
եւ
փառաւոր
սրահ
մը.
—
Զանազան
շքեղ
կարասիք,
—
Խորը
մեծ
եւ
բաց
դուռ
մը
եւ
ճեմելիք
մը,
ուստի
երկինք
եւ
լեռներ
կ՚երեւին.
—Գետ
մը
կը
հոսի
պալատին
առջեւէն:
Տեսիլ
Ա
ՇԱՒԱՐՇ
եւ
ՍՄԲԱՏ
(ներս
մտնելով)
ՍՄԲԱՏ.
—
Ի՞նչ
ըրիր,
Շաւարշ,
օրհնած
ջուրը
թագուհւոյն
տուի՞ր։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Այո՛,
տէր
իմ,
բայց
ի՞նչ
կը
նշանակէր
ատիկա։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ի՞նչ
պիտի
նշանակէ,
ապո՜ւշ...
Այսօր
Սահակ
կաթուղիկոս
Սուրբ
խաչի
նորակառոյց
վանքն
առաջին
անգամ
պատարագ
մատոյց
եւ
իր
կողմանէ
պալատ
ղրկեց
մեծազօր
խաչին
օրհնած
ջուրը։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ո՜հ,
շատ
կը
ցաւիմ,
որ
կաթիլ
մը
չը
խմեցի։
ՍՄԲԱՏ.
—
Գուցէ
խելքդ
գլուխդ
կու
գար,
(մեկուսի)
կը
թունաւորուէիր,
ապուշ...
Հիմա
ո՞ւր
է
թագուհին։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Աղօթարանն
է,
տէր
իմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Կ՚աղօթէ
անշուշտ.
(մեկուսի)
դեռ
ազդեցութիւն
չըրաւ
թոյնը։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Կը
յուսամ,
որ
խաչին
զօրութիւնը
կը
մխիթարէ
զինքը,
վասնզի
սրտամաշ
վիճակի
մը
մէջ
է.
ժամանակէ
մ՚ի
վեր
միշտ
աղօթարանը
կ՚առանձնանայ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Շիտակ
խօսէ,
Շաւարշ,
քեզի
բան
մ՚ըսած
չունի՞։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Բնաւ,
տէր
իմ...
Մինչեւ
անգամ
երեսս
ալ
նայած
չունի։
ՍՄԲԱՏ.
—
(մեկուսի)
Կը
հաւատամ,
վասնզի
կատարեալ
ապուշ
մ՚է,
(բարձր)
Շաւարշ,
կը
հասկնամ
որ
թագուհին
հիւանդ
է
եւ
այսօր
կամ
վաղը
Հայաստան
իր
թագուհին
պիտի
կորսնցունէ...
Թագուհին
կամ
պիտի
խենթենայ
կամ
պիտի
մեռնի,
ինչպէս
որ
մայր
թագուհին
ալ
խենթենալուն
համար
թագաւորը
պալատէն
վռնտեց
զայն։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Բայց
թագուհին
խելացի
եւ
առողջ
է,
տէր
իմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Կը
վախնամ,
որ
իւր
խելքը
պիտի
կորսնցունէ
զինքը։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Այդպէս
անգթաբար
մի՛
խօսիր,
տէր
իմ,
եթէ
կը
հաւատաս,
ամէն
վայրկեան
իրեն
համար
կ՚աղօթեմ
եւ
կը
յուսամ,
որ
Աստուած
լսէ
ինձ
ալեւոր
մազերուս
շնորհիւ...
Թագուհին
շատ
բարի
է,
այնպէս
չէ՞,
տէր
իմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Գուցէ
(մեկուսի),
բայց
զիս
կ՚ատէ.
(բարձր)
թագուհին
գաղտնիք
մը
ունի,
որուն
ես
մինակ
թափանցած
եմ,
նա
միշտ
թագաւորէն
հեռու
կը
բնակի...
Գրեթէ
կ՚ատէ
թագաւորը,
վասնզի
զինքը
կը
կաշկանդէ
սիրոյ
մէջ...
Երբեք
տեսա՞ծ
ես
անծանօթ
մը
թագուհւոյն
հետ...
Շիտակ
խօսէ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Բնաւ,
տէր
իմ...
Անիրաւ
տեղը
կը
դատապարտես
զինքը։
ՍՄԲԱՏ.
—
Դուն
կը
քնանաս,
ապուշ,
նա
կը
սիրէ...
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Աստուած
իմ,
չեմ
հասկնար
միտքդ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Դու
ծերունի
ես,
միայն
երկինք
նայելով
մազերդ
ճերմկցուցեր
ես,
դուն
դիտե՞ր
ես
դժոխոց
բոցավառ
խորերը,
պալատի
մը
կամ
տնակի
մը
մէջ
աշխարհ
քեզի
համար
տանիքին
վրայէն
կ՚անցնի,
այնպէս
չէ՞։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Կ՚աղաչեմ,
տէր
իմ,
ատանկ
դժուար
հարցումներ
մի
ըներ
ինծի։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ուրեմն
քանի
որ
խելքդ
չը
հասնիր՝
քեզի
համար
լռել
պէտք
է
աշխարհի
վրայ,
լռել՝
ինչ
որ
ալ
պատահի...
Այն՝
որ
չը
հասկնար՝
հարկ
է
որ
լռէ.
անշուշտ
կիմանաս
թէ
ի՛նչ
է
լռելը։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Այդ
դիւրին
է...
եւ
քանի
որ
կը
պահանջես...
ՍՄԲԱՏ.
—
Պիտի
գործադրես,
այնպէս
չէ՞,
եթէ
ոչ
կը
վռնտուիս
պալատէն,
կը
հասկնա՞ս,
Շաւարշ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ո՛հ,
տէր
իմ,
կենացս
հանգիստը
չը
խանգարող
ի՛նչ
բան
որ
ըսես՝
կը
կատարեմ...
(մեկուսի)
վասնզի
անկէ
դիւրին
բան
չկայ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ուրեմն
իմ
խօսելուս
կարգն
անցաւ
եւ
քու
լռելուդ
կարգը
եկաւ,
զգուշացի՛ր,
Շաւարշ...
Գիտես,
որ
սիրտս
եւ
խօսքս
բարի
է։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Կը
հասկնամ,
տէր
իմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ուրեմն
ի՛նչ
պաշտօն
որ
ունիս,
գնայ
սոյն
վայրկենիս
գործադրէ.
