Անկումն Արշակունի հարստութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Զ
       Վռամի պալատը. —Սիւնազարդ եւ փառաւոր սրահ մը. Աջ կողմը Վռամի գահը։
       Տեսիլ Ա
       ՎՌԱՄ եւ ՍՈՒՐԷՆ
       ՎՌԱՄ. Քաջդ Սուրէն, վերջապէս Հայաստան վշտալից ճակատը ոտքերուս առջեւ խոնարհած գթութիւն կ՚աղերսէ ինձմէ իր փրկութեանը համար. մինչդեռ ես աւելի կ՚ուզեմ զինքը տապալել ու ջնջել... Խե՜ղճ Հայ, որ իր ոսոխը ու բարեկամը դեռ չը ճանչեր, չը զարներ իրեն զարնողին եւ կը խոնարհի. չեմ գիտեր, թէ Հայը խոնա՞րհ է թէ՞ վախկոտ... Հա՜յ, Հա՜յ, եթէ քու հանճարիդ հետ կրակ մը միաւորես, տիեզերքը կը գերազանցես ու կը սարսես. դողացէք Հայէն, տիեզերք, եթէ Հայերը միաբան ու համախումբ տեսնէք։
       ՍՈՒՐԷՆ. Բայց այդ ալ անկարելի է, արքայ քաջ, գուցէ առիւծը եւ վագրն իրարու հետ հաշտուին. բայց Հայը Հայուն հետ չը հաշտուիր... Արտաշէս առաջին բոլոր աշխարհ կը խոնարհեցնէր, եթէ իր բանակին մէջ իր զօրքերէն չսպանուէր։
       ՎՌԱՄ. Եւ ի՞նչ եղաւ Արշակունի հարստութիւնը... Իր նախարարներէն մին Պարսկաստանի շահուն համար Արշակունիի ձեռքէն նախագահութիւնը յափշտակեց եւ հիմա անոր յաջորդներէն մէկն ալ իր գահը բոլորովին Պարսկաստանի կը ծախէ... Եւ ի՞նչ պիտի ընդունի անոր փոխարէն, եթէ ոչ նախատինք եւ անկում... Զարմանալի ազգ մ՚է Հայը... Դու ալ Հայ ես Սուրէն, ըսէ, ի՞նչպիսի մարդ է Հայը։
       ՍՈՒՐԷՆ. Հայը Հայ ծնելուն միշտ կը դժգոհի, տէր արքայ, Հայը յուսահատ ու դժգոհ ազգ մ՚է. իր փառքը, զօրութիւնը եւ ճոխութիւնը միշտ անկատար կ՚երեւին իր աչքին... Եթէ բոլոր տիեզերաց ալ տիրէ, դարձեալ իր յաղթանակն իրեն համար անկատար կ՚երեւի. օտարին շատ կը յարի եւ, ասով աւելի օտարասէր, քան թէ հայրենասէր ազգ մը կը սեպուի։ Ահա կը տեսնես, որ ինքն իրեն փրկութենէն յուսահատած Պարսկաստանէն կ՚ակնկալէ զայն... Ինքը չատեր օտարը եւ կը կարծէ, թէ օտարն ալ զինքը չատեր... Հայը բարեսիրտ՝ միշտ ուրիշէն բարեսրտութիւն կ՚ակնկալէ եւ միշտ կը խաբուի... Դեռ զարմանալին կայ, տէր արքայ, մտածէ մէկ մը. այսչափ ներքին խռովութիւն եւ ատելութիւն եւ միշտ ամէն կողմէն արտաքին հարուած. դեռ Հայը կանգուն է եւ ազգ մ՚է... Ես կ՚ըսեմ, որ եթէ բոլոր աշխարհ կործանի ու խառնակի, դարձեալ Հայը Հայ է։
       ՎՌԱՄ. Բայց եթէ այսպէս Վռամի ապաստանի՝ իր կրօնքն ու ազգութիւնը շուտ կը թաղէ իր կործանեալ յիշատակարանացը մոխրոյն տակ... Պիտի տեսնես, որ վաղը Հայաստան չկայ... Վաղը Հայը ստրուկ կամ Պարսիկ է։ Վա՜յ այն հարուածեալ ազգին, որ օտարին պատրիչ ու թունաւոր լեզուէն կը խաբուի, վա՜յ այն անձին, որ իւր ազգը փառասիրութեան կամ մեծութեան կը զոհէ, վա՜յ քեզ, Հա՛յ, եթէ Պարսկաստանի գիրկը նետուիս (կը մեկնին)։
       Տեսիլ Բ
       ՍԱՀԱԿ (մինակ)
