Անկումն Արշակունի հարստութեան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ
       Թագաւորին պալատը. Գեղեցիկ սրահ մը. Խորը բաց պատուհան մը, ուսկից ընդարձակ դաշտ մը եւ հորիզոնը կ՚երեւի. Արեւը դեռ նոր կը ծագի. Խորը հոյակապ արձաններ. Շահանդուխտ կողմնակի ննջասենեակէն դուրս կ՚ելնէ։
       Տեսիլ Ա
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ (մինակ)
       Ահա արեւը կը ծագի... բայց իր ճառագայթները չեն կրնար իմ սառած կուրծքիս թափանցել... Ի՜նչ գեղեցիկ են առաւօտեան մրմունջները... Աւա՜ղ որ չեն կրնար զիս օրօրել... Սոխակին արցունքներն ալ բարդ մը սառ կ՚աւելցնեն կուրծքիս վրայ... Ա՜հ, ո՜րչափ երջանիկ է այն, որ ազատ կը թռչի... մինչդեռ տերեւի մը կամ բունի մը փետուրի տակ ազատ սիրտ ու ձայն կայ, հոս անոք աղջիկ մը զօրաւորի մը երկաթէ ձեռքերուն ներքեւ կաշկանդուած ու ճնշուած է. սոխակը կու լայ գիշերը, բայց շուտ մը արեւը կը ծագի եւ կը տեսնէ վարդը... Ո՞րն է թշուառին արեւը, ե՞րբ պիտի տեսնեմ զքեզ, Հրաչեա՜յ... Հայր իմ... Երկու օր, երկու գիշեր է, որ թագաւորի մը կամ դահճի մը պժգալի դէմքը պաղած կ՚արձանանայ դիմացս, նա սիրոյ մէջ կը մռնչէ, մինչդեռ ես կ՚ուզեմ լալ... Հոս թշուառին ձայնը կը մարի... այս շէնքին բնակիչ սա արձաններն ալ բռնութեան եւ անիծից կռթնած կը քալեն... կը քալեն դէպի դժոխս, անոնց ձեռքերն ալ արիւնոտ են... Որչափ կը տարբերին իրարմէ հիւղակն ու պալատը... Երկուքին մէջտեղ վիհ մը կայ, որուն մութին մէջէն ջահ ի ձեռին կ՚արձանանայ արդարութիւնը. հիւղակը հովէն կը սարսի, իսկ պալատը՝ ոճիրներէն... Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս դժոխքէն... ( կ՚երթայ պատուհանէն կը նայի, յանկարծ ապշած ու խռոված տեսարան կու գայ) Ա՜հ, հոն... վարը, տեսայ, հայրս էր կարծեմ... ( նորէն կ՚երթայ նայելու) զիս տեսաւ... Բայց ինքը բանտն էր...
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆ եւ ԱՐՏԱՇԻՐ
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կանուխ արթնցեր ես, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ա՜հ, (բարձր) գիտես որ չեմ կրնար քնանալ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Յիրաւի սա մօտակայ անտառին առաւօտեան մրմունջները եւ հովիւներու սրնգաց ձայները կը ստիպեն, որ ընդոստ ելնես անկողնէն, արշալուսին առաջին ճառագայթներուն հետ քու անուշ նայուածքդ խառնես եւ քու սիրավառ սրտիդ բաբախումը սոխակին գեղգեղին հետ հիւսես... Յիրաւի, միթէ գեղեցիկ չե՞ն պալատն ու թագաւորի մը աղերսը... Կարծեմ շատ անգութ կը վարուիս։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ո՜վ թագաւոր, սոխակը վանդակին մէջ չերգեր ու կը մեռնի. աւելի կ՚ընտրէ թառիլ անտառին տերեւներուն մէջ՝ քան թէ թրթռալ վանդակին ոսկի թելերուն մէջ. չեն փակեր սոխակը՝ գիտնալով որ կը մեռնի. նա միայն տերեւի մը ապաստանած է, իսկ ես՝ սրտի մը, որ անշուշտ հիմա կու լայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ ո՞վ է այդ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Հա՜յր մը... Գթութի՜ւն, տէր արքայ, կը պաղատիմ... Թո՛ղ զիս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց ես կը սիրեմ զքեզ, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Եւ հօրս գրկացը մէջ, տէր արքայ, ես ալ զքեզ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Պիտի սիրես... ուշ... Բայց ես հիմա կը մռնչեմ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ա՜հ... կը սոսկամ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ո՛չ այնչափ՝ որչափ մահուանէ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Դու կ՚ըսէիր թէ սոխակը վանդակին մէջ կը մեռնի։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Այո՛, կը զգամ որ պիտի մեռնիմ չը սիրելու համար։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց մինչեւ ե՞րբ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Յաւիտեան... Տէր արքայ, եթէ կուրծս պատռես սիրտս ձեռք ձգելու համար, պիտի տեսնես որ ափ մը արցունք պիտի կտրի այն ձեռքերուդ մէջ, հոն թափէ քու սիրոյդ մոխիրները, եւ ահա ես եմ այն ափ մը կաւ, ուր մարած է կայծն ու գեղեցկութիւնը, կրնա՞ս վերաստեղծել զայն։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ես Աստուած մը չեմ... այլ թագաւոր մը, որ կը սիրէ ու չսպաններ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ուրեմն բա՛ց ինծի այս պալատին մարմարեայ դռները։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շահանդուխտ, չե՞ս հասկնար... կը սիրեմ զքեզ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Իսկ ես կը մեռնիմ, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց դու դեռ նորատի ու գեղանի ես... Տես ոսկեհուռ ծունկերս քու առջիդ կը չոքին, մինչդեռ վատ կը համարիմ ինքզինքս Աստուծոյ մը առջեւ խոնարհելու... Եթէ զիս չի պիտի սիրէիր, ուրեմն ինչո՞ւ համար այդչափ գեղեցիկ եղար... Այդ սիրոյ կայծերդ սիրտս վառեցին... Եթէ քեզի նման գեղջուկի մը տուած ես սիրտդ՝ թող նա ինծի տար իր բահը եւ ես իրեն կու տայի գահս, միմիայն քեզնէ սիրուելու համար... Խօսէ, Շահանդուխտ, ի՞նչ պէտք է որ ընեմ...