քե՛զ
տեսնեմ,
թագուհին
աղէկ
խնամես։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Շատ
աղէկ,
տէր
իմ,
(երթալու
ատեն
մեկուսի)
սատանային
պոչին
վրայ
կ՚երդնում,
որ
բան
մը
չեմ
հասկնար։
ՍՄԲԱՏ.
—
Շաւարշ,
արիւնաթաթաւ
գլուխ
մը
կայ...
եւ
դու
մէկ
խօսքով
պիտի
ձգես
զայն,
եթէ
սխալիս։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ա՛հ,
տէր
իմ,
կ՚աղաչեմ,
այդպիսի
սոսկալի
պաշտօններ
մի
յանձնէք
ինձ,
կը
տեսնէք
որ
հիմակուընէ
կը
սկսիմ
դողալ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Մի՛
սխալիր...
լռէ՛...
թշնամիներ
կան։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Բայց...
ՍՄԲԱՏ.
—
Դարձեալ
կը
կրկնեմ...
Պիտի
լռես։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Շատ
լաւ,
տէր
իմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
(մեկուսի)
Թագուհին
հոս
կու
գայ,
կարծես
թէ
աւելի
գեղեցկացեր
է
(կը
մեկնին)։
Տեսիլ
Բ
ՀԵՐԱՆՈՅՇ
եւ
ՀՐԱՉԵԱՅ
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Սա
դաշտերուն
վրայ
ակնարկ
մը
ձգէ,
մայր
իմ,
տես
ո՜րչափ
գեղեցիկ
ու
զուարթ
է
գարունը.
վերը
կապոյտ
եւ
վարը՝
կանաչ
օթոց
մը.
տես
սա
ծաղիկները,
տերեւները,
սա
արծաթի
առուները,
որ
կը
սողան,
մտիկ
ըրէ
սա
սրնգաց
ու
թռչնոց
բիւր
երգերը
ու
գեղգեղը...
Յիրաւի,
միթէ
գեղեցիկ
չե՞ն։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Տարփածուի
մը
համար...
կը
հասկնամ,
Հրաչեայ։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց,
մայր
իմ...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Իսկ
ատելութիւնն
ու
վիշտը
անոնց
վրայ
սեւ
վարագոյր
մը
ձգած
են,
դագաղի
ծածկոց
մը,
որուն
վրայ
խաչ
մը,
փուշ
պսակ
մը
եւ
կմախք
մը
միայն
բանուած
են...
Այս
պալատէն
աւելի
հեռու
կ՚երեւի
երկինքը.
խղճալեաց
ձայները
այս
պալատին
սեւ
ու
հաստ
պատերուն
զարնելով՝
անթափանց
կը
նուաղին
եւ
կը
թաւալին
հոն...
Եթէ
արձագանք
մը
ունին՝
դժոխային
ծիծաղ
մ՚է...
Մինակ
անսիրտներն
ու
անխիղճներն
կրնան
երջանիկ
ապրիլ
հոս։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Կը
հասկնամ,
մայր
իմ,
հայրս
անխիղճ
է։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Անսիրտ
ալ
է,
վասնզի
իմ
աչաց
առջեւ
ուրիշներ
կը
սիրէ,
թէպէտ
չեմ
ուզեր
որ
զիս
սիրէ,
սակայն
չեմ
ուզեր
նաեւ,
որ
ուրիշները
սիրէ.
խե՜ղճ
աղջիկներ,
որոնք
քանի
մը
օր
թագաւորին
հետ
կենակցելու
համար
կը
թողուն
յաւիտեան
իրենց
անմեղ
եւ
խաղաղ
տնակը,
կը
նետուին
պալատին
ցոփութեան
մէջ,
կը
խամրի
իրենց
կուսութեան
ծաղիկը,
որուն
վրայ
կը
շողային
երկնից
անմեղ
արցունքները,
զանոնք
կը
թափեն
ոտքերու
տակ՝
մարգարիտներ
ստանալու
համար...
Ա՜հ,
երանի
թէ
գեղջկուհի
մը
ըլլայի
եւ
սիրուէի,
եւ
բոլորտիքս
ալ
ամէնքը
սիրէին
զիրար։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց
մա՛յր
իմ,
միթէ
ես
զքեզ
չե՞մ
սիրեր։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Գիտեմ,
Հրաչեայ։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ուրեմն
դեռ
ո՞վ...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Հրաչեայ,
եթէ
թագաւորը
վատթար
ըլլայ,
ժողովուրդը
թագուհին
ալ
մէկտեղ
կը
դատապարտէ,
չե՞ս
տեսներ,
որչափ
լքեալ
ու
թշուառ
է
Հայը
քու
հօրդ
թագաւորութեան
ժամանակ.
օտարները
միշտ
Հայաստանը
կը
փեռեկտեն
եւ
Հայուն
փառաց
ջահն
ու
գահը
թաւալելու
կը
տքնին...
Հայրդ
մինակ
հեշտութիւն
եւ
որս
կը
ճանչէ.
ազգը
թագին
մէջ
ամփոփած,
Հայուն
սիրտը
կը
ճմլէ
ու
կը
ճնշէ
իր
արիւնոտ
գահին
ոտքերուն
տակ.
հօրդ
ծիրանին
անմեղներու
արեամբը
կարմրեցաւ,
թագը
արցունքներով
կը
շողայ,
սուրն
ու
սաղաւարտը
ժանգոտեցան.
Հայաստան
անոր
թագ
մը
տուաւ
գանձ
մը
ունենալու
համար՝
նա
փոխանակ
դափնիի՝
շղթաներ
կը
սփռէ
նախնեաց
շիրիմներուն
վրայ,
նա
կը
կործանէ
Հայաստանը՝
անոր
փլատակացն
ու
աճիւնին
մէջ
իր
հաճոյքն
ու
հոգին
մարելու
համար...
Թագուհի
եղայ
նախատուելու
համար...
Շատ
ուշ
հասկցայ,
թէ
ի՞նչ
է
պալատը,
ի՞նչ
է
թագը։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ճշմարիտ
է,
մայր
իմ,
սիրոյ
մէջ
տնակը
պալատ
կ՚ըլլայ
եւ
ծաղկէ
պսակ
մը՝
թագ.
