Գրոց ու բրոց եւ Սասունցի Դաւիթ կամ Մհերի դուռ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼԱ
       Վարագայ լեռը, որոյ գագաթին վրայ ելլողը կը տեսնայ եղեր, թէ ի՛նչպէս արեւը վերջնալոյսին կը մտնէ ծովը, կը լողանայ, մաքրուելու եւ հանգչելու ըրած ուղեւորութենէն։ Թէ՝ այն ժամուն յարեւմուտս երեւցած շառագոյն, մոխրագոյն եւ ձիւնագոյն ծալ-ծալ ամպերը արեւուն անկողնոյ քօղը եւ վարագոյրներն են։ Թէ՝ անոր անկողինը ծովուն տակը ձգուած է փրփուրի վրայ։ Թէ՝ արեւ ը թագաւորն է, ու լուսինը՝ թագուհին։ Թէ՝ աշխարհ արարած քնացած ժամանակը լուսին կ՚ելնէ շրջելու, որ չտեսնան զինքը, ու բարիքներ կը սփռէ արարածոց եւ ամօթխածութեան համար երբեմն ամպէ քօղ կը ձգէ երեսին։ Թէ՝ աստղերը լուսնոյ կոյս ընկեր եւ նաժիշտներն են. հարօրաձեւ աստղերը՝ նշան կուտան, որ ժամանակին վարողն ու ցանողը՝ բազում արդիւնք կ՚առնու։ Յարդգողը նշան է, որ ժամանակով ուրիշ արարածոց աստուած իւր մշակները ղրկէր մեր երկրի աստուծոյ կալէն յարդերը գողցեր, ու մեր աստուծոյ հրեշտակները նետ աղեղով զարկեր սպաններ են գողերը‚ յարդը թափեր երկնից երեսն ու մնացեր։ Կշեռք աստղերը նշան են, որ Աստուած ամէն աշխատաւորին իւր վարձքը կը կշռէ կուտայ։ Ցոլացող ասուպները նշան են, որ այնքան մարդ մեռան. վասնզի ամէն ծնած ու ողջ մարդոց մէկ մէկ աստղ կայ երկինքը, եւ մեռած վայրկենին կը սուզանի աստղը։
       Եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ կանանց սեռէն միայն երախայից եւ պառաւանց արտօնութիւն կայ երեսբաց երեւնալու եւ բարձր ձայնիւ խօսելու, իսկ հասած աղջկունք, նոր հարսներ եւ մանկամարդները թէ ՛ շորով կը փաթթուին կը ծածկուին եւ թէ ՛ մունջ ու նշանացի կը խօսին մարդոց հետ։ Այսպէս է մեր լուսինն ալ, թէեւ թագուհին լինի, մութ ժամերուն այցելութիւն կուտայ տիեզերաց եւ մարդոց աշխատասիրութիւնը նշանացի կը քաջալերէ։
       Վարագայ սարէն կ՚երեւայ արշալոյսէն առաջ յարեւելս արեւուն ծագումն։ Ա հագին լերան մը տակէն կ՚ելլեն նախ 12 ղավազներ ՝ սեւ-սեւ արաբներ, եւ այդ լերան վրայ լուսեղէն ճպոթներով ճառագայթի պէս կը զարնեն։ Լեռը կը ցածնայ, ամէն սարերը իրենց գլուխը կը խոնարհեն։ Արեւը իւր երեսը լուացած ժամանակ ջուրի ցօղերով կը սրսկուին սարերը եւ դաշտերը, հաւքերը ամենքը վեր կը թռնին այս ջրի սրսկումէն, կ՚արթննան, կը ճըվլան։ Յանկարծ արեւու ոսկի գլուխն ու հրեղէն բրչամն կ՚երեւայ։ Թէ՝ հրեշտակները կը հանդերձեն արեւուն անկողինը եւ կը հանեն ու կը հագուեցընեն անոր հրեղէն հալաւը։ Թէ՝ արեւու անձն ջաղցի ջրտան ճախրին կամ գունդին ձեւն ունի, որ գլորուելով կը դառնայ ու կ՚ընթանայ, եւ այդ գունդի փառերէն լուսոյ ճառագայթներ կը ցոլանան, ինչպէս ջուրի ցնցուղը ջաղացի գունտէն։ Թէ՝ սատանաները բիւրբիւրոց կը ժողովին երբեմն եւ կ՚ուզեն հակառակ կայնել արեւուն, որպէսզի անոր լոյս երեսը չտեսնան մարդիկ։ Բայց հրեշտակները հրեղէն սրով կը պատերազմին, կը զարնեն, կը վանեն զանոնք սեւ ամպերու մէջէն, եւ այս կռիւի ձայնն է ամպերէն ելած որոտումն։ Փայլակը Գաբրիէլ հրեշտակի սուրն է, կայծակը՝ հրեղէն նետն, ու ծիածանը՝ աղեղն։