       Վերջապէս սպիտակ ալեացս տակ Հայութեան աստղին անկո՞ւմը պիտի տեսնեմ... Մառախուղ մը կը պատէ Մասեաց ճակատը. Հայութեան յետին հառաչա՞նքն է այն, որ այս սեւ կամարներուն տակ պիտի նուաղի... Ա՜հ, հիւծեալ աչերս չունին շանթեր, որ Հայութեան ոսոխները զարնեմ... Ի՞նչ ընեմ, կը սիրեմ Հայը, կը սիրեմ ազգս սրտիս խորէն... Օրօրոցիս մէջ աչերս յաղթութեան դափնեայ կամարներուն մէջ բացի, եւ արդ մոխրի եւ մառախուղի մէջ գերեզմանս պիտի գոցուի... Ո՜վ երկինք, այրէ հոգիս դժոխոց անծուխ բոցերուն մէջ, բայց կայծ մը տուր Հայաստանի մարած սրտին... Այլ ո՞վ կը մարէ Հայուն փառաց ջահը, Հայր, Հայն իր անկումը կը խնդրէ եւ երկինք ի՞նչպէս կանգնէ... Գոցուեցէ՛ք անյուսութեան անդունդներ... Գոցուեցէ՛ք գերեզմանի ահարկու դռներ, ի՞նչպէս պիտի ծածկէք թագն ու Հայը ձեր համր մշուշին ներքեւ... Եւ դո՛ւք, Արշակունի ուրուականներ, դեռ պիտի հանդուրժէ՞ք ձեր դամբանաց մէջ։
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆ եւ ՍՈՒՐԷՆ
       ՍՈՒՐԷՆ. Ի՞նչ կը մտածես, Սրբազան հայր... կը տեսնես որ անհնար է եւ վտանգաւոր եւ անհաւասար զէնքով մաքառիլ... Այնչափ Հայոց նախարարներ Արտաշիրը կ՚ամբաստանեն եւ կ՚ուզեն գահէն վար ձգել... Կ՚ընդդիմանաս եւ Շահին ահաւոր նայուածքը կը գրգռես վրադ... Միթէ ահեղ փոթորիկներու կրնա՞յ դիմադրել տկար ծառ մը։
       ՍԱՀԱԿ. Իրաւ է որ հայրենեացս ցաւերը որդի պէս թոքերս եւ աղիքներս կրծեցին եւ զիս կմախք մը ձեւացուցին, բայց դեռ չը ցամքեցան սրտիս արեան ճապաղիքը եւ կրնամ դեռ արդարութիւն աղաղակել կամ աղերսել, մինչեւ որ անիրաւ վճռոյ մը տակ ձայնս մարի... Դու Հայ էիր, ուրացար ազգդ... Դու չես գիտեր, հայրենասիրութիւնն այնպիսի բուռն կրակ մ՚է, որ մարդս մոխիր կը դարձնէ... Դու մարդ չես, պահլաւ արիւնդ հայրենասէրի մը ծախէ... Հայրենիք քեզ համար բոժոժի մը ձայն է... Պարսկին գահին երկրպագելու համար թողուցիր եւ ուրացար յաւիտեան հայրենիքդ, որուն զուարթ երկնքին տակ աչերդ լոյս տեսան... Ա՜հ, իցի՜ւ թէ ուրացողներուն մօրը կաթը թունաւոր եղած ըլլար կամ ժայռերու մէջ ծնէին նոքա։
       ՍՈՒՐԷՆ. Բայց վերջապէս մեր ընելիքին վրայ խօսինք, Սրբազան հայր, քիչ մը ետքը Արտաշիրի դատաստանը պիտի սկսի, եւ ես կը խրատեմ քեզ, որ նախարարաց համակարծիք գտնուիս... Ի՞նչ է այս, որ մոլի թագաւոր մը կը պաշտպանես, որ բոլորովին ձեր կրօնքը ոտնակոխ ըրած եւ Արշակունեաց պալատը սրբապղծած է։
       ՍԱՀԱԿ. Այո՛, Արտաշիրը կը պաշտպանեմ, բայց Հայուն իշխանութիւնը պահելու համար... Ա՜հ, չեմ կրնար հանդուրժել ապագային անիծախառն բողոքներուն... Չեմ կրնար լսել, թէ Սահակ ալ առանց արիւնը թափելու՝ անտարբեր դիտեց Արշակունեաց գահին անկումը... Ես կ՚ուզեմ մաշիլ, դեղնիլ, մարիլ եւ մեռնիլ հայրենեացս համար, աչերս բաց եւ կուրծս պատռած... Բայց որո՞ւ կ՚ըսեմ... Ոչ ոք իմ զգացմանս կը պատասխանէ, մէկը փառք կը սիրէ, միւսը կին կը սիրէ, ուրիշը ոսկի կը սիրէ... Սահակն է միայն, որ Հայը կը սիրէ։