միթէ
սիրելը
տիրելէն
շատ
փառաւոր
չէ՞...
կը
հաւատա՞ս,
մայր
իմ,
ես
թագաւոր
չի
պիտի
ըլլամ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Վասնզի
հօրդ
արիւնոտ
թագովը
չես
ուզեր
անմեղ
ճակատդ
պճնել։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Եւ
միթէ
աշխարհի
վրայ
կայ
թագ
մը,
որ
արիւնոտ
չըլլայ,
մայր
իմ...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Յիրաւի
երանի
անոնց,
որոնց
աչքերը
գեղջկային
օրրանի
մը
մէջ
կը
բացուին,
երկինք,
սէր
եւ
գերեզման
միայն
կը
ճանչեն...
Կը
զգամ
որ
այս
կեանքս
շատ
չի
պիտի
տեւէ,
վասնզի
կ՚ատեմ...
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Մայր
իմ,
ի՞նչ
կ՚ըսես...
Չե՞ս
ուզեր
ապրիլ
գոնէ
ինծի
համար.
ե՛ս
որ
արքայորդի
ու
որբ
եմ.
չե՞ս
գիտեր,
որ
մայր
մը
թագաւոր
հօրմէ
մը
աւելի
կ՚ընտրեմ...
Դու
մեռնի՜ս
այդպէս
գեղեցիկ
ու
բարեսիրտ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Մի՛
ըսեր
ինձ,
թէ
գեղեցիկ
եմ,
վասնզի
ատելութեանս
կայծն
աւելի
կ՚արծարծէ
այդ
բառը...
Նախանձն
ու
վիշտը
սրտիս
զգացումները
խեղդեցին.
ես
որ
բարեսիրտ
էի՝
ատելութեան
պատկերն
ըրին
զիս...
Կ՚ատեմ
ես
աշխարհի
ճաճանչները,
որոնք
սիրոյ
ժպիտներ
են...
Ես
աւելի
կը
սիրեմ՝
երբ
երկինք
սեւ,
աշխարհ
փլատակ
եւ
բնութիւնը
լուռ
ու
տխուր
ըլլայ։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց,
մայր
իմ,
չե՞ս
խնայեր
քու
զաւկիդ...
Այն
արցունքները,
զոր
դու
մենութեան
մէջ
կը
թափես՝
իմ
կուրծքիս
վրայ
կը
կաթին
ու
կը
սառին...
Մխիթարուէ՛,
մայր
իմ,
շատ
անգամ
գերեզմանի
մը
քով
ծաղկունք
կը
փթթին...
Մնաս
բարով,
մայր
իմ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Ո՞ւր
պիտի
երթաս,
Հրաչեայ...
Կարծեմ
կոյս
մը
քեզի
կը
սպասէ
ծառի
մը
հովանիին
տակ,
ուսկից
գիրկընդխառն
պիտի
դիտէք
վերջալուսոյն
յետին
կարմիր
ճաճանչները
եւ
յետոյ
գիշերուան
մութին
մէջ
պիտի
համրէք
երկնքէն
թռչող
աստղերը.
այնպէս
չէ՞,
Հրաչեայ...
Ի՜նչ
գեղեցիկ
է
սիրելը
եւ
սիրուելը...
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Սակայն,
մայր
իմ...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Գնա՛,
Հրաչեայ...
Բայց
մէկ
մ՚ալ
ե՞րբ
պիտի
տեսնուինք։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Անշուշտ
վաղ
առաւօտ,
մայր
իմ
(կը
մեկնի):
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Գուցէ...
Տեսիլ
Գ
ՀԵՐԱՆՈՅՇ
(առանձին)
Որդւոյս
վրայ
անգամ
կը
նախանձիմ...
Ա՜հ,
թագս
կու
տայի
սիրուելու
համար...
Հրաչեայ
աղէկ
ըսաւ,
ի՞նչ
է
թագը...
Սիրոյ
արցունքներով
շողացող
վարդէ
պսակ
մը
անկէ
գեղեցիկ
է,
սիրոյ
ժպիտ
մը
տիեզերքն
իր
մէջ
կ՚ամփոփէ...
Այս
մեծաշուք
պալատին
տեղ
ծառի
մը
շուք
բաւ
է
սիրելու
համար
եւ
անոր
տերեւներուն
մէջ
սուլող
զեփիւռը
փառաց
երգերէ
աւելի
փառաւոր
է...
Ի՞նչ
է
թագը.
թռչուն
աստղ
մը.
ի՞նչ
է
ծիրանին.
ժողովրդեան
արեամբ
կարմրած
պատանքի
կտոր
մը,
զոր
դարձեալ
ժողովուրդը
կը
կարկտէ.
ի՞նչ
է
պալատը,
վիրապ
մը,
ուր
մարդիկ
շղթայ
եւ
տապար
կը
կռեն
իրենց
նմանները
հարուածելու.
ի՞նչ
է
թագաւորը.
թագ
կրող
չոր
գանգ
մը,
որ
մութին
մէջ
կը
հարուածէ.
Հայաստան
կը
զգայ
այս
հարուածը
եւ
կը
ճչէ.
կ՚անիծէ
զիս
ալ՝
որ
թագուհի
եմ...
Այս
պալատը
ջահազարդ
դագաղ
մ՚է,
շողշողուն
կմախք
մը,
իսկ
ժողովրդեան
անէծքը՝
փառացս
արձագանքը...
Արտաշի՛ր,
դու
թագ
մը
տուիր
ինձ՝
դագաղէն
սոսկալու
համար,
ծիրանի
մը՝
արիւնաներկ
պատանք
մը
ունենալու
համար...
Խեղճ
գեղջկուհին
պալատ
կ՚երազէ,
ես
ալ
իր
դաշտը,
գուցէ
գեղջկուհին
թագուհի
ըլլայ,
բայց
թագուհին
գեղջկուհի
չըլլար...
Որչա՜փ
երջանիկ
է
այն
կինը,
որ
երեկոյին
իր
ամուսնոյն
քրտինքը
կը
սրբէ...
Ես
չեմ
կրնար
ուրեմն
սրբել...
Երանի
թէ
ցնցոտի
հագնէի,
վիշտ
կրէի,
բայց
սիրուէի
(խոկուն
ու
տրտում
կը
մեկնի)։
Տեսիլ
Դ
ՍՄԲԱՏ
եւ
ԱՐՏԱՇԻՐ
ՍՄԲԱՏ.