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Բաժնուինք իրարմէ, տէր արքայ... Առջի պէս դարձեալ դուն՝ թագաւոր, ես՝ գեղջկուհի... դուն քու պալատդ, ես իմ տնակս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շահանդո՜ւխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ուրեմն ի՞նչ ընեմ, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Յիրաւի փշոտ վարդ մ՚ես եղեր։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, վարդին բացած վէրքերը դեռ չը բուժած՝ ինքը կը թոռմի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց եթէ դուն փուշ եւ սուր, կայծակ եւ մահ ալ ըլլաս, դարձեալ պիտի սիրեմ զքեզ, քանի որ գեղեցկութեան մէջ սիրոյ ժպիտ մը եղար ու սիրտս գրաւեցիր... Եթէ ես չեմ կրնար գեղջուկ մ՚ըլլալ, գոնէ դուն թագուհի եղիր եւ քու սիրոյ ժպիտովդ լոյս տուր թագի տակ նսեմացած ճակտի մը, դիր ձեռքդ ծիրանիի տակ հեծող սրտի մը վրայ, Աստուծոյ տար հոգի մը, որ ադամանդներու մէջ դժոխոց բոցերը կ՚երեւակայէ... Շահանդուխտ, գրկէ զիս եւ եթէ կ՚ուզես՝ գերեզման ալ տար... Հոն առաջնորդէ զիս, ուր քու սիրտդ կը հոլաթեւէ ու կը սաւառնի։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, թեւերս փետրազերծ են, եւ դու՝ թռի՛ր կ՚ըսես ինծի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շահանդուխտ, ահա քեզի ոսկեզարդ պալատ, փառք եւ ճոխութիւն։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ես իմ տնակս կ՚ուզեմ... Տէր արքայ, ես կու լամ՝ դու մարգարիտ կը խոստանաս, ես ինչ ընեմ գոհարները, մինչդեռ ալեւոր հօրս անգին արցունքները գիրկս թափելէն կը զրկուիմ... Հիմա թշուառ հայրս գերեզմանին եզրը գուցէ կը դողդողայ՝ յառելով նայուածքն այն հորիզոնին, ուսկից զիս ձեւակերպող աստղը նշմարեց... Մինակ է նա, զիս եւ գերեզման մ՚ունի միայն, բայց երկուքին մէջ փալփլող գեղեցիկ աստղ մը, որ իր վերջին դողդոջ քայլերուն պիտի առաջնորդէր, հիմա իրեն համար մարած է այն, մարած է ալեզարդ եւ կնճռոտ ճակտի մը ժպիտը։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շահանդուխտ, նախ զիս գրկէ, որ յետոյ հայրդ ալ գրկես։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ա՜հ... Ծերունիի մը թառամ ճակտին թառամ ծաղի՞կ կը վայլեցնես, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Է՜հ, ի՞նչ ընեմ, կը սիրեմ զքեզ սրտիս խորէն... Փշրէ՛ ոտքերուդ տակ թագիս գոհարները եւ մի՛ մերժեր սէրս, բարձրացիր գահս եւ մէկ մը ժպտէ ինծի... Առանց քեզի ես թագաւոր չեմ կրնար ըլլալ, այլ շողշողուն դիակ մը, որ զուրկ է արեւէն... Դու՝ արեւ, ես ալ՝ վհին մէջ ինկած մարդ մը գրեթէ, որուն կը զլանաս ճառագայթդ. սոխակ մ՚ես դու, որ թագի մը գոհարներն արհամարհելով՝ վարդին սուտ մարգարիտներովը խաբուիլ կ՚ուզես... որ մթին անտառին խորերը կ՚ախորժիս թառիլ. բայց եթէ սոխակն ալ քեզի պէս գեղեցիկ ըլլար՝ սեւի ու տերեւի տակ չի պիտի թաքչէր, այլ սրտերը շարժելէն զատ պիտի թովէր։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, այդ խօսքերով աւելի կը զարհուրեցնես զիս... Աւելի աղէկ կ՚ընես, երբ ինծի «Տգեղ ես» ըսես եւ պալատէդ դուրս ընես. կը տեսնես որ չեմ սիրեր զքեզ. խնայէ ալեւոր հօրս, որուն մազերը բախտին շանթին անընդհատ գործած աւերակաց մոխրովը ճերմկցան... Աշխարհիս վրայ եթէ ամենասիրելի մէկն ունիս՝ անոր սիրոյն համար ըլլայ... Թո՛ղ զիս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ամենասիրելիս դու ես, քու սիրո՞յդ համար թողում զքեզ, մինչդեռ դու չես սիրեր զիս... Եթէ թողում զքեզ, պիտի մթագնի այս պալատը, եթէ ջահեր ալ վառուին... Սոսկալի կ՚ըլլայ գիշերը, երբ լուսինը չը թագաւորեր, լուսնի շաղովը ողողուած գերեզմանին վրայ անթիւ յոյսեր կը թռչտին, իսկ մութին մէջ գերեզմանը դժոխոց դուռ կը ձեւանայ... Առանց քեզի կը զզուիմ ու կը սոսկամ ես այս պալատէն, որուն մարմարեայ կամարներուն մէջէն անմեղներու արցունքները շիթ առ շիթ կը կաթին եւ այս ծիրանիին վրայ արիւնոտ ոսկրներ կ՚երեւին աչերուս... Մի՛ մերժեր զիս, թագաւոր մ՚է որ քեզ կը պաղատի, թագ մ՚է, որ առջիդ կը ծռի... Պիտի սիրե՞ս զիս... Վերջին խօսք մը, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, մանկիկն ալ թիթեռնիկին սիրահարն է, բայց շատ անգամ զայն կը մեռցնէ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց դու իմ հոգիս պիտի ըլլաս։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, տարփածուս չեղած՝ սպաննիչս եղիր։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շահանդուխտ, վերջապէս դու իմս պիտի ըլլաս... կը հասկնա՞ս...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տէր արքայ, եթէ կաթիլ կաթիլ արիւնս քամես, դարձեալ անմեղ պիտի մնամ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Հայրդ բանտին երկաթներուն մէջ կամ ձեռացս մէջ է... Կ՚ուզե՞ս վերջապէս իր դիակը տեսնել։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ա՜հ... Ո՛չ, ո՛չ... Հայրս թող ապրի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ուրեմն ալ իմս ես։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ո՜հ, Աստուած իմ... Աստուած իմ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (մեկուսի) Ոտքի ձայն մը կայ... Ո՞վ է այն...