       Վարագայ լեռը, որ լի է զանազան ծաղիկներով, պաղորակ աղբիւրներով, էրէներով եւ ոչխարաց հօտերով, իւր մէկ կողի վրան ունի Քէշիշ գէօլը եւ անոր շուրջը՝ Սուլթան եայլասին. արքայական հովանոց, տեղի դրախտանման։ Հոն է Ոսկիբակ գեղը։ Վարագայ լերան գլուխն է Հռիփսիմեանց խաչին պահուած ու յայտնուած կարմիր ապառաժը՝ Գալիլեա անուամբ։ Այն տեղէն պարզ կ՚երեւի Մասիսը եւ Հայաստանի շատ տեղերը։ Ճակատին վրայ է վերին Վարագը կիսափուլ, եւ այս փլածի շուրջը՝ առուակներ, վտակներ, մարգեր, դալարիք՝ հողէն շատ. Քրիստոսի աղբիւրը, Կաթն աղբիւր, Խաչ աղբիւր, անմահացուցիչ ջրեր։ Մէկ կողմը ձորամէջ է զառ ի վայր կուգայ յեօթնագմբէթ տաճարն Վարագայ, միւս կողմը՝ Սուրբ Գրիգորի աղօթատեղին եւ վանքը՝ նոյնպէս ձորամէջ պրակներով զարդարուն։ Զառնապատայ ջուրը խխջալով լեռնէն ի վայր կը հոսէ‚ եւ այս տեղերը Ս. Գրիգորն ու Վարագ, գառն ու մաքին, հաւքն ու ճետը, կովն ու հորթիկ, ուխտաւորն ու տարփաւորը, զուռնան եւ նաղարան, սերն ու մածուն, եղն ու կարագ, խորովածն ու գինին, պարն ու կռիւը, ժամն ու պատարագը, ամէնը տեղի կ՚ունենան գարնան կենաց օրերուն մէջ ՝ բարեպաշտներուն եւ վայելչասիրաց միանգամայն ցանկալի եւ գոհացուցիչ։
       Այս լեռը բոլոր վանեցւոց ինչպէս զբօսանաց, նոյնպէս եւ բանաստեղծական երգասացութեանց առարկան եւ նիւթն է։ Ունի նա իւր հին պատմութիւնը ՝ քաղաքական եւ սրբազան։ Ունի հրապուրիչ եւ ազդեցիկ բնութիւն վայելչական, որոյ քարերն անգամ ձայն եւ բարբառ ունին։ Սերովբէից, մուսայից, քաջաց եւ փարելեաց վայր ճանչցուած է նա։
       Շուշանիկի Շուշանց գեղը եւ անոր գերեզմանը, զոր Շուշան խաթունի գերեզման կ՚անուանեն ցայսօր, Ապարանջան աղբիւրը, այդ արքայադուստր Շուշանիկին օժիտը, Պղնձէ քաղաքը՝ Վարագայ դաշտին մէջ. եւ յամենայն կողմանց շէնքով, աւերակով, նշանաւոր անուններով պարփակուած այս լեառն. ամէն կողմէն իրեն կը նայուի, ու ինքը կենսատու օդ եւ առատ ջուր կը բաշխէ երկրին։
       Գայլ գետը, որ Վարագայ սարի տակէն կը բղ խի‚ եւ անյիշատակ ժամանակներէ հետէ իմաստունները հնարեր են խրամով մը գետնի տակէն անցընել անոր ջուրը, որ Ձորովանք, Զրուանդանց եւ Սղգա յ գեղերու առջեւէն իւր ընթացքը կ՚առնու եւ կ՚երթայ Վանայ բերդի ներքեւէն մինչեւ ծովուն միջակէտը ու այնտեղ դուրս կուտայ իւր ջուրը։ Թէ՝ այնքան ահագին եւ անհուն է այս գետը, որ եթէ բացուի իւր ծածկոյթը, պիտի ջրասուզէ այդ բոլոր երկիրը։ Թէ՝ յառաջ այդ ջրով ծածկուած է եղեր բոլոր Վանայ հովիտը ՝ ծովի բերնէն մինչեւ Վարագայ սարը։ Թէ՝ ի՛նչպէս մինչեւ ցայժմ տեղ-տեղ գետնի վրայ ականջ կը դնեն եւ այդ գետի ընթացքի շառաչիւնը կը լսեն։ Թէ՝ ինչպէս երբեմն տեղ-տեղ ծածկոյթը ծակուեր է, եւ մարդ կամ անասուն անկէց ջուր խմած, երբեմն ալ լուացուած ժամանակ, ջուրը զիրենք քաշեր կլլեր կամ խեղդեր. արդէն ասոնց համար է, որ Գայլ գետ կ՚ըսեն։
       Թէ՝ ի՛նչպէս Վանայ բերդի արեւմտեան ծայրը ապառաժի մը տակէն մեծ ակ մը կը բղխի այդ ջրէն, եւ անունը Խոռխոռ է։ Այս ջրի մէկ մասն է միւս ակ մը, որ կը բղ խի մօտ Խոռխոռին Ուլու ջամի ըսուած հին մզկիթի մը քով, որ ըստ Թովմայի Արծրունւոյ, Գագիկի շինած չքնաղակերտ Ս. Սիօնն է. եւ այս ջուրը կ՚երթայ խաղախորդարանը, ուր կանայք ուխտի կ՚երթան լուացուելով բաղդ բացուելու եւ տղայ ծնանելու համար։ Այստեղ գայլութիւնը կը փոխէ այդ ջուրը։