—
(թագուհւոյն
ետեւէն
մեկուսի)
Միթէ
ես
զքեզ
չէ՞ի
սիրեր,
անգութ,
բայց
ես
յիմար
եմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
(ներս
մտնելով)
Ի՞նչ
ըրիր,
Սմբատ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Շաւարշ
տուեր
է,
տէր
արքայ,
եւ
նա
գոհութեամբ
ընդուներ
է։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Եւ
դեռ...
ՍՄԲԱՏ.
—
Գուցէ
քիչ
մը
ետքը,
տէր
արքայ...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ապահո՞վ
ես։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ինչպէս
ապահով
եմ
զօրականին
աղջկան
գեղեցկութեան
վրայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ա՜հ,
թշուառական,
սիրոյս
բոցերը
բորբոքել
կ՚ուզես։
ՍՄԲԱՏ.
—
Բաւական
է
որ
քիչ
մը
ժամանակի
համար
ըլլան։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ի՞նչպէս,
Սմբատ,
չեմ
հասկնար։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ըսել
կ՚ուզեմ,
թէ
վաղ
առաւօտ
այն
աղջիկը
քեզ
անկողնէդ
գուցէ
պիտի
արթնցնէ
իր
անոյշ
ձայնովը։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Թշուառակա՜ն։
ՍՄԲԱՏ.
—
Բայց
ասով
չեմ
ուզեր
ըսել,
թէ
այս
գիշեր
քուն
չը
քնանայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Սատանա՛յ,
եթէ
թագ
չունենայի,
զիս
քու
խաղալիքդ
կ՚ընէիր։
ՍՄԲԱՏ.
—
(ակնածութեամբ)
Տէր
արքայ...
Ես
ծառայելով
գոհ
կ՚ըլլամ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Շատ
աղէկ
կը
ճանչեմ
զքեզ,
Սմբատ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ուրեմն,
տէր
արքայ,
քիչ
ատենէն
թագուհին
դիակ
մ՚է,
որ
ալ
ձայն
չունի,
եւ
թագաւորը
վաղն
իր
սիրոյն
մէջ
պիտի
վերածնի,
եւ
Սմբատ
ալ
իր
յաղթական
ճակատը
երկու
սիրահարի
շառագոյն
դէմքերու
մէջ
պիտի
փայլեցնէ...
Այնպէս
չէ՞,
տէ՛ր
իմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Խեղկատա՛կ,
միայն
գործդ
կը
պակսի։
ՍՄԲԱՏ.
—
Միտք
ունեցողին
համար
գործն
ի՞նչ
է,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Աղէկ
խորհե՞ր
ես,
Սմբատ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ինչպէս
որ
աղէկ
խորհեր
եմ
Արտաշրի
մտերիմն
ըլլալու
համար։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ե՞րբ
պիտի
ճամբայ
ելնես։
ՍՄԲԱՏ.
—
Գուցէ
հիմա։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Զօրականին
տնակը,
այնպէս
չէ՞։
ՍՄԲԱՏ.
—
Անշուշտ...
Հիմա
աղջիկը
մինակ
է
տնակը,
եւ
զօրականն
ալ
նոյնպէս
բանտին
մէջ
մինակ...
Միայն
Սմբատ
կը
պակսի։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Արտաշիր
ալ
թագաւոր
է,
բայց
միայն
այն
աղջիկը
կը
պակսի։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ուրեմն
թագիդ
մէկ
ադամանդն
ընել
կ՚ուզես
զայն,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Անիրաւ
ես
Սմբատ.
աւելին...
կենացս
մէկ
կայծն
է
նա։
ՍՄԲԱՏ.
—
Թագուհւոյն
գերեզմանին
վրայէն
վարդ
պիտի
քաղես,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Այդ
վարդը
ցօղ
ունի,
այնպէս
չէ՞,
Սմբատ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Տէր
արքայ,
բոցավառ
արեւուն
ճառագայթները
շուտով
կը
ցամքեցնեն
զայն։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Բայց
բաւական
է
որ
մէկ
մը
թեւերուս
մէջ
տեսնեմ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Այո՛,
տէր
արքայ,
կին
մը
պէտք
է
որ
թագը
մօտէն
տեսնէ,
այն
ատեն
ո՛չ
միայն
սէրը,
այլ
կեանքն
ալ
կու
տայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Շատ
խորագէտ
ես,
Սմբատ,
քեզ
տեսնեմ,
թագս
չը
տուած՝
կարենայի
աշխարհ
վայելել...
Ի՞նչ
կ՚ընէ
ինծի
ազգը,
բայց
թագը
հրաշքներ
կրնայ
գործել...
Թող
թագաւորը
եւ
ժողովուրդը
միայն
ինքզինքնին
մտածեն...
Թող
առնեն
Հայաստանը
եւ
ինծի
գեղանի
յաւէրժահարսեր
տան,
ես
ատով
գոհ
կ՚ըլլամ...
Թագաւորի
մը
մական
կը
վայլէ
եւ
ժողովրդի
մը՝
սուր,
այն
հնձէ,
ես
վայելեմ...
Սմբատ,
երբ
միտքս
կու
գան
աղջկան
գեղեցկութիւնը,
վայրկեան
մը
թագս
անգամ
կը
մոռնամ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Տէր
արքայ,
գեղանի
աղջիկ
մը
քեզի
համար
վարդի
մը
կեանքն
անգամ
չունի...
կը
տեսնենք։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Բայց
դեռ
դու
հոս
ես,
Սմբատ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Քայլ
մը
տեղ
է,
լեռ
չի
կայ
միջոցը,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Գիտե՞ս
երբեմն
ծաղիկէ
մը
թոյն
կը
յուսացուի։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ես
հոտոտեր
եմ,
տէր
արքայ,
դու
ապահով
եւ
հանգիստ
եղիր.
երբ
վերադառնամ,
թագուհին
մեռած
պիտի
ըլլայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Եւ
ես
իր
գերեզմանին
դռներէն
աւելի
լաւ
պիտի
նշմարեմ
աշխարհը։
Տեսիլ
Ե
ԱՐՏԱՇԻՐ
(յետոյ)
ՇԱՒԱՐՇ
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ի՜նչ
գեղեցիկ
օր
մը
պիտի
ծագի
վաղը,
արշալուսին
ծագումէն
առաջ
գեղանի
նայուածք
մը
պիտի
բարեւէ
զիս...