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆՔ եւ ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ի՞նչ կայ, Սպանդարատ։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Տէր արքայ...
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Խօսէ։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Սահակ կաթուղիկոս...
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Շարունակէ ուրեմն։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Եկած է եւ վեհափառութեանդ հետ կ՚ուզէ տեսակցիլ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Անէ՜ծք... Չե՞ս կրնար զինքը ճամբել։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Արդէն մեծ դահլիճը մտած է, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (բարկացած) Սպանդարա՜տ...
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Պահնորդները քու հոս ըլլալդ արդէն կաթուղիկոսին իմացուցած էին, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Վռնտէ շուտ այդ անպիտան մարդիկը։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Գլխուս վրայ, տէր արքայ ( երթալու կ՚ըլլայ)։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կեցի՛ր... Օրիորդը թագուհւոյն սենեակը տար։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. (արտասուալից) Տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Թագուհի պիտի ըլլաս (Սպանդարատ զայն կը տանի):
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. (մեկուսի սոսկմամբ) Ո՜հ, ո՛չ...
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (առանձին) Խաչն ինծի միշտ խոչընդոտ է. կամ ես պիտի ջախջախիմ, կամ զայն պիտի ջախջախեմ վերջապէս... Գիտեմ, դեռ զոհ պէտք է գահիս անպարտութեանը համար։
       Տեսիլ Դ
       ԱՐՏԱՇԻՐ եւ ՍԱՀԱԿ
       ՍԱՀԱԿ. Ա՛լ բաւական է, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բարի եկար, Սրբազան հայր... Տեսնենք ի՞նչ լուր ունիս։
       ՍԱՀԱԿ. Արեան մէջ վարդ կը բուսնի՞, տէր արքայ, փլատակը կը ժպտի՞ միթէ... Այնպէս է, խաւարին մէջ սեւ ամպը չը նշմարուիր. վասնզի ինքն ալ խաւարին մէկ մասը կը կազմէ... Տէր արքայ, դու արցունք կը սրսկես եւ կ՚ուզես մարգարիտ ժողվել... Արդէն խորհրդաւոր ճակատագիրն աչերուս կաթիլ եւ հոգւոյս բարբառ տուաւ՝ Հայութիւնը լալու ու ողբալու համար միայն. օրօրոցիս մէջէն տեսայ այն աստղին շողշողումը, որ գերեզմանիս սեւ կամարին վերեւ կը մարի... Թանձրացան ամպերն ալեւոր ճակտիս վրայ, կայծակ մը կարող է զիս յաւիտենականութեան մէջ գլորելու, բայց Հայաստա՞նը... Արդէն անոր դագաղը շրջապատեցին դիւցազանց ուրուականները... Սոսկա՛, տէր արքայ, հայրդ կանգնեց, դու կը կործանես... Վռամշապուհ լուսոյ եւ յիշատակաց մէջ մնաց, իսկ Արտաշիր խաւարի եւ փլատակաց մէջ պիտի իյնայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ . Սրբազան հայր, կարծեմ յանիրաւի կը դատապարտես թագաւոր մը, որուն հետ ոչ թէ Հայաստանը, այլ նա Հայաստանի հետ կ՚իյնայ... Ինծի ոչ թէ Հայաստանը, այլ թագ մը տուիք, եթէ Հայաստանը չիյնալու համար թագս կ՚ուզէք, առէք զայն։
       ՍԱՀԱԿ. Տէր արքայ, այն գահը, ուր ելար, տաճար մ՚էր, իսկ այն, զոր կը թողուս՝ դագաղ մ՚է... Պալատէն ու անտառէն, սէրէն եւ սրտէն ուրիշ ի՞նչ տեսար ու գործեցիր... Միայն Հայութեան գերեզմանը փորելու համար գործածեցիր սուրդ. նախնեացդ այս վեհավայրը անառակութեամբ եւ արեամբ սրբապղծեցիր, թագիդ մէջ ամփոփեցիր ոճիրը եւ մոխիրը, գահիդ պատուանդանը ըրիր՝ արցունք եւ Աստուած, հայրենիք եւ իրաւունք. փետտեցիր Հայաստանի փառաց դափնիները եւ նախատանաց փուշեր բոլորեցիր, կործանեցիր կոթողը եւ նոճի կանգնեցիր, վերջապէս թագ առիր, դագաղ կու տաս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ ո՞վ այդչափ անխղճօրէն կը դատապարտէ զիս, Սրբազան հայր, ո՞վ այդչափ մոխիր փառքիս եւ յիշատակիս վրայ կ՚ուզէ թափել, ուրեմն թագաւոր եղայ Հայաստանի դատապարտեալ դահիճը ըլլալու համար, ո՞վ է որ այս անիրաւ զրպարտութեանց կը յանդգնի շուրթերը բանալ։