       ՍՈՒՐԷՆ. Ալ կտրէ յոյսդ Հայէն, այսուհետեւ Պարսկէն խաղաղութիւն պիտի գտնես։
       ՍԱՀԱԿ. Պարսիկն իր գահը Հայաստանի հողին վրայ կանգնէ՜... Չէ՞ք լսեր, Արշակունի գոռոզներ, այսչափ ստուա՞ր են ձեր վէմերը, որ այսպիսի ահարկու վճիռ մը չէք լսեր ու չէք մռնչեր... Դուրս նետուեցէք ձեր բանտէն, ոսկերք Արտաշէսի, դուք վարժ էք հարուածի եւ կրնաք դողդոջ ձեռքերով սուր գործածել... Ես խաչս կ՚առնեմ, բայց ո՞վ սուր պիտի առնէ ինծի հետ։
       ՍՈՒՐԷՆ. Պատերազմի դաշտը չէ՛ք, Սրբազան հայր, այլ այսօր Պարսկաստանի գահէն խաղաղութիւն պիտի բխէ... Մի՛ յամառիր, վասնզի պիտի յաղթուիս եւ Շահին ատելութեան շանթերը քու ճակատդ պիտի պայթին։
       ՍԱՀԱԿ. Շնորհք մ՚է այդ... Պէտք է որ տանջուիմ կամ մեռնիմ, քանի որ հայրենիքս չեմ կրնար ազատել։
       ՍՈՒՐԷՆ. Ուրեմն չի պիտի՞ ամբաստանես թագաւորը։
       ՍԱՀԱԿ. Երբե՛ք... Չես հասկնար... Յանցաւոր է նա, բայց Հայ է, եղբայրս է. ա՜հ, հայրենիք պաշտպանելու համար Հայ եւ ծեր ըլլալու չէի։
       Տեսիլ Դ
       ՆՈՅՆՔ, ՎՌԱՄ եւ ԱՐՏԱՇԻՐ
       ՎՌԱՄ. (ներս մտնելով եւ գահը ելնելով) Ուրեմն պաշտպանէ ինքզինքդ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ինքզինքս պաշտպանելու համար պէտք է որ յանցաւոր եղած ըլլամ։
       ՎՌԱՄ. Դու կ՚ուրանաս քու արարքդ, բայց պալատիդ կամարները եւ գերեզմանք չեն կրնար զանոնք ուրանալ, բաց են այն սրտերը, որոնց մէջ դու արիւն հոսեցուցիր եւ փոխանակ արիութեան արձաններու՝ հեշտութեան արձաններով զարդարեցիր պալատդ։
       ՍԱՀԱԿ. Ի՞նչպէս կրնաս զինքը իր ազատ կրօնքին մէջ դատապարտել, մինչդեռ ինքն ալ ձեր հեշտային կրօնքին հետեւած է. իր քաղաքական յանցանքները կրնաս դատել, եւ ես իմ եղբօրս մեղքերը կրնամ քաւել։
       ՎՌԱՄ. Վերջապէս Հայն իր թագաւորը չընդունիր։
       ՍԱՀԱԿ. Ես ալ Հայ եմ։
       ՎՌԱՄ. Բայց չես կրնար նախարարաց չափ իրաւունք ունենալ հայրենեացդ վրայ. անոնք իրենց սուրերովը կը պաշտպանեն զայն եւ դու միայն խաչ մ՚ունիս։
       ՍԱՀԱԿ. Բայց բոլոր ժողովուրդը իմ եւ թագաւորին հետ է։
       ՎՌԱՄ. Ես չեմ ընդունիր այն ժողովուրդն, որ կղերի մը մօրուքէն կը պատկառի եւ Աստուածային երկիւղէ մը զգացուած՝ ակամայ կը հնազանդի իւր թագաւորին։
       ՍԱՀԱԿ. Տէր արքայ, վերջապէս կը յայտնես, որ Հայուն թագը եւ ազատութիւնը կը մուրաս. կը տեսնե՞ս, Արտաշիր, դու վատ մը եղար եւ բոլոր Հայ ազգը նուաստացուցիր, այն Պարսիկը, որ երբեմն Հայու անունէն կը դողար, հիմա խրոխտաբար գահին վրայէն Հայութեան անկումը կը վճռէ. անգութնե՛ր, վատե՛ր, մատնիչնե՛ր եւ իմ սիրելի ազգիս ոսոխնե՛ր, ամէնքնիդ ալ նզովեա՜լ ըլլաք։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ա՜հ, կեցի՛ր, թող տան թագս, եւ ես սուրս փայլատակելով ու արեան հովերէ թռչելով՝ ազատեմ Հայը եւ Հայաստանը։