(կանչելով)
Շա՛ւարշ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ահաւասիկ
եմ,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Թագուհին
ի՞նչ
կ՚ընէ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Իր
սենեակը
առանձնացած
է,
տէր
արքայ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ըսէ,
թէ
կ՚ուզեմ
իրեն
հետ
տեսնուիլ
հիմա։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Գլխուս
վրայ,
տէր
արքայ
(խոնարհելով
կը
մեկնի)։
Տեսիլ
Զ
ԱՐՏԱՇԻՐ
(առանձին)
Հիմա
ինքը
խոժոռ
է.
ո՜րչափ
կը
նախանձի
իմ
սիրահարութեանցս
վրայ...
Ի՜նչ
ընեմ,
կարծես
թէ
կնոջ
գեղեցկութիւնը
շուտ
կը
թօշնի
իմ
ջերմ
համբոյրներէս...
Առջի
օրը
հրեշտակ
մը
կը
նշմարեմ
եւ
հետեւեալ
օրը
գրեթէ
ուրուական
մը
կը
շօշափեմ...
Ես
կ՚ուզեմ
հով
մ՚ըլլալ
եւ
ամէն
ծաղիկներուն
հոտն
առնել...
Շատ
կ՚օգնէ
ինձ
թագը՝
այս
շողշողուն
իրը,
որուն
ադամանդները
հազարաւոր
գեղեցիկ
նայուածքներ
կը
շլացնեն,
բայց
կը
տեսնեմ,
որ
անխելք
կրօնաւոր
մը
կ՚ուզէ
թագիս
վրայ
խաչ
տնկել...
«Ազգ,
ազգ»
կը
գոչէ
միշտ
ինքը,
նոյն
ձայնը
սրտիս
խորը
միակ
արձագանք
մ՚ունի,
որ
է
«թագ,
թագ»...
Թագուհին
շատ
սխալեցաւ...
Տեսիլ
Է
ԱՐՏԱՇԻՐ
եւ
ՀԵՐԱՆՈՅՇ
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Զիս
տեսնել
ուզե՞ր
ես,
Արտաշիր։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Այո՛,
Հերանոյշ...
Զարմանքի
մէջ
կը
տեսնեմ
զքեզ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Կը
հասկնաս...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Եթէ
կը
հաւատաս,
բան
մը
չեմ
հասկնար։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Շատ
լաւ...
Ուրեմն
ինչո՞ւ
ուզեր
էիր
զիս։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ամբաստանութիւն
մը
կայ
վրադ...
եւ
դու
չի
պիտի
կարենաս
արդարացնել
ինքզինքդ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Ամբաստանաթի՞ւն
մը...
եւ
տեսնենք,
ո՞րն
է
այդ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Հերանոյշ,
անխելքութիւն
չէ՞
միթէ,
պալատին
գաղտնիքն
օտարի
մը
հաղորդելու
յանդգնիլը,
անխելքութիւն
չէ՞
թագուհւոյ
մը
ժողովրդեան
արձագանքն
ըլլալը։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Արտաշիր,
անցելոյն
վարագոյրը
մի՛
բանար։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ես
ներկային
վրայ
կը
խօսիմ,
անցեալը
ինծի
համար
շունչ
եւ
յիշատակ
չունի։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Ապահո՞վ
ես
թէ
ներկայն
խղճիդ
վրայ
չը
ծանրանար։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Այո՛,
ներկային
մէջ
դու
իմ
կեանքիս
թելէն
կախեալ
ես,
ո՛չ
զայն
բռնելու
կարողութիւն
ունիս
եւ
ո՛չ
կտրելու
սուր։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Կը
տեսնեմ
որ
անմեղի
մը
դագաղին
վրայ
տապար
կը
դնես՝
զայն
դահիճ
հրատարակելու
համար...
Արտաշիր,
բաւական
չեղա՞ւ
այսչափ
ոճիր,
այսչափ
հարուած...
Դեռ
անմեղ
զոհերու
արիւնը
բաւական
չողողեցի՞ն
գահդ...
դեռ
այսչափ
անէծք
խղճիդ
վրայ
չը
ծանրացա՞ն
եւ
դեռ
չը
կրցա՞ր
դժոխք
ընել
պալատդ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Եւ
դու
ալ
չը
կրցար
ասոնց
հանդուրժել,
այնպէս
չէ՞։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Գուցէ...
Ա՜հ,
ա՛լ
բաւական
վիշտ
կրեցի։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Եւ
կը
կարծես
որ
մատնութիւնդ
կը
խնամէ՞
ցաւդ...
Կը
կարծեմ(ս)
որ
Սահակի
խաչը
իմ
սրոյս
կը
դիմադրէ՞...
Գուցէ
քիչ
մը
ետքը
սոսկալի
մաքառում
մը
պիտի
սկսի
մեր
մէջ...
Շատ
սխալեցար,
Հերանոյշ...
եւ
այդ
սխալմունքը
շատ
սուղի
պիտի
նստի
քեզ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Դեռ
վրէ՞ժ
կը
դաւես,
Արտաշիր,
բաւական
չէ՞,
գեղեցիկ
էի,
եւ
ուրուական
մը
ըրիր
զիս,
թագ
մը
տուիր
եւ
դիակ
մ՚ըրիր
զիս
եւ
չես
ուզեր
որ
հարուածիդ
տակ
հեծեմ...
Ատելութիւն
կը
սերմանես
եւ
կ՚ըսես՝
մի
ատեր...
Զի՛
չես
սիրեր,
կ՚ուզես
որ
զքեզ
չատեմ...
Ա՜հ,
Արտաշիր,
շատ
անգութ
ես։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ես
անգութ
եմ,
թող
ուրիշներն
ալ
ինծի
պէս
անգութ
ըլլան,
բայց
Հայաստան
իմս
է,
ո՞վ
կը
համարձակի
ինծի
խոչընդոտ
կանգնել։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Նախ
քու
հօրդ
ստուերը։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Հայրս
հանգիստ
է
իր
գերեզմանին
մէջ
եւ
եթէ
անխոհեմութեամբ
դուրս
նետուի,
իրեն
հետ
ալ
կը
մարտնչիմ...