       ՍԱՀԱԿ. Քու արարքդ զքեզ կը դատեն եւ կը դատապարտեն, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ ի՞նչ ըրած ունիմ ես։
       ՍԱՀԱԿ. Ո՞ւր է թագուհին։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Մեռաւ։
       ՍԱՀԱԿ. Ո՛չ, սպաննուեցաւ... այնպէս չէ՞... Հանգուցելոյն վրայ հսկող քահանայն դիակը Փառներսեհի ապարանը կը փախցնէ եւ թոյն տուող պալատականը իր ակամայ ոճիրն անոր կը խոստովանի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։
       ՍԱՀԱԿ. Փառներսեհի վրէժխնդրութիւնը կասեցուր, երդուի՛ր այսուհետեւ յարգել թագդ եւ հայրենիքդ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ա՜հ, չեմ կրնար խոնարհիլ եւ գահին բարձրէն նախարարի մը ոտքն իյնալ։
       ՍԱՀԱԿ. Եթէ ոչ՝ պիտի տապալի գահդ եւ Հայաստանը։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Դեռ ի՞նչ կ՚ուզես ինձնէ։
       ՍԱՀԱԿ. Հօրդ սկզբունքը եւ նախնի Հայաստանը։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ուրեմն այս պալատ չէ, այլ բանտ, այս փառքերը իմ շղթաներս են, ես թագաւոր չեմ, այլ Հայուն ստրուկը... Առէք ուրեմն այս անիծեալ թագը եւ ազատ թողէք զիս։
       ՍԱՀԱԿ. Տէր արքայ, ազատ ես Հայաստանը վերականգնելու... Դեռ թագաւոր եղիր եւ Հայուն ողջ տուր Հայաստանը... Մի՛ թողուր, որ ճաղատ ճակտիս վրայ իյնայ հոգեսպառ Հայաստանը, մի՛ թողուր որ գերեզմանիս խաւարին մէջ թաւալին ու մարին մեր հայրենեաց փառաց եւ յուսոյ աստղերը... Եւ դու, ո՜վ երկինք, եթէ Հայաստանի համար կայծակ մը պատրաստեր ես, զի՛ս զարկ, զի՛ս, որ անոր համար կը շնչեմ, թո՛ղ կորնչի Սահակ, միայն թէ ապրի Հայաստան... Տէր արքայ, Հայկի նետը Հայուն կ՚ուղղես, Արտաշէսի սուրը կը ժանգոտես, Տիգրանի թագը կը նսեմացնես, Վռամշապուհի ջահը կը մարես... Կ՚ուզես Հայաստանը աւերակ եւ մոխիր դարձնել, ուր բուն կ՚ողբայ եւ յիշատակները կը թաղուին... Բայց մտածէ, որ դու ալ այն գերեզմանը պիտի իջնես, ուր նախնիքդ իջան, եւ անոնք պիտի բզկտեն պատանքդ եւ ապագայ սերնդեան արտասուաթոր զաւակները պիտի գան գերեզմանիդ քով եւ պիտի գոչեն. «Թշուա՜ռ թագաւոր, տո՛ւր մեր Հայաստանը». պիտի փշրեն իրենց սուրերը այն քարին վրայ, որուն ներքեւ ապաստանած ես, դու չի պիտի լսես, բայց պիտի դողաս, դու չի պիտի զգաս, բայց պիտի լաս... Ուրեմն, տէր արքայ, թագաւորե՞լ կ՚ուզես թէ՞ կործանել։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ ի՞նչ է թագաւորելը, եթէ ոչ հրամայել եւ զբօսնուլ. թագաւորը սուր կու տայ եւ ժողովուրդը կը զարնէ կամ կը զարնուի, դրօշակ կու տայ եւ զինուորը կը կանգնէ կամ իրեն պատանք կ՚ընէ, դեռ գործադրելու ի՞նչ պարտք ունի թագաւոր մը։
       ՍԱՀԱԿ. Պալատն արեամբ ողողել եւ ժողովուրդը մտածել։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Պալատն իր շուրջն ստուար պատուարներ ունի եւ պէտք չէ որ ներսը ոգեսպառ իյնողին ձայնը դուրսէն լսուի. այս պալատը իմս է, հոս տեղի դիակը ժողովուրդին մարմինը չէ, այլ գրեթէ քար մը՝ պալատին եւ գերեզմանին մէջտեղ։
       ՍԱՀԱԿ. Տէր արքայ, պալատը թափանցող ահեղ նայուածք մը կայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կայծակ մը գուցէ՝ ուսկից չը դողալու համար խղճի անապատ մ՚ունիմ։
