Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԲ
       Վանայ մէջ մէկ թաղ կայ բնակչաց, բերդի պարսպէն դուրս, որ մինչեւ ցայսօր ՀԱՅԿԱՎԱՆՔ կը կոչուի։ Ստուգաբանէ այս անունը եւ կը գտնես, որ Հայկը իջեւանած է այն տեղ։ Գուցէ Վան թագաւորէն եւ Շամիրամէն յառաջ Վան քաղաքը Հայկավանքէն կոչուեր է Վան։
       Հայոց ձոր, ուր Հայկին ու Բէլայ պատերազմն եղաւ, մինչեւ ցայսօր Հայոց ձոր կը կոչուի։ Ա յն տեղն է Տըրշող գեղը, ուր Հայկի լայնալիճ նետով բացուած հսկայ Բէլի զրահապատ կողի պատուհանէն արեւուն շողը կը տեսնուէր։ Այն տեղ է Հայկ եւ Աստուածաշէն անունով գեղերը։ Աստուածաշինու առջեւն կայ մի հնաշէն բերդաձեւ մեծ բլուր‚ հաւանականաբար Հայկի դաստակերտ ամրոցն է, որոյ վրայ գեղին ուլերը կ՚արածա ն այսօր. եւ քանի մը տարի յառաջ ուլարած մանկտին մի քանի հատ երկաթէ նետի գլուխներ գտած էին, զորս գեղացիները իրենց խոփ եւ գերանդի շինել տուած էին։ Ի՜նչ անգին գիւտ. ի՜նչ խորհրդաւոր գործիք։
       Ո՞ւր տարաւ եւ ո՞ւր բերաւ զիս այս նկարագիրը, զոր միայն իբր ծրագիր կը գրեմ։ Դառնամ պիտի, դադրիմ պիտի, քանզի անսահման են այսպիսի վայրերը եւ անսպառ՝ անոնց վրայ խօսուածներն ու երեւցածները։
       Աշխարհ մը, որուն դիւցաբանականը քրիստոնէականի փոխուած, մեհեանը՝ սուրբ տաճարի, զոհը՝ մատաղի, կուռքերը՝ խաչքարի, եւ ամէն ինչ որ դիցանուէր էր, քրիստոսանուէր եղած եւ սրբազնագործուած, բայց աւանդապահներն անհետ ալ չեն թողած իսպառ հնոց զրոյցները եւ ծէսերուն ու արարողութեանց պատմութիւնները, առասպելները։ Ասոր իւրաքանչիւր գաւառը զատ-զատ անձանց գործ է ստորագրել եւ զատ-զատ մատեան կազմել։ Միայն թէ չեմ կարող զանց առնել նաեւ թուխ մանուկներու եւ ցասման խաչերու վրայ ալ բացատրութիւն գրել համառօտ մը, որոցմով լիքն է Հայոց աշխարհը։