Չեմ
ուզեր,
որ
մէկն
ամբարտակ
կանգնի
դիմացս,
չեմ
ուզեր,
որ
ձեռք
մը
զիս
բռնէ.
եթէ
խաւար
ու
մոլար
է
ճամբաս,
է՛հ,
քայլամոլարի
մը
համար
անդունդներ
կան,
թող
անդունդները
զիս
պատժեն.
Արտաւազդ
իր
երիվարովը
գլորեցաւ,
ես
մինակ
կը
գլորիմ
հոն...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Բայց
Հայաստան...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Նա
ինձ
հետ
թող
չը
գայ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Ուրեմն
հեռացի՛ր
գահէդ,
թօթուէ՛
վրայէդ
ծիրանիդ,
որ
զքեզ
Հայաստանի
հետ
կը
կապէ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Ա՜հ,
այնչափ
յիմա՞ր
կը
կարծես
զիս...
Ես
չեմ
ուզեր
ապերախտ
գտնուիլ,
հայրս
իւր
ձեռքերը
չը
սառած
թագ
մը
կարկառեց
ինծի,
թագ
մը՝
որ
ինծի
միայն՝
կը
պատկանէր։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Բայց
այն
թագին
վրայ
հայրենիք
եւ
իրաւունք
գրուած
էր։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Չեմ
գիտեր.
ես
բան
մը
չը
կարդացի
հոն,
մինակ
տեսայ
որ
գեղեցիկ
էր
եւ
գեղեցիկները
հրապուրող,
եւ
անկէ
աւելի
ի՞նչ
պէտք
է
ունենալ
ինծի
համար
աշխարհի
վրայ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Արտաշիր,
դեռ
չե՞ս
ամօթահարիր։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Կը
տեսնեմ
որ
շատ
նախանձոտ
ես
գեղեցիկներու
դէմ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Շատ...
Բայց
ի՞նչ
կը
զգամ,
Աստուած
իմ...
Կարծես
թէ
սիրտս
կ՚այրի։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
(մեկուսի)
Թոյնը...
ՀԵՐԱՆՈՒՅՇ.
—
Արտաշիր,
ի՞նչ
կ՚ըլլամ...
Սիրտս
կը
խոշտանգեն...
Բայց
դու
ինչո՞ւ
երեսդ
անդին
կը
դարձնես...
Զիս
մտիկ
ընել
չես
ուզեր...
Արտաշիր...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Բայց
ի՞նչ
կ՚ըլլաս,
Հերանոյշ,
խենթեցա՞ր։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Արտաշիր,
չես
գիտեր
ի՛նչ
սոսկալի
ցաւ
է
այո(ս)...
ո՜հ,
գթա՛
ինծի,
ազատէ՛
զիս
այս
ցաւէն...
Կ՚աղաչեմ,
կը
պաղատիմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Բայց
չեմ
հասկնար։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Օ՛ն,
կանչէ
պալատականները...
Օգնութի՜ւն...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Լռէ՛...
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Արտաշիր...
վրէ՞ժ
կ՚առնես։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Գրեթէ...
ՇԱՒԱՐՇ.
—
(կէս
մը
երեւալով
մեկուսի)
Կարծես
թէ
օգնութեան
ձայն
մը
եկաւ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Ա՜հ,
անօրէն...
կը
հասկնամ,
քիչ
մը
առաջ
Շաւարշին
հետ
օրհնած
ջուր
ղրկեցիր,
թոյն
խառներ
էիր
դուն
հոն։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
(մեկուսի)
Ի՜նչ
կը
լսեմ,
Աստուած
իմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Գէ՞շ
ըրի,
Հերանոյշ,
կ՚ազատեմ
զքեզ
Արտաշիրէն,
կ՚ազատեմ
զքեզ
այն
կեանքէն,
ուր
միայն
ատելութիւն
եւ
վիշտ
ունեցար։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Դողա՛...
ուրուական
մը
ունիմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Բայց
ես
մեծ
քար
մը
պիտի
դնեմ
գերեզմանիդ
վրայ,
զոր
դու
չը
կարենաս
գլորել
եւ
դուրս
նետուիլ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
(մեկուսի)
Ի՞նչ
կ՚անցնի,
հոս,
Տէր
Աստուած։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Բայց
դեռ
ողջ
եմ,
դեռ
կը
շարժին
շուրթերս,
անէծք
մ՚ունիմ։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Վայրկենէ
մը
հետդ
պիտի
տանիս։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Երկինք
նայէ
անգամ
մը։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Չե՛մ
դողար։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Դժոխք
նայէ
ուրեմն։
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Չե՛մ
տեսներ։
ՀԵՐԱՆՈՅՇ.
—
Մէկէն
պիտի
դողաս
եւ
միւսը
պիտի
տեսնես.
արիւնս
ճակատդ
է,
Արտաշիր,
անիծեալ
ես։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ի՞նչ
կը
տեսնեմ...
Թագուհին...
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Մեռաւ...
(Պալատականք
կու
գան)
ԱՐՏԱՇԻՐ.
—
Պալատակա՛նք,
թագուհին
մեռաւ,
սեւ
սենեակը
տարէք
զինքը
եւ
քահանայ
մը
կանչեցէք,
որ
աղօթէ
ու
հսկէ
իր
վրայ
(
պալատականք
դիակը
կ՚առնեն
եւ
խորի
կողմնական
սրահը
կը
տեղափոխեն
անկողնոյ
մը
վրայ
եւ
կը
մեկնին)։
Ամէն
բան
լմնցաւ,
քիչ
ատենէն
արեւը
պիտի
ծագէ,
ի՜նչ
երջանիկ
եղաւ
ինծի
համար
այս
գիշերը...
Շատ
քիչ
անգամ
զգացած
էի
կենացս
մէջ
այսպիսի
սէր.
զօրականին
աղջիկը
հօրը
սրովը
կարծես
թէ
սիրտս
խոցեց...
Ո՜հ,
Սմբատի
ամէն
մէկ
քայլը
սրտիս
բաբախմանցը
հետ
կը
տրոփեն...
Վաղը
պիտի
գայ
(կը
մեկնի,
տեսարանը
կը
մթննէ)։
Տեսիլ
Ը
ՇԱՒԱՐՇ ,
(յետոյ)
ՍՈՒՐՄԱԿ
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Խե՜ղճ
թագուհի...