       ՍԱՀԱԿ. Տէր արքայ, երկնի փոթորիկը զայն կ՚ալեկոծէ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Բայց կը խաղաղի՛ կործանում առթելէ յուսահատած... Քանի որ այս թագը գլուխս դրիք՝ պէտք է որ մեռնիք, եթէ հրամայեմ։
       ՍԱՀԱԿ. Ի՞նչ կ՚ընես, Արտաշիր, կ՚ատես Հայաստանը եւ կը նախատես զԱստուած. քեզ պատժակից ընել կ՚ուզես Հայն ու Հայաստանը... Թագաւորի մը համար հայրենիք մը կործանի, թագի մը զոհուի ազգ մը։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ. ահա ես կ՚իջնեմ գահէս. թող Հայուն գահը եւ դամբանը իմ թագաւորութեանս ատեն չը պղծի, այնպիսի արի մը թող գայ իմ տեղս, որ Հայաստանի փառաց իւղասպառ կանթեղը կարենայ վառել, որ Հայաստանի աւերակ վայրերը կարենայ ոսկեզօծել։
       ՍԱՀԱԿ. Պարսիկն է այն, որ աւելի կը մարէ ու կը տապալէ, գահիդ վրայ կը կանգնէ իր սուրը եւ հուրը... Տէր արքայ, աւելի կը մեղանչես. երբ գահդ թափուր թողուս, որուն վրայ յառած են միշտ Պարսկաստանի արիւնռուշտ աչքերը, սուր հայկական սրտերու, հուր հայկական յիշատակարանաց. վերջապէս Հայաստանի դամբանին վրայ մութ ու փոշոտ կանթեղ մը միայն պիտի պլպլայ, որ կարծես թէ կու լայ, քան թէ լոյս կու տայ. այս աւերակները մութ գրերով իրենց վրայ «Արտաշիր» անունը պիտի գրեն, թէպէտեւ Արտաշիրի անունն ալ յաւիտենականութեան դրանց վրայ սեւ գրերով պիտի քանդակուի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ դեռ ի՞նչ ընելու եմ ուրեմն։
       ՍԱՀԱԿ. Դարձուր ակնարկդ հօրդ դամբանին եւ Հայաստանին վրայ, առաջինը կը սպառնայ, երկրորդը կը պաղատի։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ ի՞նչ կրնան խնդրել ինձնէ անոնք։
       ՍԱՀԱԿ. Խոնարհութիւն եւ հեզութիւն։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ գահի՞ս վրայ։
       ՍԱՀԱԿ. Այո՛... Ա՜հ, ես այդ խաղաղութեան բագինին վրայ կը զոհուէի Հայուն եւ գահուն մէջտեղ, եթէ ինձնէ ետքը Հայաստանը չը մտածէի, կ՚ուզեմ Հայուն ճակատագրին վճիռը կարդալ, տէր արքայ, կ՚երդնո՞ւս վերջին անգամ գահդ սուրբ սրտով ընդգրկել։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կ՚երդնում... Սրբազան հայր, քու դողդոջ ձայնովդ զիս կը խրախուսես եւ կը վախցնես... Գնա, դեռ ողջ է Հայաստանը, կը խոնարհիմ զայն վերցնելու համար։
       ՍԱՀԱԿ. Որչա՜փ գթասիրտ ես, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Եւ դեռ ուրիշ բան մը կը խնդրե՞ս ինձնէ։
       ՍԱՀԱԿ. Ոչինչ, միայն Հայաստանը... Զայն պիտի շնորհես, այնպէս չէ՞։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ինչպէս որ ձեռքս յանձնեցիք։
       ՍԱՀԱԿ. Վռամշապուհի ջահը պիտի վառես։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Անցելոյն արեան կոհակներէն թօթափած՝ Հայաստանի եւ խաղաղութեան գիրկը կ՚ուզեմ նետուիլ։
       ՍԱՀԱԿ. Օրհնեալ ըլլաս, տէր արքայ, երբ Հայաստանը փրկէի, այսչափ ուրախ չը պիտի ըլլայի... Մնասջիր խաղաղութեամբ... տէր արքայ (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Ե
       ԱՐՏԱՇԻՐ եւ ԲԱԲԷԼ
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (մինակ) Գնա՛, անմիտ կրօնաւոր, Արտաշիր թագ ու կամք ունի, կ՚ուզես որ սեւ փիլոնիդ եւ փայտէ խաչիդ առջեւ խոնարհի՞մ. այո՛, կը խոնարհիմ՝ աւելի դիմադրելու համար։
       ԲԱԲԷԼ. (դրսէն) Թագաւորը, թագաւորը, վայրկեան մը իրեն հետ պիտի տեսակցիմ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ո՞վ է այս մարդը (խորէն նայելով) ծերունի մը, զոր պալատականք կ՚արգիլեն. թողէք այդ մարդը որ գայ, պալատականք. հիմա կը հասկնամ, թէ ինչ կը խնդրէ այդ ծերունին։
       ԲԱԲԷԼ. (ներս մտնելով) Տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (մեկուսի) Ծերունի զօրականը...