       ՍԱՀԱԿ. Ա՛լ բան մը չը մնաց, այլ միայն անյուսութեան վհեր։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Սահակ, օգնէ՛ ինծի, կը սարսափիմ ես ապագային կոծերէն. մի՛ անիծէք զիս, Հայե՛ր, այլ իմ գերեզմանիս վրայ Պարսկաց դիակներ փռեցէք։
       ՎՌԱՄ. Լռէ՛ Արտաշիր, ստրուկ մը այդչափ յանդգնի՜։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Օգնեցէ՛ք ինձ, Հայե՛ր, ձեր թագաւորին շղթայ կը կապեն։
       ՎՌԱՄ. Ի՞նչ ընէ Հայը, երբ իւր թագաւորը շղթայ ընտրեց։
       ՆԱԽԱՐԱՐՔ. (դրսէն) Կործանի՜ Արտաշիր, կեցցէ՜ Վռամ արքայն։
       ՎՌԱՄ. Կը լսէ՞ք, Հայ են ասոնք։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Հայրենիք զանոնք Հայ չընդունիր։
       ՆԱԽԱՐԱՐՔ. (դրսէն) Կորածնի՜ Արտաշիր, կեցցէ՜ Վռամ արքայն։
       Տեսիլ Ե
       ՆՈՅՆՔ, ՍՈՒՐՄԱԿ, ՎԱՉԷ, ՓԱՌՆԵՐՍԵՀ, ՀՄԱՅԵԱԿ եւ ՆԱԽԱՐԱՐՔ
       ՓԱՌՆԵՐՍԵՀ. Ի՞նչ վճռեցիր, արի արքայդ արեաց։
       ՎՌԱՄ. Թող խաղաղի Հայաստան, Արտաշիր ալ Հայոց թագաւորը չէ, այլ Խուժաստանի ստրուկ աքսորեալը։
       ՆԱԽԱՐԱՐՔ. Կեցցէ՜ Պարսկաստան։
       ՍԱՀԱԿ. Ա՜հ, չկայ մէկը, որ ինծի հետ «Կեցցէ՜ Հայաստան» գոչէ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Կը տեսնե՞ս, արքայդ վեհափառ, կաթուղիկոսն ալ աքսորեալին մեղսակիցն ըլլալով՝ զայն կը պաշտպանէ, ինքը Պարսկաստանի ոխերիմ թշնամին է։
       ՎՌԱՄ. Քաջ գիտեմ, եւ արդէն անոր համար մշտնջենաւոր բանտ վճռուած է։
       ՍԱՀԱԿ. Ես ալ արդէն մենաստան մը կ՚ուզէի աղօթելու եւ հայրենիքս ողբալու համար... Բայց երանի թէ օր մը Հայ եղբարցս ազատութեան ձայները լսէի եւ բանտիս երկաթէ դռները խորտակուելով՝ վերականգնեալ Հայաստանիս գիրկն իյնայի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (յուսահատաբար) Ո՜հ, իսկ ես։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Մի՛ զարմանար, արքայ քաջ, կը զառանցեն։
       ՍԱՀԱԿ. Երանի թէ երազ մ՚ըլլային ասոնք։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. ( Արտաշրի մօտենալով, որ յուսահատաբար գլուխը կուրծին հեցուցած է, կամաց) Կը ճանչե՞ս զիս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Դու զիս մի՛ ճանչեր, ես ալ զքեզ չը ճանչեմ։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Քո՛ւ պալատականդ, Աշոտն եմ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Աշո՜տ... Թշուառական։
       ՍՈՒՐՄԱԿ. Բայց ամէն բան լմնցաւ։
       ՎՌԱՄ. Սուրմակ, զքեզ Հայոց աշխարհին հայրապետ կը կարգեմ, քու հայրենի ծառայութեանդ փոխարէն (Սուրմակ կը խոնարհի):
       ՍԱՀԱԿ. Երկի՜նք, կամ կայծակդ, կամ Հայաստանը։
       ՎՌԱՄ. Ձեզ տեսնեմ, Հայե՛ր, այսուհետեւ հայրենիք եւ ազատութիւն բառերն ալ մի յիշէք (սուրը կը քաշէ. Վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       ՎԵՐՋ