Ակամայ
իր
սպաննիչը
եղայ...
Անօրէն
թագաւոր,
գոնէ
ինծի
ալ
չը
մեղքցար...
Հիմա
ի՞նչ
պիտի
ընեմ
ես։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
(ներս
մտնելով)
Ողջոյն
քեզ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
(մեկուսի)
Քահանայ
մը.
(բարձր)
շուտ
եկար,
տէր
հայր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Պալատին
առջեւէն
կ՚անցնէի
եւ
զիս
կանչեցին,
ո՞ւր
է
հանգուցեալը։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Հոս
է,
տէր
հայր
(
դուռը
կը
բանայ
եւ
կը
ցուցնէ)։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
(մեկուսի)
Թագուհի՜ն...
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Տէր
հայր,
գաղտնիք
մը
պիտի
խոստովանիմ
քեզի։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Խօսէ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Քիչ
մը
առաջ
թագաւորը
օրհնած
չուր
տուաւ
ինձ
թագուհւոյն
տալու
համար...
բայց
մէջը
թոյն
կայ
եղեր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Ուրեմն
թագուհին
թունաւորուած
է,
այնպէս
չէ՞,
բայց
աղէկ
գիտե՞ս,
ապահո՞վ
ես...
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Այո՛,
տէր
հայր...
Բայց
մեղքս
քաւելու
մի՛
մոռնար...
Հաւատայ,
որ
ամենեւին
չը
գիտէի
թէ
օրհնած
ջուրին
մէջ
թոյն
կար
եւ
քիչ
մնաց
ես
ալ
պիտի
խմէի։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
(մեկուսի)
Այս
ապուշ
է...
(բարձր)
Այո՛,
կը
ներեմ...
բայց
ինձ
պիտի
հնազանդիս,
ինչ
որ
ալ
ըսեմ...
պիտի
լռես...
Առ
այս
քսակը,
ահա
քեզի
ոսկի
եւ
քաւութիւն։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Որչափ
բարեսիրտ
ես,
տէր
հայր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Մտիկ
ըրէ,
այս
սենեակը
ցած
է,
այնպէս
չէ՞։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Այո՛ ...
Բայց
ի՞նչ
պիտի
ընես,
տէր
հայր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Լռէ՛
եւ
հնազանդէ՛։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Լա՜ւ,
լա՜ւ...
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Գիշերուան
երրորդ
պահուն
այս
սենեկին
տակը
պիտի
գտնուիս,
ես
դիակը
վար
կ՚իջեցնեմ,
եւ
դու
աչալուրջ
պիտի
հսկես
անոր
վրայ
ինչուան
որ
ես
քովդ
դառնամ...
կը
լսե՞ս...
Եթէ
խօսիս
կամ
չը
հնազանդիս,
գիտցիր
որ
թէ
սոսկալի
մեղքդ
չեմ
քաւեր
եւ
թէ
յաւիտենական
անէծք
կը
թափեմ
գլխուդ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Բայց
կ՚աղաչեմ,
ի՞նչ
կ՚ուզէք
ընել,
տէր
հայր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Թագուհին
պիտի
վերակենդանացնեմ։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ո՜հ,
օրհնեալ
ըլլաս,
տէր
հայր։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Ուրեմն
գիշերուան
երրորդ
պահուն...
Ինչուան
այն
ատեն
խօսք
մը
չի
պիտի
ելնէ
բերնէդ...
Միայն
պատուիրէ,
որ
այս
սենեակը
չը
մտնեն...
Եթէ
ուրիշ
խօսք
մ՚ընես,
մեռած
ես։
ՇԱՒԱՐՇ.
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
տէր
հայր,
անհոգ
եղիր
(մեկուսի)
եւ
այնուհետեւ
ի՞նչ
պիտի
ընէ
այս
քահանայն
արդեօք
(կը
մեկնի)։
ՍՈՒՐՄԱԿ.
—
Վրէժս
պիտի
առնեմ
(
սենեակը
կը
մտնէ.
—
պատկերը
կը
փոխուի)։
ՊԱՏԿԵՐ
Ա
Զօրականին
տնակը.
—
Գիշեր
է
գրեթէ.
—
Ձեղունէն
կախուած
կանթեղ
մը
կը
պլպլայ։
Տեսիլ
Թ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
եւ
ՀՐԱՉԵԱՅ
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
(ներս
մտնելով)
Չեմ
կրնար
քեզնէ
հեռու
մնալ,
Շահանդուխտ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Գիտեմ,
Հրաչեայ,
դու
շատ
բարեսիրտ
ես։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց
ինչո՞ւ
այդպէս
դեղներ
ես
եւ
գրեթէ
կը
թուլանաս...
Կ՚երեւի
թէ
վիշտ
մը
ունիս,
Շահանդուխտ...
Խօսէ,
ի՞նչ
ունիս...
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Ոչինչ,
Հրաչեայ,
չը
գիտե՞ս
որ
զքեզ
ամէն
անգամ
տեսնելուս
կը
շփոթիմ
եւ
գրեթէ
կու
լամ։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց
միանգամայն
անմեղ
ճակատդ
վարդի
գոյն
մը
կը
ստանար,
իսկ
հիմա
թալկահար
կը
տեսնեմ...
Մեր
սիրոյն
համար
ըլլայ,
Շահանդուխտ,
խօսէ՛,
ի՞նչ
պատահեցաւ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
կը
վախնամ
որ
զքեզ
ալ
կը
տրտմեցնեմ։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Եւ
միթէ
աշխարհի
վրայ
տրտմութիւն
եւ
ուրախութիւն
երկուքիս
ալ
բաժին
չե՞ն.
մէկտեղ
մեռնիլ
ուզողը
պէտք
է
որ
մէկտեղ
տրտմի...
Խօսէ
եւ
ազատէ
զիս
անհուն
ու
դառն
կասկածներէ,
Շահանդուխտ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Հրաչեայ,
երէկ
իրիկուն
քու
մեկնելէդ
ետքը...
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ե՞տքը։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Հայրս
բանտ
տարին։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ո՜վ
երկինք,
բայց
ինչո՞ւ...
Պատճա՞ռ...
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Չեմ
գիտեր...