       ԲԱԲԷԼ. Չե՞ս պատասխաներ, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կը զարմանամ, թէ զինուոր մը իր թագաւորին պալատը մտնելով ի՞նչպէս կը յանդգնի, գրեթէ սպառնալից անտեղի հարցում մը ընել իր տիրոջը դէմ, որ ձեռացը մէջ կեանք եւ մահ կը բռնակալէ։
       ԲԱԲԷԼ. Իմ տէրս երկինքն է, տէր արքայ, եթէ դու հոս կը հրամայես՝ շատ կը սխալիս ու կը խաբուիս, վասնզի դալուկ լռութիւն մը կրնայ քեզ իր գիրկը բանտարկել. եթէ բախտը քեզ թագաւոր ընտրեց, միայն թագաւորէ, եւ հէգ ու ծեր զինուորի մը աղջիկը մի՛ բռնակալեր պալատիդ արիւնոտ պատերուն մէջ... Ա՜հ, մի՛ խնդար, տեսնելով որ կնճռոտ ճակատս կը դեղնի. եթէ բիբերուս կրակն սպառած է, երկնից կայծակները փոխ կ՚առնեմ, տէր արքայ, տո՛ւր աղջիկս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ծերունի, Սահակ կաթուղիկոսի քղանցքին տակ գնա, որ խելաբերիս։
       ԲԱԲԷԼ. Տէր արքայ, թէպէտ հոգիս բերանս է հասած, բայց խելքս գլուխս է, վատի մը ծիծաղը կը նշմարեմ թոռմած դէմքիդ վրայ... Խնայէ՛ աղջկանս, տէր արքայ... Անմեղ է... ո՜րչափ ալ գունատած էր։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Ըսի, թէ քու խօսքերէդ երբեք բան մը չեմ հասկնար, կ՚իմանա՞ս։
       ԲԱԲԷԼ. Եւ վերջապէս պիտի տա՞ս աղջիկս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (սպառնալից) Դուրս ե՛լ, ծերունի, ապա թէ ոչ, ես կը հանեմ։
       ԲԱԲԷԼ. Առանց աղջիկս ինծի դարձնելո՞ւ... Անկարելի է այդ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Կը դիմադրե՞ս արքայական բարձր հրամանիս։
       ԲԱԲԷԼ. Տէր արքայ, ա՛ռ վիզս եւ տո՛ւր աղջիկս... Արցունքս ցամքած է, որ ոտքերդ թրջէին, արիւնս ալ ցամքած, որով աղջիկս գնէի. տէր արքայ, կմախք մըն եմ ես եւ իմ տիեզերքս աղջկանս նայուածքն է, եթէ նա ողողի, ես ալ կը խեղդուիմ... Բայց դու երբեք ինծի մտիկ չես ըներ, երեսդ միշտ անդին կը դարձնես... Ա՜հ, Աստուծոյ ձեռքը քու աչերուդ մէջ արցունք չէ՞ քամեր, սրտի տեղ քա՞ր է դրեր կուրծքիդ տակ... Տէր արքայ... Տես, ալ չեմ սպառնար, այլ կը պաղատիմ... Ծունր կու գամ փոխանակ սուր փայլատակելու, կ՚արտասուեմ՝ փոխանակ շանթեր թօթափելու... Իմ աղջիկս ինծի դարձնելու համար պաղատանք, արցունք եւ արիւն կը թափեմ... Ընտրէ եւ վճռէ վերջապէս, ո՜վ թագաւոր, կամ աղջիկս կամ անէծքս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (խորէն կանչելով) Սպանդարատ։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Պատրաստ եմ հրամանիդ, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Հետս եկուր։
       ԲԱԲԷԼ. Տէր արքայ... Տէր արքայ...
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (առ Բաբէլ) Դահլիճին մէջ սպասէ։
       ԲԱԲԷԼ. Պիտի դարձնե՞ս ինձ աղջիկս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Քիչ մը ետքը։
       ԲԱԲԷԼ. Շահանդուխտս, այնպէս չէ՞ (պատկերը կը փոխուի)։
       ՊԱՏԿԵՐ Դ
       Պալատին մէկ սրահը. Խորը դուռ. Կողմնական սենեակներ.
       Տեսիլ Զ
       ՀՐԱՉԵԱՅ եւ ՇԱՒԱՐՇ
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Դուն աչքովդ տեսար, այնպէս չէ՞, Շաւարշ։
       ՇԱՒԱՐՇ. Գրեթէ, տէր իմ... Ո՛հ, շատ մի հարցաքններ զիս, բաւական է ինձ համար այն ցաւը, որ այնպիսի բարի տիրուհիէ մը զրկուեցայ... Ալ պիտի թողում ես այս պալատը, ուր միշտ թագուհւոյն ուրուականը գրեթէ ամէն ատեն աչքիս առջեւ կանգնած կը տեսնեմ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Վերջապէս անոք մնացի եւ գահի մը շուքին տակ կու լամ։
       ՇԱՒԱՐՇ. Եթէ կը հաճիս, ես քու քովդ կը մնամ, տէր իմ եւ կը ծառայեմ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Բարի ծերուկ, ալ գնա այս պալատէն, քու վերջին օրերդ անմեղ ընտանեացդ գիրկն անցնելու եւ ալեւոր ճակատդ ձիթենիի մը զով ստուերին մէջ հանգչեցնելու. հոն հեշտ հովը յաւիտենականութեան երազներով ողողեալ կ՚անցնի ճակտիդ բարդերուն մէջէն եւ արեւուն վերջին ճառագայթը դեղնած ժպիտ մը կը թողու դէմքիդ վրայ... Քանի որ անմեղ ես, գնա՛ ոճրագործ չըլլալու համար... գնա՛, խղճահար չը մեռնելու համար։
       ՇԱՒԱՐՇ. Այո՛, դեռ անմեղ եմ, տէր, թէպէտեւ սխալմամբ... Կարծեմ... Այո՛, անմեղ եմ եւ ալ կը թողում պալատը... Բայց տէր իմ, քեզ բան մը ըսել հարկ կը տեսնեմ, քանի որ ես պիտի մեկնիմ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Խօսէ՛, Շաւարշ, ի՞նչ կ՚ուզես։
       ՇԱՒԱՐՇ. Ուզել չէ, տէր իմ, ըսել։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ըսէ ուրեմն, բարի ծերունի։
