Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Այն օրուընէ, երբ մեր դպրոցներու սեմէն ներս մտաւ օտար լեզուաց ուսումը, եւ բաւական ուսանողներ հասան, այդ լեզուաց մէջ իրենց ունեցած յառաջադիմութեան հետ նոր եւ կարօտալիր ճաշակ մ՚ ալ ունեցան այն լեզուներով գրուած մատեաններուն, ծանօթացան եւ ընտելացան անոնց պարունակած գաղափարին եւ նկարագրին, սիրեցին զայն, յարմարեցան անոնց եւ յետս թողին իրենց բնիկն, հայրենին, ազգայինն ու ընտանին։
       Կը խօսին այդ պարոններն ու օրիորդները քաջ-քաջ եւրոպական լեզու մը, իսկ հայերէնն խօսելու ժամանակը կը հանգռին ու կը կանգռին, օժանդակ կը խնդրեն ու կը կոչեն գաղղիերէն մը, ռուսերէն մը, տաճկերէն մը՝ միեւնոյն րոպէին մեղադրանք մ՚ ալ ձգելով հայկականին վրայ, թէ. «Է՜հ, սա մեր հայերէն լեզուն ո՜րքան պակաս եւ կրճատ է»։
       Գլխացաւ մը քաշելու չափ ունկնդիր եղած եմ շատ անգամ այնպիսեաց, որոնք երկարօրէն ճառած են եւրոպացի լեզուաց բառերուն ստուգաբանութեան, արտասանելու փափկութեան, ոճերու քաղցրութեան եւ բարձրութեան, իսկ նիւթի ընտրութեան ու թանգութեան աստիճանը բացատրելու բառեր չեն կարող գտնել մեր լեզուով. կը կարկամին։ Եւ լսողը կը հիանա՜յ։
       Չեմ նախապաշարուիր, չեմ կարող բոլորովին երկրորդ համարել ադոնց գովածը իմ գովածին, այսինքն՝ եւրոպականն հայկականին. յառաջ գնացած է այն տեղ արհեստն ու գիտութիւնը, յառաջ վարած է իւր մտքին հետ անշուշտ իւր գիրն ու լեզուն, բայց միթէ անոնց յառաջադիմութեան համար թաղե՞նք պիտի մեր սեպհականութիւնը։
       Ի՛նչ միջոցներ որ անոնք ի գործ դրած են, զայն վեր առնենք եւ մեք, կը հասնինք անոնց։ Ո՞վ եւ քանի՞ք մեզմէ յանձն առին գրաբառի մշակութիւնը, անոր պատմականին, փիլիսոփայականին եւ աստուածաբանականին, երգին ու մեղեդիին, ընտանեկան վէպին, գեղջկական, ռամկական ասողին (աշուղ), արանց եւ կանանց, գրոց եւ բրոց, ասութեանց եւ աւանդութեանց, առածներու եւ առակներու, բանուասանքի եւ գովասանքի եւ այլն, գործածած ոճերը, դարձուածքները, ստոյգ բառերը եւ մինչեւ անգամ արտասանելու եղանակը, որ ուժ կամ լքում, սաստ կամ ողոք, հեգն կամ լուրջ, մաղթողական կամ բերկրական եւ այլ տարբեր-տարբեր նշանակութիւն տալու համար, զորս ի կիր կ՚արկանեն։