Ո՜հ,
ո՜րչափ
տրտմեցայ
երէկ
գիշեր
առանձին
հոս...
Հովերու
մռնչիւնէն
ուրիշ
բան
չէի
լսեր...
ոչ
քու
եւ
ոչ
հօրս
ձայնը։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Բայց
միթէ
յանցանք
մը
գործա՞ծ
էր
հայրդ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Չեմ
կարծեր,
հայրս
անմեղ
էր։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Անմեղ
էր
եւ
բանտ
դրին...
Շահանդուխտ,
դուն
հանդարտ
եղիր,
հայրդ
պիտի
ազատի։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Եւ
ո՞վ
պիտի
ազատէ
զինքը՝
խեղճ
եւ
անոք
զօրական
մը։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ես։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Դո՞ւն,
Հրաչեայ,
ա՜հ,
իզուր
զիս
խաբել
կը
ճգնիս։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ես
զքեզ
խաբե՜մ...
Եւ
միթէ
չե՞ս
վստահիր
իմ
վրաս։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Այո,
դու
քաջ
ես,
Հրաչեայ,
բայց
մեծ
մէկը
չես...
Մի՛
ձեռնարկեր
զուր
տեղը,
կը
վռնտեն։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Կը
սխալիս,
Շահանդուխտ,
չեն
կրնար
զիս
վռընտել։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
չըլլայ
որ
հայրս
ազատեմ
ըսելով...
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ապահով
եղիր,
զքեզ
անոք
եւ
անօգնական
թողելով
չեմ
ուզեր
մեռնիլ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Սակայն
ի՞նչպէս
պիտի
կրնաս
ազատել
զինքը։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Ես
գիտեմ...
Դու
հօրդ
համար
աղօթէ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
դու
ալ
բան
մը
չե՞ս
գուշակեր
այս
դէպքէն։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Հօրմէդ
ամէն
բան
կ՚իմանանք...
Մնաս
բարեաւ,
սիրելիս։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Կ՚երթա՞ս,
Հրաչեայ...
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Դու
ապահով
եւ
հանգիստ
եղիր...
Քիչ
մը
ետքը
ամէն
բան
տեղը
կու
գայ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
կ՚աղաչեմ,
շուտ
դարձիր։
ՀՐԱՉԵԱՅ.
—
Կայծակէն
շուտ
(կը
մեկնի)։
Տեսիլ
Ժ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
(մինակ)
Հայրս
պիտի
ազատէ...
Բայց
ի՞նչպէս...
Ո՜հ,
չըլլայ
թէ
իրեն
ալ
վտանգ
մը
պատահի
(դէպի
խորը
երթալով)
Հրաչեա՜յ,
Հրաչեա՜յ...
Գացեր
է...
Ես
դարձեալ
մինակ
պիտի
մնամ...
Բայց
եթէ
նա
ալ
չը
դառնայ,
ա՜հ,
ի՞նչ
պիտի
ընեմ
ես
հոս
առանձին,
ո՞վ
պիտի
լուր
տայ
ինձ
անոնց
վրայօք...
Ո՜վ
երկինք,
ինչո՞ւ
կը
տապալես
անմեղ
տնակ
մը.
ի՞նչ
ըրի
ես,
ի՞նչ
ըրաւ
հայրս...
ինչո՞ւ
կը
պատուհասես
զմեզ...
Մայր
իմ,
մայր
իմ,
եկու
գոնէ
քու
գրկացդ
մէջ
ապաստանիմ.
եթէ
ուրուական
ես,
ո՜հ,
կը
դողամ,
կը
սոսկամ...
Բայց
ինչո՞ւ
կը
յուսահատիմ
ես,
մինչդեռ
երկինքն
Աստուած
մը
կայ,
կրնա՞յ
անտարբեր
ըլլալ
անմեղին
արցունքին...
Աստուած
իմ,
ներէ
ինծի,
եթէ
քու
գթութիւնդ
եւ
զօրութիւնդ
վայրկեան
մը
չը
մտաբերեցի...
Ո՜վ
երկնից
իմ
սիրուն
հայրիկ,
գթա
մեզի,
գթա
ալեւորի
մը
եւ
երկու
մանուկներու...
Ե՞րբ
պիտհ
ղրկես
գթութեանդ
հրեշտակը...
Տեսիլ
ԺԱ
ՆՈՅՆ
եւ
ՍՄԲԱՏ
ՍՄԲԱՏ.
—
(ներս
մտնելով)
Բաբէլ
զօրականին
տնակն
ա՞յս
է։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
ի՞նչ
պիտի
ընես...
Ո՞վ
կը
ղրկէ
քեզ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Դու
իրեն
աղջի՞կն
ես։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Այո՛...
Ի՞նչ
պիտի
ըսես։
ՍՄԲԱՏ.
—
Մտիկ
ըրէ,
հայրդ
բանտէն
փախաւ
եւ
իմ
տունս
ապաստանեցաւ,
պէտք
է
որ
երթանք,
հայրդ
եւ
դու
գուցէ
հիմա
ճամբայ
պիտի
ելնէք
դէպի
Պարսկաստան։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Բայց
ինքը
մինա՞կ
է...
Արդեօք
երիտասարդ
մը
չկա՞յ
հետը...
ՍՄԲԱՏ.
—
Երիտասարդ
մ՚ալ
կայ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Ո՛հ,
օրհնեալ
ըլլաս,
ո՛վ
երկինք,
այս
բարի
մարդն
է
եղեր
քու
գթութեանդ
հրեշտակը...
Բայց
ինչո՞ւ
ինքը
չեկաւ
քու
տեղդ։
ՍՄԲԱՏ.
—
Ես
չը
թողուցի՝
վախնալով
որ
կը
մատնուինք...
Բայց
երթանք...
վայրկեան
մը
յապաղումը
գուցէ
կը
մատնէ
զմեզ։
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ.
—
Երթանք...
Վարձքդ
երկնքէն
պիտի
ընդունիս,
բարի
մարդ.
մնաս
բարով,
իմ
սիրելի
անմեղ
տնակս։
ՍՄԲԱՏ.
—
(մեկուսի)
Հրեշտակ
մը,
որ
դժոխք
կը
տանի
(
կը
մեկնին,
վարագոյրը
կ՚իջնէ)։
<(ՎԵՐՋ
Բ
ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>