       ՇԱՒԱՐՇ. Բայց տէր իմ, քանի մ՚օրէ ի վեր է որ հոս չէիր յաճախեր, նոյն միջոցին աղջիկ մը բերին պալատը եւ իմ խնամատարութեանս յանձնեցին. աղջիկը գիշերանց խաբելով հոս բերեր էին, խեղճը լալով կը պաղատի, որ զինքն ազատեմ, մենակ ծերունի հայր մ՚ունի եղեր, թագաւորը զինքը շատ բռնադատեց։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Վերջապէ՞ս։
       ՇԱՒԱՐՇ. Եթէ այսօր չազատի... Թագաւորը... Այո...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Եւ ո՞ւր է այդ աղջիկը։
       ՇԱՒԱՐՇ. Առ այս բանալին, տէր իմ, թագուհւոյն սենեակը պիտի գտնես զինքը։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. (առնելով եւ կողմնական դուռը ցուցնելով) Այս սենեակը, այնպէս չէ՞։
       ՇԱՒԱՐՇ. Այո՛, տէր իմ... Բարի ու անմեղ աղջիկ մը, գեղեցիկ՝ հրեշտակի նման, քու քոյրդ գրեթէ, ազատէ զինքը հօրդ ձեռքէն։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Դուն անհոգ եղիր, Շաւարշ։
       ՇԱՒԱՐՇ. Մի՛ թողուր, որ թագուհւոյն սենեակը կրկին պղծուի, տէր իմ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Բաւական է որ այս բանալին ինձ տուիր։
       ՇԱՒԱՐՇ. Բայց մի՛ աճապարեր, տէր իմ, ինչուան որ ես պալատէն բաւական հեռանամ, կը վախնամ որ...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ապահով եղիր, բարի ծերունի։
       ՇԱՒԱՐՇ. Ուրեմն հանգիստ սրտիւ կը բաժնուիմ, տէր իմ... Մնաս բարեաւ (կը մեկնի)։
       Տեսիլ Է
       ՀՐԱՉԵԱՅ (մինակ)
       (Դէպի դուռը կ՚ուղղուի, յետոյ կանգ կ՚առնէ) Չեմ համարձակիր... Գեղեցիկ եւ անմեղ աղջիկ մը, Շահանդուխտիս նման, արդեօք կը քնանա՞յ, կու լա՞յ, կ՚երազէ՞... Շահանդուխտիս սիրոյն համար հարկ է որ ազատեմ զինքը... Ի՞նչ անգութ սիրտ պէտք է գողտրիկ արարած մը լացընելու համար, արտասուաթոր սիրտ մը կոխկռտելու համար. ա՜հ, որչափ թշուառ է այն տղան, որ կը ստիպուի հայրն ատել... Հարկ է որ ազատեմ շուտով այդ անմեղը, բայց իմ Շահանդուխտս ի՞նչ եղաւ, առանց անոր ուշս, ոյժս եւ յոյսս կը սպառի... Վայրկեան մը աչերս բոցավառ կը բորբոքին, վայրկեան մը շանթահար գերեզմանին ժայռոտ եզրերը կը թափառիմ... Ի՞նչ եղաւ Շահանդուխտս... Յաւիտենական լռութիւն ու մթութիւն կը տիրէ այն հիւղակը, որ իմ տիեզերքս էր... Հոն՝ վիշտ, հոս ոճիր, ո՞ւր երթամ, գերեզմա՞ն. բայց դեռ չապրեցայ... (քիչ մը մտազբաղ կենալէն վերջը) այլ հոն ալ անմեղ մը կու լայ, գոնէ զայն ազատեմ (դէպի դուռը կ՚երթայ եւ զայն բանալ կը սկսի)։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. (ներսէն) Դեռ ոչ, տէր արքայ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. (մեկուսի զարմացած) Այս ձայնը...
       Տեսիլ Ը
       ՆՈՅՆ եւ ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. ( սենեակէն դուրս նետուելով եւ դէմքը ձեռքերովը ծածկած ոտքը իյնալով) Կ՚աղաչեմ... Դեռ ոչ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. (մեկուսի յափշտակուած) Շահանդո՜ւխտ... ( Շահանդուխտ գլուխը վեր առնելով Հրաչեայ կը տեսնի եւ ճիչ մը կ՚արձակէ)։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ի՜նչ կը տեսնեմ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Շահանդուխտ, Հրաչեայն եմ ես։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Հրաչեայն ոսկի չը հագնիր, Հրաչեայն պալատը գործ չունի։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Չե՞ս ճանչեր զիս, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Կը ցաւիմ, որ զիս խաբեցիր... Բայց արդէն ժամանակն անցաւ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ի՞նչ կ՚ըսես, Շահանդուխտ, կը մոռնա՞ս, կը մերժե՞ս զիս, ա՜հ, ներէ ինձ եթէ ատելի եւ ապառնի ծիրանի մը ցնցոտիով ծածկեցի քեզնէ սիրուելու համար... կը նետեմ ահա ես այս ոսկեհուռ զգեստները, կը թողում պալատը, զոր մօրս անբիծ արեւը ողողեց. երթանք հիւղակը, այն սիրոյ բագինը, ուր առաջին անգամ մեր ճակատը կարմրեցաւ եւ մեր սիրտը բաբախեց, ուր արեւուն եւ սիրոյ ճառագայթները մեզ իրարու կապեցին, ուր ոչ ես գեղջկուհի տեսայ եւ ոչ ալ դու արքայորդի... Մինչդեռ մեր մէջտեղի երեւակայական վիհը մեր սիրովը լեցուցինք, ի՞նչ բան կրնայ արգիլել մեզ զիրար գրկելու, սիրելու եւ միատեղ մեռնելու... Ո՜հ, որչափ դեղներ է գեղեցիկ ճակատդ... Շատ վիշտ կրեցի՞ր, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Կը մեղքնա՜ս զիս դեռ, Հրաչեայ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Շահանդուխտ, ի՜նչ շուտ սառեցան սիրավառ շուրթերդ... Ա՜հ, այդ արհամարհոտ ակնարկներդ թունաւոր նետերէ աւելի կը խոցեն սիրտս... Գթա՛ ինձ, Շահանդուխտ, դեռ ես այն Հրաչեայն եմ, զոր քու հիւղակդ ընդունեցիր... Շահանդուխտ...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Բայց արդէն ամէն բան լմնցաւ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ա՜հ... Միթէ հայրս...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Տես ճակատս կը կարմրի, Հրաչեայ... Եւ ահա չը կարմրելու համար...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Վե՞րջը...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Պիտի մեռնիմ, Հրաչեայ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ի՞նչ կ՚ըսես...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. (սրուակ մը ցուցնելով) Տես... Թոյն...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Խմեցի՞ր...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Քեզ սիրելու համար։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. (ձեռքէն կորզելով) Ես ալ մեռնիմ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. (թող չտալու ջանալով) Կեցի՛ր, կեցի՛ր։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. (խմելով) Միթէ չուխտեցի՛նք միատեղ մեռնիլ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Դեռ կը սիրե՞ս զիս, Հրաչեայ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Կը հարցնե՞ս... Գերեզմանէն անդին ալ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ներէ ինծի, Հրաչեայ, գրկուինք... Պիտի մեռնինք. ըսի քեզ, որ չը պիտի թողուն մեզ հանգիստ սիրելու... Ոտքերնուս տակ վարդը թոռմեցաւ... գլուխնուս վերեւ աստղը մարեցաւ... Սէրը երկրի վրայ վիշտ եւ յաւիտենականութեան մէջ նշոյլ ունի... Սէրը՝ որ հոս կապարեայ թեւեր տուաւ, հոն ոսկի թեւեր պիտի տայ... հոն ո՛չ թագ կայ եւ ո՛չ սուր, որ մեր մէջ արձանանայ... Ա՜հ, սիրտս կ՚այրի...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Սիրոյ վերջին եւ ուժգին բոցն է այն, Շահանդուխտ։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Հրաչեայ, հա՞յրս...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ազատեցաւ բանտէն։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Ազատեցի՜ր... Բայց ո՞ւր է հիմա։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Չեմ գիտեր... Ալ մեր վրայ խօսինք...
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Բայց վերջին անգամ չի՞ պիտի կրնամ տեսնել զինքը։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Ալ երկինքը, Շահանդուխտ... Մոռնանք աշխարհը։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Հրաչեայ, դժուար է մոռնալ աշխարհը, երբ հոն սիրելի մ՚ունիս... հայր մը, որուն հոգին ես էի։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Մօրս սենեակը երթանք, Շահանդուխտ, այն արտասուաթորմ անկողնոյն վրայ, ուր դու նիրհեցիր եւ աչերնիս յաւիտենականութեան գոցենք... Կը զգամ, որ պիտի մեռնիմ... Երթանք, այն սենեակը քաշուինք, որ մեր վերջին քունը չի վրդովի ատելի մարդոց տրոփներէն ու նայուածքներէն։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Յառենք աչքերնիս այն հորիզոնին վրայ, ուր պիտի թռչինք. մայրս ինձ կը սպասէ, որչափ պիտի հրճուի, երբ զքեզ իմ գիրկս տեսնէ... Ես ալ հօրս պիտի սպասեմ... Ո՜հ, այն հուր աչերդ, որ իմ սիրտս վառեցին, վերջապէս պիտի մարին, Հրաչեայ...
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Քու աչերուդ վրայ... որ անմեղութեանս եթեր մը սփռեցին։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Կը կթոտիմ, Հրաչեայ։
       ՀՐԱՉԵԱՅ. Եւ ես, Շահանդուխտ... ( դէպի սենեակը կը քալեն դողդոջ) Տես հորիզոնը ի՜նչ գեղեցիկ է։
       ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ. Թռչինք... ( սենեակէն ներս կը մտնեն եւ դուռը կը գոցուի)։
       Տեսիլ Թ
       ԱՐՏԱՇԻՐ եւ ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ (յետոյ) ԲԱԲԷԼ
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (դուռը բանալով) Ո՜վ երկինք... Հրաչեայի գիրկը։
       ՍՊԱՆԴԱՐԱՏ. Մեռած են, տէր արքայ։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. (դիտելով) Մեռա՜ծ... ( դէպի խորի դուռը երթալով եւ կանչելով) Ծերունի, թոյն խմեր են... Ինչո՞ւ քիչ մը չաճապարեցի ( Բաբէլ ներս կը մտնէ. առ Բաբէլ), առ ուրեմն աղջիկդ։
       ԲԱԲԷԼ. Օրհնեալ ըլլաս, ո՜վ թագաւոր ( կ՚երթայ եւ կը տեսնէ... ) Ա՜հ, մեռա՞ծ կու տաս։
       ԱՐՏԱՇԻՐ. Քովն ալ իմ զաւակս է։
       ԲԱԲԷԼ. Բայց ես մինակ մնացի ( յուսահատ ծունր կ՚իյնայ. Վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       <(ՎԵՐՋ Գ ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>